Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

***

Հանդիպած էք անշուշտ մարդոց կամ կանանց, որ իրենց վերաբերեալ տխրառիթ կամ բերկրառիթ նոր դէպք մը մանրամասնօրէն պատմելու բնաւորութիւնն ունին, որոնց կը հանդիպին։ Իրենց բարեւ տուողին ձեռքէն կը քաշեն եւ «եկուր, քեզի հետ քիչ մը տեսնուինք» ըսելով նախ զբօսարան մը կը տանին զայն եւ յետոյ անոր գլուխը։ Շատ անգամ ալ իրենց ծանօթներուն կամ բարեկամներուն տուները կ'երթան միմիայն իրենց դէպքը պատմելու նպատակով։ Այս նկարագիրն չէ մեղադրելի, որովհետեւ մարդս, ինչպէս կ'ըսեն, կը բացուի` ուրիշի պատմելով իւր վիշտերը, որպէս նաեւ ինքզինքն երջանիկ կը զգայ` բարեկամին հաղորդելով ուրախութիւնն։ Բայց այն, որ մեղադրելի եւ քիչ մ՚ալ անբերելի է, սա է, թէ այս մարդիկ կամ կանայք, առ ի չգոյէ յիշողութեան, միեւնոյն դէպքը հազար անգամ կը պատմեն քեզ, միշտ իբրեւ առաջին անգամ։ Եւ ինչ որ ցաւալի է, ամէն անգամ այնպիսի ձեւով մը կամ այնպիսի սկզբնաւորութեամբ մը կու գան քեզի պատմելու, որ լեզուդ կը բռնուի, եւ քաղաքավարութեան հակառակ կը գտնես կտրել անոնց խօսքը անմիջապէս եւ ըսել «ինձի պատմեցիր ատիկա»։ Երբեմն ալ կարծելով, թէ ուրիշ նոր բան մը պիտի զրուցեն, թոյլ կու տայ, որ սկսին պատմել։ Սկսա՞ն անգամ մը պատմութեան, կաշիէ դէմք մը պէտք է` իրենց ըսելու համար, թէ «գիտեմ, պատմեցիք»։

Մարգրիտ հանըմն իւր աղջիկը, Թագուկ, նշանած է Մանուկ աղայի տղուն Բարթամին հետ։ Թագուկ պարկեշտ աղջիկ մ՚է, քիչ մը կարդալ, կտոր մ՚ալ գրել գիտէ։ Իբրեւ օժիտ, բացի հանդերձեղէնէ, սիւն մը տուն ունի։ Բարթամ երկաթագործ է, աշխատասէր երիտասարդ մ՚է. գինովութիւն չունի, խաղամոլութիւն չունի, ստակ չունի, տուն ալ չունի։ Իրեն ապառնի կնոջ նստած տան մէկ սեան վրայ պիտի բնակի կնոջը հետ։ Անանիա աղայ, ազգական Մարգրիտ հանըմին, միջնորդութեան դեր կատարած է այս նշանախօսութեան մէջ։

Մարգրիտ հանըմն օր մը շուկայ իջնալով` գրասենեակս կու գայ զուարթադէմ։ Հազիւ կը նստի աթոռին վրայ, ձեռքերը ծունկներուն վրայ կռթնցնելով կը ծռի եւ կ՚ըսէ.

—Չիյտե՞ս, Թագուկն ալ նշանեցինք Մանուկ աղայի տղուն, Բարթամ էֆենտիին հետ։ Խսմեթը աս է եղեր։ Աղջիկս, իմին աղջիկս է տէի չեմ ըսեր, պարկեշտ աղջիկ մ՚է, քիչ մը կարդալ գիտէ, կտոր մ՚ալ կը գրէ։ Տունին մէկ սիւնն ալ իրենն է, ան ալ տանք պիտի, մեր կարողութեանը համեմատ հանդերձ ալ պիտի տանք։ Ի՞նչ ընենք։ Բարթամ էֆենտին ալ աշխատասէր տղայ մ՚է, կնիկ մը կրնայ պահել։ Գինով չէ, խաղամոլ չէ, եւ ասիկա մեծ հարստութիւն է էրիկ մարդու մը համար։ Ստակ չունի, տուն ալ չունի. թող չունենայ, աշխատութիւնն միշտ ստակ է, միշտ տուն է։ Աստուած Անանիա աղային գործերուն յաջողութիւն տայ. ան ըրաւ սա գործը. հող բռնէ, ոսկի դառնայ։ Ի՞նչ կ'ըսէք դուք։

—Գոհ եմ։

—Մնաք բարով։

—Խահուէ մը։

—Ժամանակ չունիմ։ Ուրիշ օր մը կը խմեմ։ Մնաք բարով։

—Երթաք բարով։

Օր մ՚ալ Ղազարոս աղան երեսները կախած կու գայ գրասենեակս։ Բազմոցի մը վրայ կը նստի տխուր։

—Բարի եկաք, Ղազարոս աղայ։

—Բարի տեսանք, կը պատասխանէ հազիւ լսելի ձայնով մը։

—Աղէ՞կ էք։

—Աղէկութիւննիս մի՛ հարցներ, կ՚ըսէ եւ մէկ մեթրոյ երկայնութեամբ հառաչանք մը կ՚արձակէ։

—Ի՞նչ ունիք։

—Ի՞նչ պիտի ըլլայ. ամիս մ՚է, որ պառկած էի. այսօր ելայ, բայց քալելու ուժ չունիմ. սոսկալի թանչք մը. այնչափ արիւն գնաց, որ արիւն չմնաց վրաս։ Գործերս երեսի վրայ մնացին։ Գործելու կարողութիւն չունիմ… միւս կողմէն ծախք… ինչ ընեմ, չիյտեմ։

—Բան մը չէ, կ'անցնի։

Ղազարոս աղան առած դեղերուն վրայ, բժշկին այցելութեան վրայ, կրած ցաւոց վրայ մանրապատում ճառ մը խօսելէն յետոյ կը մեկնի։

Երկու շաբաթ ետքը շոգենաւի մէջ կը հանդիպիմ Մարգրիտ հանըմին, որ տիկնոջ մը քով նստած կը խօսի։ Իրենց դէմը գնացի նստեցայ։

—Ո՞ւր էք, չէք երեւար կոր, ըսաւ։

—Ինչո՞ւ չերեւանք։

—Քովս եկուր, քովս, քեզի ըսելիք ունիմ, շատ գոհ պիտի ըլլաս։

Նստելու տեղ չկայ քովը։

—Ես տեղ կը բանամ քեզի, եկուր, հրամմէ։

Եւ կը սկսի ինձի տեղ շինելու։

Քանի մը տիկիններ եւ պարոններ ալ քիչ մը կը սղմուին կամ, աւելի բացայայտ կերպով բացատրելու համար, կը սղմուին, եւ կ'երթամ Մարգրիտ հանըմին քով նստելու՝ ներումն խնդրելով իրմէ եւ անոնցմէ, որ քովն էին, իրենց անհանգստութիւն պատճառած ըլլալուս համար։

—Դուն խելացի մարդ մ՚ես, կ՚ըսէ Մարգրիտ հանըմը, շիտակ ալ զրուցող մարդ մ՚ես, սիրտդ ինչ է նէ, բերանդ ալ ան է. քուկին այս բնաւորութեանդ շատ հաւնած եմ։ Էֆենտիմ, մեր Թագուկը նշանեցինք Մանուկ աղայի տղուն, Բարթամ էֆենտիին հետ։ Խըսմեթը աս է եղեր։ Աղջիկս իմինս է տէի չեմ ըսեր, պարկեշտ աղջիկ մ՚է, քիչ մը կարդալ գիտէ, կտոր մ՚ալ կը գրէ։ Տունին մէկ սիւնն ալ իրենն է, ան ալ տանք պիտի, մեր կարողութեանը համեմատ հանդերձ ալ պիտի տանք։ Ի՞նչ ընենք, Բարթամ էֆենտին ալ աշխատասէր տղայ մ՚է, կնիկ մը կրնայ պահել։ Գինով չէ, խաղամոլ չէ, եւ ասիկա մեծ հարստութիւն է էրիկ մարդու մը համար։ Ստակ չունի, տուն ալ չունի. թող չունենայ, աշխատութիւնը միշտ ստակ է, միշտ տուն է։ Անանիա աղային գործերուն Աստուած յաջողութիւն տայ. ան ըրաւ սա գործը. հող բռնէ, ոսկի դառնայ… ձեր կարծիքն ի՞նչ է։

—Շատ աղէկ ըրեր էք, շատ աղէկ։

—Ի՞նչ ընենք, ամէն մարդ իր կարողութեանը համեմատ։

—Գոհ եմ, շատ աղէկ ըրեր էք։

—Բարթամ էֆենտին շատ երջանիկ պիտի ըլլայ։

—Այո՛ այո՛։

Քիչ մ՚ալ խօսեցանք։ Շոգենաւը սուլեց։ Ելայ շոգենաւէն։

Զիս իւր քովն առնելու համար այնչափ աղաչանք ընող եւ ինձի տեղ բանալու համար թէ զինքն եւ թէ քովիններն անհանգիստ ընող կնոջ խօսքն կրնայի՞ ընդմիջել` ըսելով, թէ «անցեալները հաղորդեցիք ինձ այս ուրախալի լուրը»։ Մանաւանդ թէ կրնայի՞ ընդմիջել, երբ զիս շողոքորթող յառաջաբանով մը սկսաւ` ըսելով, թէ «խելացի մարդ մ՚ես, շիտակ զրուցող մարդ մ՚ես, սիրտդ ինչ է նէ, բերանդ ալ ան է, քուկին այս բնաւորութեանդ շատ հաւնած եմ»։ Ինձի այսչափ գովեստ կարդացող տիկնոջ մը խօսքը ի՞նչպէս կրնայի ընդհատել։

Հետեւեալ օրը Ղազարոս աղան դէմս կ՚ելնէ։

—Եկուր, կ՚ըսէ, հոս քեզի խահուէ մը հրամցնեմ։

—Ժամանակ չունիմ։

—Ոտքդ պագնեմ, խահուէ մը։

—Գործ ունիմ, սիրելիս։

—Խաթերս համար։

—Շատ աղէկ։

Կը մտնենք զբօսարանի մը մէջ։

—Մեզի երկու հատ աղէկ խահուէ բեր։

—Նոր ի՞նչ կայ, Ղազարոս աղայ։

—Ի՞նչ պիտի ըլլայ, մեր գործը աստծոյ մնաց։ Քեզի չտեսայ, որ ըսէի, ան օրէ ի վեր չերեւցար, որ պատմէի… չէ նէ ըսի՞ մի քեզի… չէ, չէ… չըսի… փառք Աստուծոյ… խելքս գլուխս է տակաւին… չէ նէ ըսի՞ մի… հէ՞… չըսի, կարծեմ, չըսի։ Չըսի, էֆենտիմ չըսի, ցնդած չեմ ա՛։ Էֆենտիմ, ամիս մ՚առաջ… ամիսէ մը քիչ մ՚ալ աւելի` թանչք մ՚է կը բռնէ մեզի, անկողնոյ մէջ կը պառկեցնէ։ Արիւն մ՚է կը սկսի վարէն։ Այսօր կը դադրի վաղը կը դադրի, այսօր կը դադրի, վաղը կը դադրի ըսելով՝ վարէն պաղ ջուրեր կը զարնենք, գաղջ ջուրեր կը զարնենք, տաք ջուրեր կը զարնենք, վերէն դեղահատ կը կլլենք, փոշի կ՚ուտենք, վերջապէս վարէն դեղ, վերէն դեղ, շապ ալ դրինք, դարձեալ օգուտ մը չըրաւ։ Աղբիւր մը կտրած էր կարծես, կը վազէր ու կը վազէր։ Այսչափ արիւնհեղութիւն պարապ տեղը։ Վերջապէս արիւնս հատաւ, եւ հոսումն ալ դադրեցաւ։ Հիմա վրաս ուժ չկայ, որ քալեմ, կարողութիւն չունիմ, որ գործեմ. տունը ծախք կ'ուզէ, շուարեր մնացեր եմ։ Ահա ասանկ փորձանք մը եկաւ գլուխս… պատմա՞ծ էի ասիկա ես քեզի։

Սոյն վերջին հարցումը առաջ կու գար այն անտարբերութենէն, որով ունկնդրած էի իւր խօսքերուն։ Նա կը կարծէր, թէ պիտի յուզուէի իւր պատմութենէն, եւ երբ իւր պատմութեան ընթացքին մէջ յուզման նշան մը չտեսաւ վրաս, իրաւունք ունեցաւ քիչ մը կասկածելու իւր յիշողութեան սրութեանը վրայ։ Ուստի հարցուց` յետ աւարտման պատմութեան.

—Պատմա՞ծ էի ասիկա ձեզի։

—Ոչ, պատասխանեցի։

Ոչինչ պիտի շահէի, եթէ այո ըսէի, վասնզի նախ, երկրորդ անգամ մտիկ ընել տուած էր արդէն ինձի իւր արիւնահոսութեան պարագաները, երկրորդ՝ այո ըսելով պիտի հասկցնէի իրեն, թէ յիշողութիւնը շատ տկարացած է թանչքին պատճառաւ, որ մեծ տպաւորութիւն ըրած է իւր վրայ, երրորդ` ցաւ պիտի զգար` պարապ տեղը խահուէի ստակ վճարելուն վրայ. չորրորդ` պզտիկ նեղութիւն մ՚ալ պիտի զգար իմ գլուխս ցաւցուցած ըլլալուն համար։ Եւ այս ամէնը նկատողութեան առնելով պատասխանեցի.

—Ոչ։

—Կարծեմ քեզի տեսայ օր մը, բայց մոռցայ պատմելու, անանկ կը կարծեմ կոր… ինչ որ է, պատմեր եմ կամ չեմ պատմեր, խնդիրն անոր վրայ չէ, սա դժբախտութեան ի՞նչ կ'ըսես։

—Ցաւալի բան, համբերելու է։

—Գործէդ չմնաս, շնորհակալ եմ։

—Մնաք բարով։

—Երթաք բարով։

Տասնըմէկ օր ետքը, ուրբաթ երեկոյ մը. դէպ կը լինէր ինձ հեռուանց տեսնել Մարգրիտ հանըմը Բերայի կերպասու վաճառատան մը դռան առջեւ։ Խնդաց զիս տեսնելուն պէս եւ ձեռքով նշան ըրաւ, որ իրեն մօտենամ։ Անմիջապէս զգացի, թէ պիտի սկսէր իւր պատմութեան երրորդ հրատարակութեան։ Ո՞վ պիտի մտիկ ընէր։ Հնարք մը կը խորհէի գլխու ցաւէ մ՚ազատուելու համար։ Եւ գտայ։ Պէտքը մարդս հնարագէտ կ՚ընէ, կ'ըսեն։

Մօտեցայ իրեն եւ ձեռքը թօթուելով`

—Իմացայ, իմացայ, ըսի, շատ գոհ եմ, շատ աղէկ էք ըրեր։

—Ի՞նչ իմացար։

—Նշանը, նշանը… Աստուած թեմամին հասցնէ։

—Ուսկի՞ց իմացար։

—Իմացայ։

—Հոգիդ սիրես, ո՞վ ըսաւ։

—Ինչո՞ւդ պէտք… շատ ուրախացայ, մնաք բարով։

—Արեւուդ մեռնիմ, ո՞վ զրուցեց։

—Մէկը զրուցեց… բարեւ ըրէք։

—Սուտ կ'ըսես կոր։

—Ինչո՞ւ սուտ ըսեմ, կեցէք բարով։

—Ո՞վ պիտի ըսէ քեզի։

—Ով ըսաւ նէ, ըսաւ… Բարթամ էֆենտիին ալ բարեւ ըրէք։

—Շնորհակալ եմ… Չըսիր վերջապէս ըսողին անունը։

—Օր մը կ'ըսեմ. մնաք բարով։

—Խըյանեթ, մերաք տուիր ինձի… ո՞վ կրնայ ըսած ըլլալ… Մարիամ տուտուն ըլլալու է, կամ Ըսկուկ տուտուն… կամ Սողոմէ տուտուն… կամ Քաթիկ տուտուն… ըսողը կը ճանչնա՞մ ես։

—Կը ճանչնաս, կը ճանչնաս… կեցիք բարով։

Շարունակեցի ճամբաս։

Կիւրակէ առաւօտ մ՚եկեղեցիէն ելած դէպի տուն կ'երթայի։ Ձայն մ՚ետեւէս զիս կը կանչէր։ Ետիս դարձայ։ Ղազարոս աղան էր, որ գաւազանի մը կռթնելով յամրաքայլ կու գար։

Խօսելու ժամանակ չտուի իրեն։

—Իմացայ, աղբար, իմացայ… սա ի՞նչ մայասիլ է եղեր, որ այսչափ տկարացուցեր է քեզի… ինչո՞ւ դուրս կ'ելլաս կոր, քիչ մը հանգիստ ըրէ, մնաք բարով։

—Տոքթո՞րը ըսաւ։

—Ոչ։

—Դեղագո՞րծը։

—Ոչ։

—Աւագերէ՞ցը։

—Ոչ։

—Ժամկո՞չը։

—Ոչ։

—Ո՞վ ըսաւ հապա։

—Քեզի պէս մէկէ մը իմացայ… ինչո՞ւդ պէտք… քանի մը շաբաթ դուրս մ՚ելլեր, որ ինքզինքդ գտնաս։

Մեծ եւ արագ քայլերով հեռացայ։

Ամիսներ անցան։ Օր մը դարձեալ հանդիպեցայ տիկին Մարգրիտին։ Ուրիշ օր մ՚ալ նորէն տեսայ Ղազարոս աղան։ Ասոր ցաւակցութիւնս յայտնեցի, ադոր խնդակցութիւնս, ինքզինքս ազատեցի եւ կրցայ ազատ շունչ մ՚առնուլ` փառք տալով նախախնամութեան, որ ասանկ կարճ ու ազդու հնարք մը ներշնչեց ինձի գլխու ցաւէն փրկուելու համար։ Ուրիշ օր մը նորէն տեսայ տիկին Մարգրիտին։ Թէ այս անգամ ինչպէս վարուեցաւ հետս, յօդուածիս վերջը պիտի ըսեմ։

Թերեւս բնախօսաբար կամ հոգեբանախօսաբար արդարանան տիկին Մարգրիտն եւ Ղազարոս աղան, բայց յայտնի է, թէ իրենց արդարանալովն ինձի գլխու ցաւ չտուած չեն ըլլար. եւ գլխու ցաւն միշտ անտանելի ցաւ մ՚է, ուսկից ալ առաջ եկած ըլլայ այն, արեւէն կամ բնախօսութենէն, մարսըխէն կամ հոգեբանախօսութենէն։

Քիչ մ՚ատենէ յետէ սակայն ոմանց դէմ քիչ մ՚աւելի յանդուգն, աւելի կարճ եւ անկեղծ ճամբայ մ՚ալ գտայ` մտիկ չընելու համար, ինչ որ գիտեմ արդէն։ Երբ պատմողն այնպիսի անձ մ՚է, որմէ շահ մը չեմ ակնկալեր, պարզապէս կ'ըսեմ.

—Գիտեմ այդ պատմութիւնը. եղբայր, պարապ տեղը մի՛ յոգնիր։

Եւ խեղճը կարմրելով կը հեռանայ։ Ինչո՞ւս պէտք, խղճմտանքով վարուէր թող… ինձի ալ մեղք է… քիչ մ՚ալ գթութիւն պէտք է։

Իսկ երբ խօսողն ազդեցութեան տէր կամ հարուստ ըլլայ, այն ատեն խնդիրը կը փոխուի եւ կ'երթայ մտնել մեր բարոյական ախտաբանութեան մասին մէջ շողոքորթ անուամբ, որ պիտի երեւայ Խիկարի յաջորդ թերթերուն միոյն մէջ։

Բայց երբ գտնուիմ ընկերութեան մը մէջ, եւ մէկն սկսի պատմութիւն մը, զոր գիտեմ, եւ որ երկու ժամուան մէջ հազիւ կրնայ լմննալ, փորի ցաւ կ'ունենամ եւ կը մեկնիմ։

Իսկ այն պարագային մէջ, ուր կը ներկայանայ քեզի մարդ մը, որ հակառակ քու յայտարարութեանդ, թէ պատմելիքը գիտես, կը սկսի ձեւով մը շարունակել իւր պատմութիւնը, յուսահատութիւն կու գայ վրաս եւ թոյլ կու տամ, որ պատմէ, միայն երբեմն֊երբեմն ըսելով.

—Մանրամասնութիւնները անցիր։

Շատ անգամ ալ ամէն ջանք կը դնեմ, որ պատմութիւնը կարելի եղածին չափ կարճ ըլլայ։

Ահաւասիկ տիկին Մարգրիտին հետ վերջին տեսակցութիւնս, զոր յիշեցի քիչ մը վերը։

—Վերջապէս չըսիր, թէ ուսկից իմացար։

—Բաւական է, որ իմացայ։

—Ասանկ եղաւ, ինչ ընենք, Թագուկն ալ նշանեցինք Մանուկ աղային տղուն, Բարթամ էֆենտիին հետ։

—Շատ գոհ եղայ, շատ գոհ եղայ։

—Իմին աղջիկս է տէի չեմ ըսեր, դուն ալ կը ճանչնաս Թագուկը…

—Հարկաւ կը ճանչնամ… շատ աղէկ ըրիք… շատ աղէկ ըրիք… ուրիշ ինչ կայ, չկայ նայինք…

—Բան մ՚ալ չկայ… պարկեշտ աղջիկ մ՚է… քիչ մը կարդալ գիտէ… կտոր մ՚ալ կը գրէ… մեզի պէս մարդուն աղջիկը ի՞նչ կրնայ սորվիլ։

—Անցիր անոնք… ես չիյտե՞մ… դրացիդ ի՞նչ կ՚ընէ…

—Ի՞նչ ընէ… մեր տունին մէկ սիւնը Թագուկին է… գիտէ՞իք ասիկա։

—Գիտեմ, ճա՛նըմ, գիտեմ, մի՛ յոգնիր պարապ տեղը։ Տեսնուինք նորէն։

—Տեսնուինք… ստիպողական գո՞րծ ունիք… մեր կարողութեանը համեմատ լաթ ալ պիտի տանք… չտա՞նք մի եա՛… տունին մէջ բաժին ունենալուն համար աղջիկս առանց օժիտի՞ կու տամ. Բարթամ էֆենտիին ալ մեղք է։

—Կիրակի օրը տո՞ւնը պիտի ըլլաք։

—Այո՛, Բարթամ էֆենտին ալ աշխատասէր մէկն է, կը ճանչնաք զինքը։

—Մնաք բարով։

—Հապա Անանիա աղան… հող բռնէ, ոսկի դառնայ։

—Բարեւ ըրէք։

—Թող չտուիր, որ պատմէի… կ'աճապարես կոր… գնա, անանկ է նէ. գնա. գործիդ արգելք չըլլամ… օր մը մեր տունը հրամմէ, խահուէ մը խմէ, քեզի մէկիկ֊մէկիկ պատմեմ, ինտոր եղաւ այս գործը…

—Կու գամ, կու գամ։

Էո՜ֆ… երիցս էո՜ֆ։

Գթութիւն… գթութիւն… ո՛ տիկին Մարգրիտ… ո՞վ գիտէ քանիներ ինձի պէս չարչարեցիր ու կը չարչարես։

Ա՞ս ալ բնախօսական է… այս բնախօսութիւնը պարզապէս անկրթութիւն է։

Շուտ ընենք, վերջացնենք յօդուածը, որովհետեւ ձայն մը կը լսեմ, որ կ՚ըսէ.

—Ինձի չհարցներ, չփնտռեր ա՛։

Ղազարոս աղային ձայնն է։

Գոցենք մեր գրասենեակն ու փախչինք։