Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՆԱԽՕՍԱԿԱՆ

Յայտնի է որ հայ լեզուն ո՞ր արմատէ սերուած ըլլալուն խնդիրը՝ հերձուած մը եղած է միշտ բանասէրներուն մէջ։ Կան որ՝ Սեմական արմատին կը կապեն զայն. կան՝ որ Հնտեւրոպականին եւ կան՝ որ Տուրանեան լեզուներու կարգը կը դասեն։ Այս երեք տարբեր կարծիքներն ալ իրենց ջերմ կուսակիցները ունեցած են։ Ողբացեալ Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան մեր լեզուն Հնտեւրոպական կարգը դասողներուն համակրելի գլուխն էր։

Հ. Նազարէթ Եազճըեան, Վենետիկեան ծանօթ հայագէտը, Բազմավէպի վերջին թիւին մէջ բոլորովին նոր տեսութիւն մը կը պարզէ։ Իր կարծիքով՝ հայ լեզուն արմատ մըն է եւ ոչ ճիւղ մը. միւս լեզուները իրմէ սերուած են։ Այս կարծիքը մեր տոհմային արժանապատուութեան զգացումը գգուելէ ուրիշ առաւելութիւն մը չունի։ Հ. Նազարէթ կ’երեւի թէ չէ խորհած թէ լեզուն՝ ազգի մը քաղաքակրթութեան արտայայտութիւնն է. եւ հայ լեզուն, դրացի լեզուներուն գլուխը դասելու համար, նախ եւ առաջ պէտք է իրաւունք ունենալ ըսելու թէ մեր հին զարգացումը դրացի ազգերու զարգացումէն վեր էր, ինչ որ ըսելու համար՝ ամեն ապացոյց կը պակսի։

Ստոյգն այն է որ այսօր ոչինչ գիտենք այդ ժամանակներէն։ Պատմիչներու դարը անցած է շատոնց ու անոնցմէ եկող տեղեկութիւնները դադրած են վստահելի ըլլալէ։ Հիմա, հին ազգաց պատմութիւնը կը քաղուի նոյն իսկ անոնց հողէն։ Եգիպտոսինը՝ Նեղոսի հովիտէն եւ Ասորեստանի պատմութիւնը Նինուէի աւերակներէն ելած է եւ ո՜րքան տարբեր պատմութիւն մը գրքերու մէջ գրուածներէն։ Այսպէս ալ պէտք է ըլլայ ուրիշ ազգերունը. եւ անգամ մը որ անոնց հին քաղաքակրթութիւնը ճշդուի, այն ատեն միայն կարելի պիտի ըլլայ հաւաստեօք լուծել նաեւ լեզուական խնդիրները։

Մեր լեզուին գալով՝ վերջին նորաձեւութիւնն է զայն Տուրանեան արմատէն առած նկատել ու հետագայ յօդուածը՝ կարող մասնագէտի մը գրչէն ելած՝ ադոր ջատագովութիւնն է։