Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը. ՄԷՀՄԷՏ ՊԷՅԻՆ ՀԱՅՈՅՄԱՆ ՊԱՏԺՈՒԻԼԸ

Թուրքիոյ զինուորականութեան մէջ սովորութիւն եղած է որ յիսնապետէն սկսեալ մինչեւ բարձրաստիճան զինուրականն եթէ ուզէ, իր քով մէկէ աւելի զինուոր կը պահէ՝ իբր սպասաւոր. անոնց բացառիկ ամսական մը չեն վճարեր, այլ զօրքն իրենց սեպհական օրական հացը ծախելով դրամը կ՚առնէ. ուրիշ ոչինչ. ուրեմն խեղճ զինուորներուն չարաչար աշխատութեան փոխարինումը կ՚ըլլար օրական 300 տրամ հաց:

Մէհմէտ պէյ իբր գնդապետ եւ փոխ-հրամանատար, իր տան մէջ ունէր երեք հատ զինուոր. զինուորներէն մին ենթասպայ էր, որ թիկնապահի պաշտօն ունէր:

Մէհմէտ պէյ իր քով ունեցած երեք զինուորներէն զատ, ունէր նաեւ Սալման անունով Պարսիկ մը. Վանէն դէպի Կարին մեկնած ատեն Սալմանը իրեն հետ տարած էր:

Մէհմէտ պէյ բաւական ատեն Կանոյ բանակին մէջ մնալէ յետոյ, վերէն տրուած հրահանգի մը համաձայն, Կարսի բանակը գացած էր: Կարսի բանակին մէջ արիաբար կռուած էր թշնամիին դէմ, բացառութիւն ըլլալով ինք՝ ոչ թէ միւս զօրապետներուն նման ետեւէն քալած էր, այլ տրեխներ հագած զօրքերուն առջեւէն քալած էր առ ի խրախուսութիւն: Մինչեւ վերջ թուրք զինուորները ոգեւորութեան եւ յարձակողական վիճակի մէջ պահած էր, եւ այդ պատճառաւ Լիվայութեան աստիճանին բարձրացած էր «Գափտան Փաշա» մակդիրով:

Մէհմէտ պէյ իր ընտանիքը Վան թողուցած էր, եւ քանի որ պատերազմը վերջացած էր, այլ եւս բնականաբար Վան պիտի վերադառնար:

Մէհմէտ պէյ իր ամբարտաւանութեան եւ յանդգնութեան ապացոյցն անգամ մը եւս ցոյց տալու եւ իր ստացած լիվայութեան աստիճանէն արբշիռ՛ գինով վիճակի մը մէջ կ՚ըսէ.

«Կը փափաքիմ օր առաջ Վան հասնիլ եւ Հայերուն հարստութեան փոշիի վերածուիլը տեսնել եւ հրճուիլ»։

Մէհմէտ պէյին այս նախատական խօսքերը Կարնեցի Հայոց ականջը կը հասնի եւ թէ իրենք գիտէին արդէն որ Վանայ հրդեհին գաղափարը յղացողն եւ ծրագիրը գործադրողը Մէհմէտ պէյն եղած է:

Մէհմէտ պէյ իր անվախ եւ յանդուգն յատկութեան վստահելով, կորոշէ առանձինն իր Սալման ծառային հետ մեկնիլ դէպի Վան: Կարենցի 6 Հայերը Մէհմէտ պէյի մեկնելէ առաջ Կարինէն կը մեկնին եւ ճանապարհին վրայ դարանակալ իրեն գալուն կը սպասեն: Ճիշտ որոշեալ ժամուն Մէհմէտ պէյ կը հասնի: Յանկարծ վեղ զինեալ Հայեր դէմը կ՚ելլեն՝ ու զինքը ձիէն վար առնելով կ՚ըսեն. «Դուն կը փափաքիս եղեր օր առաջ Վանեցւոց հարստութեան մոխիրի վերածուիլը տեսնել եւ հաճոյք զգալ. մենք ալ փափաքեցանք ժամ առաջ քեզ յոշոտել. ուրեմն մերն աւելի գործնական է, որպէս զի այդ աւերակները տեսնելու բախտին չարժանանաս ու մենք ալ մեր արիւնակիցներուն վրէժը լուծած ըլլանք»։

Մէհմէտ պէյ պէտք եղածին պէս կը յօշոտուի Սալմանի ներկայութեան, եւ իրեն կը պատուիրեն որ Վան հասած ատեն իբր ականատես պատմէ Հայոց վրէժխնդրութիւնը:

Խեղճ Սաալման համակերպելէն զատ ուրիշ ճար չունէր, որովհետեւ սկիզբէն նախ երկու Հայերը յատկացուած էին Սալմանին համար, պատուիրելով որ եթէ երբեք դիմադրէ զինքը պտի սպաննեն:

Մէհմէտ պէյի Կարնեցւոց կողմէն յօշոտուելու լուրն ուրախութեամբ լեցուց Վանեցւոց սիրտը. մանաւանդ այն պատճառաւ թէ՝ քանի որ Վան կը վերադառնար, ո՜վ գիտէ դեռ ի՜նչ դիւային ծրագիրներ պիտի գործադրէր, եւ թէ Վանեցւոց կատարեալ պատուհաս մը պիտի ըլլար նորէն:

Սալման Վան հասնելէ վերջ դէպքն իսկութեամբ պատմած էր պէտք եղած տեղը: Վանէն, տրուած տեղեկութենէն վերջ Կարնոյ կուսակալը կ՚աշխատի ոճրագործները ձեռք բերել, բայց ի զո՜ւր, այն պարագային շատ դժուար էր, քանի որ պատերազմէն վերջ յայտնի էր թէ Կարին ի՛նչ վիճակի մէջ էր:

Սալման իր հիացումը վեց Հայերուն մասին յայատնելէ վերջ կ՚ըսէ:

«Փաշաս յօշոտելէ վերջ կարող էին զիս ալ յօշոտել,   որ իբր գերի իրենց ձեռքն ինկած էի, բայց իրենք ըսին թէ՝ ես իբր ծառայ մեղաւոր չեմ: Փաշայիս ատրճանակը, ձին ու սուրը առնելով՝ մեկնեցան, զիս կապուած վիճակի մէջ թողլով: Այնչափ վեհանձն էին որ փաշայիս ժամացոյցին ու դրամներուն չդպան: Տարբեր տարբեր ճամբով մեկնեցան, արդէն եթէ երբեք իրենք հանդիպող մ՚ըլլար, բնաւ միտքէն չպիտի անցնէր թէ անոնք Հայ են: Այնչափ լաւ ծպտուած էին որ ճիշդ Լազերու կը նմանէին: