Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ. ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆ

Պայազիտէն վերադարձող Քիւրտերուն մէկ մասը, հիւանդութեանց ենթակայ եղած էր, նոյնչափ ալ զինուորներ ենթակայ էին: Զօրքերուն հիւանդութիւնը կը վերագրէին իրենց անօթի եւ թշուառ վիճակին, ինչ որ արդէն կը կարդացուէր իրենց դէմքերուն վրայ: Շատ բնական էր, քանի որ Պայազիտ մեկնելնէն ի վեր գրեթէ իրենց ամսական վճարուած չէր, իսկ սպաներն առանց բացառութեան գրեթէ իրենց ամսականներն առած էին:

Զինուորին ամսական կը տրուէր 20ղրուշ/ ամիսներէ ի վեր երբ ամսական չէր տրուեր, ասոնք իրենց աչօրեայ, բաղնիքի, ծխախոտի, ասեղի եւ դերձանի պէտք եղածն ո՞ւրկէ պիտի ունենային: Վիճակ մը որ ամիսներէ ի վեր կը շարունակէր. ուստի այդ զօրքերն ստիպեալ եւ ճարահատեալ պիի ըմբոստանային եւ զերծումը պիտի դիմէին:

Զօրքերուն թշուառ ու անկուտի վիճակն ինքնին երեւան կ՚ելլէք, երբ ուրբաթ օրերը շուկայ ելլէին ու գնում չընէին:

Զօրքերն ոչ թէ իրենց տրուած հրահանգները չգործադրել սկսած էին, այլ իրենց տրուած եւ յանձնուած իրեղէններուն դէմ սկսած էին զեղծումներ գործել. իրեղէններն էին հրացան, փամփուշտ, վերարկու, գասաթուրա եւն:

Զօրքերու չքաւորութիւնը զիրենք բռնի կերպով կը մղէր գողութեան՝ եւ արդէն սկսած էին քանիներ իրարու հետ համաձայնիլ հրացան, փամփուշտ գողնալ եւ ծախել շատ ոչինչ եւ աննշան գինով: Արդէն եթէ աննշան գինով չծախէին, ո՞վ պիտի գնէր. չէ՞ որ հակառակ պարագային գնողները ահագին տուգանք վճարելէ ի զատ պիտի բանտարկուէին ալ:

Թէեւ այդ տեսակ շշուկներ կը լսուէին հրապարակի վրայ, բայց դժուար էր այդ շշուկներուն հաւատ ընծայել: Շատ երկար չտեւեց, շշուկները իրականութիւն դարձան եւ Վանեցին այդ իրականութեան հանդէպ կը գտնուէր:

Մարթինի հրացանը 4-5 մէճիտիէի (80-100ղրշ. ) սկսաւ ծախուիլ եւ փամփուշտի հատը 5-10 փարայի, իսկ վերարկուներ 15-20 ղրուշի:

Գողոնները նախ սկսան գնել Թուրքերը, Քիւրտերը, իսկ անկէ յետոյ Հայերը եւ ամենէմ վերջ Պարսիկները, որոնք Պարսկական կը փոխադրէին:

Հետզհետէ գողութիւնը սկսաւ ծաւալ գտնել, որովհետեւ զօրքերուն համար միակ դժուարութիւնն էր զօրանոցի դուռնէն կամ պատուհաններէն դուրս հանել: Այլ եւս խնդիրը վերջացած կը նկատուէր. իսկ փամփուշտին համար դժուարութիւն չկար, քանի որ դուրս ելլող զօրքերը չէին խուզարկուեր եւ զօրանոցէն վերակուով դուրս ելլող զօրքը կարող էր առանց վերարկուի զօրանոցէն ներս մտել: Չէ՞ որ քանի մը զօրքերն իրարու հետ համաձայնած էին՝ ծախուածին արժէքը հաւասար բաժնել, այլ եւս ի՞նչ դժուարութիւն կար: Գողութիւնը տեղի կ՚ունենար առ հասարակ գիշերները, սպաները զօրանոցէն մեկնելէն վերջ:

Հրացանները դիւրութեան համար երկու մասի կը բաժնէին, որպէս զի փոխադրութեան ժամանակ ուշադրութիւն չը գրաւէր. այս գործողութեան պէտք կ՚ունենային երբ սենեակին պահապան տասնապետն եւ դրան առջեւ կեցող պահակներն իրենց հետ համաձայնողներ չըլլային:

Զօրանոցներուն մէջ փոքրիկ ձեռնարկն իսկոյն մուտ գտաւ մթերանոցներուն պահապաններուն եւ պետերուն մէջ: Վանայ մէջ մէկէ աւելի մթերանոցներ կը գտնուէին եւ քիչ ատենէն ամենքն ալ որոշ չափով վարակուեցան այս ախտով:

Մթերանոցներուն մէջ հազարաւոր հրացաններ եւ միլիոնաւոր փամփուշտներ կը գտնուէին, քանի որ զինուորականութիւնը չէր կրնար երեւակայել թէ զօրքերը կարո՞ղ են մթերանոցներու պետերուն եւ պահապաններուն հետ համաձայնելով զէնքերը դուրս հանել եւ ծախել. արդէն զինուորները փառաւորապէս իրենց գործը յառաջ կը տանէին:

Գաղտնիքը երեւան ելլել շատ դժուար եւ գրեթէ անկարելի էր, որովհետեւ նախ որ զօրքերուն մէջ համաձայնութիւն կար. երկրորդ՝ զօրքերը շատ զգուշութեամբ կը փոխադրէին, եւ երրորդ՝ գնողներն եւս ամենէն աւելի զգոյշ կը վարուէին, քանի որ հակառակ պարագային՝ երկու կողմն ալ խիստ դատիժի պիտի ենթարկուէին:

Զէնքի եւ փամփուշտի առուծախսը ճիշտ սակարանի ձեւ առած էր. այն օրը որ զօրքերուն կողմէն գնողներուն շատ դիմում ըլլար, գինը աւելի պակաս կ՚ըլլար, իսկ երբ դիմումը քիչ ըլլար, գինը բարձր կ՚ըլլար, եւ բնականաբար զօրքերը միշտ կ՚առարկէին թէ փոխադրելը դժուարացած է, եւ գնողները կ՚առարկէին թէ իրենց դիմողները շատցած են:

Զօրքերը շատ դիւրութեամբ վստահելի գնողներ գտած էին, այնպէս որ ո՛ եւ իցէ վտանգի չէին սպասեր, քանի որ Հայոց ուղղամիտ վստահելի եւ ճարպիկ ըլլալը գիտէին զօրքերը, եւ հաւանական էր որ Հայերուն ալ առաջարկէին գնել:

Չգիտցուեցաւ թէ կառավարութիւնն ի՞նչ միջոցաւ իմացած էր թէ Պարսիկները զէնքեր գնած եւ իրենց խանին սալայատակներուն ներքեւ պահած էին: Յանկարծ Պարսիկներուն խանը զօրքերով եւ ոստիկաններով պաշարուեցաւ: Խուզարկութիւնը սկսաւ նախ Պարսիկներուն սենեակներէն, ուրկէ քանի մը հազար փամփուշտ եւ քանի մը հրացաններ գտնուեցան: Երկյարկանի խանը. 60-70 սենեակներէ կը բաղկանար, խանին սալայատակներուն ներքեւէն 300է աւելի հրացաններ գտնուեցան, որովհետեւ փորձած էին թէ կարճ ժամանակի մը համար հողի ներքեւ թաղուած հրացանները չէին վնասուեր:

Կառավարութիւնը այս խուզարկութենէն վերջ սկսաւ իր մթերանոցներուն հաշիւները քննել: Լսուեցաւ թէ մթերանոցներուն տօմարներն այնչափ խառնակ վիճակի մը մէջ կը գտնուէին որ մէջէն ելլելիք գործ մը չէր, եւ բնականաբար այսպէս պիտի ըլլար, քանի որ առանց խմբակի եւ մեղսակցի չէ՜ր կարելի այդ տեսակ գործ մը գլուխ հանել:

Խուզարկութենէն վերջ ժամանակ մը բոլորովին դադրեցաւ զինավաճառութիւնը: Այս պարագան շատ որոշ էր, քանի որ ծախողներն եւ գնողներն ո՛չ թէ իրարու պարզ ծանօթներ, այլ մտերիմներ էին եւ իրենց նախկին ժամադրավայրին մէջ կրնային տեսնուիլ:

Վանայ նոր զօրանոցին քով կը գտնուի Պիթ Բազար շուկան, ու մասնաւորապէս ուրբաթ օրերը անպատճառ աճուրդ տեղի կ՚ունենայ միջնորդներուն միջոցաւ. կէս օրէն վերջ կը սկսէր աճուրդը. հետաքրքրուող զինուորականներ շուկային խանութները նստած ժամանակ կ՚անցնէին կամ գնումներ կ՚ընէին:

Կառավարական ձիերուն եւ ջորիներուն վրայ տաք շամփուրներով դրոշմուած նշաններ կ՚ըլլան որ մինչեւ վերջը չեն եղծանիր: Քանի մը ենթասպաներ միացած եւ իրենց բողոքն աւելի ազդու կերպով լսելի ընել տալու համար, կ՚որոշեն կառավարական մէկ ձի եւ մէկ ջորի միջնորդներուն տալ, որպէս զի ծախեն: Միջնորդներն անոնց վրայ նստած, արժէքը պօռալով, կ՚երթեւեկեն: Հազարապետին մէկը կը տեսնէ որ իրենց վաշտին նշանը կրող ձի մը եւ ջորի մը կը ծախուի, մինչդեռ ինքը իբր հազարապետ ոչ որոշումէն եւ ոչ ալ ծախելէն տեղեկութիւն ունէր. իսկոյն միջնորդը կը կանչէ եւ բարկութեամբ կը հարցնէ.

Այս ձին ո՞վ տուաւ քեզ ծախելու:

Նոյն միջոցին կ՚անցնի նաեւ ջորիի միջնորդը, որով երկուքը մէկէն կը պատասխանեն.

Ենթասպայ մը եւ տասնապետ մը:

Հազարապետն երբ կը հրամայէ որ ձին եւ ջորին իրեն սպասաւորին յանձնեն, որպէս զի զօրանոց տանի. ենթասպան եւ տասնապետն իսկոյն միջնորդներուն կը մօտենան եւ կը սպառնան ծախել, եւ ո՛չ թէ զինուորին յանձնել:

Արդէն շուկան բազմութեամբ լեցուած կ՚ըլլայ, իսկ երբ ծախելու եւ չծախելու ազմուկը կը բարձրանայ, բազմութիւնը կը խտանայ ձիին եւ ջորիին շուրջը:

Ենթասպան եւ տասնապետը միաձայն կը պատասխանեն հազարապետին.

Այո՛, մենք տուինք ծախելու. որպէս զի արժէքն առնենք եւ մեր ամսականներուն սեպենք. մենք արտօնութեան պէտք չունէինք. քանի որ դուք ամէն ամիս ձեր ամսականները կ՚առնէք եւ մենք ամիսներէ ի վեր ամսական առած չունինք եւ անկուտի ենք, ուրիշ կերպ կարելի չէր ընել:

Հազարապտն եւ հաւաքուած սպաներն իսկոյն կը հասկնան թէ եղածը կանխամտածուած գործ մը է: Վերջապէս ձին եւ ջորին զօրանոց կը վերադարձուի եւ ենթասպային ու տասնապետին ու իրենց համախոհներուն գոհացում կը տրուի քանի մը ամսական վճարուելով:

Իմացուեցաւ թէ մանրավաճառութեամբ զբաղող երկու եղբայրները՝ Պ. Գ. Թ. զէնք կը դնէին զօրքերէն: Կազմակերպութիւնը բնականաբար իրենց գործին արգելք չէր կրնար ըլլալ, քանի որ Հայ էին, իսկ երբ փորձով ստուգուեցաւ որ գնած հրացաննին եւ փամփուշտնին Պարսիկներուն եւ Քիւրտերուն կը ծախէին, Կազմակերպութիւնն իր մէկ ժողովին մէջ կ՚որոշէ, նկատելով որ Պ. Գ. ի ծախած զէնքերն ապագային կրնան Հայոց դէմ գործածուիլ, համաձայնիլ իրենց հետ եւ իրենց գնախ զէնքերը Կազմակերպութեան հաշւոյն գնել կամ միայն Հայոց ծախել, հակառակ պարագային %50 իրենց շահ տալով:

Պ. Գ. կը դժկամակի ընդունիլ իրենց եղած առաջարկը, անշուշտ նկատելով որ Հայերուն կամ կազմակերպութեան ծախածնին՝ Պարսիկներուն եւ Քիւրտերուն շատ աւելի բարձր գինով կը ծախեն արդէն:

Պ. Գ. գիտէին որ Սեւ Խաչ անունով կազմակերպութիւն մը կայ քաղաքին մէջ, բայց գլխաւոր անդամներն եւ վարիչներն իրենց ծանօթ չէր, իրենց վարիչ կարծած անդամն իրենց կը պատասխանէր թէ՝ ինքը շատ պարզ մէկ անդամն է եւ գաղտնիքին բոլորովին անտեղեակ, մինչդեռ Գ. ին պատասխանողը վարիչ մարմնոյ անդամ էր եւ իրենք սխալած չէին, բայց իրենք չէին կարող բան մ՚ընել՝ վստահ ըլլալով թէ Կազմակերպութիւնը կարող է եւ կրնայ ամէն ինչ ընել առանց փոքր հետք մը իսկ ձգելու:

Կազմակերպութիւնն երբ կը տեսնէ որ իր ընկերներուն բանակցութիւնները ո եւ է արդիւնք մը չտուի, եւ Պ. Գ. կը յամառէին միշտ կ՚որոշէ դարանակալութեամբ լաւ մը ծեծել տալ Պ. Գ. ը եւ եղբայրը եւ իրենց հասկցնել թէ Պարսիկներուն եւ Քիւրտերուն զէնք ծախելնուն պատճառաւ է:

Հրացաններն որ առ հասարակ գիշերները կը փոխադրէին, Կազմակերպութիւնը շատ հեշտութեամբ կ՚իմանար թէ ո՛ր գիշերը պիտի փոխադրեն. իսկոյն ճիշդ վայրկեանին հրացաններն եւ փամփուշտները ձեռքերնուն կ՚առնէին եւ լաւ մը ծեծելէ վերջ օձիքնին թող կուտային:

Գիշեր մը երեք դիմակաւորներ կ՚ըսպասեն Պ. Գի եւ եղբօր ճամբան, լաւ մը կը ծեծեն եւ ժամացոյցն կ՚առնեն. յանկարծ յարձակողներէն միոյն դիմակը վար կ՚իյնայ եւ Պ Գ. կը ճանչնայ զիրենք ծեղողներէն մէկուն ո՛վ ըլլալը: Իրենք որ կասկածով գիտէին անոր Սեւ խաչի անդամ ըլլալը. այն ատեն որոշ կ՚երպով կը տեսնեն, չէ որ այդ բանը իրենց շատ սուղի պիտի նստէր եւ օձիքնին չպիտի կարենային ազատել:

Ժամացոյցն երկու օր վերջ իրենց վերադարձուեցաւ հասկցնելու համար թէ առնողները աւազակներ չեն:

Կազմակերպութիւնը Պ. Գ. ը եւ եղբայրը այդ գործէն ձեռնթափ ընել տալու եւ իրենց հրացաններն անկէց վերջ միշտ Հայերուն տալու համար հինգ օր պայմանաժամ կուտայ, որոշ կերպով իրենց հասկցնելով թէ հակառակ պարագային կազմակերպութիւնը պիտի դիմէ ամենածայրայեղ միջոցին:

Հինգ օրը կը լրանայ. քանի որ Պ. Գ. եղբայրը, հայրն ու մայրը գիտակ էին բոլոր անցուդարձերուն, եւ քանի որ տրուած որոշումը Սեւ խաչ ստորագրութեամբ իրենց ղրկուած էր, կազմակերպութիւնն այլ եւս ինքզինքն ազատ կ՚զգայ իր որոշումը գործադրելու:

Գիշերուան ժամը 3ին Պ. Գ. ի տան դիմաց գտնուող դրացի Կ. Մ. ը կը տեսնէ որ Պ. Գ. ենց փողոցին դուռը կ՚այրի. եթէ օգնութեան չհասնին՝ քանի ը վայրկեան վերջը ամբողջ տունը պիտի այրի:

Կ. Մ այգիին կողմէն իրենց լուր տալ կը փութայ, եւ անոնք հանգիստ կը քնանան եղեր: Դրացիներու հասած օգնութեամբ կարելի կ՚ըլլայ հրդեհը մարել. Վանայ հրդեհները շուտով չեն ծաւալիր, քանի որ պատեր հողէ աղիւսներէ շինուած են:

Պ. Գի աչքին կը զարնէ գետնէն երեք չորս մէդր բարձրութեամբ պատին վրայ փակցուած մեծկակ թուղթ մը, որուն վրայ խոշոր տառերով գրուած էր.

Պարսիկներուն եւ Քիւրտերուն՝ կառավարական զէնքեր ծախողի մը վախճանն ու պատիժն այս ըլլալ որոշեց:

ՍԵՒ ԽԱՉԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ

Պ. Գ. իսկոյն սանդուխ մը բերել կուտայ եւ պատին վրայ գամուած թուղթը վար առնելով, բզիկ բզիկ կ՚ընէ. իրեն բնաւ նպաստաւոր չէր որ ուրիշները կարդային եւ իմանային այդ տեսակ թուղթի մը եւ յայտարարութեան պարունակութիւնը:

Պ. Գ. չէր կարող կառավարութեան դիմել, եւ նոյն իսկ կառավարութեան կողմէն իրենց եղած հարցման կը պատասխանեն թէ չեն գիտեր որո՛նք են հրդեհին հեղինակները եւ ո եւ իցէ մէկէ մը կասկած չունին: Իսկ բուն իրողութիւնն այն էր թէ Պ. Գ. լաւ գիտէր թէ որո՞նց կողմէ պատրաստուած եւ ծրագրուած էր, բայց ստիպեալ կը լռէր եւ մի անգամ ընդմիշտ այլ եւս վերջ կուտար զինավաճառութեան գործին:

Վանայ խաղախորդարանին կողմը փոքրիկ մթերանոց մը կար. որուն հսկողութիւնն յանձնուած էր Տիգրանակերտցի ենթասպայ Մէհմէհտին: Պաշ Չավուշ Մէհմէտ տրամադրութեան ներքեւ դրուած էին3 զինուորները: Պաշ Չավուշը վաղուց սկսած էր արդէն զինավաճառութեան. որմէ տեղեակ էին իր երեք զինուոր ընկերները: Պաշ Չավուշն իրեն յանձնուած ապրանքներուն գրեթէ կէսէն աւելին ծախած էր: Նկատելով որ օր մը անպատճառ գաղտնիքն երեւան պիտի ելլէ, երկու օր առաջ իր երեք ընկերներուն խորհուրդ կուտայ իրենց ունեցած դրամով փախչիլ ու երթալ. ընկերնիրը կը համակերպին անշուշտ իրենց բաժին ինկած ստակները Պաշ Չավուշէն առնելով:

Պաշ Չավուշը որսորդի հագուստով կը ծպտի, Կովկաս անցնելու եւ քովն ունեցած150 ոսկիի չափ դրամով գործ մ՚ընելու, քանի որ անպատճառ օր մը գործն երեւան պիտի ելլէր եւինքը ծանր դատապարտութեամբ պիտի պատժուէր:

Պաշ Չավուշը դեռ սահմանագլուխէն չանցած կը ձերբակալուի: Իրեն եղած հարցումներուն միշտ կը պատասխանէ եղեր. «Պարսիկներու, Թուրքերու եւ Քիւրտերու ծախած եմ հրացանները , Հայերու հետ բնաւ գործ ունեցած չեմ»։

Երկու ամսուան անլուր չարչարանոց կը տոկայ: բուռն խոշտանգումներու միջոցին թալկացած էր, մանաւանդ օրերով զինք անօթի ծարաւ թողուցած էին, խոստովանցնել տալու համար: Անկարելի կ՚ըլլայ իր բերնէն տարբեր խոստովանութիւն մը առնել մինչեւ որ գաւազաններու եւ մտրակներու ներքեւ կը մեռնի: