Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Քիչ գրագէտներ, մեր մէջ, Թորգոմ Գուշակեանի չափով կ՚արդարացնեն տարազը, որուն համեմատ մարդ մը գործ մը կ՚ըլլայ նոյն ատեն։ Առանց վերապահութեան կրնամ յայտարարել, որ անոր գործը գործն է եկեղեցականի մը, այս բառին տալով մասնագիտական կարելի երանգ ու խորութիւն։ Այն յիսուն տարիներու ընթացքին, ուր իրեն ներկայացաւ պատեհութիւնը գրիչ բռնելու, ան չունեցաւ տող մը, որմէ բացակայէր եկեղեցականը, ըսել կ՚ուզեմ եկեղեցականը իր բոլոր ստորոգելիներով գործիչ, աղօթող, գրագէտ, կազմակերպիչ ու բարձրագոյն նպատակներու պաշտօնեայ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իր մէջ կը համրէ եկեղեցական գրագէտի մէկէ աւելի շքեղ տիպարներ։ Հոս չեմ բաղդատեր ասոնց գործերը։ Բաւ է միայն դիտել տալ, որ Թորգոմ Գուշակեանի գործը անխառն գործ մըն է, իր կեանքի հասկացողութենէն բխած ու իր կոչումին հաւատարիմ մարդուն։ Գաղիացիք Bossuet–ի գործը դատելու ատեն, զայն կ՚անուանեն գործը քահանայի մը ։ Տարազը մեր մէջ ոչ ոք պիտի արդարացնէր սա կատարելութեամբ։ Իբրեւ քահանայ ապրող մարդու մը պարտադիր սպասը չէ սակայն այդ գործը, իր մօտ։ Յետոյ, պէտք չէ մոռանալ, որ մեզի համար դարեր շարունակ, քահանան բարձրագոյն յղացք մըն է ցեղային գիտակցութեան, գործունէութեան։ Մեր նոր գրականութեան մէջ, այդ յղացքը կը բաժնուի բայց չի կործանիր։ Ահա թէ ինչո՛ւ սիրելի է այդ գործը որքան կրօնական իր տարողութեամբ, նոյնքան մըն ալ ու աւելի՝ իր ազգային նկարագրովը։

Գրականութեան պատմութիւնը չ՚ախորժիր մարդ մը կենսագրելէ։ Բայց կը յիշէ անոր քանի մը կարկառուն գիծերը, որոնք անոր գործը ընէին աւելի պայծառ ու հասկնալի։ Այս տեսակետը իր բոլոր իրաւունքները կը գտնէ գործին վրայ Թորգոմ Գուշակեանի։

Ամենէն առաջ անոր ծագումը գիւղական արմատէ (souche), որ պարզ տեղեկութիւն մը չէ հոս։ Արմաշի Դպրեվանքին ուսանողութիւնը կը հաւաքուէր հայրենի աշխարհին ամէն անկիւններէն։ Ու իբր այդ, կը համախառնէր իր մէջ ցեղային անջատ խիստ կարկառներ։ Ես կը յիշեմ իմ ընկերներս, թիւով վեր քսանէն։ Հաստ, կոշտ, առողջ, բիրտ, նուրբ, դրապաշտ, երազկոտ, կարծր ախորժակներով, բայց նուիրման մեծ կարելիութիւններով տղաներ էին։ Անոնք, որ լուծի մտան, մեռան մեծ վայելչութեամբ մը, թուրքին սուրին տակ, չհերքելով մեծ աւանդութիւնը իրենց պատմութեան։ Անոնք, որ խնայուեցան բախտէն, կը կրէին կնիքը մեծ այդ համադրումին։ Թորգոմ Սրբազան Պարտիզակէն ուսանող մըն է Դպրեվանքին, որուն շրջանը կ՚աւարտէ բացառիկ յաջողութեամբ [1] ։ Ուսուցիչ։ Աչքիս առջեւն է սեւահեր իր գլուխը, որ առաջին երիտասարդութեան իսկ կը թելադրէր քաղցր ծանրութիւն մը։ Կը սիրէ ինք այդ մատաղատի հայր սուրբը իր վճիտ աչքերուն, սեւ զգեստներուն մեզի համար անհաս տրտմութեանը մէջ, մեզի մօ՛տ, ա՛յնքան՝ որ մոռնայինք մեր մինակութիւնը ու տունի նորակորոյս զգայնութիւնները։ Բայց հեռու, տարիքին հակասող բարձրութեամբ մը, այդքան կանուխէն մտատիպար մը կազմող բարիքով, ընտանի որքան խոհական։ Հայրական որքան արի ու արդար, բայց տարօրէն լայնամիտ։ Մեր մտքէն սրբուած էր վանական մթնոլորտը։ Տեղը բռնողն էր բարձրօրէն յանկուցիչ հոգիի աշխարհ մը, իր փառքերով ու պարտքերով։ Մեզի համար հեշտանք մըն էր դատել իր նկարագիրը, այնքան զգաստ, հաստատ բայց քաղցր ամրութեամբ մըն ալ « օծուած », որակում, որուն այնքան ընտանի պիտի ըլլար իր ապագայ գործունէութիւնը, մա՛նաւանդ խօսքէ ու գիրէ։ Չեմ խօսիր իր դասերէն։ Բայց անմոռանալի է մեծագոյն իր դասը, այդ դարու սեմին, իմ մէջ։ Ատիկա դասն էր իր անձին, պատկերը՝ իր ամենահաս խնամքին, գուրգուրանքին։ Իմաստին հանդէպ իր խոր, աննահանջ խանդավառութեան, ու զայն պաշտպանելու, փրկագործելու համար իր անսպառ կորովին։ Ատիկա դասն էր իր զոհաբերման, աշխատանքին տարփանքէն (զոր մոլութեան մը պիտի վերածէր իր մէջ, ամբողջ կէս դար, տապալելու համար, բաղդատաբար քիչ տարւօք, բայց այնքան լեցուած տենդագին վաստակումովը իր բոլոր միջոցներուն, մարմինին որքան հոգիին), հզօր հաւատքին առաքինութիւնները իր ցեղին։ Ու այն տրտում պայծառութեան, զոը վեղարը կը նետէր իր դէմքին, քաղցր արտայայտութեան ու շրջող եւ բոցավառ մորենիի մը կը վերածէր անոր երիտասարդութիւնը։ Աւելի յետոյ, այլ անձը պիտի ծանրաբեռնուի ուրիշ կարգէ շնորհներով, ուժերով։ Անիկա գագաթ մը պիտի ըլլայ իր ասպարէզին մէջ ու արժէք մը մեր գրականութեան համար։ Բայց իմ մէջ պիտի շարունակէ պահել նոյն ու մէկ գիծը, պատկերը իր երիտասարդութեան, ամբողջ ու անայլայլ։ Մահուան մէջ իսկ իր այդ պատկերը պիտի տեսնէի, արաբական գիւղաքաղաքի մը հիւանդանոցի պատին երբ բուսաւ աչքերուս դէմ ու սրտապնդեց, ինչպէս ըրեր էր մօտ քառասուն տարի առաջ։

Դպրեվանքի մէջ իր ուսուցչութիւնը, աւելի յետոյ՝ Դուրեան Սրբազանի Իզմիր մեկնումով, անոր փոխ–վանահայրութիւնը, առաջին փաստերը կու տան անոր մէջ գոյ տիպարին, որ համաձայն կարիքներու, պիտի ըլլայ հո՛ն, ուր ձայն մը կ՚ըսէ իրեն ըլլալ։ Ու պիտի ըլլայ կարելի կատարելութեամբ։ Իր ստանձնած խոնարհագոյն պաշտօններէն մինչեւ գերագոյններուն մէջ ան պիտի բերէ միակտուր արժէքներ խղճմտութիւն, ձեռնհասութիւն, մանաւանդ հաւատք։ Ու միշտ լրջութիւն։ Ու միշտ խոնարհութիւն։ Չեմ գիտեր, մեծ մարդերը երբ վերածուին իրենց կողմերուն, ուրիշ տարրեր պիտի տայի՞ն վերլուծողին տախտակներուն։ Անդրանիկ գործունէութենէն իսկ՚ այդ ստորոգելինե՛րը։ Ապագայ ծանր, պատասխանատու պաշտոնները ան պիտի կատարէր ցուցմունքին մէջ այս ստորոգելիներուն։

Վանքը մանրանկար աշխարհ մըն է։ Ու աշխարհը՝ այլապէս բարդ իրականութիւն։ Ու մեր ժողովուրդը՝ խորհուրդներուն խորհուրդը։ Առանց այն ճանչնալու, մարդը չի կրնար ինքզինք ամբողջ զգալ։ Այս ըմբռնողութիւնն է, որ Արմաշականները պիտի նետէ ծոցը մեր ժողովուրդին. այն ժամանակ՚ ճշմարիտ իրականութիւն, գեղեցկութիւն, հակառակ ահաւոր գերութեան մը տագնապներուն։ Այդ ժողովուրդը ճանչնալու իր հզօր փափաքն էր, որ զինքը պիտի մղէր Փոքր–Հայքի մեծագոյն թեմին, Սեբաստիոյ առաջնորդութեան։ Ձեռագիր իր աշխատանքները, այդ նահանգին ընդհանուր տեղագրութեան, մեր բնակչութեան, կրթական, ընկերային, տնտեսական կացութեան վերաբերեալ, պատիւ կը բերեն ոեւէ ընկերաբան գիտունի մը։ Վիճակագրութիւն, չոր աշխատանք, ազգագրական տուեալներ, գրական համապատկերներ իրարու կը խառնուին։ Այնպէս որ այդ օրերու հայութեան (այդ նահանգին մէջ) ամբողջական պատկերը կը մնայ սեւեռուած։ Ձեռագիրներու հանդէպ իր պաշտամունքը շահեցուցած է մեծ գործ մը մեր ազգագրութեան եւ պատմութեան . Նշանի ձեռագիրներուն ցուցակը, տպուած «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ)։ Բայց այս ամէնուն հետ, քով, իր պաշտօնավարած որեւէ գաւառի մէջ անպայման կը մտնէ շատ բան տակաւին։ Ամենէն առաջ՝ պատմական զգայարանք մը, մեր ցեղին հոգեկան մոյնքին վերադարձ մը։ Լրջութիւն, ամէն ձեռնարկի համար։ Կրթական գործին առջեւ տիրական կեցուածք։ Ժողովական կեանքի արի նախանձախնդրութին։ Պիտի կազմակերպուին բոլոր ազգային մարմինները, իրենց ստորաբաժանումներով ու պիտի լրացուին վարչական մեքենային բոլոր պակասները։ Պիտի դարմանուին բոլոր զեղծումները։ Ու օրինականութիւնը պիտի դառնայ հասարակաց զգայնութիւն։ Թորգոմ Սրբազան, իր խօսակցութիւններու ընթացքին, պիտի խօսէր այդ գործունէութենէն անմոռանալի անուշութեամբ։

Ու նոյն յատկութիւնները, տարիքով ու փորձառութեամբ աւելի աճած, ամրացած, նոյն արդիւնքներու հասնող: Եգիպտոսի մէջ, որ այդ օրերուն մանաւանդ կնճռոտ թեմ մըն էր, բազմազան ազդեցութիւններով աշխատուած (ինչպէս պիտի ըսէին գաղիացիք), սկսելով վսեմաշուքներու անժուժելի, անորակելի ճնշումէն մինչեւ ամբոխային ցոյցերու այլապէս ապասարոյ բռնութիւնը։ Ազդեցութիւնները, որոնք ազատ ասպարէզ կը գտնեն մեր ցեղային թերութիւններուն ենթահողին խորթ, երբ ամուր կիրքեր ու դժբախտ դէպքեր մեզ կը տրորեն։ Եգիպտոսի առաջնորդութիւնը, այս իսկ հանգամանքներուն բերումով, վտանգի բերում մըն էր։ Թորգոմ Գուշակեան պիտի վարէ զայն սակայն, գերագոյն պետի մը խղճմտանքովը։ Իր կենսագրութիւնը այդ տասնեօթը տարիներուն մէջ, որոնք անոր առաջնորդութիւնը եղան բուրգերու աշխարհին մէջ, իմ կարծիքով պիտի կազմէր ամենէն շահեկան վկայութիւնը մեր բարքերուն։ Հոն ան պիտի բախի կարծր ապօրինութիւններու, քաղաքական ու դրամական փառքերով լուսապսակ գլուխները, որոնք իրենց խելքը, զարգացումը, եւրոպականացումը պիտի աշխատին պարտադրել Հայ եկեղեցւոյ այս պարզուկ, բայց արիասիրտ պաշտօնեային խղճմտանքին ու պիտի զարմանան իրենց գտած նոյնքան արի ընդդիմութենէն։ Այս նշմարները չեն կրնար աւելի լայննալ, լուսաւորելու համար այդ գործունէութեան սա շատ շահեկան մասերը։ Եգիպտոսի թեմը իրմով կը բարձրանայ աւագ կարեւորութեան։ Պատերազմը կը նուիրագործէ Թորգոմ Սրբազանի արժանիքները։ Եգիպտոս, իր հզօր առաջնորդին շունչին մէջէն, կը ստանայ ազգային կեդրոնական թեմի մը հանգամանքը։ Չեմ կրնար հետեւիլ բոլոր իրադարձութեանց, որոնք պատերազմի տարիները կ՚ընեն այնքան եղերապէս շահեկան։ Կազմուած է ազգային միութիւնը։ Բոլոր սիրտերը ու բոլոր միտքերը ի սպաս կը դրուին ազգային դատին։ Ու Թորգոմ Սրբազան կանցնի Արեւելք, Հնդկահայքի շրջաններուն մէջ խօսելու նուիրական պատգամը, դարերէ ի վեր սպասուած բայց միշտ յապաղած։ Իր առաքելութիւնը կը պարգեւէ մեր գրականութեան շատ շահեկան հատոր մը, որմէ քանի մը պրակներ միայն լոյս տեսան։ « Հնդկահայք »ն [2] է ան։ Իր առաքելութեան քաղաքական մասը պսակուած էր կարելի յաջողութեամբ։  

Հաշտութիւն ու մեր պարտութիւնը։ Հայկական Սփիւռքը, իր դժխեմ հեռապատկերով, ուր կը յուզուի մեր գեղեցիկ ժողովուրդին վերջին պատկերը։ Գլուխն է իր հօտին, աւելի քան պինդ սրտով։ Տկարացած իր մարմինէն ան պիտի պահանջէ անխնայ, ինչ որ կարելի է տակաւին։ Իր դերն է հասարակաց դերը բոլոր մեր մեծ հովուապետներուն։ Հաւաքել, պատսպարել, սփոփել ու յոյս ներշնչել։ Մեզի պարտադրուած ահաւոր յուսախաբութենէն ետք, Թորգոմ Սրբազան բացառիկ ամրութեամբ, որքան արթուն իմաստութեամբ մը՝ պիտի փաթթուի մեր վերջին ապաւէնին, դարերէ ի վեր իր փաստը նուիրագործած սպասին։ Ան հայ եկեղեցիին պաշտամունքն է, բառին տալով երկնաւոր, որքան աշխարհիկ իր տարողութիւնը։ հաւատքէն տարբեր իրականութիւն մը գրեթէ. այս կեցուածքը իր՝ ինչպէս բոլորը Արմաշականներուն մօտ։ Մեր հսկայ կորանքը անկարող պիտի ըլլայ փլել այս մարդուն մէջ իր սրբազան պատրանքը։ Իր ուսուցիչը, Դուրեան Սրբազան, Պոլսէն բաժնուած ժամանակ անսփոփ դառնութեամբ մը ինծի ըսած էր իր յոյսին բեկումը, այս ժողովուրդին ապագայէն (ազդուած էր մեր Հայրենիքին մէջ երեւան եկած հոգեւոր արժէքներու քանդումէն) ու տրտում համակերպութեամբ մը կ՚ընդառաջէր մահը։ Թորգոմ Սրբազան նուազման պահեր ունեցաւ անշուշտ։ Բայց անոնք իր մօտ չեղան հոգեբանութիւն։ Ան պիտի չկորսնցնէր իր լաւատեսութիւնը, նոյնիսկ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ գերագոյն պետին խորհրդաւոր շիջումէն վերջն ալ։

Ան իբրեւ կաթողիկոսական պատուիրակ շրջեցաւ մեր Սփիւռքին բոլոր կարեւոր կեդրոնները։ Կազմակերպչական իր արդար ու առատ տուրքերը վերջին անգամ մըն ալ ան պիտի գործածէր հաւաքական զգայնութեան մը, մտայնութեան մը գոյացումին։ Իր վրիպանքը չէր այդ գետինին վրայ։ Մեզ հալածող դժբախտութիւնները վեր էին մեր բոլորէն։ Եթէ իր առաքելութիւնը չհասաւ իր ակնկալած բարիքին ստեղծումին, բայց մեր կորանքին իբրեւ հետեւանք մեր մէջ ահաւոր չափեր գտնող երկպառակութիւնները մեղմացուց, որոշ չափով։ Աւելի՛ն. ան իր քաղցր պատկառանքը, արի խղճմտանքը, մեծ իմացականութիւնը բոլորը մէկ գործադրեց, որպէսզի քիչ մը զիջէինք իրարու մեր քէները, անհասկացողութիւնները, փոքրութիւնները։ Սիրոյ, համերաշխութեան քարո՛զ մը, մեր մոլորեալ ու սէրէն պարպուած հոգիներուն։ Զինք չէինք կրնար մտիկ ընել, այս զգայարանքին կորուստին պատճառովը մեր մէջ։ Բայց կը յարգէինք խօսողը պարագայ՝ որ բաւական պերճ փաստ մըն է կրկին անոր արժանիքներէն։ Այսպիսով էր, որ արեւմտահայ բազմաբեկ ճակատներու վրայ իր խօսքը միշտ ունեցաւ կշիռ։ Կիրքերը մեղմացան, ուրկէ որ անցաւ ան։ Պէտք էր լսել իր բերնէն իր տպաւորութիւնները, Եւրոպայի աչքէ հեռու խորշերուն մէջ իրենց գործերէն կլլուած մարդոց մասին։ Գրագէտի իր երկու հզօր տուրքերը, զգայնութիւն եւ երեւակայութիւն, զինքը չէին լքեր նոյնիսկ բերանացի իր շեղումներուն ընթացքին։ Ոչ ոքի համար գաղտնիք է անոր խօսքին հմայքը։ Մարդն էր, որ ժամերուն կը տիրապետէր, այնքան իր պատմումը համեմուած էր իր շնորհներով։ Կնունք մը, հարսնիք մը, պատարագ մը, կատարուած Պելճիքայի կամ Սերպիոյ մէկ քաղաքին պարզուկ տուներէն մէկուն մէջ, առիթներ էին, որպէսզի ազգային ձայնէն մոռցուած, ուրացուած մեր հայրենակիցները, կախարդ շեշտի մը վրայով վերագտնէին զայն անակնկալ որքան քաղցր, ու իյնային լացով, Սրբազանին ոտքերուն։ Մարդերը իրենց խորագոյն ալքերուն մէջ յուզող սա ուժը մինակ սրբազան իր հանգամանքը չունի զսպանակ։ Անիկա հաւասարապէս կու գայ գործիչէն, գրողէն, հոգեբանէն ու մարդէն, որոնք բոլորը միաժամանակ կրցաւ ըլլալ Թորգոմ Սրբազան։ «Խաւարի մէջ բնակող»ներուն համար անոր անձը կը թելադրէր լոյսէն ալ աւելի։

 

Դուրեան Պատրիարքի մահէն ետք, Սրբոց Յակոբեանց գահին վրայ իր գործունէութիւնը շքեղ ու գեղեցիկ վերջալոյսը պիտի կազմէր այս մշտաշխոյժ կեանքին։ Անոնք, որ պիտի պատմագրեն Երուսաղէմի գաւազանագիրքին վերջին էջերը, շատ մօտիկ ապագային համար, ունին ծանր, փառաւոր բաներ արձանագրելու։ Իմ նիւթէս դուրս է ատիկա։ Այս կարճ տողերուն հետ, կ՚այցուիմ սակայն իր տիրական ստուերէն, այնքան իրա՛ւ, այնքան խոր, որքան էր ինքը, երբ կը պտըտէր այս դարաւոր հաստատութեան մէջ։ Իր աշխատասենեակը իր գիրքերուն ճշմարիտ ամբարտակովը ու իր խորհրդազգած մթնոլորտովը։ Իր աթոռին վրայ, իր տրտում, գիրքերէ փրցուած ու հոն զետեղուած խորհրդապատկերի մը իմաստովը։ Իր կերպարանքը (ունէր ատիկա իրեն յատուկ), որ կը լրջանար, ներքին խռովքէն յայտնապէս խոնացած։ Իր այցերը՝ դպրոց, պարտէզ, դասարան, որոնք բան մը կը տանէին, կ՚աւելցնէին իր սաներուն հոգիներուն։ Բոլորը դեռ կը թրթռան իրմով։ Եւ ասոնց ամենէն վեր իր կենդանի գործը, իրմով գօտեպինդ, իրմով կերպադիր։ Իր բանաւոր անդաստանին վրայ (այսպէս կը հասկնար, կ՚արժեւորէր իր աշակերտները) իր խնամքը, գուրգուրանքը, յոյսերը, ու նաեւ այս վաստակով պարտադրուած սպառանքը զինքը պահեցին մշտական երիտասարդութեան մը պատրանքին մէջ ու իրմէ ծածկեցին աւելի չարաշուք ճշմարտութիւններ, տարիքին բեռը ամենէն առաջ։ Ան 6-700 էջ թուղթին պիտի նետէր քանի մը ամիս առաջ, քանի մը շաբթուան ընթացքին։ Ու ասիկա մահուան շունչին մէջ։ Այս բռնավաստակը (surmenage) ան պիտի ներէր իրեն, իր սաներուն սիրոյն։ Մեռած օրը ան ժամերով դասախօսած է։ Ու ժողովականի իր պարտքը կատարելու համար իր սենեակը մտած պահուն է, որ ընդունած է յաւիտենականութեան հրաւիրակը։ «Աշխատանքի զոհ մը»։ Ինք պիտի չընդունէր տարազը, վասնզի աշխատութիւնը իր բնաւորութեան ոչ միայն հիմնական մասը կազմեր էր ա՛լ, այլեւ տարբեր տեսակ մը անհրաժեշտութիւն, կեանքի կաղապար։ Առանց աշխատելու ան կը տառապէր, բառին նիւթական իմաստովը։ Այսպէս է որ չզգաց թե ինչ կ՚արժէր իրեն իր առօրեայ զբաղմունքը։ Ան մտքէն պիտի չանցընէր, թէ ի՛նչ վտանգ կը ներկայացնէր ամսաթերթ մը գրեթէ միս-մինակը լեցնել («Սիոն»ի հաւաքածոները աւելի քան պերճախօս են), քանի մը դասարանի դասերուն կէսը միս–մինակը վերցնել, առտուան վեցէն մինչեւ իրիկուան տասներկուքը աթոռի մը խորէն անդադար մտածել, գրել, խօսիլ, վարել ու հրահանգել։ Այս բոլորը սակայն կը միանան իրարու, կազմելու համար Ներսէս Շնորհալի Հայրապետէն երգուած բրաբիոնը, որով պսակուած, փառաւորուած կ՚իջնի գերեզման Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, Պատրիարք Երուսաղէմի Հայոց։

* * *

Կեանք մը չպատմեցի, վասնզի անիկա առանձին զբաղում մըն է։ Բայց արագ տողանցին մէջը Թորգոմ Սրբազանի գործունէութեան ու նկարագրին, անոր դէմքը կը գտնէ միութիւն մը, որ բացառիկ է մեր գրական բոլոր վաստակներուն համար։ Այդ միութիւնը անձին ու գործին, ստեղծողին ու ստեղծուածին կատարեալ, բացարձակ ներդաշնակութեամբ է իրական։ Դուրեան Սրբազանի մը մօտ դասագիրք, մանկական քերթողութեան զոհուած վաստակ, միւս կողմէն, բանասիրական խոր մտահոգութիւն, քերթողական ախորժանք դժուար կը հաշտուին իրար։ Թորգոմի գործը առարկայացուած է իր անձին։ Այնպէս, որ իր գրական ժառանգը մեզի համար տարբերութիւն մը չի դառնար իր հովուական վաստակէն։ Ու չէ անջատելի երես մը իր ընդհանուր դէմքէն։ Սխալ չ՚ըլլար այդ ժառանգը ընդունիլ իբրեւ հոգեղինացումը իր աշխատանքին, ինչպէս է եղած պարագան գրեթէ մեր բոլոր գրագէտ հայրապետներուն։ Քիչ վերը ես զայն մօտեցուցի գաղիացիներուն Պոսիւէին։ Ու նմանութիւնը, եթէ արժէքներու նոյնութեան մը չի ձգտիր, գոնէ կեանքը ըմբռնելու, զայն վատնելու, զայն արդիւնաւորելու տեսակէտի մը վրայ իրարու հետ դաշն կ՚ընծայէ երկու քահանաները։ Թորգոմ Սրբազանի գործը գործն է մեծ քահանայի մը։ Ու այս գործին բոլոր երեսակները ամրօրէն կնիքին տակն են այս հաւաստումին։ Ինչպէս որ Պոսիւէի ընդարձակ հատորները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ գաղիական եկեղեցիին մեծ հոգերէն առաջնորդուած ուսուցչի մը առարկայացուցած դասերը, նոյնպէս ալ Թորգոմ Սրբազանի մեր գրականութեան ձգած գիրքերը դասեր են մեր հին ու նոր պատմութեան խոր ճանաչումովը յօրինուած ու մեր եկեղեցիին բարգաւաճման ամուր հաւատքովը սրտառուչ:

* * *

Չնմանելով Եղիշէ Դուրեանին, ան ուշ պիտի երեւայ մեր գրական հրապարակին վրայ։

Դպրեվանքին մէջ, ուր տարի մը իր աշակերտը եղայ, կը յիշեմ իր թարգմանութիւնները, առաւելապէս « գրոց բարբառ »ով, որով լեզուական շնորհը, խորքին մշտապէս թանկ տարրովը համախառնուած, զինաթափ կ՚ընէր իմ խստապահանջ տղու դժգոհութիւնս։ Բացի գրաբար այդ թարգմանութիւններէն, ան կ՚ընէր նաեւ աշխարհիկ լեզուով ուրիշներ, ժամանակակից գաղիացի ռոմանթիքներէ, հետեւելով իր ուսուցչին ճաշակին։ Լամարթին, Հիւկօ նախասիրուած հեղինակներ էին։ Թորգոմ վարդապետ գտած էր Մոպասանը, Սիւլի Փրիւտոմը, ու ատով՝ իր անկախութիւնը։ Այդ թարգմանութիւններէն ոմանք լոյս տեսած են 1900–ի հանդէսներու մէջ։ Անցողակի դիտել կու տամ, որ քերթողական սա մարզանքը ան պիտի չլքէր մինչեւ մահուան դուռը։ «Սիոն»ի վերջին թիւը (1939 Փետրուար) անկէ ունի թարգմանութիւն մը կատարուած Ա. Տը Միւսէէն։ Այդ աշխատանքին վրայ մեծ էր իր համարումը։ Կը հաւատար, որ անով տղոց մէջ կամրանային ծփուն ուժեր։ Կը զօրանային նիհար ընդունակութիւններ։ Իրմէն ունինք ձեռագիր մեծարժէք թարգմանութիւններ։

 

Բացի թարգմանականէն, ան պիտի նուիրուի նաեւ ստեղծագործական քերթումին։ Տարիներու մեծ թիւի մը վրայ երկարաձգուող այդ գործունէութիւնը դժուար չէ հաշտեցնել իր մայր մտահոգութեան։ Եթէ այդ քերթուածներէն որոշ թիւ մը զիջումն է՝ իր ժամանակի ընտանիք, ընթացիկ, հանդիսական ու ազգայնա–պատմական սեռին, անոր, որ ծանրացած է մեր բոլոր քերթողներուն ալ ճակատագրին, ուրիշ մաս մը սեւեռուած է հոգեկան իրաւ, խոր պահերու ճշմարիտ բանաստեղծի մը ուրուանկարէն աւելի բան մը թելադրող։ Իր բազմամեայ ապրումներուն վճիտ ցոլքը, որուն խառնուած ըլլան արուեստի զանազան սփիւռներէն մոլորած, վախկոտ ճառագայթներ ալ (Սրբազանին թարգմանութիւնները լայնօրէն կ՚երաշխաւորեն իմացական իր փորձարկութիւնները, դասականներէն մինչեւ սիմպոլիսթները ու անկէ ասդին ալ) եւ ուր թրթռայ նոյն ատեն անհատականութեան զգաստ շողիկ մը։ Ու բոլորն ալ մթնոլորտուած մեծ իր երազէն, իր ժողովուրդին հոգիին մէջ գեղեցկութեան, երկնայնութեան աշխարհ մը ճարտարապետուած տեսնելու։ Չըրաւ հատոր մը այդ քերթուածներէն, հակառակ շատ տեղերէ իրեն հասած բազմաթիւ պնդումներուն։ Իր անձին վրայ քիչ մտածող մարդու մը հոգեբանութիւնը պիտի ուզէի հաստատել այս անիրաւ խուսափումին մէջ։

Գրական գործունէութեան երկու մեծ արարքները սակայն կը նկատեմ իր երկու հատորները, որոնց մէջ ուսումնասիրուած են մեր օրերու երկու խռովիչ տիպարներ, իր ասպարէզէն։ Կ՚ակնարկեմ գիրքերու, որոնք կը կոչուին « Խրիմեան Հայրիկ » եւ « Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան »։ Երկուքն ալ գրուած են պատմական որոշ հասկացողութեամբ եւ տուեալներով։ Մէկուն մէջ ան սիրած է գործիչը ։ Մեր օրերուն ա՛լ անկարելի կաղապարի մը, որ լեցուցած է մեր նոր պատմութեան կէս դարը, անմեկնելի թուացող (այսօր) համբաւի մը մէջէն, բայց կողմերու հանդէսով մը, որոնք բարձրացան հայ եկեղեցւոյ մեծ հայրապետներուն շքախումբը մինչեւ։ Քրոնիկի, ստոյգ պատմութեան, լրագրումի, գրական թափանցումի, կենսագրութեան, քննադատութեան միջոցներէն լայնօրէն օգտուած, Թորգոմ Սրբազան այդ հատորներուն մէջ ստեղծած է իւրայատուկ սեռ մը, որուն նմանը մեզի կու տան եւրոպական նորագոյն մատենագիրներ, երբ մեծ մարդոց կեանքը վիպասանեն (romancer), մնալով անշուշտ հաւատարիմ պատմական գնացքին, բայց առաւելապէս ուշադիր ցնցող, ցայտուն կողմերու շահագործումին, մօտենալով այսպէս ակամայ յերիւրումին։ Թորգոմ Սրբազան գաղտնիքը ունեցաւ իրականութենէն քայլ մը չհեռանալու, բայց ընելու իր տիպարներուն կենդանագիրը այլապէս յանկուցիչ։ Կը կարդանք։ Էջերը կը սահին։ Մարդը կ՚աճի անոնց հովին մէջ ու նոյն ատեն շրջանը վայրանկար մը կը դառնայ, առանց որ զգաս այդ ճարտարանքը։ Ու այս կախարդական գնացքին քովն ի վեր ի՜նչ շողարձակում մտածմանց, զգայութիւններու, զգացումներու, թելադրանքներու։ Որեւէ վէպ ատկէ աւելին պիտի չընէր մեր զգայարանքներուն, որքան երեւակայութեան։ Այս երկու գիրքերը Թորգոմ Սրբազանի վճռական փառքերը կը կազմեն ու անոր քանդակները՝ ազգային հարստութեան թանգարանին։

Այս գիծէն ուրիշ հատոր մը, « Հնդկահայք »ը, որմէ կը կարծեմ, թէ 4-5 պրակ միայն լոյս են տեսած։ Ձեռագիրը ծանօթ է ինծի։ Եգիպտոսի Ազգային Միութեան յատուկ հրահանգովը, Արեւելք կատարուած առաքելութեան մը այլապէս արժէքաւոր մէկ արդիւնքն է այդ գիրքը, ուր սիրտ, միտք, աչք իրարու կը նպաստեն, որպէս աշխարհի գրականութեանց համար խռովիչ նիւթ մը։ Ասիան կը պատմուի մեզ, իր ամենէն կախարդական պատկերներուն տողանցումով։ Բայց նոյն ատեն մեր ժողովուրդին հեքիաթ դարձած տեսիլքէն լուսաւորուած։ Սրբազանը կտրած է ովկիանոսը, խաչաձեւ խուզարկած անհուն Հնդկաստանը, չէ վախցած մեծ ծովէն ու հոն կծկտած կղզիներուն այլապէս վտանգաւոր խորշերուն՝ գտած, սրտապնդած է իր ազգակիցները, խօսելով անոնց մեծ տագնապէն իր առաքելութեան։ Իր ոգեւորութիւնը վարակիչ էր։ Այդ գիրքին մէջ կան մեծ ալ հաւաքումներ, Հայ գաղթականութեան տարեգրումին համար անգնահատելի արժէքով։ Ու մռայլ որքան մելամաղձոտ այդ Արեւելքէն փառքի ու մահուան կպչուն բոյրով մը ծանրաբեռն հատորը հայերու համար գրական էջ մը չէ միայն (ինչպէս են այդ Արեւելքէն հանուած էջերը), այլ հաստատ նպաստ մը մեր պատմութեան։ Անոր մէջ ո՛չ միայն կենդանագիրներ մեզ կը խռովեն, այլ մեր տաճարներուն ամայի փառքը տակաւին սեւեռող յիշատակարաններ, դամբանագրեր, արձանագրութիւններ, բոլորն ալ խնամքով ընդօրինակուած եւ… փրկուած, քանի որ այդ օրերէն մօտ քառորդ դար ետք լռութիւնը աւելի քան ծանր է այդ Արեւելքին վրայ, ազգային զգացողութեան տեսակէտէն։ Ու մեռելները միայն չեն ախորժիր խօսելէ։

Ասոնք տիրական գիրքեր են իրմէ, իր գրողի, պատմողի, թափանցողի շնորհներուն գրաւականները։ Բայց այդ մարդուն մէջ նոյնքան յուզիչ էր սեւ աշխատանք ին համար ալ մշտապատրաստ ոգին։ Համբերութեան, հեռահայեաց իմաստութեան գլուխ–գործոց մըն է իր « Ցուցակ Ս. Նշանի ձեռագիրներուն »ը, որուն մասին ակնարկ մը ունեցայ վերը։ Այլապէս պերճ ուրիշ փաստ, նոյն ոգիին, իր ցեղագրական relevé–ն Սեբաստիոյ թեմէն։ Սրուանձտեանց Սրբազանի գործին շարունակութիւնը անշուշտ, բայց աւելի նուրբ միտքով մը, աւելի գիտական միջոցներով։ Ու « Համով–Հոտով »ի հեղինակին վաստակին չափ եթէ ոչ աւելի՝ թանկ մեր օրերուն։ Հում նիւթին հանդէպ իր սա գուրգուրանքը վկայութիւն մըն էր անոր իմացական յօրինուածքին։

Ու կը կենամ նոյն զգուշաւորութեամբ, իր մէկ հատորիկին վրայ եւս, որ « Աւետարանի ճամբով » վերնագիրը ունի։ Հատորը թարգմանուած է անգլիերէնի, ստեղծելով որոշ հետաքրքրութիւն։ Ֆրանսական բարոյախօս դպրոցին հեռաւոր ազդեցութեանցը մէջ կազմուած, բայց մեր օրերու մեկնական ոգիով յօրինուած նշմարներ են ասոնք Աւետարանի այս կամ այն համարէն թելադրուած, յաճախ հոգեբանական յուզումներով, միշտ պայծառ լոյսին մէջը հաւատքին, ապրելու արարքը իր ճիշդ եզրերուն վերածելու ճիգի մը ետեւէն։ Աւելի յետոյ «Սիոն»ի մէջ ան պիտի շարունակէ սեռը, « Առաքելոց շաւիղով », քրիստոնէական բարոյախօսութեան ընտիր էջերու վրայ։

Ու տրտմութեամբ կը կենամ բռնավաստակին առջեւ, որ « Սիոն »ի խմբագրութիւնը եղաւ իրեն համար։ Դուրեան Սրբազանի Երուսաղէմ գալէն ասդին արդէն մնայուն աշխատակիցն էր հանդէսին։ Պատրիարքութենէն վերջ, մինչեւ իր մահը, « Սիոն »ը եղաւ Սրբազանին մեծագոյն հրայրքը (passion): Անոր մէջ ամէն ամիս ան պիտի ստորագրէ միշտ ուշագրաւ հարցերու շուրջ հիւթեղ, խոր առաջնորդող մը։ Պիտի ստորագրէ հանդէսին պարտադրած կրօնական գրականութեան քանի մը թերթ։ Պիտի թարգմանէ միջազգային կրօնական հեղինակութենէ մը ծանր վերլուծում։ Պիտի խմբագրէ ամսուան լուրերը։ Պիտի սրբագրէ ուրիշներուն՝ ձեւով անխնամ առաքումները։ Հսկայական սա վատնումը ան չէր զգար իր եռանդին մէջ։ Իր շունչին տակ « Սիոն »ը գտաւ բարձր, արագ ու արդար համբաւ:

Այս մայր գործերէն դուրս կը յիշեմ հնագրական ուսումնասիրութիւն մը իրմէ Եգիպտոսի հայ եկեղեցիներուն վրայ։ Կը յիշեմ « Պողիկտոս »ի պերճ թարգմանութիւնը, ինչպէս « Նարեկ »ը։ Այս կարգէն է « Յոբի գիրք »ին տաղաչափեալ թարգմանութիւնը աշխարհաբար լեզուով։

Ու լրագիրներու, տարեգիրքերու, հանդէսներու մէջ ցիրուցան մեծաքանակ յօդուած։


 



[1]        Այդ օրերու մասին տիրական գիրք մըն է իր ուսումնասիրութիւնը, Դուրեան Սրբազանի վրայ, ուր իրեն յատուկ նկարուն գծով մը, մանաւանդ յուզուած հոգիով պատմուած են անմոռանալի զգայնութիւններ, կեանք մը ամբողջ, որուն կսկիծը գալու համար մարդ պետք է ազատագրէ քիչիկ մը ինքզինք սա Սփիւռքի հոգեբանութենէն: Կար ատեն մը, որ կ՚ապրէր այս ժողովուրդը։ Ու կ՚ապրէր բանին, ոգիին, վայելքին, ցաւին համադրանք իրականութեան մէջ եւ ոչ թէ այսօրուան նման իրարու վրայ խնդալով, խանդալով։

[2]        1941 թուականին հատորը լոյս է տեսած Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց տպարանէն։– Ծանօթ. հրատարակչութեան։