Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՕՀՐԱՊ ԵՒ ԻՐ ՄԻՋԱՎԱՅՐԸ
(Բանախօսութիւն Պ. Գ. ԽԱԺԱԿի)

Տիկիններ եւ պարոններ,

Ինձմէ առաջ խօսողները այնպիսի ճարտարութեամբ գովաբանեցին ու դրուատեցին գեղարուեստագէտ Զօհրապը, որ ինծի այլեւս բաժին չմնաց գովաբանելու:

Ես յատկապէս պատրաստուած չեմ Գ. Զօհրապի մասին խօսելու, այլ հոս՝ ազդուելով նախընթաց ճառախօսներէն, կ’ուզէմ քանի մը խօսք միայն ըսել:

Յարգելի բանախօսներէն մին, ուզելով բնորոշել Զօհրապի ոճը, ըսաւ որ ան դնդերոտ է, դնդերները վրան լղլղացող կիներու պէս: Ոչ, ես կ’ըսէի. «ոճը ինքը մարդն է»: Զօհրապի ոճը իրեն պէս է գիրուկ, կարճ, կտրուկ, եռանդուն ու ռումբի մը պէս:

Ըսին որ անոր ոճը կայուն չէ, բայց չըսին՝ ինչո՞ւ: Սակայն ամէնէն կարեւորը այդ «ինչո՞ւն» է:

Պ. Թէքէեան հաշուեց այն մեծ խմբակը այն համաստեղութիւնը զոր ժողված էր Հայրենիք իր շուրջ 80ական թուականին, Արփիար, Զօհրապ, Բաշալեան, Կամսարական, Օտեան, եւայլն: Անոնց ամէնուն ալ ոճը կտրուկ է, էնէրժիք, բայց յարաշարժ, կայունութենէ զուրկ: Այդ անկայունութիւնը գրողին հոգւոյն անկայունութիւնն է որ կը ցոլայ իր ոճին մէջ. համոզումի մը, գերակայի մը կամ իտէալի մը պակասն է որ զգալ կուտայ իր ներկայութիւնը: Այդ խմբակը՝ հոս եւ հանգուցեալ Արծրունին՝ Կովկասի մէջ Լիպէրալիզմի ներկայացուցիչներ էին. անոնք դժգոհ էին եւ այսօր ալ դժգոհ են ներկայէն, սակայն աղէկ մը չեն գիտեր թէ ի՞նչ է ներկայ չարիքներէն ելլելու արմատական միջոցը: Ու այդ հիմնական տեսակէտի պակասը կը դարձնէ զանոնք վարանոտ: Իբր տաղանդաւոր գեղարուեստագէտներ, անոնք կը ներկայացնեն Ճիտին պարտքը, Փօստալը, Այրին. անոնք մեծ ուժով կը ներկայացնեն դրամի

կամ քափիթալի ուժը, անոր կրծող, անբարոյացնող դերը, բայց ելք մը չեն ցոյց տար, ոչ թէ անոր համար որ դիտումնաւոր ըլլալէ աւելի կը նախընտրեն իրապաշտ ըլլալ, այլ պարզ պատճառով, իրենք իրենց մէջ դեռ որոշած չեն այդ ելքը:

Չկարծէք թէ ես կը ցանկայի որ Գ. Զօհրապ ըլլար դիտումնաւոր կամ թանտանսիէօ գրող մը. քա՜ւ լիցի: Բայց գրողն ինքը իբր մարդ երբ իր ներսն ունենալ որոշ, դրական, անյեղլի ու անյողդողդ սկզբունքներ, անպատճառ իր գեղարուեստին մէջ նոյն իսկ «Գեղարուեստը գեղարուեստի համար» գրած ատեն, կ’արտացոլացնէ այդ համոզումները, այդ սկզբունքները... Իսկ ի՞նչ են սկզբունքները, եթէ ոչ աշխարհայեացքի խնդիրներ: Նաբօլէօն երբ կայսր եղաւ, որքան ուզեց ստեղծել ֆրանսական արիսթոքրաթիք կայսրութիւն մը, անկարող եղաւ, վասն զի սնուած էր Մեծ Յեղափոխութեան սկզբունքներով:

Հայկական Լիպէրալիզմը, ինչպէս եւ առհասարակ լիպէրալիզմը չունի եւ ոչ մէկ արմատական միջոց իր իսկ ձաղկած հասարակական չարիքներուն դէմ: Ան կը մատնանշէ չարիքը, բայց ճամբայ չի ցուցներ, վասն զի ինքը զուրկ է ղեկավար աստղէ մը, ուղեցոյց նպատակակէտէ մը: Զօհրապ այդ խումբէն է եւ խումբին լաւագոյնն է: Տաղանդը հզօր է, քննադատող, թափանցող:

Ճառախօսներէն մին անուանեց անոր Փօստալը եւ Այրին սիրային վէպեր... Քա՜ւ լիցի:

Փօստալին Սուրբիկ հանըմը՝ Մօփասանի BelAmiին [1] մէջ կը գտնէք, Զօլայի Parisին [2] պուրժուական բարեգործութիւնով պարապող կիներուն մէջ կը հանդիպիք: Իսկ ինքը Փօստալ տիտղոսի արժանացածը միթէ քիչ մը նմանութիւն չի՞ բերեր Զօլայի Նանաին [3] առաջին քայլերուն, երբ ան անմեղ էր, Ասօմուառէն դեռ նոր էր դուրս եկեր: Յիշեցէք այն տեսարանը երբ Նանա մերկ կը կանգնի հայելիին առջեւ, կը դիտէ իր մարմնին կլորութիւնները, կը զմայլի եւ կը խորհի. «Միթէ այսչա՜փ գեղեցկութիւնը զո՞ւր պիտի կորչի»: Իսկ Փօստալը կը հագնի Սուրբիկ հանըմի տուած զգեստները, կը նայի հայելիին մէջ եւ կը զմայլի իր գեղեցկութիւնով: Հոն ալ դրամը Նանան բոզ ըրաւ, հոս ալ Գատը-գիւղի մենծ աղայի զաւակը, իր սեփական մօր ձեռնտուութիւնով լքեց ու դուրս նետեց գաւառացի հայուհին: Եւ ո՞վ գիտէ թէ ան ալ Նանա մը չէր ըլլար եթէ յարմար պարագաներ ներկայանային:

Այրին սիրավէպ չէ, այլ հայ պանդուխտի կեանքն է, աւելին եւս, պանդխտութեան հարցն է: Այդ նոյն հարցը երգած է կովկասեան մեղուն, Լէօն՝ իր երիտասարդական գրուածքներէն մէկուն մէջ, Պանդուխտը [4]: Երգած է Մելիք Շահնազարեան Հայ գիւղացու սեւ օրը [5] վէպով. բայց եւ ոչ մէկը Զօհրապի տաղանդը, անոր գեղարուեստագէտի ճաշակն ու կարողութիւնը ցոյց տուած չէ:

Կը կարդանք Բերայի Շիտակի մեծ վաճառատան մը մէջ ծառայ վարձուած հայաստանցի գաղթականի մը սիրային արկածները, անոր ընկերոջ վերադարձը դէպի Հայրենիք, անոր կնոջ լացն ու կսկիծը, ու ակամայ միտքերնիդ կ’իյնայ թշուառ հայութիւնը, գաղթողներու ետեւէն երգող այրիներու եւ անտէր մնացած որբերու աղերսանքը:

Զօհրապի գրած ամէն մէկ նորավէպը գոհար մըն է գեղեցիկ գողտրիկ, հոգեբանօրէն ճշմարիտ: Ծայրէ ծայր կը կարդաք Զօհրապի գործերը եւ հոն կը տեսնաք Պոլիսը իր բոլոր կողմերով: Զօհրապ ինքը Պոլիսն է, թէ իր բոլոր թերութիւններով ու բոլոր սքանչելիքներով...

Զօհրապ հին սերունդի ամէնէն աւելի կատարեալ թիփն է, ան տուեր է ինչ որ կրնայ տալ: Երիտասարդ սերունդը եւ կեանքի նոր պահանջները կ’ըղձան նոր Զօհրապի մը: Զօհրապ մը որ հինի պէս մեծ ուժով, մեծ տաղանդով երգէ նորը, աշխատանքի երգը: Հին Զօհրապը քաղքենին, միջակորեարը երգեց, անոր պատկերները ցուցադրեց իր բոլոր ժահրոտ կողմերով, նորը կ’ուզենք որ ցուցադրէ նո՛ր սերունդը:



[1]            Մոպասանի “Bel-Ami” ( «Սիրելի բարեկամ») վեպը լույս է տեսել 1885 թ.:

[2]            Զոլայի «Փարիզ» վեպը լույս  է տեսել 1898 թ.:

[3]            Զոլայի «Նանա» վեպը լույս է տեսել 1878 թ.:

[4]            Լեոյի «Պանդուխտը» պատմվածքը լույս է տեսել 1888 թ.:

[5]            Սողոմոն Մելիք-Շահնազարյանց, Հայ գիւղացու սեւ օրը, Թիֆլիս, տպ. Մ. Դ. Ռօտինեանցի, 1890, 157 էջ: