Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ՎՐԴՈՎՈՒՄ]

Պատահեցաւ ինչ որ գուշակեր էին. ինչ որ կը պատահի երբ ի լուր աշխարհի հռչակուած ճշմարտութիւն մը սքօղուիլ կ’ուզուի. երբ հանրային խղճմտանքին դէմ այսքան ծանր անարգանք մը կ’ըլլայ ու բռնի կը պահանջուի իբրեւ եկեղեցական յարգել պատուել մարդ մը՝ որ եկեղեցական կանոններու դէմ եղծումներ ըրած է, եւ որուն անարժանութեան ապացոյցները ձեռուընիս են։

Կ’ուզեն որ խոստովանինք անխոստովանելի քահանային ու Ս. Հաղորդութիւնը ընդունինք անընդունելի եկեղեցականէն. ո՛չ, այս խղճի ճնշումին առջեւ Օրտուի հասարակութիւնը չի խոնարհիր. եւ ահա բողոքներ կը հասնին որոնց մէջ ապշութիւնը, զարմանքը, ցաւը, ցասումը կը կարդացուին։

Անխորհուրդ վճիռներուն հետեւանքն է այս որ շատ կը նմանի ուրիշ աւելի ծանր հետեւանքներու սկզբնաւորութեան մը, եթէ Ամեն Ս. Պատրիարք Հայրը այն ընդհանուր ու արդար վրդովումին առաջքը առնելու յարմար տնօրինութիւն մը չընէ։

Մոռնալու չէ թէ կրօնական անջատումներու սկզբնապատճառը յաճախ շատ աւելի թեթեւ զեղծումներ եղած են։

Սեւ Ծովի քաղաքներու մէջ հաստատուած հայերուն ետեւն պտտող բողոքական ու հռովմէական հովիւներ ապակաս են եւ անմոռանալի սրտի ցաւ մը պիտի ըլլայ հարկաւ Ամեն Ս. Պատրիարք Հօր եւ իր արդիւնաւոր պաշտօնավարութեան համար ալ տխուր բիծ մը, եթէ Օրտուցիները՝ արդարութեան երեսը տեսնելէ յուսահատ, մեղադրելի բան մը ընեն։

Ս. Պատրիարք Հօր լուրջ ուշադրութեան կը յանձնենք թէ օրտուի քահանային խնդիրը երբեք օրինաւոր վճիռով մը լուծուած չէ. Տրապզոնի Տեղապահին քննութիւններու արժէքը զրկող ոչինչ բերուած է, եւ այդ քննութիւնները ա՛լ աւելի հաստատող ապացոյցները լի ու լի կեցած են եթէ զանոնք տեսնել ուզող մը գտնուի։

Ինչ որ բոլոր Օրտու քաղաքը ունի իբրեւ եկեղեցասէր, դպրոցասէր հայեր թաղական ու հոգաբարձութիւն, անոնք ԱՄԵՆՔԸ միահամուռ կը մերժեն այս մարդը եւ Մասիս չկրնար իր ձայնը չի միացնել այս արդար բողոքներուն։ Անմիջական բանը արգիլելն է այս մարդը Օրտու վերադառնալէ եւ յետոյ առանց աճապարելու լուրջ ու արդար քննութենէ մը վերջը հարկ եղածը տնօրինել։