Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՌԱՍԽԱԼ ՄԸ

Մեր սակաւախօս Ժողովներէն մէկը՝ ապահովապէս Տնտեսական Խորհուրդն է։

«Պարտ ու պատշաճը տնօրինեց»ի, «հարկ եղած կարգադրութիւնները ըրաւ»ի, «Վարչութեան տեղեկագրեց»ի պէս որոշումներէն զատ, որոնք մահկանացուներու անհասկանալի ըլլալու առաւելութեանը կը միացնեն նաեւ անքննադատելի ըլլալու առաքինութիւնը, ոչինչ դուրս կը սպրդի այս Ժողովին աշխատութիւններէն։

Խորհեցէ՛ք, կը խնդրեմ, ի՞նչ կրնենք գտնել քննադատելի բան հոն ուր արդէն պարտ ու պատշաճ տնօրինուած է եւ կամ կարելին ի գործ դրուած։

Ասանկ Ժողով մը քննադատելու համար ուրիշ բան չի մնար, բայց եթէ պահանջել որ իր ծանօթ ուշիմութեանը մատուցուած խնդիրներուն վրայ՝ անպատշաճ տնօրինութիւններ ընէ հարկ չեղածը ի գործ դնէ։

Տնտեսական Խորհրդին ազգային օրագիրներու հաղորդած վերոյիշեալ բանաձեւներուն մէկ ձախող հետեւանքն է անշուշտ որ ամլութեան մատնուած է իր գործունէութիւնը քննադատելու մարմաջը՝ զոր, ամեն չարամիտ հրապարակագրի պէս, ա՛լ ես կ’զգամ ներսիդիս։

* * *

Բայց եթէ իր ըրածներուն վրայ կարծիք մը յայտնելու բացարձակ անկորողութեան մէջն ենք, գէթ իր չըրացերը կրնաք գիտնալ եւ այս կարգին թուահամարը, Պատրիարքարանի յատոկ բառ մը գործածելով, շատ երկար է։

Ուշադրութեան արժանի նախ՝ որ Տնտեսական Խորհուրդը ազգային այն մեծ հաստատութիւններուն համար, որոնց ելեւմուտը խիստ կարեւոր թուանշաններով կը բաղադրուի, բոլորովին օտարոտի ձեւ մը ունի։ Անոնց խանգարեալ մատակարութիւնը, որ սակայն իր ձեռնհասութեան տակ կ’իյնայ եւ իր հնարիչ գործունէութեանը եւ իր պարտ ու պատշաճ տնօրինութեանց յաւիտենական կարօտեալն է, երբեք այս անտեսող Խորհրդին մէկ ակնարկին չէ արժանացած։

Ոչ Հիւանդանոցը, ոչ Կեդրոնական վարժարանը, ոչ գաւառային աղքատ վարժարանները հոգացող Ընկերութիւնը, որոնց պիւտճէներուն հաւասարակշռութիւնը, ընկղմելու մօտ շոգենաւի մը վեր ելած ցռուկին պէս ծռած է իր բանիբուն խնամքները չեն վայելած։

* * *

Բայց ասոր փոխարէն կ’ընդունինք եւ կը ճանչնանք, որ ատեն ատեն կը քննէ, կը վաւերացնէ եւ պատերուն կը փակցնէ թաղականներուն անվերծանելի հաշիւները որոնց մէջէն դուրս ելլելու հնարքը կը գտնէ սակայն։

Կը լսենք նաեւ որ, տեղ մը պատրաստ դրամներ տեսած ատեն, անոնց գործածութեան եղանակին վրայ խորհուրդ տալու մեծ յօժարութիւններ ունի, որոնք զինքը մինչեւ իսկ վէճի բռնուելու ու պայքարի ելլելու կը մղեն։

Ապաքէն, պատրաստ դրամը ծախսելու, հոս հոն յատկացնելու գործին ամեն ոք ձեռնհաս ու կարող է մեր ազգին մէջ. մրցում պակաս չէ երբեք արժանիքը ապացուցանելու այս կէտին մէջ։ Դրամ ճարելու գործին ճակատագիրն է միայն անկարողներու բաղխիլ, այն նոր հարսին պէս որուն ձախողուածները, սա վարջին տարիներուն ամուսնալուծական խնդիրներուն մէջ, է՛ն եզականը հանդիսացան։

* * *

Այս ամենը կը թելադրեն զիս մտածելու որ այս խորհրդին սովորական հանգամանք է թերեւս տեսնել միայն այն բաները որոնց հետ, կարեւորագոյն խնդիրներու բաղդատմամբ, զբաղիլը մեղք է, եւ չտեսնել ճիշդ անոնք զոր հարկ էր ուշադրութեան եւ գործունէութեան առարկայ ընել. ճիշդ ու ճիշդ Անտեսական Խորհուրդն է այս, փոխանակ Տնտեսական Խորհուրդը ըլլալու։

«Ա»ի եւ «Տ»ի տարբերութիւն մը բոլորը։ Տառասխալ մը։