Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Բռնաւոր մը կայ, որ գեղեցիկ անուան տակ ծածկուած` զմեզ գերութեան կը դատապարտէ նոյնիսկ այն առանձնաշնորհմանց մէջ, զորս մեր կամքն կը շնորհէ մեզ եւ որոց չհակառակիր օրէնքն։ Այս բռնաւորը բնութեան ալ կը հակառակի եւ թոյլ չտար անոր, որ ազատ համարձակ գործէ մարդ էակին վրայ։ Այս բռնաւորը քաղաքավարութիւնն է։ Այս բռնաւորին հակառակորդներն անկիրթ կ՚անուանուին յանիրաւի։

Այս քաղաքավարութիւնն քաշուելու բան չէ մանաւանդ անոնց համար, որ կը սիրեն եւ տրամադրութիւն ունին բնութեան օրինաց հետեւիլ եւ այս ընթացքով երջանկութիւն գտնել։ Հասկցնելու համար, թէ որչափ կը չարչարուին, կը հարստահարուին այս խեղճերն, արժան կը դատենք քանի մ՚օրինակներ մէջ բերել։

Բարեկամներէդ մէկուն անուան տօնախմբութեան ներկայ գտնուիլ կը փափաքիս։ Ընթրելէն յետոյ կ'ելնես, բարեկամիդ տունը կ'երթաս, ուր սիրալիր ընդունելութիւն մը կը գտնես։ Մէկ ժամու չափ նստելէն ետքը աչքերդ կը սկսին գոցուիլ, եւ կ'ուզես բազմոցի վրայ ընկողմանիլ։ Քաղաքավարութիւնը կ՚արգիլէ։ Ախորժակով ընթրած ըլլալով` գօտիդ քիչ մը թուլցնելու կամ քակելու պէտքը կը զգաս։ Հրաւիրելոց առջեւ ասանկ պէտք մը զգալն հակառակ է քաղաքավարութեան։ Քունը երթալով կը ծանրանայ արտեւանացդ վրայ։ Բազմութեան մէջ եկող քունն անկիրթին մեծն է, վանել հարկ է այդ քունը։ Բնութիւնը քնացի՛ր կ՚ըսէ, քաղաքավարութիւնը մի՛ քնանար կը պոռայ։

Փորձէ եւ քիչ մը քնացի՛ր։

Տան տէրը գլխուդ վրան կը տնկուի։

—Ինձի նայեցէ՛ք, կը պոռայ սպասաւորներուն, քիչ մը ջուր բերէ՛ք Պապիկ աղային։

—Չէ, չէ, չեմ ուզեր ջուր։

—Ինչո՞ւ կը քնանաք, Պապիկ աղայ։

—Նստած տեղս քունս եկաւ, ներեցէ՛ք։

—Մեզմէ չախորժեցար։

—Քաւ լիցի։

—Ուրիշներուն տունը մինչեւ առտու կը նստիս, մեր տունը շուտ մը կը քնանաք։

—Շատ կերայ այս գիշեր, այդ պատճառաւ…

—Ոչ աս է, ոչ ան, կ՚ըսէ տան տիկինը, մեր տունն աղէկ զբօսում չկայ անոր համար…

—Կ'աղաչեմ, մի՛ խօսիք այդպէս։

—Ուրիշ տուն մը գտնուիք նէ, հարկաւ ա՛լ աւելի պիտի զբօսնուիք եւ զուարճանայիք։

—Սիկարայ մը բերէք Պապիկ աղային, կը հրամայէ տան տէրը։

—Խնձոր մը ըստկեցէք Պապիկ աղային, կը հրամայէ տան տիկինը։

—Շնորհակալ եմ։

—Խահուէ մ՚եփեցէ՛ք։

—Թէյ մը բերէ՛ք։

—Ելի՛ր, սանկ քիչ մը պտտէ, Պապիկ աղայ, որ քունդ փախչի։

—Եկո՛ւր, սքանպիլ մը խաղանք, որ չքնանաս, կը պոռայ անդիէն ուրիշ մը։

—Շնորհակալ եմ, դուք քեյֆերնուդ նայեցէք։

—Չըլլար, սքանպիլ մը պիտի խաղամ քեզի հետ։

Պապիկ աղան չկրնար դիմադրել։ Կը սկսի սքանպիլ խաղալ։ Հազիւ կը խաղայ երեք քառորդ, եւ ահա քունն վերստին կու գայ։

—Մի՛ քնանար, Պապիկ աղայ։

—Չեմ քնանար կոր։

—Կը քնանաս կոր, Պապիկ աղայ։

—Չեմ քնանար կոր։

—Եթէ կ'ուզես, բոլքայ մը պարէ՛, որ քունդ փախչի։

—Բոլքայ չեմ գիտեր։

—Կը սորվիս։

—Թող տուէք զիս, Աստուածնիդ սիրէք նէ, անդիի սենեակը կ'երթամ, կը քնանամ քիչ մը։

—Անկարելի բան է։ Տօնախմբութեան մէջ կը քնացուի՞։

Բռնութեամբ պարի կը հանեն Պապիկ աղան, որ մտքէն իրարու ետեւէ կը շարէ այն խօսքերը, զորս բարկութիւնն արտասանել կու տայ մեզ նմանօրինակ պարագայից մէջ։

Պարը կը վերջանայ։ Պապիկ աղային քունը կը փախչի։

Մէկ երկու ժամէն հրաւիրեալները ոտք կ'ելնեն մեկնելու համար։ Պապիկ

աղան ալ կ՚ելնէ տուն կը դառնայ։ Անկողին կը մտնէ, չկրնար քնանալ. քունն անդառնալի կերպով փախած է։ Կ՚ելնէ անկողինէն, քիչ մը կը կարդայ, որ քունը գայ, չգար. ուրիշ քնաբեր գիրք մը կ՚առնէ. հնար չէ քնանալ նոյնիսկ եթէ… Օրուան կեանքը կարդայ։ Այսպէս Պապիկ աղան մինչեւ առտու կը տապլտկի անկողնոյն մէջ եւ կը սկսի այն ատեն քնանալ, ուր ամէն մարդ կ'արթննայ եւ գործի կ'երթայ։

Ահաւասիկ քաղաքավարութեան արդիւնքը։

—Թող չերթար, էֆենտիմ, թող տունը նստէր, պիտի առարկուի մեզ։

Միթէ մարդս իւր տան մէջ աւելի՞ ազատ է։

Փորձենք։

Իրիկունը տունդ կը դառնաս, հագուստներդ կը հանես եւ գիշերազգեստդ կը հագնիս եւ սենեակիդ մէկ անկիւնը կը քաշուիս, կը նստիս։ Քիչ մը կ'անցնի, կերակուրի սեղանը կը դրուի։ Կինդ, հայրդ, մայրդ, զաւակներդ, եղբայրներդ, քոյրերդ, թոռներդ կ'առնես եւ վար կ'իջնաս ընթրելու։ Սեղանէն կ'ելնես, խահուէդ կը խմես եւ սանկ կ'երկննաս բազմոցիդ վրայ։

—Չաթ, չաթ, չաթ…

—Վա՜աայ… հի՞ւր է արդեօք…

—Չաթ, չաթ, չաթ…

—Ո՞վ մտիկ պիտի ընէ ասոնք, նա… ըսէք որ հոս չեմ…

—Չըլլար, պատուհանէն տեսան։

—Չաթ, չաթ, չաթ…

—Վերը տարէ՛ք եւ ըսէք, որ Պապիկ աղան անհանգիստ է այսօր։

—Չաթ… չաթ…

Դուռը կը բացուի։

—Վեր հրամմեցէ՛ք, վեր հրամմեցէ՛ք։

Հիւրերը վեր կ'ելնեն։

Պապիկ աղան վստահ է ալ, թէ փորձանքն անցուց։

Կէս ժամ կ'անցնի, չանցնիր, Պապիկ աղային դուռը կը բացուի, եւ հիւրերէն մին ներս կը մտնէ։

—Պապիկ աղայ։

—……

—Չայն չկայ, արդեօք կը քնանա՞յ կոր… Պապիկ աղա՛յ…

—……

—Կը քնանայ կոր։

Պապիկ աղան արթուն է։

—Արթնցնենք… Պապիկ աղայ, Պապիկ աղայ… ըսելով հանդերձ կը հրէ, կը հրմշտկէ Պապիկ աղան, որ արթննայ։

Պապիկ աղային ճարը կը հատնի, կ'արթննայ։

—Դո՞ւք էք, մոսիո Բոլ։

—Ես եմ… անցած ըլլայ։

—Շնորհակալ եմ։

—Տիկինն ըսաւ, թէ անհանգիստ էք։

—Այո՛, շատ անհանգիստ եմ։

—Թէ գլխու ցաւ ունիք։

—Այո՛։

—Ես ալ ըսի, որ երթամ, նայիմ անգամ մը Պապիկ աղան, վերջը չըսէ, թէ մեր տունն եկեր է ու չէ ուզեր քովս գալ։

—Շնորհակալ եմ։

—Ի՞նչպէս եղաւ, որ գլխու ցաւ ունեցաք։

—Իրաւ որ չեմ գիտեր… ա՛հ, չեմ կրնար գլուխս բռնել… կ'աղաչեմ, վեր գացէ՛ք դուք, ինձի համար անհանգիստ մի՛ ըլլաք, քիչ մը քնանամ նէ, կ'անցնի։

—Չէ, էֆենտիմ, չէ, քնանալով չանցնիր։ Էնքսէիդ քեօքը քիչ մը հարտալ պտտցնենք. սա հարտալը բերէ՛ք։

—Չեմ ուզեր բարեկամ։

—Դուն չիյտե՜ս. սա հարտալը բերէ՛ք…

Հարտալը կը բերեն… Մոսիո Բոլ էնքսէին քեօքը կը դնէ հարտալը։

—Քիչ մ՚ալ լիմոն բերէ՛ք։

—Թող մնայ, ճանըմ։

—Քիչ մը լիմոն բերէ՛ք։ Հիւանդին խօսքը մտիկ չըլլուիր։

Լիմոնը կը բերեն եւ ճակտին վրայ կը պահեն…

—Քիչ մը րոմ բերէ՛ք։

—Րոմը ի՞նչ պիտի ընես։

—Բերէ՛ք քիչ մը րոմ, շո՛ւտ եղէք։

—Թող մնայ, քուզում, պապամ, թող մնայ պէ՛, ո՜ւուֆ…

—Շուտ ըրէք, րոմը բերէ՛ք։

Րոմ կը բերուի։ Մոսիո Բոլ րոմով կը շփէ Պապիկ աղային գլուխը։

—Անցա՞ւ քիչ մը ցաւը։

—Ո՛չ։

—Րախը բերէք. րախը… շուտ…

—Չեմ ուզեր, մոսիո Բոլ, ճիյերս…

—Րախը… կրակին մէջ տաքցուցէք…

—Տաքցուցինք…

—Պապիկ աղայ, շոգին քթիդ քաշէ՛։

—Քաշեցի։

—Թեթեւցա՞ւ քիչ մը ցաւը։

—Ո՛չ։

—Ջուր տաքցուցէք… ոտքերը մէջը դրէք…

—Չէ, ճանըմ…

—Ջուր պաղեցուցէք… գլուխը մէջը դրէք…

—Անցաւ, մոսիո Բոլ, անցաւ…

—Չանցնի պիտի տէ, ինչ պիտի ընէ, ինձի մոսիո Բոլ կ'ըսեն…

—Կեցիր, հագուիմ, ու վեր երթանք։

—Աղէկ որ եկայ։

—Շնորհակալ եմ։

—Եթէ չի գայի, մինչեւ առտու պիտի քաշէի՞ր այս ցաւը։

—Այո՛։

—Եւ պիտի ըսէիր, թէ մոսիո Բոլը քովս չեկա՞ւ։

—Այո՛։

—Շո՛ւտ ըրէ, հագուէ՛ ուրեմն։

—Հիմա՛։

Պապիկ աղան կը հագուի ու վեր կ՚ելնէ։

—Օ՜օօ, Պապիկ աղայ, անցած ըլլայ։

—Անցած ըլլայ, Պապիկ աղայ։

—Ի՞նչպէս էք, Պապիկ աղայ։

—Շնորհակալ եմ։

—Այս գիշեր ձեզի անհանգիստ ըրինք։

—Ընդհակառակն, գլխուս ցաւն անցաւ։

—Խօսեցէ՛ք, նայինք, Պապիկ աղայ։

Պապիկ աղայ հակառակ իւր կամաց` կը սկսի խօսիլ։

Հիւրերը կը նստին այնչափ, որչափ որ պէտք է Պապիկ աղային քունը հեռու հալածելու համար, եւ կը մեկնին։

Պապիկ աղան բաժնուած իւր քունէն` մինչեւ առտու հիւրերն անիծելով կը տքնի։

Ի՞նչ ընէ այս մարդն։

Ի՞նչպէս կեանք վարէ քաղաքավարութեան այս զոհն։

Շարունակենք։

Պապիկ աղան ստիպողական գործ մ՚ունի եւ կը ստիպուի մէկ կողմէ գործին վազել եւ միւս կողմէ պանիր ու հաց ուտել փողոցի մէջ։

Քաղաքավարութիւնը կ՚արգիլէ փողոցի մէջ անօթենալը։ Կ՚ուզէ բարեկամի մը խանութը մտնել եւ հոն ճաշել իւր պանիրն ու հացը։

Քաղաքավարութիւնը միշտ կը պոռայ, թէ բարեկամի մը խանութը ճաշարան չէ։

Պապիկ աղան խօսք տուած է մէկուն. ժամադիր եղած է մէկու մը հետ։

Թող անօթի երթայ ժամադրութեան տեղը, կ՚ըսէ քաղաքավարութիւնը։

Պապիկ աղան կը հնազանդի։ Նոյն օրն անօթի կ՚անցունէ եւ իրիկուան տուն կը դառնայ թեթեւ տկարութեամբ։

Այս ապաշխարանքին փոխարէն մարդկութիւնն ի՞նչ վարձատրութիւն կ՚ընէ Պապիկ աղային, որ քաղաքավարութեան դէմ չմեղանչելու համար օր մը ծոմ պահեց։ Ոչինչ։ Ո՞վ իմացաւ Պապիկ աղային այս զոհողութիւնն։ Ո՛չ ոք։ Բայց Աստուած չընէ, եթէ փողոցն ուտելով քայլէր, ո՜րքան խօսքեր պիտի լսուէին…

—Իմացա՞ք Պապիկ աղային ըրածը։

—Վաճառականի մը կը վայլէ՞, եղբայր։

—Իւր վարկը կոտրեց, մե՜ղք, բիացայի վրայ 20. 000 ոսկւոյ վարկ ունէր։

—Քիչ մը համբերէր թող, փաթլամիշ չպիտի ըլլար եա՛…