Բանկալթիի գերեզմանատունը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Սկզբնական կազմակերպութեան մասին այսչափ ինչ խօսելէ յետոյ, հիմա կ՚արժէ որ լսուին նաեւ Հ. Գալէմքեարեանի այն խօսքերը որոնցմով կ՚միտի Բանկալթիի  գերեզմանատունը ցոյց տալ իբր Հայ կաթոլիկներու սեփական, գործածութեան իրաւամբ ։

Ինքն այս գործածութեան եղանակը կ՚բացատրէ երեք որոշ շրջաններու բաժանմամբ։ Ա. Շրջան, գերեզմանատան առաջին հաստատութենէն մինչեւ 1800 բոլոր հոն թաղուածները կ՚պնդէ թէ անխտիր կամ շատ քիչ բացառութեամբ կաթոլիկ էին։ Բ. Շրջանն է, 1800էն 1830 ուր իբր թէ Հայ կաթոլիկներու հետ, Հայեր խառն թաղուած են։

Իսկ Գ. շրջանը  1830էն մինչեւ  1865 կ՚երկարաձգուի, ուր կաթոլիկներն անջատ հասարակութիւն կազմելէ յետոյ ալ իրենց մեռելները թաղած են Բանկալաթիի գերեզմանատունը, մինչեւ որ  1865ին հոն ո եւ է թաղում կատարուիլը արգիլուելով, Շիշլիի գերեզմանատունները շնորհուած է։

Այս երեք շրջաններու համար իր բերած փաստերն եւ ապացոյցները մի առ մի քննելով պիտի տեսնուի թէ Հ. Գր. Վրդ. Գալէմքեարեան, ինքզինքը քննասէր հռչակող դպրոցի մը աշակերտր եւ հեղինակաւոր ներկայացուցիչը, ինչպէս կ՚կազմէ իր պատմութիւնները, որոնք իբր մասալ ալ կրնան կարդացուիլ։

Արդ, գաղափար մը տալու համար «Բիւզանդիոն»ի այն ընթերցողներուն, որոնք հանդէսը չեն կրցած տեսնել, իր փաստաբանելու եղանակը ցոյց տանք իր բառերովը, կցելով անոնց մեր դիտողութիւնները։

1560-1800 շրջանի վրայ խօսելով Հ. Գրիգորիս կ՚ըսէ. «Բայց այն ատենները Պէյօղլուի բնակիչները կաթողիկէ Հայերն էին, որոնցմէ Հայերն ոչ միայն կ՚խորշէին, այլ շնորհիւ այն ժամանակի կրօնաւորներուն գրգռումներուն՝ զիրենք նաեւ այնչափ կ՚ատէին, որչափ չէին ատեր ուրիշ ազգերն ու կրօնները։ Եւ անշուշտ Ստամպօլէն պիտի չգային Հայերը «կաթոլիկներու» եւ «Ֆրանկներու» կողքին թաղուելու։ Այս Պէյօղլուի գերեզմանատունը մնացած էր կաթողիկէ Հայերու, իբրեւ ագարակն բրտի, ի գերեզման օտարաց»։ Միայն Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսն, «Հոգեւոր Տէրն» թաղուած է այնտեղ 1680ին, եւ անոր ալ «Լատին Եպիսկոպոսին եւ քահանայից ձեռքը կաթղիկէ դաւանութիւն տուած ըլլալը կ՚հաստատեն ժամանակակիցներ։ Հոն թաղուած է 1764ին մի միակ Հայ Պատրիարք մը՝ Յակոբ Նալեան. արդէն հրաժարեալ. թաղողներն են Գր. Պատրիարք Պասմաճեան. Յարութիւն Արք. Բասենցի եւ Սարգիս Արքեպս. Սարաֆեան, երեքն ալ կաթողիկէ հաւատքի մէջ վախճանած։ Միւս ամէն Պատրիարքներ, նշանաւոր անձնաւորութիւններ, բացի քանի մը եկեղեցականներէ, այստեղ մուտ գործած չեն» (ՀԱ., 1911, էջ 84-85)։

Նախ, վերը ապացուցուած ըլլալով Բերայի Հայ բնակչութեան զուտ կաթոլիկ հանգամանքը որ աստիճան խոշոր առասպել մ՚ըլլալը, անոր վերստին անդրադառնալ աւելորդ կ՚համարիմ։ Միայն թէ դիտել կուտանք թէ 1560ին դեռ Կ. Պոլսոյ մէջ կաթոլիկ հաւատածաւալական շարժում իսկ ծնունդ չէր առած, եւ հետեւաբար կաթոլիկ Հայեր գոյութիւն չունէին։ Արդէն 1563 եւ  1564 թուականներով երկու տապանագիրներ մէջ բերինք, որոնցմէ մանաւանդ մէկը, Գուզուլչանու Կէռսէն գիւղէն Սերովբի որդի Օհանը, գաւառացի մը, փաստ մ՚է որ Բերայի Հայ բնակչութեան մէջ գաւառներէն տեղափոխուած Հայերու գոյութեան եւ միանգամայն հերքում մը Բերայի Հայ բնակչութեան զուտ կաթոլիկ հանգամանքին։ [1]

Սակայն գիտեմ թէ Հ. Գալէմքեարեան շուտով համոզուող դասակարգին չի պատկանիր, ուստի նոյն այդ «Կաթոլիկ» գերեզմանատունէն ընդօրինակուած հին տապանագիրներու պատճէններ պիտի բերեմ, մեծ մասամբ գաւառացիներու, որոնք իբր անժխտելի փաստեր ինքնին կը խօսին եւ կ՚հերքեն զիրենք յետ մահու դաւանափոխ ընող այս խելացի վարդապետը։

Ահա այդ տապանաքարերը.

«Այս է տապան Չմշկազակցի Մաթոսի որդի Կիրակոսին. Թվ. ՌՂԲ (1643)

«Այս է տապան Ագուլէցի Ալլահվէրտի որդի Բարսեղին Թվ. ՌՂԷ (1648)

«Թվ. ՌՃԲ. (1653) Այս է տապան Տարինէցի Միրիճանի որդի Փանոսին»

«Այս է տապան Ագուլլէցի… որդի Մարտիրոսին, Րվ. ՌՃԳԼ (1654)

«Այս է տապան Ագուլլեցի Նանոսի որդի Եզնապարին Թվ. ՌՃԸ» (1659)

  «Այս է տապան Խոզանգրցի մեծի որդի Յակոբին, որ փոխեցաւ առ Քս. թվ. ՌՃԺ. » (1661)

«Այս է տապան հանգստեան Վանեցի Տիլինճի որդի Պետրոս որ փոխեցօ թվ. ՌՃԺԲ» (1663)

Այս է տապան Դաշտեցի Մելքումի որդի Քիթապճի Խիւտավէրտիին որ փոխեցաւ թվ. ՌՃԿԵին»( 1716)

«Այս է տապան Շօռութեցի Բարաքեասի որդի Անուշին որ փոխեցաւ Ած. թվ. ՌՃԿԸին (1719)։

Դարձեալ Յակոբ Նալեան Պատրիարքին միայն Պէյօղլուի գերեզմանատունը թաղուած ըլլալը, զօրաւոր փաստ մը կ՚կարծէ Հայոց այդ գերեզմանատունէն հեռու մնալուն։

Սակայն քննադատ միտք մը, զոր ունենալու յաւակնութիւնը ունի Հ. Գալէմքեարեան, այսպէս չպիտի դատէր։

Ինքն կ՚վկայէ թէ տակաւին 1636ին Գրիգոր Կեսարացի Պատրիարքին մարմինը գերեզմանատուն չթաղելու համար որքան աշխատեցան։

Ուրեմն, մինչեւ այն ատեն, հակառակ  1560էն ի վեր Հայերը գերեզմանատուն ունենալնուն, - Պալըգլըէն աւելի հին ըլլալու է, - տակաւին սովորութիւն չէր եղած եկեղեցականները գերեզմանատուն թաղել, այլ հին սովորութեան համաձայն կ՚ուզէին եկեղեցիներու շրջափակը թաղել։ Հետեւաբար մինչեւ 1650 պէտք չէ գերեզմանատուններու մէջ փնտռել ո եւ է բարձաստիճան եկեղեցականի գերեզմանը։ Սակայն մենք այս պարագան ալ նկատի չառնելով, եւ նոյն իսկ պահ մը 1560էն սկսեալ Պատրիարքներու գերեզմանատուններ թաղուիլը կարելի համարելով հանդերձ չենք կրնար առանց ուշադրութեան թողուլ, եւ չմատնանշել ուրիշ ուշագրաւ պարագայ մը։ Հ. Գալէմքեարեան, իբր խղճամիտ պատմագիր, եթէ արդարեւ կ՚ուզէր անկողմնակալ եւ անաչառ դերի մը մէջ մնալ, պարտաւոր էր կշռել իր իւրաքանչիւր խօսքն եւ չի շահագործէր պատահական դիպուածները։ Ընդհակառակը պէտք էր օգտուեր պատմութեան իմաստասիրութենէն, կամ գէթ բարեխղճութիւնն ունենալ քիչ մը իրերուն խորը թափանցելու եւ ներքին շարժառիթները փնտռելու։

Թէեւ պատմութիւն կեղծողէ մը ասանկ խղճմտութիւն մը փնտռել աւելորդ պիտի ըլլայ սակայն ցոյց տալու համար թէ պատմութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է գրել, յատկապէս կ՚ծանրանանք այս Նալեանի միայն Բերա թաղուած ըլլալու սոսկ դիպուածական իրողութեան վրայ, զոր կ՚ուզէ Հ. Գալէմքեարեան շահագործել։

Արդ, գիտել կուտանք թէ միայն Նալեանի Բերա թաղուիլը իսկ բաւական է, զի ուրիշ գերեզմանատուններումէջ ալ անկէ աւելին չպիտի գտնուի, եւ ասիկա շատ որոշ պատճառներով։

Պալըգլըի աւելի հին գերեզմանատան մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս մը եւ երկու Պատրիարք միայն թաղուած են, Էտիրնէ գաբուի մէջ միայն մէկ հատ Պատրիարք թաղուած ըլլալը կ՚յիշուի, Սկիւտար, նախկին Պատրիարքներու բնակավայրը, երեք Պատրիարք միայն թաղուած են։ Ինչո՞ւ համար Բերայի մէջ անկէ աւելի կ՚փնտռէ Հ. Գալէմքեարեան։

Եւ եթէ վիճակագրութեան դիմէր, Հ. Գ. Գ. պիտի համոզուէր թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս մը եւ Նալեանի պէս Պատրիարք մը բաւական էին Բերայի գերեզմանատան համար։

Եւ ահա թէ ինչո՞ւ։

1560էն 1800, այն շրջանին ուր իբր թէ միայն կաթոլիկներ թաղուած են Բերայի գերեզմանատունը, Նալեանը միայն բացառութիւն ըլլալով, (առանց դուրս ձգելու 1560-1640 շրջանը ուր բնաւ հաւանական չէր Պատրիարքի մը գերեզմանատուն թաղումը), մերձաւորապէս  250 տարուան շրջանի մը մէջ, պատրիարքական աթոռը գրաւած են 49 եկեղեցականներ։ Այս քառասուն եւ ինն եկեղեցականներէն միայն 9 հատին Կ. Պոլսոյ մէջ մեռած ըլլալը որոշ գիտենք [2] ։ Ահա այդ ինին անունները եւ թաղուած տեղերը։

Գրիգոր Կեսարացի (+1635) թաղուած է Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն շրջափակը։

Զաքարիա Վանեցի (+1639) Սկիւտարի գերեզմանատունը։

Կիրակոս Արհելցի (+1642) Պալըգլը.

Թովմաս Բերիացի (+1658 1 օգոս 1) թունաւորուած եւ ծովը նետուած է.

Սարգիս Թէքիրտաղցի (+1670) Էտիրնէ Գաբուի գերեզմանատունը.

Ստեփաննոս Մեղրեցի (+1674) Պալըգլըի գերեզմանատունը։

Յովհաննէս Կոլոտ (+1741) Ղալաթիոյ եկեղեցին։

Յակոբ Նալեան (+1764) Բերայի գերեզմանատունը։

Զաքարիա Փոքուզեան (+1789) Գուրուչէշմէի եկեղեցին։

Այսքան փոքր թուի մը մէջէն շատեր Բերա եղած չըլլալը իբր փաստ ծառայեցնել, Աստուծոյ սիրոյն ըսէք ինծի ի՞նչպէս խիղճ ըրիք, Գերյարգելի վարդապե՛տ։

Ապա՞ միւս քառասունը պիտի աղաղակէք գուցէ։ Այդ հարցումին ալ պատասխանը պիտի տամ, ձեզի մտահոգութենէ ազատելու համար, առանց մանրամասնութեանց մտնելու։

Արդ մնացեալ 40 Պատրիարքներէն՝ 19ին՝ ո՞ւր եւ ե՞րբ մեռած ըլլալը ճշդուած չէ [3] 15ը՝ աւելի բարձրագոյն պաշտօններու կոչուած կամ գաւառներու մէջ առաջնորդութիւն ստանձնած են եւ Կ. Պոլսէն դուրս մեռած են։ [4]

Հինգը թէեւ անծանօթ թէ ո՛ւր մեռած են եւ ե՞րբ, սակայն յայտնի է թէ Պատրիարքութենէ իյնալէ յետոյ Կ. Պոլիսէն այլուր մեկնած են եւ հաւանօրէն Կ. Պոլսոյ մէջ չեն մեռած։ 1ը՝ նախկին Պատրիարք եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Մատթէոս Սարը, իսլամացած է եւ այնպէս մեռած։

Արդ, այս պայմաններուն մէջ, անկողմնակալ գրիչ մը, բնաւ չպիտի զարմանար միայն Նալեանի գերեզմանը գտնելով Բերայի գերեզմանատան մէջ։ Անիկա միայն բաւական է հաստատելու համար թէ Բերայի գերեզմանատունը Կաթոլիկներու գերեզմանատուն մը չէ, այլ Հայոց։

Եւ ասոր է որ չի հանդուրժեր գերյարգելի վարդապետը, ուր իր ազգային Եկեղեւոյն հաւատարիմ մշակ Նալեանը, ո եւ է կերպով  «ուղղափառութեան» փորփոսած եւ մկլոտած տոպրակը չկարենալ նետելուն համար փրփրած. անոր մահէն մերձաւորապէս 170 տարի յետոյ անոր դիակը կ՚առաջնորդէ «ուղղափառութեան» փարախը, զայն թաղողներուն «ուղղափառ»ներ ըլլալը մատնանշելով, կամ աւելի ճիշդը՝ «ուղղափառութեան» մէջ մեռած ըլլալնին, զի այն ատեն տակաւին «ուղղափառ» չէին։

Ասոր պատմութիւն չեն ըսեր, վարդապե՛տ, այլ խեղկատակութիւն, որուն կ՚երեւայ թէ բաւական սիրտ ունիք դուք։

Դիակներ կ՚քաշկռտէք, զանոնք «ուղղափառ» շինելու համար, ինչպէս երբեմն 90 ամեայ Պիւխնէրեան Գարագաշեանի վաղուց դադրած իմացականութեան, մահէն քանի մը ժամեր առաջ «հրաշքով» բանականութիւն, եւ առասպելեալ զղջմամբ, վարդապետական կարգ տուիք, ի նախատինս այն «ուղղափառութեան», որուն պաշտպանն ըլլալ կ՚թուիք։

Դուք այն մոլեռանդն էք որ  1680 օգոստոս  2ին վախճանած 85 ամեայ Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոսին իր մահէն հազիւ մէկ օր առաջ (1680 օգոստ 1) լատին կղերականի մը իբր թէ տուած հաւատոյ դաւանութեան [5]  կ՚հաւատաք եւ զինքն ալ խնդութեամբ կ՚առաջնորդէք «ուղղափառութեան» մէջ, ասով միանգամայն փաստ մը աւելի ունեցած ըլլալու հաւատքով։ Իսկ եթէ անոր իր մահէն առաջ Հռոմայ հետ ունեցած յարաբերութիւնները ձեզ կը մղեն այդ պատուական Հայրապետն ուղղափառ շինելու, կ՚հրաւիրենք Ձեզի այդ յարաբերութեանց շարժառիթն ու պատճառը հասկնալու համար կարդալ եւ խորունկ ուշադրութեամբ կարդալ, Լէոյի Հայկական տպագրութիւն ին Ա. հատորին (Տպգր. 1901) 239 էջը մասնաւորապէս, առանց անշուշտ մոռնալու աչքէ անցընել անոր նախընթաց եւ յաջորդ էջերը։ «Աւելին ի չարէն է», Վարդապե՛տ, եւ չամչնալը վերչապէս առաքինութիւն մը չէ։

Դարձեալ, դիտելի է որ եթէ  1560-1800 շրջանին այդ գերեզմանատունը զուտ կաթոլիկ Հայոցն էր, հոն բնաւ պէտք չէր որ թաղուէին Հայ եկեղեցականներ, մինչ հոն թաղուած են Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսէն, եւ Նալեան Յակոբ Պատրիարքէն զատ, նաեւ 1770ին Յովսէփ Արք-եպիսկոպոս Նիզէցի, Երուսաղէմի միաբան եկեեցականը, որ Թոգատի առաջնորդութիւնն ալ վարած է։ Հոն թաղուած են նաեւ 1784ին Էջմիածնայ միաբան Յովհաննէս Արքեպս. Տրապզոնցի, որ Հնդկաստան նուիրակութիւն ըրած է, 1716ին. Մարտիրոս Վարդ. Մեղրցի Էջմիածնայ նուիրակը, 1779ին Ադամ Վարդ. անուն եկեղեցական մը եւ վերջապէս  1800ին Երուսաղէմի Կ. Պոլսոյ փոխանորդ Սարգիս Սարկաւագ Եւդոկիացի, որ իր բացառիկ կարողութիւններուն համար վաղուց հետէ Եպիսկոպոսներու յատկացեալ պաշտօն մը վարած է անընդհատ քսան եւ հինգ տարի։ Ի բաց կ՚թողում ժամանակին բազամաթիւ քահանաները, որոնց ի շարս պէտք է յիշատակել նաեւ Պատկանեան Տ. Գաբրիէլ քհ. ի պապ Տ. Գաբրիէլները, որոնք կ՚հաւաստուի թէ այդ գերեզմանատան մէջ թաղուած են։ Նոյնպէս նկատի չեմ առներ 1800էն ասդին այդ գերեզմանատան մէջ թաղուած Հայ Եկեղեցականները, զոր  օրինակ, Կարապետ Վարդ. Էրզրումցի, Դանիէլ Պատրիարքի փոխանորդը (+1802), Յակոբ Վարդ. Տիարպէքիրցի (+1808) Մշոյ Ս. Կարապետի միաբան Յակոբ Վրդ. Բաղէշցին (+1825), Տաթեւու միաբան Գարատաղցի Պօղոս Վարդ. Ներուսենցը (+1841), ՊԵտրոս Արքեպ. Ալթունեանը (+1844). Կ. Պոլսեցի Յակոբ Ծ. Վարդ. Պէրպէրեանը «քաջաքարոզ» (+1853) եւն. որոնց գերեզմանները, առաջիններուն առընթեր կ՚կենան, կարծես սուտասպաս պատմութեան հեղինակները իրենց անսուտ վկայութեամբը դատելու եւ դատապարտելու համար [6] ։

Սակայն բոլոր ասոնք ալ պիտի մէկ կողմ թողունք, եւ իր իսկ խօսքերէն եւ հաւատացած դէպքերէն պիտի քաղենք ապացոյցները, Բանկալաթիի գերեզմանատան կաթոլիկաց գերեզմանատուն մը չըլլալուն։

Հ. Գալէմքեարեան մեզի կ՚հաւաստէ թէ «մինչեւ այսօր քսան հազարէ աւելի հայերէն նամակներ աչքէ անցուցած (է) հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 1845 թուականն ազգային դիւաններու մէջ, եւ կարող է հաստատել որ շատ բաներ քաղած է, ի մէջ այլոց, կաթողիկէ Հայերուն մեռեալներուն ցոյց տրուած պժգալի անարգանքներու մասին, սակայն եւ ոչ մէկ տեղ հանդիպած է որ իրաւունքի կամ շնորհքի խնդիր մ՚եղած ըլլայ»։

Մինչեւ  1830 կատարուած թաղումներուն համար պատճառը շատ բացայայտ է։ Հայոց Պատրիարքին համար ուրիշ Հայութիւն մը կամ տարբեր հատուած մը չկար, անոր դէմ արգելք ըլլալու համար։ Ամենքն ալ Հայ էին եւ իր իրաւասութեան ենթակայ։ Միայն անոնք որ այդ իրաւասութիւնը կ՚ժխտէին եւ կ՚ուրանային, լատին եպիսկոպոսներու իրաւասութեան անցնելով, անոնց թաղումը բնաւ չէ արտօնած, - բայց եթէ ճնշման տակ- եւ հաւանական է որ անոնք թաղուած ըլլան Լատինաց գերեզմանատունը։

Եւ այս այսպէս ըլլալուն փաստը բարեբախատաբար Հ. Գալէմքեարեան ինքն է  որ կ՚հայթայթէ. Ահա իր բառերը.

«Հայ Պատրիարքներն ու կղերը, հալածանքներու օրեր կաթողիկէ հայ մեռեալը շաբաթներով թաղել ուզած չեն, մինչեւ որ մեռելոյն ընտանիքն իր հաւատաքը չնզովէ եւ իրենց դաւանութիւն չտա, [7] եւ այն ատեն ալ «ղարիպ» տէրտէր մը միայն ղրկած են վնասուած պատգարակով (ճաղ) մը, եւ ուրիշ անարգանքներ հասուցած, բայց այն գերեզմանատունը թաղուելու իրաւանց խնդիր եղած չէ»։ [8]

Եւ ինչո՞ւ ընէին։ Ո՞չ ապաքէն անոնք այդ գերեզմանատան մէջ թաղուելու համար կ՚ուրանային իրենց Կաթոլիկ ըլլալն եւ Հայ ըլլանին կ՚խոստովանէին եւ կ՚կեղծէին, ճիշդ ինչպէս որ Մխիթարեանց նախորդ սերունդն իր Կաթոլիկութիւնը ծածկելու համար իր հրատարակած գիրքերուն վրայ փոխանակ Պապին անուանը՝ ժամանակին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներուն անունը կ՚զետեղէր, եւ ասով իր բուն գոյնը կ՚ուրանար։ Ասկէ աւելի ի՞նչ զօրաւոր փաստ կ՚փնտռուի հաստատելու համար թէ այդ գերեզմանատունն Հայոցն էր եւ հոն թաղուելու համար Հայ Եկեղեցւոյ պատկանիլը բացարձակ պայման էր։ Իր մէջ բերած միւս օրինակներն ալ, աւելի մանրամասնութիւններ կուտան այս ճշմարտութեան ի նպաստ։ Այսպէս, 1779ին Խուլէլի օղլու Աբրահամ Ամիրայի եղբօր աղջկան թաղումն ի ձեռն Հայ կղերին՝ ֆրանսական դեսպանին ազդեցութեամբը Բ. Դրան ճնշման եւ սպառնալիքին տակ կատարուած է։ Հետեւաբար ասիկ իբր փաստ կարելի չէ գործածել։

  1781ին Տնկըռեան Խօճայ Գրիգորի, Հայոց Պատրիարքին կողմէ թաղման հրամանագիր զլացուիլը, եւ անոր մարմինը ծով նետել տալու չափ առաջ երթալը դարձեալ փաստ մ՚է թէ Հայերը մեծ յօժարութեամբ մը չէ որ ընդունած են Կաթոլիկ Հայ մեռեալներն իրենց գերեզմանատան մէջ։

Հ. Գրիգորիս վարդ. Գալէմքեարեան ինքն է որ կ՚նկարագրէ թէ Պատրիարքին ընդդիմութեան առջեւ ճարահատ ի՞նչպէս «Գաղղիացւոց ձեռօք պատգարակ մը ձեռք կ՚բերեն եւ բազմութեամբ յուղարկաւոր կաթողիկէ Հայերու, Լատիններու եւ Եւրոպացիներու Պէյօղլուի գերեզմանատունը կ՚բերեն մեռեալը» եւ թէ ինչպէս Հայոց Պատրիարքին կարգադրութեամբ այնտեղ հաւաքուած էին դատաւորական մարդիկ եւ «պոսթանճի պաշիք» եւ անթիւ Հայազգի «բոկոտն սինլքոր»։

Հոն « պաշտօնեաները թաղումը կ՚արգելուն հրամանագիր եւ հայ քահանայ միասին չգտնուելուն »։ Ուրեմն Հ. Գալէմքեարեան Վ. ինքզինքին կ՚հակասէ, Բերայի գերեզմանատունը Հայ կաթոլիկներու սեփականութիւն եւ անարգել գործածութեան յատկացեալ ցոյց տալով, մինչ կ՚տեսնուի թէ ընդհակառակն հոն թաղուելու առաջին պայմանն էր Հայ ըլլալ ։ Եւ «զուտ կաթողիկեայ» կամ ամբողջովին «ուղղափառ» բնակիչներու յատկացեալ, Բերայի մէջ կ՚գտնուին Հայեր որք այս իրաւանց բռնաբարման դէմ կ՚կանգնին, բուռն ընդդիմութիւն մ՚՚ընելով, կաթոլիկ այդ Հայուն բռնի իրենց գերեզմանատան մէջ թաղման դէմ, եւ այնքան սաստութեամբ որ հազար զինուորներ հազիւ կրնան կռիւին առաջքն առնել, երբ արդէն երկուստեք բազմաթիւ ծանր ու թեթեւ վիրաւորեալներ եղած էին։ Գիշերը միայն զինուորական հսկողութեան տակ կարելի կ՚ըլլայ թաղել մեռելը, դեսպանին բողոքին վրայ։

Եթէ Հայ-կաթոլիկներունն էր այդ գերեզմանատունը, ինչո՞ւ այս ընդդիմութիւնը։ Ո՞չ ապաքէն անոր համար որ անոնք ո՛ եւ է՛ իրաւունք չունէին հոն, եւ բնաւ չէին կրնար հոն հիւրընկալուիլ. եթէ քաջութիւնն ունենային իրենց դաւանութիւնը խոստովանելու։

Կեղծիքով թաղուածները բնական է թէ իրաւունք մը չեն կրնար ստեղծել, եւ մենք տեսանք թէ մինչեւ 1800, Հայ եկեղեցիէն բաժնուողներուն այդ գերեզմանատան մէջ թաղումը բռնութենէն եւ ճշնումէն դուրս ուրիշ պարագայի տակ արտօնուած չէր։



[1]            Բիզանդիոն, 1911, ապրիլ 22 - մայիս 5, թիւ 4415։

[2]            Այս 9 պատրիարքներէն միայն վեց հատը իրենց պաշտօնին մէջ մեռած են, և միւս երեքը հրաժարելէ յետոյ մեռած են։

[3]            Ասոնցմէ հնագոյնները հաւանօրէն եկեղեցիներու մէջ թաղուած են, կամ Կ. Պոլիսէն դուրս ուրիշ պաշտօններու կոչուած են։ Իսկ շատերը անկարող, խայտառակ, ու անարժան երէցներ են, որք կաշառքով պաշտօն կորզած են եւ ապահովաբար զիրենք վանողներուն կողմէ աքսորի ենթարկուած են եւ Կ. Պոլսէն հեռացած։ Հետեւաբար շատ զարմանալի չէ ասոնց մահն անյիշատակ մնացած ըլլալը։ Հաւանական է նաեւ որ թաղուած ըլլան զանազան գերեզմանատուններ։

[4]            Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 25- մայիս 8, թիւ 4417։

[5]            Պալճեան, Պատմութիւն Կաթողիկէ վարդապետութեան ի Հայս, 1878, էջ 164։

[6] [6]          Վերը յիշուած բոլոր եկեղեցականներուն տապանաքարերուն ընդօրինակութիւնները հրատարակուած ըլլալով 1896ին Բիւզանդիոնի մէջ (Տես Ա. տարի թ. 184) Յովհ. Թաթարեանի ձեռքով, աւելորդ համարեցինք վերստին կրկնել։

[7]            Ստորագծումները մերն են։

[8]            Բիւզանդիոն, 1911, ապրիլ 26 - 9 մայիս, թիւ 4418։