Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ժամանակէ մը ի վեր մեր լրագրութեանց էջերը կը լեցուին ֆրանսական արդի մատենագրութեան դէմ մղուած ծիծաղելի պայքարի մը փորձերով։

Օր չանցնիր որ քաղաքական յօդուածի մը, առեւտրական տեսութեան մը, կամ տնտեսական կացութեան մը նկարագրին մէջէն յանկարծ յարձակում մը, ակնարկութիւն մը զարտուղութիւն մը չըլլուի այն մատենագրութեան դէմ։

Ժէռոտելի բաստիյներուն ծանուցումները անակնկալներու այսքան գեղեցիկ շարք մը ձեւացուցած չէին։

Ռասփայլ կը պնդէր թէ կարող է նոյն իսկ դատաւորաց աթոռներուն մէջէն զառիկի թոյնը գտնել, եւ այսէր այն վիճակին եկած հասած ենք որ օրուան լրագրական մընիւին մէջ ստամոքսային բացատրութիւն մը գործածելով որ հիմա շատ յարգի է կրնանք անպատճառ պզտիկ ատուած մը գտնել Անբարոյական գրականութիւն վերնագրով։

Որի՞ կ’ուղղուին այս ճառերը։

Մեր գրականութիւնը անշուշտ այն միայն որ քանի մը տարիէ ի վեր լրագրական հրատարակութեամբ լոյս կը տեսնայ, պէտք ոնի՞ արդեօք այդ փրկաւէտ ազդարարութեանց, կամ մեր ընտանեկան բարքերը ա՞յն աստիճան մատնուած են ապականութեան որ ամենօրեայ բարոյականի քարոզներն ներքին լուրեր հաղորդելու չափ կարեւորութիւն ստացած ըլլայ։

* * *

Միանգամ ընդմիշտ ըսենք ամեն անոնց որ տարրական ճշմարտութիւնները ըմբռնելու ընդունակ են, թէ անբարոյականութիւնը մարմնական զեղծմանց մէջ չի կայանար միայն

Այդ ստորին կայանը յանկացնելով շարունակ բարոյականին, զայն կարի գռեհիկ ու աննշան բան մը դարձուցած կ’ըլլան։

Սիրոյ վաճառականութիւնը մեղադրելի է անո՛ր համար անշուշտ որ կեղծիքի առեւտուր մ’է. եւ սակայն ո՜րքան մարդիկ ապրուստնին կը ճարեն օրն ի բուն իրենց սիրտն ու հոգին կեղծելով։

Փաստաբան մը՝ որ անիրաւ դատի մը պաշտպան կանգնելով իր հմտութիւնը կը ծախէ քանի մը ոսկիի փոխարէն, հրապարակագիր մը՝ որ իր խիղճն ու գրիչը միանգամայն կը վաճառէ որոշեալ շաբաթականի մը համար, բժիշկ մը՝ որ հիւանդը խաբելով խաբխբելով, իր այցելագիրներու արդիւնաւոր շարունակութիւնը կը պապանէ, երիտասարդ մը՝ որ աղջկան մը դրամօժիտին համար կը կարգուի միայն, ինքնամատոյց կնոջմէն կը տարբերի՞ն միթէ եւ իրենց ստացած դրամը ճշմարիտ կապէնք մը չէ՞ արդեօք։

* * *

Հեռո՜ւ մեզմէ այն բարոյախօսները՝ որ ընկերական կարգարու ամեն կեղծիքներուն դէմ անտարբեր՝ միայն կնոջ մը մերկ ուսէն կամ հոլանի պարանոցէն կը շառագնին։

Մտքերնիդ չի՞ գար Թառթիւֆը.

Խօսքդ ուղղելէ առաջ ինծի՝ խնդրեմ ա՛ռ,

Թաշկինակս եւ ծածկէ այդ լանջն անատկառ։

Մարդիկ՝ որոց բարոյականի ամուր ու հաստատ շէնքը, Նեւայի ափանց վրայ կառոցուած ձիւնէ դղեակի մը պես, մարմնական աննշան մէկ հրապոյրին առջեւ կը կակուղնայ, կը հալի, կ’անհետանայ իսպառ եւ որ աւելին է՝ չեն կրնար գրքի մը մէջ, իրենց դիւրաբորբոք զգացմանց համար անատուհաս կերպով կաթեռնուլ սիրոյ մը նկարագրութիւնը, կնոջ մը պատկերը, դիմագիծը, առանց խռովելու տեսնել Ռիւպէնսի մէկ նկարը կամ դիցուհւոյ մը արձանը։

Եկ այս դառնութեամբ կը դառնան մեր գրակաութեան դէմ ալ այնքան հեռու արդէն եւրոպական գրականութենէն հոն ալ որոնելու, գտնելու ցանկութեան միքռօպը որուն համար կը վախնան թէ իրենց դիւրագրգիռ հոգին՝ բերրի ու արգաւանդ հող մ’ըլլայ։

* * *

Գրականութիւնը իր նպատակովը միայն կրնայ բարոյական կամ անբարոյական հռչակուիլ. նկարագրութիւնները՝ արուեստական խնդիրներ են որոնք չեն կրնար երբեք անբարոյականութեան համար իբրեւ փաստ յառաջ բերուիլ։

Եթէ երբեք ախտաբոյր կամ ցանկացուցիչ տեսարանի մը նկարագիրը բաւէր հեղինակը անպարկեշտ ու անբարոյական համարելու, գիտե՞ք որ նախնի ու արդի, աշխարհական կամ սրբազան մատենագիրներէն գրեթէ ոչ ոք դուրսը պիտի մնար։

Հելլէնական գրականութիւնը նախ պէտք էր կրակը նետել իր դիցաբանութեան հետ մէկտեղ։

Կուզէ՞ք որ Արիստոփանէն հատուածներ գրեմ հոս։

Հռովմայեցոց մատենագրութիւնը տարփանաց նկարագրութեան մէջ հելլէնականէն վար չի մնար. Լիւքռէս, Գաթիւլ Բէթռօնէ դասական հեղինակներ են։

Բայց ի՞նչ պիտի ըսէք Հոռասն համար. կարդացած էք Բարեկամի մը ուղղեալ, առ Պառին, առ Մէսէն վերնագրով տաղերը։

Ժիւենալ կանանց վրայ գրած երգիծանքին մէջ անտարակոյս գերազանցած է արդի գրողներուն բոլոր ազատութիւնները։

* * *

Ֆրանսական մատենագրութիւնն ալ իր նշանաւոր ու դասական հեղինակնորվը նպաստաւոր չէ բոպիկ ոտքէ մը կամ անծածկոյթ ստինքէ մը կարմրող հրապարակագիրներուն։

Ռապըլէ իր զուարթախոհ հեշտասիրութեամբը երբեք անբարոյական հեղինակ մը համարուած չէ։

Բայց անշուշտ պիտի զարմանաք եթէ ըսեմ ձեզ թէ Տիկին տը Սէվինիէ ոչ նուազ համարձակ գրագէտ մ’է. Տիկին տը Պռէնվիլիէ անուն կնոջ մը անձնասպանութեան փորձին առթիւ իր աղջկան գրած նամակները կրնալ աչքէ անցնել։

Ֆլէշիէ պերճախօս եկեղեցականը ինքն ալ անբարոյականութեան ամբաստանութենէն ազատ չի պիտի մնար ձեր աչքին, եթէ իր յիշատակարանները կարդացած ըլլայիք. եւ նոյն իսկ Ֆէնէլօն իր Տելեմաքովը, իր դիցոհեաց, յաւերժահարսանց նկարագրութեամբ հեշտութիւն չի՞ բուրեր քիչ մը։

Լաֆօնթէին խօսքը չեմ ըներ. բայց Մօնթէսքիէօ անուանի օրէնսգէտն ու փիլիսոփան, իր Պարսկական նամականիովը անտարակոյս անբարոյական գրագէտի մը վճիռը պիտի ստանար ձեզմէ։

* * *

Կ’ուզէ՞ք քիչ մ’ալ վերջին դարու հեղինակներուն վրայ խօսինք. կ’ընդունի՞ք Վօլթէռը. ո՞չ. Տիտռօ՞ն ալ չէք ուզեր. Ժան ժաք Ռուսօէն պզտիկ ընթերցո՞ւմ մը, Նուվէլ Էլօյիզէն, Խոստովանութիւններէն։ Կը փափաքի՞ք ակնարկ մը նետել գոնէ Թէոֆիլ Կօթիէի Օրիորդ տը Մօբէնին, Միշլէի Վհուկին, Տիւմայի Քամելիազարդ Տիկնով վրայ։ Ասոնք բոլորն ալ անբարոյական են. ֆրանսական բոլոր գլուգործները մեր մաքուր բարքերուն համար չեն։

Արձակագիրներ են ասոնք. բանաստեղծները տեսնենք շնորհ պիտի գտնե՞ն ձեր աչքին առջեւ. Ռոնսառ, Տոպինիէ հիներէն են։

Անմաքոր գրիչներ անշոշտ բոլորն ել, որոնց արտադրած խէնէշանքը ֆրանսական ստամոքսները կը մարսեն եւ դպրոցներուն մէջ կը կարդացուի, կ’ուսուցուին։

Բայց քերթողի մը անուն պիտի տամ զոր չի պիտի կարենաք մերժել, Ալֆռէտ տը Միւսէն։

Ալֆռէտ տը Միւսէն ինքն ալ ապշած <կ’ըլլար> - եթէ ողջ ըլլար Նամունաէն առնուած հատոածի մը՝ անբարոյական յորջորջուած գրականութեան դէմ, իր գրականութեանը դէմ իբրեւ փաստ մէջ տեղ բերելուն։

Հա՞րկ է թարգմանել հոս թէ ինչպես կ’սկսի Նամունան։

* * *

Մեր հին մատենագրութիւնը՝ սրբազան ու պատմական մատենագրութիւն մ’է միայն. այսու հանդերձ կրնամ գրականութեան Թառթիւֆները ահաբեկելու համար ցոյց տալ Սողոմոնի Երգ Երգոցը, որք, յուսամ թէ, խստապահանջ պարկեշտութեան ու բարոյականի դէմ չեն մեղանչեր, - մասնաւորապէս Գլուխ Է. ն իրենց խորհրդածութեանցը կը յանձնեմ։

Եւ մեր վերջին գրականութեան գալով Իւթիւճեան Գաղտնիք Հաւատաքննութեանը թարգմանելով չենք կարծեր որ լպիրշ գրականութեան ծառայած ըլլայ. եւ սակայն հոն՝ նկարագրութիւններ, տեսարաններ չեն պակսիր կիրքերու սաստկութիւնը ու զայրուցքը պատմող։

Իսկ Դուրեան, այն պարկեշտ ու մաքուր հոգին, այն անբասիր ու շուշանաբոյր կեանքը, ա՞յն ալ խենէշանք մը նետած է մեզի իր վերջին թատերգութեամբը, Թատրոնը, որուն նիւթին յանդգնութիւնը՝ խաւարամիտ աչքերու կամաւոր միամտութիւնը կրնայ շլացնել։

* * *

Թողունք ուրեմն այդ անբարոյական գրականութեան յորջորջումին տակ հարուածուած մատենագրութիւնը, որուն գլխաւոր պակասութիւնը այն է թերեւս որ ստամոքսի, ուտելեաց, պարենաւորման պայմաններուն, գիներուն վրայ չի ճառեր եւ կը հակառակի ասով գուցէ մեր դրական գաղափարներուն։

Գրականութիւնը այն ատեն միայն անբարոյական է երբ իր առաջադրած նպատակն ըլլայ ընթերցողները ցանկութեամբ ու տարփանօք վարակել։

Կը լսեք որ Եւրոպիոյ մէջ կան գրավաճառներ, առեւտրական ձեռներէց ոգիէն մղեալ, որ յատուկ գիրքեր գրել կուտան, կը տպեն ու կը ցրուեն գաղտագողի, անասնական նկարագրութիւններով եւ միայն նկարագրութիւններով լեցուն, որոնք անուն չունին, հեղինակ չունին, հրապարակային գոյութիւն չունին, այլ կը սողոսկին ձեռքէ ձեռք եւ կանգ կ’առնուն սովորաբար յանուն բարոյականի պոռացող մարդոց դարակներուն մէջ. ատոնք են ահա լպիրշ գրութիւնները։

Իսկ ֆրանսական արդի մատենագրութիւնը հոյակապ եւ աննման արուեստի մը մարմնացումն է։

Պալզաք, Ֆլօպէռ, Կօնքուռ, Պօտլէռ, Տօտէ, Պուռժէ անբարոյական գրագէտներ չեն այլ մեծանուն մատենագիրներ որոնցմով Ֆրանսա յաւէտ կը պարծի։

Զուգահեռական ուսումնասիրութիւն մը չի պիտի ընեմ նկարչութեան եւ արձանագործութեան համար որք մարդկային մարմինը այնքան հոլանի ցոյց կուտան։

Գիտեմ որ բարոյականի հաւատաքննիչները չեն հանդուրժեր ատոր եւ անշուշտ կը փափաքին տեսնել Լուվռի Միւզէն եւ Նէշիընըլ Կալըռին։

* * *

Ո՛չ. մեր ընտանեկան բարքերկ, մեր գրականութիւնը հեռու են ապականութեամբ վարակուելէ։ Այդ ձրի զրպարտութիւնը բանով մը չարդարանար. եւ եթէ հարկ անհրաժեշտ է յանուն բարոյականի պայքար մը մղել մեր մէջ, նիւթեր չեն պակսիր, ափսո՜ս, որ իրօք արդարացնեն անբարոյականութեան ամբաստանութիւնը։

Պարոնեան՝ միակ բարոյագէտը, որով Պոլսահայք կրնան պարծիլ, երբեք մեր հէք գրականութեան դէմ ըսելիք մը չի գտաւ, բացի անոր երբեմն շողոքորթ ու շատ անգամ կեղծաւոր ձգտումէն։