Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՕՏԱՆ

Ո՛չ այն Մօտան ուր Եղիան կ’երթայ եւ ուր Պետօն կ’սպասէ. ո՛չ այն ափափեայ ծովեզերքը Գատըքէօին՝ որուն ջուրերուն մէջ՝ Նիրվանան, պչրող յուշկապարաիկ, կը պահուըտի, կը քծնի, կը կանչէ իր տարփաւորները։

Ո՛չ այն Մօտան։

Այլ այն որ կիներունն է միայն եւ որուն նորաձեւութիւն անունը կուտան։

Պզտիկուց ի վեր ամեն ոք իր ձեռքէն եկածը չէ խնայած անոր դէմ, պատուար մը քաշուելու համար այս անդուլ մակընթացութեան առջեւ, որ մեր հագուստներէն սկսելով մինչեւ մեր հոգւոյն ամենէն թաքուն զգացումները կը կերպարանափոխէ։

Նորաձեւութիւնը՝ արդուզարդի անձուկ ընմռնումով չեմ առնիր հոս, այլ կը նայիմ անոր իբրեւ յարատեւ այլակերպութեան մը ջանքը, զոր մարդկութիւնը կ’ընէ. եւ այս նկատումով՝ կուսակիցն եմ անոր, վասն զի կուսակիցն եմ յառաջադիմութեան։

* * *

Ո՞ւսկից է որ հին աւանդութիւները պահելու կոչում կ’ընենք միշտ եւ զանոնք պարզապէս մէկդի ընելու հրաւէր մը՝ սրբապղծութիւն մը կը թուի մեզի։

Հին պէտք է մնան մեր եկեղեցական կանոնները. հին՝ մեր սովորութիւնները, մեր բարքերը. հին՝ մեր համոզումները. հին պիտի մնայ մեր գրականութիւնը. հնութեան մէջ լուռ պատկառանք մը կայ կարծես որ ամենուն վրայ կը ներգործէ եւ ահա գլուխները կ’երերան հաւանութեան համաչափ շարժումներով։

Մեր մէջ մանաւանդ մոլութեան հասած է այս դաւանքը. վա՜յ անոր որ վաղնջական կարգի մը անիմաստ ձեւին վրայ կը խնդայ.

Ծերունիները կը զայրանան, ու մատնանիշ կ’ընեն նորանշան երեւոյթը, նորելուկ գաղափարը որ հօրենական հին համոզումին տեղը կուգայ բռնել, մօտան՝ զոր երիտասարդները կը ջատագովեն ամեն բանի մէջ։

* * *

Ես կը փափաքիմ որ նորասիրութիւնը չար ոգի մը չի համարուի ու չի դատափետուի մեր մէջ. ամբողջ բարքերնիս կարօտ է վերաշինութեան. մեր մոլորութիւնները նախ՝ ու յետոյ մեր առաքինութիւնները. վասն զի պէտք է գիտնել որ առաքինութիւններն ալ պէտք ունին ուղղուելու։

Մեր մէջ բարեգործութիւնը եկեղեցի եւ դպրոց շինելու մէջ կայացած է ցարդ. այս ճարտարապետական առատաձեռնութիւնները՝ այլ աւանդութեան կարգ անցած են. ով որ բարեգործութեան մը կը խորհի, մատուռ մը կամ վարժարան կանգնելէ դուրս՝ միջոց մը չերեւակայեր. կը կարծէ որ քառակուսի ու ամուր շէնքի մը կպչելով միայն իր անունը մոռացութիւնէ կը փրկուի. այս է հին բարի սովորութիւնը։

Եւ ահա Իմիրեանց մը կուգայ զարտուղութեան դուռը բանալու. մօտա բարերարն է այս մարդը որ գրական մրցանակ մը հաստատելու գաղափարը առաջին անգամ ինքը կը բերէ մեզի։

Մեծատունները կ’ապշին քիչ մը ու քիչ մըն ալ կը խնդան վրան. հէ՜ք անմիտ մարդ որ փոխանակ շքեղ մարմարի մը ճակատը անունը փորագրել տալու, իր ազգին գրականութիւնը ծաղկեցնելու համար կը շռայլէ դրամը։

* * *

Բայց յառաջդիմութիւնը մարդկութեան ճակատագիրն է։ Անոնք որ հնութիւնը կը պանծացնեն, իրաւ որ չեն ճանչնար զայն։

Հասարակութիւն մը որ հնամոլ բարքեր ունի՝ յետադիմելու դատապարտուած կը մնայ՝ եթէ իր խորհելու, զգալու ու աշխատելու եղանակները չի նորոգէ։

Տեսէ՛ք մեր արհեստները, անոնք՝ որոնցմով այսքան էսնաֆութիւններ հաստատուած էին՝ չքաւորութեան, աղքատութեան մօտեցած։

Տեսէ՛ք մեր սարրաֆները, անոնք՝ որոնցմով այնքան ամիրաներ փայլեցան, հիմա սնանկութեան դրացի։

Տեսէ՛ք մեր վաճառականութիւնը, ան՝ որով եւրոպական վարք ու յարգ ստացած էինք ատենով, հիմա անել տագնապի մատնուած։

Անոր ամար որ այդ արհեստները չի գիտցան ժամանակին հետ նորնալ։

Մօտանամեն բանի մէջ կար, եւ փոխանակ օգտուելու անկէ՝ մերինները կ’ընդվզէին տնտեսական ու յառաջդիմական այս պայմաններուն դէմ։

Վաճառականը իր պասման չի թողուց ձեռքէ. սարրաֆը՝ իր տոկոսը, Աւանդութիւնն էր այս որ նորաձեւութեան դէմ կը մաքառէ ու կ’ընկճէր։