Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԴ. ՊԱՊԿԱՇԷՆ ՀԱՅ ԳԻՒՂ ԵՒ ԻՒՐ ՍՐԲԻԿ
       Միրաւայէն մեկնած՝ բաւական ճանապարհ կտրելէն զկնի կը ժամանեմք Պապկայ-Շէն անուանեալ գիւղն, ո՛ւր երբեմն Հայ, այժմ կը բնակի Քուրդ: Աստ Հայոց վերաբերեալ յիշատակի նշմարանաց կամ բեկորներու չիք նշմար, միայն փոքրիկ մատուռ մի կայ, զոր կը կոչեն Սրբիկ, անունն անծանօթ՝ թէ ի՛նչ սուրբ է չ’գիտեն: Հայ գիւղացիք աստ ուխտի կըգան ըսելով թէ ՄԵՐՆ է, իսկ Քուրդերն աստ կաղօթեն հաւատալով թէ իւրեանց բարեխրատ Շեխի գերեզմանն է, ոյր նկատմամբ բաւական հատաքրքիր եղայ տեղեկութիւն մ’առնելոյ կամ լոյս մ’այդ խաւար տեղէն. սակայն ոչ գտայ մի նշան եւ ոչ իսկ լսեցի մի աւանդութիւն, որովք կարենայի ինքնին դատաւոր մի լինիլ, թէ ո՛ւմ կը վերաբերի այդ մատուռն, որ իւր անյիշատակ վիճակաւն երկու մեծ Ազգերէ յարգանք ընդունելոյ բաղդին հանդիպած է: Ինչ որ է թէ առաջնոյն լինի ազգական եւ թէ վերջնոյն, նա մնաց ինձ անծանօթ, ես տեղէս շտապօրէն մեկնեցայ՝ նեղսրտութենէ մը պաշարուած:
       Պապկայ-Շէն գիւղէն յուղի իյնալով կէս ժամու չափ յառաջ երթամք եւ կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը:
       ***
       ՉՈՒԽ. - Սոյն գիւղն ունի 21 տուն բնակիչ, յորմէ 10 տուն Հայ եւ մնացեալն Քուրդ է: Հայք ունին մի նորաշէն եկեղեցի պարզաճաշակ, կառուցեալ ծախիւք գիւղիս Ռէս (րէյիզ կամ գիւղապետ) Օհան (Յովհաննէս) աղայի եւ աշխատութեամբ իւրայնոցն: Քահանայ եւ դպրոց “Աստուած տայ”. իւրեանց կրօնական պիտոյից մատակարարն 3 ժամ հեռու տեղէ քահանայն կը հոգայ, քրտնքի մէջ խղդուած:
       Աստ կայ մի ազնիւ երիտասարդ յիշեալ անձի զաւակն, որ աշակերտն է Վարագայ ժառանգաւորաց վարժարանին. սա իւր թղթովն եւ գրչով գիւղիս մերայնոց ՅՈՅՍՆ եւ ԼՈՅՍՆ կը կազմէ: Տեղւոյս ժողովուրդն մտադիր էր յիշեալ բարի երիտասարդն ձեռնադրեալ ‘ի քահանայ՝ դիմելով առ Ամեն Խրիմեան Հայրիկ ‘ի Վարագ:
       Գիւղիս մէջ մի գիշեր հիւր եղայ մեր Ռէս Օհան աղայի տունը, որ ցորեկուան համար, նման Հայր Աբրահամու, կանանչագեղ դալարեաց վերայ պատրաստ ունի մի ընդարձակ վրան հիւրընկալելոյ զճանապարհորդս անխտրապէս:
       Սոյն վրան գործուած էր Օհան աղայի տան ոչխարաց բուրդերէն եւ այծերու մազերէն, հաստ եւ դիմացկուն: Այժմ քեզ կ’ասեմ ուշիմ ընթերցող եւ մեկնամիտ վերծանող, գիտե՞ս, ո՞վ էր գործողն այդ հիւրընկալ վրանին - տան մեծ ՄԱՅՐՆ կամ ՄԱՄԻԿՆ, որ նման Սառայի, նստած էր առընթեր իւր վրանին, այլ չէր ժպտեր հանգոյն Սառայի, թէեւ ինքն շրջապատեալ լինէր յորդոց, եւ ‘ի թոռանց:
       ***
       Մայրենի ու Հայրենի երկրի կեանքն իմաստասիրելոյ հետամուտ Հայ Ուղեւոր մը չ’կրնար մեծ հաճոյք եւ բերկրանք չ’զգալ ու միանգամայն չ’ոգեւորիլ, երբ սոյն Հայր Աբրահամու հիւրընկալ վրանի դռնէն սիրողաբար կը դիտէ լեռներն ու դաշտերը, որք պճնեալ են գոյնզգոյն ծաղիկներով, յորս մեխակի սիրուն տեսքով, բազմաճղի եւ պատուական հոտով, բարձր ի գլուխ կը պանծայ եւ կը շօրօրայ (հպարտօրէն շարժիլ) մեր Աշխարհի ծաղկանց թագուհին՝ գեղեցկատեսիլն ԳԻՆԱՐԲՈՒՆ, որ իւր անունն առած լինիլ կը թուի գոյնէն, որ յար եւ նման է ընտիր գինւոյ կամ գինարբու փոքրիկ մանկան կարմիր դէմքին: Սոյն ծաղկի անմահական հոտն տեղւոյս դաշտն ամբողջապէս բռնած էր, որոյ մէջ կը բարձրանայր մեր Օհան աղայի հիւրընկալութեան վրանն:
       ***
       Չեմ կրնար իմ համարիւն եղբարց առջեւ աստ չ’դնել դարձեալ Նահապետական տան մը սոյն օրինակ կենդանի պատկերն, զոր տեսի Չուխի մէջ, որ ինձ պահ մը յիշեցնել տուաւ մեր հին Նահապետի անմեղ դրութիւնն եւ հաւատարմութեան հոգին, որոյ վերայ, ‘ի նշան երախտագիտութեան, աստ գեղեցիկ առիթով մը պէտք է յիշել թէ երբեմն Նուպար-Շահնազարեան՝ Խաս-գիւղի գիշերօթիկ վարժարանին մէջ նշանաւոր Պատմաբան եւ Հայրենախօս Մեծ. Մ. էֆէնտի Աղաբէգեանէն դասեր լսելոյ բաղդ ունեցած էի, այն ազնիւ, ծանուցեալ եւ ծաղկեալ Հայրենասէրէն կըսեն, որ ինչպէս առաջին հատորիս մէջ տեղ մը յիշած եմ, Տեղագրութիւնքս եւ Կենսագրութիւնքս ՃՇՏՕՐԷՆ կ’ընթեռնու:
       Նախ գիւղիս գլխաւորն է, որպէս վերեւ յիշեցի, մեր Ռէս Օհան, որ տարեօք ալեխառն, հասակաւ միջակ եւ սրտիւք արի մի անձ է: Ինքն է բացարձակ տանուտէրն եւ հրամայողն իւր մեծ Գերդաստանին, որոյ անդամոց թիւն 40էն անցաւ, ինչ ատեն իմ թախանձանաց վերայ՝ ինձ թուիցին մի առ մի:
       Քանի՜ հետաքրքրական եւ քաղցր էր Տեղագիր-Ուղեւորիս, երբ կը տեսնէի ինձ հանդէպ նստած երկու գեղջուկ թուաբաններ, որոնք, փոխանակ զմարդիկն համրելոյ, նոցա դրգալներ կը թուէին եւ ինձ կը տային գումարման հաշիւն, զոր ի վերջոյ գոցեցին ասելով թէ “մեր Ռէս Օհանի տունը մէկ ամանի մէջ 42 կտէլ (դրգալ) կը շարժի կամ մէկ սուֆրայի պիւլորը (բոլորտիքը) 42 կ’տէլ կը շարուի ընթրելու”:
       ***
       Գիւղիս յԱրեւմտահարաւ 3/4 ժամ հեռու Չուխայ Գօտեւոր լերանց բարձր եւ լայնանիստ գլուխներէն միոյն վերայ վիթխարի քար մի կայ միակտուր եւ լեռնատեսիլ, որոյ գլուխը փորուած է խոր մը 2 մեթր տրամագծով եւ 4-5 մեթր խորութեամբ: Սոյն քարն կը կարծուի թէ երբեմն բերդի տեղւոյ ծառայած է, ոյր վերաբերութեամբ հետեւեալ աւանդութիւնն պահուած է ժողովրդեան մէջ:
       “Հին ժամանակ Հէքեարու պէյերէն մին, որոյ տիրապետութեան ներքեւ եղած կը լինին այս կողմերն, զիւր ազդեցութիւնն ցոյց տալոյ նպատակաւ այս ահագին լեռնակարկառն չուխայով կը պատէ փորձելոյ համար թէ կա՞յ մէկն, որ համարձակի զայդ չուխան գողանալ. կանցնին տարիներ եւ ո՛չ ոք կը համարձակի ադոր մօտենալ, յետոյ ձիւնէն եւ անձրեւէն կ’սկսի փտտիլ այդ ասուին. ‘ի վերջոյ մերձակայ հասարակութիւնն մի կարդացւոր կը խրկէ առ յիշեալ պէկն ասելով թէ “հրաման տո՛ւր, որ քարին վերայ ձգուած ասուին վար առնեմք, վասն զի փտտած լինելով մի օր հովն կրնայ զայն քշել տանել եւ դուք պիտի գիտնայք թէ գողցուած է, որով մեր օձիքէն պիտի բռնէք, իբրեւ գող, ձեր այդ ապրանաց, որ կը կենայ տեղն ‘ի տեղ:
       Պէկն առ այս հրաման կը տայ եւ գիւղացիք կը համարձակին զայն վերցնել. ահա այս պատճառաւ գիւղիս անունն ալ “Չուխ” է, որ չուխայի կրճատեալն պէտք է լինի:
       Սոյն աւանդութեան վերայ նայելով ազնիւ ընթերցողք անշուշտ այդ վայրենի դարն իւր ապահով վիճակաւն պիտի բաղդատութեան դնեն ներկայ լուսաւորեալ եւ քաղաքակրթեալ դարու նմանօրինակ վիճակին հետ, եւ շատ պիտի զարմանան երբ իրարու հակապատկեր գտնեն զայնս:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Չուխէն ելնելով շարունակեմք մեր ուղին դէպ ‘ի յԱնձեւացեաց գաւառն, որոյ մի մասին վերայ արդէն բաւական խօսուած է սոյն Բ. Մասի սկիզբը եւ որոյ մի այլ գիծն բռնելով նկարագրեմք եւ տեղեկագրեմք գնալով Վասպուրականի նշանաւոր գաւառներէն՝ ‘ի Վան-Տոսպ: Նախ մեր ուղղութեան գիծն կը դառնայ Չուխ գիւղիս Հիւսիսային Արեւմտակողմն, կանցնիմք “կարմիր” քարերն, ո՛ւր նուազ չէ պղնձէ հանքն եւ գնամք “Աւեր Խան” ըսուած տեղին, որ երբեմն ծաղկեալ եւ այժմ անմարդաբնակ է եւ միայն կիսակործան պարիսպներն կան տակաւին կանգուն եւ յուշարար:
       Ասկէ յետոյ կը գայ Խարամկայ ձոր (Խարամիկն նշանաւոր աւազակապետ մի եղած է ‘ի Հայս): Աստ ճանապարհորդք աներկիւղ չեն կարող անցնիլ, այս պատճառաւ մեր բարեխնամ կառավարութիւնն 5-6 հոգի ոտաւոր պահապաններ կարգած է յապահովութիւն ուղեւորաց, որք յաճախ տեղէս կերթեւեկին:
       Ճանապարհնիս յառաջ տանելով կը կտրեմք քիչ դաշտեր եւ երկայն ձորամէջեր ու կելնեմք Նշանկեահ կոչուած ընդարձակ բլրոց վերայ, ո՛ւր 2 հատ քարէ նշաններ տնկուած են, որք են ուղեցոյց ճանապարհորդաց, մին գնացողին եւ միւսն եկողին համար: Սոյն նշաններն շատ պէտք են մանաւանդ ձմեռ ատեն ձիւն եւ փուք եղած պահուն եւ երբեմն իսկ կեանքեր ազատելոյ առիթ կը լինին այդ քարերն, վասն զիսոյն տեղը բլրագլուխ եւ միանգամայն բազմաթիւ ձորեր լինելով, ճանապարհորդք շատ անգամ զիւրեանց ուղին կրնան կորսնցնել:
       Այս տեղէն մեր ուղին յառաջ տանելով կը ժամանեմք “Չուխայ Կէտուկ” կոչուած երկայն լեռներու եւ ձորերու յատակը, որք Աղբակ գաւառի գրեթէ Արեւմտեան սահմանը կազմելով՝ զայն Անձրեւացեաց գաւառէն կը զատեն: