Ս. Ղազարի Մատենադարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՇՐՋԱՆ
ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՐՔԵՊՍ. ԱԳՈՆՑ (1800-1824)

Միաբանութեան դժուարին տարիներուն, յատկապէս Նաբոլէոնի յարուցած գրեթէ անլուծանելի կնճիռներուն դիմաց, ծանրախոհ եւ իմաստուն Առաջնորդը, Ստեփանոս Ագոնց, գտած է լուծում եւ միջոց՝ կանգուն պահելու Միաբանութիւնը։ Իր օրերուն մեր Հասարակութիւնը ունեցած է վերելքի շրջան, գրական ու մշակութային ասպարէզէն ներս, եւ իր շրջանին՝ զգալի կերպով աճած է թիւը հայ գրչագիրներուն:

Ինքն անձնապէս առիթ չէ ունեցած նիւթապէս հետամուտ ըլլալու եւ հաւաքելու Ձեռագիրներ, սակայն քաջալերած է միաբանները՝ որպէսզի անոնք իր թերին ամբողջացնեն։

Քանի մը նմոյշ տալու համար՝ ահա իր նամակներէն համառօտ հատուածներ։

Հ. Պետրոս Ապազեան, 1802ին, երբ կը գրէ Կարինէն թէ ութը Ձեռագիր գտած կը ղրկէ վանք, Ագոնց կը պատասխանէ. «Իմացաք ի թղթոց Հ. Մկրտչի (Աւգերեան), զի Ձեռագիր գրեանս ինչ առաքեալ ես, եւ օրհնեցաք զքեզ. արթուն լեր միշտ եւ հետաքրքիր՝ գտանել զայնպիսիս» (9 Փետր. 1803):

1818ին Հ. Մկրտիչ Աւգերեան կը գտնուի Հռոմ, Յովհան Օձնեցիի ճառին տպագրութեան առիթով՝ Միաբանութեանս դէմ եղած ամբաստանութիւններուն պատասխանելու եւ լուսաբանելու եկեղեցական պատկան իշխանութիւնները։ Նոյն տարուան 25 Փետրուարին Ագոնց Աբբայ կը գրէ իրեն. «Փոյթ տարցիս, թէ հնար է, բերել ընդ քեզ զօրինակ միանձնական կանոնաց սրբոյն Բարսղի, զորմէ լուեալ էաք եթէ սկսեալ իցես օրինակել» (Ձեռ. 2457)։

Շնորհակալութեան եւ օրհնութեան գիր կը ղրկէ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի հօր, Էզաճի Պետրոս Մարգարեանին, որ 1819ին, մեր Մատենադարանին կը նուիրէ մագաղաթեայ բոլորգիր՝ յունարէն լեզուով Բարսեղ Կեսարացիի ճառերը. «Իրազեկ մեր լեալ Ձերումդ ազնուական բարեպաշտութեան եւ բարեպաշտօն ազնուականութեան, որ է անգիւտ, թող թէ դժուարագիւտ գանձ ցանկալի, ընդ նմին հասու եղաք, զի ոչ բանիւ այլ արդեամբք հանդիսացեալ է յանձին ձերում կրկնակի այս ձիրք գովանի եւ արգասիքն առ ձեռն պատրաստ։ Զի զայս տայ մեզ իմաստասիրել շնորհ ձեր ուղերձեալ ի յիշատակ Ուխտիս, այսինքն մատեան բնագիր հոգելից ճառից սրբոյն Բարսղի մեծի՝ զոյգ ընդ երիս մետաղս։ Այնչափ հաճոյական ընծայ, որչափ ի բարի սրտէ յառաջ եկեալ, զորոյ զպտուղն յուսամք քաղել ի ժամուն եւ տալ առնուլ զճաշակ ամենայն քմաց պարարելոց հոգեւոր իմաստութեամբ, զի թէ կայցեն նոյն ճառս ի տիպ արձանացեալք՝ հաստատութիւն է մատեանդ ստուգութեան, եւ եթէ նոր ճառ հանդիպեսցի՝ նորոյ ուրախութեան առիթ ամենայն ուսումնասիրաց» (20 Փետր. 1819)։

Հ. ՄԿՐՏԻՉ ԱՒԳԵՐԵԱՆ (1762-1854)

 

Սիրահար Ձեռագիրներու, սնած Ձեռագիրներով, կարօտ նորանոր ձեռագիրներու, գործածած է ամէն միջոց՝ ճոխացնելու վանքիս Մատենադարանը։ Առանձին ընդարձակ մենագրութեան մը նիւթ կը հայթայթէ մեզի այս ուղղութեամբ, որմէ միայն մաս մը պիտի օգտագործենք՝ յաջորդ տողերուն համար։

Աւազանի անունով Յովակիմ, 1775ին կը հասնի Ս. Ղազար, հետը բերելով 1763ին Էնկիւրի օրինակուած Տաղարան մը (Ձեռ. 454), որ յաջորդաբար մտած է Մատենադարան։ Ձեռագրին վրայ կայ սա արձանագրութիւնը. «Զայս գրկոյկ եբեր ընդ իւր յԱնիւրիոյ Յովակիմ, որդի Ավքերեան Հայրապետին, ի վանս Սրբոյն Ղազարու, ի Վենետիկ, 1775»։

1801ին, Վենետիկէն կը մեկնի Պոլիս, անցնելով Թրիեստէն, ուր Մխիթարեան վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Ճառընտիրըեւ Գիրք Վաստակոցը, ինչ որ նախորդ անցորդ միաբաններուն մերժուած էր։ Հ. Մկրտիչ կը ծրագրէ յաջորդաբար առնել նաեւ տարբերակները Կիւրեղ Երուսաղէմացիի Կոչումն ընծայութեանՁեռագրին, քանի Թրիեստի օրինակը հնագոյն էր քան Վենետիկինը։

Պոլսոյ մէջ Հ. Մկրտիչ կ՚ունենայ բեղուն գործունէութիւն, գնահատուելով ամէնքէն։ Նիւթական եւ հովուական պաշտօնին կից՝ կը գտնէ ժամն ու ժամանակը՝ զբաղելու Ձեռագիրներով։ Մինաս Տէր Պետրոսեան իր ծննդավայրէն, Տրապիզոնէն, Պոլիս բերել կու տայ երկաթագիր համբաւաւոր Աւետարանը՝ ղրկելու Ս. Ղազար։ Հ. Մկրտիչ այս առիթով կը գրէ. «Աւետաւորեմ եւ զքանի մի ձեռագիրս, զորս ետ բերել Պր. Մինասն (մատս մէջն է) ի Տրապիզոնէ, եւ ընդ ժամանակին յղեմք ի վանս, կայ ի նոսա Յայսմաւուրք մի, տարբեր ոճով, նման եւ աննման տպագրելոյն, գործ Տէր Իսրայէլի, ի խնդրոյ Վանական վարդապետի» (առ Հ. Կարապետ Եսայեան, 10 Հոկտ. 1804)։

1805ին կ՚իրականանայ Հ. Մկրտիչի տարիներու երազը եւ բախտը կ՚ունենայ Գէորգ Պալատեցիի մօտ տեսնելու Եւսեբիոսի Ժամանակագրութեանմագաղաթեայ բնագիրը։ Անցեալին, 1793ին, Պալատեցի ձեռագիրը օրինակած եւ խղճամիտ համեմատութեամբ եւ սրբագրութեամբ՝ ղրկած էր Վենետիկ (Ձեռ. 931). սակայն Հ. Մկրտիչ չվստահելով՝ կ՚ուզէր ունենալ բնագիրը, եւ ահա կը ներկայանայ առիթը. «Կարի յոյժ զուարթացոյց զմեզ այս տեսութիւն կարեւոր. այլ զի անկարելի եցոյց զստացումն մատենին՝ յանձն առի երկամսեայ աւուրբ նորոգ ընդօրինակել, որչափ եւ բաւական իցեմ» (առ Ագոնց Աբբայ, 25 Փետր. 1805)։

Հ. Մկրտիչ ձեռք բերելու համար Եւսեբիոսի քրոնիկոնին մագաղաթեայ Ձեռագիրը, ու կարծելով թէ ան սեփականութիւնն է Երուսաղէմի Յակոբ Վրդ. ին, որ ատենօք եղած է մտերիմը՝ Ս. Ղազար գտնուող Եղ. Վարդանին, 10 Օգոստ. 1808ին կը գրէ Ագոնց Աբբահօր, թելադրելով որ Եղ. Վարդան նամակ մը գրէ Յակոբ Վրդ. ին՝ սա բովանդակութեամբ. «Իմացայ զի Հ. Մկրտիչ Վրդ. ն մեր, միջնորդութեամբ Տիրացու Գէորգայ ծանուցեալ է ձեզ, թէ որչափ կարեւոր է ունել մեզ աստ ի վանս զերկու զայն մատեանս՝ զ՚ի ձեռս ձեր գտեալս, այսինքն զԵւսեբի ժամանակագիրս եւ զՀարանց վարս. զնոյն եւ ես համարձակագոյնս ժտեմ, զի պարզերես երեւեցայց առաջի Միաբանութեանս, որում խոստաբանեցի՝ թէ վարդապետն իմ ունելով սէր մեծ ի վերայ այս վանացս՝ կատարէ զամենայն խնդիրս ձեր, եւ յուսամ թէ նաեւ այս վանքս ոչ մոռանայ զվաստակս այսպիսի երախտեաց»։ Հ. Մկրտիչ Ագոնց Աբբայի ուղղած նամակը կը փակէ՝ ըսելով. «Բրելով բրելով զհանքն մատենից՝ գտաք եւ գտանեմք»։

Հ. Մկրտիչ իր կարգին երկու նամակ կը գրէ Երուսաղէմի Յակոբ Վրդ. ին, եւ կը ստանայ 20 Հոկտ. թուակիր սա պատասխանը. «Ո՛պատուական հայր, երկոքին գրութիւնք ձեր հասին առ իս, որոյ մինն ձեռամբ պատուելի Տիրացու Գէորգ բանասիրի, որում բերան առ բերան ծանուցան զդիմումն մեր...: Գիտասցէ մեծայարգ պատուելութիւն ձեր, զի եթէ էր ի ձեռին իմում՝ կատարէի զայն անյապաղ. այս գիտեմ հաւաստեաւ՝ վկայեն եւ սիրտ ձեր եւ միտք։ Ուրեմն պիտին առ այն յարմարաւոր եւ դիպուկ ժամանակք եւ պատշաճաւոր առիթ՝ ի ձեռս բերելոյ: Եւզի մի՛ կարծիցէ յարգութիւն ձեր զմէնջ անհոգութիւն առ ի ստանալ զայն երկոսին գրեանս, վասնզի ջանամ միշտ եւ հոգամ ի ձեռս բերել՝ եթէ Տէր յաջողեսցէ, որպէս եւ հաւաստեաւ գիտէ Տիրացու Գէորգ մտերիմ բարեկամն մեր եւ ձեր»։

1806ին Պոլիսէն Վենետիկ կը մեկնի Հ. Ղուկաս Օղուլլուխեան: Հ. Մկրտիչ հետը կը ղրկէ քանի մը ձեռագիր, առանց մանրամասնելու անունները։ Մեր ունեցած ցանկերուն համաձայն՝ անոնք կրնան ըլլալ.

ա. Սաղմոսարան (Ձեռ. 441)

բ. Մաշտոց (Ձեռ. 1162)

գ. Աղօթագիրք (Ձեռ.. 1229)։

Հ. Մկրտիչ Աւգերեան, ունեցած հմտութեան եւ փորձառութեան համար՝ անհրաժեշտ կը նկատուէր Ս. Ղազարի մէջ։ Երբ Ագոնց Աբբայ զինք Վենետիկ կը կանչէ, 13 Մայիս 1809ին կը մեկնի, հետը տանելով՝ յատկապէս նուիրատուութեամբ հաւաքուած Ձեռագիրները. իսկ իր ջանքերով հաւաքած Ձեռագիրներն են՝

դ. Գրիգոր Աստուածաբան (Ձեռ. 866)

ե. Բնազննութիւն (Ձեռ. 933)

զ. Տոմար (Ձեռ. 955)

է. Գիրք վաստակոց (Ձեռ. 1616)

ը. Փաւստոս (Ձեռ. 1646)

թ. Բարթողիմէոս, Մեկնութիւն Վեցօրէից (Ձեռ. 2069)

ժ. Վարք Հարանց (Ձեռ. 2759).

Այս խումբին մէջ յիշելի է Հ. ԹՈՄԱՍ ՄԱՔՍԷԹԵԱՆԻ արդիւնքով գտնուած Մաշտոց մը (Ձեռ. 977)։

Շուրջ տարի մը ճամբորդելէ ետք երբ կը հասնի Հռոմ, Հայոց Հիւրանոցի Գրատան մէջ կը տեսնէ Յայսմաւուրք մը: Եւ որովհետեւ հազիւ Վենետիկ հասած պիտի ձեռնարկէր 12 հատոր «Վարք Սրբոց»ի տպագրութեան, Հիւրանոցի պատասխանատու Տէր Գրիգոր Բաղինեանի մօտ գրաւի կը դնէ ունեցած Ձեռագիրներէն Մաշտոց մը եւ շարականաւոր Սաղմոս մը, ու Յայսմաւուրքը կը բերէ Վենետիկ։ 1815ին, «Վարք սրբոց»ի տպագրութիւնը աւարտելուն, ետ կը դարձնէ Յայսմաւուրքը՝ վերստանալով աւանդ մնացած երկու Ձեռագիրները։

Հաստատուելով Ս. Ղազար, Հ. Մկրտիչ կը գործէ նամակագրութեամբ՝ Ձեռագիրներ հաւաքելու համար։ Այնու որ «Նոր Հայկազեան Բառարանի» ամբողջ հոգը մնացած էր իր ուսերուն, կարիքն ունէր նոր Ձեռագիրներու։ Նոյն շրջանին Կարին կը գտնուէր հանգուցեալ Մխիթարեան միաբան Հ. Փիլիպպոս Խոճիկեանի եղբայրը՝ Տէր Յովհաննէս, որ 1810ին Ս. Ղազար կը ղրկէ Ձեռագիր Աւետարան մը (հաւանաբար Ձեռ. 256)։ Հ. Մկրտիչ շնորհակալութիւն կը յայտնէ աւելցնելով. «Փոյթ քո լիցի առաւել զայլոց հին գրեանց, եթէ մանր իցեն եւ եթէ խոշոր, եթէ ամբողջ՝ եթէ թերատ, որչափ եւ խառնափնդոր եւ անպիտան երեւեսցի՝ յայնպիսեաց ելանեն կարեւոր հնութիւնք, ապա թէ ոչ Մաշտոցք եւ Ճաշոցք եւ Աւետարանք շատ են՝ զոր ունիմք» (20 Յունիս 1811):

Ամբողջացնելու համար պատմութիւնը հոս կու տանք ցանկը չորս Ձեռագիրներու, որոնք ընդօրինակած է Հ. Մկրտիչ.

ժա. Վարք Աղեքսանդրի (Ձեռ. 385)

ժբ. Յովհաննէս Սարկաւագ (Ձեռ.. 2230)

ժգ. Կանոնք Ս. Բարսղի (Ձեռ. 2457)

ժդ. Եփրեմի ճառք (Ձեռ. 2649)։

Կալկաթայէն Պր. Յովհաննէս Աւտալեան, 1825ին նամակով մը առաջարկներ կ՚ընէ Վենետիկի միաբաններուն, խնդրելով որ անոնք օգնեն հնդկահայոց։ Հ. Մկրտիչ առիթ առնելով, պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ, պայմանով որ փոխադարձ գտնէ օգնելու տրամադրութիւն, որ է՝ «... ի ձեռս բերելով եւ առաքելով քանի մը կարեւոր ձեռագիր հին մատեանս, որով եւ արձանագրիլ ի մատեան յիշատակարանաց մերոց։ Գիտեմ զի եւ զայն յուշ առնես ամենայն ազգայնոց, թէ վանականք կարեն աշխատիլ մտօք եւ գրչաւ ի յօրինել գիրս, բայց ձեռն նոցա ոչ ժամանէ ի լոյս հանել՝ առանց նախընթաց ձեռնտուութեան ազգիս» (25 Յունվ. 1827):

Նոյն տարին Հ. Մկրտիչ իմանալով թէ Պոլսոյ մեր բարեկամ ազգայիններէն Պր. Անտոն Սամանճեան կը յաճախէ Էնկիւրի, . Մկրտիչի ծննդավայրը), կը համարձակի գրել նամակ մը մտերիմ շեշտով, յիշելով իր մանկութեան օրերը եւ վայրերը, հրաւիրելով որ հոն եւս երթայ այցելութեան։ Բայց Հ. Մկրտիչի նամակին շարժառիթը ուրիշ է. գրիչը դարձնելով՝ կը գրէ. «Այլ եւս կամիմ զե՛ւս զուարճալին ազդել, շրջեա՛ ի զբօսանս ձեռագիր մատենից, որք ոչ պակասին այդր. յուզեա՛ ճարտարութեամբ՝ ո՛ւր ուրեք կամ ո՛ւմ ումեք գտցին հին գրեանք, որպիսի՛ եւ իցեն, պիտանիք կամ անպիտան թուեցեալ. մանաւանդ տեղեկացիր ի ձեռն ծանօթից ուղղափառաց կամ օտարաց, թէ կայցե՛ն (որպէս միշտ կային) ի Կարմիր Վանս՝ որ արտաքոյ քաղաքին, եւ իցէ՞ թէ անվտանգ տեսող լիցիս անձամբ, զինչ եւ է հնարիւք խոստմանց, եւ առցես զցանկ նոցա ի վերնագրացն ողջոյն մատենին եւ ծանուսցես մեզ»։

Եւ դեռ շարունակելով նամակը կը քաջալերէ զինքը, որպէսզի առանց դրամ խնայելու «ոչ սակաւ հնոտի մատեանս զբռամբ ածցես. երանի՛ թէ յաջողեսցին իրքս եւ արձանագրեսցի ի գրատան մերում անուն ձեր պանծալի ի յաւերժական յիշատակ»։

Հ. Մկրտիչի թելադրութեան մէջ կայ նաեւ հետեւեալը. «Եթէ եւ ի Սիվրիհիսար հանդիպեսցիս, անդ եւս ի վանս գտանես ընտիր մատեանս, յորոց մի է Հարանց վարք, գրեալ յաւուրս Լամբրոնացւոյն, ի պէտս նորա, զոր ես տեսի ի Կոստանդնուպօլիս, եւ յոյս ունէի առնուլ, այլ փութով յետս առաքեցաւ ի տեղի իւր ի Սիվրիհիսար»։

Իր 25 Յունուար 1827 թուակիր այս նամակին մէջ, Հ. Մկրտիչ կը դնէ երկսիւն ցանկ մը Ձեռագիրներու, որոնցմէ առաջինին մէջ նշանակուածները թէեւ ունինք, սակայն «գովելի ագահութեամբ» կ՚ուզէ ունենալ ուրիշ օրինակ, իսկ երկրորդ սիւնին մէջ «զորս չունիմք, վասն որոյ եւ պասքեալ ոգւով ի խնդիր եմք, յորոց եթէ գէթ քանի մի ի ձեռս բերցես՝ ո՛ւր եւ իցէ, ուստի՛ եւ իցէ, գանձ մեծ մեզ պարգեւես... ։ Գիտեմ զի ոչ թողուս զմեզ անմխիթար»:

Պր. Անտոն Սամանճեան, հաւատարիմ իր խոստումին, կը մտերմանայ Գաղատիոյ վանքի առաջնորդին եւ կը ստանայ թոյլտուութիւն ազատօրէն մտնելու գրադարան եւ օրինակելու Ձեռագիրներ, առանց հեռացնելու վանքէն, քանի իր նախորդին ժամանակ՝ պակսած էին բազմաթիւ գրչագիրներ։ Պր. Սամանճեան կը պատրաստէ վանքի ընտիր ճառընտրին ցանկը, ճառերու սկզբնաւորութեամբ։ Պոլսոյ մեր միաբաններէն Հ. Կարապետ Եսայեան եւ Հ. Եփրեմ Սէթեան, որոնք տեղեակ Ս. Ղազարի պահանջներուն, կը նշեն կարգ մը ընդօրինակելի ճառեր։ Հ. Աւետիք Աւետիքեանի նամակէն կ՚իմանանք որ «Սամանճեան Անտոն աղայն զամենայն նշանակեալ ճառսդ, զոր ի յղեալ ցուցակիս տեսիք, օրինակեալ բերեալ է ընդ իւր. ընդ նմին եւ բոլոր ցանկն գրատան նոցին...: Մեք ընծայեցաք մի մի ի նորոգ գրեանց մերոց Սամանճեանին» (առ Աբբայ Սոմալ, 24 Յունիս 1827):

1829-1830 տարիներուն Հ. Կարապետ Եսայեան Պոլիսէն կ՚անցնի Հռոմ։ Վենետիկէն Հ. Մկրտիչ 30 Ապրիլ 1829 թուակիր նամակով՝ զինք գործի կը լծէ, որովհետեւ գիտէ թէ Վատիկանի եւ Լիբանանցի Անտոնեան վանքի Մատենադարանները ունին Սիրաքի Ձեռագիրներ, եւ կ՚ուզէ իմանալ անոնց մասին, ստուգելու համար անոր թարգմանութեան հարազատութիւնը։

Երբ Հ. Կարապետ Հռոմի Դոմինիկեանց վանքը կը գտնէ Ձեռագիրներ եւ կ՚ուզէ ընդօրինակել, Հ. Մկրտիչ օգնութեան կը հասնի՝ գրելով. «Իմ օրինակեալ է ի Մինէրվայէ զգործՍրբոյն Բարսղի վասն կրօնաւորաց, որ եւ Հարցմանց գիրք, եւ ի Վատիկանէ զՃառն մարդեղութեան, որ է գործ Սարկաւագ վարդապետի ընդդէմ նեստորականաց(մակագրեալ ի գրչէ՝ ընդդէմ Քաղկեդոնի), որպէս եւ զհատուած ինչ որ կոչի Բանք խրատու ուսումնասիրաց Սարկաւագէ աշխարհալոյս վարդապետի։ Այլ հատուած Եզընկայ թարգմանչէ յաղագս վեցօրեայ արարչութեան» (Յունիս 1829)։ Յաջորդ ամսուն Հ. Մկրտիչ նոր պատուէր մը կը հասցնէ Հ. Կարապետին, այն է՝ քննել Վատիկանի 1320 թուականի Մաշտոցը, եւ օրինակել կարգ մը նիւթեր՝ որոնց ցանկն ալ կը ներփակէ՝ աւելցնելով. «եթէ օրինակէք ըստ ժամանակին՝ բարւոք առնէք»։

Հ. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆ (1765-1852)

 

Հազիւ երկու տարի (1801-1803) կը մնայ Պոլիս, եւ Վենետիկ դարձին (4 Դեկտ. 1803) հետը կը բերէ.

ա. Յովհաննէս Երզնկացի, Մեկնութիւն Քերականի (Ձեռ. 289)

բ. Յովհաննէս Դամասկացի (Ձեռ. 442)

գ. Երեմիա Չէլէպի, Ջատագովութիւն հայկական ծիսից (Ձեռ. 621)

դ. Փիլոն Եբրայեցի (Ձեռ. 1376)

ե. Ներսէս Շնորհալի, Մեկնութիւն Կաթողիկեայց (Ձեռ. 1381)։

Հ. ՊԵՏՐՈՍ ԱՊԱԶԵԱՆ (1774-1805)

 

Ունեցած է կարճատեւ կեանք եւ հազիւ չորս տարի (1801-1805) վարած է հովուական պաշտօն, նախ իր ծննդավայրը՝ Խոտրջուր եւ ապա Կարին։ 1802ին Կարինէն Պոլիս կը հասցնէ ութը Ձեռագիր.

ա. Գիրք Ձեռնադրութեան (Ձեռ. 2)

բ. Սաղմոսարան (Ձեռ. 625)

գ. Մաշտոց (Ձեռ. 1106),

դ. Շարակնոց (Ձեռ. 1424)

ե. Ներսէս Լամբրոնացի, Մեկնութիւն  Առակաց (Ձեռ. 1631)

զ. Աւետարան

է. Վարք Հարանց

ը. Ճաշոց

Ութը Ձեռագիրները Կարինէն հասած են Պոլիս եւ 1805ին ղրկուած Վենետիկ։ Ձեռագիրներէն միայն առաջին հինգը անցած են Մատենադարան, մնացած երեքը, շատ հաւանաբար նոր գրչութիւն ըլլալով՝ մնացած են դուրս։

Յիշեալ գրչագիրներէն Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Առակացը նուէր է Մատենադարանիս՝ Հ. Պետրոսի եղբօր, ՏԷՐ ԱՆՏՈՆ ԱՊԱԶԵԱՆէ։ Նմանապէս նոյն անձին նուէրն է Ժողովածոն (Ձեռ. 2361), նուիրուած 1812ին։

Յաջորդաբար, երբ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան կը քաջալերէ զինքը, գտնելու նոր Ձեռագիրներ, Հ. Պետրոս կը պատասխանէ. «Զհնագիրս, զիմ եւ զքո խնդրեալս, ոչ գտանեմ, զի ոչ գտանին, եւ գտեալքն իսկ անպիտան։ Ասեն գտանին հնագոյնք ի Համշէն. կամէի երթալ, յանձնեցի զնոյն հոգ հաւատարիմ գնացողաց» (27 Յունվ. 1804)։

Հ. Պետրոսի ղրկած Ձեռագիրները վանքին մէջ խանդավառութիւն կը ստեղծեն:

Գրապետն Հ. Կարապետ Եսայեան՝ կը գրէ Հ. Պետրոսի. «Վ. Հ. Պօղոսն Մէհէրեան, ծանօթս տայ Վերապատուութեանդ, վասն մեծիեւ հռչակաւոր Ճառընտրի եղելոյ ի վանս Բասենոյ, ի ժամանակս Երնշ. Հօրն մերոյ Մխիթարայ: Իսկ ի ժամանակս վիքարութեան Վ. Հ. Պօղոսին, - որպէս լուեալ է նորա ի բուն իսկ յառաջնորդէ վանացն, - այն մատեան տարեալ է Հասան Ղալա։ Եթէ հնար իցէ, ասէ, փոյթ կալցի պատուականութիւն ձեր ի ձեռս բերել զմատեանն կամ տալ ընդօրինակել հայրապետական կոնդակաց ո՛ր եւ իցէ դարու, կամ վկայականաց, կամ գրոց օրհնութեանց, եթէ հանդիպեսցի Վերապատուութիւնդ, թէ ոչ ստանալ՝ գոնէ օրինակել մի՛ անփոյթ լիջիք» (20 Փետր. 1805)։

5 Յունուար 1805ին Հ. Պետրոս կը վախճանի։ Եղբայրը, Տէր Անտոն Ապազեան, Կարինէն Պոլիս կը ղրկէ լուսահոգիին ինչքերը, որոնց մէջ «ութ ձեռագիրք, յորս Կանոնագիրք փոքր (բայց հին)՝ է յիշատակ Անտոն Վրդ. ի Ապազեան. մնացեալքն են Շարական, Մաշտոց: Կարեւոր քան զամենայն՝ մագաղաթեայ Սաղմոս հին բոլորգիր, հանդերձ հինգ գրովք Սողոմոնի. ուր բացի տաղաչափ Յիշատակարանէ Շնորհալւոյն՝ կան եւ տաղք Գրիգորի Ապիրատի միջական ոճով» . Մկրտիչ առ Ագոնց Աբբայ, 26 Մարտ 1805):

Յիշեալ Ձեռագիրներուն հետքը կը դժուարինք գտնել, քանի ոչ մէկ նշում մնացած է Ձեռագիրներուն կամ Աւգերեան Ցուցակին մէջ։

Հ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՒԳԵՐԵԱՆ (1774-1854)

 

Երեք տարուան համար (1802-1804) կը ղրկուի Պաշպալով, եւ դարձին հետը կը բերէ Ձեռագիրներ, որոնց մասին կը գրէ իր «Ինքնակենսագրութեան» մէջ. «Եբեր զՄեկնութիւն թղթոցն Կաթողիկեայց ի Ներսիսէ Շնորհալւոյ, զԱռաքելական կանոնս, զՃառս կուսութեան ի Գրիգորէ Նիւսացւոյ, զԲացատրութիւն յիսներորդ Սաղմոսին եւ զՏէրունական աղօթից՝ վայելուչ թարգմանութեամբ ի լատին բարբառոյ, որոց ոմանք էին յիշատակք Տէր Միքայէլի Սանոսեան» (էջ 37):

Ոչ Ձեռագիրներուն եւ ոչ Աւգերեան Ցուցակին մէջ նշանակուած ըլլալով Հ. Յարութիւնի անունը, կը դժուարինք ստուգել անոնց ձեռագրական համարները։

Հ. ՄԻՆԱՍ ԲԺՇԿԵԱՆ (1777-1851)

 

Շնորհիւ ունեցած համբաւին, նկարագրին նրբութեան եւ նիւթական զոհողութիւններուն, Հ. Մինասի ձեռքով վանքիս Մատենադարանը մտած են հարիւրի մօտ Ձեռագիրներ, մեծ մասամբ իր կենդանութեան, յետ մահու ալ այն գրչագիրները՝ որոնք պահած է մօտը, Խրիմ։

1808ին կը մեկնի Պոլիս եւ կը նուիրուի նորակառոյց վարժարանին մէջ՝ մանուկներու կրթութեան։ Երբ տեղացիներուն պնդումին վրայ, 1815ին, կը փոխադրուի Տրապիզոն, իր ծննդավայրը, հովուական պաշտօնով, ուրկէ կը գրէ Ագոնց Աբբահօր. «Գտի աստ հին ձեռագիր Աւետարան մի զգուշութեամբ ընդօրինակեալ ի Կաֆա, ի թուին Հայոց ՊԼԳ (1364)...: Լաւ լինէր եթէ Վեհութիւնդ առաքէր եկեղեցւոյն մերոյ Աւետարան մի ընծայ, բայց այս Աւետարան պիտի լինել մեծադիր, որչափ հնար է, տպագրեալ ի վերայ հաստ թղթոյ եթէ գոյ, եւ ի տեղի կաշւոյ՝ պատեսցի կողք Աւետարանին մոռ խատիֆէիւ, զոր կարեմք աստ արծաթել, առաքելով առ ժողովուրդն» (27 Յուլիս 1815): Շատ հաւանաբար Հ. Մինաս չէ յաջողած ստանալ Ձեռագիրը, որովհետեւ չենք գտներ անոր հետքերը։

Տրապիզոն ծագած խռովութիւններուն պատճառով՝ Հ. Մինաս 1819ին կը դառնայ Վենետիկ, ու յաջորդ տարին կը մեկնի Խրիմ, սկսելու առաքելութեան նոր գործունէութիւն, դառնալով հիմնադիրը այդ առաքելութեան։

Դէպի Խրիմ ճամբուն վրայ՝ կը հանդիպի Լվով (Լէմպէրկ), եւ նախ կ՚այցելէ հայ թեմականին, Քայդանոս Արքեպս. Վարդերեսովիչի, որ «յարեցաւ ի սէր նուաստութեանս, եւ ստիպեաց զիս մնալ առ նմա գէթ աւուրս ինչ»։ Լվովէն անցնելու շարժառիթը՝ տեղւոյն Ձեռագիրները ստանալու փորձ մը ընելն էր։ Եւ իրապէս Հ. Մինաս, անգամ մը որ կը գրաւէ Արքեպիսկոպոսին համակրանքը, լիով կը յաջողի հասնիլ իր նպատակին։ Նոյն օրերուն Լվովէն կը գրէ Ագոնց Աբբահօր. «Վասն գրչագրաց այսչափ ծանուցից առ ժամս, բազմարուեստ հնարիւք շահելով զսիրտ ամենեցուն՝ վստահ եղեն. էանց ամենայն ի ձեռս իմ, քննեցի եւ գրեցի, սակայն խոհեմութիւնն ոչ ներէ զրկել զսոսա ի բնաւից։ Ապա այժմ վայելեսցուք զկարեւորսն, եւ զանկարեւորսն՝ զկնի, որպէս խոստանայ Վեհն (իմա՛ Արքեպիսկոպոսն) անցուցանել ի վանս յառիթս ինչ» (4 Յունիս 1820):

Ուղեւորութիւնը շարունակելով կը հասնի Օտեսսա։ 8 Օգոստոսին կը գրէ Ագոնց Աբբահօր. «Զցանկ գրչագրաց եղելոց առ իս՝ ահա դնեմ ի թղթիս. ընդ նմին եւ զձեռագրին իմոյ օրինակն՝ զոր ետու Արքեպիսկոպոսին Իլովայ՝ վասն ապահովութեան ինչ իւրոցն։ Խնդրեմ, շնորհակալութիւնս ինչ գրեսջիք առ նա, կամ թէ յիշեսցի ի թղթի ձերում անուն Սարգսին եւեթ. իսկ վասն այլոց Ձեռագրաց՝ լիցի լռութիւն, առ որ ունիմ առաքել աստի Եւսեբիոս մի եւ Աստուածաշունչ մի ընծայ։ Ի գրչագրաց աստի իբր 40՝ եդի յարկեղ, հանդերձ կնքով, գրելով ի վերայ անուն Վեհութեանդ...: Յետ տեսանելոյ (զձեռագիրսն), պատուիրեսցի վարժարանեայց՝ նորոգել զկարի հինս զգուշութեամբ, որք՝ որպէս յուսամ լիցին մխիթարութիւն Հասարակութեանս»։

Թէեւ Հ. Մինաս այս նամակին մէջ կը խօսի ղրկած Ձեռագիրներուն ցանկին մասին, սակայն մենք զայն չգտանք, ու քննելով Աւգերեան Ցուցակը՝ պատրաստեցինք ցանկը այդ Ձեռագիրներուն, որոնք Ս. Ղազար հասած են 17 Նոյեմբեր 1820ին։ Ահա անոնց ցանկը.

ա. Փիլիսոփայութիւն (Ձեռ. 30)

բ. Գրիգոր Նիւսացի (Ձեռ. 56)

գ. Յաճախապատում(Ձեռ. 75)

դ. Կանոնագիրք (Ձեռ. 105)

ե. Շարակնոց (Ձեռ. 192)

զ. Յայսմաւուրք (Ձեռ. 209)

է. Կցուրդք (Ձեռ. 260)

ը. Սաղմոսարան (Ձեռ. 359)

թ. Ժամագիրք (Ձեռ. 417)

ժ. Տոմար (Ձեռ. 481)

ժա. Ոսկեփորիկ (Ձեռ. 526)

ժբ. Գրիգոր Տաթեւացի (Ձեռ. 574)

ժգ. Գիրք Ձեռնադրութեան (Ձեռ. 582)

ժդ. Քերականութիւն (Ձեռ. 591)

ժե. Կղեմէս Կալանոս (Ձեռ. 596)

ժզ. Գանձարան (Ձեռ. 651)

Ժէ. Յովհաննէս Կաթողիկոս Պատմութիւն(Ձեռ. 658)

ժը. Ժամագիրք (Ձեռ. 689)

Ժթ. Հաւաքումն բանից(Ձեռ. 702)

ի. Դաւիթ Անյաղթ (Ձեռ. 778)

իա. Վարդան, Մեկնութիւն Դանիէլի(Ձեռ. 922)

իբ. Մաշտոց (Ձեռ. 924)

իգ. Գէորգ Սկեւռացի (Ձեռ. 997)

իդ. Աղօթագիրք (Ձեռ. 1072)

իե. Տօնացոյց (Ձեռ. 1100)

իզ. Սաղմոսարան (Ձեռ. 1121)

իէ. Բարթողիմէոս(Ձեռ. 1137)

իը. Աստուածաշունչ (Ձեռ. 1270)

իթ. Յակոբ Թոխաթեցի(Ձեռ. 1300)

լ. Յայսմաւուրք (Ձեռ. 1321)

լա. Մաշտոց (Ձեռ. 1340)

լբ. Արհեստ գրչութեան (Ձեռ. 1396)

լգ. Մեսրոպ երէց (Ձեռ. 1428)

լդ. Ղինոս կրօնաւոր (Ձեռ. 1440)

լե. Դիոնեսիոս Արիսպագացի(Ձեռ. 1463)

լզ. Պատմութիւն Աղեքսանդրի(Ձեռ. 1538)

լէ. Սիմէոն Ջուղայեցի (Ձեռ. 2297)

լը. Շարակնոց (Ձեռ. 2340)

լթ. Պատմութիւն(Ձեռ. 2395)

խ. Հաւատով խոստովանիմ (Ձեռ. 2689)

խա. Յակոբ Ղրիմեցի (Ձեռ. 2703)

խբ. Երգարան (Ձեռ. 2704)

խգ. Քրիստոնէական (Ձեռ. 2961)

Թուարկուած Ձեռագիրներէն Ոսկեփորիկը (Ձեռ. 526) եւ Կցուրդքը (Ձեռ. 260), չեն պատկանիր Լվովի խումբին. Մայր Ցուցակին մէջ գրուած է անոնց համար. «Գտեալ ի Վ. Հ. Մինասայ մերմէ Բժշկեան, ի փլատակս մատրան Կամենիցի, ի Զուանչայ, զոր յղեաց առ մեզ յամի 1820»։

Բնականաբար Ս. Ղազարի միաբանները կը հրճուին ի տես այսքան նոր Ձեռագիրներուն, որոնցմէ մաս մը նախապէս, Հ. Յովհաննէս Զօհրապեան, 1791ին բերած էր Լվովէն եւ ուսումնասիրելէ ետք դարձուցած էին՝ դաշինքին համաձայն։ Հ. Եփրեմ Սէթեան, ապագայ մեծ առաքեալը Ձեռագիրներ հաւաքելու նուիրական գործին, Հ. Մինասին ղրկած Ձեռագիրներուն առիթով կը գրէ Հ. Եղիազարի (Հռոմ). «Հ. Մինասն ի ճանապարհորդելն իւրում աստի ընդ լեհ դէպ յՕտեսսա, ի բազում տեղիս բազում ձեռագիր մատեանս ստանայ, զհոլովն առեալ իբր յընծայ վանացս, որք եւ հասին յայսոսիկ աւուրս, յորս նշանաւորք եւ ի բազմաց հետէ փափաքելիք են այն մեծադիր Սարգիսն՝ զոր տեսեալ է յԻլով Զօհրապն, զորոյ զմեծութեան գիրս ունիս իմանալ ըստ չափու մեծի երկաթագիր Աւետարանին, գրեալ է ի թուին ՉԿԹ։ Փիլոն մագաղաթեայ՝ ճանապարհորդեալ այս երկրորդ անգամ ի Վենետիկ, յորում որ զուարճալին է՝ զի երթ յառաջն ի բերելն զայն Զօհրապին աստ ասի օրինակել, մերէն եդեալ են այլ եւ այլ պատառս թղթոյ իբր ի նշան՝ ինչ ինչ նշանակեալ ի նոսին. տակաւին ի մէջն են անշօշափ յումեքէ. աստի ծանիցես զգրասիրութիւն հայոց։ Դիոնեսիոս Արիսպագացի՝ եւ այլ յԻլովէ, հին թարգմանութիւն եւ հին գրութիւն, որ բազում ինչ մատակարարէ բառարանին (իմա՛ Հայկազեան): Մեկնութիւն Եսայեայ հնագիր, Աստուածաշունչ մի՝ լոկ հին կտակարան, ո՛չ ընտրելագոյն։ Գանձարանք, Երգարանք եւս եւ այլ խառնափնդոր կամ հատուկտիր գրուածք՝ ըստ սովորութեան հայերէն մատենագրութեան» (21 Նոյեմբեր 1820):

1823ին, երբ երեք աշակերտներ Խրիմէն կը մեկնին Վենետիկ, Հ. Մինաս կը գրէ Ագոնց Աբբահօր. «Կամէի այժմէն անցուցանել ի վանս զամենայն գրչագիրս, այլ չեղեւ հնար, միայն զփոքրադիրս եդի յարկեղ, (այսինքն)՝

զԳրչութիւն Արիստակեայ(Ձեռ. 1396),

զՅաճախապատումն Լուսաւորչի (Ձեռ. 75), ընտիր ձեռագիրս. նաեւ զՃառ Զգօնայհնագոյն թարգմանութեամբ (Ձեռ. 360), զոր ամենայն զգուշութեամբ օրինակեցի» (31 Յուլիս):

Ուզելով ամբողջացնել յաջորդող տարիներուն Հ. Մինասի Խրիմէն ղրկած Ձեռագիրներու ցանկը, կ՚ունենանք հետեւեալ պատկերը.

1825ին՝ կը ղրկէ Սաղմոսարան (Ձեռ. 520)

1826ին, Խրիմէն Վենետիկ ուղեւորներու հետ կը ղրկէ «9 գրչագիրս վասն գրատան», սակայն չի՛ մանրամասներ անոնց անունները, ու կ՚աւելցնէ. «Գոն առ իս եւ քանի մի աստ պիտանացու» (առ Աբբ. Սոմալ, 28 Յունիս 1826):

Նոյն տարուան 26 Հոկտ. ին կը գրէ. «Ընկալայ ի Տրապիզոնէ զԽորհրդածութիւն Լամբրոնացւոյն, զոր գտեալ առ Կարապետ Եպս. ի Կարնոյ՝ ետու օրինակել Հ. Նիկողայոսին (Մովսէսեան) եւ բաղդատել ընդ այլ գրչագրի՝ աշակերտին իմոյ Տեառն Յովհաննու, որ ի Տրապիզոն» (առ Աբբ. Սոմալ):

1829ին Հ. Մինաս կ՚իմացնէ Աբբահօր թէ «ընկալայ ի Տփխիսէ գգրչագիր Պատմութիւն Զաքարիայ Նախասարկաւագին, Ժամանակակցի Առաքելի Պատմագրի. այլ սորա գրութիւն է կարգաւորեալ եւ համառօտ, տալով տեղեկութիւնս Շահից եւ դիպուածոց աշխարհիս Հայոց եւ վանօրէից» (28 Յունիս): Յաջորդ տարին, 1830ին, Հ. Մինաս Պոլսոյ ճամբով Վենետիկ կը ղրկէ Ձեռագիրը (Ձեռ. 2768):

Նոյն տարին Հ. Մինաս կը գրէ Սոմալեան Աբբահօր թէ Տրապիզոնէն Սաղրեան-Կիւրեղեան «Պր. Կիւրեղն յղէ առ իս զՊատմութիւն Աղեքսանդրի Մակեդոնացւոյ, խորթ թարգմանութեամբ յարաբականէ, այլ զինչութիւնն յառանձին թղթի տեսանէք»։

1837ին Հ. Մինաս Աժտերխանէն կ՚ընդունի Գրիգոր Աստուածաբանի, Կիւրղի եւ այլ Հայրերու ճառերը, որու «առաջին գրիչ թուի լինել Գրիգոր Տաթեւացի, ընդօրինակեալ ի մատենէն գտելոյ յարկեղ վանաց Ստաթեւու, յորմէ օրինակեալ է Արիստակէս քահանայ» (առ Աբբ. Սոմալ, 8 Փետր. 1838)։ Նոյն տարին Հ. Մինաս Ձեռագիրը կը հասցնէ Ս. Ղազար:

Նոյն այս տարին է որ Վենետիկէն Հ. Ներսէս Սարգիսեան կ՚ընդունի առ Հ. Մինաս գրած նամակին պատասխանը. «Տակաւին չեհաս ինձ ի ձեռս բերել զխնդրեալ գրչագիր մատեանսդ, թէպէտ առժամայն գրեցի ի Պեսարապիա, առ Ներսէս եպս., յԱժտերխան եւ առ մերս Հ. Եփրեմ (Սէթեան) տալ յընդօրինակել յԷջմիածին զայնս հաւատարմութեամբ, սակայն ցարդ չեղէ կամագիւտ ուստեք: Նմին իրի զոր ունիմս ահա յղեմ այսու, որ է մատեան Առ որս, Խորհրդածութիւն Լամբրոնացւոյն եւ զիմ Քերականութիւն Հայ-ռուս: Բայց ի ժամանել ուստեք առ իս այսպիսի մատենից, ոչ յապաղեցիր հասուցանել առ ձեզ, իսկ դուք քաջ լերուք, տքնեսջիք այսպիսի արդիւնաւոր վաստակս, որք ոչ բնաւ անվարձ մնան, այլ մանաւանդ բարձրացուցանեն զպատիւ առաջի Աստուծոյ եւ սրբագումար Միաբանութեանս ի պարծանս մեր եւ բոլոր զարմիդ» (8 Հոկտ. 1838)։

1838ին Հ. Մինաս Վենետիկ ղրկած է երեք Ձեռագիր, Գրիգոր Աստուածաբան(Ձեռ. 1028), Լամբրոնացի, Խորհրդածութիւնք (Ձեռ. 380), Կիւրղի Պարապմանցը. սա վերջինս չէ մտած Մատենադարան՝ հաւանաբար նոր գրչութիւն ըլլալուն համար։

1839ին Հ. Մինաս կ՚իմացնէ թէ ստացած է Ճառընտիր մը՝ ՉԴ թուականի (Ձեռ. 425), որ 1842ին կը ղրկէ Վենետիկ, բայց կ՚աւելցնէ թէ պէտք ունի Նախնեաց Մատենագրութենէն տպագիր օրինակներու, որպէսզի կարենայ փոխանակել Ձեռագիրներու հետ, «քանզի այժմ կարի նախանձաւորք են հայք սակս գրչագրաց» (առ Աբբ. Սոմալ, 5 Յունիս 1839)։

Տարին չաւարտած, Հ. Մինաս ուրախութեամբ կը գրէ Աբբահօր թէ «յայսմ միջոցի հասին առ իս քանի մի գրչագիր մատեանք, յորս են եւ կրկին Ճառք ԵղիշԷի զկնի Յարութեան։ Գրեցի եւ Էջմիածին առ Յովսէփ եպս. Վեհապետեանց եւ առ Յովհաննէս վրդ. Շահխաթունեանց, սակս գրչագիր մատենից» (28 Դեկտ. ):

1840ին Հ. Մինաս կ՚ընդունի նամակ մը Տփխիսէն, Առաքել Արարատեանէ, որու դիմած էր ի խնդիր Ձեռագիրներու։ Առաքել կը գրէ. «Զթուղթ Տեառնդ առ Յ. Շահխաթունեան ի միւսում աւուր յետ ստանալոյս ուղղեցի փօշտիւ յԵրեւան, առ մտերիմ իմ Աղեքսանդր Թաքերեանց, պատուիրեալ նմա անձամբ անձին իջանել յԷջմիածին, մատուցանել նմա զթուղթն եւ գուն գործել ամենայն ջանիւ չափ առ ի ստանալ առ ի նմանէ զխնդրելիդ։ Բայց եւ այնպէս ի 17 ամսոյս գրեցի եւ առ նա ինքն յատկապէս, եւ թախանձ արկի վասն մատենին չխնայել թէ ունի, եւ թէ ոչ՝ գտանել ուր եւ իցէ ի վանսն զխնդրելին ձեր՝ զԱրարածոց մեկնութիւն ԵղիշԷի եւ ինձ հասուցանել։ Զոր ինչ եւ ստացայց ի նմանէ՝ իսկ եւ իսկ ազդ արարից հայրութեանդ։ Որ ինչ գրչագիր մատեանք էին առ մեզ, ականատես եղեւ ի վաղուց հանգուցեալ Հ. Եփրեմ Վ. Սէթեան եւ եհան ի նոցանէ զընտիրսն. եւ արդ առ ուրուք չիք ինչ այնպիսի» (19 Փետր. 1840):

Եւ որովհետեւ Վենետիկի մէջ կը պատրաստուէր տպագրութիւնը Մովսէս Խորենացիի Մատենագրութեան եւ կարիքը կար մաքուր օրինակի մը Աշխարհացոյցին, Սոմալեան Աբբայ հրահանգ կը ղրկէ Հ. Մինասին՝ գտնել եւ փութով հասցնել Վենետիկ։ Հ. Մինաս դարձեալ կը դիմէ Առաքել Արարատեանի, «գտանել զգրչագիր Աշխարհագրութիւն Խորենացւոյն. կարծեմ դիւրաւ ի ձեռս բերել զայն յԷջմիածնէ, զի կամք են մեզ հետզհետէ զամենայն ընտիր Մատենագրութիւնս նախնեաց մերոց յստակ ի լոյս ընծայել՝ ի շահ ազգիս։ Եւ նորին աղագաւ համարձակիմ բաղխել զիմաստախոհ սիրտ մտերմիդ, խօսել ընդ Արհիապատիւ Կարապետ Եպիսկոպոսի տեղւոյդ եւ հաճոյացուցանել զնա, զի փոխանակեսցէ ընդ տպագրեալ մատենից մերոց զկրկին հին Ճառընտիրս, մին երկիջեան եւ միւսն գրեալ ի թուիս ՆԼ։ Եթէ այս չիցէ հնար, գէթ թոյլ տացէ գտանել զոմն այդր եւ տալ ընդօրինակել զնոսա ինչ ի մատենից անտի» (Փետր. -Մարտ 1840)։

Հ. Մինաս Սոմալեան Աբբահօր կը հաղորդէ ինչ աշխատանք որ կը տանի՝ կատարելու համար Ձեռագիրներու նկատմամբ ստացած հրահանգները. «Ընկալայ թուղթ յԷջմիածնէ, գրէ Յովհաննէս Վրդ. ն ցաւով թէ Մեկնութիւն Ծննդոց ԵղիշԷի ո՛չ առ իս գոյ եւ ոչ ի գրատան մենաստանիս, զոր դարձեալ յիշելով գրեցի սակս Աշխարհագրութեան Խորենացւոյն՝ ուղղակի առ Կաթողիկոսն, յուսամ ի ձեռս բերել զայն գէթ առ ժամանակ մի» (Մայիս-Յունիս 1840):

1841ին ալ Հ. Մինաս հարուստ լուրեր կը հաղորդէ Սոմալեան Աբբահօր նկատմամբ Ձեռագիրներու։ 15 Մայիսին կը գրէ թէ՝ Մսեր դպիրի միջոցով երեւան հանած է Վարդան Վրդ. ի Մեկնութիւն աղօթից Ամբակումայ, Բարսեղ Կեսարացիի ճառերէն, Խրատք Մովսէս միայնակեացի, 170 ոտանաւոր ԱռակՆերսէս Շնորհալիի, 48 Առակ Մխիթար Գօշի։16 Օգոստոսին կը ստանայ «կրկին ճառք գեղեցիկք, մին Սեբերիանոսի, կարի ընտիր, ի բան ՚Հուր եկի արկանել յերկրի՚, եւ միւսն Վանական վարդապետին իբր մեկնութիւն ՚Տէր զլուր՚: Սպասեմք առնուլ լուր եւ վասն Աշխարհագրութեան Խորենացւոյն, որոյ վասն դիմեցի առ Շահխաթունեանն, հանդերձ ընծայիւք, գէթ տալ օրինակել զայն հաւատարիմ դպրի ամենայն ճշդութեամբ։ Ընկալայ դարձեալ ի Նախիջեւանէ քանի մի նոր Ձեռագիրս, յորս է Առարկաբանութիւն ի վերայ բանից Արիստոտելի որ յաղագս հոգեաց»։

Տարին աւարտելուն՝ Հ. Մինաս ուրախութեամբ կ՚աւետէ Սոմալեան Աբբահօր թէ Էջմիածնէն երկու սարկաւագներ կատարած են Աշխարհացոյցինընդօրինակութիւնը եւ գործը աւարտած է «ընդ ճառից ինչ Եղիշէիկամ Եփրեմի, եւ հրամանաւ Կաթողիկոսին յանձնեցաւ Գէորգ Եպս. ին, բայց տակաւին չեհաս ի ձեռս իմ։ Յորմէ յայտ է թէ քանի՜ դժուարութեամբ եւ որպիսի հնարիւք եւ ընծայատրութեամբ հաւաքին գրչագիրք: Որոյ վասն մերքն բազում անգամ գրեցին առ իս անխնայ ընծայել զտպագրեալսն՝ առ ի ձեռս բերել զգրչագիրս, առանց որոյ անմարթ է հանել ի ձեռաց նոցա ինչ մի» (25 Դեկտ. 1841)։

Յաջորդ տարին, 1842ին, դեռ չէ ստացած Խորենացիի Աշխարհացոյցը, որովհետեւ «Գէորգ Եպս. ն դանդաղի հասուցանել առ իս. նովին աղագաւ ահա կրկին գրեցի, յուսամ թէ ոչ յապաղեսցի» (առ Աբբ. Սոմալ, 2 Ապրիլ): Հ. Մինաս Յովհաննէս Կաթողիկոսէ ստացած է Եղիշէի Մեկնութիւն Յեսուայ եւ Դատաւորաց։

1842ին, Հ. Գաբրիէլ Այվազովսկի Ղրիմէն Վենետիկ դարձին, Հ. Մինաս կը յանձնէ 14 գրչագիր՝ հետը տանելու Ս. Ղազար։ Ահա ցանկը՝ Հ. Մինասի նամակին համաձայն.

Հարցմունք մեծին Աթանասայ, Լուսաւորչին (Ձեռ. 425)

Արիստակէս վրդ. Մեկն. Մատթէի (Ձեռ. 575)

Ներսէս Լամբրոնացի, Զննութիւն կարգաց (Ձեռ. 1344)

Բանք ի մեկնութենէ Դանիէլի եւ պատասխանիք Ներսիսի

Լուծմունք բանից Արիստոտելի

Մեկնութիւն Սահմանաց Դաւթի Անյաղթի

Եղիշէի Մեկնութիւն Յեսուայ, Դատաւորաց (Ձեռ.. 2287)

Վանական Վրդ. Մեկնութիւն Ամբակումայ

Սեբերիանոսի, Ճառ ՚Հուր եկի արկանել՚

Մաշտոց (Ձեռ. 369)

Ժամագիրք (Ձեռ. 645)

Նօթա յունարէն

Գրուածք արաբ եւ հնդկաց

Բաղդատութիւն Առակաց Մխիթարայ

1843ին Էջմիածնի Գէորգ Եպս. - Թադէոս վրդ. ի ձեռքով, - վերջապէս կը հասցնէ Խորենացիի Աշխարհացոյցը (Ձեռ. 2234), որ իսկոյն կը ղրկուի Վենետիկ, եւ որու վրայէն կը կատարուի տպագրութիւնը՝ իբր ընտիր օրինակ։ Հ. Մինաս միասին կը ղրկէ «Զճառն սրբոյն Բարսղի (՚Հայեաց ի քեզ՚) եւ զվերջին մասն Այլակերպութեան ճառին» (առ Աբբ. Սոմալ, 3 Մարտ 1843)։ Էջմիածնէն կը ստանանք նաեւ Ոսկեբերանի 26 ճառերու ցանկը, ինչ որ կը ստեղծէ խանդավառութիւն Ս. Ղազարի միաբաններուն մէջ, որոնք հետամուտ կ՚ըլլան ստանալու անոնց ընդօրինակութիւնը։ Հ. Մինաս 1847ին անձամբ Վենետիկ կը տանի այդ 26 ճառերը, ընդօրինակուած Էջմիածին (Ձեռ. 1847)։

Խորենացիի Աշխարհացոյցին տպագրութիւնը աւարտելէն վերջ է որ կը հասնի Հ. Մինասի ղրկած Աշխարհացոյցի ուրիշ օրինակ մը (Ձեռ. 2132), որու աւարտին Հ. Մինաս գրած է. «Ուղղեալ առ իս Յովհաննու Արքեպս. ի Շահխաթունեան, ընդօրինակեալ յայլ օրինակէ գրատան Էջմիածնի, ձեռամբ Աբելայ Աբեղայի Արարատեան, յամի 1842»։

1844ին Հ. Մինաս օրինակել կու տայՈսկեբերանի Պօղոսի ԺԴ՝ թղթոց մեկնութիւնը, (Ձեռ. 1296), որու սկիզբը գրիչը թողած է հետեւեալ ծանօթութիւնը. «Ընդօրինակեալ ամենայն զգուշութեամբ օրինակէն Աստրախանու, ի Գէորգ դպրէ Աղաճանեան, հրամանաւ եւ հոգատարութեամբ Հայր Մինասայ Առաջնորդի Բժշկեան, յԱռաջնորդարանին Ղարասուի, յամի 1844»։

Կեանքի աւարտին, Հ. Մինաս դարձած է Ս. Ղազար, Խրիմ թողլով բազմութիւն մը Ձեռագիրներու, որոնք շատ ուշ, 1906ին, Հ. Դիոնեսիոս Գաղատոսեանի ձեռքով հասած են Ս. Ղազար։ Ահա անոնց ցանկը.

Երգարան (Ձեռ. 1810)

Բառգիրք (Ձեռ. 1490)

Աւետարան (Ձեռ. 1580)

Ճաշոց (Ձեռ. 1632)

Ճաշոց (Ձեռ. 1633)

Բժշկարան (Ձեռ. 1644)

Գանձարան (Ձեռ. 1672)

Շարակնոց (Ձեռ. 1674)

Աւետարան (Ձեռ. 1680)

Մաշտոց (Ձեռ. 1744)

Շարակնոց (Ձեռ. 1745)

Տօնացոյց (Ձեռ. 1746)

Տօնացոյց (Ձեռ. 1747)

Ժամագիրք (Ձեռ. 1750)

Ողբ Եդեսիոյ (Ձեռ. 1754)

Բանաստեղծութիւնք(Ձեռ. 1764)

Աղբիւր բաղձալի (Ձեռ. 1765)

Օրինագիրք (Ձեռ. 1766)

Բժշկարան (Ձեռ. 1767)

Դեղարան (Ձեռ. 1768)

Սամուէլ Անեցի(Ձեռ. 1769)

Պատմութիւն Ազգին Նետողաց (Ձեռ. 1772)

Ճառընտիր (Ձեռ. 1774)

Շահատի (Ձեռ. 1776)

Ողջունագիրք (Ձեռ. 1777)

Աղօթագիրք (Ձեռ. 1778)

Տաղարան (Ձեռ. 1779)

Յիշատակարանք Լվովի(Ձեռ. 1788)

Տաղարան (Ձեռ. 1789)

Արձանագրութիւնք Հաղբատի(Ձեռ. 1804)

Բառգիրք(Ձեռ.. 2092)

Գիրք խորհրդածութեան(Ձեռ. 2450)

Ճառականք(Ձեռ. 2488)

Վարք Աղեքսանդրի(Ձեռ. 2736)

Յիշտ. Ս. Նիկողայոսի (Ձեռ. 3067)

Այսքան աշխատանք եւ յոգնութիւն՝ արժանի է ամէն գնահատանքի: Գնահատանքի տուրքը կը քաղենք իր իսկ մէկ նամակէն, գրուած Հ. Ներսէս Սարգիսեանի, երբ սա Վենետիկէն անդադար դիմումներ կ՚ընէր՝ ստանալու նոր Ձեռագիրներ։ Հ. Մինաս կը պատասխանէ. «Վերծանեալ բերկրանօք զգեղեցկայարդար գրութիւն առաքինւոյդ, գովեցի եւ գովեմ զՀասարակութիւնդ եւ զփոյթ, սակս գրչագիր մատենից նախնեաց, ուր եւ զմեր փոյթ ոչինչ նուագ ենթադրեալ։ Ուրախ լերուք, զի անդադար ի նոյն բերիմք, ունելով ի բազում վայրս որոնիչս եւ հաւաքիչս այդպիսեաց...: Ուր ուրեք գացի գրչագիր մատեան՝ զամենայն հնարս ի մէջ առնումք ի ձեռս բերել եւ չխնայեմք ինչ» (9 Նոյեմբ. 1842)։

Հ. ՍՐԱՊԻՈՆ ՊՈՒՐԻՍԵԱՆ (1778-1855)

 

1808ին Վենետիկէն կը մեկնի Պոլիս, երեք տարի յետոյ կ՚անցնի իր ծննդավայրը՝ Կարին, ապա կը դառնայ Պոլիս եւ երկար տարիներ կ՚ըլլայ Միաբանութեանս գործակալը։ Սա չէ խնայած դրամին եւ հարկին համաձայն գնած ու վանք ղրկած է բազում ձեռագիրներ, - որոնց ցանկը պիտի տանք ուրիշ առիթով, - առանց նշելու անոնց վրայ իր անունը։

Կարին գտնուած շրջանին, 1813-1815 տարիներուն, Պոլիս կը ղրկէ հինգ Ձեռագիր, որոնք Հ. Սուքիաս Սոմալի ձեռքով կը հասնին Ս. Ղազար.

ա. Աստուածաշունչ Սուլտանիայի (Ձեռ. 935)

բ. Մաշտոց երկաթագիր (Ձեռ. 1159)

գ. Աւետարան (Ձեռ. 237)

դ. Ոսկեփորիկ (Ձեռ. 1304)։

ե. Կանոնագիրք (Ձեռ. 451)։

Հ. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՍԱՅԵԱՆ (1778-1847)

 

Վաստակաւոր միաբան մը, որ Պոլսոյ մէջ հովուական պաշտօնին հետ միասին՝ օգտագործած է առիթները գնելու Ձեռագիրներ, իսկ մերժուելու պարագային՝ ընդօրինակած է բազմաթիւ հատորներ։ 10 Յունուար 1819 թուակիր նամակի մը մէջ կ՚ըսէ. «Իբազում զբաղմունս իմ ի հանդիպելն հին մատենից եւ ի չկարելն ստանալ՝ չեմ երբեք լեալ անհոգ գէթ ընդօրինակել, զոր օրինակ Սանդխոյ Յոհաննու Կլիմաքոսի հին թարգմանութիւնն, եւ զՀամամ վարդապետի զԱռակաց Աողոմոնի զմեկնութիւն, զոր եւ ըստ ժամանակին յղեմ ի վանս»։

1823ին նոյն նիւթին մասին կը գրէ Ագոնց Աբբահօր. «Ունիմ յոյս ստանալ ի մօտոյ զՄեկնութիւն ԺԲ. մարգարէից Ներսէսի Լամբրոնացւոյ։ Այլ չքնաղ եւս է կէս Մեկնութիւն Մատթէի աւետարանին յՈսկեբերանի, իբրեւ 60 ճառք, զոր տեսի ի ձեռին ուրումն, գործ ըստ թարգմանութեան ընտիր ի նախնեաց, լի նորանոր բառիւք. այլ ստանալ գէթ զօրինակն՝ դժուարին, զի տէրն խնդրէ վասն օրինակին ղրշ. 300։ Ես զոր ունիմս եւ զոր կարացից ի ձեռս բերել՝ ի դիպող ժամու յղեցից ի վանս» (25 Հոկտ.

Յաջորդ Աբբային, Սուքիաս Արքեպս. Սոմալեանի գահակալութեան ընթացքին ալ, Հ. Կարապետ շարունակած է իր սրբազան պարտականութիւնը, ընդօրինակելու Ձեռագիրներ, մանաւանդ այն ճառերը եւ բնագիրները՝ որոնք կը պակսէին Վենետիկի Մատենադարանին։ Հ. Մկրտիչ կը գտնուէր Վենետիկ, որու կը գրէ Հ. Կարապետ Պոլիսէն. «Առաքեցի աստի եւ Մանկութեան ասացեալ... Աւետարան, ըստ մասին օրինակեալ առ յինէն, եւ ըստ հոլովագոյն մասին արծաթի գրչովք յայլմէ։ Նոյնպէս ի գտանելն ժամ պարապոյ օրինակել օրինակեմ ի ճառընտրէ անկելոյ ի ձեռս Ճանիկ աղայի, եւ փոքր մի ժամանակ յանօթ տուելոյ Ուղղականին (Տիւզեանց), զՃառն սրբոյն Բարսղի՝ ի Ծնունդն Քրիստոսի, զմերոյն Եղիշէի՝ ի Մկրտութիւն Տեառն, զՅովհաննու Մանդակունւոյ զՀամառօտ ճառն ի սուրբ Երրորդութիւնն եւ ի Մարդեղութիւն Տեառն, զվարսն սրբոյն Պետրոսի Հայրապետին Աղեքսանդրու՝ բանիւք Եւսեբեայ (եթէ հարազատ իցէ), զվարս սրբոյն Անտոնի մեծի՝ բանիւք Աթանասի Համառօտեալ: ԶԹուղթն Սերեպիոնի սուրբ Հօրն՝ առ աշակերտսն սրբոյն Անտօնի: ԶԱբրահամու Մամիկոնէից եպ. ի առ Վաչագան արքայ աղուանից՝ զպատմութիւն սուրբ ժողովոյն Եփեսոսի: Դարձեալ զԵղիշէի յԵրկոտասան առաքեալսն (պակասաւոր ի վերջոյն)։ Եւ եթէ յաւելցի ինչ ժամանակ՝ կամիմ առնուլ եւ զօրինակս ա՛յլ ճառից ինչ Եղիշէի եղելոց առ մեզ, եւս եւ զօրինակ ճառի Յարութեան Ղազարու (զոր Մամբրէի գիտեմք՝ ընծայեալ Յովհաննու Ոսկեբերանի): ... Է՛ եւ Յայսմաւուրք մի եկեալ ի Սսոյ՝ զոր տակաւին ոչ տեսի, ի տեսանելն իմ՝ տաց եւ զնմանէ տեղեկութիւն» (25 Հոկտ. 1824)։

Նոյն տարուան 10 Դեկտ. ին կը գրէ Աբբահօր թէ կ՚ընդօրինակէ Սիսի Ճառընտիրէնմիայն այն մասերը որ «անծանօթ մեզ, եւ ինչ ինչ արժանի ստացութեան կրկին օրինակի»։

Կու տայ ծանօթութիւն Սիսի Ճառընտրինմասին, թէ «երեք թիզ երկայնութիւն ունի եւ երկու լայնութիւն, եւ թիզ մի եւ կէս թանձրութիւն. է բոլորգիր, գործ ճարտար գրչի, գրեալ առ ժամանակօք մահուան Հեթմոյ աոաջնոյ, զորոյ եւ զմահն յետ կրօնաւորելոյն եւ Մակար կոչելոյն՝ դնէ ուրեք ի ստորին լուսանցս գրիչն մատենին, հանդիպեալ ի ՉԻ թուին հայոց» (առ Աբբ. Սոմալ, 10 Փետր. 1825): Այլուր տուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ «ի հաւաքմունս իմ յաւելի յայսոսիկ աւուրս իմովս օրինակելով եւ զգիրսն անուանեալ Արդեանց եւ վաստակող., աւելի քան զերեքհարիւր վաթսուն յօդուած բանի... ։ Է՛ առ իս դարձեալ եւ ինքնագիր օրինակ մի ի Կուսանաց գրող Նիւսացւոյն, եւ այլ ինչ ինչ, զորս եւ առաքեմ ըստ ժամանակին» (առ Աբբ. 25 Ապրիլ 1825): Տարին չաւարտած Յակոբ Տիւզեանի ձեռքով կը գտնէ Ագաթանգեղոս, Ղազար Փարպեցիի հատուած մը եւ ամբողջ Եղիշէի Ձեռագիր մը, որոնց տարբերակները կ՚անցընէ տպագրի վրայ։

1826ի Մայիս ամսուն Հ. Կարապետ կը հանդիպի 800 տարուան հնութեամբ Աւետարանի մը, որու տարբերակները կ՚անցընէ տպագրի վրայ։ Նմանապէս կ՚աւարտէ Յայսմաւուրքի ընդօրինակութիւնը, համոզուած որ «պարունակեն բազում ինչ արժանի գիտելոյ նկատմամբ Կիլիկեան թագաւորաց եւ վկայաբանութեան լատինացւոց առ այնու ժամանակօք. նոյն այն է կարգադրեալն յԱնաւարզեցւոյն, մերոց բանասիրաց պիտանի» (առ. Աբբ. Սոմալ, 10 Նոյեմբ. 1826)։

1827ին Ս. Ղազարի համար ստացած Ձեռագիրներուն մէջ Հ. Կարապետ կը յիշատակէ «Մատեան մի պարունակող գործոց ինչ Հակառակութեան Անանիայի ուրումն վարդապետի, Խոսրովկայ թարգմանչի եւ Յովհաննու Սարկաւագ վարդապետի. հակառակութեան արդարեւ գործք՝ լի նախապաշարութեամբք, այլ հայկական գրականութեան գործք ո՛չ անպիտանք (Ձեռ. 504)» (առ Աբբ. Սոմալ, 10 Փետր. ) ։ Նոյն տարին կը գրէ Աբբահօր թէ ստացած է չորս ձեռագիր, այն է՝ «ա. Մեկնութիւն Մատթէի Շնորհալւոյն եւ Երզնկացւոյն (հաւանաբար Ձեռ. 934), բ. Թուղթք Մագիստրոսի (հաւանաբար Ձեռ. 413), գ. Մեկնութիւն ԺԲ. մարգարէիցն ի Լամբրոնացւոյն, դ. Մեկնութիւն երգոց Գրիգորի Նիւսացւոյ, պակասաւոր փոքր ինչ ի վերջոյ. յայսմ մատենի են եւ Ճառք Յակոբայ Մծբնայ (Ձեռ. 98)» (առ Աբբ. Սոմալ, 10 Մարտ)։ 10 Ապրիլին Հ. Կարապետ կը մանրամասնէ գրածները, աւելցնելով նոր տեղեկութիւններ, նաեւ զանոնք ստանալու կերպին մասին. «Յայսոսիկ ամիսս յանկանելն ի ձեռս մեր ձեռագիր մատենից ինչ, յորս պատուականագոյնն եւ հնագիրն է մատեան Եփրեմեան ԺԴ. թղթոցն Պօղոսի մեկնութեան (Ձեռ. 962)..., հնագիր Ճառագրոց ինչ Ոսկեբերանի եւ Եփրեմի. եւ այլ ինչ ինչ գրոց, քանզի յանձնէ չկարէի հայթայթել զգինս եւ ոչ իսկ յայլոց մուրանալ, համարձակեցայ, յուսացեալ ի ներողամտութիւն Տեառնդ եւ ի կամս, ծախեցի ի հասարակաց արկեղէ 850 ղուրուշ»։

Ստորեւ կու տանք ցանկը՝ տարուէ տարի Հ. Կարապետի ընդօրինակած եւ Ս. Ղազար ղրկած Ձեռագիրներուն.

1820 Ճառընտիր (Ձեռ. 1592)

1824 Վարը Ս. Կուսին (Ձեռ. 298)

1824 Վրթանէս Քերթող (Ձեռ. 2396)

1824 Սանդուխ աստուածային (Ձեռ. 2451)

1824 Ճառընտիր (Ձեռ. 2165)

1827 Ոսկեբերանի ճառը (Ձեռ. 585)

1828 Յայսմաւուրք (Ձեռ. 2443)

1830 Թովմա Արծրունի (Ձեռ. 1598)

1830 Յովհաննէս Թասպաս, Պատարագ (Ձեռ. 2461)

1831 Ճառընտիր (Ձեռ. 2165)

1831 Վարք Աղեքսանդրի (Ձեռ. 2480)

1839 Վարդանայ Առակք (Ձեռ. 2753)

1845 Նոննոս (Ձեռ. 2516)

    Մովսէս Խորենացի (Ձեռ. 2441)

    Ժողովածոյ (Ձեռ. 2445)

    Ոսկեբերանի ճառը (Ձեռ. 2459)

    Շնորհալի (Ձեռ. 2489)

    Եղիշէ (Ձեռ. 2496)

    Տաղարան (Ձեռ. 2547)

    Յայտարարութիւն (Ձեռ. 2550)

    Ճառընտիր (Ձեռ. 2765)

    Մեկնութիւն Ղուկայ (Ձեռ. 2794)

    Ճառընտիր (Ձեռ. 2805)

    Ներսէս Լամբրոնացի (Ձեռ. 2831)

    Կիւրեղ Աղեքսանդրացի (Ձեռ. 2946)

Հ. ԶԱՔԱՐԻԱ ՏՈՆՈԿԱՆԵԱՆ (1782-1840)

 

Գործած է Պաշպալովի Մխիթարեան վանատունը. 1809ին Ս. Ղազար ղրկած է թիւ 1248-1249 Յայսմաւուրքը, կազմուած երկու հատորով։

Հ. ԵՂԻԱԶԱՐ ՏԻՒԶԵԱՆ (1793-1823)

 

Երիտասարդ ու տկարակազմ, կազդուրուելու եւ հանգիստի համար կը ղրկուի Հռոմ: Բաւականաչափ զօրացած, դէպի Վենետիկ ճամբուն վրայ, 1823ին, Ֆիրէնցէի գրատան մէջ կը գտնէ «Հայերէն թարգմանութիւն Սահմանացն Եւգինիոսի Պապին, գրելոյ առ հայս, ստորագրութեամբ երկուց վարդապետացն Հայոց՝ որք գտան ի ժողովին Փլորենտիոյ» . Սուքիաս առ Աբբ., 1 Օգոստ): Այս ընդօրինակութիւնը թէեւ նշանակուած է Աւգերեան Ցուցակին մէջ, սակայն յաջորդաբար դուրս ձգուած է։

Շարունակելով ճամբան, Հ. Եղիազար Պոլոնիայի Գրատան մէջ կը գտնէ Ներսէս Լամբրոնացիի Մեկնութիւն ԺԲ. Մարգարէից, որ կը սկսի օրինակել (Ձեռ. 2233): Մահը վրայ հասնելով՝ գործը կիսատ կը մնայ։

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ

ԽՈՏՐՋՐՑԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՄՆ (1801)

 

Մատենադարանիս թիւ 196 երկաթագիր ԺԲ. դարու Աւետարանը ունի իր յատուկ պատմութիւնը, որ յուզումով հոս կ՚արձանագրենք:

Կարինի մէջ, Խոտրջրցի ազգային մը, որու անունը չի յիշուիր, ունեցած երկաթագիր եւ մանրանկարներով զարդարուած Աւետարանը կը փափաքի ծախել, գնելու համար տպուած գիրքեր։ Տեսնելով որ ոչ ոք կը գնէ՝ սղութեան պատճառով, կը խնդրէ Տէր Յովսէփէն, որ հաճի ղրկել Պոլիս, Մխիթարեան Հայրերուն, որպէսզի ծախելով՝ փոխարէն ղրկեն Մխիթար Աբբահօր Աստուածաշունչը եւ կամ Չամչեանի եռահատոր Հայոց պատմութիւնը, խոստանալով ամբողջացնել գինը՝ եթէ պակսելու ըլլայ։

Տէր Յովսէփ Ձեռագիրը կը ղրկէ Պոլիս, խնդրելով մեր Միաբաններէն որ իր սիրոյն, ջանան վաճառել եւ փոխարէն ղրկել փափաքուած տպագիր հատորը, խոստանալով իր կողմէ աւելցնել դրամը՝ եթէ պակսելու ըլլար։ Չծախուելու պարագային, Տէր Յովսէփ համաձայն է որ Ձեռագիրը մնայ Հ. Պօղոս Մէհէրեանի քով, եւ փոխարէն ղրկուի որեւէ տպագիր հատոր։

Այս բոլորը արձանագրուած կը գտնենք Ձեռագրին սկիզբը, այն թուղթին վրայ՝ որ Տէր Յովսէփ գրած է Կարինէն։ Իսկ բնագիրը հետեւեալն է.

«Յարգոյապատիւ Տէր, զայս Աւետարանըս է առն միոյ Խօտրջեցւոյ, կամէր վաճառել եւ գնել զայլ գրեանս։ Եւ մինչ ետես թէ ոչ է որ իւր գնովն գնեսցէ, ապա աղաչեաց մեզ յղել սա. Յարգութիւնն ձեր, որ թերեւս հանդիպի սա որոնողի իւրոյ, եւ ըստ պատեհին վաճառեալ, ի տեղի սորին խնդրէ մի Աստուածաշունչ կամ Հայոց պատմութեան երեք հատորն։ Եւ թէ ոչ արժէ, ասէ, այնքանն, քանիմ ղռուշ եւս կարէ տալ։

«Ուրեմն, եւ մեք աղերսմամբ աղաչեմք, որ ի փառս Տեառն եւ մեր չնչին խաթերն, աշխատեալ թերեւս կարասցես վաճառել ըստ մտաց տեառն սորայ, եւ գնել մի Աբբայի Աստուածաշունչ եւ կամ Հայոց պատմութեան երեք հատորն, եւ զոր ինչ պակասի՝ ես տացից տէրութեանդ։

«Ապա մնամք ընդունել շուտով զխնդրեալսն մեր, որքան կարն է։ Եթէ գնօղ չեղաւ, Հայր Պօղոսին քով մնասցէ, կամ այլ գրեա(ն)ց հետ դէկիշ անես, մեզ ղապուլ է։

«Ի Կարին, 1800, Փետր. 27

Ծ. Տ. Յովս(էփ) Շա. »

 

Երկաթագիր Աւետարանը Ս. Ղազար հասնելուն, նոյն թուղթին տակ գրած են. «Առաքեցին զգիրս վարդապետքն մեր ի Կոստանդնուպօլսոյ, յամի 1801 ի Հոկտ. ի 1»։

ՄԻՆԱՍ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ (1803-1809)

 

Ծնունդով Տրապիզոնցի, բնակութեամբ Պոլսեցի, մեծ բարեկամ Միաբանութեանս, Տրապիզոնի մէջ ունեցած համբաւին եւ հեղինակութեան շնորհիւ, կարգ մը Ձեռագիրներ Տրապիզոնէն բերել տուած է Պոլիս եւ ղրկած է Ս. Ղազար։ Հ. Մինաս Բժշկեան, Տրապիզոնցի, աւազանի անունով Յովհաննէս, կրօնաւորելով՝ կ՚առնէ «Մինաս» անունը, հաճոյք պատճառելու համար Տէր Պետրոսեանի, որու ծանօթ էր նախապէս։ Պր. Մինաս յետ շնորհաւորելու փոքրիկ Մինաս կրօնաւորին՝ կը գրէ. «Տրապիզոն մեր եկեղեցին հին ձեռագիր Աւետարան մի կար, լաւ գիտես, 25 տարի առաջ Վ. Հ. Պօղոս (Մէհէրեան) աշխատեր է, 300 ղուռուշ տվեր է՝ չեն տվեր։ Թահտաճիեան Տէր Պետրոսին քահանայութիւն մատտէյին համար քաղաքացիք մէճպուր եղան, ուզեցի Աւետարանը տեսնելու, չէ՛ չի կրցան ըսել, դըրին ղրկեցին ու հիմայ քօվս է. լաքին շատ աղերսանք կանեն կօր ետ դառցընելու համար, որ մէջը անէձք ալ գրեր են, Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցիէն դուրս չելլելու համար։ Մեր Վ. Հարք հաւանեցան, շատ հին բան է ըսին. Աստուծով այդ՝ սուրբ վանքին արժանի կանենք» (25 Մարտ 1802):

Խօսքը համբաւաւոր Տրապիզոնի Աւետարանի մասին է, անթուական, երկաթագիր, մեծածաւալ (Ձեռ. 1400), որու մանրանկարները անջատուելով Ձեռագրէն՝ կազմուած են առանձին (Ձեռ. 1925)։

Շուրջ երկու տարի ետք, Պր. Մինաս 10 Յուլիս 1805ին կը գրէ Ագոնց Աբբահօր թէ Հ. Միքայէլ Չամչեանի եւ Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի «թէսլիմ ըրինք տասնըմէկ կտօր ձեռագիր գրեանք, որ տղոց հետ ճամբայ ելաւ... ի յիշատակ գրատան վանացդ»։

Յիշուած Ձեռագիրներն են.

բ. Սաղմոսարան (Ձեռ. 419)

գ. Գանձարան (Ձեռ. 485)

դ. Աւետարան (Ձեռ. 546)

ե. Յայսմաւուրք (Ձեռ. 631)

զ. Մաշտոց (Ձեռ. 648)

է. Շարակնոց (Ձեռ. 846)

ը. Մաշտոց (Ձեռ. 932)

թ. Մաշտոց (Ձեռ. 1087)

ժ. Ժամագիրք (Ձեռ. 1401)

ժա. Պատմութիւն Արիոսի (Ձեռ. 1921)

Այս խումբը, որոնցմէ հատ մը չկրցանք ստուգել, Ս. Ղազար կը հասնին նոյն տարուան (1805) 31 Օգոստոսին։

1806ին Պր. Մինաս կը գրէ Հ. Մինաս Բժշկեանի. «Երեգ կտօր ձեռագիր ստացայ այս միջոցս, որ մինն լաւ եւ մաքուր պատկերազարդ Աւետարան է, որ մէկ կողմը հայերէն եւ միոյս կողմը ֆարսի եւ արաբի բառերօվ տաճկերէն է, որ մեր Վերապատուելիքը շատ հօշլանմիշ եղան, որ Աստուծով Վ. Հ. Ղուկասին (Օղուլլուխեան) կու ղրկեմ» (27 Մարտ 1806): Յիշուած Ձեռագիրները հաւանաբար նոր ըլլալով՝ դուրս մնացած են Մատենադարանէն եւ անոր ցանկէն։

Մեր միաբաններէն Հ. Թովմաս Մաքսէթեան, 25 Դեկտ. 1808ին կը գրէ Ագոնց Աբբահօր թէ Տրապիզոնի Առաջնորդ Իսրայէլ Վրդ. Կարապետեանէ ստացած է «ի պարգեւ՝ վեշտասան ձեռագիրս, թէպէտ եւ ոչ այնպիսի անգիւտ ինչ. որոյ փոխարէն առաքեցաք Պոլսոյ) ի պարգեւ՝ զերկու պատկերս յօտայէն, որոյ ի շնորհակալութիւն գրէ բազում ինչ, որպէս թէ մեծ ինչ ընկալեալ է ի մէնջ, եւ համբուրէ զձեռս իմ՝ ըստ իւրում քաղաքավարութեան»:

Շատ հաւանաբար Իսրայէլ Վրդ. յիշեալ Ձեռագիրները նուիրած է Ս. Ղազարի՝ Պր. Մինաս Տէր Պետրոսեանի ձեռքով, որովհետեւ մեր ունեցած արձանագրութիւններուն մէջ իբր նուիրատու կը յիշատակուի Պր. Մինասը, իսկ միջնորդը՝ Հ. Թոմաս Մաքսէթեան, որ 1809ին վանք հասցուցած է զանոնք: Իսկ ցանկը հետեւեալն է.

ժբ. Տօնացոյց (Ձեռ. 62)

ժգ. Մաշտոց (Ձեռ. 187)

ժդ. Յայսմաւուրք (Ձեռ. 279)

ժե. Մատթէոս վրդ. (Ձեռ. 340)

ժզ. Տօնացոյց (Ձեռ. 405)

ժէ. Ժամագիրք (Ձեռ. 418)

ժը. Սաղմոսարան (Ձեռ. 481)

ժթ. Մաշտոց (Ձեռ. 1016)

ի. Մաշտոց (Ձեռ. 1024)

իա. Աւետարան (Ձեռ. 1130)

իբ. Մաշտոց (Ձեռ. 1211)

իգ. Սաղմոսարան (Ձեռ.. 1271)

իդ. Մաշտոց (Ձեռ. 1274)

իե. Նոր Կտակարան (Ձեռ. 1629)

իզ. Սաղմոսարան (Ձեռ. 1652)

Ձեռագիրներու այս խումբը վանք կը բերէ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան, որու ճամբորդութիւնը Պոլիսէն Վենետիկ կը տեւէ տարի մը, քաղաքական աննպաստ պայմաններուն բերումով։

ՀԻՒՐՄԻՒԶԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ (1804)

 

Պոլսոյ ազնուական ընտանիքներէն է Հիւրմիւզ Ապտուլլահեան, որոնց որդին, Հ. Գէորգ Հիւրմիւզեան, եղած է մեր միաբաններէն։ Այս ընտանիքը Մատենադարանիս նուիրած է 1662 թուի Սաղմոսարան մը (Ձեռ. 508), ճոխ լուսանցազարդերով։ Ձեռագիրը հասած է Ս. Ղազար 27 Յունուար 1804ին։

ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԱՒՏԱԼԵԱՆ (1804)

 

Ստեփանոս Աբբայ Ագոնց 1804ին, իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առիթով, Հռոմի մէջ կը ծանօթանայ Պօղոս Վրդ. Աւտալեանի, որ Մատենադարանիս կը նուիրէ 1752 թուի Ձեռագիր մը, Սիմէոնի Գառնեցւոյ Լուծմունք գրոցն Պրոկղի (Ձեռ. 439): Նոյն տարուան Յունիսին, երբ Ագոնց նորօծ Եպիսկոպոսը դարձած է Վենետիկ՝ հետը բերած է Ձեռագիրը։

ՎՐԹԱՆԷՍ ՎՐԴ. ՍԱՀՐԱՏԵԱՆՑ (1807)

 

Անծանօթ կը մնայ մեզի այս եկեղեցականը, որ ապրած է Պոլիս։ Իր անունով ունինք Շարակնոց մը (Ձեռ. 530), որու սկիզբը գրուած է. «Գնեցի ի գրեանց լուսահոգի բատրէ Ֆրանչիսկոսէ, յամի Տեառն 1802. Վրթանէս Վրդ. Սահրատեանց»: Նոյն գրութեան ստորեւ կայ սա արձանագրութիւնը. «Յետ վախճանելոյ Վրթանէս Վրդ. ի, յամի 1807, տուաւ ի մօրէ նորա յիշատակ յղել ի վանս Աբբայի, ի Վենետիկ»։

ԳՐՊԾ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵՊՍ. ԱՒԳԵՐԵԱՆ  (1810)

 

Սա եղբայրն է մեր միաբաններէն Հ. Մկրտիչ եւ Հ. Յարութիւն Աւգերեանի։ Պոլիսէն Մատենադարանիս յիշատակ կը ղրկէ՝ Կոնդակք Գաղատիոյ վանաց (Ձեռ. 1103)։

ՌԱՓԱՅԷԼ ԲԱԲՈՒՄԵՆՑ (1810)

 

Ջուղայեցի, բարերար Միաբանութեանս, հաստատուած է Լիվոռնոյ: Սա 12 Յունուար 1810ին, դէպի Վենետիկ ճամբորդի մը կը յանձնէ «հինգ հատ ձեռագիրք, որ բոլոր հնդկաց երկրին պատմութիւնն է. վանքին ժամանակով պիտոյ է։ Պատճառն որ նվաստս ծերացել եմ, յետ իմ ո՛վ գիտէ որպէս լինելն» (առ Ագոնց Աբբայ):

Յիշեալ Ձեռագիրները բովանդակութեամբ ազգային չըլլալով՝ Մատենադարանէն դուրս մնացած են։

ՏԷՐ ԵՂԻԱ ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻ (1815)

 

Հ. Մկրտիչ Աւգերեան ձեռնարկած ըլլալով Եւսեբիոսի ժամանակագրութեան հրատարակութեան, կը կարօտէր նոր Ձեռագրի, բնագրային ստուգումներու համար։ Երբ կ՚իմանայ թէ Զմիւռնիոյ մէջ Տէր Եղիա մը ունի այդ օրինակը, կը խնդրէ նամակով։ Տէր Եղիա, երկար սպասցնելէ եւ պայմաններ դնելէ ետք, 1815ին կը ղրկէ Ձեռագիրը (Ձեռ. 1295), որ ժողովածոյ մըն է եւ ոչ մէկ առընչութիւն ունի Եւսեբիոսի հետ։

Պր. ՊԵՏԱՆ (1815)

 

Պոլսոյ ազգայիններէն եւ բարեկամ Միաբանութեանս, 1815ին, երբ Հ. Սուքիաս Սոմալեան Պոլիսէն կը մեկնի Վենետիկ, մեր Մատենադարանին յիշատակ կը ղրկէ երկու Ձեռագիր.

ա. Ժամագիրք (Ձեռ. 505)

բ. Տաղարան (Ձեռ. 807)

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ (1818)

 

Ծագումով պոլսեցի, հաստատուած Վիեննա, Մատենադարանիս նուիրած է Շարակնոց մը (Ձեռ. 768)։ Ձեռագիրը վանք բերած է մեր միաբաններէն Հ. Մատթէոսի եղբայրը՝ Պր. Պետրոս Մաղաքեան, 15 Մարտ 1818ին։

ԷԶԱՃԻ ՊԵՏՐՈՍ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ (ԱԼԻՇԱՆ) (1819)

 

Մերս միաբան Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի հայրն է սա, որ զարմանալի զուգադիպութեամբ, Հ. Ղեւոնդի աշխարհ գալէն տարի մը առաջ՝ Միաբանութեանս կը նուիրէ ընտրելագոյն ձեռագիր մը (Ձեռ. 304), որու նկարագրութիւնը կ՚ընէ Պոլիսէն Հ. Եղիա Թոմաճանեան՝ 10 Յունուար 1819ին նամակով, «Էզաճի Պարոն Պետրոսն, այր համբաւեալ ի քաղաքիս, զոր հարկաւորապէս ճանաչեն Վ. Հ. Մկրտիչն եւ Վ. Հ. Իգնատիոսն, թէպէտ եւ ինքն չէ՛ ի մերոց խոստովանորդւոց, մեծապէս կապեալ ընդ իս իւրով ուսումնասիրութեամբն եւ հնասիրութեամբն, անձնամատոյց եղեւ ինքնին, առանց ինչ ակնարկութեան, ընծայել վանացս յիմ ձեռս, ձեռագիր մատեան հին մագաղաթեայ հելլենական բոլորգրով, զճառս ընտիրս զմեծին Բարսղի Կեսարացւոյ, մատեան հին, միաթերթ մեծ, պարունակող գրեթէ 900 երեսից։ Բա՛ց աստի եւ հին դրամս երիս զկիլիկեցի թագաւորաց մերոց, զոր չունիմք այդր ի թանգարանի մերում» (առ Ագոնց Աբբայ): Ագոնց Աբբայ շնորհակալութեան նամակ եւ օրհնութեան գիրով մը կը պատասխանէ Էզաճի Պետրոսին՝ 20 Փետրուար 1819ին։

ՄԱՆՈՒԿ ԲԺՇԿԵԱՆ (1819)

 

Հ. Մինաս Բժշկեան, իր ծննդավայրէն, այն է Տրապիզոնէն Վենետիկ եկած ատեն, իր հայրենի տունէն կը բերէ երկու ձեռագիր, որոնց սկիզբը դրոշմած է իր հօր անունը՝ Մանուկ Բժշկեան, իբր նուիրատու։ Երկու Ձեռագիրներն ալ Բժշկարաններ են (Ձեռ. 335, 1644)։

ՍԱՄՈՒԷԼ ԱՂԱ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ (1820)

 

1817ին, Հ. Սարգիս Թէոդորեան եւ Հ. Սուքիաս Սոմալեան, Վենետիկէն կը մեկնին Մատրաս, Մուրատեան կտակի առընչութեամբ։ Վերադարձին, 3 Սեպտ. 1820, Մատրասէն կը բերեն հաստափոր Մաշտոցմը (Ձեռ. 1571), որու սկիզբը գրուած է. «Յիշատակ է Մաշտոցս Աննայ տիկնոջ՝ կողակցի հանգուցեալ Աղա Սամուէլի Մուրատեան, ի դուռն մենաստանին սրբոյն Ղազարու Հարց Մխիթարեանց, զոր բերին ի Մատրասէ Հ. Սուքիաս Սոմալեան եւ Հ. Սարգիս Թէոդորեան. յամին 1820, Սեպտեմբերի 8»։