«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ ԻՐ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Միշտ խնդրոյ առարկայ եղած է Ֆրանսացի կիներուն ձեռնպահութիւնը կնոջ իրաւունքներուն պաշտպանման խնդրին մէջ. բաց ի մէկ քանի մտաւորական կիներէն որոնք մեծ դեր խաղացած են կնոջ տիեզերական խնդրին մէջ, եւ առանց վհատելու ու կորովով պաշտպանած են զայն, ընդհանոր առմամբ Ֆրանսացին կինը պէտք չէ զգացած գործօն եւ անմիջական խանդավառութեամբ մը փարելու անոր։

Ասիկա չի նշանակեր թէ Ֆրանսացի կինը բուն իսկ ֆէմինիզմի թշնամի է. աւելի ճիշդը՝ այդ շարժումը զինքը անտարբեր կը թողու ու խաղաղ բարեացակամութեամբ մը կը հետեւի բոլոր այն աղմկալի միջոցներուն զորս կը գործածեն Եւրոպայի ուրիշ ցեղերու կիները եւ որոնցմով կը կարծեն ձեռք անցընել շատ մը ապագայ բարօրութեան ապահովութիւններ։

Ճշմարտութիւնը այն է թէ Ֆրանսացի կինը արդէն շատոնց նոյն իսկ նախնական ժամանակներէն գերազանցութիւն մը վայելած է ընկերական տեսակէտով. Ֆրանսայի պատմութեան առաջին շրջաններուն մէջ հռովմէական գրաւումէն առաջ կարելի է ըսել որ Ֆրանսացի կինը այդ շրջաններուն շատ աւելի իրական գերազանցութիւն կը վայելէր քան միջին դարերու մէջ ուր ասպետական անպայման պաշտումը կնոջ համար ձեւով մը զայն կրաւորական վիճակի վերածած էր, երբ փաղաքշանքներով, պաշտումներով եւ շողոքորթութիւններով շրջափակուած եւ արգիլուած էր, հետեւաբար իր բոլոր գործունէութիւնը եւ անհատական իրաւունքները խափանուած էին։ Արդէն կը տեսնենք որ հռովմէական գրաւումը՝ կնոջ վերաբերեալ խիստ օրէնքներով չէ զօրած այդ ցեղային բնազդը ջնջելու. եթէ ոչ յայտնի կերպով գոնէ կողմնակի միջոցներով Ֆրանսացի կինը մեծ դեր խաղացած է իր երկրին մէջ. Քրիստոնէութիւնը որ բոլոր Եւրոպայի քաղաքակրթութիւնը պիտի յեղաշրջէր կնոջ մը միջոցաւ մուտք գտած է Ֆրանսայի մէջ, աւելի ուշ, նոյն իսկ Միջին Դարու ամենախիստ եւ նախապաշարեալ միջոցին կիները ոչ միայն ինչպէս ըսինք պաշտամունքի առարկայ եղած են այլ նաեւ կրօնական հաստատութիւններ ապաստանած եւ յաճախ աբբամայրի ձեւին տակ իրենց խելքով, կարողութիւններով մեծ ծառայութիւններ մատուցած են եւ նշանակելի ազդեցութիւններ ձեռք անցուցած։

Ռընան իր մէկ գործին մէջ այս առթիւ կը բացատրէ նոյն իսկ թէ աբբամայրերը շատ մը առանձնաշնորհումներ կը վայելէին եւ իրանց կեանքի պայմանները բնաւ չէին համապատասխաներ այն ժամանակուան կուսանոցներուն խիստ եւ անաչառ պայմաններուն։ Աբբամայրերը իրենց գործունէութեան մէջ անկախ էին եւ ո և է ազնուական տիկնոջ մը ազատութիւնները ունէին իրենց կեանքին մէջ, անոնցմէ ոմանք ընդունելութիւններ կ’ընէին ժամանակակից ամենէն ազդեցիկ անձնաւորութիւններուն։ Մէկ խօսքով գաղղիական ցեղին մէջ իրենց պատմութեան սկիզբէն մինչեւ մեր ատենները շատ մը այլազան եւ իրարմէ տարբեր պայմաններու մէջ կինը իր գերազանցութիւնը պահած է երբեմն յայտնի եւ որոշ կերպով, երբեմն անուղղակի միջոցներով։ Այլ սակայն կնոջ ազդեցութիւնը բացարձակ հանգամանք մը առած է ԺԸ դարու մէջ միայն. մէկ խօսքով ԺԸ դարը կարելի է կնոջ դարը կոչել։

Երբ ի նկատի առնենք հզօր եւ դղրդող ազդեցութիւնը, որ ԺԸ դարը ունեցած է մեր ժամանակները կանխող իմաստասիրական եւ ընկերական հարցերուն վրայ, կը տեսնենք որ անուղղակի կերպով կիներն են որ կաղապարած, ձեւի բերած եւ եւ կազմաւորած են այն ժամանակի մեծ միտքերը։ ԺԸ դապու կիները հակառակ իրենց մեղրոտ եւ փափուկ երեւոյթներուն, հակառակ արուաստակեալ եւ չափազանց զգայնոտ բարքերուն, նոյն իսկ թերեւս զիրենք յատկանշող այդ բաներուն համար մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իրենց ժամանակակից իմաստասէրներուն եւ գրագէտներուն վրայ. այդ ազդեցութիւնը անշուշտ փոխադարձ է, ամբողջ Ֆրանսիայի ազնուականութեան մէջ, բարքերու եւ սովորութիւններու փոփոխութիւններ կ’ըլլան Վոլթէրի ձաղկումներուն, Տիտըրօի յանկարծական յայտնութիւններուն եւ Ռուսոյի խաղաղարար եւ դէպ ի բնութիւն վերադարձող ձգտումներուն ներքեւ. Բայց արդէն ժամանակակից բոլոր մտաւորականները կիներու ազդեցութեան ներքեւ են։ Յիշեցէք որ կ’ըսէ Թէն (La France Contemporaine) «Այս դարուս մէջ կիները դշխոներ էին, նորաձեւութիւնը կըստեղծէին, ընկերական շաշտը կուտային, խօսակցութիւնները կը վարէին, ուրկէ՝ գաղափարները, ուրկէ հասարակաց կարծիք. երբ զիրենք կը նշմարենք օրուան կեանքտ ասպարէզին մէջ, կրնանք վստահ ըլլալ որ այրերը իրենց կը հետեւին, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն հետ կը քաշէ բոլոր իր սալօնը»։ Նոյն բանը կ’ըսէ Քօլէ. «Կիները Ֆրանսայի մէջ այնքան գերազանցութիւն կը վայելեն, այնքան հպատակեցուցած են այրերը որ այս վերջինները կիներու միջոցաւ միայն կը մտածեն եւ կըզգան»։ Բնականաբար կնոջ տրուած այս մեծ կարեւորութիւնը ձրի չէ. կիները կըսկսին իմաստասիրական եւ գիտական ճիւղերու մէջ զարգանալ, եթէ իրենք են որ կը վարեն մեծ միտքերու հեղինակութիւնները, այդ դերին ոչ միայն կարող են այլ բոլորովին արժանի են։ Կոնքուռներու Կինը ԺԸրդ դարու մէջ գործը շատ գեղեցիկ եւ ընդարձակ ձեւով մը կը ներկայացնէ ասիկա։ Մարքիզուհիներ եւ կոմսուհիներ կը յաճախեն հռչակաւոր Ռօւէլ ի աշխատոնոցը հոն հետեւելու համար գիտունին ձեռնարկին (ադամանդը հալեցնել եւ շոգիացնել)։ Ընկերութիւններ կը կազմուին որոնց նպատակն է քիմիական եւ զգիտական զանազան ճիւղերու հետեւիլ։ Մարգիզուհի տը Վուաեէ անդամահատութեան մը ներկայ կը գտնուի եւ երիտասարդ կոմսուհի տը Քուանեի ալ երեք անգամ անձամբ կ’անդամահատէ (Taine, La France Contemporaine)։

Հոս երկար պիտի ըլլայ թուելը բոլոր այն մտաւորական եւ ընկերային գործունէութիւնները որոնց մէջ գերազանց յաջողութիւն մը ձեռք անցուցած են առանց դժուարութեան, առանց պայքարելու պէտք ունենալու. իրերու այս վիճակը տեղի ունեցած է բնական ձեւով եւ առանց մէկ կամ միւս կողմէն դժուարութեան. ընդհակառակը այրերը իրենց ընթացքով եւ կիներու վերաբերման մէջ ցոյց տուած անպայման յարգանքով եւ կարեւորութեամբ ընդունած են անոնց գերազանցութիւնը, նոյն իսկ իբր շնորհ մը, գեղեցիկ եւ անհրաժեշտ բան մը. «Գիրք չկայ որ այն ատեն կիներու համար գրուած չըլլայ։ Ֆօնթընէլի Pluralité des mondesի գլխաւոր անձը մարքիզուհի մըն է։ Վօլթէր կը գրէ իր Métaphysipqeը եւ Essai sur les moeursը Տիկին Շաթըլէի համար եւ Ռուսօ՝ իր Emileը Տիկին տ’Էբինէւի համար, Քօնտիյյաք իր Traité de sensationը կը հեղինակէ օրիորդ Ֆէրրանի գաղափարներուն համաձայն։ Տիտըրօի ամենէն խորունկ մէկ գործին նիւթը խօսակցութիւն մըն է օրիորդ տը լ’Էսբինասի, տ’Ալամպէռի եւ Պօրտէօի միջեւ. գրեթէ բոլոր գործերը սալօնէ մը կ’ելլեն եւ կամ թէ սալօն մըն է որ ժողովուրդէն առաջ կը ծանօթանայ անոնց. այս բանը այնքան սովորութիւն դարձած է որ կը տեւէ մինչեւ 1789». (Taine, La France Contemporaine)։

Արդէն յայտնի կը տեսնենք որ Ֆրանսացի կինը շատ կանուխէն կը վայելէր այն առանձնաշնորհումները որ այս դարուս մէջ կիներու իտէալը կը կազմեն. եւ այդ՝ առանց աղմուկի առանց պահանջումներու բնական ձեւով մը։ Ինչ կարեւոր դեր որ ԺԸ դարուն ազնուական կինը կը կատարէր տակաւ առ տակաւ բաժինը եղաւ նաեւ ամէն դասակարգէ կիներուն. ոչ մէկ շրջանի մէջ, որոշ կ’երեկի թէ Ֆրանսացի կինը այր մարդուն հպատակած չէ եւ այդ վիճակին անպատեհութիւնները կրած չէ։ Բացի հռովմէական շրջանէն եւ Նաբոլէոնեան օրէնքներէն (որոնք դարձեալ հիմնուած են մեծ մասամբ, հռովմէական օրէնքներու վրայ) երկրին բարքերը եւ օրէնքները մեծապէս նպաստած այս բանին, անցնող դարու մէջ Ֆրանսացի կինը նախկին դերին մէջ շարունակած է. ամէն բաներու հակառակ եւ միշտ անիկա պահած է իր գերազանցութիւնը եւ միշտ բացարձակ ազդեցութիւն ունեցած է այր մարդուն վրայ։ Ֆրանսացի կինը պահպանողական՝ եւ բնականէն շատ զգուշաւոր՝ խրտչած է մէջտեղ գալու իր գործունէութիւնը ցուցադրելու եւ կամ ինքզինքով խափանելու իր շուրջի այրերը։ Ահաւասիկ Ֆրանսացի կնոջ այս յատկութիւնն է որ օտարներու կողմէ սխալ մեկնուած է եւ իրենց դատը առաջուց շահած ըլլալու ապահովութիւնթ անտարբերութիւն համարուած է։

Ֆրանսացի կինը գիտէ որ ամէն բան կրնայ ընել եւ կամ ամէն բան կրնայ ընել տալ այրերուն, եւ մինչ օտարազգի կիները ամէն ջանք կ’ընեն ինքզինքնին յառաջ քշելու եւ այրերուն բռնած տեղերը գրաւելու ինքը իր պուտուար ին մէջ խնամքով, սիրով եւ պաշտումով պարուրուած, միշտ խնկարկուած միշտ դարպասուած անձերէ՝ որոնք ի՛ր մէկ տարտամ փափաքին կըսպասեն հնազանդելու համար, միշտ հաստատ դարերու ընթացքին մէջէն անխախտ մնացած պատուանդանին վրայ ժպտելով եւ բարեացակամութեամբ կը հետեւի ուրիշներու ըրածին, փոյթ չէ թէ այդ ընթացքով անտարբեր համարուի կնոջ արժանապատուութեան եւ իր ձեռք բերելիք իրաւունքներուն։