Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. ՄՏՔԻ ԶԱՐԹՆՈՒՄ

Կովկասի մէջ քանի մը հարիւր կովկասահայերն իբր կամաւոր կը կազմակերպուին, կ՚որոշեն սահմանն անցնիլ եւ Վասպուրականի իրենց Հայ եղբայրներուն օգնութեան հասնիլ, եւ Համիտէն հալածուած իրենց ազգակիցներուն վրէժը լուծել: Փոխանակ իսկոյն արշաւելու, դեռ սահմանը չանցած, իրենց ընկերներէն պատուիրակութիւն մը կը ղրկէն Հայրիկին քով, եւ կ՚ուզեն Հայրիկին հաւանութիւնն առնելէ վերջը, զինուած՝ սահմանէն ներս անցնել:

Հայրիկ չի հաւանիր եւ իրենց այդ որոշման գործադրութիւնը կ՚արգիլէ:

Պատուիրակութիւնն երբ կը վերադառնայ եւ Հայրիկին կամքը կը հաղորդէ խումբին, անոնցմէ ինն հոգի, որոնցմէ մին քահանայ, կ՚որոշեն Ցան գալ:

Արդէն պատերազմէն վերջ Վանայ մէջ հաստատուած էին նաեւ անգլ. եւ ռուսական փոխ հիւպատոսները:

Աւելորդ է ըսել թէ Թուրքեւռուս պատերազմին պատճառաւ Քիւրտերուն կողմէ ի գործ դրուած վայրագութիւնները, զոր մենք շատ հարեւանցի կերպով նկադագրեցինք, Վանայ երիտասարդութեան սրտին մէջ յառաջ բերին սոսկալի կերպով վրէժխնդրութեան ոգին եւ Յեղափոխական գաղափարը. ուրիշ կերպով կարելի չէր, քանի որ այդ երիտասարդութիւնը լսած ու տեսած էր այն ահռելի սրբապղծութիւններն որ տեղի ունեցած էին իր դարաւոր վանքերուն եւ եկեղոցիներուն վրայ, ինչպէս եւ իր մայրերուն, քոյրերուն բռնաբարութիւնն ու յափշտակութիւնը: Անոնցմէ քանիներ Քրդական Հարէմներուն մէջ պահելով իրենց անարգ կիրքերուն յագեցման կը ծառայէին բռնութեամբ: Քանի որ իրենց մայրերուն արգանդէն դուրս հանուած մանկիկներուն գլուխներն այդ գազաններու տէգերուն գլուխն անցուած էին, քանի որ իր արենակիցներուն շէն տուներն ու օջախներն աւերակ դարձած էին եւ իրենք լեռներուն ու ձորերուն մէջ աստանդական թափառիկներ դարձած էին, քանի որ այը շէն օջախներուն բնակիչներն օրական չոր պատառ մը հացի կարօտը կը քաշէին, քանի որ իրենց հայրերուն յոյսն ու ապաւէնն եղած կրպակներն եւ ստացուածքներն ու ապրանքներն այրած ու մոխիր դարձած էին, եւ քանի որ վերջերս, տեղի ունեցածները բացարձակապէս զրկանք, անիրաւութիւն եւ անարդարութիւն էին, վերջապէս, կ՚ըսեմ Վանայ երիտասարդութիւնն եթէ այդ ամէն եղածներուն  համակերպէր, եւ «ճակատագրական է» ըսելով լուռ եւ անտարբեր մնար, ուրեմն Վանայ երիտասարդութեան կը մնար իր ճակտին վրայ դրոշմել տալ կենդանի մեռեալի դատակնիքը, եւ իր նախնիքներուն եւ պապերուն նախատանաց ու ապագայ սերունդին պարսաւանաց ու անէծքին նշաւակ պիտի ըլլար:

Վանայ երիտասարդութիւնն այդ դժբախտ վիճակին չենթարկուեցաւ, եւ ուրախ եմ ըսելու թէ բարեբախտաբար Վանայ երիտասարդութիւն իսկոյն եւեթ ընդգրկեց Յեղափոխութեան Մեծ Գաղափարը, ինչ որ բովանդակ թրքահայոց մէջ առաջինն հանդիսացաւ, եւ պատմութիւնները կրնան վկայել մեր ըսածին:

Կովկասահայերուն ներկայութիւնը Վանայ մէջ եւ յաճախ երիտասարդութեան հետ համախորհուրդ իբր գաղափարակից ընկեր՝ իր օգուտներն ունեցաւ պէտք է խոստովանիլ:

Վանայ երիտասարդութիւնը չափէն աւելի խանդավառուած էր, որով հէտզհետէ կ՚ըմբռնէր թէ ինքն իբր մարդ ազատ է իր իրաւունք ունենալ, պէտք է անոր տէրն ըլլալ եւ ապահով կեանք մը ապրիլ: Ոգեւորութիւնը չափ ու սահման չունէր, խումբ մը կրակոտ ու խանդոտ երիտասարդներ «Սեւ Խաչ»ի անուան տակ գաղտնի կազմակերպութեան ձեռնարկեցին: «Սեւ խաչ» մակդիրը կը նշանակէր՝ կազմակերպութեան դաւաճան եւ անգաղտնապահ ընկերի անուան վրայ սեւ խաչ քաշելով, իսկոյն եւեթ մահուան դատապարտել:

«Սեւ խաչ»ի նպատակն էր ժողովուրդին մէջ ինքնապաշտպանութեան ոգին տարածել, իր իրաւանց տէր ընել եւ իբր մարդ ապրիլ:

«Սեւ խաչ»ը ոգի ի բռին կ՚աշխատէր իր անդամներուն թիւը շատցնել. արդէն գաղտնապահութեան պէտք եղած ուխտերն եւ երդումները տեղի կ՚ունենային, եւ փորձով տեսնուեցաւ որ մինչեւ վերջ «Սեւ Խաչ» իր մէջ չունեցաւ ուխտադրուժներ:

Արտասահմանէն եւ Պոլիսէն հետզհետէ կը հասնէին բանախօսները:

Կազմակերպութիւնն ունեցաւ իր քլիւպը, որուն մէջ շաբաթը քանի մը անգամ բանախօսութեանց ներկայ կը գտնուէին ռուսական եւ անգլիական փոխ-հիւպատոսները՝ ընտանեօք:

Քիւլպին մէջ կ՚երգուէին Հայկական ազատ երգերը: Բանախօսներէն նշանաւոր էր Պ. Տաճատ Պէյլէրեան, որուն խօսքերը թէ՛ ժողովուրդին կ՚ազդէին եւ թէ կ՚ոգեւորէին: Վերջապէս, Պէյլէրեան իբր բանախօս օրուան մարդն էր եւ Վանայ երիտասարդութիւնն իր մտքին զարթնումը գրեթէ անոր կը պարտէր:

Բանախօսութեան շարքը դեռ շատ պիտի երկարէր, եթէ Մկրիչ Փորթուգալեանի ցուցամոլ եւ անխոհեմ մէկ քայլը աչքի չզարնէր:

Շաբաթ եւ Կիրակի երեկոյ բանախօսութիւն պիտի ըլլար քլիւպին մէջ, իսկ Կիրակի ցերեկին Հայկազնեան դպրոցին մէջ: Քլիւպին բանախօսներն էին Պէյլէրեան եւ կովկասահայ Գալուստ, իսկ Հայկազնեան դպրոցին բանախօսն էր Մկրտիչ Փորթուկալեան:

Փորթուկալեան իր բանախօսութեան յայտարարութեան մէկ օրինակն ալ փակցուցած էր նշանաւոր շուկայի մը պատը: Փորթուգալեան իր անհեռատեսութեամբ իր բանախօսութեան նիւթն ընտրած էր «ժամանակը հասեր է, Հայե՜ր, ի՞նչ անենք»։

Քանթարճեան Յովհաննէսի որդին Նշան կառավարական գրագրի պաշտօն ունէր ու իր բարոյականի մասին շատ գէշ կը խօսուէր, եւ նոյն իսկ ոմանք կը հաւատացնէին թէ Հայոց մէջ գոյութիւն ունեցող գաղտնիքները թուրք Կառավարութեան կը հաղորդէ եղեր:

Քանիներ իբր ականատես հետեւեալ պարագան հաղորդեցին «Սեւ Խաչ»ի կազմակերպութեան:

«Վանայ ընդհ[անուր] դատախազ Րայիֆ պէյի հետ նշան շուկան պտտած միջոցին, Նշան Րայիֆ պէյը թեւն առնելով կը տանի Փուրթուգալեանի փակցուցած ազգը կը կարդայ եւ թուրքերէն կը թարգմանէ Րայիֆ պէյին»։

Կիրակի ցերեկին, բանախօսութեան սկսելէն ժամ մը առաջ, ոստիկան զինուորներ, իրենց առած հրահանգին համեմատ, կ՚արգիլեն Հայկազնեան դպրոցին մէջ տեղի ունենալիք բանախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ տիրակի երեկոյին քլիւպին մէջ ըլլալիք բանախօսութիւնը: Եւ այսպէսով վերջ կը գտնեն Վանայ բանախօսութիւնները:

«Սեւ Խաչ»ը երբ ստուգեց թէ Նշանի այդ թարգմանութեան պատճառաւ էր որ կառավարութիւնը դադրեցուց բանախօսութիւնները, որոշեց Նշանը տէռօռի ենթարկել իր ըրած վատութեանը համար, եւ իսկոյն որոշումը գործադրել իբր պատիժ: Նշան շատ զգայշ էր, քանի որ գիտէր թէ Վանայ մէջ գոյութիւն ունի կազմակերպութիւն մը, բայց չէր կրցած իմանալ թէ այդ կազմակերպութիւնը վարողներ եւ անդամները որո՞նք են:

Կազմակերպութիւնը նոյն իսկ փորձեց Նշանն իր տան մէջ սպաննել եւ ինչ ինչ պատճառներով յարմար չտեսաւ. ամէնէն վերջին փորձն ու գործողութիւնը պիտի ըլլար «Չաղլի փողոցի մէջ, բայց տէռօռիսդը նկատի ունեցած էր թէ անպատճառ Նշանին հետ անմեղ մը եւս պիտի սպաննուի, որով չէր ուզած գործողութիւնը կատարել:

Վերջը երբ ստուգուեցաւ թէ իրօք Նշան զղջացած էր եւ ուխտած որ այլ եւս այդ տեսակ գործեր չընէ. կազմակերպութիւնն այլ եւս չուզեց իր որոշումը գործադրել:

Կազմակերպութիւնը աւելի կ՚ոգեւորէր եւ կը յառաջդիմէր, երբ նկատի կ՚ունենար որ իրեն կը համակրի նաեւ ռուսական հիւպատոս նշանաւոր հայրենասէր Կոստանդին պէհ Կամսարակամ (այժմ ժէնէրալ), իսկ անգլ. հիւպատոսին այնչափ հաճելի չէր թուեր Կազմակերպութիւնը:

Կամսարական պէյին համակրութիւնն այնչափ որոշ եւ մէկին էր որ նոյն իսկ կուսակալը գիտէր բոլոր անցուդարձը, բայց իր մէկ մտերիմին ըսած էր.

«Եթէ Կամսարականն ու Խրիմեանը Վանէն հեռացնել տամ, այն ատեն է որ հանգիստ խիղճով Վանէն պիտի հեռանամ»։

Խեղճ կուսակալը քանի մը տարի թէեւ պաշտօնվարեց Վանայ մէջ, բայց առանց իր նպատակին հասնելու՝ Կամսարական պէյն ու Խրիմեան Վան թողլով, ինքը պաշտինանկ եղաւ:

Վանայ երիտասարդութեան զարմանալի կը թուէր ռուս հիւպատոսի մը համակրութիւնը պաշտպանութիւնն եւ այդ տեսակ Յեղափոխական կազմակերպութեան ոյժ տալը:

Կովկասահայերէն Գալուստին եւ Պաղտասարին վիճակուած էր Գաւաշի կողմերն երթալ եւ Հայ գիւղացիներն ինքնապաշտպանութեան պատրաստել:

Խաչատուր Կաթողիկոս իր տրամադրութեան տակ ունեցած վատ Հայերէն միոյն միջոցաւ կը տեղեկանայ թէ Գալուստ եւ Պաղտասար ի՛նչ նպատակաւ գիւղերը կը պտտին: Իսկոյն կ՚որոշէ հետեւեալ օրը երեք Քիւրտեր ղրկել՝ Գալուստը եւ Պաղտասարը ձերբակալելու եւ կուսակալին հեռագրելու թէ Կովկասահայերն այդ նպատակաւ էր որ ժամանակէ մ՚ի վեր Հայ գիւղերը կը շրջին:

Դիպուածով կը գտնուի ազնիւ Հայ մը, որ իսկոյն գիշերանց կ՚երթայ լուր կու տայ Գալուստին եւ Պաղտասարին, որոնք անմիջապէս գիւղէն կը մեկնին: Հետեւեալ օրը Քիւրտերը ձեռնունայն կը վերադառնան եւ նոյն իսկ չեն կրնար խոստովանեցնել տալ գիւղացիներուն թէ Ռուսահայերն էին երէկ իրենց գիւղն եկողները, այլ ըսած էին թէ հետաքրքրուած չէին՝ ո՞ւրկէ կուգան եւ ո՞ւր կ՚երթան:

Խաչատուր Կաթողիկոսին այս ընթացքն եւ թէ կուսակալին հեռագրելը շատ վստահելի միջոցներով ստուգելէ վերջ, կազմակերպութիւնը կ՚որոշէ իբր վրէժխնդրութիւն Խաչատուր կաթողիկոսի դրամներն առնել Աղթամարէն եւ գործածել…:

Կազմակերպութիւնը Աղթամարի վանքին մէջ ունեցած իր ընկերներուն օգնութեամբ բաւական ժամանակ աշխատելէ վերջ, հազիւ կրցաւ դրամները ձեռք անցընել, որովհետեւ շատ ապահով տեղ մը եւ քանի մը փականքներու ներքեւ պահուած էին:

Խաչատուր Կաթողիկոս իր դրամներուն անյայատացումը գրեթէ երկու ամիս վերջ իմացաւ, որովհետեւ հոն, ուր դրամնրը պահուած էին, երեք դուռներէն ներս նորէն ուրիշ կղպանքի մը ներքեւ էր: ո՛չ դուռներուն եւ ո՛չ ալ գզրոցին փականքները խորտակուած էին, այլ ամենքն ալ խնամքով բացուած ու գոցուած էին:

Խաչատուր Կաթողիկոս չէր կրնար երեւակայել թէ դուրսէն ուխտաւոր մը կարող էր գալեւ այդ փականքները բանալ ու վերջը գոցել, չէր կրնար երեւակայել թէ նաւավար մը գիշեր մը գաղտագողի կարող է Վանէն գալ երկու ընկերով, երկուքը Աղթամար հանել եւ որոշեալ գիշերը նորէն այդ նաւավարը պիտի գար եւ այդ անհատներն առնելով մեկնէր:

Խաչատուր Կաթողիկոս բնականաբար պիտի կասկածէր Աղթամարի միաբաններէն, եւ այդպէս ալ եղաւ: Թէեւ կասկածելի նկատուած քանի մը միաբաններու խուցերը խուզարկել կուտայ, բայց ապարդիւն, եւ այլեւես ինք համոզում կը գոյացնէ թէ քանի որ գողցուածը զուտ հնչուն դրամ է, եւ քանի որ երեք բանալիներ խնամքով շինուելէն վերջ դրամներն առնուած էին, բնական է որ գողերն այդ դրամներն Աղթամարի մէջ հողին տակ թաղէին, որուն երեւան ելլելն անկարելի է: Ահա այս մտածումով Խաչատուր Կաթողիկոս ձեռնաթափ կ՚ըլլայ ոսկիները փնտռելէն, բայց բուն իրողութիւնը հետեւեալն է:

Ինչպէս ըսինք, Կազմակերպութիւնն Աղթամարի մէջ ունէր երեք անդամներ: Վանէն նշանակուած երկու անդամներն Աղթամար կ՚երթան եւ իրենց ընկերներուն հետ կը տեսնուին: Վերջապէս, քանի մը անգամուան երթեւեկութենէ վերջ, ամբողջ բանալիները կը պատրաստուին եւ կը վերջանան: Երթեւեկողները միշտ տարբեր անձեր կ՚ըլլան ուշադրութիւն չը գրաւելու համար եւ այդ պատճառաւ էր որ վերջնական գործողութիւնը կ՚ուշանայ:

Որոշեալ օրը կազմակերպութեան երկու անդամները գիշերանց Աղթամար կը հասնին եւ ոսկիներն առնելով կը մեկնին ծովեզերեայ որոշեալ գիւղը: Ի հարկէ շատ դժուար էր այդ ծովային ճամբորդութիւնը, բայց քանի որ նաւավարները Կազմակերպութեան կը պատկանէին, իրենց համար այնչափ դժուար չպիտի թուէր այդ ուղեւորութիւնը:

Չմոռնանք ըսելու թէ Կազմակերպութեւնն այն ատեն սկսաւ եւ գործի ձեռնարկեց Խաչատուր Կաթողիկոսին դրամները ձեռք բերելու, երբ  արդէն կուսակալը Գալուստն ու Պաղտասարը հսկողութեան ներքեւ սահմանէն դուրս հանեց, հետեւեալ ճիզուիթական միջոցներով:

Ինչպէս ըսինք, Կամսարական պէյ գրեթէ ամբողջ անցուդարձերուն տեղեակ էր, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսին մատնութեան գործին:

Կուսակալը ձեւով մը Կամսարական պէյէն կը խնդրէ Գալուստ ու Պաղտասարը առժամանակեայ կերպով Կովկաս ղրկել, ու երբ կրկին Վան գալ ուզեն, ազատ ըլլան գալու: Բնականաբար Կամսարական պէյ չպիտի ընդդիմանար, քանի որ լուր տուողն եղած էր Խաչատուր Կաթողիկոս:

Տարակոյս չկար որ Կազմակերպութիւնը շատ տխուր տպաւորութեան տակ ճամբեց Գալուստն ու Պաղտասարը:

Կուսակալը նոյն իսկ իբր ի պատիւ Կամսարական պէյին՝ երեք ոստիկան զինուորներ ընկերացուց Գալուստին եւ Պաղտասարին, որպէս զի ճամբան նեղութիւն մը չի կրեն մինչեւ Պայազիտ եւ վտանգ մը չը պատահի:

Գալուստ եւ Պաղտասար երբ Պայազիտ կը հանսին, ոստիկան զինուորները զիրենք կը տանին կառավարական պաշտօնատունը եւ Հասան փաշայի նամակը կառավարիչին կը յանձնեն: Կուսակալն իր այս նամակով կը հրահանգէ եղեր Պայազիտի կառավարիչը՝ Գալուստն եւ Պաղտասարը բանտարկել: Վանայ մէջ կուսակալը չէր կարող այդ բանն ընել, քանի որ Կամստրական պէյի պաշտպանութիւնը կը վայելէին: Գալուստի եւ Պաղտասարի բանտարկութեան լուրը բաւական ուշ հասաւ Կազմակերպութեան, որովհետեւ Գալուստ եւ Պաղտասար արտաքին յարաբերութենէ զրկուած վիճակի մէջ կը պահուին եղեր: Բանտարկութեան լուրը բնականաբար շատ յուզեց Կազմակերպութիւնը, իսկ Կամսարական պէյ պատուիրած էր պաղարիւն ըլլալ այդ խնդրոյն մասին:

Կամսարական պէյ իսկոյն կը տեղեկացնէ Կարնոյ ռուսական հիւպատոսին եւ կը խնդրէ Գալուստն ու Պաղտասարն իսկոյն Կարին փոխադրել տալ եւ անկէց կովկաս ղրկել:

Գալուստի եւ Պաղտասարի բանտարկութիւնը կը տեւէ երկու ամիս:

Կուսակալին այս նենգամիտ կարգադրութիւնը բնականաբար Կամսարական պէյի կողմէն շատ սուղի պիտի նստէր կուսակալին: Սեւ խաչ եւ Վանեցին այն համոզումն ունէին որ օր մը այդ իրականութեան առջեւ պիտի գտնուէին:

Վանայ երիտասարդութեան մտքին զարթնումին եւ տեղի ունեցած բանախօսութեանց տուած արդիւնքին իբր ապացոյց, կ՚արժէ յիշել դէպք մը, որ ինքնին պերճախօս փաստ մ՚է:

Վաղուց ի վեր Վանայ մէջ սովորութիւն եղած էր գիւղերէն Վան ծախու բերուած ապրանքները, ձի, եզ, ոչխար, իւղ, պանիր, ղորեն, եւն. ծախել միջին Պարսպադուռը [1]: Շաբաթուան վեց օրուան «փազար»ն էր յիշեալ պարսպադուռը, իսկ Կիրակի օրուան «փազար»ն էր Այգեստան Այրյարոյց եկեղեցւոյ հրապարակը, ուստի Հայ գիւղացին, Թուրքն ու Քիւրտն իրենց ունեցած ապրանքները յիշեալ տեղերը կը բերէին ծախելու, եւ անոնք որ բան մը գտնելու պէտք ունենային, յիշեալ հրապարակները պիտի երթային:

Որոշ բան մը չէր ըսուէր թէ ո՞րչափ ժամանակէ ի վեր սովորութեան կարգ անցած էր թէ յիշեալ հրապարակները եկած արժէքաւոր ապրանքները անպատճառ նախ Թուրքեր պէտք է գնէին եւ վերջ՝ն շահով ծախէին Հայերուն իրենց ուզած գնով, եւ արդէն կը գտնուէին բաւական թուով Թուրքերը, որոնց միակ գործն այդ ապրանքները բերողներէն աժան կերպով առնել եւ շահով ծախել. մէկ խօսքով եկած շահաւոր ապրանքները մինչեւ որ Թուրքերու ձեռք չանցնէին անկարելի էր որ Հայերուն ձեռքը անցնէին: Հայը ապրանք մը ուղղակի բերողէն գնելու իրաւունքէն գրեթէ զրկուած էր, եւ շատ քիչ անգամ կը պատահէր որ ծախողը կը յամառէր իր ուզած գնին վրայ եւ Թուրքերը ձանձրանալով եւ նոյն իսկ շատ անգամ բերողին երեսին քանի մը ապտակներ իջեցնելէ վերջ կը հեռանային. ահա այն ատեն էր որ Հայը կը մօտենար եւ ուզուած գինը վճարելով ապրանքը ծախու կ՚առնէր: Բայց ինչո՞ւ Թուրքերը կը դժկամակէն ապրանքնին տիրոջ պահանջած գինը չվճարեգ եւ ապրանքն առնել:

Թուրքերն առհասարակ քանիներ միանալով ընկերակցութեամբ կ՚առնէին որ եւ իցէ ապրանք մը, այսինքն 100 ղրուշի ծախուած ապրանք մը 4-5 ընկերներով կ՚առնէին. չէ՞ որ այդ հինգ ընկերները առ նուազն 3-4ական ղրուշ շահաբաժին պիտի առնէին, որով առած ապրանքին պէտք էր ծախէին 115-120 ղրուշի: Հապա եթէ չգտնուէին Հայերը որ յիշեալ գինով առնէին, այն ատեն իրենք պարապ տեղ աշխատած պիտի ըլլային: Ահա այս պատճառաւ էր որ գնել չէին ուզեր եւ ապրանքին տէրը անիրաւաբար կ՚ապտակէին:

Այս կարգի Թուրքեր ամէն ժամանակ այս տեսակ գործերով կը պարապէին եւ ամէն մէկ Թուրք օրական  15-20 ղրուշէն աւելի կը շահէր: Ուրեմն տուժողը կ՚ըլլար թէ՛ ապրանքին տէրը եւ թէ ապրանքը ծախու առնողը, իսկ եթէ Հայն ազատ ըլլար իր ուզած ապրանքը տիրոջմէն առնելու, այն ատեն թէ՛ ծախողը շահաւոր կ՚ըլլար եւ թէ գնողը:

Վանայ մէջ ցորենն, գարին եւ տարեկան կը ծախուին Միջին պարսպադուռը. յիշեալ բերքերը կառավարական «չափ»ով (քիլէ՝ էօլչէք) կը ծախուին. յիշեալ չափը կառավարութեան կողմէ վարձքով կը տրուի մէկ տարուան պայմանաժամով. յանձնառուները «չափ»ին համար որոշեալ վարձքը կ՚առնեն ծախողէն կամ դնողէն. կառավարութիւնը 3-4 չափ յատկացուցած է հրապարակին համար. ամբողջ առեւտուրն այդ չափերով կ՚ըլլայ. տարբեր չափ գործածելն արգիլուած է եւ եթէ գտնուին, գործածողներն ալ տուգանքի կը դատապարտուին:

Յիշեալ չափը ձեռք բերելու եւ իր գործը տեսնելու համար պէտք է ամէն ոք սպասէ իր կարգին, որպէս զի յաջողի: Այս գործին մէջ ալ ամէն ինչ Թուրքերուն քմահաճոյքէն կախում ունէր: Թուրքերն իրենց կարգին սպասել չէին գիտեր, այլ պէտք էր իրենց գործը վերջանալէ յետոյ կարգն Հայուն կամ գիւղացիին գար, բայց անոնք ժամերով կը սպասեն եղեր, մի՞թէ իրենց հոգն էր Հայոց սպասելը:

Վանայ երեւելիներէն եւ հարուստներէն Յարութիւն էֆ[էնտի] Թէրզիպաշեան քանի մը «չափ» գարի գնելու պէտք կ՚ունենայ. իր ծառան կը ղրկէ որ «չափ» բերէ. ծառան կէս ժամէ աւելի սպասելէ վերջ՝ պարապ կը վերադառնայ , թուրքերը «չափ»ր տոած  չէին: Ծառան կրկին կը ղրկէ եւ կ՚ըսէ. «Գնա Թուրքերուն ըսէ, թէ ես Թէրզիպաշեանի ծառան եմ»։ Արդէն Թէրզիպաշեան Յարութիւն էֆ[էնտի]ն թէ ամբողջ Թուրքերուն ծանօթ եւ թէ կառավարական մէկ ժողովին անդամ էր:

Ծառան նորէն ձեռնունայն կը վերադառնայ, բայց այս անգամ տխուր ու յուզուած դէմքով մը:

Թէրզիպաշեան էֆ[էնտի]ն երբ ծառայէն կը լսէ թէ Թուրքերը զինքը վռնտած ու իր կրօնքին հայհոյած եւ կեավուր ըսելով ճամբած են, սոսկալի կերպով կը բարկանայ եւ ծառան հետն առնելով «չափ» եղած տեղը կը տանի, որպէս զի ծառան իրեն ցոյց տալ թէ ո՞ր Թուրքն է որ իր կրօնքին հայհոյած է:

Թէրզիպաշեան էֆ[էնտի]ն արդէն անվախ եւ յանդուգն մէկն էր. ծառային կրօնքին հայհոյողին դէմ կը կենայ եւ կ՚ըսէ. «Դո՞ւն ես եղեր իմ ծառայիս կրօնքին հայհոյհողը», եւ երկու շառաչուն ապտակներ կ՚իջեցնէ Թուրքին երեսին եւ միաժամանակ… հայհոյելով:

Է՜հ, այլ եւս Պարսպադուռը տակն ու վրայ կ՚ըլլայ. ակնթարթի մը մէջ ամբողջ Թուրքերը կը հաւաքուին ամէն մէկը ձեռքը իր մէջքին վրայ կապած դաշոյնին տանելով (Վանայ մէջ Թուրքերը ազատ էին յայտնի կերպով դաշոյնը իրենց մէջքը կապելու կամ գօտիին մէջ խրելու, իսկ Հայերուն բացարձակապէս արգիլուած էր դաշոյն կրելը կամ ունենալը) պոռալ եւ ըսել. «Ալ ի՞նչ կեցած էր, Միւսիւլման չէ՞ք, պէտք է Դամասկոսի պէս ընենք»։

Դամասկոսի պէս ընել կը նշանակէր Քրիստոնեաները ջարդել:

Թէրզիպաշեան էֆ[էնտի]ն արդէն չափէն աւելի յուզուած էր. իսկ երբ Դամասկոսի խօսքը կը լսէ իսկոյն գրպանէն ատրճանակը հանելով դէպ ի խուժան ուղղելով կ՚ըսէ:

«Հրամմեցէք, Դամասկոսի պէս ըրէք եւ ես ալ քանիներուդ ուղեղները գետին թափեմ, որպէս զի ձեզի խրատ ըլլայ եւ ուրիշ առթիւ Դամասկոսի անունը բերաննիդ չառնէք»։

Այն տգէտներն որոնք Դամասկոսի անունն արտասանած էին, Թէրզիպաշեանի ատրճանակը տեսնելնուն պէս, սահմռկած եւ ետ քաշուած էին. իրենց տեսածին չէին հաւատար. ի՞նչ, կեավուրը ատրճանակ հանէ Պատսպադուռը եւ իրենց սպառնալիք ընէ, տեսնու՞ած բան էր. իսկ ծառային կրօնքին հայհոյող մարդը խռնուած բազմութենէն օգտուելով, վաղուց խոյս տուած էր արդէն:

Դէպքին լուրը շուկայ կը հասնի. Հայերն իսկոյն պարսպադուռ կը հաւաքուին եւ Թէրզիպաշեանի կողմը կ՚անցնին, իսկ խուժանն մբողջ մէկ կողմ կը հաւաքուի. վայրկեանէ վայրկեան կը սպասուէր ահագին ընդհարումի: Թէեւ Հայերէն եւ Թուրքերէն մ՝ը քանիները կ՚ընդմիջեն եւ կ՚ուզեն Թէրզիպաշեանը համոզել, բայց Թէրզիպաշեան անդրդուելի կը մնայ, կրօնքի հայհոյողը կ՚ուզէ, ինչպէս նաեւ Դամասկոս անունն արտասանողները: Ոստիկաններն երբ կը տեսնեն որ Հայերէն եւ Թուրքերէն հաւաքուած քանի մը հարիւր հոգիներուն խօսք հասկցնելը շատ դժուար պիտի ըլլայ, իսկոյն կ՚երթան հազարապետին լուր կուտան եւ հազարապետն ալ կուսակալին:

Կուսակալը իսկոյն հազարապետն եւ իր թիկնապահը դէպքին վայրը կը ղրկէ՝ Թէրզիպաշեանն համոզելու եւ իրեն քով տանելու:

Երբ հազարապետն ու թիկնապահը բաւական թիւով ոստիկաններ հետերենին առած դէպքին վայրը հասան, շատ դժուարաւ կարողացան Թէրզիպաշեանը համոզել եւ կուսակալին տանիլ, որով բազմութիւնը սկսաւ ցրուիլ: Կուսակալն իսկոյն կը հրամայէ կրօնքի հայհոյող եւ Դամասկոս բառն արտասանողները գտնել եւ կը խոստանայ որ անկէղ վերջ այլեւս այս կարգի դէպքեր տեղի չունենան «չափ»ի համար:

Իրօք ալ միջադէպէն վերջ այլ եւս Հայերն իրենց կարգին իրենց «չափ»ի գործը կարգաւ կը լրացնէին:

Այր-Յարոց եկեղեցւոյ կողմ գտնուող քանի մը երիտասարդներ կը խորհին ընկերութիւն մը կազմել եւ դուրսէն եկած ապրանքներն առնել եւ քիչ շահով ՀԱյերուն ծախել: Վերջապէս խօսքէն գործի կ՚անցնին եւ 7-8 երիտասարդներ կ՚ընկերանան եւ գործի կը սկսին:

Իրենց գլխաւոր գործը կ՚ըլլայ չամիչի առեւտուրը: Տարակոյս չկար որ սոյն երիտասարդներուն ձեռնարկնհաճելի պիտի չըլլար խուժանին, եւ սպասելի էր որ իրենց կողմէ տրտունջ դժգոհութիւններ հասնէին Հայ երիտասարդներուն. չուշացաւ  եւ շուտով հասաւ, բայց կատակի ձեւով ոչ թէ լուրջ եւ սպառնական կերպով, իսկ մեր երիտասարդները լուրջ եւ կտրուկ կերպով իրենց յայտարարած էին.

«Այլ եւս բաւական է որչափ մեզի շահագործեցիք եւ իբր ստրուկ նկատեղիք. ասկէց վերջ մենք ազատ ենք մեր ուզած կերպով այդ տեսակ առեւտուրներ ընել. եւ պիտի ընենք, իսկ եթէ դուք յանդգնիք մեզի արգելք ըլլալ, ըսել ձեր գլխուն խոշոր փորձանք մը առնել կ՚ուզէք, մենք ձեզմէ չենք վախնար, եթէ կ՚ուզէք, կը չափուինք ձեզի հետ: Ահա այսչափ: Թուրքերը նախ կարծեցին թէ ըսուած խօսքերը կարեւորութիւն ունենալիք բան չեն, ու այդ համոզումով սկսեցին փորձել անգամ մը, իսկ երբ տեսան թէ երիտասարդները իրենց գործն յառաջ կը տանին առանց նոյն իսկ իրենց կողմէ եղած սպառնալիքներուն կարեւորութիւն տալու, ստիպեալ համակերպեցան եւ տեղի չտուին որ եւ իցէ դէպքի:

Տեսնուեցաւ որ շատ անգամներ երբ Թուրքերը ապրանքներ կը սակարկէին եւ այդ սակարկութեան միջոցին երիտասարդներէն քանիները վրայ կը հասնէին.

«Քալէցէ՛ք երթանք, «գազա պէլա» ընկերութիւնը եկաւ, այլ եւս մեզի համար հաց չմնաց այս գործին մէջ»։

Երիտասարդաց կազմած ընկերութիւնը բաւական ժամանակ շարունակուեղաւ եւ բաւական ալ շահաբաժին գոյացաւ, իսկ ընկերութեան կազմուիլը պատճառ դարձաւ Հայերուն, որ հետզհետէ սկսան իրենք անձամբ գնել իրենց պէտք եղածները, մինչդեռ առաջ ստիպուած էին Թուրքերուն շահ մը տալ անպատճառ եւ անկէց վերջ առնել իրենց պէտք եղած ո եւ իցէ ապրանք մը կամ տնական պէտքերը:

Որչափ որ Վանայ երիտասարդութիւնը զարթնումի շրջանին մէջ մտած էր եւ թէ Թուրքերը կատարուած իրականութեան մը հանդէպ կը գտնուէին, թող չի կարծուի թէ Թուրքերու հոգեբանութիւնը զգալապէս փոխուած էր, այլ եղածն կարեւորութենէ զուրկ կը նկատուէին եւ Հայոց հետ իրենց վարուելակերպը գրեթէ նոյն մնացած էր: Իսկ հարստահարութեանց եւ աւազակութեանց մասին գրելն իսկ աւելորդ է. այսինքն սիսդէմաթիք կերպով կը շարունակուէր: Պէտք չենք զգար շատ եւ բազմատեսակ դէպքեր յիշել, այլ կը բաւականանանք անոնցմէ երեքը միայն յիշել որոնք շատ ցայտուն կերպով կը պատկերացնեն Վանայ Թուրքերու եւ էշրաֆի ու պաշտօնեաներու մեծ մասի հոգեբանութիւնը ու աւազակներու սանձարձակ գործելու պարագաները:

Աւագ երկուշաբթի յանկարծ սկսեց Հայոց մէջ շանթահարիչ շշուկ մը յառաջ գալ: Առջի օրը Թիւրք մը արբած վիճակի մէջ քանի մը Հայերու հանդիպած ատեն ըսած էր.

«Քանի մը օրէն ձեզ պիտի ջարդենք…»

Լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուելով բնական էր որ Հայերը ահ ու սարսափի մատնուէին. ուստի ամէն ոք իր կարգին սրտատրոփ կը ջանար եղածն ստուգել: Բնականաբար ես ալ այդ Հայերէն մին ըլլալով իմ ուշադրութենէս ալ չպիտի վրիպէր այդ կսկծեցուցիչ պարագան ու պիտի հետաքրքրուէի, մանաւանդ որ իմ դիրքս աւելի յարմր էր: Այդ դիրքիս մասին գրել հարկ չեմ տեսներ, քանի որ ժամանակակից հայրենակիցներէս շատերու ծանօթ է եւ կը թողում որ ապագան պարզէ:

Տէֆթէրտարի թիկնապահը ժանտարմա տասնապետ Օսմանի հետ լաւ եւ բարեկամաբար կը տեսնուէի: Չորեքշաբթի կէս օրէն վերջ տէֆթէրտարի սենեակի քովէն անցած վիջոցիս իսկոյն Օսման տասնապետը զիս կանչեց եւ խնդրեց որ իր փոխարէն ես սպասեմ մինչեւ որ ինքը ճէմիշ երթայ ու վերադառնայ շատ խիստ կերպով պատուիրեց եւ ըսաւ.

«Չը թողուս ոչ ոքի ներս մտնել որովհետեւ ամբողջ պէյերը գաղտնի ժողով կ՚ընեն»:

Օսմանի խօսքերը յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց թէ. ի՞նչ կրնայ ըլլալ այս գաղտնի խորհրդակցութիւնը: Օսմանը հեռանալուն պէս կամացուկ մը դուռի վրայի վարագուրին մօտեցայ մէկ կողմը վեր առած եւ ականջս մօտեցնելով լսեցի:

«Զատկի առաւօտը ամենէն յարմարն է, եկեղեցիներու մէջ գտնուածները եկեղեցիներու մէջ կը մորթեն եւ տուներու մէջ գտնուածներ տուներու մէջ սակայն մինչեւ արեւածագին իրենց գործը վերջացնելով Հայոց թաղերէն հեռանալու են կողոպուտով մեկտեղ»:

Կասկածանաց տեղի չտալու մինչեւ Օսմանի վերադառնալը ես արդէն վարագոյրի քովէն հեռացած աթոռին վրայ նստած էին: Օսմանէն հասկցայ թէ որո՞նք են ներսը գտնուողները: Ստիպեց որ քիչ մըն ալ նստիմ իսկ ես «գործ ունիմ» ըսելով հեռացայ:

Կառավարչատունէն ելնելով սկսեցի մտածել այդ սահմռկեցուցիչ խնդրոյ մասին. թուրքին ըսածը ճիշդ է եղեր: Մահու եւ կենաց խնդրոյ հանդէպ կը գտնուէի. պահ մը շուարեցաւ չի գիտէի թէ ի՞նչ ընեմ: Որչափ որ յուզմունքս իր գագաթնակէտին հասած էր, բայց վերջապէս պէտք էր ընելիքս ժամ առաջ որոշէի, քանի որ ժամանակը սուղ էր եւ տագնապալից:

Խնդիրը երկու բառով Հայ մտերիմիս մէկին պարզեցի (անշուշտ վստահ ըլլալով իր գաղտնապահութեան) եւ ըսի: Մէկ միջոցի մը պիտի դիմեմ որով կը յուսամ թէ պիտի յաջողիմ, եթէ երբէք յուսախաբ ըլլամ չարաչար կերպով պիտի տուժեմ ինչ որ բնաւ փոյթս չէ, եթէ վաղը քեզի չի հանդիպիմ պէտք է գիտնաս որ վստնգուած եմ եւ թէ ջարդ տեղի պիտի ունենայ. այլ եւս քեզի կը մնայ Առաջնորդարան եւ պէտք եղած թաղերը լուր տալ որպէս զի յանկարծակիի չգան, ահա այսչափ. ես պէտք է երթամ սպասելու ժամանակ չունիմ:

Երեկոյեան ճաշէն վերջ ալայ պէյի Օսման պէյը իր սենեակն առանձնացած արծաթէ կլկլակը կը քա

էր ներս մտայ ու ըսի:

ՊԷյ ձեզի շատ ծանրակշիռ լուր մը պիտի հաղորդեմ որ մահու եւ կենաց խնդրոյ մը շուրջ կը դառնայ, ես ձեր վրայ մեծ հաւատք ունիմ թէ վերջէն զիս պիտի պաշտպանէք եւ կեանքս պիտի ազատէք, ձեր մէկ բառը ես պատուոյ  խօսք կը նկատեմ:

Վստահ եղիր եւ պատուոյ խօսք կուտամ քեզ ազատել եւ պաշտպանել: Ըսածներս նոյնութեամբ երբ պատմեցի իսկոյն կլկլակի ծխամորճը (մարփուճ) ձեռքէն վար ինկաւ եւ դէմքը գունատեցաւ, քանի մը վայրկեան մտածելէն վերջ ըսաւ:

Ուրիշ որոնց ըսած ես:

Ոչ ոքի առաջին անգամ ըլլալով ձեզի կ՚ըսեմ:

Շնորհակալ եմ, քեզի որ եւ իցէ վնաս մը չպիտի ըլլայ, վաղը պէտք եղածն քեզի պիտի ըսեմ. բայց պայմանաւ որ մինչեւ վաղը ոչ ոքի պիտի ըսես: Հիմայ հրամանատար լիվա փաշային եւ կուսակալին պիտի երթամ:

Սպասաւորը կանչեց եւ հրամայեց շուտով ձին պատրաստել եւ անմիջապէս ճամբայ ելաւ:

Կուսակալը եւ հրամանատարը Օսման պէյին համամիտ գտնուած էին, որոշած էին որ ջարդ տեղի չը պիտի ունենայ, իսկ Օսման պէյ դեռ իր գործը աւարտած չէր, մինչեւ ուրբաթ երեկոյ Օսման պէյը գիշեր ցորեկ թէ անձամբ եւ թէ կողմնակի միջոցներով ստուգած էր թէ որո՞նց տուները ժողովներ կ՚ըլլան եւ թէ ծրագիրը գործադրող գլխաւորները որո՞նք են: Իսկ ասդին Հայերն ալ կարելի եղածին չափ կը պատրաստուէին յանկարծակիի չգալու համար:

Շաբաթ օրը կէս օրէն առաջ իտարէ մէճլիսի մեծ սենեակին մէջ կուսակալը, հրամանատարը եւ Օսման պէյը կը սպասէին այն գլխաւոր դերակատարներուն որոնց մասնաւոր հրաւէր եղած էր ներկայ գտնուելու:

Կուսակալը խնդիրը կը պարզէ. տէֆթէրտարի սենեակի եւ տուներու մէջ եղած ժողովները մի առ մի կը թուէ եւ պատրաստուած ահռելի ծրագրի մասին խօսելէն վերջ կ՚եզրակացնէ:

Հրամանատար փաշայի եւ Օսման պէյի հետ որոշած ենք եւ պէտք եղած միջոցները գործադրելու պատրաստութիւններ տեսած ենք որպէս զի ջարդի ծրագիրը չը գործադրուի. անշուշտ գիտէք որ մեր հրամանին անսաստողները եւ ծրագիր պատրաստողները շատ խիստ կերպով պիտի պատժուին եւ եղած աղէտին պատասխանատու պիտի նկատուի:

Ջարդի կազմակերպիչներ այնպէս կը կարծեն թէ այդ գաղտնիքն իրենցմէ մէկուն միջոցաւ կառավարութեան ականջը հասած էր:

Զատկի գիշեր երբ ժամկոչներ Հայերը եկեղեցի կը կանչէին հայաբնակ թաղերու մէջ հեծեալ ու հետիոտ զօրքեր եւ ժանտարմաները խումբ խումբ կարգապահութեան կը հսկէին, իսկ Հայոց եկեղեցիները գրեթէ ամբողջովին գօրքերէ եւ ժանտարմաներէ պաշարուած էր մինչեւ ժամասացութեան վերջանալը, եւ Զատկական երեք օրեր գիշեր ցորեկ պահակներ շրջեցան հայոց թաղերը, ու հայերը սովորական կերպով իրենց Զատկի տօնը կատարեցին:

Թադէոս Փանոսեան (քեռորդիիս այրը) ի վիճակի չէր իր սեպհական գործն ունենալ, ստիպուած էր Եարըմ Պաթման Օսմանի հետ ընկերարցութեամբ «Սարա»ի (Թրքապարոկական սահմանագլխի մօտ)մէջ խանութ մը բանալ եւ մանիֆաթուրայի գործ ընել: Թադէոս բաւական զարգացեալ եւ արհեստին հմուտ էր. իսկ Օսման ալ դրամագլուխ ունէր որով գործէն գոյացած շահը հաւասար պիտի բաժնէին:

Շատ անգամ կը ստիպուէին ապրանքին պայմանաժամով գնել եւ ինծի կ՚առաջարկէին երաշխաւորել ու կ՚երաշխաւորէի, Թադէոսին աջակցելու նպատակաւ իբր պարտականութիւնս: Քանիցս քանի մը հարիւր ոսկիի երաշխաւորած էի եւ թէ իրենք ժամանակին վճարած էին, Օսմանը յանկարծ միտք կը փոխէ եւ կ՚ուզէ եղեր որ վերջի գումարն ինծի տուժել տայ մօտաւորապէս 94 օսմ[անեան] ոսկին որուն պարտապահանջն էր Մատթէոս Պապեկեանը:

Պայմանաժամն լրացած էր եւ թէ անցած, Պապեկեան Օսմանէն պահնջած էր եւ Օսմանը ինչ ինչ , ատրուակներով չէր ուզած վճարել: Պապեկեան ըստ օրինի ինձմէ կը պահանջէր դրամները եւ թէ Օսմանը իմ դիմումներուս եւ խօսքերուս կարեւորութիւն չէր տար. շատ բնական էր որ այդ պարագան ինծի շատ ծանր պիտի թուէր քանի որ ես այդ գումարն վճարելով առեւտրական գործս պիտի քայայուէր, իսկ Օսմանը իր դրամագլխոյն վրայ պիտի բարթէր այդ գումարը: Ուրեմն տուժողը հայ մը պիտի ըլլար՝ իսկ օգտուող Թուրք մը, գոնէ ես բնաւ երբէք չպիտի հանդուրժէի ինչ գնով ալ ըլլար: Խեղճ Թադէոսի միջամտութիւնը եւ աղերսանքն ի զո՜ւր, քանի որ Օսման դրամները իր քով կեդրոնացուցած էր:

Քանի քանի անգամներ Օսմանէն խնդրած էի որ դրամները վճարէ եւ ստորագրութիւնս ազատէ, եւ եթէ քանի մը բարեկամներս ալ բարեխօսած էին ի զո՜ւր: Օսմանը իր մտադրութենէն չէր շեղէր որով բացարձակապէս համոզուած էի որ ինծի տուժել պիտի տայ: Ուստի որոշեցի եւ ժամանակն հասած նկատեցի Օսմանին հասկցնելու թէ, Հայը իր համեստ առեւտրական ու ապրուստի միակ միջոց գործը չը քայքայէր եւ Թուրքին դրամագլխին վրայ 100 ոսկի փարթել չի տար: Պէտք էր իրեն դաս մը տալ որ ուրիշ առթիւ չը փորձեր որ իցէ հայու մը այդ տեսակ խաղ մը խաղալ:

Այլ եւս համբերութիւնս սպառած էր, Օսմանը շուկայի մէջ Մկրտիչի խանութը նստած էր, նախ քաղաքավար կերպով եւ պաղարիւնութեամբ ուզեցի իր դիտաւորութիւնը հասկնալ: Օսմանը նախ ուզեց խնդրոյն կատակի գոյն տալ, իսկ երբ լրջօրէն ուզեցի իր դիտաւորութիւն իմանալ: Օսման այլ եւս սկսեց կարեւորութիւն չտալ, անշուշտ նկատելով որ «կեավուրի» մը կտորը եկած իրեն կ՚աղաչէր, իսկ երբ պնդեցի թէ պէտք է իր վերջին խօսքն ըսէ սկսեց «կեավուր» եւ այլ նախատական բառերը գործածել, վայրկենական կերպով վրան յարձակեցայ եւ սկսեցի կոկորդն սեղմել առանց ժամանակ տալու որ դաշոյն գործածէ, մէկ ձեռքովս կոկորդն սեղմած էի ու միւսով կռուբներ կը տեղայի: Խորհեցայ որ անպատճառ քիչ վերջ ոստիկաններ պիտի գան ուստի խոհեմութիւն սեպեցի հեռանալ եւ վերջին դատարանին ներկայանալ եւ պատիժս կրել ինչ որ բնական էր, քանի որ դէպքը շուկայի կեդրոն խանութի մը մէջ տեղի ունեցած էր:

Օսմանի կոկորդը սեղմելուս պատճառաւ սկսած էր քիթէն բերնէն արիւն վազել եւ երկու ակռաները կոտրած էին, պէլէտիյէի բժիշկի նախնական դարմանէն վերջ զինքը իր տունը ղրկած էին:

Գիտէի որ Եղեռնադատ ատեանը զիս պիտի դատապարտէ մանաւանդ որ երկու ակռաներն ալ կոտրած էին:

Դատարանի նախագահ Ղալիպ պէյին նախապէս ծանօթէի, իսկոյն իրեն դիմեցի եւ խնդիրն մանրամասնութեամբ պատմեցի եւ դիմում ըրի իր խղճին ըսելով:

Օսմանը մանիֆաթուրայի եւ ալիւրի գործ կ՚ընէ եւ հազար ոսկիէն աւելի դրամագլուխ ունի, իսկ ես եթէ հարիւր ոսկին տուժած ըլլամ, ունեցած ապրուստիս գործը քար ու քանդ պիտի ըլլայ. բնաւ չեմ կրնար սպասել ձեզմէ որ զիս թշուառ կացութենէ մը չազատէք:

Ղալիպ պէյ քանի մը վայրկեան մտածելէ վերջ ըսաւ:

«Օսմանի ըրածը անիրաւութիւն է, բայց դուն պէտք չէր այդպէս հրապարակաւ շուկային մէջ զինք ծեծէիր. այս անգամ կը ներեմ քեզի»։

Շնորհակալութիւնս յայտնելով ապարանքէն դուրս ելայ:

Ղալիպ պէյի բարեկամներէն նշանաւոր Հայ վաճառական մը եւս ղրկեցի իրեն քով անուղղակի կերպով իր տուած խոստումն ամրացնելու համար:

Օսմանի դէպքը Թուրքերուն մէջ ահագին յուզում յառաջ բերած էր. եւ թէ Հայերը ցաւ ի սիրտ կը կարծէին որ անպատճառ պիտի դատապարտուիմ:

Երկու անգամ լոկ ձեւակերպութեան համար հարցաքննիչին գացի, երբ հարցաքննիչն սկսած էր գործն ձգձգել Օսմանը ճարահատեալ դիմած էր Ղալիպ պէյի Մուրատ ծառային. իսկ Մուրատ անուղղակի կերպով Օսմանին հասկցուցած էր թէ ես Ղալիպ պէյի պաշտպանեալն եմ պէտք չէ կարծէ թէ զիս եղեռնադատ ատեան պիտի հանել տայ: Օսման մուրատին ըսած էր:

Չըսե՞ս «տավաճըն գատը օլուրսա եարտըմճըն Ալլահ գալըր»:

Օսմանը ծեծելուս մասին այլ եւս չէի մտածեր, կը մտածէի երաշխաւորութենէն ազատիլ:

Ընկերներս խորհած էին Վանէն զիս հեռացնել եւ քանի մը ամսուան համար Կովկաս ղրկել եւ Պապիկեանին անուղղակի կերպով իմացնել թէ ես Վանէն փախած եմ, որով Պապիկեան պիտի ստիպուէր Օսմանին վրայ բողոքել եւ առնելիքն գանձել:

Ընկերներուս այս գաղափարը լաւ , բայց քանի մը ամիս խանութս փակ մնալը եւ Կովկասի մէջ ապրիլս նորէն ինծի եւ ընտանեացս շատ սուղի պիտի նստէր: Ընկերներս յանկարծ կ՚իմանան որ, առեւտրական դատարանի նախորդ քարտուղար Իպրահիմ էֆ[էնտի] մէկ մը երաշխաւորութենէ ազատած է:

   Դիմեցինք քարտուղարին եւ խնդիրը իսկութեամբ պատմեցի, ու ըսաւ:

  Պապեկեան ճիշտ պայմանաժամին քեզմէ դրամ պահանջա՞ծ է եւ կրնա՞յ վկաներով հաստատել:

Ճիշտ օրին չէ պահանջած այլ 10-12 օր վերջը եւ հակառակ պարագային վկայներով չը կրնար հաստատել ըսի:

Քարտուղարին հետ պայմանաւորուեցանք, ինքը իմ կողմանէ տրուելիք աղերսագիր մը պիտի պատրաստէր. եթէ երաշխաւորութենէ ազատուէի, իբր վարձք երկու Օսմ[անեան] ոսկի պիտի վճարէի:

Առեւտրական դատարանին մէջ երկու անգամ դատավարութիւննիս տեղի ունեցաւ եւ ես միշտ քարտուղարի ինծի սորվեցուցած օրէնքի այն յօդուածն կը մատնանշէի:

Դատարանը իր վճիռն արձակեց: Երաշխաւորութիւնս այլ եւս օրինական չը նկատեց եւ Օսման դատապարտուեցաւ դատարանի ծախքերով եւ տոկոսով հանդերձ Պապիկեանի դրամները վճարելու:

Վանայ մէջ աւազակապետ Համզօն իր ոճրագործութիւններով, աւարառութիւններով ու բռնաբարումներով այն աստիճան հռչակ եւ անուն հանած էր որ անխտիր Վասպուրականի ամէն դասակարգին ահ ու սարսափ ազդած էր, Համզօյի անունը լսել ու չը սոսկալ անհաւատալի բան էր: Համզօն իր ամենօրեայ ոճրագործութիւններն այն աստիճանի հասցուցած էր որ կառավարութիւնն իբր թէ լաւ վարձատրութիւն մը պիտի ընէր Համզօն ողջ եւ կամ անոր գլուխը բերողին:

Համզօյի խումբը կը բաղկանար 25-30 հոգիէ. ցաւալին այն էր որ խումբին մէջ կը գտնուէր Ավօ անունով Հայ մը. անշուշտ Ավօյի Հայ ըլլալուն պատճառաւ էր որ Կառավարութիւնը դաւաղիրներու միջոցաւ Ավօն ձեռք անցուց եւ վերջէն կախաղան բարձրացուց:

Ատիւլճէվազի ծովեզերեայ Պարկաթ եւ Խոռանց գիւղերու մէջ ամառուան եղանակին 2-3 ամիս բաւական ընդարձակ առեւտրական գործ մը հաստատած էինք տարիներէ ի վեր աներոջս՝ Տ. Յարութիւնեան Մ. Կարապետի եւ իր որդի Սերոբի հետ:

Պարկաթ ծովեզերայ ըլլալուն պատճառաւ մեր մթերանոցն էր որով ապրանքնիս միշտ հոն կը գտնուէր, իսկ պատրաստի դրամները ես կամ Սերոբ վրանիս կը պահէինք:

Համզօն առհասարակ կը գործէր Ատիւլճէվազի եւ Արճէշի գաւառակներուն մէջ մանաւանդ ամառուան այն եղանակին որ Վանայ Հայերն ապրանքներն ու դրամները Վանէն հոն կը տանէին եւ անոնց փոխարէն ցորեն կը բերէին Վանայ մէջ ծախելու , որովհետեւ բերքի առատութեան տեսակէտով այդ երկու գաւառակները Վանայ շտեմարան կը սեպուին, ուրեմն այդ 2-3 ամսուան շրջանին հազարաւոր ոսկիներու փոխանակութիւն կ՚ըլլայ հոն:

Նաւավարին հետ պայմանաւորուած էինք ցորեննիս Վան փոխադրելու: Խոռանց գտնուած քանի մը սայլ ցորեննիս պէտք էր արշալոյսի ատեն Պարկաթի «Սեւ Ծայր» նաւահանգիստը տանիլ եւ անկէ վերջ Պարկաթի ցորենները նաւ փոխադրել:

Ճամբուն կէսէն ճամբան կը ճիւղաւորէր մէկը դէպի Պարկաթ եւ միւսը «Սեւ Ծայր» նաւահանգիստը: Որոշած էինք որ սայլերու հետ ես «Սեւ Ծայր» երթամ, իսկ Սերոբ Պարկաթ: Պարկաթի մէջ դրամի պէտք կար, ուստի ունեցած ամբողջ դրամնիս Սերոբ Պարկաթ կը տանէր:

Պարկաթ «Սեւ Ծայր» էն հինգ վայրկեան հեռու էր: «Սեւ Ծայր» հասած ցորենները նաւին մէջ փոխադրելու սկսած էինք, յանկարծ քանի մը տղաքներ շնչասպառ «Սեւ Ծայր» հասան եւ գուժեցին թէ՛ «Համզօն դեռ արշալոյս չծագած իր մարդիկներով գիւղ եկաւ, այրեր, կիներ ու աղջիկներ կապելով զատ զատ երկու տուներու մէջ բանտարկեց եւ մեր վրայ պահապաններ դրաւ: Մ. Կարապետ որ յաջողած էր իր բանտարկուած տեղի ընկերներուն միջոցաւ ոտքի եւ ձեռքի կապանքները քակել տալ, պատուհանէն դուրս ցատկելով Քիւրտերու մէկ ձին հեծած Առէն (Պարկաթէն 15 վայրկեան անդին զուտ Հայաբնակ բազմամարդ գիւղ մը) կ՚երթար օգնութիւն կանչելու. Քիւրտերն ետեւէն գացին, ետ դարձուցին, գիւղ բերին եւ մահամերձ աստիճան վիրաւորեցին ու հոն ձգեցին, Համզօն թէեւ մեզի իբր անխելահասներ չը բանտարկեց, բայց չէր թողուր որ գիւղէն հեռանայինք: Համզօն Րէս Մկրէի հարսը եւ քանի մը աղջիկներ առեւանգեց եւ իր քանի մը մարդոցմէվ ճամբայ հանեց կողոպուտին հետ. արդէն գիւղին մէջ ոչինչ չթողուց եւ ոչ ալ ձեր ապրանքները: Համզն Րէսին կը սպառնար երկու հարիւր ոսկի տալ. եթէ ոչ զինք պիտի սպաննէր: Սերոբ եղածէն անտեղեակ գիւղ մտաւ, Համզօն զինք մերկացնելու հրաման տուաւ. երբ Սերոբի վրայէն կարմիր ոսկիներ ելան, այն ժամանակ Համզօն դրամներն առնելով, իր մարդոց հետ մեկնեցաւ եւ մենք եկանք ձեզի լուր տալու: Համզօն դէպի Գազուհի Քռէն գնաց»:

Լուրն ինքնին շանթահարիչ էր, մանաւանդ որ աներս մահամերձ էր եւ ամբողջ ունեցածնիս տարած էր: Պարկաթ 30-35 տունէ բաղկացեալ զուտ Հայաբնակ գիւղ մըն էր, գիւղը մտած միջոցնիս անկարելի էր որ չարտասուէինք ամբողջ գիւղի բնակիչները մեծ եւ պզտիկ մերկ նստած իրենց մերկութիւնը կ՚ողբային Րէսի տուն իր հարսի առեւանգումը կողբար, նոյնպէս եւ միւսները, իսկ Թամօյի (Թովմաս) տունը մէկ քանի հոգի Մ. Կարապետի շուրջն հաւաքուած արիւնաթաթախ շորեր կը հանէին, վէրքերու արիւնը դադրեցնելու միջոցն ի գործ դնելու. սուրի վէրքերն այնչափ խորունկ էին որ, բաւական աշխոյժ Մ. Կարապետ նուաղկոտ վիճակի մը մէջ կը տքար: Առաջին գործս եղաւ ստուգել թէ ուրիշ վիրաւորներ ալ կային. պէտք էր անոնց ալ դարման տանիլ եւ ստուգել թէ Համզօն իրօք Գազուհի Քռէն կ՚երթար:

Գիւղին մէկ բլուրէն որոշ կերպով կ՚երեւար նոր ծագած արեւի ճառագայներուն մէջ Համզօյի խումբին ճամբուն վրայ բարձրացուցած փոշին:

Համզօն ոչ զէնք եւ ո՛չ ալ ձի թողուցած էր Պարկաթի մէջ, որովհետեւ այնպիսի ժամու մը յարձակած էր գիւղին վրայ որ ամբողջն ալ կը քնանային դեռ:

Իսկոյն Առէն գիւղէն քանի մը ձիեր բերել տուինք եւ նստելով ուղղակի Ատիւլճէվազ (Արձկէ) գացինք գայմագամին բողոքելու, յուսալով որ իսկոյն կարող է Համզօն ձերբակալել եւ մեր աւարները մեզի վերադարձնել:

Աղերսագրին մէջ մանրամասն կերպով պարզած էինք տեղի ունեցածը. կը կարծենք որ գայմագամը աղերսագիրնիս կարդալուն պէս մեզի ներս պիտի կանչէ: Տասը վայրկեան համբերած էինք. սկսանք կասկածիլ որ կարեւորութիւն չպիտի տրուի. ուստի դրան վրայի պահապանը հեռանալուն պէս ներս խուժեցինք եւ տեսանք որ գայմագամը մեր աղերսագիրը սեղանին մէկ ծայրը դրած ուրիշ գործով կ՚զբաղէր, իր գործն ընդհատելով ըսինք.

Ի՜նչ հրաման ունիք մեր աղերսագրի մասին:

Կ՚ըսէք թէ Համզօն «Գազոհի Քռէն» է, կրնայ ըլլալ, բայց քանի որ տրամադրութեանս ներքեւ զինք ձերբակալելու չափ ոյժ չունիմ, ոչինչ չեմ կրնար ընել, ըսաւ գայմագամը:

Ուրեմն մենք ի՞նչ պիտի ընենք:

Ատիկա ձեր գիտնալիք գործն է (ուսերը թոթուելով):

Գայմագամին դէպ ի Րէս եւ ինձ ունեցած սառնութիւնն եւ անտարբեր վարմունքը մեզի ստիպեց իրեն առաջարկել:

«Մենք իեր ունինք. միայն հրացան եւ փամփուշտ չունինք. մէյմէկ հրացան եւ քանի մը հարիւր փամփուշտ տուէք մեզի. մենք հիմա«Գազուհի Քռէն» կ՚երթանք եւ աւարն ետ կ՚առնենք. կռուի միջոցին մեռածներուն պատասխանատուութիւնը մենք մեր վրայ կ՚առնենք. մենք ձեր տալիք ոյժերուն (ոստիկաններուն) պէտք չունինք:

Գայմագամը մերժեց մեր առաջարկն ըսելով որ հակօրինական է. այն ատեն սպառնական ձեւով իրեն ըսինք.

Ուրեմն մենք ստիպուած ենք հեռագրել թէ Վան եւ թէ Պոլիս. ուրեմն դուք բացարձակապէս չէք ուզեր որ մենք մեր աւարն ետ առնենք:

Գայմագամը տեղի տուաւ եւ ստիպուեցաւ մեր ներկայութեան դէպքը հեռագրել Վան, յիշելով նաեւ թէ Պարկաթի բնակչութիւնը հոն լեցուած պատասխանի կը սպասէ:

Երկու ժամ վերջ Վանէն եկաւ պատասխան.

«Կառաւարական զէնքեր պաշը պօզուքներու տրամադրելի չեն կրնար ըլլալ. այդ տեսակ առաջարկներ ինքնին ապօրինի են: Եթէ կարող էք դուք ձեր ունեցած ոյժերով ձերբակալեցէք Համզօն»։

Հեռագրին պարունակութենէն կ՚երեւէք որ կուսակալութիւնը համամիտ չէր Համզօն ձերբակալել տալու, քանի որ կողոպտուածը Հայ գիւղ մը եւ Հայեր էին: Ամիսներ անցնելէ վերջ Մ. Կարապետ շուկայի խանութներէն միոյն մէջ տեսած էր զինքը վիրաւորող Քիւրտերէն մէկը:

Մ. Կարապետ իր առած վէրքերուն պատճառաւ մէկ թեւը բոլորովին անգործածելի եղաւ. այդ լուրը ինծի տալէ վերջ՝ իսկոյն Կորկոտեանենց խանութը գացի եւ Քիւրտին օձիքէն բռնելով կառավարչատուն տարի եւ կառավարութեան յանձնելով բանտարկել տուի:

Պարկաթէն 3-4 վկաներ բերել տալով հաստատեցինք որ Քիւրտը Համզօյի ընկերներէն էր:

Դատավարութիւնը դիտումնաւոր կերպով կ՚ուշանար, իսկ օրին մէկը դառն իրականութեան հանդէպ գտնուեցանք. ծանօթ ոստիկաններէս մին ինծի կը հաղորդէր թէ ոճրագործնիս երէկ բանտէն արձակած են, փոխան Եղեռնադատ Ատեանի նախագահին տրուա 35ոսկիին:

Ոստիկանին ըսածները ստուգելէ վերջ ստիպուեցանք կրկին բողոքել. ատիկա պարզ ձանձրութիւն տալ էր Կառավարութեան՝ աղերսագիրնիս աչքէ անցնելու համար, քանի որ մեր փնտռած թռչունին վանդակին դուռը բաց թողուցած էին դիտմամբ եւ թռչունը փախած էր:



[1]            Վան չորս դուռ ունի, Նաւահանգիստի, Թավրիզի, Միջին եւ Նոր։