Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԻՐՈՅ ՎԱԶՔ

Երեք տարի, յոյսով լեցուն, ես անձկաւ
Սիրոյ ճամբէն փուշերու մէջ քալեցի.
Արիւնեցան ոտքերս եւ կուրծքս հալեցաւ,
Բայց անէծք մ’իսկ չելաւ բերնէս դէպ քեզի:

Սէրէն ամէն բան յաղթըւած` ինձ լուծեց
Իր արգելքը: Լանջքիս առջեւ փըշրեցան.
Տեղի տըւին տառապանքի ժայռեր մեծ,
Սակայն նորէն չը լըմընցա՜ւ այն ճամբան:

Թասուն սըրտով ա՛լ նըստեցայ, եւ մէկէն
Անյուսութեամբ մը հաւատքս, ո՛հ, ծայրէ ծայր
Ըսքողուեցաւ: Տեսնըւեցար այն ատեն`
Նայուածքներովդ հեգնող եւ ըսիր` յոգնեցա՞ր:

21 դեկտ., 1902