Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԶ. ԲԱՂԻՇԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ Ի ՍՂԵՐԴ
       Բաղիշէն յիշեալ ուղղութեամբ մեկնիմք դէպ ՚ի Սղերդ, որ կը գտնուի առաջնոյն Արեւմտահարաւ։ Գրեթէ 2 ժամէն կը հասնիմք ԽՆԴՐԱԿԱՏԱՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ դէմն, որ ձորակի մը մէջ կառուցեալ է տեսարանով եւ գեղեցիկ շէնքով , զոր մօտէն չ՚տեսնալոյ դժբաղդութիւն ունեցայ. սորա հանդէպ կայ Ամպ կոչուած փոքրիկ Հայ գիւղ մի, որոյ անուան առթիւ աւանդութեամբ կը պատմեն թէ «Թադէոս սրբազան Առաքեալն մենաստաններ շինելով կը գայ տեղւոյս Աստուածածնայ վանքն՝ ո՛ւր ինքն մեծ փափաք մի կ՚զգայ ըսելով՝ «Երանի՜ թէ երկրիս մէջ 1001 եկեղեցիներ շինելէս յետոյ նորէն մեռնէի. սոյն խօսքին վերայ իբրեւ թէ գիւղիս վրայի ամպէն ձայն մ՚եկած ըլլայ լսելի Առաքելոյն թէ «խնդիրդ կատարեցաւ ». ահա այս պատճառաւ գիւղին անունն «Ամպ » եւ վանուցն՝ «Խնդրակատար » կոչուեցաւ։ Ասկէ յառաջ երթալով կը գտնուին աստ եւ անդ հանքային առատ եւ պատուական ջրեր, յորոց ոմանք պաղանիքի տեղւոյ կը ծառայեն ամառ ատեն քրտնած եւ հոգնած ճանապարհորդաց համար, եւ ոմանք եւս Բաղիշեցի արհեստաւորաց կարմրցնելիք կտաւները կը ճերմկցնեն։
       Սոյն ուղղութեամբ մեր դէմն կ՚ելլէ բաւական մեծութեամբ մի լեռնակ, որ կանուանի «ծակքար », եւ է բնութեան սքանչելի եւ հետաքրքիր գործերէն մին, որոյ հրաշագործ ձեռաց տակ հանքային դարաւոր ջրոց ընթացից քարացմամբն մեծցած եւ լեռնացած եւ խաւ խաւ իրարու վերայ շարուելով, որ ուղեւորաց աչքին միապաղաղ քար կ՚երեւի, եւ ո՛վ գիտէ քանի՛ հազար ծալքերէ շինուած։ Սոյն քարի ձախակողմն գետ է եւ աջակողմն դժուարին լեռ, որմէ ճանապարհորդել հարկ պիտի լինէր, ինչպէս հին ատենն քարիս ծակուելէն առաջ, սակայն այսօր քարն ահագին լայնութեամբ ծակուած է իբրեւ մեծ պալատի մը կառքի դուռ, յորմէ բեռներով եւ գոյքերով կ՚անցնին յԱրեւմտահարաւ երթացող ճանապարհորդք ամենայն դիւրութեամբ։ Ուղեւորքն սոյն հանգստութիւնն պարտական են «անյիշատակ մարդոյ մը»։
       Ծակքարի դռնէն անցնելով շարունակեմք մեր ուղին, հետզհետէ կը մտնամք երկայն , ընդարձակ եւ խոտաւէտ լեռնահովիտք, որք երթալով կ՚անտառոտանան։ Սոյն ճանապարհին վերայ մերձակայ գիւղեր չ՚գտնուելով՝ ճանապարհորդք կը պարտաւորուին բացօթեայ տեղեր իջեւանիլ գիշերին, թէպէտ կայ «Տուխան » կոչուած մի աւերակ իջեւանատեղի մեծ եւ անյիշատակ հնաշէն, սակայն աստ ոչ ոք կը համարձակի իջեւանիլ, մանաւանդ երբ կարաւանն բազմամարդ չէ, վասն զի հին ժամանակաց ապահովութեան տեղիքն այժմ գիշերային գազանաց որջ դարձած են, ո՛վ կ՚ուզէ չ՚ծերացած իւր կեանքն զոհ տալ գայլերու եւ արջերու, զորըս ականատես իսկ եղանք, որք հրացանի ձայնէն մռնջելով փախուստ տուին յանտառս։
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Տուխանէն մեկնելով շարունակաբար կը մտնամք առաւել եւս անտառներով, վայրի պտղատու ծառերով եւ որթերով լի խորունկ եւ ահագին լեռնահովտաց մէջ. այս տեղերը կը գտնուին ընդարձակ քարայրեր եւ լերանց մասնաւոր ծերպեր։ Տեղւոյս բնութիւնն արդէն իւր նախնական դիրքովն ահ եւ սարսափ կ՚ազդէ անցորդաց վերայ, որք երբ կը տեսնեն նաեւ լերանց մեծամեծ ծակեր, կենդանեաց եւ մարդոց առ հասարակ դժուարաքալելի քարոտ ուղիներ, առաւել եւս երկիւղի տագնապէն կը բռնուին, թէպէտեւ ճանապարհն ըստ ինքեան անապահով չ՚լինի տակաւին գրեթէ մի եւ նոյն ուղղութեան վերայ շարունակելով կը հասնիմք մեծ անտառի մը բերանը, ոյր առջեւէն կ՚անցնի Բաղիշոյ գետն, որոյ վերայ մի կամուրջ կայ կապուած է, տակը բաւական խորունկ փոքրիկ մի լճակ, յորմէ կ՚որսան երբեմն «քայեա պալըղը » կոչուած ձուկն, որ քիչ փշոտ է եւ շատ համով։ Ասկէ գնալով դէմերնիս կ՚ելլէ լայնածաւալ ահագին բլուր մի, որոյ պառեկի նկատմամբ կ՚աւանդեն թէ «Սուլթան Մուրատ առաջին, Տաճկաց՝ զՊաղտատն առած միջոցին, աստ հանգիստ մի առնելով սուրճ խմած է ». այս առթիւ նոյն բլուրն ց՚արդ կ՚անուանի «Սուլթան Մուրատի դար», (հողաբլուր ), որմէ յառաջ գնալով մեր ճանապարհին վերայ մերձակայ գիւղ մի կայ Մէրկէմէր կոչուած, ուր կը բնակին մի քանի տուն քուրդեր, որոց գործն ուղեւորաց հետ է վերաբերութեամբ իւրեանց ապրուստին. ունին մի եւ նոյն ատեն գեղեցիկ եւ զուարճալի ծառաստաններ եւ արտօրայք□
       Սոյն տեղէն ելնելով մեկնիմք աչալրջութեամբ շարունակելոյ զմեր ուղին, որոյ վերայ յաճախակի գտնուած լըպզտրուն (սահուն ) քարանց ոտքերնիս զարնել, իյնալ ու կանգնիլ պարտաւորիչ հարկ մի է բնութենէն տրուած. աստ պէտք է դարձեալ շեշտելով կրկնել թէ աշխարհաշէն ձեռքեր կը պակսին յարդարելոյ սոյն անօրինակ քարոտ ճանապարհներն, յորոց վերայ մեծ երթեւեկութիւնք կը լինին կարաւանաց եւ մասնաւոր անհատից։
       Այսպէս շարունակեցինք մեր տաժանելի ուղեւորութեան ընթացք, զոր մասամբ մ՚աւարտեցինք հասնելով ի Սղերդ, որ Բաղիշէն 14-15 ժամ հեռու է։