Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԻՐ ԴԻՄԱԳԾՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր գրողներէն շատ շատերուն պէս, Զարդարեան ունի քանի մը կարեւոր երեսներ, թէեւ ո ՛ չ հաւասար շահեկանութեամբ։

Փոքր ժողովուրդներու գրականութեանց մէջ առաւելապէս դիտուած երեւոյթ. հ որիզոնի անձկութիւն, խորացման անկարելիութիւն, տարտղնում։ Այս է պատճառը, որ գրական որեւէ սեռ մեր մէջ տիրական վստահութեամբ մը մ շ ակուած չէ։ Ու մեր գրողները պարտաւոր կը զգան իրենց ճղճիմ փառասիրութիւնները փորձելու բազմատեսակ մարզերու վրայ, ատով իսկ դատապարտուելով ճակատագրական միջակութեան։

Ես կու տամ գլխաւորները՝ ա) հեքիաթագիր, բ) արձակագիր, գ) վիպագիր, դ) խմբագիր ։

Այս տիտղոսումներ է ն երկրորդը, արձակագիրը, թէեւ տարտամ, բայց անխուսափելի կը դառնայ, որակելու համար Զարդարեանի մէկ կարեւոր հ ատուածը։ Ի՛նչ անունի տակ զետեղել, օրինակի համար, « Անյօդ գեղգեղանքներ »ը։ Աւելի վերջը պիտի ճշդուի բառին տարողութիւնը։

Այս տիտղոսումներէն երրորդը, վիպագիրը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլ ար սրբագրել նորավիպագիր բառով։ Բայց նորավէպը տարբեր ձեւ մըն է, որուն վա ւ երական նմոյշները տուաւ մեզի բացառաբար Գ. Զօհրապ։