Միջերկրականի յիշատակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ. - ՄԱԹԱԲԱՆԻ ՃԳՆԱՒՈՐԸ
       Հարաւային Յունաստանի ժեռուտ ու լերկ ծովեզերքին ծայրը կ’երկարի Մաթաբանի հրուանդանը։ Անցեալ տարի այս ամսուն մէջ, իրիկուն մը, շոգենաւով անցանք անոր առջեւէն։ Արեւը դեռ իր ամբողջ լոյսը պահած, սաստիկ պայծառութեամբ մը կþոգեւորէր յունական ծովեզերքին այդ լեռները, որք բնութեան աւերը կը ներկայացնեն, մշտնջենական տխրութիւնն այն աննիւթ բաներուն որոնցմէ կեանքը խոյս տուած է։ Ո՛չ դալար, ո՛չ բնակութիւն, ո՛չ շարժում, ոչինչ. ծովուն դիմաց, որ կուգայ իրենց կողերը ծեծել անդադրում, այդ լեռները, բողոքի մը պէս բարձրացած դէպի երկինք, իրենց ամուլ ծոցին բովանդակ դառնութիւնը կը պատկերացնեն իրենց ուրուատեսիլ ցցունքներուն եւ ծործորներուն մէջ։
       Նաւապետին քով ենք, երբոր յանկարծ կ’ըսէ մեզի.
       - Մաթաբանի ճգնաւորը պիտի տեսնենք հիմա։
       Մաթաբանի ճգնաւո՞րը. ա՛հ, այո՛, իմացեր էի, ճգնաւոր մը կայ որ այդ ամայի հրուանդանին ծայրը կը բնակի, ուղեւոր բարեկամներէ անտարբեր ականջով լսուած տարտամ պատմութիւն մը, որ հիմա յանկարծ մարմին կ’առնուր այս համատարած ամայութեան մէջ, ուր ուշադրութիւնս կէտ մը կը փնտռէր անով զբաղելու, ուր նայուածքս վայր մը կ’որոնէր՝ անոր նորութեամբը լենալու համար։
       Քիչ յետոյ, հրուանդանին առջեւն ենք ճիշդ։ Եւ ահա, հետզհետէ, աչքս այդ ընդհանուր մեռելութեան մէջ երեւան կը բերէ ճերմակ ներկուած պզտիկ սիրուն շէնք մը, ու քիչ մը անդին պզտիկ եկեղեցի մը, այն ալ ճերմակ պատերով։ Դրանը առջեւ պարտէզ մը կայ, ուր ծառեր ու կանաչ կ’երեւան, եկեղեցիին զանգակատունը իր սիրուն գլուխը վեր կը բարձրացնէ, վախկոտ, համեստ, իր վերեւ բարձրացող ու երկնցող ժայռերուն սարսափովը կարծես համակուած։ Նեղ ճամբայ մը ոլոր մոլոր կը բարձրանայ շէնքերուն առջեւէն դէպի վեր, դէպի լերան կատարը, ժայռերուն քմահաճոյքին համեմատ փոխելով իր ուղղութիւնը, մերթ կորսուելով մեր տեսողութենէն ու քիչ մը վերը նորէն երեւան գալով, եւ հուսկ ուրեմն անհետանալով լերան ետեւ՝ անկէ անդին առաջնորդելու համար դէպի բնակուած վայրեր անշուշտ։
       Բայց ճգնաւո՞րը, ո՞ւր է ճգնաւորը։ Հարցնելուս չմընար, նաւապետը արդէն կը քաշէ շչակին չուանը, եւ շչակը կ’արձակէ մէկ քանի անգամ իր սուր ձայնը, կոչի մը պէս ազդու եւ պահանջկոտ։ Ու նաւապետը կը պատմէ մեզի պատմութիւնն այդ մարդուն որ տասը- տասնեւհինգ տարիէ ի վեր այդ ծակին մէջ քաշուած, իրեն համար տուն մը եւ եկեղեցի մը շինած, մարդկութեան շունչը տարած է այդ գերեզմանական միայնութեանց մէջ, ինքն իրեն համար առանձին կեանք մը ստեղծելով այդտեղ, դիցաբանական էակի պէս բան մը։ Փոթորկի Ոգի մը այդ մրրկայոյզ ծովեզերքին վրայ՝ այնպէս ինչպէս Վասքօ տէ Կամայի տաք երեւակայութիւնը ստեղծեր է ատենօք, բանաստեղծի խօլ արարչագործութիւն մը զոր այդ մարդը մէն միայնակ իրականացուցեր է այժմ՝ դարերէ ետքը՝ յունական այդ լեռներուն վայրագ շրջապատկերին մէջ։ Տասնեւհինգ տարիէ ի վեր, Միջերկրականի այս ճամբուն վրայէն անցնող ամէն նաւերը, ո՛ր դրօշակի ալ պատկանին, պարտք կը համարին Մաթաբանի առջեւէն անցած ժամանակ հնչեցնել իրենց շչակը, ծովէն ողջոյն մը այդ ցամաքի մինաւորիկ մարդուն, յարգանքի պէս բան մը, ու մանաւանդ արտաքին կեանքին, դուրսի եռացող ու յարահոլով կեանքին մէկ ազդարարութիւնը՝ այդ անշարժ խաղաղիկ մենակեացին։ Բարեպաշտ նաւապետները պարտք կը համարին յաճախ կեցնել անդ իրենց նաւն, եւ ուտելիք ղրկել ճգնաւորին, անոր օրհնութեամբը զօրացած իրենց ճամբան շարունակելու համար անվտանգ։
       Ճգնաւորը չերեւցաւ, ու չցաւեցայ այս բանին համար. իրեն իրագործած բանաստեղծութիւնն այնքան մեծ էր որ մարդը հարկաւորաբար պզտիկ ու տխեղծ պիտի երեւնար աչքիս. մինչ, իր ճերմակ տնակին պատերուն ետեւ քաշուած, կը պահէր իր անծանօթ ու աներեւոյթ էակի բոլոր հրապոյրը։
       Քիչ քիչ կը հեռանանք սակայն այդ ծովեզերքէն։ Մութը կը սկսի կոխել, ծովուն վրայի այն ստուերոտ տարտամութիւնն որ երկնքէն կ’իջնէ ու հետզհետէ կը ցածնայ, մինչ արեւմտեան հորիզոնին վրայ շառագոյն գիծ մը հետզհետէ կը սաստկանայ, կ’ոսկեզօծի, կը հրդեհի, գոյներու տարօրինակ բոցավառութեամբ մը։ Ծովեզերքի լեռներուն կատարները կը կորսցնեն իրենց ձիգ ուղղորդոթիւնը, մութին մէջ պզտիկնալով, հալելով յաջորդաբար։ Ճգնաւորին ճերմակ շէնքերը մինակ կը պահեն դեռ իրենց ամբողջութիւնը, այդ անորոշ յատակին վրայ տարօրինապէս կենդանի եւ զուարթ։
       Ընթրիքի ժամն եկած է սակայն, ու վար կ’իջնեմ։ Երբոր ժամ մը յետոյ վեր կ’ելլեմ, մութը տարածուած է ամէն կողմ։ Երկնքին վրայ աստղերը կը պսպղան։ Հիւսիսային Աստղը, խոշոր, կը փառփառի մանրադիտական փարոսի մը պէս, Բնութեան մեծ փարոսն որ ո՛չ կը շիջանի եւ ոչ կը քայքայուի, յաւիտենականութենէն ի վեր նոյն տեղն անշարժ ու մարդկութեան ծագումէն ի վեր առաջնորդելով սկզբնական մակոյկին ու արդի շոգենաւին, փոթորկին եւ անդորրութեան ալ մէջ։ Արջի համաստեղութեան եօթն աստղերը կը դիտեմ իրենց չափակցական ձեւին մէջ, հին ատեն սովրուած ու վերջէն մոռցուած բաներ յիշելով վերստին, որք յիշողութեան խորերէն մէկիկ մէկիկ երեւան կուգան հիմա, այս հանդարտութեան մէջ մտքին վերստացած վճիտ պայծառութեանը շնորհիւ։
       Մաթաբանը մութին մէջ ահեղ զանգուած մըն է լոկ հիմա, ու անոր ստորոտը՝ կատաղաբար փշրուող կոհակներուն փրփուրին մանեակը հազիւ կ’երեւայ. օղա՛կ մանաւանդ, զոր ծովն իր մոլեգնութեանը մէջ կը կապէ այդ հսկային ոտքերուն։ Ճերմակ տնակն ու ճերմակ եկեղեցին կորսուած անյայտացած են։ Ու նաւին կամուրջին վրայ, գիշերուան այս ժամուն որ ամէն մարդու սրտին խորը թաղուած զգացումներ կ’արթնցնէ, միահեծան խաւարին ու լռութեան մէջտեղ, կը մտածեմ Մաթաբանի ճգնաւորին վրայ։ Կեանքի խնդիրը չէ՞ լուծեր արդեօք այդ մարդը իր պարզ յղացումովը. մեզ տանջող բոլոր հոգերէն հեռու, բնութեան եւեթ անձնատուր որ այն միայն չխաբեր զմեզ, ո՛չ յուսալիք ու ո՛չ կորսնցնելիք բան մը ունենալով, հետեւաբար հատնումէ ազատ, ծովն իրեն սիրուհի եւ ժայռն իրեն ընկեր, ու կրօնքն իբրեւ իրեն գերագոյն մխիթարանք, խաղաղիկ կ’անցունէ իր օրերը։ Մաթաբանի հրուանդանն, այդ մարդուն ամբողջ հոգեկան մեծութեամբը կրկնապատկուած, հիմակ աւելի վեհ երեւոյթ մը հագած էր աչքիս առջեւ, ու մութն որ ամէն կողմէ լեռը կը գրկէր, գերազանցապէս աւելի յարմար կը թուէր ինծի իբր շրջանակ ծառայելու այդ մարդուն վսեմ ու մռայլ խորհուրդին։
       *
       Այս տարի, երկու շաբաթ առաջ, նորէն անցայ Մաթաբանի հրուանդանին առջեւէն։
       - Երկու ժամէն Մաթաբանի առջեւ ենք, ըսաւ երկրորդ նաւապետը Սանդ-Անճէլոյի հրուանդանին դիմաց։
       Ա՛, նորէն պիտի տեսնէի ճգնաւորը, նորէն՝ իր տնակը եւ եկեղեցին։ Ու այս մտածումը ուրախացուց զիս, հին բարեկամ մը տեսնելու, մանկութեան օրերու հին վայրեր ու տեսարաններ վայելելու զգայութեան մը պէս։
       Երբոր հրուանդանին առջեւ կը հասնինք, կ’զգամ որ բանի մը կ’սպասեմ, ճիշդ ինչպէս մարդ մը՝ երկարատեւ բացակայութենէ մը յետոյ՝ կ’սպասէ միեւնոյն տեղը գտնել միեւնոյն շէնքը, միեւնոյն տեսարանը։ Ու, կը յիշեմ յանկարծ, շոգենաւին շչակը պէտք է որ սուլէ։ Եւ սակայն ճերմակ եկեղեցին մեր դիմացն է ճիշդ, զանգակատունը դէպի վեր կը բարձրացնէ՝ վախկոտ՝ իր սիրուն գլուխը, նեղ արահետը ոլոր մոլոր կը բարձրանայ լեռն ի վեր, նոյն տեսարանը, նոյն շրջապատկերը, ու միայն շչակն է որ լուռ կը մնայ։ Բացատրութիւն կը խնդրեմ նաւապետէն ու նաւաստիներէն, ու իրենց պատասխանը սիրտս կը սեղմէ։
       Երկբայութեան հովը որ ցամաքէն կը փչէ, ծովուն վրայ ալ տարածած է իր տիրապետութիւնը։ Ո՛չ նաւաստիներն, ու ո՛չ ալ նաւապետներն ա՛լ առջի հաւատքն ունին հիմա Մաթաբանի ճգնաւորին համար. ո՛չ ուտելիք կը ղրկեն եւ ոչ բարեւ, դունագին վրայէն նաւապետն իր նայուածքն անգամ չդարձներ դէպի եկեղեցիին կողմը։ Ու ցուրտ սկեպտութեամբ մը, նաւաստիները կը խնդան մենակեացին վրայ, տարակոյսներ յայտնելով անոր բարքին վրայ, ծաղրելով անոր հաւատքը։
       Սիրտս կը սեղմուի, չեմ գիտեր ինչո՛ւ։ Մաթաբանը իր վեհութենէն ու պատրանքներէն բան մը կը կորսցնէ յայտնապէս աչքիս առջեւ, ու հիմա հողի սովորական կտորի մը պէս միայն կ’երեւայ, որ առջի հրապո՞յրը չունի ա՛լ։ Ե՞ս արդեօք իմ բանաստեղծութիւնս կորսնցուցեր եմ անկից ի վեր, թէ լեռը. բայց ինծի այնպէս կուգայ թէ անցորդներէն ու շոգենաւերէն լքեալ այդ վայրը ա՛լ իր նախկին կենդանութիւնը կորսնցուցած է, եւ ցուրտն որ հիմակ անոր սրտին մէջ կը տիրէ այդ վայրի ծովափին ու անոր մենաւոր բնակչին նկատմամբ՝ ցրտացուցած է նաեւ այդ լերան բոլոր բանաստեղծութիւնը եւ պզտիկցուցած, գռեհկացուցած՝ ճգնաւորին վայրի ու վսեմական յղացումը։
       Մաթաբանը, այս երկրորդ անգամուն, ի՜նչ հմայաթափութիւն։
       (“Հայրենիք”, 5 Նոյեմբեր 1891).