Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՎԻՊՈՂԸ։

Ինչ որ ճիշդ է իր քրոնիկին համար, ճիշդ է դարձեալ իր վիպակին համար։ Զուր է անոր վիպակին մէջ փնտռել արեւմտահայ նորավէպին անծանօթ նկարագիրները, արու, թեթեւ վայելչութիւնը, գիւտարար գնացքը ու արուեստի կատարելութիւն։ Թլկատինցի միշտ կը խառնէր իրարու հետ շատ մը բաներ։ Խօսեցայ իր քրոնիկէն, ուր իրականութիւն, ֆանթեզի, ստեղծում է բարոյախօսական, լրագրական ախորժանք, վիպական զառածում, ուսումնասիրական լրջութիւն, յիշատակ ու երգիծանք իրար կը հալածեն, յաճախ նոյն կտորին մէջ։ Թլկատինցիի վիպակը ընդարձակ քրոնիկ մըն է, բառը առնելով մասնակի իր սահմանին մէջ (որ տրուած է վերը)։ Ծաւալը, քիչիկ մը գործողութիւն, պատմումի որոշ ճնշում գլխաւոր նշաններ են, որոնք սամանագիծ կը կազմեն նոյն արդիւնքին առջեւ, ինչպէս հողի մեծ տարածութեան վրայ իրարմէ կտրուած արտեր։

 

Աւելորդ է երկար վերլուծում, հասնելու համար Թլկատինցիի մօտ նկարագիրներուն արտահանումին։ Այս մարդը վիպակ չէ գրած ։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ չէ նստած սեղանին առջեւ, մտքին մէջ ունենալով վիպակ մը դարբնելու նպատակ։ Նստած է սեղանին առջեւ, հաւանաբար խռով հոգիով, իրեն պատմուած կամ իրմէ դիտուած եղերական կամ ծիծաղելի արարքներէ հալածական։ Ու լրագրողի մը հոգեբանութեամբ ձեռքն է առած գրիչը։ Առաջին էջերը միշտ դժուար են անոնց համար, որոնք օրական վարժութիւնը չունին լրագրողին։ Զգուշութիւն, ծածկուելու պարտք, հասկանալի դիւրազգածութիւններէ խուսափելու պարտք քրոնիկը կը հեռացնեն իր բնական արահետէն։ Ու ահա, առանց հեղինակին օգնութեան, իրեն պատմուած դրուագը, գլուխը առած, կ՚երթայ իր ճամբան։ Երթա՜յ, բարով։ Միայն մեկնումին պատրաստութիւնները զգալի պիտի ըլլան մինչեւ ճամբորդութեան վախճանը։ Պատմումը պիտի ծանրաբեռնուի աւելորդ զեղումներով, երբեք զատուելով սկիզբին տարտամութենէն։ Ու պիտի աւարտէ ինքզինքը, չգիտնալով, թէ ինչպէս։

Այս պզտիկ պատկերը կը խորհրդանշէ սակայն Թլկատինցիին մէջ վիպողը։

Անոր հանդէպ արդար ըլլալու համար, քննադատը պարտաւոր է մոռնալ օրէնքներ, ախորժանքներ, նախասիրութիւններ, հանդուրժել՝ աւելորդին, անաւարտին, ձգձգուածին, ճապաղին ու տափակին։ Չփնտռել զարգացում, կանոնաւոր յառաջատու գնացք, արագութիւն, մղում, շահեկանութիւնը կենդանի պահող քովնտի զեղումներ, հետաքրքրութիւն։ Համակերպիչ՝ արտայայտման աններելի թերացումներու, թնճուկներու, պրկագին շրջումներու, բառերու տիրապետման, երբեմն նոյնիսկ քերականական նուազումներու։ Կը կենամ, չշարունակելու համար վրիպանքին սա փաստերը։ Ու կը հարցնեմ.

Ո՞ւր կը մնայ գրագէտը այս դէզին տակ։

Բարեբախտաբար բոլոր այս թերացումները միշտ կ՚ընկերանան այլապէս աւագ, թանկ արժանիքները, որոնցմէ ոմանք անցան վերլուծում է, իր քրոնիկին առիթով։

 

Թլկատինցիի վիպակը մեր մէջ առանձին կաղապար մըն է։ Քանակին փոքրութիւնը պատճառ, թերեւս, որպէսզի այդ պատմումը ինքը պարադրէր իր օրէնքները, ինչպէս է պարագան Զարդարեանի համար, որ իբրեւ վիպող ունի անհատականութիւն, կեանք մը արտագրելու որոշ թեքնիք։ Նոյնն է պարագան Համաստեղի ։ Երկուքն ալ իրենք իրենց հաւատարիմ են, երբ կը վիպեն։ « Տան սէր »ը եւ « Սեւ հաւը կանչեց »ը միայն ծաալով կը տարբերին իրարմէ, ուրիշ ամէն ինչերու մէջ կրկնելով նոյն նկարագիրները։ Երկու լման հատոր, « Անձրեւ »ը եւ « Գիւղը », կնիքին տակն են նոյն թեքնիքին, հանգանակին։ Փորձեցէ՛ք իրարու քով շարել կտորներ, որոնք վերնագրուած են « Ես իմ պարտքը կատարեցի », « Մութ անկիւններէ », « Գաւաթ մը միայն », « Ո՞վ աղօթէր »։ Պիտի շփոթիք։ Ո՛չ անոր համար որ շարքին մէջ նոյն իրաւունքով տեղ պիտի ուզէին « Խորանին սուրբը », « Բամպակ Բերան »ը, « Ինչպէ՞ս կը նպաստէն »ը եւ գրեթէ բոլոր քրոնիկները, այլ որովհետեւ իբրեւ վիպակ անոնք կը պարզեն միշտ եզակի, միշտ հազուադէպ հանգամանքներ, կտորի մը հետ միայն ապրող։ « Գաւաթ մը միայն »ը կը սկսի իբրեւ զուարթ, խոնարհ, քիչիկ մը կճան քրոնիկ մը, Թլկատինցիին համար մղձաւանջ մը կազմող հարցի մը շուրջ։ Բողոքականութեան պարսաւն է անիկա։ Կը քալենք էջերէն ու ահա պարսաւը ինքնին կ՚անհետի։ Մենք զմեզ կը գտնենք առանձին մարդոց հետ, որոնք ունին իրենց սեպհական տագնապները, խիստ անհատականութիւնները, ներքին շատ ամուր անձնաւորութիւններ, ամէն մէկը գիծերուն անզիջելի ուժգնութեամբ, բարդութեամբը։ Այս մարդիկը սա անմշակ, նախնական իրենց յօրինումները այնքան ուժով մեզ կը պարտադրեն, որ այլեւս ատեն չեն ձգեր մեզի, որպէսզի իրենց անբնականութիւնը, ու անհեթեթութիւնները, անշնորհքութիւնը տայինք իրենց երեսին։ Քանի կը քալենք ընթերցումն ի վար, այնքան մեր մէջ կը յստակին մեր վերապահութիւնները, բայց մեր կողմէ իսկ հերքուելու, ներուելու բախտով մը, վասնզի խուլ, թաքուն համոզումը մեր մէջ կ՚ամրանայ, թէ կեանքը ա՛յս է, այս անկատարութիւններով, յիմարութիւններով եւ ոչ թէ վէպին յարուցած տրամաբանութեամբը։ Ամբողջ ու ողբերգութիւնը այդ կտորին Գաւաթ մը միայն ») արդիւնք է հարսնիքի առթիւ, հազար աղաչանքով, տագնապով, յանուն քաղաքավարութեան խմուած գաւաթ մը գինիի՜: Հերոսը, Շալճի Արթին, կը պատկանի բողոքական հասարակութեան, որուն համար խմիչքը սատանայի կաթ է։ Ու այսպէս զանցուած յանձնառութիւն մը մեկնակէտ մըն է իրարմէ ահաւոր ողբերգութիւններու։ Թլկատինցի մեզ կը տանի կեղծաւորութեան հոյակապ հանդէսի մը, ուր այդ շահամոլ, ներքնապէս գձուձ, դուրսին համար անթերի հաւատափոխները Շալճի Արթինին այս սայթաքումը կ՚ընեն խղճմտանքի, հաւատաքննական ու ատենակալութեան հսկայ պարագայ մը եւ կը ձգեն դուրս Քրիստոսի ընկերութենէն մոլորեալը։ Պէտք է կարդալ սակայն վիպումը, արդարօրէն հիանալու համար Թլկատինցիի ուժին, երբ այս հաւատաքննիչները կը վերլուծէ, իրենց որոշումին առաջնորդելու համար անոնց ամբողջ կեղծուպարիշտ շահադիտութիւնները։ Շալճին վտարուած։ Սովորական վիպողի մը ձեռքին մէջ անիկա շատ արդարութեամբ պիտի կենար այդ ժողովասրահի դրան ու խոշոր թուք մը նետելէ ետք այս մարդերուն երեսին, զորս իրմէ աւելի լաւ կը ճանչնար, պիտի փռէր անոնց ամբողջ տասնաբանեաները, հեշտագին զեղումով, պիտի իրենց գլխուն շրջէր այդ սուտ ու փուտ բարեպաշտութեան դառնութիւնները ու երթար գործին, շիտկէ շիտակ տէրտէրին, խոստովանելու իր յիմարութիւնը, թողութիւն խնդրելով ու գտնելով լեցուն գաւաթներու տակը։ Թլկատինցին կը ձգէ արդար, բնական սա լուծումը։ Կը հետեւի իր մարդուն, տունէն ներս, ի՜նչ անասելի հաշիւներու անձնատուր։ Մենք հանդիսատես ենք անկարելի տեսարանի մը։ Շալճին, յաչս աշխարհին, իր վարկը փրկելու համար, կը կարդայ փրոտ Աստուածաշունչը, գիշեր ու ցերեկ, առանց դադարի, օրեր ու օրեր: Ան ձգած է առեւտուրը, դուրսի կեանքը, տունին հոգերը, երեսի վրայ։ Ու կը քաղէ Աստուածաշունչը, սպասելով, որ իր ճգնողականը արձագանգէ համայնքին մէջ եւ իր դէմ արձակուած բանադրանքը լուծուի՜: Ասիկա որքան ալ մարդկային, Թլկատինցիի մօտ միայն կարելի մարդկային կեցուածք մըն է։ Հոսկէ անդին տրաման։ Շալճիին կինը վախերով շրջապատուած է։ Այդ մեկուսացեալ, աննահանջ ընթերցումը կասկածելի է միշտ։ Ժողովուրդը իր փորձառութիւնները ունի։ Յիմարութիւններ կան, որ այս կերպ կը սկսին։ Ան կ՚աղաչէ իր « գլխաւորը », որպէսզի դադար տայ ընթերցումին։ Ի՜նչ սրտառուչ է անոր պաղատանքը, մանաւանդ մտածման պարզ արդարութիւնը։ Իր թախանձագին սէրը կու տայ ճիշդ հակադիր արդիւնք մը։ Օրին մէկը Շալճին, նման աղերսանքի մը իբրեւ պատասխան, ձեռքի Աստուածաշունչը գլխուն կ՚իջեցնէ այդ թշուառ էքսիկ էթիւկին (կին)։ Հարուածը եղերական է։ Կնոջ աչքերը սեւ կ՚իջնէ ու կուրութիւն։ Թլկատինցի բացառիկ գեղեցկութեամբ կը պատկերէ այս խաւարման ողբերգութիւնը, տունին կործանումը... եւ զաւկըներուն, օճախին յանձանձումին համար տունէն ներս ուրիշ կնոջ մը մուտքը սպասումիի պատրուակին տակ։ Կը գուշակէք հարկաւ հետեւանքը։ Կոյր ամուսինը պիտի կորսնցնէ իր տեղը Շալճիին սիրտին մէջ։ Գիւղը պիտի ելլէ լեզու։ Ձայները պիտի դառնան սպառնալից, ա՛յնքան՝ որ Շալճին, խենթեցած, կը ձգէ իր կինն ու զաւակները ու կը փախցնէ լեռ, իր սպասուհին։ Հոդ չի վերջանար սակայն այս դժնդակ պատմումը։ Լերան աւազակները պիտի առնեն այդ կինը ձեռքէն, պիտի սպաննեն զինքը, որպէսզի «լցցի» պատգամը։ Ու առտու մըն ալ Շալճիին դիակը պիտի նետուի կոյր կնոջը դրան առջեւ։ Հո՛ն է՝ որ այդ թշուառութեան սրբազան զոհը պիտի արտասանէ իր վսեմ պատգամը. «Ա՜խ, մարդո՜ւկս, հոգի՜ս, աչքերս տուր որ աչքերդ տեսնայի, լոսս (լոյս) տուր որ լոս երեսդ հայէի։ Քեզ ո՞ր ձեռքը ըրաւ էսպէս…»։ Ասիկա ահաւասիկ գերագոյն յաղթանակ մըն է զգացման, որքան վիպումի։ Ու այս ամէ՞նը։– Գաւաթի մը համար միայն։

 

Վիպակին սա արտագրումը իր մեծ գիծերուն մէջ աւելորդ չնկատեցի, ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ մղումներ, մեզի անծանօթ ի՛նչ օրէնքներ կ՚առաջնորդեն այս մարդը իր պատմումին մէջ։ Հարկ կա՞յ, արդեօք ուրիշ մըն ալ պատմելու, որպէսզի վիպումին նկարագիրը ամրանայ։– Թլկատինցիի թեքնիքին հպատակ է ան միւս վիպակն ալ, ուր գիւղական պատահար մը, երկու կիներու կռիւ մը Մութ անկիւններէ » վերնագրին տակ Թլկատինցի կ՚աւելցնէ « Կնամա՞րտ` թէ ցլամարտ » երկրորդական վերնագիրը) նիւթ կը դառնայ ընդարձակ պատմումի։ Հարսնուկ մըն է անոր թիւ մէկ հերոսուհին, «անտէր», «անտեսուած» մանկութենէ մը բուսնող։ Աղուորութիւնը գիծ մըն է անոր վրայ։ Թլկատինցի ռոմանթիք գոյներու հետ կը խաղայ այդ գեղեցկուհին յօրինելու ատեն, առանց զգալու այդ յօրինումին անպատեհութիւնը։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի գեղեցկութիւնը, գեղերու մէջ երբեմն առիթ է հզօր տրամներու։ Հո՞ս։ Չեմ, գիտեր ինչո՞ւ այսքան աղուոր այդ կնիկին Թլկատինցին էրիկ կու տայ մէկը «գեղի համայնքին մէջ անոնցմէ, որոնք իրենց ժամուն աւազանը մկրտուելու երրորդ օրերնին, չեն ալ ուշանար, կ՚երթան մէկէն միտքէ չանցած աղտեղութիւններու մէջ բադի կտուց մը կը խառնշտկեն»։ Չեմ ըսեր, թէ նման տղայ մը դուրս էր իրականութենէն։ Հակառակն է, որ ճիշդ է։ Բայց այն ատեն ի՞նչ չափ այսպէս գարշանքի մը դէմ այդ «լուս» կնիկը պայծառակերպելու: Բայց առարկութիւնը, տարակոյսը հոս չեն կանգ առներ։ Կրնանք, նման տղայէ մը ամէն բան լսել։ Սպասե՞լ նոյնիսկ, որ իր լոյսի պէս թափանցիկ կնիկը ձգէ ու հեռուի գեղէ բոզի մը հետ կենակցի։ Արդիւնքը այն պիտի ըլլայ, որ գարնան մուտքերուն, ցլամարտի հանդէսի մը մէջ, արհամարհուած հարսնուկը գտնէ իր մրցորդը, յարձակի վրան, բզկտէ անոր վրան–գլուխը, անցնի մարմինին ու եղունգներովը հերկէ այդ պոռնիկին այտերը, կուրծքը եւ ուրիշ մասերը։ Ցլամա՞րտ թէ կնամարտ։ Ու վերջացնելու համար։ Այս արագ տողերուն ընդմէջէն, յայտնի է թէ պատահարը հաւանական, իրական, չէ ենթարկուած արուեստի պահանջներուն։ Չենք կրնար ամէն օր հազարներով կրկնուող տեսարաններ նիւթ առնել վիպումի։ Արուեստին արժէքը յարդարանքն է կեանքին խակութիւններուն։ Այս ամենը ինչո՞ւ տեղի կ՚ունենան։ Հարսնուկին ամուսինը ինչո՞ւ պոռնիկի մը համար լքէ իր կինը։ Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պիտի արտօնուի իր էրիկէն փախող կին մը ապրելու ուրիշի մը հետ։ Թլկատինցին սապէս կը սկսի ու կը վերջացնէ իր վիպակը… « Բաց գերեզման մըն էր փնտռածը [1] ։ Աստուած երեսին նայեցաւ ու նորէն բաց դռնակ մը ցուցուց իրեն », որպէսզի պահէ իր գլուխը, նոր բոյնի մը ետին։ Այս բոլորը, կ՚ընդունիմ, թէ կեանքին գերազանց անակնկալները, անկասկնալի կողմերը կը կազմեն։ Բայց արուեստը կեանքին հարազատ ընդօրինակութիւնը չէ եղած ո՛չ մէկ դարու, որպէսզի ըլլար ատիկա Թլկատինցիին ատենն ալ։ Խորքի այս անհարթութիւնները սակայն ինչպէս դիւրաւ անզգալի կը դառնան պատկերացման գունագեղ կենդանութեանը, զանազանութեանը, ճշմարտութեանը թափին մէջէն։ Քսան էջերու վրայ տարածուող սա եղերակատակերգական տեսարանը լրագրական հինգ տողնոց դէպքի մը ընդլայնումը չէ սակայն գրական ընկալեալ միջոցներով։ Թլկատինցի երկինք ու գետին իրար կը խառնէ՝ իր մարդերը կարելի եղածին չափ իրաւ ընծայելու։ Ու այս իրաւութիւնը կեցած տեղը չի ճարուիր։ Անիկա գինն է անհուն ճանաչումի, ընտանութեան, ապրումի, բիւրեղացման, այդ շրջանակէն ու այդ պայմաններէն ներս։ Թլկատինցին ըսի, թէ գիւղացի միայն եղած է։ Ու այս նախամթերքն է, որ ան կը շահագործէ, կտոր–կտոր գործածելով զայն իր պատմումին ամէն մասերուն համար։ Անոր մասերը յօրինուած են անառարկելի վաւերականութեամբ մը։ Այդ Տէբոյենց Աստուրը (ցլամարտին էրիկը) մանկութեան ընկեր մըն է։ Այդ հարսնուկը դրկից աղջնակ մը։ Այդ բոզը՝ փորձանքներէն մէկը այս գիւղերուն։ Բայց միայն մարդերով չէ, որ կանգուն է վիպակ մը։ Այդ մարդերուն ապրումները քաղուած են գիւղին ամենէն իրաւ անկիւններէն։ Դիւցազներգական դրուագում մըն է գոմէշներուն կռիւը, որ թուղթի վրայ իսկ կը տպաւորէ։ Ողբերգական պատկեր մըն է հարսնուկին թունաւորումը, պատմուած ահաւոր ցամաքութեամբ ու բնականութեամբ։ Հապա խաբուած կնոջ լուռ, ամօթխած տառապա՞նքը։ Աստուրին անկումը, պաղումը։ Բոլոր փշրանքները գործողութեան ունին հարազատութիւն ու կնիք։ Եթէ աւելցնէք բարքերու մեծ ալ պատկերները, հաւաքական տկարութիւններու, հանրային կարծիք ըսուած ձայնին զարկերը, դուք կունենաք տպաւորիչ հանդէս մը։ Ու կը հարցնէք։– Ա՞յս է հայ գիւղը։ Բայց ուրիշ ի՞նչ կ՚ուզէիք որ ըլլար այդ գիւղը, որ ամենէն անպաշտպան մասն է մեր ժողովուրդին, ով գիտէ քանի՛ հազար տարիներէ ի վեր ձգուած այդ հողերուն երեսին, միշտ դունչը գուղձին, միշտ անօթի, միշտ խախուտ, տէրը չեղող իր ո՛չ մէկ ստացուածքին, նոյնիսկ գլխուն։ Ու այս ժողովուրդը ապրեր է սակայն այդ տականքէն առնելով իր սնունդը։ Հրաշքը հոն է, որ այս ամէնուն ներքեւ կ՚ապրի ազնուագոյն տարրը դարձեալ, այս ժողովուրդին մեծ առաքինութեանց արմատները։ Թլկատինցին խորացուցած էր խոփը ժխտական խաւերու հերձումին մէջ ու հազիւ գտած մէկ–երկու անուշիկ դէմքեր, երեքն ալ կին, երեք տիպարներու մէջ, իրարմէ հեռու ու յուզիչ։ Չպատմեցի ձեզի « Ես պարտքը կատարեցի »ն։ Հոն ալ նոյնն է պարագան։ Երիտասարդ մը կը նշանուի համեստուկ աղջկան մը հետ, կը մոլի ըսի-ըսաւներուն ազդեցութեամբը, նշանը ետ կ՚ընէ ու գլուխը կ՚առնէ Եգիպտոս։ Նշանուած ու ետ եղած աղջիկ մը գիւղին մէջ ողջ մեռել մըն է։ Մայրը զայն կը կարգէ ծերուկի մը։ Մինչ այդ, անդին, Եգիպտոս ապաստանած յիմարը լուր ու դրամ կը ղրկէ իր « նշանածին », որ սպասելէ վերջը ծերուկին մահուան եւ զայն թաղելով, շունչը կ՚առնէ Եգիպտոս։ Հոն կը կողոպտուի ու մեռնելու կու գայ իր նշանածին առջեւ։ Միշտ նոյն զարտուղի, անտրամաբանական յօրինումը, նոյն արդիւնքներու համար։

 

Ըսի, թէ Թլկատինցիի քրոնիկներէն շատ մեծ թիւ մը զետեղելի է վիպական ստեղծումի պատմումներուն տակ։ Անոնց պակսածը, պատմում էն քիչ մը ձիգ բռնուած, առաջ տարուած թափն է միայն, ուրիշ քիչ բան։ Քրոնիկներ, վիպակներ գրուած են կեանքին ուղղակի սլաքին տակ, մէկ ու նոյն նպատակով, գիւղին պատկերացումն է անոր ըմբռնողութեան մէջ։ Կ՚աւելցնեմ՝, այս փարակրաֆին մէջ տեսնելու համար, նաեւ այն կտորները, որոնք վերնագրուած են « Պատկերներ » ընդհանուր անունին տակ Երդիքներուն տակ », « * * * », « Արքան », « Մահուան տարին », « Մաճառոսը »։ Հոս կը զետեղուին, պէտք չեն զետեղուիլ՝ « Տուն դարձը », « Փոքրիկ երազատեսը », « Խորանին սուբը », « Վերջին տեղը »), որոնք աւելի կամ նուազ անաւարտ, վիճուած վիպակներ են, ինչպէս նաեւ այն միւսները, որոնք, տրամախօսական փոքրիկ գլուխ–գործոցներ, կը ծփան ընդմէջ թատրոնին ու նորավէպին։

Այս ընդհանրացումը անո՛ր համար, վասնզի բոլոր այդ կտորներուն մէջ տիրական է գիւղի կեանքը. լայն ու ապահով յատակ, որուն վրայ կը բարձրանան մարդերը, նկարագիր կ՚առնեն բարքերը. ու գմբէթարձակ, ֆանֆասթիք կառոյցներու կը վերածուին մոլութիւնները, մեղքերը։ Այնպէս որ, երբ կ՚աւարտէք ընթերցումը, ձեր մտքին մէջ ո՛չ թէ լաւ ղեկավարուած վիպական գործողութիւններ, ամուր գծագրուած դէմքեր եւ կամ իրենց ամէն խորքերուն մէջ պեղուած, ճանչցուած, արտահանուած հոգեկան տագնապներ պիտի ունենաք իբր արդիւնք, այլ աւելի կարեւոր բան մը, սանկ ծոյլ, մթին, բայց եռուն ու ահարկու խառնակոյտ մը, գիրքերուն քաոսը, ուրկէ կրնան զատուիլ աշխարհները։ Այս մասնայատկութիւնը ուրկէ՞ կու գայ։ Հարցումը երկրորդական է։ Իր փորձ, ճկուն, կատարեալ արուեստովը Զարդարեան անկարող է նման տպաւորութիւն մը արթնցնելու մեր մէջ։ Իր վիպակները իբրեւ կառոյց աւելի հաճելի, աւելի յաջող, տիպարները՝ աւելի ամբողջ ու աւելի խնամված, ասոնց մտքի աշխարհը՝ աւելի պարզ, գեղեցիկ ու քիչիկ մըն ալ բանաստեղծական, կը տժգունին ընթերցումէն անմիջապէս վերջը, կը դառնան ստուերներ, անհետանալու սահմանուած։ Ինչ որ Թլկատինցին կը պաշտպանէ նման ախտէ մը, հաւանաբար թանձր, նախնական կեանքի այդ զանգուածն է, խմորը, որուն խորը իրենց արմատները թաղուած կը պահեն մարդերը յուզող հզօրագոյն կիրքերը։ Արդարեւ, թէեւ թիւով քիչ, բայց իրենց խորհրդանշած բարոյական ախտերուն վճռական պատկերներովը, այդ քրոնիկները եւ վիպակները կը կազմեն ամենէն յորդ տնկարանը այս ժողովուրդին մեղքերուն։ Թլկատինցի եւրոպական ըմբռնողութեամբ վիպող մը չէ, որպէսզի այդ կեղերուն ուսումնասիրութիւնը ըլլայ կատարուած մեթոտով, կարելի զանազանութեամբ, մանաւանդ խորացմամբ, որով միայն կը նուաճուին ժողովուրդներու հոգեկան դրութիւնները։ Պալզաքեան աշխարհը (կիրքերու), Տոսթոեւսկիի ահաւոր ոճրապատումը, Զօլայի մեծ դիւցազներգութիւնը համապատասխան շրջաններէ, երբ կը յիշուին հոս, բաղդատութիւններ չեն հետապնդեր, Թլկատինի պարզուկ վարժապետը փոշիացնելու հետամուտ, այլ կը թելադրեն այս մեծ անուններով իրագործուած արժանիքին մեր մէջ կարելի մերձեցում մը, քանի որ չունինք ուրիշ գործ մը, ամբողջական, որ մեզի տար սա յստակութեամբ, սա համապատկերային զգայութիւնը, գէթ որոշ շրջանակի մը կեանքէն։ Փորձեցէ՛ք մեր վէպը դատել իբրեւ արտայայտութիւն մը հաւաքական զգացողութեանց։ Պիտի զգաք իսկոյն, թէ ի՛նչ քիչ բան է անով նուաճուած կեանքին քանակը։ Ի՞նչ կու տան մեզի Զօհրապի նորավէպերը։– Քանի մը կնիկ ու վաճառականի փշրանքներ։ Բաշալեանէն ի՞նչ է նուաճուածը։– Երկու–երեք ցաւագարի լուսանկար եւ քանի մը պարզուկ մարդեր, խոնարհագոյն խաւերէ։ Հաւաքեցէ՛ք ամբողջ իրապաշտ արդիւնքը, արուեստագէտներուն սեւեռումները այս կեանքէն ու դուք չեք ունենար աւելի բան մը, քան զոր տուած է Թլկատինցին իր այս պատառիկներով։ Եւ որովհետեւ մեր գործին մէջ ամենէն շուտ մաշող մասը մեր այն հրապոյրներուն կը պարտինք, որոնք մեզ ամենէն շատ սիրելի ըրին անոր ժամանակին մեր միջակութիւնը, մեր ոճին բնականութիւնը կամ փարթամութիւնը, մեր արտայայտութեան մեծ գեղեցկութիւնները եւ որ ի կարգին կը հասկցուի, թէ ինչո՛ւ այնքան քիչ ըլլանք ուշադիր մեր գործին մէջ այն մասին, որ ամէն ժամանակներու համար կը յաւակնի մնալ կենդանի, իր արժէքին վրայ ամուր, մեր փրկած, մեր կտակած կեանքին ։ Որքան այս վերջինը ըլլայ յորդ, ընդարձակ, համապարփակ, այնքան բախտը մեզի հետ է մեր գործը շահեկան կեցնելու։ Կ՚առնեմ պզտիկ օրինակ մը մեր մատենագրութեան հին ու հանրահռչակ մեծ գործէն։ Եղիշեի Վարդանանք ին անմահ գլուխը ամէնուն կարծիքով « Տիկնայք փափկասունք »ն է։ Բայց շատ քիչեր կ՚անդրադառնան, որ այս գլուխին մէջ արժէքով տարրը ո՛չ թէ այդ կեանքին սրբազգեաց պատկերացումով կ՚ապահովուի, այլ բուն իսկ կեանքին հում նախանիւթովը։ Թեթեւցուցէ՛ք զարդերէն, հռետորական յարդարանքէն այս էջերը։ Ինչ որ կը մնայ, հայ ազնուական կիներուն կեանքն է այդ դարուն։ Անշուշտ շատ ուրուագրային։ Բայց դարձեալ մեզի համար անգնահատելի, քանզի չունինք, անկէ դուրս, ուրիշ ո՛չ մէկ հաստատ տարր։ Ահա, թէ ինչո՛ւ Թլկատինցին Պարոնեանի հետ կը մնայ արեւմտահայ գրականութեան ամենէն երախտաւոր դէմքը։ Ոմանք ածական կրնան փոխել ու գրել մեծը ։ Գրական հասկացողութիւնը չէր, որ պիտի թելադրէր սրբագրութիւնը, այլ աւելի վեր մտահոգութիւններ։

 

Թլկատինցիի վէպը շատ մօտէն կը կրկնէ իր թատրոնին նկարագիրները։ Կը կեցնեմ հոս ուրեմն վերլուծումը։ Թատրոնին մէջ ինծի պիտի տրուի առիթը ամբողջական գնահատման մը ենթարկելու Թլկատինցիի աշխարհը, իր ամենէն ընդարձակ իմաստով։

* * *

Թլկատինցիի արձակներուն մէջ արժէքաւոր ուրիշ մա՛ս մը ա՛ն, ուր ան իր գիւղը կը ներկայացնէ եւ այն նամակները, որոնք որակուած են « Գեղի նամակներ »։

« Գեղի նամակներ »ը մեզի ծանօթ քրոնիկն է իր զարգացման ընթացքին (տասնէ աւելի տարիներու կ՚երկարին անոնք, 1894-1906), բայց իր սկիզբին մէջ ճշմարիտ ուսումնասիրութիւն մը։ Ասոնցմէ ամենէն երկարաշունչը ու արժէքաւորը երկրորդն է, որ մասնաւոր վերնագիր մըն ալ ունի՝ « Մեր տուները »։ Անցողակի դիտել կու տամք, թէ 1894–ի « Հայրենիք » օրաթերթին մէջ լոյս տեսածները հարազատ գիւղի պատկերացումն են։ 1899–էն մինչեւ վերջ, միւս նամակները ուղղուած Մալկարացի լուսաղբօր Կարոյին (Արտաշէս Յարութիւնեան) եւ եղբօրը, գրական էջեր են, նամակները գրականութեան հետ շատ տարտամ աղերսով մը։ Երկրորդ նամակը առաջին փորձն է ազգագրական, հաստատ, կարելի եղածին չափ ոչ-գրական աշխատանքի մը։ Հոն, Թլկատինցի աչքէ կ՚անցընէ գիւղին խարիսխը, տունը, իր բոլոր մասերուն մէջ, յատակ ու տանիք, տախտակամած ու որմներ, սենեակ ու բաժանումներ։ Առատ տարր՝ տեղական, անտիպ մանրամասնութիւններու, բառերու, ինչպէս բարքերու։ Կրակտուն, խլօճակ [2] (պատին մէջ թաղուած կուժի բերաններ), թոնիր, ծակ–պատուհան, կռնոց, խզէն (մառան), ամբարանոց ենթարկուած են լիակատար ուսումնասիրութեան։ Անոնց կազմը, դերը, անոնց թելադրած բարքերը մեզի կը տրուին աշխոյժ ու արագ պատմումով մը, որ ազգագրական գրուածքներուն մէջ քիչ անգամ հանդիպելի առաքինութիւն մըն է։ Տունէն ան կանցնի օրուան կեանքին, ճաշերուն: Կէս դար է անցեր այդ էջերուն վրայէն ու գիր մը անգամ չէ մաշած այս նամակէն։ Երրորդ եւ չորրորդ նամակներն ալ կը խօսին գիւղին հիւանդութիւններէն, բարքերէն։

Այս հինգ կտորները Թլկատինցիի հատորին ամենէն ամուր տարրը կը ներկայացնեն այսօր, վասնզի անոնց մէջ է, որ հեղինակը ինքզինքը արգիլուած կը զգայ իր քմայքին հետեւելու ու պարտաւոր՝ ըսելու հասարակաց ճշմարտութիւններ։ Ինք իր մէջ ամփոփ, այնքան ամբողջական, որքան ատիկա սպասելի է Թլկատինցիի նման միշտ իր քմայքէն հալածուած որսորդի մը համար (տեսնել ամէն բան իր շրջապատին մէջ), այդ էջերով մեզի կտակուած ժառանգութիւնը բարեբախտաբար չէ զառածած ։ Գրագէտը վայրկեան մը տեղի տուած է ուսումնասիրողին։ Միւս նամակները միշտ քրոնիկներ են, այսինքն՝ կեանքը, օրուան եղելութիւնը յատակ ունեցող էջեր, ուր այդ մարդուն անսպառ դիտողութիւնները, ասոնք արտայայտելու նոյնքան ինքնատիպ եղանակը, ամէն րոպէ ինքն իրեն հաւատարիմ ոճի մը քմայքները իրարու կը շաղհիւսուին, երեւան բերելու համար գրուածք մը, որ ոչինչ ունի նամակի ընթացիկ կաղապարէն։ Այնքան պատրանքը զօրաւոր է, որ չի կասկածիր, թէ ամբողջ նամակ մը գրեթէ երկախօսուած պզտիկ տեսարան մըն է երբեմն։

Ձեւէն դուրս, սակայն, նամակները հարազատ են Թլկատինցիի գրականութեան ընդհանուր ոգիին։ Անոնք, ըսի, քրոնիկներ են։ Ու հետեւաբար նոյնութեամբ կը կրկնեն Թլկատինցիի քրոնիկներուն բոլոր արժանիքները։ Աւելի՝ պատրանքին շնորհը եղող ամփոփ յօրինուածքը, քանի որ (բացի երկրորդէն) բոլոր կտորները կը յարգեն ծաւալի օրէնք մը։ Ու այս է պատճառը, որպէսզի հեղինակը չքշուի ինք իր գլխուն, փչէ ու մանրամասնէ ու խորհրդաւորին հետ ներս առնէ սովորականն ալ քրոնիկներուն ամենէն ծանր թերութիւնը։ Անոնք վէպեր են նոյն ատեն, քանի որ երեք–չորսը անոնցմէ օրուան պատահար մը իբր առանցք գործածելով, կը զարգանան փոքրիկ պատմուածքի մը թափով։ Ու իբր այդ, կը կրկնեն Թլկատինցիի վէպին շնորհները, պակաս՝ միշտ զառածող բնազդներուն մեղքը, որ այս սքանչելի գրագէտը պիտի հետապնդէ, աննահանջ յամառութեամբ մը, կեանքը անխարդախ տալու արդար կեցուածք մը շատ քիչ անգամ ընծայելով անոր։

 

Այս ամէնէն վերջ, նամակները կ՚երթան խառնուիլ կանխող վերլուծումներուն ընդհանուր խմորին մէջ։ Անոնք Թլկատինցիէն մասնաւոր կողմ չեն յայտնաբերեր։ Մեր գրականութեան մէջ գրեթէ չփորձուած սեռ մը չեն նուաճեր։ Անոր գրելու եղանակէն նոր նուաճումներ չեն սեւեռեր։ Գրողի քմայք քան թէ իրական կեցուածք, այդ նամականին կը կրէ քրոնիկին եւ վիպակին իւրայատուկ նկարագիրները։

* * *

Անցնելէ առաջ Թլկատինցիի թատրոնին ուսումնասիրութեան, կը կենամ պահ մը այն քանի մը կտորներուն վրայ, որոնք քերթուածի ձեւ մը ունին ու հակառակ իրենց թիւի փոքրութեան, ուշագրաւ էջեր են, թէ՛ Թլկատինցիին տաղանդին նոր մէկ կողմը յայտնաբերող, թէ՝ մանաւանդ արեւմտահայ քերթողութեան մէջ բանաստեղծական ըմբռնողութեան մը, հանգանակի մը իբրեւ փաստ։

 

Քերթուածները, թիւով վեց, գրուած են 1908–ին։ Ինչո՞ւ ուրիշ տարիներ ան չէ այցուած մուսաներուն սա տարօրինակ դարպասէն։ Ճիշդ է, որ անոր քրոնիկներէն ոմանք Փշուր մը հինէն ») ու թատերական գրուածքները չափուած բարբառով պատառիկներ ունին։ Բայց քերթուած գրելու ցանկութիւն մը չեն ապացուցաներ ապահովաբար այս պատառիկները։ Խրիմեան, Հրանդ ալ ըրած են նոյն փորձը իրենց կարգ մը կտորներուն մէջ Պապիկ եւ թոռնիկ », « Պանդուխտի կեանքէն »):

 

Բանաստե՞ղծ մը, այս մինչեւ եղունգին ծուծը իրապաշտ, սկեպտիկ, անխանդ ու աներազ մարդուն մէջ։ Պատասխանը հաստատում մըն է իմ կողմէս, պայմանաւ, որ բառին վրայէն զեղչենք շատ բան արեւմտահայ գրականութեամբ պարտադիր տարրերէն։ Հետեւաբար կը հրաւիրեմ ընթերցողը մոռնալ մեր մեծ բանաստեղծներով գոյաւոր յղացքները, որոնք մեր մտքին կը ներկայանան անոնցմէ իւրաքանչիւրին անուան հետ։ Մոռնալ մանաւանդ պոլսական անոր մեծ նկարագիրները, սանկ զեփիւռի ու լուսնի, կոյսի եւ լճակի հագներգութիւնները։ Մոռնալ նոյնիսկ աւելին իրական բանաստեղծներու տաղանդին ծանր ալ փաստերը։ Ու մտածել։ Այսի՞նքն։– Մտածել, թէ բանաստեղծութիւնն ալ մարդկային իրաւ, խորունկ, պարզ վիճակներու անդրադարձ մըն է, տեսակ մը կրօնազգած տրտմութիւն, ճակատագրին դէմ անխուսափելի կեցուածք մը, մեզ զարնող կսկիծին, յոյզերուն ու երազներուն մեր ներսը յօրինած խուլ մրմունջները։ Ու ընդարձակել տակաւին սա փոքր հաստատումները, դէպի աւելի մեծ վիճակներ, որոնք խառնուածքներ, ջղային դրութիւններ, երբեմն ցեղերու հոգեբանութիւն կրնան յորջորջուիլ, ու միշտ իրաւ կ՚ըսեն։ Այսպէս ըմբռնուած, քերթուածի մը տարազը (բանաստեղծական սնոտիքը յաճախ) մեծ դեր մը չունի։ Արձակն ալ յարմար միջոց մըն է այդ յուզումը արտայայտելու։

 

Թլկատինցիի քերթուածները մօտիկ են գրչախաղի. բայց չեն ատիկա։ Մեր մէջ անոնց ստեղծած տարակոյսը, անախորժ տրամադրութիւնը քիչիկ մը նման է այն վիճակին, որ Զօհրապի քերթուածներուն ընթերցումը կ՚ունենայ մեր վրայ։ Դժուար կը հանդուրժենք, երկուքին համար ալ, ճշմարիտ բանաստեղծը յատկան. ող շնորհներու պակասը, գլխաւորաբար բառական, ձայնական, փոխաբերական մարզերէ ու կ՚աճեցնենք այդ վրիպանքը, մերժելու աստիճան կոշտ այդ յօրինումներուն տակ ճշմարիտ ճիգը, անձուկը, տագնապը մեր թաքուն անձնաւորութեան փախստեայ փայլատակմունքը: Զոհրապի ոտանաւորները մեծ լոյս են անոր ներքին անձին վրայ։ Թլկատինցիի այն քերթուածը, որ վերնագիր ունի « Իմ բախտս », ամբողջական վկայութիւն մըն է իրմէն իր վրայ։

Ի՞նչ է ըսածը այս մարդուն։

Եկած է ու կ՚երթայ, պէմուրատ ու խարապ ։ Պէտք չկայ անշուշտ Թլկատինցի ըլլալու, ըսելու իրաւունք ունենալու համար աշխարհին թէ կ՚երթայ աւերակ, մուրատը փորը ։ Ո՞ր հայը չի տեղաւորուիր սա կարճ, կէս նախադասութեան մէջ։ Ո՞ր հայը ապրեցաւ, իր հողին վրայ, սանկ կուշտ, իր երազին uպաuին մէջ քիչիկ մը խաղաղ։ Որո՞ւն գլխէն պակսեցաւ ահը, թուրը, այպը։ Ասոնք հարցումներ չեն, քերթուած մը վերլուծելու դերով մը։ Ասոնք ճակատագրին երկաթէ գիրերն են մեր վրայ։ Ու երբ մէկը, ուղղակի, առանց թատերականութեան, կը յաջողի այդքան մեծ բան մը նուաճել երկու–երեք բառի կռնակէն, այդ մէկը ապահովաբար բանաստեղծ մըն է։ Հիմնական վիճակը այդպէս սեւեռելէ ետք, Թլկատինցին զայն պիտի յստակէ պատկերներով, նմանութիւններով։ Նոր չէ, որ մարդը պիտի բաղդատուի եղէգին։ Բայց « գացող » բանաստեղծը «մտածող» եղէգը չէ, այլ « ծուծէն դատարկուած » թշուառական խռիւը զոր հողը պիտի մարսէ, իրեն յատուկ օրէնքներով։ Քիչ պատկեր այդքան հարազատ կերպով կ՚արտայայտէ սա սպասումը անհատին։ Իր ու իրեն հետ ամբողջ իր ժողովուրդին ծուծը քամուեցաւ, որպէսզի սնանին անով աշխարհի ամենէն անոպայ կենդանիները։ Ու այս ողբերգութիւնը պիտի թելադրէ քերթուածին միւս մասը։ Այդ մարդը լերան պիտի նայի, ձոն (ձիւն) միայն տեսնելու, լեռնէն անդին՝ գիժ ամպեր. աւելի վեր՝ մութ երկինք. վար՝ գետնին, անապատ միայն։ Թող ուրիշներ տեսնեն այդ ամէնուն ճիշդ հակառակը։ Իրենց իրաւունքին մէջ պիտի ըլլային։ Հայ բանաստեղծը սակայն, եթէ բառերու վաճառական մը կամ պատկերներու բեռնակիր մը չէ ուրիշներու հաշւոյն ու պիտի մնայ հաւատարիմ իր իսկ շրջապատին, քիչ անգամ պիտի տեսնէ իր գլխուն վերեւ ուրիշ բան։– Իր ոտքերուն՝ իր սքանչելի հողին ամբողջ ողբերգութիւնը։ Ու երբ քերթուածը կ՚իյնայ իր վախճանին, սա վիճակը կը գտնէ իր անվերածելի իմաստը։ Բանաստեղծը կ՚ըսէ.

« Ես էսչափ տարի կոյր շող մ՚ալ չտեսայ »։

« Երկինք ու գետինք » խնայեցին անոր իրենց կոյր իսկ ճառագայթը։ Որեւէ վերլուծում անկարող է քակել այս տողերուն անհուն իմաստը։ Ատիկա կը զգանք մենք միայն։

Այս հպանցիկ տողերը աւելորդ չեն Թլկատինցիի խառնուածքը, յոռետեսութիւնը, գրագէտի կեցուածքը լուսաբանելու տեսակէտով։ Միւս քերթուածները, ուրիշ թոնի վրայ, նոյն տրտմագին խորութիւնը կը ցուցնեն տարբեր զգացումներէ։ Իր մօրը ուրուականին երկու քառեակ Շողիկ ») անոր առիթ պիտի տան յաւիտենական զգացումը ( մահը ), այնքան իրաւ, այնքան պարզ զգեստով մը պատմելու։ Ողջերուն բերնին այնքան եղերական այս բա՜ռը, որ ժամանակին ծոցն ի վար կ՚անգայտանայ՝ ըլլալու համար տեսակ մը չէզոք բան։ Խորհա՞ծ էք, թէ ինչ թոյլ բան է մահը պատմութեան դաշտէն. Թլկատինցին իր նիւթերը պիտի առնէ այս ամուր աշխարհէն։ Ուրիշի մը մէջ ան պիտի մօտենայ սիրոյ հրթիռին։ Ուրիշի մը մէջ հոգին, որով պիտի ուզէր ծածկուիլ։ Հոծ սա յոռետեսութիւնը, թախիծը բարեբախտաբար գրական ո՛չ մէկ մեղքով է վիրաւոր։ Եթէ այս պարբերութեան վրայ աւելցնէք շէնշող մթնոլորտն ալ այն քերթուածին, որ քրոնիկ մը կը սկսի Փշուր մը հինէն »), պճլտուն, կենդանի, համակ գեղջկական իբրեւ ոգի եւ արտայայտութիւն, զարմացնելու աստիճան զուարթ ու երջանիկ, այն ատեն կ՚ունենաք հոգիի երկու ակունքներ։ « Փշուր մը հինէն »ը գրողին երիտասարդութիւնն է (գրուած 1895–ին), ինչպէս « Իմ բախտս »ը անոր մահուան նախամուտը։ Այս ցուցմունքներով, Թլկատինցիի քերթողութիւնը գրական մարզանք ըլլալէ հեռու (որոշ չափով նման կասկած մը կ՚այցելէ մեզի Զօհրապի, Հրանդի, Խրիմեանի, նոյնիսկ Չրաքեանի հետ), անոր կեանքին երկու մեծ բաժանումներէն վճռական վկայութիւն մը կը դառնայ։

 

Խորքի այս իրողութենէն անդին, գրականութիւնը կը շահագրգռուի այս քերթուածներուն ձեւովը մանաւանդ։ Իր աշակերտներէն Ռ. Զարդարեան « Աստուածներ » վերնագրուած քերթուածի մը մէջ գաւառական խորքի վրայ պոլսական տաղաչափութիւնն է, որ կը գործադրէ։ Իր մէկ հեռաւոր ուրիշ աշակերտը, Համաստեղ, Թլկատինցիի թեքնիքը կը փորձէ ընդարձակ կառուցումներու վրայ Սիմոնն ու Կիրօն », « Սրբազան կատակերգութիւն »). երկուքն ալ վրիպած են սակայն, թերեւս իրարմէ տարբեր նպատակներով ճամբայ ելած ըլլալնուն։ Զարդարեան պոլսական ձեւին անսրբագրելի սպասարկու մըն է, Համաստեղ՝ մեծ յաւակնութիւններու սպարապետ մը։ Երկուքն ալ աչքէ հեռու պահած են սա՛ իրողութիւնը, թէ Թլկատինցին քերթուածը չէ գործածած իրեն իբր արտայայտութեան միջոց։ Չէ իսկ մտածած, թէ վանկերու թիւ մը համրել կայ, չըսելու համար յանգ ըսուած յիմարութեան հարկադրանքը։ Այս այլուրութիւնը Թլկատինցիի քերթուածները զերծ է պահած գրական վտանգէն։ Պէտք է երկարել փաստարկութիւնը ու բանալ հարցը ժողովրդական բանաստեղծութեան, իբր խորք ու թեքնիք։ Չեմ կարծեր։ Թլկատինցիին մօտ նման հարց մը գրականութենէ դուրս է։ Համաստեղի առիթով ես կը դնեմ երեւոյթը կրկին հրապարակ։

* * *

Քրոնիկ, գիւղագրական ուսումնասիրութիւն, նամականի, վիպակներ, քերթուած գլխաւոր երեսները վերլուծում է անցած, որչափո՞վ յաղթահարած են հիմնական նախանիւթը, որոնցմէ բաղկացած է Թլկատինցիի՝ գործին լաւագոյն կէսը։ Այս հարցումը անոր համար, վասնզի ան միակն է մեր գրողներէն, որոնք իրենց արուեստը պաշտպանեցին, դժուար հաւատարմութեամբ ու չգրեցին հրապարակին համար անոր ուզած աժան ապրանքը։ Իր դիրքէն զիջում չընող գրագէտ մը չի նմանիր օրուան պահանջներու, անտեղի սնափառութեանց կամ յիմար հետաքրքրութեանց անձնատուր՝ մարդոց, որոնք կը կազմեն մեր գրականութեան ջախջախիչ թիւը։

Հարցումին արդար պատասխան մը կը թելադրէ քանի մը նկատողութիւններ։

ա. Ուշագրաւ է, որ անոր գիւղն ու քաղաքը կը խառնուին իբարու թէ՛ իբրեւ մտայնութիւն, թէ՛ իբրեւ բարբառ ու բարք։ Երանգայլին զանազանութիւնը մեծ չէ այնքան, որպէսզի ըլլան անոր կիները, օրինակի համար, Սիպիլեան գաւառի տիպարներուն գոնէ նմանակ (խօսքը չեմ ներեր Տիկին Եսայեանի կիներուն, ոչ ալ « Վարժապետին աղջիկը »ին տիպարներուն։ Այս ընդհանրականութիւնը քիչիկ մը կը գունաւորուի, երբ գիւղի բացարձակ մարդեր կը գործեն էջին վրայ։ Յայտնի է, որ քաղաքի տիպարները կը ներկայեն աւելի զանազանութիւն, նրբութիւն, բայց չեն հասնիր գիւղացիներուն կարկառային ցայտքին։ Ընդհանրապէս թատերական կտորներու մէջ է, որ ասպարէզ կու գան այդ քաղքենի ները, որոնք շատ լաւ կ՚ընէին քրոնիկներէն չհեռանալով երբեք։ Յետոյ 12 տարեկանին ան ձգած է գիւղը։ Բարեբախտաբար քաղաքը, քիչիկ մը բռուած տուներով, աւելի խոշոր գիւղ մը։ Պոլիս մը զայն պիտի կործանէր։ Խարբերդ պատրաստած է քաղաքը։ Ու այս պատուաստը նոր տեսակի մը ծնունդ կու տայ։ Ո՛չ գիւղ, ո՛չ քաղաք են իր թատրոնները։ Միւս կողմէ, դժուար է այդ գործէն հանել հայ ամբողջական գիւղը (ազգագրական ուսումնասիրութիւնները գրականութեան չեն պատկանիր, որպէսզի միջամտէին)։ Այս վրիպանքը ստիպուած կը վերագրեմ անոր անկատար թեքնիքին, որ ծանր իմաստ մը կը նշանակէ, երբ կը գործածուի ինքնաբոյս մարդոց համար։ Իբր դիտող շատ աւելի քիչ օժտուած գրող մը, Ռուբէն Զարդարեան, այդ թեքնիքի խնամքով, պարկեշտ, զգուշաւոր վերլուծմամբ մը տուած է այդ գաւառիկ բարքերը անմոռանալի կարկառով գործերու մէջ։ « Սեւ հաւը կանչեց » վիպակը ամբողջական պատկերացում մըն է բարքերու որոշ խաւի մը։ Նոյնիսկ փոքր, նեղ սահմաններու վրայ, այդ Զարդարեանը իր նիւթը գիտէ շահագործել, անկէ առնելու համար կարելի բարիքը։ « Վա՜խ, ես մեռնէի »ն քաղաքն է, երբ զեղչենք քիչ մը անտեղի բանաստեղծական նկարագրումները։ Երեք կտոր (միւսը « Տան սէրը ») բաւ են, որպէսզի մեր մտքին մէջ մարմին դառնայ այդ գաւառը։ Փորձեցէ՛ք նման ճիգ մը Թլկատինցիին ամբողջական գործին համար։ Արդիւնքը պիտի չվարձատրէ ձեզ։ Բացի թեքնիքին հանդէպ թերեւս անխուսափելի սա արհամարհանքէն, պէտք չէ անտեսել մեր գրական հրապարակը ու իր կոտորակող, զուր տեղը սպառող պահանջները [3] ։ Ան կտոր-կտոր պիտի վատնէ իր տաղանդին ստեղծագործ աւիշը ճղճիմ յօդուածներու վրայ։ Յետոյ, գիւղացիի իր պինդգլուխ հպարտութիւնը, որ արգիլեց զինքը ոչինչ սորվելէ (1893–ի քրոնիկները ամէն տեսակէտով աւելի կ՚արժեն, քան 20 տարի յետոյ իրմէ ստորագրուած ուրիշ քրոնիկները։ Այս նուազումը պարզ հաստատումի մը համար չէ, որ կը ճշդեմ հոս։ Բանաստեղծական ընկրկում մը, հասկնալի՝ տարիքի սանդուխէն, չի նմանիր քրոնիկին, որ ամենէն աւելի պարտական կը մնայ ապրումին)։ Կու տամ լայն ալ բաժին մը ժողովուրդի ընդհանուր պայմաններուն, որոնք մեր մտաւորական ընդունակութիւնները շատ–շատ խմբագրի կամ վարժապետի կաղապարին կրնան հասցնել։ Գաւառի մէջ ասոնք իրենց գերագոյն խորութեամբը կը տիրապետեն։ Լիակատար գրագէտ մը, այնպէս ինչպէս է յղացքին ընդարձակ թելադրանքը օտարներու մօտ, գաւառին մէջ անկարելի բան մըն է։

բ. Հակառակ հաւաքական ստեղծագործութեան [4] մէջ սա վրիպանքին, հայ կեանքի հատուածական գիծերու սեւեռումին մէջ ան իր նմանը չունի։ Մանր, յատկանշական է, մարդ մը յայտնաբերել սա նկարագրի գիծերը (trait) ան կը ցանէ իր ամէն մէկ տողին մէջ։ Ու ասիկա իր տաղանդին տեսակարար կշիռը կու տայ։ Ինչ որ Թլկատինցիի մասնայատկութիւն կ՚անուանենք, հատուածական նօթերու, փշրանքներու սա քաղն է, բաշխումը էջերու ընթացքին։ Անոնք միշտ մէկը կ՚անձնաւորեն, զայն զատելով իր սեպհական շէնքին մէջ: Քիչ անգամ անոնք լայն են քաշուած այնքան, որպէսզի տարածուին դէպի ամբողջական ընդգրկումը, ոճաւորումը մեր ժողովուրդի յատկանիշներուն։ Համակրական չէ իր հոգին։ Ժխտական տարրերու գերազանց ճնշումը այդ մարդուն համար եղած է վտանգաւոր փառասիրութիւն մը։ Զարմանալի չէ՞, որ հարիւրը անցնող իր մարդոց մէջ, քանի մը կնոջ դէմք միայն խնայուին, որոնցմէ մէկը մօրկանը անմոռանալի գլուխ–գործոց նկարն է։ Անգամ մը հարցուցի արդէն. Ա՞յդ էր հայ գիւղը։ Կրկին կը հարցնեմ. Ո՞ւր են այն միւս առաքինութիւնները, որոնք թիւով որքան ալ քիչ, պարտաւոր են գործել այդ ապականութեան խմորին մէջ, զայն նեխում է արգիլելու համար։ Չկայի՞ն անոնք, քանի որ այդ մարդերը, այդ քաղաքակրթութիւնը ընդմիշտ դադրած են գոյ ըլլալէ այսօր ա՛լ ցաւագին, ահաւոր հարցականներ, տրուած մեր վերջալուսային հոգեբանութեան առջեւ։ Թլկատինցի յոռետես մըն է։ Չունիմ առարկութիւն։ Բայց հայ կեանքը այսքան ընդարձակ ճահիճ մը չէր։ Ցեղին առողջ ուժերէն սա անմասնութիւնը իբրեւ մեղադրանք չեմ մեծցներ, իր գործին իմաստը փոքրելու փոքրոգութեամբ մը։ Թլկատինցին ամբողջական [5] հեղինակ մը չէ։ Փշուր մը անէծք հոս, պտղունց մը հայհոյութիւն անդին, աղօթքի սքանչելի սլացքներ միշտ ճամբու ընթացքին, միշտ պատահական առիթներու, աղը կը կազմեն անոր յօրինումներուն։ Բախտ է, որ այս փշրանքները եկած ըլլան շատ վարերէն, մեր ժողովուրդին քանի մը հազարամերը պահելով իրենց խեփորներուն ներքեւ (յիշել ծովեզրի ոստրէներուն լռին ալեկոծութիւնները միլիոնով հեռու դարերէ, իբրեւ արձագանք տակաւին հնչող անոնց խեցիներուն վրայ։

գ. Իբրեւ քանակ, ինչպէս որակ, Թլկատինցիի գործին ամենէն հաստատուն մասը գիւղն է դարձեալ, քանի որ զգայնութեանց թարմութիւն, պատկերացման ուժ, կենդանութիւն, զանազանութիւն, մարդերու խայտաբղետ, սուտ, ճչան, զեռուն առատութիւն, յուզումի որոշ խոնաւութիւն, չըսելու համար յորդութիւն (ան կը գորովի, երբ իր մաղձը յաջողած է թափել մարդոց գլխուն։ Ընդհանրապէս մայրերն են, որ օժտուած են այդ սրբազան հեղանուտով, իր մօտ), սեպհական աշխարհահայեացք, չըսելու համար՝ հայկական փիլիսոփայութիւն, հայեցիութիւն ու մարդէ, բարքէ, մտայնութենէ, բարբառէ, երբեմն քնքուշ, բանաստեղծական զգայնութենէ, երբեմն գորովէ, կարելի հարազատութիւն մը իր գիւղէն կու գայ այդ մարդուն։ (Գրագէտի իր դէմքին յօրինմանը մէջ ես կանդրադառնամ այս հարցին)։


 



[1]        Այդ կնոջ։

[2]        Ազգագրական ուսումնասիրութեան մոլուցք մը հաստատելի էր 1896–էն անդին։ Եղաւ ատեն մը, որ գաւառէն յետին վարժապետը փառասիրութիւնը ներեց իրեն, իր գիւղին քանի մը անէծքները, աղօթքները, բառերը ընդօրինակելով ղրկել, օրինակի համար « Բիւրակն » (1899) հանդէսին, որպէսզի նպաստ մը բերած ըլլար ազգային գրականութեան։ Կը հասկցուի, թէ ի՛նչ ահաւոր խառնակոյտ մը պիտի ըլլար արդիւնքը այս խաչակրութեան։

[3]        Մեր մէջ գրագէտը հասարակաց ապրանք է։ Միջակ համբաւի մը հասած գրող մը ամէն օր կը հրաւիրուի այս ու այն թերթին, հանդէսին, տարեցոյցին, հաւաքածոյին իր «պատուաբե՜ր» աշխատակցութիւնը չխնայելու։ Եւ որովհետեւ մեր սովորութիւնն է բան մը ընել, կը հասկցուի, թէ որքա՜ն անհարկի պարտքերու ենթակայ է ան: Իր տաղանդին լաւագոյն ուժերը արդէն ան լծած հացի աշխատանքին, ստեղծումին համար իր նիհար ուժերը պիտի տկարացնէ աստիճան մը աւելի, հասնելու համար բոլոր հրաւէրներուն, որոնք իրարու հակոտնեայ շըրջանակներ են յաճախ։ Հետեւանքը այն կ՚ըլլայ, որ մեծ, մնայուն, համապարփակ գործի մը համար իր ուժերը պիտի դաւեն իրեն։ Թլկատինցին, Զարդարեանը նմոյշներ են այս աղիտալի ինքնավատնումին։

[4]        Հաւաքական այս նկարագիրը կը պարզեն գործերը Րաֆֆիի եւ Շիրվանզատէի: Մուրացան ու Նար–Դոս տուին իրենց աշխարհը շատ աւելի միութեամբ քան ոեւէ արեւմտահայ վիպասան։ Դիւրին է սրամիտ քանի մը բարբաջանքներ ու էրոթիք քանի մը պատկերներու խայծը ուռեցնել, աջ ու ձախ պոռալ, պոռպռալ, կործանած յայտարարելու համար հայ գրականութեան ճիգը, ինչպէս հիմա սովորութիւն է Փարիզի տղոց համար։ Մէկ հատիկ իսկ արժանիք ուրանալու չունինք իրաւունք ազգովին, երբ պարզ է, որ մեր պայմանները մեզի մեր երէկն ալ պիտի չշնորհեն, որպեսզի վերակազմենք մեր կործանած շէնքը արուեստի, ընկերութենէ, ազգային յօրինուածութենէ։ Հաւաքական ստեղծագործութիւնը ազնուական ձգտումն էր ըլլալու ամէն հայ գրիչ բռնողի։ Պոլիսը ատիկա անկարելի դարձուց, հարիւրաւոր պատճառներով, որոնք գիրք մը կը լեցնեն ու կը յորդին անկէ։ Թլկատինցին բացառութիւն չէր կրնար կազմել։

[5]        Ծաւալը չի միջամտեր սա վերապահումին մէջ: Իր տաղանդին նկարագրէն կը բխի սա մասնակի կողմերուն վրայ խորացման հակումը, որ այդ կողմերը ցայտեցնելու դերը կ՚արժեւորէ, բայց գինով վտանգի մը, ամբողջականին չհասնելու վտանգին։ Ամէն ինչ մասնակի եւ անոր մօտ։ Ըսի ձեզի Զարդարեանի պարագան, որուն երեք վիպակները շատ աւելի լիութեամբ կը յագեցնեն մեր միտքը, մեր գաւառական բարքերը ճանչնալու իր ցանկութեան մէջ։ Համաստեղի երկու հատորները, Նուրիկեանի «Այգեկութք»ին պտըտիկ պատկերները կու տան այս զգայութիւնը։ Նիւթ մը ինք իր մէջ ամբողջացնելու երբեք չզիջեցաւ անոր միտքը։ Ու այս կեցուածքը զարկաւ անոր բոլոր ստեղծումները։ 5-600 էջերու վրայ ճշմարիտ բանակ մը մարդոց, դժոխք մը մեղքերու արդիւնքը՝ խառնակոյտ. քաոս, որ բախտը ունի ինք իր մէջ ճարտարապետութիւն ըլլալու։