Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ի րօք փոթուր չունէր ան տղան որուն հետ տարի մը վերջը Զարուկ ամուսնացաւ։ Պոլիսէն եկեր ինկեր էր այդ գիւղը, չեմ գիտեր ի՛նչ կերպով, ու ազգ. վարժարանին մէջ Տնօրէն-դասատուի պաշտօն մը կը վարէր քիչ մը ատենէ ի վեր։

Զարուկին աչքին՝ գիտութեան, ազնուութեան ու ճաշակի ներկայացուցիչն էր այդ ազազուն ու վտիտ երիտասարդը, որ պարծուկ աքաղաղի ու դէմինին զիջողութիւն ընող մարդու մը ձեւերը ունէր գեղացիներուն մէջ։

Հինգ հարիւր ղուրուշ էր իր ամսականը որ գեղ տեղերու մէջ մեծ բան մըն է հարկաւ, եւ որ, ամեն պարագայի մէջ, իր չնչին արժանիքէն շատ աւելի էր։

Իր կիսկատար, ամեն կերպով թերի ուսումը՝ կատարեալ իմաստակ մը, մեր տգէտ ուսուցիչներուն ճշմարիտ տիպարը ըրած էր զինքը։

Աւելցուր ասոր վրայ պահանջկոտ մեծամտութիւն մը, ոչ մէկ բան քիթին չտանող մարդու բնաւորութիւնը, ահա Զարուկին ընտրած ամուսինը, մայրաքաղաքէն եկած մէկը, որ օր մը զինքը հոն տանելու ամեն երաշխաւորութիւնները կ՚ընծայէր։

Արդարեւ այս էր իրենց խօսակցութեանց մէջ յաճախող յանկերգը.

Երբոր Պոլիս երթանք…

Անկեղծ էր այս մարդը երբոր Զարուկին հետ մայրաքաղաք դառնալու ծրագիրը, գուցէ հազարերորդ անգամը ըլլալով, կը պարզէր անոր շլացած աչքին առջեւ։ Քանի քանի անգամ Պոլիսը նկարագրեր, բացատրեր էր։

Քանի մը տարի այս գեղին մէջ կենալէ ետքը, Պոլսոյ կարօտը ու անձուկը կը զօրանար այս դասատուի հոգիին մէջ, ու գեղին միօրինակ ու ընդարմացուցիչ կեանքովը ապրելու տեղ, մայրաքաղաքին մէջ անօթի տանջուիլը կը նախընտրէր։

Երբեմն, իր երիտասարդ կնոջը կը նկարագրէր Վոսփորը, իր օձապտոյտ գալարումներովը, երկու դիէն բարձրացող ապարանքներու շքեղութեանը մէջ. ու կը պարծենար ատով՝ իբրեւ թէ իրը ըլլային այդ բոլորը։ Ու ասանկով, այր ու կին կը համաձայնէին, մոռնալով չնչին ամսականէ մը ձեւացած ապրուստի մը բոլոր զրկանքները, միամիտ վստահութեամբ մը հաւտալով որ Պոլիս ոտք կոխելուն՝ իսկոյն ձեռքէ ձեռք պիտի քաշէն այս ուսուցիչը, ամսականները պիտի թափէին չորս դիէն, ըղձացուած հանգիստը բերելով իրենց։

Ու առժամանակեայ կայանքի մը համոզումով այս գեղին մէջ կեցեր էին, դիմումներ ընելով Պոլիս, հոն գործ ու պաշտօն ձեռք ձգելու համար. ոչ ոք պատասխան կուտար իրենց, մանկավարժական տաղանդնուն կոչում կ՚ընէր. սկիզբները այս դժուարութիւնները չբաւեցին անոնց երիտասարդի յուսալից կորովը փճացնելու. նոր նամակներ գրեցին գեղէն, ծանօթներու դիմումներ ըրին շարունակ։

Զարուկ տարի մը չանցած իր առջինեկը ունեցաւ. յետոյ երկրորդ մը. եւ հիմա, միշտ շնորհալի կին, տնական սպասաւորութեան տաժանքովը կը պաշարուէր հետզհետէ։ Իր ոսկեզօծ երազները, խուսափող ստուերներու պէս միշտ մօտ՝ բայց միշտ անմատչելի կը մնային։

Հինգ տարիէ ի վեր ամուսնացած էին, երբոր Առաջնորդի, Թաղականի, Հոգաբարձուի կռիւ մը, պարբերական կռիւը, վրայ հասաւ եւ իր էրիկը վարժարանէն ճամբեց։

Ուսուցիչը բացը մնաց. զինքը պաշտօնի կոչող հոգաբարձուներուն հակառակորդները գործի գլուխ անցեր էին։ Ինքը, իր խրոխտ բաւականութեանը ապաստանած, չուզեց ասոր անոր դիմել աղաչել իր պաշտօնը վերստանալու համար։ Զրկուած, անիրաւուած դասատուի, ազգային աշխատաւորի դերը ուզեց վարել, ապերախտ դեր որ եթէ իր հպարտութիւնը կը գգուէր, բնաւ դրական օգուտ մը չէր ընծայեր։

Հիմա փողոցները կը թափառէր, գեղջուկներուն դէմ իր արհամարհոտ պզտիկ ժպիտը շուրթին վրայ, ուրիշ գործ մը գտնելու, հացի ստակ մը ճարելու մտմտուքը պահելով իր հոգւոյն խորը։

Գեղէն ոչ ոք ձեռք երկարեց այս Պոլսեցիին. նոր եկող Տնօրէնը, Վանեցի մը, անոր դէմ զինուեցաւ. պարտուած, նահանջած ոսոխ մը բոլորովին չքացնելու, ու ասոր անոր օգնութեամբ՝ յարձակողական վերադարձ մը արգիլելու մտադրութեամբ։ Նոր Տնօրէնին խօսքին նայելով՝ կ՚երեւար թէ Զարուկին էրիկը բան մը չէր սորվեցուցեր իր խնամքին յանձնուած աշակերտներուն։

Ո՛չ տղոց միտքը, ո՛չ անոնց հոգին մշակեր է, կ՚ըսէր ան ամեն դէմը ելլողին։

Այս մարդը մանկավարժի հովեր ունէր, հոգեբանութեան վրայ կը ճառէր, ու ապշած հոգաբարձուներուն երեսին՝ Ֆրէօպէլի ու Բէստալօծծիի անունները կը նետէր։

Խեղճ տղոց բոլոր ժամանակը զուր տեղը վատնել տուեր է ձեր Պոլսեցի ուսուցիչը. երեխաներու հոգիին պէտք էր խօսիլ, փոխանակ չոր ու ցամաք կերպով կարգ մը անուններ բերնուց սորվեցնելու անոնց։

Այս յարձակումներուն տակ՝ ճամբուած դասատուն անդարձ կորսուած կ՚զգար ինքզինքը։ Կուսակից չունէր, ինչ որ հազուագիւտ բան մըն է գեղերու մէջ. պարտքը մինչեւ վիզը ելած էր, ու հացի, չոր հացի կռիւը կ՚սկսէր՝ իր բոլոր զարհուրանքին տակ ընկճելով այս հէք ընտանիքը։

Նախ, իր ունեցած բառգիրքերը ծախեր էր, յետոյ կնոջը քանի մը կտոր գիրքերը, ոսկեզօծ մրցանակները որոնք այս նեղութեան օրերուն մէջ միայն՝ իրենց պահուած տեղէն դուրս ելեր էին, իրական ու շօշափելի օգուտ մը արտադրելու համար։