Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Ես արդէն խանութիս պատճառաւ ամսական 30 ղրուշ տալով ամէն օր առաւօտէն մինչեւ երեկոյ բանտին բակին մէջ կը պտտէի իսկ ներսը գտնուող բանտարկեալներուն վիճակն անտանելի էր, եւ պէտք չէր անոնք այդ վիճակին մէջ թողուլ։ Վաղուց ի վեր կը խորհէի եւ որոշած էի բանտին մէջ յեղափոխութիւն մը յառաջ բերել, որպէս զի գո՛նէ ամէն մէկ բանտարկեալ օրական երեք ժամ դուրս ելլէր օդ առնելու, մաքուր հաց տրուէր իրենց, եւ ոտքերնին շղթայ դնելու սովորութիւնը վերնար եւ այլն։

Սկսայ ծրագիրս յաջողցնելու համար բանտին մէջ ինծի պէտք եղած բանտարկեալները ձեռք բերել. արդէն ո՞վ եւ ո՞ր բանտարկեալը պիտի մերժէր առաջարկս, չէ՞ որ ամենքն ալ այդ յեղափոխութեան պիտի փափաքէին, բայց խնդիրը հոն էր որ, ես պէտք չէր որ նախաձեռնարկ ըլլայի որոշ կերպով, որովհետեւ չյաջողելու պարագային վիճակս սոսկալի պիտի ըլլար. խանութս գոցելով զիս սենեակէս դուրս չպիտի հանէին եւ սոսկալի չարչարանաց պիտի ենթարկէին։ Նախ պէտք էր մտքեր շօշափէի թէ գոնէ երկու օր կրնայի՞ն անօթի մնալ, որովհետեւ առտուները հաց չառնելը կը նշանակէր բանտարկեալներուն ըմբոստ եւ դժգոհ ըլլալը։

Արդէն Արմենակ, Նշան, Մինաս եւ միւս Հայերն համամիտ պիտի գտնուէին. ինչպէս տեղացիներէն ընկերս Սէլիմն եւ քանի մը քրիստոնեայ Արաբներ կը մնար Առնաւուտներէն, Յոյներէն եւ Թուրքերէն մէկ քանի հոգի ձեռք առնել։ Անմիջապէս գործի սկսայ եւ մտքերը շօշափեցի ու նկատի ունեցածս բանտարկեալներն շատ սիրով եւ ուրախութեամբ հաւանեցան։ Ուզեցի Մարիմեանի եւ Գըլըճճեանի կարծիքն առնել, անոնք ալ ինձ նման կը խորհէին, պէտք չէր իմ նախաձեռնարկ ըլլալս երեւան ելլէր։

Տրիպոլսեցի Մէհմէտ լաւ աղերսագիր կը գրէր։ Պէրութ եւ Պոլիս ղրկելիք աղերսագիրներ գրել տուի, առ այժմ մեր մատնանշած երեք կէտերը ձեռք բերելու համար, անշուշտ շատ խիստ եւ կծու լեզուով մը նկարագրելով այն զեղծումներն որոնք տեղի կ’ունենային Եահեա պէյի եւ ոստիկաններու միջոցաւ։

Աղերսագիրներն այնչափ արդիւնք ունեցած էին որ շատ խիստ յանդիմանութիւններ եղած էին Եահեա պէյին, բայց ոչ մեր պահանջները կը գործադրուէին եւ ոչ ալ Եահեա պէյ պաշտօնանկ կ’ըլլար։ Մենք արդէն աղերսագիրներ ղրկելը նշան մը պիտի սեպէինք մեր Յեղափոխութեան եւ ըմբոստութեան։ Քանի որ գիտէին թէ միայն Մէհմէտն էր որ կրնար այդ տեսակ աղերսագիր պատրաստել, կ’ուզէին գիտնալ թէ իրօք ա՞յն է՝ թէ ուրիշ մը. արդէն հակառակ պարագային համաձայնող բանտարկեալները չպիտի ուրանային։

Գիշերները ամէն մէկ սենեակին մէջ չորս ոստիկան-զինուորներ կը պառկէին փոխն ի փոխ հսկելու համար բանտարկեալներուն վրայ որպէս զի պատերը ծակելով չփախչէին։ Մենք պատրաստ էինք եւ կ’սպասէինք առիթին։

Եահեա պէյ իր խորամանկութեամբ ուզած էր պատրուակով մը Մէհմէտը դուրս հանել սենեակէն եւ ուրիշ բերդի մը բանտը ղրկել, եւ իր կարծիքով բանտարկեալներուս ահ ու սարսափ ազդել, ենթադրելով միանգամայն թէ այդպէսով իր վրէժն լուծած կ’ըլլար։

Երեկոյեան ժամը 11½ին բակը գտնուող ամէն բանտարկեալ պէտք էր իր սենեակը մտնէր։ Ժամը 12ին միջոցները ոստիկան մը եկաւ դուռը բացաւ եւ Մէհմէտը կանչեց, իբր թէ բանտին տնօրէն յիսնապետ Ալի էֆ[էնտի] թրքերէն լեզուով բան մը գրել պիտի տար։

Մէհմէտի դուրս ելնելէն հինգ վայրկեան ետքը սոսկալի ճիչեր ու վայնասուններ լսուեցան. ոստիկանները Մէհմէտը կը ծեծէին։ Մենք այդ վայրենիներուն անգթութեանը ծանօթ էինք. իսկոյն դադրեցնել տուի սենեակներէն մեր ընկեր Մէհմէտի համար եղած բացագանչութեան բողոքները։ Ժամը մէկին ամբողջ պահապանները ներս մտած էին գիշերուան հսկողութեան համար։

Յեղափոխութիւնը սկսել որոշեցինք երբ իմացանք որ Մէհմէտը նուաղած ու արիւնլուայ վիճակի մէջ է. այդ գիշերն իսկ Սուրիական Տրապոլսոյ բերդը պիտի ղրկէին։ Երկու սենեակին մէջ գտնուած ոստիկանները մեր ձեռքը պատանդ ունենալնուս համար էր որ չուզեցի Մէհմէտի պատճառաւ պոռան կանչեն։ Ոստիկաններուն ըսուեցաւ, եթէ Մէհմէտը իր սենեակը չվերադառնայ եւ իր խոշտանգուելուն համար ներողութիւն չխնդրուի, ձեզի մինչեւ առաւօտ կրնանք պահել, անկէ վերջ ձեզ պիտի սպաննենք եւ դիակնիդ ձեր յիսնապետին պիտի յանձնենք։ Ոստիկանները երբ տեսան այդ սպառնալիքներն այնպիսի բանտարկեալներէ կուգան որոնք մահուան եւ ցկեանս դատապարտուած են, եւ գիտէին որ այդպիսիներու քով միշտ դաշոյն եւ դանակ կը գտնուի, իսկոյն կանչեցին դուրս գտնուած պահապան տասնապետն եւ եղելութիւնը յայտնեցին։ Յիսնապէտը լուր ղրկած եւ ապահովցուցած էր ըսելով.

«Մենք գիտենք թէ այդ սպառնալիքներն որոնց դրդումով յառաջ կուգան. անոնք ալ Մէհմէտի բախտին պիտի արժանանան»։

Առաւօտ էր. տասնապետը եկած էր ներս գտնուած ոստիկանները դուրս հանելու։ Տասնապետին ըսուեցաւ.

Եթէ Մէհմէտ չգայ, ութը ոստիկաններուն դիակները պիտի տանք ձեզի, գացէք այսպէս բարեւեցէք ձեր յիսնապետին եւ հազարապետին։

Յիսնապետը գոռոզ եւ խրոխտ ձեւով մը չորս հրացանակիր ոստիկաններով դուռին առջեւ եկաւ եւ տասնապետին հրամայեց որ դուռը բանայ, անշուշտ կարծելով որ բանտարկեալները տեղի պիտի տան իսկոյն։

Հայհոյանքի եւ նախատանաց տարափ մ’էր որ սկսաւ. ընկերս Սէլիմը կարգ մը հայհոյանքներէն վերջ, յիսնապետին առաջարկեց որ հեռանայ եւ Մէհմէտը բերէ մեզի յանձնէ եւ պատճառ չըլլայ ութ ոստիկաններու մահուան։ Յիսնապետը հեգնական ձեւով մը ըսաւ.

Մեհմէտ էֆ[էնտի] եկուր ներս մտիր, Սէլիմ պէյի հրամանն է որ կը գործադրեմ։

Սէլիմը իր նկատմամբ եղած այս հեգնանքը շատ ծանր գտաւ, իսկոյն քովը գտնուած կրակով լեցուն կրակամանը առնել ու յիսնապետին վրան նետել վայրկենի մը գործ եղաւ, այնպէս որ կրակները եւ մոխիրները դուռնէն դուրս թափուելով յիսնապետին վրան գլուխը փոշիներու եւ կրակներու մէջ մնաց։ Եւ նախատական քանի մը բառերէն վերջ յիսնապետին ըսաւ.

Գնա՛ հիմա այդ վրագլուխդ թող մաքրէ քու… հազարապետը ու շուտով թող ղրկէ Մէհմէտը, եթէ ոչ իսկոյն կը մորթենք ներս գտնուած ոստիկանները։

Սուինաւոր ոստիկանները սկսան յիսնապետին հագուստներուն վրայի մէկ երկու կրակը մարել եւ փոշիները մաքրել ու մեկնեցան։

Բանտարկեալներուն հացերը եկան. մերժեցինք. ահա ըմբոստութեան նշան էր որ տրուեցաւ։ Ութը ոստիկանները ներսը սենեակներուն մէջ տեսնելով սուրերով եղած սպառնալիքները, ներսէն կը պօռային որ իրենց օգնութեան հասնէին եւ մէկ երկուքը լալով բանտարկելոց կ’աղաչէին որ իրենց կեանքնին խնայուի։ Հազարապետը թերեւս դիտմամբ երեկոյին Գայֆա գացած էր իբր թէ գործով մը։ Կառավարիչին եւ ընդհ. դատախազի օգնականին լուր տրուած էր, որոնք հրաման ըրած էին փող հնչեցնել եւ դրօշակ պարզել լիմանին վրայ. եւ երեք օր հաց չտալ բանտարկելոց։ Հրամանատարը շատ գթասիրտ մէկն էր եւ դէպի բանտարկեալները այն համոզումն ունէր թէ հաւանական է որ անոնց մէջ գտնուին անմեղներն ալ որ դատապարտուած են. հրամանատարին դէպի բանտարկեալներս լաւ տրամադրութիւն ունենալը գիտէինք։

Ամենէն առաջ ինքն էր որ դրան առջեւ եկաւ եւ աճապարանօք ուզեց խնդիրն հասկնալ։ Անկողինս ճիշդ դրան դիմացն էր եւ ուրիշ առթիւ քանի մը անգամներ տեսնուած էինք։ Հրամանատարը ինձ կանչեց, որպէս զի եղածը պատմեմ։ Բանտի դուռներն այնչափ իրարու մօտ են որ, խօսուածները շատ որոշ կերպով կը լսուին։ Աղերսագրէն սկսեալ իրողութիւնը պարզեցի։ Երբ հրամանատարն ուզեց բանտարկեալներուն պահանջն հասկնալ. ըսի.

Որոշ կերպով չեմ գիտեր, բայց լսածս եւ տեսածս տրամադրութիւննին եւ պահանջքնին հետեւեալն է. Եթէ իրենց գոհացում չտրուի. ներսը գտնուած ութն ոստիկանները պիտի սպաննեն (ոստիկանները լալահառաչ՝ այո՛, այո՛, ճիշտ է), իրենց պահանջն է Մէհմէտը իրենց քով վերադարձնել եւ իրմէ ներողութիւն խնդպել։ Հաց չպիտի առնեն եղեր, մինչեւ որ չարտօնուի որ ամէն օր դուրս ելլեն 3-4 ժամ օդ առնեն, իրենց տրուելիք հացը թէ՛ մաքուր եւ թէ եփուն եւ կշիռը ճիշտ 300 տրամ ըլլայ, ոտքերնին ունեցած շղթաները բոլորովին վերցուին կամ շատ թեթեւ բան մը դրուի։ (Այս խօսակցութեան միջոցին արդէն եկած էին կառավարիչը, ընդհ. դատախազը, եւն. Ահա ես այսչափ կրցած եմ գիտնալ եւ հասկնալ ըսի։

Հրամանատարը դարձաւ եւ բանտարկեալներուն ըսաւ.

Ճի՞շդ են Յարութիւն էֆ[էնտի]ի ըսածները։

«Այո՛, այո՛ ճիշդ այդ կը պահանջենք»։

Մինչեւ երբ պիտի կրնան անօթի մնալ ասոնք, ատիկա չե՞ն խորհիր, ըսաւ հրամանատարը։

Կ’ըսեն թէ այլեւս անտանելի է այս վիճակը, թող անօթի մեռնինք ու ազատինք։

Չեն կարծեր որ իրենց պահանջները չպիտի գործադրուին, հապա ի՞նչ պիտի ընեն։

Կ’ըսեն թէ մինչեւ վերջը պիտի դիմադրեն, բայց ներսի ութը ոստիկանները սպաննելէն վերջ իրենք այլ կ’սպաննուին, ատիկա իրենց փոյթը չէ, ըսի։

  Ամբողջն ալ ա՞յդ գաղափարին կը ծառայեն։

Չեմ կարծեր, բայց կարծեմ մեծամասնութիւնը համամիտ է։

«Այո՛, այո՛, պոռացին երեք սենեակներէն, այլեւս անտանելի է այս կեանքը»։

Հրամանատարը դէպ ի կառավարիչը եւ ընդհնանուր դատախազը դառնալով «երթանք» ըսաւ, ու գացին։

Ես մերիններուն (Հայերու) միջոցաւ միւս սենեակը հասկցնել տուի թէ նորէն պիտի գան եւ չեն կարող զօրքը եւ դուրսի ժողովուրդը այս վիճակին մէջ պահել. անշուշտ նորէն հրամանատարը պիտի գայ եւ ես իրենց կողմէ պէտք եղածը կ’ըսեմ։

Հրամանատարը մեկնելէն վերջ կը խօսէինք եւ մեր գաղափարակիցները ըսին որ լաւ պարզած եմ խնդիրը, եւ կը սկսէին իրարմէ խոստումներ ու պէսաներ առնել մինչեւ վերջը դիմադրելու, իսկ հակառակ պարագային դասալիքները մահուամբ պիտի պատժուէին։

Ոստիկաններէն մէկը վերջէն մեզի պատմեց եղածները։ Հրամանատարը կ’առաջարկէ բանտարկեալները չպատժել. քանի որ ըմբոստութիւնը ընդհանուր է, կրնայ գէշ հետեւանք յառաջ բերել։ Պէտք է բանտին տնօրէնը փոխել։ Խուզարկութեան պէտք չկայ. թերեւս այդ խուզարկութիւնը անախորժ դէպքեր յառաջ բերէ, քանի որ ամբողջ բանտարկեալները համաձայն են. պէտք էիրենց պահանջները գոհացնել, երբ խնդիրը այս աստիճան ծայրայեղութեան հասած է։

Հրամանատարն եկաւ եւ խօսքն ամբողջ բանտարկելոց ուղղելով ըսաւ.

Ձեռ ըրածն այնչափ վայելուչ բան մը չէ, որով յանցաւոր էք. ինչպէս կ’երեւի սիրտերնիդ նեղացած է։ Ես միջամտեցի որ ըրածնիդ ներուի ձեզ եւ գթալով ձեր վրայ, խնդրեցի որ ձեր վիճակն քիչ մը բարելաւեն. արդէն իրենք մտադիր են եղեր ընելու, բայց դուք աճապարած էք. ուստի ասկէ վերջ պէտք է հանդարտ նստիք եւ թագաւորին կենաց համար աղօթէք. եթէ անգամ մ’ալ այսպէս բան մը ընէք, ես այլեւս չեմ խառնուիր եւ ամենքդ ալ զօրքերուս սուիններուն առաջ կուտամ։

Երեք սենեակէն ալ սկսան պօռալ.

«Մենք վստահութիւն չունինք անոնց վրայ. եթէ դուք կը խոստանաք, կ’ընդունինք, եթէ ոչ, անոնք մեզի խաբելով պիտի պատժեն, ուրեմն աւելի լաւ է որ այժմէն մեռնինք»։

Դուք անհոգ եղիք, ես ձեզի պատուոյ խօսք կուտամ, եւ պատւոյս վրայ կ’երդնում որ պիտի գործադրուի, ինչպէս նաեւ հակառակ պարագային ալ ձեզ պատժելու, ի՞նչ կ’կսէք։

Նորէն երեք սենեակէն ձայներ. - «Քանի որ ձեր պատուոյն վրայ կ’երդնուք, կ’ընդունինք, որ վստահ եղէք որ ձեզ չպիտի ամչցնենք, այդ մասին անհոգ եղէք»։

Հրամանատարը հրաման տուաւ որ փող հնչեցնեն, որ զօրքն իր տեղը ցրուի։ Սենեակները բանալ տալով, ութն ոստիկանները դուրս հանել տուաւ. հաց բերել տալով դուրս ելլող ամէն մէկ բանտարկեալին հաց բաշխել տուաւ։

Յեղափոխութիւնն իր արդիւնքն ունեցած էր։ Տնօրէնը փոխուած էր։ Նոր Տնօրէն հարիւրապետ Սէլիմ աղա բոլոր պահանջները գործադրել տալով այլեւս սովորութիւն դարձած էր. միայն Մէհմէտի խնդիրը տարբեր կերպով գործադրուեցաւ։

Մէհմէտ հետեւեալը կը գրէր մեզ. «Շատ ուրախ եմ որ ծրագիրը նոյնութեամբ գործադրուեցաւ. ձեր ձեռք բերած յաջողութեան համար խնդակցութիւնս կը յայտնեմ։ Շնորհակալ եմ որ ձեր ընկերական պարտքը կատարելով զիս կրկին Աքեա կը կանչէք. ներողութիւն, պիտի մերժեմ. հոս աւելի հանգիս եմ. եթէ փափաքիմ գալու, կը գրեմ ձեզ։ Կարօտով բարեւներ»։

Աքեա աքսորուած էր իբր ըմբոստ զինուորական բժիշկ գեր-հազարապետ Սարգիս էֆ[էնտի] Պէրպէրեան։ Գըլըճեան, Մարիմեան ու Տօնապետեան շատ գովեստով կը խօսէին իր մասին։ Ի հարկէ ես շատ պիտի փափաքէի Սարգիս էֆ[էնտի]ին հետ տեսնուիլ եւ թերեւս ինքն ալ ինծի հետ տեսնուելու փափաքէր. բայց Սարգիս էֆ[էնտի] շատ զգոյշ վարուեցաւ սկիզբէն եւ իրաւունք ալ ունէր. որովհետեւ ինծի հետ սկիզբէն տեսնուիլը կրնար կասկածի տեղի տալ։ Բայց քանի որ երկուստեք փափաք մը կար, հետզհետէ ես իմ փափաքիս կը հասնէի Սարգիս էֆ[էնտի]ի հետ տեսնուելու։

Հիւանդութեանս պատրուակաւ տեսնուիլ սկսած էինք. երբեմն իբր բժիշկ զիս կը նայէր եւ այդ պատճառաւ կը տեսնուէինք ու դեղագիրներ կուտար։ Երբեմն ծանօթ զբօսաշրջիկներ բանտը ցոյց տալու պատրուակաւ բանտ կը բերէր եւ ինծի հետ տեսնուիլ կուտար։ Հիւանդութեանս մասին իր վերջի խօսքն եղաւ։ Տուած դեղերս օգուտ մը չպիտի ընեն քանի դեռ այս բանտին մէջ ես. զուր տեղ դրամ մի վատներ, բանտէն ազատուելէդ երկու երեք ամիս վերջ բոլորովին կ’առողջանաս։