ՑԵՂԻՆ
ՁԱՅՆԸ
Միսիս
***ի
յետ-միջօրէի-թէյին
էր։
Ընդարձակ
սրահին
մէջ
հաւաքուած
կանացի
բազմութեան
զուարթ
ոգեւորութիւնը
կը
խնծղար
ախորժական
խժլտուքով
մը,
որուն
մէջ
մերթ
ընդ
մերթ
մանկամարդ
Անգլուհիներուն
սրտաբաց
ու
մատղաշ
ծիծաղին
բոժոժումները
կ՚երկարաձգուէին։
Յունիսի
արեւ
մը
դուրսը
կը
լուսերփնէր
թեթեւ
մառախուղը
որ
ամառնամէջի
այդ
օրն
իսկ՝
կը
փաթթէր,
կը
պարուրէր
մօտակայ
հորիզոնները,
հաւատարիմ
գուրգուրանքով
մը։
Արեւուն
ճառագայթները
կուգային
կը
հալէին
այդ
փոշեղէն
բակին
մէջ
որ,
քիչ
մը
հեռուն,
ամէն
բան
կը
շրջապատէր
խարտեաշ
շամանդաղներու
խտացումով
մը։
Մինակութեան
րոպէէ
մը
օգտուելով,
կը
դիտէի,
ապակեւոր
պատշգամէն,
պարտէզը
որ
աչքիս
առջեւ
կը
փռէր
իր
անգլիական
բարեձեւութիւնը։
Կարմիր
ու
վարդապիսակ
ճերմակ
ժէրանիոմներու
փառփառ
ու
դիմացկուն
գոյներուն
պոռթկումովը
պոռոտ
ածուներու
մէջտեղ,
մարգագետին
մը,
յստակ
ու
պարզ,
իր
կակուղ,
յորդ
ու
թաւ
կանանչութիւնը
կը
զեղուր։
Հիւսիսի
այն
իւղոտ
ու
թաւշային
կանանչը,
ա՛յնքան
ուժով
ու
հիւթեղ,
ա՛յնքան
պատկերի,
ներկի
կանանչ
մը,
որ
ա՛լ
արհեստական
կը
թուի։
—
Օ՜հ,
ինչ
աղէկ
հանդիպում,
ըսաւ
յանկարծ
քովս
ի
վեր
տանտիրուհին
որուն
ետեւ
բարձրահասակ
մէկը
կեցած
էր,
ձեզի
կը
ներկայացնեմ
Տր,
Ճէյմս
Գլարքը
որ
վերջերս
Հայաստանէն
դարձաւ։
Անշուշտ
շատ
բաներ
պիտի
ունենաք
իրարու
ըսելիք։
Ներսիդիէս
դժգոհութիւն
մը
ունեցայ
այս
ներկայացումէն։
Ո՛ւհ,
հարկ
պիտի
ըլլար
նորէն
ողբալի
հարցումներու
տարափ
մը
կրել,
ապուշ
հետաքրքրութիւններ
գոհացնել,
վիրաւորիչ
տարակոյսներ
փարատել,
արգահատանքներ
կուլ
տալ։
Օ՜
անգլիացի
պառաւ
աղջիկներուն
ժօռատ
ու
նուաստացնող
կարեկցութիւնը՝
զոր
միսիոնարներ
անդադար
կ՚արծարծեն
կեղծաւոր
արցունքներով
եւ
զոր
մեր
գործիչներէն
շատերն
ալ
սնուցած
են
տխմարօրէն,
մեր
ազգային
զարհուրելի
տռամին
մէջ
ուրիշ
բան
չգտնելով
ի
տես
դնելիք
բայց
եթէ
լալկան
ու
ձեռնամած
պաղատանքներու
թոթովում
մը։
Օ՜
այն
ամուլ
ու
ըմբոստացնող
հետաքրքրութիւնը
զոր
ստիպուած
ես
կրել,
որ
անողորմ
դանակի
մը
պէս
նորէն
ու
նորէն
վէրքերուդ
մէջ
կը
մխրճի,
ցաւերուդ
սրբութիւնը
կը
պղծէ,
Տանջանքներու
Միւզէի
մը
հանդիսատեսին
շահագրգռութեամբը՝
դեռ
չլսուած
մանրամասնութիւն
մը,
անտիպ
չարչարանք
մը
կ՚ակնկալէ
բերնէդ,
տեսակ
մը
ախտաւոր
ու
մարդկային
հաճոյք
գտնելով՝
իր
խաղաղ
ապահովութեանը
մէջ՝
ուրիշներուն
տառապանքին
ահաւորութեանը
առջեւ։
Տոքթորը
քայլ
մը
յառաջացաւ,
ու
ձեռքս
սեղմելով
անգլիացի
ճէնթլմէնի
մը
յատուկ
այն
տաք,
առնական
եւ
ուղղամիտ
սեղմումովը
որուն
մէջ
ա՛լ
վերապահում
չի
կայ,
—
Պարոն,
ըսաւ,
ուրախ
եմ
որ
Հայու
մը
ձեռքը
կը
սեղմեմ
եւ
առիթ
կ՚ունենամ
յայտնելու
ձեր
ցեղին
համար
ունեցած
սքանչացումս։
Երսուն-երսունըհինգ
տարեկան
առոյգ
մարդ
մըն
էր,
իր
երկայն
ու
պիրկ
սրունքներուն
վրայ
ամրապինդ։
Սկովտիացի
մը,
ապահովապէս,
այն
շատ
մտացի,
շատ
խոհուն
արտայայտութեամբ
որ
այդ
դնդերոտ,
կորովի
ու
յաղթական
ցեղին
բարձր
նիւթականութիւնը
կը
մեղմէ
ու
կը
կատարելագործէ։
Իր
խաժ
ու
բարի
աչքերը՝
երկար
ու
հետապնդող
նայուածքով,
իր
թրթռուն
շրթունքը՝
կենդանութեամբ
լեցուն,
իր
լայն
ու
գմբեթարդ
ճակատը
ներոյժ
մտաւորականութիւն
մը
կը
սփռէին
ամբողջ
դէմքին
վրայ,
սրբագրելով
գործողութեան
մարդուն
յայտարար
հակիրճ
ու
կտրուկ
կերպերը
եւ
տիրապետող
ու
ամուր
շարժուածքը։
—
Նախ
ըսեմ
ձեզի
որ,
սկսաւ,
—
երբ
առանձնացանք
ապակեւոր
պատշգամին
մէկ
անկիւնը՝
ուր
մատաղ
արմաւենիներ,
պտերներ
ու
ասբիտիսթրաներ,
դեղին
ու
կապոյտ
լայն
թաղարներու
մէջէ,
իրենց
զեղուն
բուսականութիւնը
կը
սրսկէին
բոլորշի,
—
ես
միսիոնար
մը
չեմ,
եւ
եթէ
Հայաստան
գացի,
այս
ինչ
կամ
այն
ինչ
յարանուանութեան
փառքին՝
նոր
«դաշտեր»
գտնելու
նպատակով,
երկնքին,
անգլիացի
նուիրատուներուն
եւ
սովամահ
թշուառներու
հոգիներուն
միջեւ
պարտի-պահանջէի
ծիծաղելի
ու
անարգ
հաշուեկշիռ
մը
բռնելու
նպատակով
չէր,
ո՛չ
ալ
նպաստ
բաշխելու
որբերու
եւ
այրիներու։
Չէ՛։
Զիս
առաջին
անգամ
հոն
քաշողը
եղաւ
հասկնալու,
ըմբռնելու
տարօրինակ
պէտք
մը։
Երբոր
ջարդերուն
առաջին
լուրերը
եկան
Անգլիա,
ես
ալ,
շատերու
պէս,
նախ,
հեռաւոր
ուշադրութիւն
մը
նուիրեցի
այդ
եղելութեանց,
որոնց
վաւերականութեանն
ալ,
կը
խոստովանիմ,
շատ
կը
կասկածէի,
մինչեւ
այն
օրը
վերջապէս
ուր,
պաշտօնական
տեղեկագիրներէն
յետոյ,
ա՛լ
կարելի
չէր
տարակուսիլ
աղէտքին
ճշմարտութեանը
ու
ահագնութեանը։
Երբ
հետզհետէ
հասան
բոլոր
մանրամասնութիւնները,
երբ
մութին
մէջէն
իրարու
ետեւէ
մեջտեղ
բերուեցան
դէպքերը,
նորանշան
բան
մը
անցաւ
իմ
մէջս։
Հակառակ
ամէն
փաստերուն,
չէի
կրնար
կոր
հաւատալ
այսպէս
ամբողջ
ցեղ
մը
բնաջինջ
ընելու
կարելիութեանը,
այսպէս
կազմակերպուած,
սիսդէմադիք
վայրագութեան
մը,
սահմռկած
մնացած
այն
«ինչո՛ւ»ին
առջեւ
որ
միտքս
կը
լլկէր
յարաժամ։
Ազատ
մարդ
մըն
էի,
անկախ,
եւ
որոշեցի
անմիջապէս
Հայաստան
երթալ։
96-ի
գարնան
էր
որ
հասայ
հոն։
Առաջին
երեք
չորս
շաբաթը
վարած
կեանքիս
վրայ
բան
մը
չի
կրնար
գաղափար
մը
տալ
ձեզի։
Արհաւիրքը
իմ
մէջս
էր
ու
իմ
շուրջս։
Արեան
մէջէ
կը
քալէի
կարծես,
հողը
դեռ
անով
թաց
էր,
անձրեւով
թուրմ
մարգագետնի
մը
պէս
որ
ոտքերուդ
տակ
կը
ճլըխտայ։
Աչքս
կարմիր
կը
տեսնէր։
Մահուան
ամէն
ծամածռութիւնները,
Ցաւին
բոլոր
գալարումները,
Տանջանքին
բոլոր
զգայռումները
տեսայ,
այո՛,
տեսայ,
ա՛լ
ա՛յնչափ
անոնց
ամենօրեայ
միօրինակ
պատմութիւնները
լսեցի։
Ջախջախուած
գանկերու,
ուղեղի
լխպիքներու,
փխտացած
արեան,
յօշոտած
անդամներու,
պոռթկացող
փորոտիքներու
խառնամառնում
մը
աչքէս
չէր
հեռանար
ամենուրեք։
Երբ
այս
անցեալէն
հիւանդ՝
ներկայովը
զբաղիլ
ուզեցի,
տեսայ
որ
ցաւելու,
կրելու
կարողութիւնս
զոր
ա՛լ
բթացած
կը
կարծէի,
կը
վերարծարծէր
նոր
սաստկութեամբ
մը։
Աւերակներու
երկիր
մըն
էր
բոլորտիքս,
ուր
կիներ,
տղաքներ
ու
ծերունիներ
խլեակներու
պէս,
կը
թափառէին
աննպատակ,
ա՛լ
բանի
մը
չսպասող,
ա՛լ
ամէն
բանէ
հրաժարած
էակներու
խորին
տրտմութեամբը։
Ա՛լ
բան
մը
չի
կար
ընելիք
այդ
երկրին
մէջ,
Մահը
լաւ
տեսած
էր
գործը,
քայքայումը
կատարեալ
էր,
անոնց
որ
դեռ
կանգուն
էին,
ուրիշ
դեր
վերապահուած
չէր
թուեր
բայց
եթէ
կարգաւ
իրար
թաղել,
գերեզմանական
լռութեան
մէջտեղ
որ
հետզհետէ
կ՚իջնէր։
Ուրիշ
բան
չէր
թուեր
մնալիք
այդ
ամբողջ
երկրին
բայց
եթէ
անօրինակ
մեռելաստանի
մը
յիշատակը
ընդհանուր
մարդկութեան
խղճին
վրայ։
Կը
պատրաստուէի
Անգլիա
դառնալ։
Ընկերական
անլուր
խնդիր
մը
ուսումնասիրելու,
գիտնականի
հետաքրքրութիւն
մը
գոհացնելու
եկած
էի,
ու
տեսածէս
զահանդեալ,
լսածներէս
խելացնոր,
դատելու,
խորհրդածելու,
եզրակացնելու
կարողութիւնս
կորսնցուցած,
գէշ
ու
այրող
ըմպելիք
մը
խմած
մարդու
մը
պէս
դանդաչելով,
սիրտս
պատառ
պատառ
ու
ա՛լ
մշտնջենապէս
կորսնցուցած
կարեկցելու
սուրբ
հրճուանքը,
մէ՛կ
փափաք
մը
ունեցայ
-
հեռանալ
այդ
անէծքի
երկրէն։
Պատրաստութիւններս
տեսնելու
վրայ
էի
երբոր
յանկարծ
արտակարգ
երեւոյթ
մը
աչքիս
զարկաւ։
Բնութեան
վերակենդանութեան
հետ,
տարօրինակ
բան
մը
տեղի
կ՚ունենար
կոր։
Հոն
ուր
Մահը
իր
անճողոպրելի
ու
վերջնական
թաթը
դրած
կը
կարծէի,
Կեանքի
խլրտում
մըն
էր
որ
կը
սկսէր
տակաւ
առ
տակաւ,
վախկոտ
բայց
յամառ։
Նորէն
անցայ
այն
տեղերէն
զորոնք
մշտնջենական
անշարժութեան
դատապարտուած
կը
հաւատայի,
ու
տեսայ
որ
կենդանութիւնը
գլուխ
կը
վերցնէր
ու
չորս
դին
կը
նայէր։
Ա՛լ
մնացի
հմայուած։
Ասիկա
նոյնչափ
եւ
աւելի
արժանի
էր
հետազօտութեան
որչափ
առջինը։
Երկրագործը,
դրացի
Քիւրտէն
արօր
մը
փոխ
առած,
հերկին
վրայ
էր
գլխիկոր
ու
փութաջան,
կօշկակարը
իր
խանութին
մոխիրներուն
եւ
փլատակներուն
մէջէն
հերիւն
մը
գտած
ու
փողոցի
մը
անկիւնը
գործի
սկսած
էր,
խանութպանը՝
իր
շալակը
մէկ
քանի
ծրար՝
կ՚արտորար
դէպի
խնդրանքները,
արհեստաւորը
նորէն
ծալապատիկ
նստած
էր
կոտրած
թէզկեահի
մը
առջեւ
որ
սակայն
կ՚արտադրէր,
ուսուցիչը
տղաքներու
խումբ
մը
ժողված
խարխուլ
ախոռի
մը
անկիւնը՝
կը
կարդացնէր
զանոնք,
վաճառականը
ոտքի
վրայ
ապսպրանք
մը
կը
համարձակէր։
Ճղճիմ,
նիհար,
արգահատելի
գործեր
անշուշտ,
բայց
ասիկա
կեա՛նքն
էր
որ
ծայր
կուտար,
առաջին
քայլերը
դէպի
շարժումը,
դէպի
ոգեւորութիւնը։
Մարդկութեան
սկզբնաւորութեան
պէս
բա՛ն
մը։
Զարթնումն
էր,
վերածնունդը,
ու
ամէնքն
ալ
քիչ
քիչ
անոր
գինովութենէն
կը
բռնուէին։
Ամենօրեայ
ճիգն
էր
որ
կը
սկսէր,
անդուլ,
բանիմաց,
ամբողջական
ճիգը
որ
ընկերութիւնը
կը
շինէ,
որ
յառաջդիմութիւնը
կը
ստեղծէ։
Դէմքերուն
վրայ,
այն
թախծութեանը
քով
որ
չի
փարատիր,
որ
մորթին
փակած
է
դարերէ
ի
վեր,
հաւատքին
լրջութիւնը
կար
նորէն,
ու
կամքին
պրկումը։
Աշխատանքին
լծուած
էին,
ազատարար
ու
մխիթարող
վաստակին,
ինչպէս
մարդ
փրկութեան
խարիսխին
կը
պլլուի։
Ապրիլ
կ՚ուզէին
կոր,
ու
պիտի
ապրէին։
Ան
ատեն
էր
միայն
որ
հասկցայ
ջարդերուն
վայրագ
տրամաբանութիւնը։
Ստորին,
անընդունակ,
ապիկար
ցեղ
մը,
մրցելու
անկարող
եւ
ատկից
զատ
ուրիշ
միջոց
չունենալով,
իր
ուժէն
օգտուած
էր
զինքը
շրջապատող
բարձրագոյն
ցեղ
մը
ոչնչացնելու,
անոր
վազքը
կեցնելու,
անոր
կողոպուտովը
քիչ
մը
ատեն
եւս
ապրելու
համար,
վերջնական
անհետացումէն
առաջ։
Բնական
բան
մըն
էր
ասիկա,
քաղաքակրթութեան
յառաջագոյն
վիճակ
մը
որ
այդտեղ
կը
վերանորոգուէր,
անձաւներու
խորհրդին
մէջ
ապրող
արիւնալի
մարդկութեան
կրկնութիւնը։
Բայց
այն
մարդիկը,
ըսի,
ապրի՛լ
կ՚ուզէին
կոր,
ու
պիտի
ապրէին։
Ասոր
կամքը
ունէին,
հակառակ
ամէն
բանի,
ընդդէմ
ամէն
բանի,
ու
ոչինչ
կրնար
կեցնել
զիրենք։
Տառապանքին
մէջ
նոր
ուժ
մը
կը
ստանային,
անոր
մէջ
մուխ
մը
կը
գտնէին,
անկից
կ՚առնէին
իրենց
հիւթը,
իրենց
կենսունակութիւնը,
—
ձիւնածաղիկին
պէս
որ
ձիւնին
տակ
կը
փթթեցնէ
իր
առողջ
ու
աղւոր
թերթերը։
Ու
քիչ
քիչ
ես
ալ
բռնուեցայ,
վարակուեցայ
այն
վերականգնումի,
դարմանումի
տենդէն
որ
այդ
բոլոր
մարդիկը
կը
թոթուէր։
Ես
ալ
իմ
պզտիկ
բաժինս
ունենալու
էի
ընդհանուր
շարժումին
մէջ
դէպի
վերստացումները,
իրենց
հետ,
իրենց
քով։
Ու
նոյն
հետայն
որոշեցի
որբանոց
մը
հաստատել,
կամ
աւելի
ճիշդ
տուն
մը
ուր
քսանի
չափ
որբեր
հաւաքէի
եւ
զանոնք
բարոյապէս
զինէի
այն
ծանր,
անխնայ,
ոգի
ի
բռին
ոգորումին
համար
որ
իրենց
կը
սպասէր
այդ
արութեան
ու
տոկունութեան
հողին
վրայ։
Պտըտած
ամէն
տեղերուս
մէջ,
Մալաթիան
մասնաւորապէս
իս
յանկուցած
էր
իր
աննման
գեղեցկութեամբը,
գետին
եզերքը
ուռճալիր
ծառերու
տակ
կորսուած
տուներովը,
ուր
ժիր
ու
խելացի
ժողովուրդ
մը,
աղէտքին
մէջ
ամէնէն
աւելի
սաստիկ
հարուածուած,
նորէն
ոտքի
կ՚ելլէր
հաստատ
առաջադրութիւններով։
Հոն
հաստատուեցայ,
ու
շատ
չանցած
գտայ
իմ
ուզած
տղաքս։
Սովորական
տիպարը
ունէին
ամէնքն
ալ,
ամէնքն
ալ
տժգոյն,
նիհար,
սեւ
ու
խիտ
մազերով,
շատ
կարծր,
շատ
նեղ
բայց
շատ
յամառ
ճակատով,
տարօրինապէս
մտացի
ու
կրկտող
սեւ
աչքերով
որոնց
շուրջը
մրագոյն
ծիրը
կայ
միշտ,
այն
տարիքէն
առաջ
արթնցող
զգացողութեան
ախտաւոր
ծիրը,
կը
հասկնա՛ք,
որ
խելացի
ցեղերու
յատկանիշն
է
սակայն։
Բարեբաղդութիւն
ունեցայ
գտնելու
հայ
կին
մը,
Փոքր-Ասիոյ
մէկ
ամերիկեան
գոլէճին
մէջ
կրթուած,
որ
իմ
ծրագիրս
հասկնալու
եւ
գործադրելու
ընդունակ
գտնուեցաւ։
Բայց
ես
էի
որ
կը
կարդացնէի
տղաքը,
իրենց
խաղերուն
ու
մարզանքներուն
կ՚առաջնորդէի
ժամերով,
ու
կը
խօսէի
իրենց
երկարօրէն,
տունը
թէ
դուրսը,
իրենց
հայրենիքին
վրայ,
իրենց
կոչումին
վրայ,
իրենց
դերին
վրայ։
Ու
գոհ
էի
գործէս,
իրենց
մէջ
արթնցող
կայծին
տաքութենէն։
Օր
մը
մօտակայ
գիւղացիներ
տղայ
մը
բերին
ինծի,
զոր
ճամբուն
եզերքը
բռներ
էին,
միս
մինակ
քարի
մը
վրայ
հանգչած
ատենը։
Հակառակ
բոլոր
բաղձանքիս,
ստիպուած
էի
մերժել
այդ
կարգի
բոլոր
դիմումները,
որովհետեւ
տեղ
չունէի,
բայց
երբ
տղան
մօտէն
զննեցի,
անմիջապէս
վար
դրի
զինքը։
Կորիւնի
պէս
բան
մըն
էր,
գռուզ
առատ
մազեր
ունէր,
երկու
կողմէն
ուռուցիկ
ճակատով,
կրակէ
աչքերով։
Ո՞ւրկից
էր,
ո՞ւր
կ՚երթար,
չկրցաւ
որոշ
բան
մը
ըսել։
Կը
յիշէր
միայն
թէ
հօտաղ
մըն
էր
ինքը,
օր
մը
Քիւրտեր
լերան
վրայ
իր
նախիրը
քշեր
տարեր
էին՝
իրեն
մէկ
քանի
հարուած
տալէ
ետքը,
գիւղը
դառնալուն՝
արդէն
մոխիր
դարձած
գտեր
էր
զայն,
ու
ա՛լ
կենդանի
էակ
մը
չկար
հոն,
ամէնքն
ալ
սպաննուած
կամ
փախած,
ինքն
ալ
ճամբայ
ելեր
էր՝
իրենները
գտելու
յուսով,
ու
անկից
ի
վեր
կը
թափառէր,
ձմեռ
մը
եկեր
էր,
գարուն
մը
անցեր
էր,
ու
ան
այսպէս
կ՚երթար
լեռնէ
լեռ,
գիւղերէ
ու
քաղաքներէ
անցնելով,
առանց
կանգ
առնելու։
Ի՞նչպէս
ապրեր
էր,
չէր
գիտեր,
ապրե՛ր
էր։
Ո՞ւրկից
կուգար,
ձեռքովը
լայն
շարժում
մը
կ՚ընէր,
դէպի
հիւսիս,
Տէրսիմի
լեռնաշղթան։
Ա՛լ
ամբողջ
հոգածութիւնս
իրեն
նուիրեցի։
Խեռ,
անհանդարտ,
ապստամբ
տղայ
մըն
էր։
Ութ-ինը
տարեկան
ըլլալու
էր,
բայց
անհաւատալի
ուժ
մը
ունէր,
վայրի
կատուի
դիւրաթեքութիւն
մը։
Երեք
անգամ
վարժուհիին
ձեռքէն
փախաւ,
անոր
երեսը
ճանկռտելով
ու
շրջազգեստը
բզկտելով։
Երեք
անգամուն
ալ
գիւղացիները
գտան
զինքը
հեռուները
ու
նորէն
ինծի
բերին։
Քիչ
քիչ
սակայն
կակուղցաւ,
մարդոտեցաւ։
Կերպարանափոխութիւնը
սկսաւ
այն
օրէն
երբ
սկսանք
իրեն
կարդալ
սորվեցնել։
Հարաւային
Ամերիկայի
բամբաներուն
մէջ,
երբ
վայրի
ձիերու
որսորդը
լազզօն
կը
նետէ
ու
անասունը
իրեն
կը
քաշէ,
ձին
կը
վրնջէ,
կ՚աքացէ,
կը
ծառանայ,
փախչելու,
երթալու
կատաղութեամբ
մը։
Ան
ատեն
որսորդը
անոր
ռնգունքը
կը
բանայ,
իր
բերանը
կը
մօտեցնէ
եւ
իր
շունչը
կուտայ
հոն
բոլոր
ուժովը։
Ա՛լ
անասունը
իրն
է,
եւ
իր
տիրոջը
կը
հետեւի
ան՝
հեզ
ու
հաւատարիմ,
առանց
սանձի,
անոր
շունչը
ունի
իր
մէջ։
—
Ինչ
որ
մեր
բոլոր
քաղցր
խօսքերը,
անուշ
վարմունքը
չյաջողեցան
ձեռք
բերել,
իրեն
առջին
դրուած
այդ
պզտիկ
գիրքը
կրցաւ
ներգործել
Սագօին
հոգւոյն
մէջ,
մեր
շունչն
էր
որ
իր
մէջ
անցած
էր,
ու
ա՛լ
մեզի
կը
կապէր
զանի։
Հիմա
ժամերով
իր
գրքին
վրայ
գլուխը
հակած,
կ՚աշխատէր
քակելու
գրերուն
իմաստը,
սորվելու
մոլեգին
ցանկութեամբ
մը։
Հակառակ
մեր
բոլոր
յորդորներուն,
կը
յամառէր
կը
մնար
իր
գրքին
վրայ,
առանց
մասնակցելու
միւս
տղոց
խաղերուն։
Բան
մը
չէր
գիտեր,
վայրի
տունկի
մը
պէս
մեծցած՝
ազատ
բնութեան
մէջտեղ։
Մէկ
քանի
շաբաթ
ետքը,
սկսանք
իրեն
խօսիլ
տիեզերքին
վրայ,
Աստուծոյ
վրայ,
Յիսուսի
վրայ։
Ան
աչքերը
մեզի
պիշ,
մտիկ
կ՚ընէր,
հասկնալու
տենչով
մը
որ
իր
դէմքը
կը
մթագնէր։
Իրեն
կ՚ըսէի
թէ
Գերագոյն
Էակ
մըն
էր
որ
բնութեան
բոլոր
բարիքները
ստեղծեր
էր
մեզի
համար,
թէ
անոր
երախտապարտ
մնալու
էինք,
որովհետեւ
միշտ
կը
հսկէր
մեր
վրայ,
ու
աղօթելու
էինք
անոր,
անոր
ուղղելու
էինք
մեր
մաղթանքները,
որովհետեւ
պիտի
տար
մեզի
ինչ
որ
իրմէ
խնդրէինք։
Իր
կրկնապատկուած
ուշադրութենէն
կը
հասկնայի
թէ
ամբողջ
ցնցում
մըն
էր
որ
կը
կատարուէր
իր
էութեանը
մէջ։
—
Ըսէ՛,
Սագօ,
դուն
ալ
բան
մը
ուզէ
Աստուծմէ։
Ի՞նչ
կ՚ուզես
որ
տայ
քեզի։
Գլուխը
ծռեց
ու
պատասխան
չտուաւ։
Ի՞նչ
կ՚անցնէր
իր
մտքին
ալքերուն
մէջ։
Եղունգներովը՝
ծունկին
վրայ
բացուած
գիրքը
կը
քեղրթէր,
առանց
ինծի
նայելու։
Վայրկեաններ
անցան։
Կը
թողուի
զինքը
իր
ներքին
աշխատութեանը
հետ։
Յետոյ,
մէկէն,
նորէն
գլուխը
վեր
առաւ,
իր
վառող
աչքերը
ինծի
յառեց,
ու
ըսաւ,
—
Կ՚ՈՒԶԵՄ
ՈՐ
ԽԵԼՔ
ՏԱՅ
ԻՆԾԻ։
Օ՜,
գիրկս
առի
զինքը,
ու
սեղմեցի
զինքը
թեւերուս
մէջ,
անկուշտ
համբուրելով
իր
աչքերը
որոնք
հիմա
թաց
էին։
Ցեղին
ձայնն
էր
որ
կը
խօսէր
իր
բերնովը։
Անգիտակցաբար,
բնականօրէն,
կը
խնդրէր
այն
զէնքը
որ
պիտի
ապրեցնէր
զինքը
ներկայ
քաղաքակրթութեան
մէջ,
միակ
ուժը
որ
իրեն
անհրաժեշտ
էր։
Արիւնին
մէջ
ունէր
այդ
պէտքը
դէպի
իմացականութիւնը,
դէպի
գիտութիւնը,
դէպի
յառաջդիմութիւնը,
դէպի
յաղթանակը։
Ատո՛վ
էր
որ
իր
ցեղը
տեւեր
էր,
ու
պիտի
տեւէր։
Չէ՛,
այդ
ձգտումովը,
դէպի
այդ
հորիզոնները
լարուած
կամքով
մը,
վախ
չկայ
որ
Հայութիւնը
կորսուի,
պարո՛ն,
յարեց
Տոքթորը
ոտքի
ելլելով։
Ամիսէ
մը
նորէն
Հայաստան
պիտի
դառնամ։
(«Անահիտ»,
Նոյեմբեր
1898),