Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՏ ՏՈՒԷ՛Ք ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գարակէօզեան կտակը պարուրող վարագոյրը վերցաւ, եւ ամեն ոք իրաւունք ունի ստոյգ հիման մը վրայ իր դատաստանը ընել ու կարծիքը տալ։

Ուրեմն ստոյգ է անհաւատալի բանը, ստոյգ է որ հարուստ հայ ժառանգորդներ որոնց գովեստը ժողովները ըրին յոտնկայս ի լուր աշխարհի, որոնց վրայ Պատրիարքներ օրհնութիւններ տուին, ժառանգորդներ որոնք կարօտութիւն չունին դրամի, նախ՝ անոր համար որ շատ ունին դրամ, եւ երկրորդ՝ անոր համար որ հարուստի կեանք ու կենցաղ ալ չեն վարեր. այդ ժառանգորդները այս երրորդ անգամը կը զիջանին իրենց աւանդ ձգուած դրամ մը չվճարել. եւ վերջին անգամ՝ իրենց պատկանած հասարակութեան ութսուն հազար ոսկին կ’իւրացնեն առանց վարանելու։

Մինչեւ որ այս բանը պաշտօնապէս չհաստատուեր, իրաւունք ունէինք երկմտելու. հիմա ցաւելու միայն պարտաւորուած ենք։ Բայց ցաւելէ առաջ պէտք է խորհրդածել քիչ մը. պէտք է այս տխուր իրողութենէն ընդհանուր դասը քաղել, հարուստներու բարքերը անգամ մըն ալ մատնանիշ ընել եւ անգամ մըն ալ մեր Պատրիարքներուն այս կտակներուն մասին տուած օրհնութեանց որքան խոտորած ըլլալը հրապարակել։

Չգիտցողներուն համար ըսենք նախ որ այս երրորդ կտակն է որուն դրամը Գարակէօզեան ժառանգորդներ կը իւրացնեն։

Առաջին. Դանիէլ Գարակէօզեանի կտակ. Նառլըգաբուի մէջ կրթական հաստատութեան համար. փճացած։

Երկրորդ. Բիւզանդ Գարակէօզեանի կտակ վաճառականական դպրոցի մը հաստատութեան մը համար, փճացած։

Երրորդ. Տիգրան Գարակէօզեանի կտակ. դարձեալ ուսումնական հաստատութեան մը նպատակով. փճացած։

Ստոյգ տեղեկութեանց նայելով, Տիգրան Գարակէօզեանի թողած հարստութիւնը 240, 000 օսմ. ոսկիի պատկառելի գումարը կը կազմէ, որուն 160, 000 ոսկին կ’ստանան արդէն այն ժառանգորդները որ ազգին պատկանող մնացած 80, 000 ոսկին չեն ուզեր յանձնել մեր որբերուն։

Հանգուցեալին այս իշխանավայել նուէրը ու առատաձեռնութիւնը վայելելէ ետքն է որ Գարակէօզեանի ժառանգորդները անոր վերջին կամքը գործադրելու եւ անոր անունը անաղարտ պահելու շնորհը կը զլանան անոր գերեզմանին. ասիկա հանգուցեալին դէմ է. մեզի չի վերաբերիր։

Մեր որբերուն 80, 000 ոսկին վճարել չուզող ժառանգորդներուն գլուխը կը գտնենք նախ քաղ. [աքական] Ժողովի անդամ մը, Գրիգոր էֆ. Գարակէօզեանը, մէկը որ պաշտօն ունի իր հասարակութեան որբերուն, աղքատներուն շահերը պաշտպանել. այդ մէկը կը գտնենք այդ խեղճերուն դէմ ի գործ դրուելու վրայ եղող զրկանքի մը յայտնի ու համարձակ կազմակերպողը:

Միամիտ մարդիկ չեն ըմբռներ հարկաւ այս հակասական դիրքը. կը խորհին որ նախ պէտք է մերկացնել այդ մարդը իր պաշտօնէն որ Նեսոսի պատմուճանը ըլլալու էր իրեն այս ժամուս։ Ազգին ժողովներուն մէջ ներելի չէ որ աթոռ ունենայ այն անձը։ Պատիժը մը չէ այս, այլ վիճակ մը զոր պէտք է ճշդել ամեն բանէ առաջ։

Արդարութիւնը կը պահանջէ սակայն շփոթութիւն չմտցնել այս ժառանգներուն եւ Գարակէօզեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն մէջ, որոնց մէջ խղճի ու սրտի տէր եղողներ ալ կան եւ որոնք մեզի չափ կը ցաւին այն անակնկալ տեսարա­նին առջեւ զոր իրենցմէ ոմանք աշխարհի առջեւ կը պարզեն։

Գալով աւելի դրական մասին, իրա՞ւ է որ մեր հասարակութեան իրաւունքը պատմուածէն չափ տկար ու անպաշտպանելի է։ Կտակին ստորագրութեան քով իբրեւ վկայ ուրիշ ստորագրութիւն դրուած չըլլալը կամ թուականին մոռցուած ըլլալը կտակին վաւերականութիւնը կրնա՞ն եղծել։ Բնաւ երբեք. թուական չըլլալը օգտակար է քան վնասակար։ Ով որ ասոնցմէ հետեւցնէ թէ մեր հասարակութեան դատը վաստկուելիք դատ մը չէ ըստ օրինի, ուղիղ բան մը ըսած չըլլար. ոչ մէկ օրէնսգէտ, ոչ մէկ փաստաբան կրնայ ասանկ ճշմարտութեան հակառակ վճիռ մը տուած ըլլալ։ Խորհուելիք մաս մը, եթէ կայ, այն ալ վագըֆ կալուածներուն վերաբերած մասն է. ահա միակ տկար կէտը այս դատին։

Կը զարմանանքը ուրեմն տեսնելով որ Քաղաքական Ժողովը եւ ազգին Պատրիարքը յանձնառու կ’ըլլան % 25 համեմատութեամբ իրաւախոհութեան մը։

Բայց ասկէ աւելի պատճառ մը կայ իրաւախոհութեան կողմը չերթալու, հասարակութիւն մը անհատ մը չէ, բարոյական անձնաւորուիթիւն մըն է։ Կամ իրաւունք ունի մեր հասարակութիւնը իր պահանջումին մէջ կամ՝ ոչ. եթէ իրաւունք ունի չի՝ կրնար, ներելի չէ իրեն զիջողութիւն ընել. եթէ չունի՝ պէտք չէ որ մէկ փարա ստանայ Գարակէօզեան ժառանգորդներէն։

Եւ ամեն բանէ աւելի պէտք չէ թոյլ տալ որ այդ մարդիկ որ, այս երրորդ անգամ ազգին դրամը կը մերժեն վճարել, որ որբերուն ու խեղճերուն ստակը ու աւանդը ի շահ իրենց կը խորեն, ո եւ է հաստատութիւն մը ունենան մեր մէջ իրենց անուամբ, եւ անոնք որ թոյլ պիտի տան հանրային խղճմտանքը վիրաւորող հաստատութեան մը հիմնուիլը, մնայուն բանի մը արտօնութիւնը տուած չպիտի ըլլան։

Գարակէօզեան ժառանգորդները թող քաջ գիտնան որ իրենց սակարկած որբանոցը Քաղաքական ու Կրօնական Ժողովներէն որքան ալ ընդունելի դատուի, միշտ քննադատուած պիտի մնայ մեր հասարակութենէն։

Ատենով Ֆրանսայի մէջ ուսանողութիւնը կաղամար մը նուիրեց հրապարակագրի մը որ իրեն սիրելի կարծիքներ կը պաշտպանէր։ Վերջէն այդ մարդը իր առջի գրածներուն հակառակ բաներ ըրաւ։

Այն ատեն չարամիտ իրեն դէմ յօդուած մը հրատարակեց, որ սա վերնագիրը կը կրէր.

«Ետ տուէ՛ք կաղամարը»։

«Այդ կաղամարը, կ’ըսէր, ձեր առջի հրատարակութիւնները վարձատրելու համար էր։ Հիմա որ ատոնց հակառակը կը վարուիք, այդ վարձատրութեան վրայ իրաւունք չունիք։ Ուրեմն՝ ետ տուէ՛ք կաղամարը»։

Կաղամարին յօդուածը մեծ աղմուկ ու դղրդում հանեց բովանդակ Ֆրանսայի մէջ. փողոցը դէմը ելլող մարդը նախկին հրապարակագրէն ետ պահանջեց անարժանաբար ձեռք անցուցած կաղամարը։

Մեր Պատրիարքներն ալ ատենով շատ մը օրհնութիւններ տուին Գարակէօզեան ժառանգորդներուն. հիմա երբոր այս վերջինները կը մերժեն իրենց պարտքը կատարել ու խոստումնին պահել, իրաւունք ունինք ըսելու երեսնուն. «Ետ տուէ՛ք գոնէ մեր օրհնութիւնները»։