Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՄԱՍԻՍԸ

Այն ժամանակներէն ի վեր ուր լեզուի պէս բան մը միայն ունէինք, ինչպէս կ’ըսր Օտեան, մեր լրագրութեան յարատեւ ջանքն եղած է այդ բանը՝ կատարեալ լեզուի մը վերածել։ Հա՞րկ է ըսել թէ լեզու ըսելով Օտեան աշխարհաբարը միայն կ’ըմբռնէր։

Վերջին տասը տարիերու միջոցին, ուր հասկցուեցաւ վերջապէս թէ գրականութիւնը՝հայկաբանութեան ուսուցիչներուն եւ Մխիթարեան Հարց չի պատկանիր միայն, զօրաւոր շարժման մը, լեզուական արդիւնաւոր այլափոխման մը հանդիսատեսները եղանք։

Հնաւանդ կաշկանդումները եւ կապանքները խզելով, հայերէն լեզուն կարող եղաւ արտայայտել զգալու ու խորհելու ամեն եղանակները։

Ամենէն յետադէմներն անգամ ներգործուեցան կեանքի ու գոյութեան նշան տուող գրականութեան մը ազդեցութենէն. խրթին, անհասկանալի ըլլալու ջանքը, որ դեռ մօտ ժամանակներս մեր գրողներուն պարծանքն էր, ծաղրելի ըլլալով վերցաւ։

Երիտասարդները տիրեցին մեր գրականութեան, ինչ որ իրենց իրաւունքն է, եւ իրենց սրտին ու մտքին անուագոյն մասը յատկացուցին անոր, ինչ որ իրենց պարտականութիւնն է։

ՄԱՍԻՍն հրատարակելով՝ այդ պարտականութիւնն է ահա՛ որ ի գործ կը դնենք մենք ալ։

Մեր ուղղութիւնը գլխաւորապէս գրական զարգացման պիտի նայի միշտ եւ ժողովրդային բարքերու եւ զգացման մէջ պիտի փնտռենք ամեն ատեն մեր ուսումնասիրութեանց սիրելագոյն առարկայները։

ՄԱՍԻՍի գրականութիւնը ժողովրդեան կեանքէն պիտի քաղուի՝ ժողովրդեան կեանքին ծառայելու համար։