Միջերկրականի յիշատակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ. - ՎՐԱՆԻՆ ՏԱԿ
       Առաջին անգամ որ տեսայ զիրենք, նաւին կամուրջին վրայ, վստահաբար խօսք ուղղեցի հայերէն լեզուով։ Օ՜, տարակոյս չի կար, Հայ էին, եւ առանց առաջուց տեղեկութեան նշոյլն անգամ ունենալու իրենց վրայ՝ պիտի կրնայի զրուցել թէ Խարբերդցի Հայեր էին ասոնք որ Ամերիկայէն կը դառնային։
       Կը խոստովանիմ թէ գուշակութեան այս կարողութիւնը մեծ արժանիք մը չէ։ Երբոր Մարսիլիոյ շոգենաւի մը վրայ, աղտոտ անկողնի մը քով երկնցած կը գտնէք մարդ մը որ, ֆէսը գլխին, վայրահակ կը մնայ, տխուր, չորս կողմը անցածին դարձածին անտարբեր, մէկի դէմ հարիւր գրաւ դրէք որ Հայ մըն է ան, ու Խարբերդցի Հայ մը, որ Ամերիկա կ’երթայ կամ անկից կը դառնայ։ Գրաւնիդ կը շահիք։
       Երեք հոգի էին, Խարբերդի շրջակայ գիւղերէն, ու անմիջապէս բարեկամ եղանք իրարու, այն միամիտ ու սկզբնական ընտանութեամբ զոր գաւառացիները կ’ունենան։ Մին, բարձրահասակ աղւոր մարդ մըն էր, կապոյտ աչքերով, դեղին մետաքսաւէտ պեխերով որ երկու կողմէն վար կ’իյնային. եւրոպական դէմք մը կատարեալ։ Խմբին առաջնորդը կը թուէր ու ինք կը խօսէր անոնց կողմէ։ Միւս երկուքը պահած էին իրենց գեղացիի անեղծ դրոշմը։ Մին մանաւանդ, գլխիկոր հիւանդ մարդ մը, անծոպ աղտոտ ֆէս մը մինչեւ ականջներուն վրայ քաշած, պեխերուն ծայրերը կտրած, կարծես դեռ նոր ելած էր իր գիւղէն՝ յանկարծակի փոխադրուած նաւին կամուրջին վրայ։
       Իրենց պատմութիւնը ըրին ինծի։ Չորս տարի Ամերիկա մնացեր էին, Ուսթըրի թելի գործարաններուն մէջ աշխատելով, - հայ պանդուխտներուն այդ անյագ Մողոքը որ այնքան զոհեր կ’առնէ իրենցմէ։ Օր չանցնիր որ բանւորներէն մէկուն թեւը կամ ոտքը չմնայ մեքենաներու տակ։ Իրենցմէ մին քաշեց տաբատը եւ սրունքին վրայ ցույց տուաւ լայն կտրուածքի մը հետքը։ Ամերիկացի բժիշկ մը դարմաներ էր զինքը, մինչեւ ոսկորը կտրուած երկու կտորները իրարու միացնելով։ Գործողութենէն ետքը սակայն, վնասուած ոտքը միւս ոտքէն կարճ մնացեր էր։
       - Կաղ մնալ չէի ուզեր, ըսաւ խօսակիցս։ Նորէն բժշկին գացի, նորէն վէրքս բանալ տուի, եւ այս անգամ վերջապէս կրցաւ երկու ոտքս ալ հաւասար ընել։
       Յոգնած ու հիւանդ կը դառնային իրենց տեղը, Ամերիկայի փողոցներուն մէջ ոսկի ժողվելու պատրանքին կորսնցուցած, Նոր Աշխարհի քաղաքակրթութեան վրայ պահելով սակայն անճառ հիացում մը որ իրենց աչքերը խոշոր բանալ կուտար ամէն անգամ որ կը խօսէին ելեկտրական լոյսին կամ լայն պողոտաներուն վրայ, իրենց հայերէն խօսակցութիւնը համեմելով անգլիերէն բառերով, որոնք հաստ ու տափակ հնչականութիւն մը կ’առնէին իրենց բերնին մէջ։
       Քիչ մը դրամով կը դառնային իրենց հայրենիքը։ Ու որպէսզի ա՛լ աւելի հանգստութիւն կարենային տանիլ իրենցներուն, յանձն առեր էին ձմեռնամուտի այդ դժնդակ օդերուն այդ երկար ճամբորդութիւնը ընել նաւին կամուրջին վրայ, իրենց անկողնին ու վերմակին մէջ փաթթուած, անձրեւին ու բուքին ենթակայ։ Բարեբաղդաբար, իմ միջնորդութեանս վրայ, երկրորդ նաւապետը կտաւէ վրան մը կանգնել տուաւ իրենց համար, որ քիչ շատ պիտի պատսպարէր զիրենք։ Վրանին առջեւ նստած կ’ընէին իրենց ճաշը, չոր հացէ ու ձիթապտուղէ բաղկացած, զոր գներ էին ի Մարսիլիա։
       Փոթորկալի ծովը կը տանջէր այդ ցամաքի մարդիկը, որոնք անմիջապէս իրենց ապաստարանը կը քաշուէին։
       * * *
       Այն իրիկունը, հովը դուրսը կը գոռայ, ահաւոր, արձակ միջոցին մէջ թաւալելով իր յորձանքները։ Բնութեան մեծ ձայնն է որ կը բարբառի, իր ահագնութեանը տակ ընկճելով քեզ։ Շոգենաւին լուծքը կը դղրդի, կայմերը կը շառաչեն, շղթաները կը կռնչեն, կը՜ռ, կը՜ռ, կը՜ռ, դագաղը գերեզման իջեցնող չուանին ճռնչիւնէն ալ աւելի սաստիկ ազդելով քեզ անէութեան մահասարսուռ ցուրտը։ Ու ինչ որ ամէնէն աւելի կուտայ ինծի անգիտակից երկիւղի մոռցուած տպաւորութիւնը, խաւարին արհաւիրքը որ աչքդ կը լեցնէր ցնորական պատկերներով, կամ կէս գիշերուան փոթորկի ազդեցութիւնն որ անկողնին խորը կծկտել կուտար մանուկներուն, մատաղ տարիքներու այս սարսուռներուն վերադարձը եւ անբացատրելի պակուցումներու այս յանկարծական վերածնունդը, ինչ որ գերազանցապէս կուտայ ինծի այս ամէնուն ալ տպաւորութիւնը, հովին սուլումն է կայմերուն, չուաններուն եւ ելնարաններուն մէջէն։ Օ՜հ, տարօրինակ նուագախումբը, անհունօրէն երկարաձիգ։ Չէ՛, չուանները չէ որ կ’արձակեն այդ խառնամանեալ ձայները, սուր, թրթռացող։ Ինծի այնպէս կուգայ որ հոգի մը ունին այն խեղճ նիհար թելերը, ու հիմակ հովին մտրակող ուժգնութեան տակ պրկուելով ու գալարելով, ցաւի աղաղակ մըն է որ կ’արձակեն, տառապանքի մարդկային արտայայտութիւն մը։ Սարսուռ մը կը վազէ կը հոսի այդ թելերուն վրայ, որոնք ջիղ են համակ, ու իրենց գերագրգռութիւնը կը հիւսէ այդ նուագը, Պոտըլէռեան երգի մը պէս հիւանդ ու կենդանի։ Այդ չուանները, կ’ապրի՜ն ։
       Վերնայարկի սենեկէն ելլել կ’ուզեմ ու կամաց մը դռնէն դուրս կը սպրդիմ։ Մութ է, թանձրահոծ մթութիւն մը, որուն մէջ հազիւ կ’որոշուի նաւուն զանգուածը տարտամ շրջագծերով։ Կայմերուն ծայրերը կը կորսուին խաւարին մէջ, իրենց ո՛ւր վերջանալու անստուգութեամբը թուելով հասնիլ անհաշուելի բարձրութեանց. շոգենաւին կարմիր կանթեղը միայն կը փեռեկտէ աղջամուղջը իր պլպլուն վախկոտ լոյսովը։
       Հովը կեցած տեղս անշարժ կը պահէ զիս, անձրեւի խոշոր կաթիլներ բերելով կատաղութեամբ զարնելով երեսիս։ Չեմ համարձակիր քայլ մը յառաջանալ, տախտակորմին կրթնած, անոր վրայ սեղմուած։ Ցուրտը կը սառեցնէ անդամներս։ Ու խաւարին մէջ բոլոր այն ձայները ահռելի համեմատութիւն մը կ’առնեն, անդնդային դժոխալուր համերգ մը որ ականջներս կը խուլցնէ ու կը գինովցնէ զիս, ո՛չ թէ մարդուն գտած ողորմելի ըմպելիներուն կամ հունտերուն գինովութիւնը, այլ ամբողջ զգայութիւններդ վայրկենապէս ընկճող ու խեղդող ոչնչացում մը, որ բարձրէն եկող հզօր ծաղրի մը, արհամարհանքի մը վեհութիւնը ունի։ Ծով ու երկինք չիկայ. ու մերթ ընդ մերթ սենեկին լուսաւոր պատուհանին ցոլացումովը տեսնուած սեւ ջուրի պատառուածքները աչքերս կ’ողողեն գերեզմանի բերնի մը մռայլ ստուերներովը։
       Յանկարծ ձեռքիս դպչող պաղ բանի մը զգայութիւնը կ’ունենամ, որ ելեկտրական ցնցումի մը պէս կը թոթուէ զիս, ու ծանօթ ձայն մը ականջս ի վար կը պոռայ.
       - Ես ալ քեզի առնելու պիտի գայի, Մըսդըր։ Ի՞նչ բան ունիս դուրսը աս սոսկալի օդին։ Եկուր քիչ մը տաքցնենք քեզի։
       Խարբերդցի ճամբորդներէն մին է, դեղինը, երրորդութեան առաջնորդը։ Ու առանց պատասխանիս սպասելու, թեւէս կը քաշէ կը տանի, պատուիրելով տախտակորմին կրթնելով քալել։ Չորս հինգ քայլէն, վրանին առջեւն ենք։
       - Հէ՛, կը պոռայ ներսիններուն, ծայրը քիչ մը վերուցէք։ Դուն ալ, կ’ըսէ ինծի դառնալով, կը ներես, քիչ մը ծռէ նայինք։
       Եթէ միայն ծռելով լմննա՜ր։ Գետնի վրայ կուչ գալու էր, կտաւին բացուածքէն ներս սողալու համար։ Գլուխս ներս կը խոթեմ այդ բացուածքէն եւ երեք չորս թեւ կը քաշեն զիս։
       - Հրամմէ, էֆէնտի։ Ծօ՛, առա՛ջ քշէ անկողինը, թաց տեղը չնստի էֆէնտին։
       Ու ինքզինքս տեղաւորուած կը գտնեմ։
       Ներսը, չպիտի կրնամ նկարագրել։ Ճրագ վառուած չէր ու երեք հիւրընկալներուս դիրքն իրենց ձայնէն միայն կը գուշակէի։ Ծանր օդ մը կայ, աւելի ծանր հոտի մը հետ մէկտեղ։ Անկողնին վրյ երկնցած եմ, կիսովին ընկողմանած, մէկ թեւովս գետնին կրթնած, ոտքերս քաշած։
       Անձրեւը մեծաշառաչ կ’իյնայ վրանին կտաւին վրայ, մանր գնդակներու պէս հարուածելով զայն։ Ու հովը վրանին երկու երեսները կը վերցնէ ու կ’իջեցնէ անընդհատ, բա՛ֆ, բո՛ւֆ, բա՛ֆ, բո՛ւֆ, լայն ու դաշն եղանակով մը որուն վերելքին ու վայրէջքին միջոցը կը կազմէ խուլ պարապութիւն մը։
       Ու քիչ մը առաջուան կրած ներգործութիւնս կ’աճի կը սաստկանայ հիմա, այս սահմանափակ պատուարին մթութեանը մէջ ուր երեք հոգիներու շունչը կ’իմանամ առանց զիրենք տեսնելու։
       - Է, ծօ, ի՞նչ էք կեցեր, գինի մը չհրամցնէ՞ք Մըսդըրին։ Ա՜ռ նայինք։ Կը ներես, գաւաթ չունինք. սա տամէճանան բերանդ դիր ու տնկէ։
       Մերժել կարելի չէ, պիտի վիրաւորուին։ Բայց մութ է, հաստափոր սրուակը բերնիս կը տանիմ ու քիչ ետքը իրենց կը դարձնեմ։
       - Անո՛ւշ ըլլայ, էֆէնտի։
       - Անո՛ւշ հրամմեցիր, Մըսդըր։
       - Անո՛ւշ, աղա, կը մրթմրթայ խորէն տկար ձայն մը, խեղճ նիհարին հիւանդ ձայնը։
       Ու իրենք ալ յաջորդաբար բերաննին կ’առնեն սրուակը, իրենց կոկորդներուն կորթկորթումովը յայտնելով պարպուած գինիին ահագին քանակութիւնը։
       - Զէթին մը տուէք էֆէնտիին։
       Ու ձիթապտուղի հատ մը կը սպրդի ձեռքիս մէջ, իւղոտ, թոմթրկած։
       - Հայտէ՛ նայինք, տղա՛ք, բան մը երգեցէք, կը հրամայէ հիմայ առաջնորդը։
       Ու ահա հաստ ու կոկորդային ձայն մը կը բարձրանայ հեռուէն, խորունկէն եկածի պէս, ու Հայաստանի երգ մը կ’երգէ ան, հեծութեան մը պէս տրտում, աղաչանքի մը պէս ողոքող։ Գիտեմ ես ալ այդ երգը, յաճախակի լսած ըլլալով մեր տունը եկող գաւառացի ազգականներէ, երգ մը հինաւուրց եւ միշտ նոր, զոր Խարբերդի ու Բալուի կիները կ’երգեն իրենց բացակայ սիրելիներուն վրայ, ախերով սկսող ու վայերով վերջացող, ամբողջ ողբ մը, հատնում մը։
       Գինիին սրուակը ձեռքէ ձեռք կ’անցնի նորէն։
       - Դուն ալ բան մը երգէ, Մըսդըր։
       Գիտեմ, ասկից աւելի մեծ զարմանք չէի կրնար պատճառել իրենց։ Ես ալ կը սկսիմ նոյն երգին մէկ ուրիշ տունը, որ ականջիս մէջ լեցած է մանկութեան օրերէն, անփորձի ու անվարժի եղանակով մը որ չի յարմարիր բնաւ երգին դողդոջուն խազերուն, հառաչանքի մը պէս երկարող։
       Հիմակ իրենք երեքը կը սկսին, գինիով դարձեալ լուալէ ետքը իրենց բերանները։ Ու երգը կը տարածուի, տառապանքի համանուագ մը, բացուած վէրքերու, սրտէ հոսող արիւնի, մաշեցնող կարօտներու, ըղձանքներու, յուսահատութեանց կոծ մը։
       Դուրսը հովը կատղած է ալ աւելի եւ ա՛լ կարծես պիտի պատռէ հիմակ վրանը, անձրեւը կարծես ա՛լ պիտի ծակծկէ զայն. ցուրտը կ’աւելնայ։ Բայց, ի՜նչ փոյթ։ Առջի տպաւորութիւնս անյայտացած է, ու անոր տեղը բռնած սրտի անհուն խանդաղատանք մը։ Հայրենական բաներու այդ վերյուշութիւնը չեմ գիտեր ի՛նչ ունի իր մէջը գորովական ու մխիթարող, որ կը թեթեւցնէ ճնշուած սիրտս։ Ա՛լ ցուրտ չէ այստեղ. զգացումներու ջերմութիւնը որ այդ մարդերէն կուգայ ինծի ու ինէ անոնց կ’երթայ, այդ վրանին ներքնակողմը կը տաքցնէ։ Միջերկրականի մէկ անծանօթ կէտին վրայ կորսուած ըլլալու անբացատրելի երկիւղը չունիմ ա՛լ. բան մը կայ իմ ու այդ մարդերուն մէջտեղ, զորոնք չեմ տեսներ սակայն, որ իրարու կը մօտեցնէ, կը միացնէ մեզ։ Ու հիմա ճառագայթում մը կ’ելլէ մեր սիրտերէն, որ կը լուսաւորէ այս մութ անկիւնը։
       (“Հայրենիք, 30 Դեկտ. 1891,
“Մուրճ”, Մայիս 1902).