Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ

1) 1933-1988, մեր օրաթերթերու թիւին մէջ մեծ խախտում չկայ։

Թիւը տարուբերած է 13-16ի միջեւ։ Այսօր ունինք 15 օրաթերթ։

Երկօրեաներն ու եռօրեաները կա՛մ դարձած են շաբաթաթերթ, կա՛մ դադրած են։

Օրաթերթերը, եթէ զանց ընենք Պոլսոյ երկու թերթերը, մեր քաղաքական կուսակցութեանց պաշտօնաթերթերն են։ 13 օրաթերթէն 8-9 Հ. Յ. Դաշնակցութեան օրկաններն են (Փարիզի Յառաջը այս թիւին մէջ է, թէեւ այսօր անհատական հրատարակութեան վերածուած)։ 3-ը՝ ՌԱԿի պաշտօնաթերթ, 1-ը՝ Ս. Դ. Հ. Կ. ի։

Պոլիս, Եգիպտոս եւ Պարսկաստան արտագաղթի մեծ աղէտի ենթարկուեցան, սակայն կը պահեն տասնամեակներէ ի վեր իրենց օրաթերթերը։

Իսկ ամէնէն զարմանալին Հիւսիսային Ամերիկայի պարագան է։

Ունի 209 հրատարակութիւն, որոնցմէ միայն երկուքը օրաթերթ են Հայրենիք եւ Ասպարէզ։

2) Տարեգիրքը թուական աճում արձանագրած է 32։ Թող մեզ չխաբէ։ Ասոնց մեծ մասը դպրոցական պատկերազարդ հրատարակութիւն է։ Գրական-գեղարուեստական գրութիւններ չկան անոնց մէջ։ Այսօր Սփիւռքը չունի ժողովրդական տարեգիրքեր՝ Թէոդիկի եւ Կարօ Գէորգեանի հրատարակութիւններուն նման։

3) Վերջին քառորդ դարուն, Սփիւռքի նոր տեղաշարժին (գաղթ) պատճառով, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Պարսկաստանէն եւ Լիբանանէն դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա, այս վերջին վայրերուն մէջ մեր մամուլը թուական աճ արձանագրեց։

Միացեալ Նահանգներուն մէջ չկայ եկեղեցի մը, որ իր լրատուն, թերթիկը չունենայ։ Եթէ չունի, կը պատրաստուի նման հրատարակութիւն մը ունենալու համար։ Միացեալ Նահանգներու մէջ մամուլին երեք չորրորդը մեր երեք համայնքներուն կը պատկանի։

Մեր մամուլին աճը նշմարելի է նաեւ ընդանուր առմամբ մեր բոլոր գաղութներուն մէջ (բացի Թուրքիայէն)։ Պատճա՞ռ։ Յեղափոխականացման շունչը եւ իր արմատները որոնելու ճիգը, որոնք նշմարելի են մեր ներկայ երիտասարդութեան մէջ։ Մեր երեք քաղաքական կուսակցութեանց երիտասարդական միաւորները գրեթէ ամէն երկրի մէջ սկսած են լոյս ընծայել իրենց պաշտօնաթերթերը։

Այս աճին խթան կը հանդիսանան մեքենագրութեան եւ բազմագրութեան դիւրութիւնները։ Միացեալ Նահանգներու մեր մամուլին կէսէն աւելին մեքենագիր է։

4) Անհատական թերթերը մատի վրայ կը հաշուուին։ Հազիւ տասնեակ մը Պոլսոյ մեր զոյգ օրաթերթերը, Փարիզի Յառաջը, Լոս Անճելըսի մէջ քանի մը թերթեր։ Մեր մամուլին մեծագոյն տոկոսը կռթնած է մեր քաղաքական կուսակցութեանց եւ անոնց ուղեկից կազմակերպութեանց, մեր երեք համայնքներուն, կրթական, մարզական եւ մշակութային միութիւններուն վրայ։

Շատ հետաքրքրական եւ շահեկան պիտի ըլլար իւրաքանչիւր թերթի քով նշել իր քաղաքն ու զայն հրատարակող հաստատութիւնը կամ միութիւնը։ Այդ փորձը կատարած ենք Միացեալ Նահանգներու պարագային, նախ՝ երկրին ընդարձակութեան, երկրորդ՝ նոյնանուն հրատարակութիւններու գոյութեան պատճառով։

Շահեկան պիտի ըլլար նաեւ վիճակագրութիւն մը պատրաստել ըստ հրատարակութեանց հաստատութեանց եւ բովանդակութեան։

Այդ աշխատանքը այլ առիթով։