Միջերկրականի յիշատակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա. - ԿՐԻԱՆ
       Անեզր անսահման ծովուն մէջ, մեր շոգենաւը կ’երթայ անդուլ ու մենակերպ յառաջխաղացութեամբ, տիտանեան կնոջ մը շնորհալից կոտրտուքով։ Մեր ոտքերուն ներքեւ կ’զգանք անոր ծածանքը գլուխէն մինչեւ յետոյքը, կոհակին անձնատուր ու անոր լուսերանգ համբոյրներուն տակ սարսռագին։ Ջուրը կը ճերմկի, կը խշրտայ չորս բոլորտիքը, գոգաւոր փրփրալից ակօսի մը մէջ դեռ երկար ատեն պահելով շոգենաւին անցքին դրոշմը, հետզհետէ աւելի լայն ու աւելի անորոշ ծփանքներով որք մեր ետին կը կորսուին։
       Արեւը միահեծան կը տիրէ այստեղ, արձակ ու անարգել, ամէն կողմ թափելով իր պողպատի պէս ցուրտ ու փայլուն ճառագայթները նոյեմբերի. ու ջուրին վրայ, փալփլուն լոյսի անհատնում ճառագայթացում մը կ’երկարի աչքը կտրածին չափ, հորիզոնին հետ խառնուելով ու այնտեղ ձեւացնելով ստուերախառն բոլորակ մը։
       Հորիզոնին վրայ, չորս կողմ, բա՛ն մը չ’երեւիր։ Հեռադիտակն երբեմն երբեմն երեւան կը հանէ, տարտամ գոլորշիներու մէջէ, հեռաւոր շոգենաւի մը կայմերն ու մարմինն, որք ընդհուպ կ’անհետին։ Լռութիւնը խորին, ահաւոր բան մը ունի այստեղ, այդ հեղուկ անծայրածիր զանգուածին լռութիւնն, որ իր մէջը կը խեղդէ նաւուն անհեթեթ կոյտին խուլ դրնդիւնը։
       Կ’երթանք անդուլ, անդադար կ’երթանք։ Ծովն հանդարտ է միշտ. թեթեւ հով մը կը փչէ թարմ ու աղի, մորթին վրայ թողլով տամուկ եղկութիւն մը։ Աչքը կը յոգնի նայելով ծովուն կապոյտին, որ, հեռուէն հեռու, սպիտակ բբուկներով կը ցանցնուի։ Ու աչքին այդ յոգնութիւնը մտքին կ’ազդէ, անդամներուն կը ներգործէ։ Նաւուն յետսակողմը, փայտէ նստարանին վրայ բազմած, յոգնութենէ ու ձանձրոյթէ ա՛լ աւելի տիրապետող բան մը կ’զգաս, ամբողջ մարմնոյդ անէացումը, զգացումներուդ ու զգայութեանցդ ընդարմացումը, բոլորագիծ շրջապատկերին անշարժութեանը մէջտեղ։
       Ո՛չ կին, ո՛չ գիրք, ո՛չ դաշնակ, ոչի՛նչ. կապոյտը որ գլխուդ վերեւ կ’ոսկեզօծի, ու ջուրին մէջ կ’անդրադառնայ լուրթ երանգներով. ու փայտէ նստարան մը, մութ նարնջագոյն ներկուած, այնտեղ դրուած իբր սահման բոլոր գործունէութեանդ։ Խոշոր ահագին շուն մը կայ, աղտոտ երկար մազերով, որ չի մօտենար սակայն, հեռուէն կասկածոտ նայուածք մը նետելով օտարականին վրայ։ Միակ հաճոյքը որ կը մնայ, ծխելու հաճոյքը, տարօրինակ կերպով կը նուազի, կը ցրտանայ այստեղ, այս արձակ ծովուն մէջ, ու ներքին, խոր, անբացատրելի ցաւի մը կը փոխուի. հովն անմիջապէս կը տարտղնէ, կը ցնդեցնէ կապտորակ ծուխի յորձանքներն որք բերնէդ կ’ելլեն, ու անոնց դանդաղ ծածանումներուն ու երանգներուն աստիճանական նուազումին հետեւելու զբօսանքէն կը զրկէ զքեզ։ Ասոր համար է որ մարդս չի ծխեր մութ տեղ մը։ Կոյրերը չեն ծխեր, եւ եթէ ծխեն իսկ՝ մեծ հաճոյք չեն առնուր։
       Նաւաստիները կուգան կ’երթան մերթ ընդ մերթ, անձայն անշշուկ, իրենց պարտականութեան ամենօրեայ կատարմանը մէջ վաստկած այն լուրջ անտարբերութեամբ որ իրենց արեւէն ու ծովէն այրած դէմքերուն վրայ կը տիրէ։ Նաւուն մէջտեղը, դունակին վրայ, նաւապետին գլուխը կը նշմարուի գրքի մը վերեւ կրթնած։
       Միակ զբաղումս է դիտել այդ մարդերուն աշխատութիւնը։Օրուան ամէն ժամուն, արշալոյսին ու վերջալոյսին, երէկ որպէս եւ այսօր, այսօր որպէս եւ վաղը, այդ մարդիկ իրենց գործին գլուխն են, կեանք ու սնունդ տալով փայտի ու երկաթի ահագին կոյտին որ կը տանի զմեզ։ Սովորական դէմքեր են, հիւսիսային Անգլիոյ կապոյտ աչքեր ու խարտեաշ, երբեմն իսկ շէկ մազեր, ամէնքն ալ առոյգ, կայտառ, կորովով լեցուն։
       Մէկը միայն ուշադրութիւնս գրաւած էր առջի օրէն. պզտիկ կուզ մը, սա՛չափ, պեխի ու մօրուքի երկար թելերով որք իր նիհար կապկի դէմքը կ’աղտոտէին։ Տարիքը… չեմ կրնար ըսել. քսան՝ թերեւս իր կապոյտ խոշոր աչքերուն, ոչխարի անուշ աղուոր աչքերուն նայելով. բայց եթէ երեսուն, քառասուն ալ ըսէր, չպիտի զարմանայի, յոգնած ու քաշուած դիմագծերը դիտելով։ Իր գործին գլուխն էր միշտ, ամէն առտու, իր հասակէն շատ բարձր աւելով մը մաքրելով երկաթեայ տախտակները։ Բայց պէտք էր տեսնել զինքը չուանի մը ծայրը, սանդուղը իջեցնելու կամ բարձրացնելու ատեն, առագաստները բանալու կամ ամփոփելու ժամանակ, իր բարակ երկար թեւերովն անկից կախուած, ու ամէն ցնցումին, իր կուզն աւելի ցցուելով երկու ուսերուն մէջտեղը, ու սուր ձայնով մը որ իր ընկերներուն բամբ ու խշռպոտ ձայներուն կը տիրապետէր, զուարթ սրինգի մը պէս արձակելով.
       - Հօ՜, հէ՛հէ՜յ, հէ՛հէ՜յ…
       Ու չուանին իւրաքանչիւր քաշուածքին, իր նկուն հասակն ա՛լ աւելի կը ցածնար, մինչդեռ ընկերները խնդալէն կը մարէին, անոր ուսերուն վրայ ծանրանալով ու ջանալով աւելի տափակցնել զայն, գետնին հաւասարեցնելու աստիճան։
       Առջի օրն իսկ արդէն ուշադրութիւնս ու կարեկցութիւնս գրաւած էր, երբ տեսայ որ քիչ մը յետոյ ինծի կը մօտենար, նաւուն յետսակողմը, ու գետինը կը դնէր բան մը զոր նախ չէի նշմարած իր ձեռքին մէջ։ Այո՛, պզտիկ կրիայ մըն էր, պզտիկ, ափի մը մէջ սեղմելու չափ, սիրուն, բայց սիրո՜ւն։ Բաց կանաչագոյն պատեանին վրայ սեւ գծերով քառակուսիները կանոնաւորապէս շարուած էին։ Անասունը հինգ վայրկեանի չափ սպասեց հոն, ու յետոյ, պատեանին վերի բացուածքէն, պզտիկ գլուխ մը երեւցաւ, թոմթռկած երկար վիզով մը, կամաց կամաց աւելի երկարելով, խարխափումի մը պէս, թաղանթապատ մանր աչքերովը չորս դին դիտելով. յետոյ չորս թաթերը երկարեցան քիչ քիչ, եւ երբ իր անասունի բնազդումովը հասկցաւ թէ ա՛լ վտանգ չկար, սկսաւ քալել, նախ յամր, յետոյ աւելի արագ, թաթերուն ու գլխին այլանդակ թաւալումով մը։
       Անասունը թողուցի սակայն ու սկսայ նաւաստին դիտել։ Գլուխը դէպի առաջ ծռած, դէմքին վրայ անճառ երանութիւն մը սփռուած որ իր կապոյտ աչերն աւելի կը խոշորցնէր՝ ծովու բաց լեղակի ցոլացումներով, անասունին կը նայէր, լայն ժպիտով մը որ իր պեխերուն ու մօրուքին թելերուն մէջ կը կորսուէր։ Իրեն մօտեցայ. շարժումէս, կրիան անմիջապէս ներս քաշեց գլուխն ու թաթերն, իր պատեանին մէջ ապաստանելով։
       - Շա՞տ կը սիրէք, ըսի, ձեր կրիան։
       - Օ՜հ։
       Ուրիշ բան չըսաւ. բայց ի՜նչ խանդաղատական շեշտով մը արտասանեց այդ ձայնարկութիւնը, որուն զօրութիւնը պարզ երկարով մը չեմ կրնար բացատրել այստեղ։ Ու անասունը առաւ գետնէն եւ սկսաւ համբուրել, խեցիին կռնակին վրայ, փորին վրայ լեզուն քսկռտելով, գլխուն կողմի բացուածքէն ներս խոթելով ու լզուըռտելով։ Յետոյ բաճկոնը քակեց, ծոցին մէջ դրաւ զայն, երկու թեւերը վրայէն գոցելով, կրքի անսահման ուժգնութեամբ մը։
       Այդ անասունին համար ունեցած յիմարական սէրը իր վրայ զգացած համակրանքս աւելցուց։ Ու մէկ քանի հարցումներով իր պատմութիւնը գիտցայ, իր խեղճ նախնական պարզ հոգին հասկցայ։
       Անգլիոյ հիւսիսային եզերքներուն վրայ ծնած, կանուխէն որբ մնացած, իր այլանդակ կազմուածքին պատճառաւ ամէնուն ծիծաղին ու արհամարհանքին ենթակայ, ծովու կեանքը սիրած էր՝ մարդերէն հեռու ըլլալու համար։ Ծովուն որպէս ցամաքին վրայ մարդկային ապշութեանը զոհ, աշխարհի ամէն նաւահանգիստներուն մէջ պտտցուցած էր իր սապատողի անճոռնի տգեղութիւնը, ամէն ազգի վարձկան տարփանքներու մէջ չկրնալով յագուրդ մը տալ իր սիրատենչ սրտին զսպուած յորձանքին։ Ու ահա երկու ամսէ ի վեր, Ալեքսանդրիոյ մէջ այդ կրիան առած էր դեռ նոր ծնած, ու երկու ամսէ ի վեր, առտու իրիկուն, ա՛լ իր կեանքը կեդրոնացուցած էր այդ պզտիկ անասունին մէջ, անոր վրայ թափելով վերջապէս իր հէգ տխեղծ պատեանին մէջ մթերուած խանդաղատանքի ամբողջ պաշարը։ Ուրիշ անասուն մը չէր ընտրած. շուն մը, կատու մը քուկդ չեն, առանց քեզի կրնան երթալ գալ, առանց ամէն ժամու խնամքիդ պէտք ունենալու. բայց կրիային համար ինք ամէն բան էր, իր պզտիկ սնտուկէն ինք պէտք էր որ հանէր զայն, քիչ մը օդ առնուլ տար, ու նորէն տեղը տանէր դնէր, ի՛նք միայն վայելելով զայն։ Եսական տարօրինակ սէր մը զոր այդ սկզբնական էակը կրցեր էր ըմբռնել եւ գործ դնել, միամիտ մարդու չնչին ու վսեմ յղացում մը։
       …Հօ՜, հէ՛ հէ՜յ, հէ՛հէ՜յ
       Ու ձայնը կը բարձրանար, սուր, զուարթ, չուանին իւրաքանչիւր քաշուածքին զուգաչափ, մինչ՝ իբր արձագանգ՝ անոր կը պատասխանէր միւս նաւաստիներուն լայն կուրծքերէն արձակուած ճգի “Հէ՛, հէ՛”ն։
       Արեւը կը փայլէր ջինջ ու վճիտ, ճերմակ ամպերու պար մը կը խաղար հորիզոնին վրայ։
       Ու կուզը վազելով գացած կրիան բերած էր, բնութեան այս անխնայ պարգեւէն չուզելով անմասն թողուլ իր սիրական անասունը, համբոյրներով ծածկելով անոր պատեանը, փորին կողմը, ուր խեցին աւելի կակուղ էր դեռ, աւելի բաց կանաչ երանգներով։
       Այդ միջոցին կանչեցին զինքը գործի մը համար։ Կրիային նայեցաւ որ հեզիկ հանդարտիկ կը պտտէր՝ իր կողմնակի նայուածքին մէջ յայտնելով իր անբանի ապուշ ուրախութիւնը լոյսէն ու տաքութենէն, եւ ելաւ գնաց։ Պահ մը ես ալ շարունակեցի դիտել անասունն որ նստարանին բոլորտիքը շրջան մը ըրաւ իր կանոնաւոր անփոյթ քալուածքով, տեղ տեղ կանգնելով՝ թերեւս գոհունակութեան ճիկ մը արձակելու համար զոր ես չէի լսեր այլ կը մակաբերէի իր սրածայր գլխուն երերումէն ու աչքին մաշկերուն թարթափումէն, յետոյ թողուցի զայն ու անդին դառնալով սկսայ ծովը դիտել։
       Ակռայներու կճրտուքէ մը ետիս դարձայ յանկարծ եւ…այո՛, կրիան շոգենաւին խոշոր շանը բերանն էր, որ իր զօրեղ ակռայներուն տակ անոր դեռ կակուղ պատեանը կոտրած փորին կողմէն ու մարմինը դուրս քաշած, կ’ուտէր այն պատառ մը միսն որ ամփոփուած էր այդ խեցիին տակ, պեխերն ու շրթունքն արիւնոտ. արեան մէկ քանի կաթիլներ կաթած էին գետինը։
       Շանը վրայ երթալ ուզեցի, երբ տեսայ հեռուէն կուզը որ վազելով կուգար։ Աչքովը փնտռեց անասունը, տեսաւ քիչ մը անդին շունը, ու, աղէտքին արդէն խելամուտ, գլխին զարկածի պէս կեցաւ հոն, իր կապոյտ աչքերը կոպիճէն դուրս ելլելու աստիճան բացած, շրթունքն իրարմէ բաժնուած՝ ապուշի արտայայտութեամբ մը։ Յետոյ դանդաչկոտ քայլերով շանը վրայ վազեց, որ բերնէն թողլով արիւնազանգ պատեանը, փախաւ։ Առաւ զայն, ու իր ձեռքին յուսահատական կախուածքէն հասկցայ թէ աղէտքը կատարեալ էր, ա՛լ անդարմանելի։ Չկրցաւ լալ, բայց արցունքն իսկ պիտի կրնա՞ր սփոփել իր սիրոյն այս վայրագ ու բիրտ ոչնչացումը, իր ներսիդին յօրինած գուրգուրանքի շէնքին այս քայքայումը։
       Քիչ մը ետքը չուանին ծայրն էր նորէն. ու նորէն, ամենօրեայ սովորութեան զօրութեամբը կ’արձակէր իր “Հօ՜, հէ՛հէ՜յ”ը. բայց ձայնին մէջ հիմակ պատռած բան մը կար, ճաթած սրինգի ձայն մը որ կոկորդէն բաժնուիլ չէր ուզեր։
       Ու աչքը դեռ այն կողմն էր որ, մաքուր տախտակամածին վրայ, խեղճ անասունին արեան կաթիլները կը փալփլէին արեւին ճառագայթներուն տակ։
       ( “Հայրենիք”, 13 Յուլիս 1891).