Բանկալթիի գերեզմանատունը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

1461 Հայ Պատրիարքութեան իրաւասութեան տակ ամփոփուած Հայ ազգը- եթէ ունեցած էր ասկէ առաջ երկպառակութիւն ալ- մինչեւ ԺԷ. դարուն կէսերը ո եւ է նոր երկպառակութեան նշան ցոյց չի տար, հակառակ Հ. Գալէմքեարեանի այն կարծիքին թէ «առանց կրօնական ձուլման» իրմէն բաժնուած մաս մը ունէր իր մէջը։

Հ. Գալէմքեարեան խնամով հաւաքած է Կ. Պոլսոյ մէջ կաթոլիկութեան յարած Հայոց գոյութիւնն ապացուցանող դէպքերու արձանագրութիւնը, սակայն իրեն համար դժբախտաբար եւ մեզի համար բարեբախտաբար, չէ կրցած «առանց կրօնական ձուլման» իրենց «ուղղափառ» դաւանութիւնը պահպանող Հայերու գոյութեան ո եւ է փաստ եւ ապացոյց ճարել։ Իր ամէնէն հնագոյն փաստերը ԺԷ. դարէն առաջ չեն անցնիր։ Մենք՝ Հ. Գալէմքեարեանի պէս հակառակ ծայրայեղութեան մէջ իյնալով՝ դէպ ի կաթոլիկութիւն Կ. Պոլսոյ գաղութին մէջ միտում մը տեսնուած ըլլալը չենք ուրանար եւ բոլորովին ժխտեր։

Հ. Գալէմքեարեան ի՞նչ փաստի ու իրողութեան վրայ հիմնուած արդեօք կ՚ըսէ թէ 1461էն յետոյ «սակայն կաթողիկէ Հայերը մնացին Ղալաթիոյ բնակիչներ եւ հետզհետէ, մանաւանդ 1600էն սկսեալ բազմանալով՝ Ղալաթիոյ բարձունքները տարածուեցան եւ բռնեցին»։ Կաթոլիկ Հայերուն  1461էն մինչեւ 1630, մերձաւորապէս երկու հարիւր տարի, գոյութիւննին պահած ըլլալն հաստատող գիր մը, արձանագրութիւն մը ունի՞, տեսա՞ծ է, եւ գիտէ՞ Հ. Գ. Գալէմքեարեան, Նախ՝ Ղալաթիոյ առաջին բնակիչներն արդէն չէր եղած ատեն մը որ կաթոլիկ եղած ըլլային որ յետոյ պահած ըլլային իրենց գոյութիւնը, եւ երկրորդ, ո եւ է պատմական փաստ չկայ երկհարիւրամեայ շրջանին մէջ Հայ կաթոլիկներու գոյութեան, զոր մեր քննասէր վարդապետը, պարզապէս պատմութիւնը խեղաթիւրելով կ՚ստեղծէ։

Որչափ ատեն որ պատմական ստոյգ եւ վաւերական փաստերով եւ վաւերագիրներով Հ. Գալէմքեարեան մեզի չապացուցանէ թէ 1461-1630 շրջանին մէջ Հայ կաթոլիկներ գոյութիւն ունէին ի Կ. Պոլիս, մենք ստիպուած ենք հետեւիլ ծանօթ վաւերագիրներու, որոնք կաթոլիկ դաւանութեան բրօբականտը, Կ. Պոլսոյ Հայոց մէջ, սկսած ցոյց կուտան 1636ին Կղեմէս Գալանոսի առաջին ձեռնարկով։ Արդէն բրօբականտա  ֆիտէ կամ Հաւատքի տարածման ժողովը հիմնուած է  Հռոմի մէջ 1622ին Գրիգոր ԺԵ. Պապին (1621-23) կողմէ եւ իր յաջորդին Ուրբանոս Ը. ի (1623-1644) նախաձեռնութեամբն այդ հաստատութեան կցուած էր 1627ին օտարազգի ընծայացուներու համար «քարոզչական ուսումնարան» մը՝ բրօբականտայի դպրոցն եւ բազմալեզուեան տպարան մը։ Այս հաստատութեան առաջին սաներն էին որ նախ 1630ին Լեհաստանի Հայոց մէջ գործել սկսան եւ  1636ին Կղեմէս Գալանոս երեւաց Կ. Պոլիս, եւ հիմը դրաւ կրօնական երկպառակութեան [1] ։ Այս հաւատածաւալական շարժումն հովանաւորուած կաթոլիկ պետութիւններէն, եւ մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ անոնց ամէնէն աւելի ազդեցիկ ներկայացուցիչէն՝ Ֆրանսայէն, կրցաւ արմատ բռնել եւ ուժգին ու ծանր վէճերու առիթ դառնալ։ Այս հաւատածաւալական շարժումն սկսած ատեն, արդէն Կ. Պոլսոյ գաղութին սկզբնական կազմը բոլորովին փոխուած էր, ԺԶ. դարուն, Պարսկաստանէն բերուած անհամար գաղթականներով եւ Փոքր Ասիայէն Կ. Պոլիս խուժող ստուարաթիւ փախստականներով։ Հետեւաբար Քէֆէէն եկած գաղութը, ինչպէս նաեւ Սամաթիոյ թաղը հաստատուած Գարամանացիները, ընկճուած, ձուլուած եւ կորսուած էին երկու հարիւր տարուան ընթացքին մէջ շարունակ Կ. Պոլիս տեղափոխուած Ատրպատականցի, Արեւելեան գաւառներու բնիկ, Ագուլեցի, Ջուղայեցի, Ջահկեցի, ինչպէս նաեւ Ակնցի, Տիվրիկցի, եւ այլ Փոքր Ասիական քաղաքներէն եկած Հայերով, որոնք արդէն Կ. Պոլսոյ գաղութին ստուարագոյն մասը կ՚ներկայացնէին եւ որոշ երկու հատուածի բաժնուած շարունակ իրարու դէմ կ՚պայքարէին։ (Այս մասին այլուր շատ ընդարձակօրէն գրած ըլլալով մանրամասնութեանց մէջ մտնել աւելորդ կ՚դատեմ, փափաքողները թող դիմեն 1910ի Ընդհ. Օրացոյց Ազգ. Հիւանդանոցի)։ Ուրեմն, 1600էն սկսեալ բազմանալով՝ Ղալաթիոյ բարձունքները տարածուող Հայերը, Անատօլուի բնիկներէն եւ Հայաստանի խորերէն Կ. Պոլիս հաստատուած Հայերն էին, եւ ոչ թէ Քէֆէի գաղութին մնացորդները։ Եւ հարկ կայ յիշեցնելու թէ այդ հեռաւոր գաւառներու Հայերը առանց երկրայութեան, Հայ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներն էին, անխառն ոեւէ «ֆրէնկ» խմորէ։

Հ. Գալէմքեարեան ի զուր այս բացորոշ իրողութիւնը կ՚ուրանայ եւ կ՚ուզէ Քէֆէցի կաթոլիկ գաղութին սերունդներովը միայն գրաւուած տեսնել Ղալաթիոյ եւ Բերայի բարձունքները, հաւաստելով թէ անոնք շարունակ Ղալաթիոյ եւ Բերայի լատին եկեղեցիներուն մէջ աղօթած, լատին կղերէն յաճախ մխիթարուած են եւն։ Եւ կաթոլիկ Հայերէն գրաւուած այս բարձունքներուն վրայ, Հայ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներուն հաստատուիլը միայն ԺԸ. դարուն առաջին քառորդին, այսինքն Յովհ. Կոլոտի Պատրիարքութեան միջոցին պատահած ըլլալը կ՚պնդէ, Թագսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցիին տեղը կաոռւցուած «Հոգետուն»ը առաջին աղօթատունը համարելով «բովանդակ Հայազգիներու» որոնց մէջ անշուշտ դարձեալ կաթոլիկներ ալ կ՚երեւակայէ, հոն ալ իրաւունք մը ստեղծելու համար։

Սակայն Հ. Գալէմքեարեանի այս ճարտարահիւս պատմութիւնն ալ դժբախտաբար ճիշդ չէ։ Հայերն Օսմանեան տիրապետութենէն յետոյ անօրինակ եւ յանկարծական աճում մ՚ունեցած են դէպ ի Ղալաթիայէն դուրս, դէպի Բերա, մասնաւորապէս Անատօլուի գաղթականներուն այդ կողմերը տեղաւորմամբ։

Օսմանեան տիրապետութեան ատեն, Բերան՝ չէր տարածուեր աւելի անդին քան Ղալաթիոյ աշտարակը, որուն ստորոտը գտնուող կրկնակ Գուլէ-Գափու ները, վերջին սահմաններն էին Ղալաթիոյ։

Օսմ. տիրապետութենէն անմիջապէս յետոյ քաղաքը կ՚ընդարձակուի թերեւս մինչեւ արդի Կալաթա Սարայի կողմերը։ Քաղաքին այս նորակազմ մասը որո՞նք շէնցուցին։ Եթէ ոչ զանազան վայրերէ բերուած գաղթականք, մասնաւորապէս 1475ին Քէֆէէն բերուած գաղթականներէն Յոյները, Հրեաները, եւ Լատինները, բայց ոչ Հայերը, որք Էտիրնէ Գաբուի Ս. Նիկողոս եկեղեցւոյ շրջակայնքը եւ բուն Կ. Պոսոյ մէջ հաստատուած էին։ [2]

Սակայն որովհետեւ ԺԶ. դարուն սկիզբը մինչեւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյն տեղը Հայոց բնակութիւնը կ՚հաստատուի, ուրեմն ուրիշ տեղերէ բերուած Հայ գաղթականներէն մէկ մասն այս կողմերն հաստատուած էին, եւ Անատօլուէն կամ Պարսկաստանէն եկած գաղթականներն ապահովաբար կաթոլիկ չէին։

Ղալաթիոյ դէպ ի Բերա ընդարձակուած այդ մասին մէջ եթէ Հայեր ալ հաստատուած չըլլային՝ Հայք սեփական աղօթատունի մը պէտք չպիտի ունենային, մինչ ԺԶ. դարուն սկիզբն իսկ կ՚տեսնենք թէ Հայք Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյն տեղւոյն վրայ հոգետուն մը կազմակերպած են, արտաքոյ պարիսպին հաստատուած բազմաթիւ Հայոց պէտքերուն համար, զի Ղալաթիոյ եկեղեցին բերդին մէջն էր, եւ բերդին դուռներն երեկոյեան մայրամուտին  կը փակուէին վերստին առաւօտուն բացուելու համար։ Այնպէս որ յանկարծական պէտքերու, աճապարելի մկրտութեանց, հիւանդաց հաղորդութեան համար անկարելիութիւններ կային յարաբերութեան պարիսպէն ներս ու դուրս տարաժամ։ Այս կ՚հաստատուի երկու ապահովագիրներով Հիճրէթի 921(=1515 Քր. ) եւ 932 (=1526) թուականներով, որոնցմով արտաքոյ Ղալաթիոյ, Սանթա Պարգա թաղէն հայազգի Նիկողոսի որդի Խաչատուր, Յովնանի որդի Սիմոն, Պօղոսի որդի Անդրէաս, Աւետիքի որդի Գրիգոր, Բարսեղի որդի Ղուկաս, Թամարի որդի Ալիքսան, Մինասի որդի Յակոբ, եւն. կ՚յայտարարեն թէ Յոյն Եորկի անուն անձէ մը առնուած հողին վրայ կառուցուած, երեք վերնայարկի եւ երկու ստորնայարկի սենեակները, եւ ապակեւոր երեք խորանը ( Ճամլը իւչ խորան ) եւ մէկ կողմէն չորս պատուհան, եւ միւս կողմէ երկու պատուհան եւ դուռ եւ ջրհոր, եւ արտաքնոց եւ բակ ունեցող եկեղեցին, իրենց սեփականութիւնը չէ, այլ Հայ ազգին կը վերաբերի եւ իբր աւանդ իրենց փոխանցուած է [3]

1515ին Հայ եկեղեցիի մը սկզբնաւորութիւնը ի Բերա, կ՚կարծենք թէ ջախջախիչ կերպով կ՚ապացուցանէ թէ Կ. Պոլսոյ տիրապետութենէն յետոյ կազմուած քաղաքամասին մէջ նաեւ հաստատուած էին Անատոլուէն բերուած գաղթականներ, եւ Ղալաթիոյ նախնական բնակիչները անխառն չէին մնացած։

Սակայն ուրիշ փաստեր ալ պակաս չէին Անատոլուի «ոչ- ուղղափառ» Հայոց Բերա հաստատութեան, որոնց վրայէն կ՚ուզէ լռութեամբ անցնիլ Հ. Գրիգորիս Վարդ. Գալէմքեարեան որ Քէֆէէն ԺԴ. դարուն Ղալաթիա տեղափուոած Հայերը միշտ անխառն պահուան տեսնել կ՚ուզէ, գէթ մինչեւ 1700։ Սակայն այդ թուականէն ասդին այլեւս ինքզինքն անկարող կ՚զգայ պարտկելու աղաղակող ճշմարտութիւնը եւ միայն «սակաւաթիւ» «բարեհամբոյր» Հայոց բնակութիւնը կ՚խոստովանի Բերայի թաղին մէջ, մինչ անկէ առաջ իբր թէ «Կաթոլիկ չեղող Հայերուն «ֆրակ»ներն իբրեւ զարհուրելի ճիւաղներ ներկայացուցած ըլլալով «այն ատենի կղերականներէն, արգիլուած էր Ղալաթիա անցնել» (ՀԱ., 1911, էջ 82)։

Սակայն, արդեօք ինչո՞վ պիտի մեկնէ Հ. Գալէմքեարեան, հաւանօրէն ԺԷ. դարուն Սեբաստիոյ Գռնավուլա գիւղէն եկած այն նշանակելի հատուածը, որ  եկաւ հաստատուիլ Բերայի բլուրին արեւմտեան կուշտին վրայ եւ կազմեց Գռնավուլա թաղը։

Անշուշտ Հ. Գ. Գալէմքեարեան մեզի պիտի ներէ, եթէ դիտել տանք իրեն թէ այս խեղճ գաղթականներն ապահովաբար «ուղղափառ» չէին… իր հասկցած եղանակով… թէեւ ուղղափառ հետեւողները եղած ըլլային Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, որուն հաւատարիմ զաւակներուն Բերայի մէջ ոտքի կռուաններ ունենալը շատ հաճելի չի թուիր Հ. Գր. Վ. Գալէմքեարեանի, որ ամէն բան «ուղղափառ» տեսնալու մէրաքէն բռնուած է Կ. Պոլսոյ կամուրջին Ղալաթիոյ կողմը… ի շահ եւ ի պատիւ Հռոմին, որուն այս կերպով ծառայել կը կարծէ, մեր յարգելի վարդապետը։

Սակայն հակառակ իր այս անյագուրդ ցանկութեանը, պատմական իրողութիւններ կը տապալեն ստութեան եւ կեղծիքի վրայ կառուցած այս շէնքը։

Եթէ տակաւին բաւական չեն Ղալաթիոյ անմիջական յարակից մասին մէջ մինչեւ 1515 պատկառելի թուող մը Հայ բնակութեան ապացոյց իւչ խորանի գոյութիւնը, եթէ տակաւին համոզիչ չեն Գռնավուլայի Հայոց գեղջուկ թաղիկ կազմակերպութիւնը, ուրիշ փաստեր պակաս չեն հասկցնելու համար Հ. Գալէմքեարեանի թէ այդ կաթոլիկ կարծած հին գաղութին, ինչ մեծ զանգուածներ եկած խառնուած եւ ինչպէս մեծամասնութիւն կազմած էին։

Կալաթա Սէրայէն մինչեւ Թաքսիմ Բերայի ընդարձակումը կատարուած է ԺԸ. դարուն տեւողութեանը։ Այդ դարուն վերջը, Պէյ օղլուի վերին ծայրը կը համարուէր Թաքսիմը, (Տե՛ս Հ. Ղուկաս Վ. Ինճիճեան աշխարհագր. Ե. ՀՏ. Այս նոր թաղամասին մէջ Հայեր կային, թէ ի՞չ դաւանութեան կը պատկանէին, մեզի անյայտ կը մնայ, կամ որո յիշատակարան մը չկայ այս մասին։

Սակայն 1738, 1744, եւ 1793 թուականներով երեք կալուածագիրերու գոյութիւնը, որոնք կը պատկանին արդի Ս. Յարութեան եկեղեցւոյն եւ Էսաեան վարժարանի տեղւոյն, որ այն ժամանակ Հայոց Թէփփէ կը նկատուէր եւ որ հիւանդանոց եւ աղօթարան եղած էր, որոշապէս, ցոյց կուտան Հայոց բնակութիւնը սոյն շրջանակին մէջ։ Բարեբախատար Հ. Գալէմքեարեան Ս. Յարութեան «բովանդակ հայազգիներու յատուկ հոգետուն» ըլլալը խոստովանած ըլլալով անոր կազմութեան մէջ «ուղղափառական» ինչ մը չէ խառնած. անուղղակի կերպով  յայտնելով թէ Բերայի բոլոր բնակիչները Հայ կաթոլիկներ չէին, այլ Հայեր ալ կային անոնց մէջ։

Սակայն ասոր վրայ երկար պնդելու հարկ չկայ։ Քիչ աւելի ուշ, Բերան նոոէն կ՚ընդարձակուի եւ Հայ խոշոր գաղութ մը կուգայ կ՚զետեղուի, Բերայի վերին մասերուն մէջ։ Ըսողը ես չեմ, այլ Հայր Գալէմքեարեանի հաւատակից եւ այնքան «ուղղափառ» Հ. Ղուկաս Ինճիճեանը, որ 1804ին կը վկայէ թէ «միջոցն որ ի մէջ Թաքսիմի եւ գիրեզմանատան լցաւ բնակութեամբ տանց ի 1802, զորս շինեցին յազգէս Հայոց փախուցեալք ըստ մեծի մասին ի Ռումէլիէ եւ ի Պրուսայէ յետ այրելոյ նորա»։

Ասոնք, «ուղղափառ» է՞ին արդեօք։ Փաստ կա՞յ։ Բնաւ երբեք։ Ուրեմն Գալէմքեարեանի երեւակայութեան մէջ Ղալաթիոյ կաթոլիկացած հայերն չէին որ 1453էն յետոյ հետզհետէ բազմանալով տարածուեցան մինչեւ Բանկալթի, այլ Գալէմքեարեանի «ուղղափառութենէն» չի հասկցող եւ անոր «կաթողիկէ» դաւանութիւնը չըմբռնող եւ Հայ ազգին Հայ Եկեղեցին միայն ճանչցող բազմաթիւ Հայեր ալ զանազան ժամանականերու մէջ եկած էին Կ. Պոլսոյ այս եւրոպականացեալ թաղին մէջ, ուր արդարեւ հռովմէականութեան միտեալ ազգայինք բաղդատմամբ միւս թաղերու բազմաթիւ էին։

Ասոր ալ պատճառը շատ պարզ է։ Ըսի արդէն թէ մեր հաւատափոխ եղբայրները, որոնք կ՚որսացուէին լատին ու Հայ հաւատոյ տարածիչներէ, կ՚վայելէին տեսակ մը օտար պաշտպանութիւն, շնորհիւ դեսպաններու ուժգին թեւարկութեան եւ լատիններու ընծայած ապաստանին։ Հայ կաթոլիկները ասոնց պէտք ունէին վասն զի Հայոց Պատրիարքներն յաճախ թուրք կառավարութեան այլամերժ հակումը կ՚շահագործէին Հայ հռոմէականութիւնը բառնալու համար։

Մասնաւորապէս Պատրիարքին տրուած լայն իրաւասութիւնն անդատաստան  աքսորի դատապարտելու եւ կամ կալանաւորելու, յարատեւ վտանգներ էին, որոնց դէմ ինքզինքնին պաշտպանելու համար, հռոմէականութեան միտեալ Հայերը նախամեծար կ՚համարէին հաստատուիլ լատին հաստատութեանց կամ դեսպանատանց եւ հիւպատոսարաններու շուրջը։ [4]

Լատին հնագոյն եկեղեցիները կը գտնուէին Ղալաթիա, սակայն ԺԶ. եւ ԺԷ, դարերուն, Ղալաթիոյ մէջ հաստատուած լատինական բազմաթիւ վանքերէն ոմանք այրած եւ ոմանք այլեւայլ հարկեցուցիչ պատճառներով իրենց համար անբնակ եղած ըլլալով, Բերայի կողմը այս տեսակ բազմաթիւ հաստատութիւններ ծնունդ առած են եւ անոնց հետ դեսպանական եւ հիւպատոսական մարմնոյն պատկանող Եւրոպացիներ Ղալաթիայէն Բերա փոխադրուած են։

Անոնց օրինակին հետեւած են Յոյներն եւ Հայերը, սակայն մասնաւորապէս Կ. Պոլսոյ զանազան թաղերէն հոս կենդրոնացած են ԺԷ. Պոլսոյ այն Հայերն որք Հռոմէականութեան յարած էին։ Ուրեմն կրօնական հալածանքները գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր անոնց Բերա հաստատուելուն, դիւրաւ ապաստանելու համար լատին հաստատութիւններն եւ դեսպանատունները, սակայն կար նաեւ ուրիշ պատճառ մը, նոյնքան կարեւոր եւ նոյնքան նշանակելի։ Օսմ. կառավարութիւնը Հայ Ազգին միակ հոգեւոր գլուխ մը կը ճանչնար, որ էր Հայոց Պատրիարքը։ Հռոմէականութեան յարող Հայերը, անուղղակի կ՚խուսափէին այդ իրաւասութենէն եւ օտար իրաւասութեան ենթակայ կղերին կ՚կապուէին, հետեւաբար կառավարութիւնն ալ թոյլատու չէր եւ հակառակ էր կրօնափոխական շարժման, ու յաճախ արգելք կ՚հանդիսանար իր հպատակներուն օտար կղերին հետ շփումներ ունենալուն։ Թէ՛ Հայ Պատրիարքներուն եւ թէ օսմ. կառավարութեան հետապնդութիւններէն զերծ մնալու համար, եւ իրենց յարաբերութիւնները շարունակելու համար լատին կղերին հետ, շատերն ստիպուեցան Բերա հաստատուիլ. ուր արձակ համարձակ կը յաճախէին լատին եկեղեցիներ, իրենց տուները կ՚ընդունէին լատին եկեղեցականներ, իրենց տղաքը լատին կրօնաւորաց դպրոցները կ՚ղրկէին եւ օտար լեզուով կ՚դաստիարակուէին եւ յաճախ իրենց մկրտութիւնները, ամուսնութիններն եւ թաղումները կատարել կուտային լատին կղերին, իրողութիւններ զորս Հ. Գալէմքեարեան ալ կ՚հաստատէ իր այդ յօդուածներուն մէջ (տես. էջ 71-82) վասն զի Հայ կաթոլիկ կղեր գոյութիւն չունէր, եւ Հայ Պատրիարքարանին ենթարկեալ քահանաներ պէտք էր կատարէին այդ գործերը, իբր Հայ ընդհանրութեան հոգեւոր պաշտօնեաները։ Մոլեռանդութեամբ Հայ Պատրիարքներու իրաւասութենէն խուսափելու համար հայ կաթոլիկներէն շատեր ինքզինքնին եւրոպականացուցին եւ լատինացան։ Մասնաւորապէս այս շրջանին օտարացած Հայերն ստուարացուցին ԼԷվանդէններու թիւն եւ անդարձ կորսուեցան Ազգին համար։

Բերա, այս տեսակէտով կաթոլիկներու ապաստանի տեղ մ՚էր, եւ հոն հաւաքուած էին ամէն թաղերու կաթոլիկութեան միտեալ Հայերը։ Ասոր ապացոյցները բազմաթիւ են, սակայն անոնց ամէնէն նշանակելին կրնայ համարուիլ 1701ին Մխիթար Սեբաստացիին 10 աշակերտներով Ղալաթիայէն Բերա փախուստն եւ Լատինաց քով ապաստանիլը, ինչպէս նաեւ  1704 թուականին Բերայի մէջ բացուած «Պէյօղլուի տպարան»ին գոյութիւնը։ Այս տպարանը որ 14 տարիներ գործած է (մինչեւ 1718) ինչպէս իր տպագրած գիրքերէն կ՚երեւի, մասնաւորապէս Աստուածաշունչի յիշատակարանէն, լատինական ձեռնարկ մ՚Էր, որ իբր յարմարագոյն կայան ապաստանած էր Բերա՝ եւրոպական թաղը, ազատ մնալու համար ամէն հետապնդութենէ։

Այս խտացումն սակայն շատ նպաստացած էր իրենց օտարանալուն եւ ԺԸ. դարուն կէսէն առաջ արդարեւ Բերայի մէջ կային ստուարաթիւ Հայածին լատիններ, կէս լատինացած հայ-կաթոլիկներ, եւ տակաւին իրենց ազգային յատկանիշը պահող՝ սակայն հռոմէականութեան յարած Հայեր, զորս բոլորովին օտարացնելու կը ճգնէին լատին կղերականները, որոնք նոյն իսկ իրենց մեծ պաշտպանին՝ Ֆրանսայի դեսպանին՝ Վիլնէօվ մարքիզին եւ Բերայի լատին եպիսկոպոսին դէմ կանգնեցան 1735ին, իրենց հասոյթի աղբիւրներուն ցամքիլը տեսնալով այն փորձին մէջ որ այս երկուքն ըրած էին Բերայի Հայ-հռոմէականաց յատուկ եկեղեցի մը կանգնելու համար [5] 

Լատին կղերը՝ այդ միեւենոյն նկատումով արտասովոր ջանքեր ըրած է բոլորովին լատինացնելու համար հայածին այս սերունդը, որ դժբախտութիւնն ունեցած էր լատին կղերին հետ յարաբերութեան մտնելու։

Հայ կաթոլիկներու թիւն ի՞նչ էր, ասիկ շատ երկրորդական հարց մըն է որ Հ. Գալէքեարեանը զբաղեցուցած է բաւական։

Հ. Գ. Վ. կ՚ենթադրէ թէ անոնք 1706 Դեկտեմբերին 5000 հոգի են, յետոյ  կ՚տեսնենք թէ 1714 մարտին  12000ի կը բարձրանան ըստ վկայութեան  P. Trarillonի եւ  1779ին 20, 000ի, ըստ լատին կրօնաւորի մը։ Վերջապէս  1800ին, անոնց թիւն անյայտ աղբիւրի մը վրայ հիմնուած  50000ի կ՚բարձրացնէ. սակայն 1830ին երբ Հայ-կաթոլիկներու պատրիարքութիւնը կ՚հատատուի, կ՚տեսնուի թէ 13, 000 է Հայ հռոմէականաց թիւը։

Թիւերու այս սարսափելի տարբերութիւնն անմեկնելի է եւ շատ տարօրինակ։ Հ. Գալէմքեարեան, ի զուր հալածանքներուն մէջ կորսուած ցոյց տալ կ՚ուզէ 38000 Հայ-Հռոմէականներ, որ իրաւամբ անկլանելի մասալ մ՚է։ Նախ՝ 50, 000 թիւը, լոկ պատմութիւնը խարդախող մը կրնայ ստեղծած ըլլալ։ Իսկ միւս թիւերը, մեզի համար անհաւատալի չեն, չէ թէ անոր համար որ ականատես վկաներու խօսքերն են, այլ անոր համար որ այդ թիւերը շատ հաւանական են, երբ անոնց մէջ հաշուուին նաեւ կէս-լատինացած եւ արդէն լատինացած Հայերը։ Ասով միայն կրնայ մեկնուիլ  8-10, 000 հոգիներու տարբերութիւնը որ խառն, օտարացեալ եւ ոչ-օտարացեալ կաթոլիկներու թիւերն ունին, Հայ-հռոմէական պատրիարքութեան ենթարկուած Հայոց թիւէն։ Բնական է թէ օտարացեալները մնացին ուղղակի լատին եպս. ին իրաւասութեան ենթակայ։ Հոս աւելորդ չըլլայ դիտել տալ թէ այդ կաթոլիկներուն ամէնուն ալ Բերա հաստատուած ըլլալը ճիշդ չէ։ Կ. Պոլսոյ ամէն թաղերու մէջ ալ կաթոլիկներ կային։ Օրինակի համար թէ Տ. Կոմիտաս քհնյ. Քէօմիւրճեան Սամաթիոյ եկեղեցւոյն մէջ կ՚պաշտօնավարէր, ուրիշ «ուղղափառ» քահանայի մը հետ, որ էր Ճամճի օղլու Տ. Կարապետ։ Ասոնք բնական է թէ իրենց համախոհներ ունէին։ Ուրեմն, Բերայէն դուրս ալ կաթոլիկներ կային, եւ սխալ է բոլոր Կ. Պոլսոյ կաթոլիկները խտացնել Բերայի մէջ, ուր աւելի կեդրոնացան՝ ինչպէս ըսինք լատին հաստատութեանց եւ դեսպանատանց մերձաւորութեան համար։

Հոս փակագիծի մէջ աւելցնելու չմոռնանք թէ Կ. Պոլսոյ եւ շրջակայից Հայ Կաթոլիկները, Կ. Պոլսոյ Լատին եպիսկոպոսին իրաւասութեան երթարկուած էին, անոր ստորադաս ունենալով 1758էն սկսեալ յատուկ եպիսկոպոսներ։

Այդ իրաւասութիւնն որ Լատին կղերը իրենց վրայ ունէր շարունակ՝ ջնջեց իրենց մէջ ազգային ինքնութիւնը, եւ շատեր իրենց անունն եւ մականունը եւրոպականացնելով բոլորովին օտարացան։

Այնպէս որ գրեթէ ստուար մեծամասնութեամբ անոնք առին լատին հանգամանք եւ մկրտուեցան իբր լատին պսակուեցան եւ թաղուեցան… անշուշտ մեծ մասամբ լատիններու գերեզմանատունը։

Իսկ անոնք որ կ՚հանդուրժէին, իրենց մեռեալներուն յուղարկաւորութիւնը կատարել կուտային Հայ եկեղեցականներու։ Այդ պարագային պայման էր որ դաւանութիւն տային Հայոց Պատրիարքին, որ այդ պայմանով կ՚արտօնէր իրենց մեռեալները թաղելու Բերայի Հայոց գերեզմանատունը, իսկ հակառակ պարագային իսպառ ներելի չէր հոն թաղում կատարել։ Ինչպէս Հ. Գալէմքեարեան կատարեալ միամտութեամբ մը կ՚հաստատէ։

Արդ, «այս հարիւր հազարաւորները (Հայ Կաթոլիկ) դարերու ընթացքին մէջ ո՞ւր թաղուեցան» հարցումին  պատասխանը շատ բացորոշ է։- Անոնք որոնք Հայ քահանաներ թաղեցին, իբր Հայերէ անանջատ անհատներ թաղուեցան Բանկալթիի Հայոց գերեզմանատունը, իսկ երբ լատիններ թաղեցին, թաղուեցան լատինաց գերեզմանատունը։

Սակայն դարձեալ ասոր պիտի դառնանք։



[1]            Ղալաթիոյ Լատինաց Ս. Պետրոս եկեղեցիին դիւանին մէջ արձանագրութիւն  մը տեսած է Անտօնեան միաբան Հ. Իսահակ Վ. Սրապեան, որ Կ. Պոլսոյ Հայոց մէջ կաթոլիկութիւն մտնելու պատիւը կուտայ Պրուսացի Հ. Գրիգոր Կիրակոսեան, Դոմինիկեան քահանային, որ իր գործունէութեան սկսած է 1674ին և նորադարձները ծխականներ դարձուցած էր այդ եկեղեցւոյն (ՀԱ 1911, էջ 136-7), Ահա կաթոլիկ աղբիւր մ՚ալ որ կ՚հերքէ զԳալէմքեարեան։

[2]            Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 15-28, թիւ 4409։

[3]            Այս նախնական, փոքր տեղւոյն յետոյ կցուած է  1805ին Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն միւթէվէլլի Չարազլըեան Գրիգոր ամիրայի ջանքերով 5000 կանգուն սըրֆ միւլք գետին մը- որ բանջարանոց էր տակաւին, - որ իր մէջը ունէր հիմակուան Սբլանտիտի, եւ այլ եկեղեցական յարակից կալուածնեու տեղերը, եւ առանց պաշտօնական արտօնութեան իբր Փափազ Մէնզիլի կ՚կառուցուի եկեղեցի մը։

[4]            Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 19 - 2 մայիս, թիւ 4412։

[5]            Հայ- Հռոմէական երկու նշանակելի անձեր, Մուրատջան և Յովհաննէս Ֆընտըխ 60, 000 ղրշ. հաւաքած են և ֆրանս. դեսպանին տրամադրած են այս եկեղեցւոյն շինութեան համար։