Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այս աղջիկը ա՛լ մտքի սեւեռում մը եղաւ իրեն. նորամուտ եւ անհրաժեշտ պայման մը իր գոյութեան մէջ. մինակը լուծեց ու վերլուծեց այս անակնկալ պարգեւը, այս մտերիմ ու բարի սիրտը որ իրեն անձնատուր կ՚ըլլար: Ո՛չ, տեղ մը չէր գտած այն տրտում ու քաղցր նայուածքը որ իրեն կ՚ուղղուէր ամեն հեղ, երբ մօտը ըլլար այս աղջկան, որ զինքը լուռ պաշտումի մը ակնածոտ գուրգուրանքովը կը շրջապատէր: Ինքը որ ուրիշ ամեն տեղ ձեռներէց ու զբօսասէր մէկն էր, կը խռովէր այս աղջկան մտածած պահուն. անոր ոսկեգիսակ ու ծանրակիր մազերուն արձակած շողերէն կը շլանար. մինչեւ այդ ժամուն մարդու չէր հարցներ աղջկան մը հետ խօսելու կերպը. եւ ահա իր համարձակութիւնը կը կորսնցնէր հոս:

Այս սէրը, տարօրինակ եղանակով մը սկսած, տանջանք մը կ՚ըլլար, կը չարչարէր զինքը. կը տառապէր, առանց պատճառը գիտնալու. մինչդեռ աղջիկը աւելի կը մօտենար իրեն, հեշտաբոց շունչովը, որ տաք ու վրդովիչ հովի մը պէս կը զարնէր երեսին ու քծնելով կ՚ըսէր.

Չխօսի՞ս, Ճօկօ:

Իրա՜ւ. ինչո՞ւ չէր խօսեր. ինչո՞ւ յուսահատ մարդու ձեւը կ՚առնէր, երբ ամեն ազատութիւն կը տրուէր. եւ ինքզինքը քաջալերելու համար Սարգիս մտքէն կը կրկնէր անոր բառը.

Չխօսի՞ս: