Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ԵՐԿՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ

Ծնունդ դաշնակցական միջավայրի. առանց պաշտօնական կապի: Վանի Կ, Կոմիտէն անտեղեակ է անոր ծննդոցին: Նոյնիսկ Կոմս խմբագրողները փաղաքշականօրէն «անառակ ըմբոստներ» կ՚որակէ։ [1] Դաշնակցական աւելի տարեց տեղացի համեստ երիտասարդ մտաւորականներ. մեծ մասամբ ծխական կամ թեմական դպրոցի ուսուցիչներ. հակադրուելով Նոր սերունդին. լոյս պիտի ընծայեն Հայեացք խմորատիպ երկշաբաթաթերթը:

Հետեւինք թերթին հրապարակման. անոր յարուցած հետաքրքրութեան եւ հակազդեցութեան:

Բագարատ անունով աշխատակից մը. որ ըստ երեւոյթին վանեցի է. գտնուած կամ ապրած է Վան՝ թերթին հրապարակման շրջանին՝ 1906-1908 (թերեւս նաեւ իր աշխատակցութեան շրջանին). Պոլսոյ Ազդակ շաբաթաթերթին յաջորդական չորս թիւերուն մէջ , 29-33) ստորագրած է «Նոր սերնդական շարժումը Վասպուրականի մէջ» խորագիրով յօդուածաշարք մը. ուր բաւական լայնօրէն եւ որոշ մանրամասնութեամբ կու տայ շարժման ընթացքը: Այս բաժինին մէջ ան կը կազմէ մեր հիմնական աղբիւրը:

Բագարատ կը գրէ. «Նոյեմբերի կիսուն խումբ մը կեդրոնականցիներու կողմէն կը սկսի հրատարակուիլ Նոր սերունդ խմորատիպ երկշաբաթաթերթը, նուիրուած զուտ ուսանողական շահերուն։ Բացի մի քանի կեդրոնականցիէ, ոչ մէկը տեղեկութիւնը ունէր թերթի հրատարակութեան եւ խմբագրական կազմին մասին. եղան շատեր էլ որ կարծեցին, թէ արմենականներու կողմէն դաւ մըն էր, ուսանողները սիրաշահելու համար։ Սակայն վերջէն թիւրիմացութիւնը կը պարզուի եւ թիւ 3-էն սկսեալ խմբագրութիւնը կարեւոր յաւելում կ՚ունենայ եւ կը դառնայ իսկական արտայայտիչ ուսանողական ամէն տեսակ մտքերու։

«Ուսանողներ դեռ այն ատեն շատ լաւ էին տրամադրուած դէպի ուսուցչութիւնը եւ միամտաբար կը կարծէին թէ դպրոցների այժմեայ անկերպարան վիճակը արդիւնք է ուսուցչա-աշակերտական անսերտ, ոչ-մտերիմ յարաբերութեանց, եւ իբր ապացոյց, իրենց թերթէն մէկմէկ օրինակ կը ղրկէին բոլոր դպրոցներու ուսուցչութեանց եւ խնամակալութեանց, մտածելով որ՝ անոնք հոն մատնանշուած սխալները կը փութան ուղղել։ Իսկ այդ ինչ արդիւնք ունեցաւ, վերջէն կը տեսնենք։

«Ուսանողները թէեւ գրեթէ միատեսակ կը մտածէին, սակայն դեռ իրար հետ շփման մտած չէին եւ Ուս. Միութեան գաղափարը, որ կ՚արծարծուէր Նոր սերունդի մէջ, դեռ ցնորք կը համարուէր։

«Գալով թերթին, սա ո՛չ մի նիւթական միջոց չունէր, եւ իր ամբողջ յոյսը դրած էր բարեսիրտ ընթերցողներու նուիրատուութեանց վրայ, որ եւ իր միակ աղբիւրն էր. քանի որ բաժանորդագրութիւն էլ չկար, թերթը կը տարածուէր նուէրի ձեւով։ Սակայն այս Ա. շրջանին ուսանողական լումաները ցոյց տուին որ նա շատ սրտցաւ բարեկամներ ունի։

«Ն. Ս. ի առաջին երկու թիւերը ո՛չ մի ուշագրաւ բան չունին. այլ միայն աշակերտական շարադրութիւններ են եւ գրեթէ ամբողջութեամբ կոչեր, որոնք երթալով կը սկսին նուազիլ յաջորդ թիւերու մէջ։

«Թիւ 3-ից մենք Նոր սերունդը բոլորովին փոփոխուած կը գտնենք, շնորհիւ իր խմբագրական մարմնի վերակազմութեան։ Այդ թիւին մէջն իսկ մենք կը հանդիպինք երգիծական յօդուածաշարքի մը   «Ֆէլիէտօն»   ընդհանուր վերնագրի   տակ, ստորագրուած «Կռուան Կոտոշ»ի կողմէն, որ իբր թէ ծնած էր Ուրանոսի մէջ եւ այդ պատճառով էլ ամէն ինչ ուրացած էր եւլն»։ [2]

Կռուան Կոտոշ կը ծաղրէր Կեդրոնականի ուսուցչական կազմը։

Խանդավառութիւն կը տիրէ Հ. Երամեանի դպրոցին մէջ։ Ուսուցչական կազմը ուրախ է, որ իր մրցակից դպրոցը երգիծանքի եւ քննադատութեան ենթարկուած է ասպարէզի նախանձ։ Սակայն, պաղ ջուր կը թափի իրենց գլխուն, երբ Նոր սերունդի յաջորդ՝թիւ չորսին մէջ կը ներկայացուի «Երամեանի ուսուցչական ժողովը. ամբողջութեամբ թուելով ամէն բարեմասնութիւնները»։ [3]

Հ. Երամեան. պահպանողական մարդ. 30 տարուան կրթական մշակ (փոքր տարիքէն կուրացած) եւ սերունդներու դաստիարակ. անպատուուած կը զգայ ինքզինք եւ կ՚անցնի հակայարձակողականի:

«Այո՛. Երամեանն էր որ հիմ դրաւ գրգռման եւ ամբաստանեց նոր սերնդականներին իբրեւ անաստուած եւ կնոջ համայնացումը պահանջող: Մինչ առաջին չորս թիւերուն մէջ ոչ մի խղճամիտ պրպտող չի հանդիպիր այդպիսի մութ ակնարկութեան, եթէ անձնականին անցնինք. նրանց մեծամասնութիւնը դեռ աւելի աստուածապաշտ էր քան ինք Երամեանը: Իսկ նրանց ըսածները դեռ նրա դասախօսածներէն էլ դէն չէին անցներ: Բայց զարմանալու պէտք չկայ. կարող է եւ չլինել, սակայն չէ՞ որ Երամեանը ստեղծագործող է եւ նա շատ լաւ գիտէ ամբոխի թոյլ երակներէն բռնել:

«Իր այս ձաղկող գրչով Կոտոշ կը դառնայ Նոր սերունդի սիւներից մէկը. եւ նա կը լինի գլխաւոր ազդակը նոր սերնդական յաղթանակներէն շատերուն: Բաւական է յիշել որ միայն Երամեանի դէմ գրած «Ֆէլիէտօն»ով նա պատճառ եղաւ նրա վայելած պաշտումի կէս առ կէս նուազման»։ [4]

Շարժումը արագ եղափոխութեան մէջ է: Երկու ամսուան ընթացքին. 1906 Նոյեմբերէն 1907 Յունուարի կէսը խարխափումէ. զտման եւ մաքրագործման շրջանէ մը կ՚անցնի: Այս շրջանին կը պատահին երկու դէպքեր, 1) դաշնակցական մտաւորական եւ ուսանողական որոշ հատուած. տարբեր մտածողութեան տէր. կը հիմնէ ուրիշ շաբաթաթերթ մը՝ Հայեացքը. 2) ծնողներու ընդվզումը շարժման դէմ: Այս շրջանին կազմակերպուած են մօտ հինգ դասախօսութիւններ. որոնցմէ մա՛նաւանդ «Քաղաքացիական ազատութիւնները» դասախօսութիւնը փոթորիկ կը յարուցանէ: Նոր սերնդականները կը պնդեն. թէ «մարդիկ հաճոյքից մղուած որդի կ՚ունենան եւ ոչ որդեսիրութիւնից, ուրեմն եւ որդիներ պարտաւոր չեն երախտագէտ լինելու»։ [5]

Պատանեկութեան եւ վաղ երիտասարդութեան սեմին գտնուող այս հոյլը (թիւով հազիւ 40 հոգի) գիրքերէն. մամուլէն. դասախօսութիւններէն եւ մթնոլորտին մէջ գտնուող գաղափարներէն տարուած. տարիքի բերումով՝ ազատութեան տենչէ մղուած. առանց բառերը ծամծմելու. մա՛նաւանդ իր ապրած եւ քարոզած միջավայրին ընկալչութեան չափը նկատի ունենալու. կը պարզէ իր տեսակէտները եւ կը ցանէ իր գաղափարական սերմերը մամուլով թէ խօսքով:

Հալածա՞նքը (երեմեանականներու թէ ծնողաց կողմէ) թէ բնական հոլովոյթը՝ շարժումին կու տայ յստակ դիմագիծ եւ զայն կը դարձնէ արմատական: Անտեսում մը. թերեւս շարժումը պահէր տեսական մարզի. մտային մարզանքի սահմանին մէջ: Ծանօթ իրողութիւն է, որ «Հալածանքը կը ստեղծէ տարածանք»:

Այդ արմատականացումին մէջ իրենց անուրանալի դերը ունին Վազգէն եւ Զաւէն:

Երկուքն ալ Երեւանի թեմական դպրոցէն արտաքսուած, իրենց յախուռն նկարագիրին պատճառով։ Կ՚որոշեն անցնիլ Երկիր եւ հոն գործել։ 1906-ին Սալմաստ են, ուր «բաւական փոթորիկ են յարուցեր իրենց ծայրայեղ գաղափարներով, նոյնիսկ փորձեր են գործադուլներ կազմակերպել խեղճուկրակ գիւղերու մէջ, որո՞ւ դէմ՝ չգիտեմ» կը գրէ Կոմս։ [6] Նկարագրելով զանոնք, կը գրէ. «Վազգէնը իր բնաւորութեամբ արտակեդրոն, երբեմն հիւանդագին հոգեկան բռնկումներ ունէր... Երկուքն ալ կորովի եւ խանդավառ տղաներ էին՝ Զաւէնը աւելի լուրջ եւ խոհուն, Վազգէնը տպաւորուող եւ անմիջական»։ [7]

Կ. Կոմիտէն զանոնք կը մտցնէ երիտասարդ մտաւորականներու շրջանակին մէջ։ Կարճ ժամանակէն կը հասկնայ իր սխալը։ Անոնք կը սկսին քննադատել Կ. Կոմիտէն։ Երիտասարդ արհեստաւորներու հետ հաղորդակցելով՝ կը փորձեն զանոնք գործադուլներու մղել։ Անոնց ազդեցութիւնը մեծ է նոր սերնդականներուն վրայ, որոնք անոնց ղեկավարութեամբ նոր թափ եւ ինքնավստահութիւն կը ստանան։

Կ. Կոմիտէն կ՚ուզէ շարժիլ եւ ձերբազատուիլ անոնցմէ։ Վազգէնը 1907-ին կը վերադարձուի Կովկաս, ուր, հետագային, հոգեկան նոպայի մը մէջ ինքնասպան կ՚ըլլայ։ Իսկ Զաւէնը, 1908-ին, կը գործուղուի Տարօն։ Ջերմեռանդ հաւատաւոր մը հայ-քրտական գործակցութեան, դաւադրութեամբ կը սպաննուի Մուսա բէկի եղբօր՝ Գասըմ բէկի կողմէ։

Դառնանք նոր սերնդական շարժման։ 1907-ի սկիզբը, 18 ուսանող եւ 8 պատանի, Վազգէնի ղեկավարութեամբ, հիմը կը դնեն Ուսանողական Միութեան։ Կազմութեան դրդապատճա՞ռը կամ նպատա՞կը։

«... Նկատելով որ դպրոցը պիտի տայ դիտող, քննադատող եւ ձեռներէցութեան ոգիի տէր մարդիկ.

«Նկատելով որ մինչեւ այժմ ատոր արգելք են եղել հետեւեալ վեց պատճառները. Ա. Ծրագիր. Բ. Կառավարութիւն, Գ. Պիւտճէն. Դ. Հասարակական տրամադրութիւն եւ հասկացողութիւնը. Ե. Ուսուցչական ապիկարութիւնը եւ Զ. Նոյն ինքն ուսանողութիւնը։

«Նկատելով որ դպրոցի արդի վիճակից ամենաշատ եւ գրեթէ միակ տուժողներ իրենք՝ ուսանողներն են, եւ որ արդի վիճակը փոխելու միակ միջոցը աշակերտելու միահամուռ շարժման մէջ կը կայանայ.

«Կ՚որոշէ հաստատել Ուս. Միութիւն մը, որ պիտի ջանայ դպրոցը հասցնել իրական բարձրութեան... ։

«Իսկ իրենց նպատակն էր Ա. բարեկարգել դպրոցներ. Բ. օգնել իրենց ինքնազարգացման եւ Գ. համերաշխութեան կապ հաստատել մինչեւ այն ատեն իրարու հակառակորդ դպրոցներու ուսանողներուն միջեւ»։ [8]

Նոր սերունդը հետզհետէ լայն բանալով իր կարկինը, ուսանողական եւ կրթական հարցերէն անդին անցնելով, կը շօշափէ հանրային կեանքի հարցերը։ Խմբագրականներով եւ յօդուածներով կը սկսի լուսարձակի տակ առնել օրուան հրատապ հարցերը՝ ընտանեկան, ընկերային եւ քաղաքացիական։

«Նոր սերդնականները գրաւոր եւ բերանացի պրօպականտ կը մղէին ամէն տեղ որ չպէտք է լինի Քաղաքավարութիւն, որովհետեւ կեղծիքի մարմնացումն է. ոչ էլ պարտականութիւն ու երախտագիտութիւն, իսկ ինչ որ զգացումից կը բղխի, դա կը դադրի պարտականութիւն եւ երախտագիտութիւն լինելէ. յետոյ նրանք կը քարոզէին որ «Ամէն ինչ մարմնոյ համար է» կամ այլ խօսքով, հաճոյքն է աշխարհի տիրապետողը։ Իսկ մեր սրտցաւ գործիչները(!), որոնք մինչեւ այն ատեն բռնի երախտագիտութիւն կը պահանջէին, տեսնելով որ այլեւս իրենց հայրենասիրական, ազգասիրական ճառեր իրենց հաճոյքին պիտի վերագրուին, նոյն իսկ եթէ նահատակուին ազգի համար, էլի հաճոյքից դրդուած են պիտի ըսեն, սկսան սոսկալի վայնասուն մը բարձրացնել, քանի որ իրենց շահերը կը վտանգուէին։ Նոր սերնդականները ընդունելով հաւասարութեան սկզբունքը, սկսան ամէն տեսակ տիտղոս ջնջել. նրանք հարց կու տային. արդեօ՛ք ի՞նչ տարբերութիւն կայ իշապանի մը եւ վսեմափայլ էֆէնտիի մը միջեւ. անոր համար որ առաջինը կը կրէ միամիտ եւ տանջուած սիրտ մը, մինչ Բ. ը կեղծիքի եւ բռնութեան մարմնացում մըն է»։ [9]

Նոր սերնդականները իրենց թիւը բազմապատկելու եւ ազդեցութեան գօտին ընդարձակելու հեռանկարով՝ կը մօտենան նաեւ նախակրթարաններու աշակերտութեան։ Այս վերջինները, ազատութեան լայն եւ սխալ ըմբռնումով, կը խուսափին երբեմն տնային փոքր ծառայութիւններէ եւ երբեմն՝ դասարաններու մէջ, կը սկսին ծխիկ (սիկարէթ) ծխել։ Կրնաք ըմբռնել աւանդապաշտ ընկերութեան մը զգացած՝ կրած տպաւորութիւնը եւ ընդվզումը։ Ծնողաց եւ ուսուցիչներուն համար նոր սերնդականները կը ներկայանան իբրեւ պատանութեան ու երիտասարդութեան նկարագիրը խաթարողներ։

1907-ի Մարտին կը սպաննուի արմենական ուսուցիչ Գրիգոր Աճէմեանը։ Ուսանողական Միութեան եւ դպրոցներու տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերու պայքարի օրերուն կը պատահի։

Անմիջապէս կը վերագրուի նոր սերնդականներուն։ Արմենականներն ալ դիրք կ՚որոշեն անոնց դէմ, հակառակ անոր, որ յետոյ կը փաստուի, թէ պարզ անուշադրութեան զոհ մըն է։

Նոր սերնդականները ունի՞ն հաւատամք մը, այլ խօսքով, ընկերային եւ քաղաքական դաւանանք մը։ Ձեռքի տակ չունինք իրենց խմորատիպ թերթը, հոն որոնելու համար այդ դաւանանքին հետքերը։ Իրենց դաւանած, գրած եւ քարոզած սկզբունքներէն պատառիկներ՝ ծուէններ մեզի փոխանցած են առաւելաբար Կոմս եւ Բագարատ։

Կոմս կը գրէ.

«Մեծ աղմուկ հանեց թերթի հրատարակութիւնը. վրդովմունք եւ զայրոյթ առաջացուցին անոր մէջ յայտնուած խորթ եւ ծայրայեղ միտքերը։ Սխալած պիտի չլինիմ ըսելու, որ դեռ 1906-1907 թուականներուն, այդ պատանի մտաւորականներու արծարծած գաղափարները հեռու չէին այժմեան կոմունիստ-բոլշեւիկներու գաղափարախօսութենէն... ։ Կրօնը, եկեղեցական աւանդութիւնները անդամալուծող նախապաշարումներ էին, իսկ կղերականները՝ ձրիակեր պորտաբոյծներ. անհատի մը կամ մեծերուն (իմա՛ ծնողներուն ալ) մատուցուած յարգանքը ստրուկներուն յատուկ է. մարդը անկաշկանդ է եւ անոր ազատութիւնը անսահման. դպրոցներու մէջ կարգապահութիւն կոչուածը բռնատիրութիւն է. պէտք է ոչնչացնել հին եւ կեղեքող դասերը եւ հեղինակութիւնները։ Անկաշկանդ պէտք է թողուլ նաեւ սիրոյ գաղափարը՝ կտրել եւ նետել զանազան պայմանադրական օրէնքները, ինչպէս արիւնակցութիւն, ազգականական կապերը եւայլն... ։ Ահա շատ խտացուած ձեւով անոնց «գաղափարախօսութիւնը»։

Ընկերային եւ տնտեսական գործօններ են, որ կը տիրապետեն մարդկութեան կեանքի ընթացքին վրայ. պէտք է փոխել անոնց կառոյցը. քաղաքական նպատակները եւ յեղափոխական ձեռնարկները միջոցներ են միայն հասնելու համամարդկային այդ բարձր նպատակին։ Այս ալ՝ անոնց քաղաքական դաւանանքը»։ [10]

Բագարատ 8 հիմնական կէտերով կու տայ անոնց դաւանանքը.

«Ա. Ազգութեան գաղափար. Կ՚ընդունէին որ ժամանակաւոր է, որովհետեւ զարգացումի բացակայութիւնն է պատճառը որ ազգերը այդպէս առանձին թողած է։ Փաստ է որ ազգը նոր չի ծնիր, իսկ եղածներն ալ կ՚անհետանան, միայն այն ազգերը, որ ունին ուժեղ քաղաքակրթութիւն, պիտի կարենան քիչ մը աւելի դիմանալ բնական ձուլման։

«Բ. Հայրենիքի գաղափար. Գաղափարն իսկ կը մերժէին, ընդունելով որ ստեղծուած է կեղեքիչ եւ տիրող դասակարգի կողմէն՝ շահագործելու համար։

«Գ. Լեզու. Անոնք դէմ էին լեզուի ազնուացում եւայլն գաղափարներուն։ Լեզուն միջոց է, բաւական է որ դուն կրնաս միտքդ հասկցնել դիմացինիդ, ըլլայ այդ Վանի թէ Թիֆլիսի, Պոլսոյ թէ Պիթլիսի բարբառներով եւ կամ ըլլայ հայերէնով թէ թուրքերէնով, ինչ լեզուով որ կ՚ուզես։ Ուրեմն լեզուն չի կրնար նպատակ ըլլալ, այլ պարզապէս միջոց մըն է։

«Դ. Կրօն. - Առաջին անգամ ըլլալով, բացորաշապէս կը սկսին խօսիլ. իրենց ամբողջ սկզբունքները հիմնուած են Տարուինի վարդապետութեանց վրայ եւ իրենք նիւթէն անդին «չգիտեմ» կը պատասխանեն, իսկ կրօններու գոյութեան իբր ազդակ կ՚ընդունին վախը եւ տգիտութիւնը։

«Ե. Քրիստոս. Չէին ընդուներ իբր աստուածորդի, այլ կատարեալ փիլիսոփայ եւ բժիշկ, որ շնորհիւ իր քարոզութեանց բարձրութեան, անհասկնալի մնաց եւ պատճառ եղաւ որ շատեր զինք հալածեն եւ ոմանք ալ իր ըրածները իբր հրաշք ընդունելով, զինք աստուածորդի հռչակեցին։

«Զ. Անհատականութիւն. Կը մերժէին Անհատի վրայ եղած ամէն ճնշում. եւ կ՚ընդունէին անհատը բոլորովին ազատ՝ ազատ բնութեան մէջ, որով կը մերժէին այն ամէն օրէնք եւ կառավարութիւն որ հաստատուած են անհատին «ես»ը բռնաբարելու, բայց միաժամանակ կը կրկնէին որ ներկայիս իրենց անհատի հանդէպ ունեցած գաղափարներով իրենք կը դառնային մէկ մէկ անիշխանականներ։

«Է. Ամուսնութիւն եւ ընտանիք. Չէին կարող ըմբռնել ամուսնութեան տեւականութիւնը. «Որքան յարատեւ է երկուքի միջեւ գտնուած փոխադարձ սէրը, նոյնքան եւ յարատեւ է ամուսնութիւնը»։

Ծնած մանուկներու խնդրին գալով, հասարակութեան պարտքն է պահել զանոնք։ Շատ բնական կը համարէին որ մէկի կինը նոյնիսկ միւսի հետ յարաբերութեան մտնէ։ Եւ արդար զայրոյթով կը բացագանչէին. «Որովհետեւ մէկի գլխու վրայ քահանան քանի մը խօսք է արտասաներ, անոր յարաբերութիւնը օրինաւոր է. իսկ միւսին՝ որ հիմնուած է անխառն եւ մաքուր սիրոյ վրայ՝ օրինաւոր չէ եւ նոյնիսկ մեղք... »։ Գալով ընտանիքին, կ՚ըսէին որ ապագային մէջ արդի հասկացողութիւնը տակն ու վրայ պիտի ըլլայ եւ բոլորովին նոր կազմակերպութիւն մը յառաջ պիտի գայ։ Ընտանիքը անհատական սեփականութեան արդիւնք է. սեփականութեան վերացումով կը վերանայ եւ արդի ընտանիքը։

«Ը. Ֆէմինիզմ. Կ՚ընդունէին թէ կինը ամէն ասպարէզի մէջ, ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ պէտք է հաւասար ըլլայ տղամարդուն, ոչ մէկ կէտի մէջ բացառութիւն կազմելով։ [11]

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, նոյն խմբակը լոյս ընծայած է Յորձանքը, որմէ արտատպում մը ըրած է Նիւ Եորքի Կոչնակը։ Այդ յօդուածը որոշ գաղափար մը կու տայ իրենց ընկերային դաւանանքին որոշ կէտերուն շուրջ։ Հոն արտայայտուած գաղափարները կը նոյնանան Կոմսի եւ Բագարատի հաստատումներուն հետ։

Նոր սերնդականներու դաւանանքին քաղաքական երեսը կապ ունէր Օսմանեան կառավարութեան հետ։ Հոս զուսպ են իրենց արտայայտութիւններուն մէջ։ Քաղաքական դաւանանքին իրագործումը կ՚ըլլայ յեղափոխութեամբ։ Այդ գործը ձգած են Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Իրենցմէ շատեր անդամ են այդ կուսակցութեան, սակայն յանդգնութիւնը ունին քննադատելու նոյնիսկ Դաշնակցութեան Ծրագիրն ու գործունէութիւնը։ Բողոքողի, ընկերային բարեկարգիչի իրենց համոզումներէն այլ կեցուածք կարելի չէ սպասել։

Ընտանեկան գետնի վրայ ծնողք-զաւակ փոխ-յարաբերութեանց, ամուսնական սիրոյ եւ այլ գծով բախումներու արձագանգներ չունինք։

Խ. Թիւթիւնճեան խօսելով Նոր սերնդական շարժման հիմնադիրներէն եւ Նոր սերունդ թերթի խմբագիրներէն Բ. Կապուտիկեանի սիրոյ առաջին խայծին մասին, կը գրէ.

«Քնարական զեղումով եւ զգայուն թէեւ՝ Բարունակ, քսան եւ չորս տարեկանին մէջ տակաւին անծանօթ էր սիրոյ ապրումներուն, մինչեւ 1912-1913 թուականը։ Սուրբ գործը մէկ կողմէն, որ Դաշնակցութիւնն էր, տեղական նախապաշարումները միւս կողմէն, արգելք էին նման զգացումին ուռճացման։ Նոր սերնդական շարժման ղեկավարը կոյս աղջկան մը ամօթխածութիւնն ունէր, երբ կանացի հասարակութեան դէմ յանդիման կը գտնուէր։ Քանի որ ամուսնանալու յարմարութիւն եւ միտք չունէր, իր նպատակն ըլլալով արտասահման ուսանելու երթալ երկու երեք տարիով, ուրեմն՝ ստիպուած էր զսպել իր զգացումները։ [... ] Մէկ անգամ միայն սիրոյ խռովքը զինք սարսած էր Վանի մէջ։ Այդ իմ Վան եղած տարին էր։ Մենք միասին դասախօսելու հրաւիրուած էինք Սանդխտեան դպրոցի Շրջանաւարտից Օրիորդաց Միութեան հրաւէրով, որուն անդամները մեծ մասով երիտասարդ ուսուցչուհիներ էին։ Ես առաջինը խօսած էի եւ ուշի ուշով կը հետեւէի Բարունակի խօսքերուն եւ ունկնդիրներուն վրայ կը պտըտցնէի Պոլիս տեսած երիտասարդի համարձակ ակնարկներս, երբ ուշադրութիւնս գրաւեց սպիտակ մորթով, սլացիկ հասակով, հաւկթաձեւ դէմքով քիչ մը տարիքը առած օրիորդ մը, որ գողունի ձեւով մերթ դասախօսին կը նայէր, մերթ քովիններուն։ Հետեւելով օրիորդին շարժումներուն, ես նշմարեցի հայեացքներու րոպէական խաչաձեւում մը, եւ յանկարծական յանցաւոր կարմրութեան մը հետքերը, երկուքին         դէմքերուն վրայ հաւասարապէս։ Այս ամէնը հազիւ տեւած էր երկվայրկեան մը, եւ անցեր էր աննկատելի բոլորէն։ Ժողովէն ետք, երբ թեւ թեւի դուրս եկանք փողոցը, երկուքս, ես աչքերս Բարունակի աչքերուն ուղղելով՝ պատմեցի այն՝ զոր նկատած էի։ Բարունակ իրեն յատուկ անկեղծութեամբ խոստովանեցաւ. առաջին թրթռացումն էր իր սրտին, բայց պիտի թողուր անպատասխան, չունենալով որեւէ ծրագիր ամուսնութեան համար։ Ահա նմոյշ մը «ազատ սէրեան» Նոր սերնդական շարժման վարիչներու բարոյական բարձր ըմբռնողութեան ու կենցաղին, որ Դաշնակցութեան հակառակորդները, անուղղայ եւ քինախնդիր, քառասուն եւ հինգ տարիներէ ի վեր, ի զուր եւ անհիմն տեղ, բերնի ծամոց ըրած են, կուրացած՝ ատելութեամբ եւ քէնով»։ [12]

Կրթական մարզին վերաբերեալ, յուշագրողներուն վկայութիւնները բաւական առատ են, որովհետեւ շարժումը եւ Ուսանողական Միութիւնը առաւելաբար գործած են աշակերտութեան եւ ուսանողութեան շրջանակներուն մէջ։ Իրենց տեսական գաղափարները փորձած են գործադրութեան դնել այդ շրջանակներուն մէջ։ Իրենց կրթական նպատակներուն իրագործման իբրեւ միջոց գործածած են զանոնք։ Պարզուած երեւոյթները զանազան են դասադուլ, ուսուցիչներու հետ բախում, ուսուցիչներու ծեծ, աշակերտներու դպրոցէ վտարում, պետութեան միջամտում եւ աշակերտներու բանտարկում, քննութեանց ջնջում (1908 Ապրիլ-Մայիսի գործունէութեան հիմնական նպատակը), ամավերջի հանդէսի խափանում եւ այլն։ [13]

Ամրան             արձակուրդին, դպրոցներու տնօրէնութեանց կ՚ուղարկուին Ուսանողական Միութեան 40-ի մօտ պահանջները, որոնց մեծագոյն (շուրջ 30-ը) եւ կարեւորագոյն մասերը կ՚ընդունուին եւ մնացեալները կը մերժուին «նիւթականը եւ աշակերտներու փոքրութիւնը պատճառ բռնելով»։

«Այդ պահանջները, որ մօտաւորապէս 40 էին, կը բովանդակէին հետեւեալ կարեւոր կէտերը. Քննութիւններու, նիշերու եւ դասարանի Ա. Բ. Գ. ի դրութիւններու ի սպառ ջնջումը. գրաբարի եւ կրօնի վերացում. հաստատել կրօններու պատմութեան ու փիլիսոփայութեան դասեր. քերականութիւն եւ հայերէն աւանդել ոչ թէ իբրեւ նպատակ, այլ միջոց՝ մարդոց միտքերը իրար փոխանցելու. ընդունիլ Ռուսահայոց Ա. Բ. Գ. ի հնչումները. ուսանողական ժողովներու կատարեալ ազատութիւն. դպրոցէն դուրս ուսուցիչը իրաւունք չունի միջամտելու ուսանողի գործերուն. ամէն տեսակ պատժի վերացում (նոյնիսկ ծնողաց չյայտնել). ուսուցիչ կամ աշակերտ մը վռնտելու աշակերտութիւնը միայն իրաւունք ունի. իսկ ուսուցիչի մը ընտրութիւնը պէտք է կատարուի ուսանողութեան հաւանութեամբ. մասնակցութիւն գոնէ 2 քուէով մանկավարժական ժողովներու (որ կը տնօրինէ դպրոցի կրթականը). պատուոյ եւ միջնորդ ատեաններու հաստատութիւն. կարգապահութիւնը աշակերտներու յանձնել. բժիշկի այցելութիւն եւայլն եւայլն, պահանջներ, որոնք այժմէական եւ մանկավարժական էին»։ [14]

Նոր սերնդական շարժումը անբիծ դուրս եկաւ Դաւոյի դաւաճանութեան (1907 Փետրուար) յաջորդող խուզարկութեանց եւ սարսափի շրջանի տագնապէն։ Շատեր թուլցան, մատնութիւններ կատարեցին։ Շատեր սկսան անիծել յեղափոխութիւնը։ Նոր սերնդականները գիտցան յեղափոխութեան դրօշը բարձր պահել։

Վասպուրականցի կը գրէ.

«Երբ մատնիչներու բեռին տակ ամբողջ երեք ամիսներ կքած էր Վանը, ուսանողութիւնն էր, որ բարձր պահած էր պատիւն ու գաղափարը, թէեւ ծեծուեցաւ ու տանջուեցաւ բանտերու մէջ, երբեք չարատաւորեց զայն եւ Նոր սերնդական հսկայ բանակէն ոչ մէկ մատնիչ դուրս չեկաւ. ընդհակառակն նա կրցաւ պոռթկալ մի ուսանող-հերոս, որ կանգնած թրքախուռն հրապարակի մը մէջ, ատրճանակ կը քաշէր Վան սգացնող մատնիչ Դաւոյի վրայ եւ զայն գետին կը տապալէր»։ [15]

Ի՞նչ էր Դաշնակցութեան Վասպուրականի ղեկավար մարմնին կեցուածքը այս շարժման հանդէպ, շարժում մը, որ առաւելաբար ստեղծուած էր իր պատանի եւ երիտաարդ շարքայիններուն կողմէ, ուղղակի եւ անուղղակի ղեկավարութեամբը իր կուսակցական գործիչներէն՝ պրոպականտիստներէն ոմանց։ Կոմս կը գրէ. «Մեր Սարգիսը [Պօղոս Օտապաշեան], մասամբ Արամը [Մանուկեան], այն տեսակէտը ունէին, որ ծայրայեղ այս հովերը կ՚անցնին. գաղափարները պիտի մտնեն իրենց հունին մէջ, եւ այդ տղաները ապագային պիտի դառնան մեր որոնած մտաւորական ղեկավարները։ Մալխասը [Արտաշէս Յովսէփեան] կը հեգնէր այդ ՚լակոտ-լուկուտ՚ները. ‘վարժապետներ՚ կ՚անուանէր։ Տիգրանը [Կողբեցի] կը հիանար փոթորկոտ այդ տղաներու յախուռն մտածողութեամբ, բայց բարեմիտ հեգնանք մը ունէր անոնց անգործնական հայեացքներու մասին։ Իսկ Իշխանը, թէեւ ոգեւորուած չէր, կը հեգնէր իսկ, բայց ուրախութեամբ կ՚երթար դասախօսելու անոնց փիլիսոփայական եւ գիտական նիւթերու մասին»։ [16]



[1]            Իմ յուշերը, Ա., էջ 484։ Նոյն էջին վրայ՝ «կարմիր բալիկներ» կ՚որակէ զանոնք։

[2]            «Նոր-սերնդական շարժումը Վասպուրականի մէջ», Ազդակ շաբ., Ա. տարի, թ. 29 (4/17 Յուլիս, 1909), էջ 457։

[3]            Նոյն, էջ 458։

[4]            Անդ։

[5]            Անդ։

[6]            Իմ յուշերը, Ա., էջ 489։

[7]            Նոյն, էջ 490։

[8]            Բագարատ, «Նոր սերնդական շարժումը Վասպուրականի մէջ», Ազդակ շաբ., թիւ 30 (11/24 Յուլիս 1909), էջ 473։

[9]            Նոյն, էջ 474։

[10]          Իմ յուշերը, Ա., էջ 486։

[11]          «Նոր սերնդական շարժումը Վասպուրականի մէջ», Ազդակ շաբ., թ. 31 (18/31 Յուլիս, 1909), էջ 489-490։

[12]          Անմահներուն հետ, էջ 173-174։

[13]          Մեզի ծանօթ աղբիւրներէն նշենք կարեւորները. ա) Բագարատ, Ազդակ շաբ., թ. 30, էջ 475. թ. 31, էջ 487-489. բ) Արմենակ Փոխարեան, «Հայրենիքիս մէջ», Հայրենիք ամս., Ժէ. տարի, թ. 1 (Նոյ., 1938), էջ 58-59. գ) Համբարձում Երամեան, Յուշարձան, հատոր Բ., էջ 59-69։

[14]          Վասպուրականցի, «Ուսանողական շարժումը», Ազդակ շաբ., Ա. տարի, թ. 15 (21/3 Ապրիլ, 1909), էջ 239։

[15]          Անդ։ Նոյնպիսի վկայութիւն մը ունի Բագարատ, Ազդակ շաբ., թիւ 31, էջ 489։

[16]          Իմ յուշերը, Ա., էջ 488-489։