Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏՈՄ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ
(Ճառ Պ. ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆի)


Ամէն մարդ, առանց գիտնալու, քիչ շատ բանաստեղծ է, ինչպէս եւ փիլիսոփայ: Ան որ գեղեցիկ տեսարանի մը կամ առարկայի մը առջեւ կը զմայլի կամ հիացումի ճիչ մը կ’արձակէ, արդէն բանաստեղծի մը րոպեմ կ’ապրի թերեւս. նոյնիսկ, ասոր համար է որ ըսուած է թէ մեծագոյն բանաստեղծութիւնները անոնք են որ չեն գրուած: Բայց քիչեր են որ իրենց հիացումի ու զմայլումի զգացումները, տպաւորութիւնները կը մարմնացնեն գրական ձեւի տակ: Բանաստեղծութիւնը կ’ապրի ու պիտի ապրի, որքան մարդկութիւնը գոյութիւն ունենայ, որքան ատեն զգացումով կ’ապրինք, եւ պատրանքը երջանկօրէն կ’ուղեկցի մեր կեանքին: Առանց բանաստեղծութեան՝ կեանքը պիտի ըլլար արձակունակ եւ անհրապոյր: Ամէն գիտուն, ըսած է փիլիսոփայ մը, քիչ մը բանաստեղծ ըլլալու է: Գիտութիւնը չսպաններ բանաստեղծական զգացումը, ընդհակառակը անոր սահմանները կ’ընդլայնէ: Ժողովուրդ մը պէտք է ունենայ իր երգիչները, ներշնչուածները որ մեզ ներում ընեն (initier) բնութեան ու կեանքի գեղեցկութիւններուն, խոր զգացումներուն, երազներուն ու պատրանքներուն: Կան բանաստեղծներ որ կը կարդացուին կեանքի որոշ տարիքներուն մէջ, կան որ ամէն տարիքի մէջ ալ կը կարդացուին: Եարճանեան ամէն հասակի մէջ ալ կը կարդացուի:

Եարճանեան մեր պատմական էն արիւնոտ շրջանին զայրոյթի ամենահզօր ճիչը արձակած է, եւ ատոր համար իր քնարը ցաւին ահաւորութիւնը եւ հերոսական ժէսթերը միայն հնչեցուց: Իր կնտնտոցը բոցեղէն սուր մը եղաւ որ փոթորիկի ձայներ կը հանէ:

Ուրախութիւնը չերգեց ան, ոչ ալ յաղթութիւններ, այլ աւելի մեծ կոչում մը ունեցաւ, մեր հերոսներուն յաղթութեան հորիզոնները շողացուց եւ արձագանգեց ոսկի շեփորը որ յաղթութեան կ’առաջնորդէ ամեհի նժոյգներով անձնուէրները:

Եարճանեան իտէալացուց կռիւը եւ անոր գեղեցկութեան արշալուսային տաճարներ կանգնեց, եւ եթէ կարելի է ըսել ազգային կորովի երգիչը եղաւ:

Ուժեղ երեւակայութիւն ունի եւ հզօր պատկերներ, բնութեան տարրերուն չափ ուժեղ, ամէն ինչ կը հսկայացնէ, paroxysmeի [1] հասցնելու չափ: Իր գրուածները ռազմաշունչ վազք մըն են, յաղթութեան փառքին համար: Սիրոյ թելը կը լռէ իր քնարին վրայ. բայց չունի չէ–. փոթորկալից երեւակայութեան մը առջեւ սրտի coquetterieները [2] կը թուին թէ ահաբէկ կը սմքին: Ասպետին երգին մէջ կ’ըսէ իր երիվարին որ կանգ չառնէ ոչ մէկ բանի առջեւ, ոչ ալ սիրոյ առջեւ. այնքան ուժգին է իր թափը եւ այնքան անհամբեր, վախնալով, կարծես, որ փոքրիկ դադար մը, սիրոյ ժպիտ մը, պիտի ուշացներ յաղթանակը:

Սիրոյ կաթիլ մը արցունք պիտի մեղմացնէր թերեւս փոթորիկի ամեհութիւնը եւ արիւներանգ տեսարաններու տպաւորութիւնը որ հայ ժողովրդի ապրած պատմաշրջանին իրական եւ զարհուրելի տեսիլքը կուտայ:

Սիրոյ փոխարէն իր գործերուն մէջ ադամանդահիւսեց եղերգութիւններ: Ափ մը մոխիր հայրենի տուն, Արցունքներս, Հայրենի աղբիւրը եւ այլն, աննման կտորներ են խոր եւ քաղցր զգացողութիւնով գրուած, որով ականահոս աղբիւրի մը քով շունչ մը կ’առնէ, վերսկսելու համար հերոսական խոյանքը: Լեզուն ադամանդի պէս յղկուած ու մաքուր է:

Գրադատ մը Միրպօյի համար կ’ըսէ թէ անոր գործը կարդացողը, որ ընկերային անարդարութեանց դէմ բողոք մը եւ զայրոյթ մը ունի, կ’ըսէ. «ահաւասիկ մարդը որ վրէժս կը լուծէ»:

Ամէն հայ որ Եարճանեանի գործերը կը կարդայ, պիտի չվարանէր ըսելու «ահաւասիկ բանաստեղծը որ ցեղին վրէժը կը լուծէ... »:



[1]            Paroxysme (ֆր. ) - հանկարծական նոպա:

[2]            Coquetterie (ֆր. ) կոկետություն: