Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԶ. ՍՈՎԵԼՈՑ ԽՆԱՄՈՂ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՈՅ ՋԱՆՔԵՐ
       1878 ին, Սովելոց խնամող յանձնաժողովոյ կողմանէ եկաւ, իբրեւ քննիչ, ի Հայս Վան) Մեծ. Սերովբէ էֆէնտի Գույումճեան, որ Վանէն յԱղբակ մեկնելով այցելութիւն մը տալ առիթ կունենայ Ս. Բարթուղիմէոս Առաքելոյ ՏԱՆ. գաւառիս Հայոց եւ միանգամայն վանուցս ամենատխուր վիճակն տեսնելով կուզէ սոյն կարեկցութեան արժանի երկրին բարիք մի ընելոյ միջնորդ հանդիսանալ: Այս ատեն Աղեքսանդրապօլցի Գեր. Դանիէլ վարդապետ Թօսունեան՝ միաբան Վարայ ուխտին՝ աստ կը գտնուի, իբրեւ նախագահ տեղւոյս բնակչաց ցորեան բաշխել տալոյ: Սոյն պատուական վարդապետն տեսնելով յիշեալ բարեսիրտ էֆէնտիին բարի եւ ազգօգուտ տրամադրութիւնք ու գեղեցիկ խորհուրդներ, երկրի ժողովրդեան հետ, համաձայն բաղձանօք, խնդրագիր մի կը մատուցանեն յիշեալ էֆէնտիին, խնդրելով որ Աղբակ գաւառիս ամենամեծ բարիք մ’ըրած կը լինի, եթէ վանուցս մէջ մի դպրոց շինել տայ շնորհիւ Սովելոց յանձնաժողովոյն, որով եւ Ազգին յաւիտեան կը լինին երախտապարտ: Ընդ այս՝ Գեր. Դանիէլ վարդապետն 12 հատ գիշերօթիկ աշակերտներ պահելոյ ուխտ կընէ, իբրեւ իւր նուիրական պարտիք:
       Վերջապէս Գույումճեան ազնուահոգի եւ Հայրենասէր այցելուն կը գրէ ‘ի Պօլիս, առ Սովելոց խնամող յանձնաժողովն եւ 200 ոսկիէ աւելի գումար մը բերել տալով՝ շինել կը տայ վանուցս մէջ կրթական գեղեցիկ շէնք մը, որ կը բաղկանայ 6 սենեկէ, յորոց մին ննջարան՝ գիշերօթիկ ուսանողաց համար, մի թանգարան եւ մի տեսչարան ու երեք դասարան: Ամենքն շինուած են քառակուսի դրիւք, մեծութեամբ միջակ եւ բաւական ճաշակաւոր կառուցմամբ: Յետ այսորիկ վարժարանն կը բացուի, ուսանողք կը հաւաքուին, դէպքերն իրարու կը յաջորդեն վերջապէս դպրոցն կը գոցուի եւ այժմ դրօքն փակելօք կը կենայ: Անցած տխուր անցքերու նկարագրութիւնն տեղագրութեանցս նպատակէն դուրս ելնելով կը թողում արտաքին տեսութեանց մէջ, զորս կը յուսամ ընելոյ առիթ ունենալ:
       ***
       Աղբակ գաւառի Ս. Բարթուղիմէոս Առաքելոյ սոյն հռչակաւոր վանքն, որպէս վերեւ յիշեցի, ազգային եւ բարոյական տեսակէտով արժանի է ամենամեծ ուշադրութեան, սակայն ինձ համար ցաւ է աստանօր շեշտելով ըսել թէ ահա ուշադրելին, ո՞ւր է ուշադիրն, ահա գործ եւ ո՞ւր է գործողն:
       Մենաստանիս փառքն եթէ վերանորոգի, ոչ թէ միայն Ազգի պատմական կենաց նոր փայլ մի կը տայ, այլ նաեւ մեծ պարծանք կը բերէ Օսմանեան մեծազօր գահուն, որոյ հովանեաց ներքեւ կը գտնուի եւ որ կը ծառայէ երբեմն Թէքքէի տեղւոյ:
       ***
       Վանքս անտանելի անցքեր կամ բաժակներ անցուցած է, բայց այժմ ուրախ եմ ըսելոյ որ բաւական հանգիստ կենաց մէջ մտած լինիլ կը թուի ‘ի շնորհս կառավարական ջանից:
       Ազգային գոյութեան այս ՏԱՆ հողային կալուածներու վերայ փոքրիկ գաղափար մի տուած լինելոյ նպատակաւ պէտք է ըսել որ իւր սեպհական հողերու տարածութեան շրջապատն 4 ժամ կը տեւէ, ձիու միջակ քայլերով. ունի ջրարբի ընտիր արտօրայք: Վանուցս յԱրեւելակողմն 5-6 քարընկէց հեռու կանցանէ գաւառիս գետն, որ ստուգիւ Աղբակու Նեղոսն է եւ ամենամեծ բարիք կը մատակարարէ երկրի բնակչաց, զորս խտրել չ’գիտեր բնականէն, որմէ մարդիկ օրինակ առնելոյ պարտքեր չունին դարձեալ բնականէն:
       Վանքն կորուսած է իւր 10-12 տարի յառաջ ունեցած ներքին հարստութիւնն, այժմ հազիւ ունի 120-150 ոչխար, (որմէ 1500 հատ պահելոյ արօտատեղիք չեն պակսիր) մի քանի գոմէշ, եզ ու վտիտ կով եւ այլն:
       Պարսկաստանէն վանուցս համար ընծայ ղրկած են մի գոմէշ, որ ձիւնի նման սպիտակ է ամբողջովին, այլ մե՜ղք, որ այդ օրինակ հազուագիւտ եւ սիրուն կենդանեաց արժէքն չեն գիտեր, որոց վերայ կը նային իբրեւ հասարակ կենդանեաց վերայ: Արգասաւոր հողերն օրինաւորապէս արդիւնաւորելոյ համար դարձեալ կըպակսի ՄԱՐԴ, որոյ տեսակի սովն ամեն կողմերն ընդհանուր է ՀԱՅԱԲՆԱԿԻ գաւառաց մէջ:
       ***
       Ս. Բարթուղիմէոս վանուց վանահայրութիւնն բաւական տարիներէ ‘ի վեր երերուն վիճակի մ’ենթարկեալ է, կռիւք եւ անհամաձայնութիւնք միշտ անպակաս, միթէ չ՞գտնուիր արժանաւոր Վանահայր-Առաջնորդ, ‘ի պսակ Աղբակու անհովիւ ժողովրդեան բաղձանաց, ‘ի խաղաղութիւն գժտեալ մարդոց եւ ‘ի միութիւն անջատեալ սիրտերու: Ահա Գեր. Երեմիա եպիսկոպոս՝ այր պատկառելի եւ արժանաւոր Վանահայր-Առաջնորդ Աղբակու երկրին, շատերու հետ ես ալ կը զարմանամ թէ Ազգային Վարչութիւնն է՞ր կանգիտանայ այս արժանաւոր պատշաճութիւն եւ չտեսներ. Գեր. Տէր Սարգսեանց՝ այդ փորձառու Եպիսկոպոսն:
       ***
       Հռչակաւոր մենաստանիս Առաքելական խնկելի տապանին իմ վերջի հրաժեշտի համբոյրս տակաւին չ’տուած եւ մեկնելէս առաջ նշանակեմ հետեւեալ աւանդութիւնք, յորս Առաքելոյն սպանման եւ վանուցս շինութեան պարագայից վերաբերմամբ իրարմէ ինչ ինչ կէտէրով կը տարբերին. մեք զայնս ճշդիւ կը նշանակեմք, որպէս առած եմք ժողովրդեան անգիր մտքէն: