Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՈՒՔԻ ՄԸ ԵՏԵՒԷՆ

Վէճը նոր չէ։

Ասկէ քսան տարի առաջ Հայրենիքին մէջ յուզեցինք ազնուաշուքի, վսեմաշուքի հարցը ու վճռեցինք որ մարդկային ունայնամտութիւնը վերջապէս սահման մը ունենալու է։ Վճռեցինք որ ոչ զոք ծիծաղ ու խնդուք միայն պատճառելիք տիտղոսներով չորակենք այսուհետեւ եւ այնպէս ալ ըրինք։ Համօրէն Հայ ազգը մեզի ծափահարեց։

Մնաց որ այս գաղափարը մեր գիւտը չէր, շատոնց ի վեր ընդունուած բան մըն էր ռամկավարական Եւրոպայի մէջ։ Դար մը առաջ արդէն Ֆրանսան ի սպառ ջնջած էր տիտղոսներու եւ պատուանուններու գործածութիւնը եւ մեր մէջն իսկ Թուրք համբաւաւոր գրագէտ մը իր հզօրաշունչ մէկ քերթուածին մէջ՝

Իմ պատուանշան չունենալս՝ է՛ն մեծ պատուանշանս է գոչած էր։

Մէկ քանի Հայ յետադէմ գրողներ ցանցառ բացառութիւն մը կազմեցին։ Պատրիարքարանը իր աւանդամոլ ուղիովը անցեալին կառչած մնաց հաստատամիտ ոստրէի մը պէս որ քարի մը կը փակչի։ Այն սեւ օրերուն մէջ ուր մեր ազգային, լաւ եւս է ըսել հակազգային իշխանութիւնը այս երկիրը եղծող, ապականող մարմիններուն դաւանակից ու գործակից դարձած, անոր տխուր բարքերը իւրացուցած էր այդ իշխանութեան պատուանդանի ու տիտղոսի առջեւ կատարած ծեքծեքումները, հնարած նորանոր պարերը, կաքաւած cakewalk [1] ները իր ստորնացած ու փճացած նկարագրին ամենէն ակներեւ ստորոգելիքը կազմեցին։ Հայ ազգը գանելանքով ու զզուանքով լեցուած ակամայ եւ լուռ հանդիսատեսը եղաւ խաղերուն։

Նոյն իսկ այդ օրերուն մէջ ամեն անգամ որ գրիչս ձեռքս առի պատահաբար այդ խաթարումներուն, այդ նուաստացումներուն դէմ, այդ պատուանուններուն գործածութեանը դէմ կռուելէ վայրկեան մը չդադրեցայ։

Այս է անցեալը։

* * *

Օսմ. Յեղափոխութենէն ետքը Պոլիս վերադարձիս երբ Օսմ. սահմանադրական Հայ ակումբ մը կազմելու աշխատութեանց մասնակցեցայ, «ազնուաշուք»ներով ծածկուած պահարաններու դէմ կռիւս վերսկսայ իսկոյն եւ Ակումբին ղրկած հրաւիրագիրներուն մէջ անոնց գործածութիւնը արգիլեցի։ Երբոր Քաղ. Ժողովի անդամակցեցայ, Պատրիարքարանին գրագիրներուն միեւնոյն հրահանգը տուի. ու տեսնելով որ անոնք կը շարունակեն «ազնուաշուք»ի տարափով մը զմեզ ողողել, իմ դիտողութիւնս կրկնեցի ժողովին մէջն ալ։ Խօսակցութիւնը հինգ վայրկեան միայն տեւեց։ Պաշտօնակիցներէս ոմանք դիտել տուին թէ Պատրիարքարանը տէրութեան կողմէ աստիճան ստացող անձերու ուղղած նամակներուն մէջ չի կրնար այդ աստիճանին համապատասխանող յարգական ածական մը չի դնել եւ այս առթիւ յիշեցուցին ինծի որ Նորատունկեան Գաբրիէլ էֆ. ն Պալայի աստիճան ունենալով պարտաւոր էինք զինքը «վսեմաշուք» կոչել։ Այս անդիմադրելի փաստով զինուած՝ ապացուցանել ուզեցին որ պարտաւոր էինք շուքերու բազմազան երանգները պահպանել, երանգներ՝ որոնք մութ երեսներէ մինչեւ այծառ դէմքերու կը յանգին, տեսակ մը հակառակ Նիւթընի երփնագոյն ուրուապատկերին որ մինչեւ նարնջագոյնը կը հասնէր ատենով եւ որ հիմա Ռատիօմի շնորհիւ՝ աւելի հեռաւոր սահմաններու մէջ կը թեւակոխէ՝ անծանօթ գոյներ ու երանգներ ի յայտ կը բերէ որոնք հարկաւ նոյնքան անծանօթ բարոյական նկարագիրներու կը համապատասխանեն։

Կը թուի ինծն թէ երբ Նորատունկեան էֆ. ի գիր մը ուղղեն իբրեւ հանրային գործոց նախարար, իրաւունք ունին իր պաշտօնական պատուանունը գործածելու, բայց ազգային շրջանակի մէջ, իբր քաղաքացի ոչ իրեն ուղղուելիք նամակներուն մէջ «վսեմաշուք» տիտղոսին պահպանում անհրաժեշտ չէ։

Բայց պաշտօնակիցներս խորհեցան որ «ընկալեալ սովորութիւն» մը գրչի հարուածով մը բառնալու վրայ էր խնդիրը եւ որքան ալ բացարձականօրէն վատթար ըլլար այդ սովորութիւնը, չի համարձակեցան այն յեղափոխական gest [2] ը ընել։

Այս է ներկան։

* * *

Ըսին ինծի որ Բիւզանդիոնը մատը փաթթեր է այս աննշան դէպքը իր սովորական բարեխղճութեան համեմատ խեղաթիւրելով զայն։ Վերը բացատրեցի որ Նորատունկեան էֆ. ին անձը երբեք խնդրոյ նիւթ չէ եղած իմ կողմէս։ Վսեմաշուքներէ աւելի, որոնց թիւը բարեբաղդաբար ցանցառ է, ազնուաշուքներու առթիւ յարուցի այս խնդիրը, ազնուաշուքները որոնց մէջն է նաեւ իմ խոնարհ անձնաւորութիւնս ալ։ Այս խեղաթիւրումը չի զարմացներ զիս։ Բիւզանդիոն իր աւանդական դերին մէջն է. ճահաւոր թէ անճահ, նախարարի մը դիմաց խնկարկութիւն ընելով. եւ եթէ առիթը չգնայ, ստեղծելով զայն. եթէ իրողութիւնը բոլորովին չի պատշաճի, ասանկ չնչին դժուարութեան մը առջեւ չի կասելով, այլ եղծանելով ճշմարտութիւնը իր անձնական նկատումներուն պէտքին չափ։ Ես համոզուած եմ Նորատունկեան էֆ. ն այս թերթին թիւրաշուրթն փաղաքշանքներէն մեծ հաճոյք մը չզգար։ Համոզուած եմ որովհետեւ կը հաւատամ որ այս նախարարը լուրջ անձնաւորութիւն մըն է եւ գիտակից, եթէ ոչ բոլորովին սրտակից այն ռամկավարական մթնոլորտին, որուն մէջ պիտի ապրինք այսուհետեւ։

Երեսուն տարիէ ի վեր յորմէ ետք Պ. Բիւզանդ Քէչեան եւ ես օրագրողի ասպարէզին մէջ ենք, նա շարունակական կերպով ես ընդհատաբար, չի պատահեցաւ հարց մը, գրական կամ մտաւորական, քաղաքական կամ տնտեսական, որուն վրայ համաձայն գտնուէինք իրարու։

«Ընկալեալ գաղափար»ներու ահագին պաշարին վրայ որով կազմուած է իր հմտութիւնը՝ առաթուր կոխած անցած եմ, սրբապղծութիւն մը ընողի տպաւորութիւն մը ձգելով իր եւ իր համախոհներուն վրայ։

Այն անջրպետը, չըսելու համար այն անդունդը, աւելի եւս խորունկ բացուած է մեր մէջը այսօր որ Օսմ. Յեղափոխութիւնը իր կուռքերը, անձեր կամ գաղափարներ, փշրեց կործանեց։

  Հասկանալի է որ ատոնց մշտնջենական սուգը պահէ այսուհետեւ. բայց պէտք է խորհի քիչ մը թէ ժամանակագրական սխալի մը, խոշոր սխալի մը ձեւով շարունակ ի հանդէս գալով, այսուհետեւ մեծ բան մը չի կրնար շահիլ։ Եւ այս է Բիւզանդիոնը։



[1]            մանրաքայլ պար

[2]            արարք, քայլ