Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Այն առտուն իր առջինեկ աղջիկը տուաւ պայուսակը ձեռքը. «Երէկուան պէս միսը չմոռնաս. քիչ մըն ալ պտուղ բերես. պանիր ալ»:

Ու փախստական հօրը ետեւէն որ կ՚աճապարէր հեռանալու, կը շարունակէր իր չնչին խնդրանքներուն անհատնում շարքը:

Զառիվայրէն իր ընդոստ աճապարող քալուածքին հետ պայուսակը կ՚երերար, պարապ որովայնի ձայներ, հեծկլտուքներ կը հանէր:

Երեք մեթալիք տասնոցները զորս իր գրպանին մէջ յուսահատօրէն կը սեղմէր, չկորսնցնելու սարսափով, Պոլիս պիտի տանէին զինքը. ի՞նչպէս պիտի վերադառնար իրիկունը. ու կը զղջար, ո՜րքան կը զղջար բնակելուն Սկիւտար ուր ոտքով չերթցուիր, ու չի բաւեր բարի կամեցողութիւն կամ աշխարհիս մեծագոյն քաջութիւնը ունենալ՝ նոյն իսկ պարապ ձեռքով տուն դառնալու համար:

Շոգենաւին մէջ ծանօթներէ հեռու նստաւ, ծայրը, հոն ուր մէվգի չկայ. ոջլոտ մարդերու մօտիկ: Լաւ մը իր քովը տեղաւորեց պայուսակը. խնամքով, հոգածու ձեռքով անոր փոթերը շտկեց: Յետոյ անիւներուն բօֆ բօֆը իր ուշադրութիւնը գրաւեց. այս եղանակը իր հետաքրքրութիւնը շարժեց. անիւները իրենց շրջանին մէջ, տեղ մը հասնելնուն, միշտ վարանումի պէս բան մը ունէին նոր շրջան մը սկսելէ առաջ. ասով մասնաւոր եղանակ մը կը ձեւանար. բօֆ, բօֆ, բօֆ, բօֆ... բօֆ. մտքէն այս տարօրինակ նուագին կը հետեւէր, հաճոյք մը կ՚զգար: Այդ վայրկեանին իր հոգւոյն ու մտքին մէջ այդ խորհրդաւոր ձայնէն զատ բան մը չկար. ո՞վ էր ինքը, ի՞նչ կը փնտռէր այս շոգենաւին մէջ. ո՞ւր պիտի երթար. չէր գիտեր. իրա՛ւ որ չէր գիտեր:

Պոլիս իր վաճառականներուն հանդիպեցաւ. խոժոռ ու դաժան դէմքեր գտաւ միայն որոնց տեսքը անգամ իր լեզուն պապանծեցուց. քաջութի՛ւն. ըսէ՛ սա երկաթէ քացան խրոխտօրէն բացող ու գոցող մարդուն որ զաւակներուդ ուտելիք տանիլ խոստացած ես այս իրիկուն. ո՛չ. չկրցաւ ըսել:

Շուկան թափառեցաւ առանց բան մը ըսելու մէկու մը. խանութներէն ներս նայեցաւ քիչ մը. յետոյ, ոսկերիչներու կրպակներուն դէմը կեցաւ քառորդ ժամի մը չափ, ադամանդէ զարդերու վրայ զմայլած. իր աղջիկներուն երբեք չէր կրցած հատ մը տալ ասոնցմէ, ու յիշեց որ իր երկու աղջիկները կ՚սպասէին իրեն: Ժամը հարցուց: Իրիկուն էր. այն ատեն վազել սկսաւ. ուշ մնացեր էր. պարապ վարանումներու ու մեծսրտութեան ատեն չէր. հաց պէտք էր ու պիտի ուզէր առջի դէմը ելլող ծանօթէն: Զարմա՜նք. ինքը որ այնքան շատ մարդ կը ճանչնար, անոնցմէ մէկուն չէր հանդիպեր: Սա դէմի կողմէն քալողը կը ճանչնար անշուշտ. ատենով իրենց մրցակից եղող վաճառական մըն էր, բայց շատոնց բարեւը կտրած էին, իր աղքատանալէն ի վեր. սա միւսը, որ արագ քայլերով իր քովէն անցաւ հիմա, ան ալ կը ճանչնար, ատենով երաշխաւոր ալ եղած էր անոր, բայց քանի մը օր առաջ մէճիտիէ մը փոխ տալ մերժած էր եւ հիմա ալ փախչելու պէս, երեսը պահելով իր քովէն կ՚անցնէր: Ծերուկ մը, մինակ, բարեւեց զինքը. իրմէ աւելի դժբաղդ մը:

Կամուրջը հասած՝ կեցաւ. չկրցաւ անցնիլ. տասը փարա չունէր. այդ պահուն զգաց որ բան մը կը պակսէր: Ինքզինքը հարցուփորձեց ու պատճառը գտաւ. պայուսակը մոռցեր էր տեղ մը. ետ դարձաւ, վազեց, ի՞նչ ընելու համար: