«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՐԻԶՈՒՀԻՆ

Շատ սիրուն, շատ նրբին, վայելուչ՝ ի՛նչ դասակարգի ալ որ պատկանի, սրամիտ, զուարթ, հաճոյակատար, առաջին տեսքով այսպէս կը ներկայանայ Բարիզուհին։

Իր գլխաւոր մտահոգութիւնը հաճելի ըլլալը, հրապուրելն է եւ որուն մէջ գերազանց յաջողութեան մը կը հասնի, ինչ որ յատկանշական է այս մասին՝ այն է թէ նպատակ չունի յաճախ այս ինչին կամ այն ինչին հաճելի ըլլալ, այլ ամենուն, նոյն իսկ անցորդներուն, նոյն իսկ երբ մինակ է։

Հաճելի ըլլալու այս յարատեւ բաղձանքն է որ միտքը առթուն կը պահէ միշտ եւ ինչ տարիքի մէջ ալ գտնուի՝ իր անձին խնամքը, մաքրութիւնը, արյուդարդը իր գլխաւոր զբաղումը կը մնայ։

Գործաւորուհիները, օրականով ծառայողներն իսկ իրենց ամենապարզ հագուստներուն մէջ չեմ գիտեր ինչ մը ունին, միշտ լաւ յարդարուած, կոկիկ, զգուշաւոր, աշխատասէր։ Հոս կը ներկայացնենք միջին տիպարը որովհետեւ ընկերական երկու ծայրերը   ամեն երկիրներու մէջ իրարու կը նմանին իրենց մոլութիւններով եւ առաւելութիւններով, շատ հարուստ դասակարգը շարունակական ճամբորդութիւններով եւ օտարներու հետ հաստատած խնամութեամբը, իսկ ռամիկ դասակարգը ամէն երկրի մէջ միեւնոյն պայմանին՝ այսինքն ծայրայաղ թշուառութեան մէջ ապրելով։

Բարիզցի գործաւորուհին շատ աշխատասէր է. առաւօտուն կանուխէն մեքենայի պէս լարուած գործին գլուխն է մինչեւ իրիկուն. ասիկա ձանձրոյթ չի պատճառէր իրեն, իր կեանքին անհրաժեշտ մաս կը կազմէ գրեթէ. մանաւանդ նախանձախնդիր իր անհատականութեան կ’ուզէ իր առանձին աշխատութիւնը ունենալ, իր հաշիւը, իր կեանքը, քիչ անգամ ծնողքին հետ համաձայն կ’ապրիլ. եթէ ծնողքը Բարիզ են, անոնց բնական հսկողութիւնն իսկ ծանր կուգայ իր դիւրաբեկ անձին, քիչ մը շատ դիւրաբեկ իրաւ է իր բարոյականն ալ. փոփոխամիտ եւ պերճանքի ծարաւի. միւս կողմէ չարաչար շահագործուած՝ գործարանապետներէն աշխատասէր եւ պարկեշտ գործաւորուհին շուտով կը փոխուի ծոյլ եւ յափրացած պչրուհիի մը. ատիկա իր պրկուած եւ տենդոտ կեանքին բնական հակազդեցութիւնն է։ Իր առաջին երիտասարդութեան մէջ Բարիզցի գործաւորուհին շատ պարկեշտ է. ամենէն սեւ թշուառութիւնը կը նախընտրէ նոյն իսկ յաճախ անձնասպանութիւնը, դիւցազնական կորով մը ունի մարտնչելու անօթութեան, հիւանդութեան, նոյն իսկ մահուան դէմ, բայց երբ տարիները կը գլորին եւ կը տեսնայ իր ընկերուհիներուն մէկիկ մէկիկ հեռանալը աշխատանոցէն, երբ մանաւանդ եթէ գեղեցիկ է եւ իր ականջին փսփսացողները զինքը կը կախարդէեն հրապուրիչ խոստումներով, հետզհետէ ձեռքերը կը դանդաղնեն գործէն, քունը ծանր կ’ըլլայ առաւօտները և օրին մէկ գործապետին անիրաւ մէկ պահանջէն մտրակուած ինք ալ իր կարգին աշխատանոցը կը թողու. յուսախաբ, հոգինին նողկանքով լեցուն ոմանք կը վերադառնան աշխատութեան, շատերը կը կորսուին։ Ուսանողները կը ճանչնան այս խեղճ աղջիկները, բարի, ազնիւ սրտով եւ վեհանձն որ իրենց բարեկամներուն գէշ եւ աղէկ օրերը կը բաժնեն շատ մը օրինաւոր ամուսիններու, օրինակելի հաւատարմութեամբ. բնաւ պահանջկոտ, խնամոտ եւ անձնուէր յայտնի է թէ բոլորովին ուրիշ կեանքի մը սահմանուած աղջիկներ են։ Մեծ մասամբ երիտասարդ կը մեռնին. տժգոյն, անարիւն, ջղագրգիռ. մէկ քանի տարուան վաղանցիկ կեանքով մը կ’ապրին։ Բարեկամ մը որ երկու տարիի չափ բացակայ եղած էր։ Բարեկամ մը որ երկու տարիի չափ բացակայ եղած էր Բարիզէն կ’ըսէր թէ իր բնակած թաղին մէջ ծանօթ աղջիկներէն ոչ ոք մնացած էր. գաւառներէն ամէն օր երիտասարդուհիներու հոսանք մը կը հասնի եւ աներեւութացողներուն տեղ շուտով կը լենայ։

Գործաւորին կինը յաճախ ինքն ալ աշխատաւոր՝ չափազանց ընտանեսէր է. միշտ մաքուր, կոկիկ ինքն ալ իր կարգին ունի պերճանքի բաղձանքը։ Ֆրանսացի կինը շատ որոշ գիտակցութիւնը ունի իր կացութեան եւ ինչ որ ալ ըլլայ այդ կացութիւնը, չամչնար անկէ։ Միւս կողմէ կը ճանայ զայն բարւոքել եւ հոտ է իր փառասիրութիւնը. որքան ալ բարձրանաք սանդուղներէն վեր, մանսարտ ին մէջ իսկ նոյն զգացումը կը գտնէք։ ֆրանսացիներէ լսած եմ թէ գաւառի մէջ սքանչելի մայր՝ Բարիզի մէջ ֆրանսացի կինը արտաքին գործերով զբաղած կորսնցուցած էր մայրական զգացումը. արդարեւ ապացոյցը յաճախ տեսած եմ ասոր. իրենց զաւակները կը հեռացնեն անմիջապէս իբրեւ ապրելու եղանակին խանգարող տարր մը, իրենց ազատութիւնը կաշկանդող բեռ մը. մեծ թուով տղաքներ ստնտուի կը յանձնուէին քաղաքէն մէկ երկու ժամ (շոգեկառքով) հեռաւորութեամբ եւ հոն իրենց մայրենի խնամքներէն եւ հսկողութենէն զուրկ շատերը կը մեռնէին. բարեբաղդաբար Բարիզցի կինը սկսած է հասկնալ թէ իր զաւակը իր ամենէն գլխաւոր զբաղումը պէտք է ըլլայ եւ եթէ կ’ուզէ որ անիկա ապրի, պէտք է իր քովը պահէ։

Ֆրանսացի կինը պահպանողական է. իր տոհմային կատարելութիւնները եւ մոլութիւններն ալ կը պահպանէ կուրօրէն. ինչ որ օտար է, կասկածելի է իրեն համար. մտքի եւ դիրքի ազնուականները éliteը մէկ խօսքով միայն մատչելի է օտար գեղեցկութեանց եւ կը քաղօ ինչ որ գտնայ նոր եւ գեղեցիկ առանց փոյթ ընելու թէ ուրկէ կուգայ անիկա բաւական դաստիարակուած կիներ նոյն իսկ տարրական գաղափար մը չունին օտար երկիրներու վրայ։

Բարիզ ուսանողուհի գրեթէ չարտադրեր. համալսարանները որ խոճողուած են օտար ուսանողուհիներով հազուադէպ է եթէ Բարիզցի մը ունենան. անիկա շատ բան գիտնալը իմաստակութիւն կը համարէ արդէն, սիրուն տգիութիւն մը կանացի հրապոյր մը կը կատատէ, տեսակ մը տկարութիւն, միշտ այր մարդուն կրթնելու պէտքը. féminismeը ամենէն քիչ զբաղեցուցած է Բարիզցին. ի՞նչ փոյթ իրեն այր մարդուն գերազանցութիւնը, իր իրաւունքներուն պահանջը քանի որ բնազդով կը զգայ թէ ինք գերազանցապէս տէրն է անոր, միշտ մնալով յաւիտենական հրապուրողը, միշտ կին, պաշտելի, ճկուն, գեղեցիկ իր անձին վայելուչ շնորհներով, իր ժպտուն դէմքով, նոյն իսկ իր ունայնաբանութիւններով։

Ընթերցասէր բայց մանաւանդ վիպասէր՝ չափազանց կ’ազդուի կարդացած գիրքերէն. գրագէտը կամ արուեստագէտն է որ կը ստեղծագործէ բարիզուհին. այնպէս որ կնոջ մը արդուզարդէն, ապրելու եղանակէն, խօսուածքէն կարելի է հասկնալ թէ ինչ կը կարդայ եւ անկէ դատել իր մտաւորական վիճակը։

Բարիզուհին յաճախ արուեստագէտ է բայց աւելի կատարելութեամբ՝ արուեստագէտի կին։ Օտարները ընդհանրապէսկը սխալին բարիզցի կնոջ վրայ. առիթ ունենալով դիւրահաղորդ կիներ ճանչնալու մի միայն՝ յաւակնութիւնը ունին կարծելութէ բոլոր կիները թեթեւաբայրոյ են. ընդհակառակը, Բարիզուհին շատ պարկեշտ է. ընտանիքը այնչափ աւելի խստութեամբ պաշտպանուած է որքան միջավայրը վտանգից. օտար մը շատ դժուարաւ մուտ կը գտնէ ընտանիքներու մէջ. տունին բարեկամը, տանը անդամը կը համարուի գրեթէ եւ հետեւաբար շատ խոհեմութեամբ ընտրուած. ի նկատի առնելու որ ֆրանսացի կնոջ պարկեշտութիւնը անով աւելի արժէք ունի որ ոչ իրեն քաջութիւն կը պակսի հակառակը ընելու, ոչ ալ հրապոյրը. իր պարտականութեանց որոշ գիտակցութիւնը եւ մանաւանդ արժանապատուութեան զգացումն է որ զինքը հարստատ կը պահէ իր իրաւունքներուն մէջ։ Սակայն շատ սիրալիր՝ այրերուն հետ ձգողական բան մը ունի իր բարեկամութեանց մէջ, տեսակ մը մասնաւոր հրապոյր, ինչո՞ւ չէ, նոյն իսկ սեռարու տարբերութենէն յառաջ եկած, ոչինչ բան մը բաշ գրաւիչ, qui n΄engage á rrien, եւ որ սակայն հաճելի կը դարձնէ կեանքը. կինը կը պահէ, հետեւաբար հրապուրելու գեղեցիկ մնալու տենջանքին մէջ եւ էրիկ մարդուն կուտայ գորովագին վերաբերում մը կնոջ մասին. այդպէսով բարեկամներու կեանքը փոխադարձաբար թանկագին կը դառնայ եւ յարաբերութիւնները անկեղծ, առանց վերապահումի. բանաստեղծական մելամաղձոտութիւնը (?) որ այնքան զոհեր կ’ընէ մեր մէջ ջլատելով երիտասարդական եռանդը եւ կեղծիքի մէջ խեղդելով մեր աղջիկներուն շարժումները, խօսուածքը, նայուածքը եւն., անծանօթ է իրենց. այդ chicը չեն ճանչնար եւ իրենց ամենէն ատած բանը կեղծ ռոմանթիզմն է եւ իմաստակութիւնը։

Պատշաճութեանց զարգացումը ունին շատ մեծ չափով եւ ըստ այնմ կը կարգադրեն իրենց կեանքը. օրինակի համար առնենք Բարիզուհի մը եւ ենթադրենք թէ գրագէտի մը կինն է որ միջակ նիւթական կացութիւն մը ունի. անիկա élégante է. համեմատաբար ջնջին գումարներով զանազան արդուզարդեր ստեղծելու գաղտնիքը ունի. ինքը կը պատրաստէ հագուստները. թէեւ կարի եւ ձեւի դաս առած չէ. բայց համոզուած է թէ ձեւել գիտնալկ բաւական չէ աղուոր հագուստ մը շինելու համար մինչդեռ ճաշակը ամէն բան է. նորաձեւութեան տետրակի պէտք չունի, անիկա կը թողու իր գաւառացի քոյրերուն միամտութեան, չես գիտեր ինչպէս կը ստանայ պէտք եղած տեղեկութիւնը, գրեթէ կը գուշակէ օրուան նորութիւնը. (պէտք է խոստովանիլ թէ միջավայրը մեծապէս կը նպաստէ ասոր) միւս կողմէ խելք կը հասցնէ ամուսնոյն գործերուն. մանրամասնաբար գիտէ թէ ի՛նչ գործ պատրաստելու վրայ է, թէ քանի օրէն կրնայ վերջանալ. որոնք են իր ամուսնոյն բարեկամները, թշնամիները, անոր յաջողութիւնները զինքն ալ կը յուզեն. եւ նոյն անհամբեր շտապումը ունի իր գործերուն գնահատման. աշխատութեանը կ’օգնէ եթէ կարելի է, ամեն պարագային անոր տքնութիւնները կը թեթեւցնէ իր ներկայութեամբը, եթէ նիւթական դժուարութիւն մը վրայ գայ, իր խնամքները կը կրկնապատկէ կարելի եղածին չափ զգալի չընելով հասոյթին ժամանակաւոր պակասութիւնը. կերակուրը ինքը կը պատրաստէ, շուտով, առանց ժամանակ կորսնցնելու եւ առանց աղտոտուելու։ Կէս օրէն ետքը այցելութեանց կը պտտի եւ իր բարեկամուհիներուն հետ կը խօսակցի տանթէլի, ժապաւէնի, Լուվրի մէկ ցուցադրութեան, Durand-Ruelի նոր պատկերներուն, նոր հեղինակի մը, վէպի մը վրայ առանց դժուարութեան անցնելով սնոտի բաներէն ամենէն լուրջ միտքերը զբաղեցնող հարցերուն։ Տուն կը վերադառնայ իր ընթրիքը պատրաստելու եւ յետոյ ամուսնոյն կ’ընկերանայ երեկոյթի մը կամ անոր հիւրերը կ’ընդունի. ի՛նչ նիւթի վրայ ալ խօսակցին չի նեղանար եւ տարօրինակ ճկունութեամբ մը ոչ միայնկը մասնակցի խօսքի այլ եւ կը ջանայ ուշադրութիւնը իր վրայ կենդրոնացնել, անկիւնի մը մէջ մոռցուիլը՝ ամենէն մեծ նախատինքն է իր համար եւ ճիշդ ասոր համար կը ջանայ իր ընդունած հիւրերուն մակարդակին բարձրանալ. իր ամուսնոյն ներկայութեան, ժամադրութիւններ կուտայ հետաքրքրութիւնը գրգռող բան մը տեսնելու, ցուցահանդէս մը նոր թատերգութիւն մը, եւն. օտար դերասան մը, եւ ասոր համար այլ ու կին նախանձի scèneեր չեն ունենար, ինչպէս եթէ ծանօթի մը հանդիպի դուրսը իր մէկ բարեկամին հետ չի վախնար բամբասուելէ, մէկ խօսքով կեանքը կը վայելէ լի ու լի անկէ քաղելով հաճոյքի, յուզումներու ամբողջութիւնը, առանց զրկելու նաեւ իր շուրջը գտնուողները երջանիկ ապրելու իրաւունքէն։