ՄԵՐ
ԿԻՆԵՐՈՒՆ
Երբ
ի
նկատի
առնենք
բոլոր
աշխարհի
մէջ
կիներու
հետզհետէ
կարեւոր
գործակցութիւնը
գործունէութեան
ամէն
ճիւղերուն
մէջ՝
բնականաբար
անմիջապէս
մտքերնիս
կը
սեւեռին
մեր
կիներուն
վրայ
եւ
ինքնաբերաբար
կարեւոր
հարցում
մը
երեւան
կուգայ.
–
Ի՞նչ
կ’ընեն
մեր
կիները։
Արդարեւ
ի՞նչ
կ’ընենք
մենք,
երբ
մեր
քոյրերը
ուրիշ
երկիրներու
մէջ
ամէն
բան
կ’ընեն
իրենց
անհատականութիւնը
եւ
իրենց
ուրոյն
ջանքերը
բերել
աւելցնելու
համար
այրերու
գործունէութեան,
գիտական,
գրական,
մարդկային
ու
բարոյական
աշխատութիւններու
մէջ,
որոնցմով
միայն
է
որ
քաղաքակիրթ
երկիրներ
տակաւ
կը
յառաջդիմեն։
Կը
բաւէ
աչքի
անցընել
այս
մասին
ո
եւ
է
եւրոպական
հրատարակութիւն
կամ
կազմակերպուած
բարեսիրական
եւ
կրթական
գործ
մը,
անմիջապէս
անդրադառնալու
համար
թէ
ի՛նչ
կարեւոր
բաժին
մը
կ’իյնայ
կիներուն.
Ֆրանսայի
մէջ
տիեզերական
խաղաղութեան
համար
առանց
մասնաւոր
կոչի
մը
սպասելու
կիները
միացան
եւ
ընկերակցութիւն
մը
կազմակերպեցին
Իշխանուհի
Վիցնիեվսքաի
նախագահութեամբ.
Տրէյֆիւսի
գործին
ամէնէն
տաք
օրերուն,
կիները
իրենց
կարծիքը
ունեցան
եւ
զայն
յայտնեցին
իրենց
մասնաւոր
օռկանին
միջոցաւ
եւ
այդ
հսկայ
գործին
մէջ,
ուր
շատ
մը
կողմնակիցներու
եւ
հակառակորդներու
շահերը
վտանգի
մէջ
էին,
անոնց
կարծիքը
լրջօրէն
ի
նկատի
առնուեցաւ
եւ
մեծ
կշիռ
ունեցաւ
ինքնին.
այս
կարեւոր
գործերէն
զատ
օրագրութեան
մէջ
Սէվըրին,
Պռատապանդ,
Ժիբ
եւ
այլն
գլուխ
կը
բռնեն
շատ
մը
այր
աշխատակիցներու
մէջ
եւ
ինքզինքնին
մտիկ
ընել
կուտան
կամ
արիաբար
կը
պաշտպանեն
առաջադրած
խնդիրները.
հանդէսներու
եւ
մատենագրութեանց
մէջ
հետզհետէ
կին
գրողներ
կարեւոր
տեղ
մը
սկսած
են
գրաւել
այնքա՛ն
իրենց
մասնաւոր
յատկութիւններով
որքան
իրենց
թուովը.
Անգլիոյ
մէջ
կին
վիպագիրները
առաջնութեան
կարգը
սկսած
են
ունենալ,
օրագրութիւնը
եւ
գրական
ուրիշ
ճիւղերն
ալ
կը
վայելեն
անոնց
աջակցութիւնը։
Իրենցմէ
Մէկը
Մարի
Վօլսթօնէքրաֆ
իր
նշանաւոր
գործին
մէջ
կը
յայտարարէ
արդէն.
«Կինը
աշխարհ
չէ
եկած
մինակ
հաճելի
ըլլալու
համար,
կինը
ծնած
է
իր
խելքը,
մտային
բարոյական
եւ
ֆիզիքական
յատկութիւնները
զարգացնելու
համար։
Ինքզինքնին
յարգող
բոլոր
կիներուն
իտէալը
մինակ
հաճելի
ըլլալը
պէտք
չէ
ըլլայ
այլ
երկրիս
վրայ
բարերար
տարր
մը
ներկայացնելը»։
Կը
բաւէ
աչքէ
անցընել
անգլիացի
կնոջ
եռանդագին
եւ
խանդավառ
գործունէութիւնը
հասկնալու
համար
թէ
իրաւամբ
այդ
եղած
է
իր
իտէալը.
կրօնական
հաստատութիւններ
մաքրակրօնութեան
անուան
ներքեւ
կազմակերպուած՝
անմիջապէս
ընդունած
են
կնոջ
աջակցութիւնը
եւ
հոն
կը
տեսնենք
թէ
անոնք
մեծ
չափով
մը
սատարած
են
աղջիկներու
դաստիարակութեան
եւ
բարեսիրական
շատ
մը
գործերու
մէջ։
Ժամանակակից
հրատարակութիւն
մը
սապէս
կ’որակէ
զիրենք.
«մաքրակրօններու
կին
անդամները
ընկերական
ամէն
կարգի
խնդիրներու
մէջ
գործունէութեան,
շնորհի,
լրջութեան
եւ
ազնուականութեան
առասպելական
համբաւ
մը
ունեցած
են
երկայն
ատեններէ
ի
վեր
եւ
այդ
համբաւին
բոլորովին
արժանի
եղած
են»։
Ուրիշ
բարեսիրական
ընկերակցութիւններու
պատկանող
կիներ
յանձն
յառնեն
բանտերը
այցելել
եւ
կին
յանցաւորները
փրկել
իրենց
բարոյական
անկումէն,
աշխատութեամբ
եւ
առողջարար
զբաղումներով.
գաղթականութեանց
մէջ
իրենց
դերը
այնքան
կերեւոր
է
որ
ամէնէն
վատառողջ
եւ
դժուարընտել
երկիրներու
համար
կիներ
պարտական
կըզգան
ինքզինքնին
missionներ
կազմելու
եւ
շատ
անգամ
իրենց
կեանքը
վտանգի
դնելով
կ’երթան
հեռաւոր
երկիրներ
իրենց
խաղաղարար
եւ
քաղաքակրթիչ
գործին
համար։
Սլաւ
ցեղերուն
մէջ
ալ
կիները
իրենց
գործունէութեամբ
յայտնի
կերպով
վեր
կը
բռնեն
իրենց
դիրքը։
Եւրոպական
ամէն
բարձրագոյն
դպրոցներու
և
համալսարաններու
մէջ
ռուս
և
բոլոնիացի
ուսանողուհիներ
գերազանցապէս
կ’արդարացնեն
իրենց
ընկերական
կացութիւնը,
մինչ
իրենց
երկրին
մէջ
իսկ
զմայլելի
տիպարներ,
ինչպէս
կոմսուհի
Տաշքօֆ
(ատենապետուհի
Ակադեմիայի)
իշխանուհի
Վոլքօնսքի,
կոմսուհի
Ռօթօրշին,
Ժիւլի
Ժատովսքի,
Ալեքսանդրա
Զմիռնօֆ
եւ
այլն
նշանաւոր
կը
հանիդսանան,
ըլլա՛յ
իրենց
հեղինակութիւններով
ըլլա՛յ
իրենց
բարձր
դիրքէն
օգտուելով
գրական
սալօններ
կազմակերպելով,
եւ
ասով
իսկ
աջակցելով
տաղանդաւոր
կիներու
որոնք
թերեւս
մինակ
մնացած
մասամբ
չեզոքանային։
Գիտական
աշխարհին
մէջ
ոչ
նուազ
կարեւոր
տեղ
մը
գրաւած
են
ռուս
կիները.
առաջին
բժշկուհին
Ռուս
մը
եղաւ
Տիկին
Սուսլօֆ,
համեստ
կացութեան
տէր
ծնողքի
զաւակ
եւ
որ
ամէն
բան
կը
պարտէր
իր
անհատական
ուժին
եւ
հզօր
կամքի
մը.
բայց
Ռուս
կնոջ
ազդեցութիւնը
զգալի
է
մանաւանդ
կրթական
գործին
մէջ.
համեստ
վարժուհիներ
միանալով
եւ
իրենց
անպայման
անձնուիրութիւնը
ունենալով
միակ
դրամագլուխ,
գործած
են՝
կրթութիւնը
մաիչելի
ընելու
համար
ամէնուն
եւ
կիրակնօրեայ
դասեր
եւ
այլն
հաստատելով.
իրենց
խանդավառութիւնը
այնքան
մեծ
է
որ
երիտասարդ
աղջիկներ
ամենաջնջին
վարքերով
հեռաւոր
գաւառներ
կ’երթան
եւ
ուր
կ’ստիպուին
շատ
հեղ
առաջին
անգամը
ըլլալով
այբուբէնը
սովրեցնել.
այս
նպատակաւ
է
որ
«ժողովուրդին
զարգացմանը
համար»
կազմակերպուած
ընկերակցութեանը
մէջ,
անդամներէն
շատերը
կիներ
էին
որոնք
հարկ
եղած
դրամագլուխը
կը
հայթայթէին
դիւրամատչելի
գիրքեր
հրատարակելու
համար.
նոյնպէս
Ֆինլանտայի
մէջ
կրթութիւնը
կնոջ
ձեռքն
է։
Գերմանիոյ
մէջ
ամէն
դասակարգի
կիներ
ձեռք
ձեռքի
կուտան
ի
նպաստ
գործաւորուհիներու
ընկերութիւններ
կազմակերպելու։
Տիկին
Գաուէր
է
որ
մեծ
եռանդով
աշխատակցեցաւ
վաճառակակական
institutի
մը
հաստատման
ուր
11.
000
երիտասարդ
աղջիկներ
կը
սորվին
զանազան
արհեստներ
եւ
ասով
աւելի
ուշ
կրնան
իրենց
օրապահիկը
ճարել.
միւս
կողմէ
տաղանդաւոր
կիներ
couféreuceներ
կը
կազմակերպեն
իրենց
դժբաղդ
քոյրերուն
ի
նպաստ
դնելով
իրենց
խօսելու
ձիրքը
եւ
անոնցմէ
ամէնէն
անհրաժեշտօրէն
պէտք
ունեցողներուն
օգնելու
համար.
Louise
Oftoի
թելադրութիւններուն
վրայ
է
որ
հարուստ
կիներ
գործաւորուհիներու
ընկերութիւնը
հիմնացին
ուրիշ
ոչ
նուազ
տաղանդաւոր
կիներ
կարեւոր
բարւոքումներ
կը
ստանան
աշխատող
դասակարգին
համար.
այսպէս
կարելի
է
թուել
գրեթէ
բոլոր
քաղաղակիրթ
երկիրներու
կիները.
Իտալիւյ,
Բորթուկալի,
Ամերիկայի,
Սպանիոյ
եւն.
մէջ.
Յօդուածի
մը
սահմանը,
շատ
անձուկ
է
կարենալ
իւրաքանչիւրը
իր
գործունէութեան
առանձին
հանգամանքներովը
ներկայացնելու
համար.
սակայն
ին
որ
սրտապնդող
երեւոյթ
մըն
է
ուրիշ
ցեղերու
գործունեայ
եւ
խանդավառ
կիներու
հսկայ
աշխատութիւնը
աչքէ
անցնելը՝
ընդհակառակը
գրեթէ
յուսահատութեան
պարագայ
մը
կը
դառնայ
երբ
ինքզինքնուս
հարցնենք
թէ
տիեզերական
այս
ընդհանուր
կանացի
գործունէութեան
մէջ
մեր
կիներուն
բաժինը
ի՞նչ
եղած
է։
Մեր
այս
յօդուածով
մեր
նպատակը
չէ
բնաւ
կոչ
մը
ընել
մեր
կիներուն
feminisme
ի
հարելու.
ընդհանրապէս
ո
եւ
է
formule
որ
ընկերական
այս
ինչ
ձեւը
կ’որակէ
իրեն
մէջ
խրտչեցնող
բան
մը
ունի
եւ
թերեւս
ալ
արդարացի
է
այդ,
որովհետեւ
ընդհանրապէս
այս
ինչ
կամ
այն
ինչ
մասնաւոր
վիճակին
կոչում
ընելով
այդ
վիճակին
ծիծաղելի
եւ
տգեղ
կողմերն
են
որ
կը
ներկայանան
մեզի
եւ
մեր
նպատակը
չէ
բնաւ
հոս
անանկ
ընկերական
վիճակ
մը
մէջտեղ
հանել
ուրկէ
ամէնէն
աւելի
ընտանիք
ը
պիտի
տուժէ,
ինչ
որ
արդէն
կնոջ
անմիջական
եւ
ամէնէն
նուիրական
գործունէութեան
ասպարէզը
կը
դաւանինք.
հոս
պէտք
ըլլայ
թերեւս
շեշտել
այս
կէտը
որովհետեւ
ինչպէս
ըսինք
արդէն
կրնանք
սխալ
հասկցուիլ
եւ
մեր
ընթերցողներուն
կարծեցնել
տալ
թէ
պիտի
ուզէինք
որ
մեր
կիներն
ալ
արտադրէին
այդ
ապասերուած
եւ
տգեղ
արարածը
որ
շատ
մը
քաղաքակրթեալ
երկիրներու
մէջ
feministe
անուան
տակ
վարժուած
ենք
տեսնելու,
ատիկա
անհրաժեշտ
բայց
տխուր
կողմն
է
կիներուն
զարգացման,
անոնք
տեսակ
մը
տուրքն
են
մարդկային
քաղաքակրթութեան
նուիրական
գործին
զոհուած.
մենք
պէտք
չունինք
մտաբերելու
նոյն
իսկ
այդ
տիպարը
որ
ամէն
փոխանցման
շրջանի
յատուկ
բայց
վազանցուկ
մէկ
արտադրութիւնն
է։
Ինչ
որ
անկեղծօրէն
պիտի
ցանկայինք
մեր
կիներուն
համար,
ինչ
դասակարգի
ալ
որ
պատկանին
եւ
ինչ
աստիճանի
ա՛լ
ըլլայ
իրենց
զարգացումը,
ամէնուն
իրենց
չափովը
աշխատիլը
պիտի
ըլլար
կրթական
եւ
բարեսիրական
գործերու
մէջ
եւ
այրերու
քով
իրենց
դերը
անհրաժեշտ
գւ
թանկագին
ըլլար.
այս
բաղձանքը
անո՛վ
մանաւանդ
կը
շեշտուի
երբ
աչքերնիս
պտտցնենք
մեր
շուրջը։
Մէկ
կողմէն
տղաքներ
որ
անօթի
եւ
գրեթէ
մերկ
դպրոց
կ’երթան,
անգործ
մնացած
կիներ
որոնք
այնքա՛ն
պէտք
պիտի
ունենային
աշխատելու.
փորձութիւններու
ենթարկուած
աղջիկներ
անոք
եւ
մինակ
իրենց
դժբաղդութեանը
մէջ,
հիւանդներ
որ
առանց
դարմանի
մը
մնան
եւ
շատ
մը
մանկիկներ
որ
կը
մեռնին
ըլլա՛յ
իրենց
ծնողքներուն
տգիտութեան,
ըլլայ
անոնց
չքաւորութեան
պատճառով,
միւս
կողմէն
զարգանալու
եւ
առողջ
դաստիարակութեան
մը
կարօտ
երիտասարդութիւն
մը,
ասդին
անդին
տաղանդներ
խամրելու
դատապարտուած
եւ
ամէն
օր
ամէն
ժամ
կարելի
է
հանդիպիլ
վերոյիշեալ
պարագաներէնմէկուն
եւ
դեռ
ուրիշներու
եւ
ամէն
անգամ
կարելի
է
խորհիլ
որ
թերեւս
շատ
մը
ցաւեր
ամոքուէին,
շատ
մը
բարոյական
եւ
կրթական
պէտքեր
գոհացուէին
եթէ
մեր
կիները,
ինչպէս
ուրիշ
երկիրներու
մէջ,
վեհանձն
ընթացք
մը
ունենային
եւ
իրենց
աշխատութիւնը
տային
այս
կարգի
գործերու։
Ինչպէս
ընտանիքին
մէջ
կնոջն
է
եւ
կը
մնայ
դաստիարակութեան,
խնամքի
եւ
անձնուիրութեան
դերը,
նոյն
իրաւունքները
եւ
պարտեկենութիւնները
ունի
եւ
մարդկային
ընկերութեան
մէջ.
ասոր
համար
է
թերեւս
որ
թէ՛
ինքնբերաբար
եւ
թէ
ընկերաբաններու
դրդումով
այդ
գործերն
են
որ
յանձն
առած
են
կիները
քաղաքակրթեալ
երկիրներու
մէջ
եւ
այնքա՛ն
գերազանց
կերպով
յառաջ
կը
տանին
մինչեւ
այսօր։
Հոս
տեղկ
չէ
մանրամասնօրէն
թուել
բոլոր
այն
բաները
որ
քիչ
մը
առաջ
յիշաց
նպատակներով
կիները
կրնան
կազմակերպել.
օրինակ
համար
աշխատանոցներ,
դիւրամատչելի
հրատարակութիւններ
տղոց
դիեցման
եւ
առաջին
խնամքներու
համար,
նոյն
իսկ
ժողովրդական
դասեր
եւն.
այս
գործը
աւելի
ձեռնհասութիւն
ունեցող
անձերուն
կը
պատկանի.
մեր
նպատակն
է
հոս
վեր
հանել,
գործունէութեան
պէտքը
ինչպէս
ըսինք
արդէն
մեր
ամէն
դասակարգի
կիներուն
համար։
Այլ
եւ
այլ
առիթներու
մէջ
փորձը
ցոյց
կուտայ
մեզի
արդէն
թէ
անոնք
շատ
օգտակար
կրնան
ըլլալ
եթէ
ուզեն.
արդ
պէտք
է
որ
ուզեն,
ասիկա
նուիրական
պարտականութիւն
մըն
է
որ
սակայն
կը
ծանրանայ
իրենց
վրայ
եթէ
գիտակցութիւնը
ունենալով
չուզեն
իրենց
պարտքը
կատարել։
Երբ
կը
տեսնենք
որ
ուրիշ
երկիրներու
մէջ
ամենաբարձր
դասակարգի
կիներ
վեհանձնութիւնը
կ’ունենան
տկարներուն
եւ
կարօտներուն
խորհելու
ինքզինքնիս
չենք
կրնար
արգիլել
նոյն
բանը
պահանջելէ
մեր
կիներէն
որոնք
այնքան
առիթներու
մէջ
կը
ձգտին
անոնց
նմանելու։
Գիտենք
նաեւ
որ
շատ
անգամ
պզտիկ
մղում
մը
բաւական
է
որովհետեւ
համոզուած
ենք
թէ
ինքնին
մեր
կիները
իրենց
սիրաբուխ
առատաձեռնութիւնովը,
իրենց
ընդոծին
բարութիւնովը
եւ
մանաւանդ
զարգանալու
շատ
մեծ
ընդունակութիւնովը
արդէն
գլխաւոր
յատկութիւնները
կը
ներկայացնեն.
եւ
ապահովաբար
ապագան
ցոյց
պիտի
տայ
որ
անոնք
մարդկութեան
համար,
այնքա՛ն
կերաւոր
եւ
թանկագին
դեր
մը
պիտի
ունենան
որքան
ունեցած
են
մինչեւ
հիմա
իրենց
ընտանիքներուն
մէջ։