Գրական եւ հանրային դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ՄԸ

Երթա՜յ բարով…

Ի՞նչ ըրաւ այս քաղաքին մէջ. ի՞նչ ըրաւ այս կեանքին մէջ։ Արատեց Հայու անունը. անպատուեց Հօրը անունը. տիղմի մէջ թաթաւեց մարդու վեհ անունը։

Հայ էր. Հայուն ցաւերը գիտէր. Հայուն դարաւոր տառապանաց պատմութիւնն իր հօրմէն, իր եղբօրմէն, իր վարժապետներէն եւ իր գործաւորներէն լսած էր։ Իր գործաւորները մանաւանդ, ամէն օր իր աչքին տակ, կը պատկերացնէին իրենց պատա՛ռ-պատա՛ռ հագուստին մէջ եւ իրենց պատա՜ռ-պատա՜ռ սիրտին մէջ, կը պատկերացնէին Հայոց աշխարհն, որուն ամենահարուստ զաւակն էր այն… մարդը։

Կը տեսնէր ամէն օր իր այդ հէգ հայրենակիցներն, որոնք լուսէն մինչ ի մութը չարաչար կ՚աշխատէին կիզիչ արեգակին տակ եւ սառուցիչ ձիւնին տակ, որոնք, Հռոմի գերիներունու Փարաւոնին Հրեաներուն նման, օրն ի բուն կ՚աշխատէին խարազանին, եւ անողորմ այն նայուածքին, եւ անողո՛ք այն հրամանին տակ, որոնք` Լուսաւորչայ սուրբ հաւատքին համար նահատակուելու պատրաստ այն հարազատ Հայ եղբայրները, կ՚աշխատէին կիրակի օրն ալ, մինչեւ անգամ Լուսաւորչայ չարչարանաց, եւ Ղեւոնդեանց նահատակութեան, եւ Քրիստոսի Տեառն մերոյ Սուրբ Յարութեան տօնին օրն ալ, եւ ազգային Սահմանադրութեան տօնին օրն ալ։

Այսպէս ահա կ՚աշխատէին այն… մարդուն գործաւորները. կ՚աշխատէին անոնք օրուան տասներկու պայծառ ժամերն, որպէս զի երեկոյին մութ տեղը պատառ մը հաց ուտելու ու պատառ մը հացի գին ալ իրենց զաւակացը ղրկելու չափ օրական մը առնեն` աղաչելով, պաղատելով, իրենց Պետին եւ Պետերուն համար սրտառուչ լեզուով Աստուծոյ գիշեր-ցերեկ աղօթել խոստանալով։

Այսպէս կ՚աշխատէին մեր այն եղկելի հայրենակիցները` հայրենիքէ եւ ընտանիքէ հեռու։ Եւ առաւօտուն, երբ հինգ վայրկեան միայն, Աստուա՜ծ իմ, երբ հինգ վայրկեան միայն որոշեալ ժամէն ետքը մտնէին այն երկաթի դուռներէն ներս, բացակայից սեւ տումարին մէջ իսկոյն կ՚արձանագրուէին. եւ այն օրը կ՚աշխատէին Բրուսիոյ թագաւորին համար, այսինքն` իրենց Հայ Պետին համար, որ իր բոլոր օրինաւոր եւ ապօրինաւոր անհաշուելի շահերէն գոհ չըլլալով` մինչեւ այն աղքատ աշխատաւորներուն օրականներն ալ գրպանելու դժոխային միջոցը մտածեր ու գտեր էր…։ Այսպէ՛ս կ՚աշխատէին եւ այսպէ՛ս կը վարձատրուէին հէգ Հայ գործաւորներն այն… մարդուն։

Այդ… մարդուն հայրն ալ Պետ մըն էր, եւ ան ալ իր հրամանին տակ ունէր բազմաթիւ գործաւորներ։ Այդ… մարդուն եղբայրն ալ Պետ մըն էր, եւ ան ալ իր հրամանին տակ ունէր հազարաւոր գործաւորներ։ Բայց հայրը, թէեւ անուս, ամէն իրիկուն ազգային յառաջդիմութեան համար խորհրդակցելէ յետոյ ժամանակին ուսումնական մարդոց հետ, իր բոլոր գործաւորներուն եւ մանաւանդ Հայ գործաւորներուն հետ ալ` որպէս իր նմաններուն հետ վարուեցաւ իր բոլոր էութեան ու պաշտօնավարութեան ժամանակ. իր եղբայրն ալ, թէեւ ուսեալ, Հայոց մտաւոր զարթման գործին հզօրապէս աջակցելէ յետոյ, մեռած ատենն ալ իր վերջին մտածումն եւ իր վերջին խօսքը նուիրեց Հա՛յ գործաւորներուն։ Իսկ ի՞նչ ըրաւ այն… մարդը, որ իր հօր եւ իր եղբօր հարստութեան տասնապատիկն ու յիսնապատիկը ձեռք անցուց հարստութիւն, ի՞նչ ըրաւ հայ գործաւորներուն, ի՞նչ ըրաւ հայ ժողովրդեան համար այն… մարդը։ Տեսանք, ինչ որ հայ գործաւորներուն ըրաւ. զանոնք գրաստի նման աշխատցուց չնչին օրականով մը, ու վերջը վերջը կերաւ այդ օրականներն, եւ օրին մէկն ալ մայրաքաղաքէս անյայտ եղաւ…։ Իսկ ազգին համար ըրածն ալ պիտի տեսնանք հիմայ։

Նախ եւ առաջ` իր բազմաճիւղ գերդաստանին եւ համայն Հայ ազգին երիտասարդներուն (նաեւ օտարներուն ալ) չար օրինակ եղաւ իր վարած գայթակղական կեանքով։ Իր հայրն` իր բազմասերունդ գերդաստանին համար ընդարձակ այլ համեստ տուն մը շինած էր Հայկական շքեղ եկեղեցիի մը դիմաց, զոր ինք ճարտարապետած ու կառուցած էր։ Որդին երեսի վրայ թողուց իր հայրական օրհնեալ տունն եւ իր հայրաշէն Աստուծոյ մեծակառոյց տունն, ու գնաց հեռուն` տուն մը ու տաճար մըն ալ ինք ճարտարապետեց ու կանգնեց մեծ ծախքով. տունն` իր միակ անձին համար, եւ տաճարն (իր տան մէջ, իր տան կից, իր տան դիմաց) Աստղկան համար…։ Բայց քանի՜ Աստղիկներ, տէր Աստուած, քանի՜ կոյսեր` ամէն ազգէ, զորոնք կը գնէր այդ նոր Սարդանաբաղը…։ «Կեր, արբ, ուրախ եղիր ու ննջէ…»։ Թո՛ղ չարաչար աշխատին պանդուխտ գործաւորները, թո՛ղ աղջիկ հասցունեն կարօտեալ մայրերը, թո՛ղ ըմպելիք եւ ուտելիք, մեծագին կամ կարասիք հասցունեն Եւրոպիոյ գործարանները…։ Ահա ա՛յս եղաւ առաջին ծառայութիւնը, զոր իր ազգին մատոյց այն… մարդը։

Ուրիշ կարեւոր ծառայութիւն մըն ալ մատոյց Հայ ազգին` այդ… մարդը։ Իր անսպառ հարստութեան մէջէն եւ իր նախանձելի դրից բարձունքէն երբ երբեմն այդ… մարդն հաճեցաւ վար նայիլ Հայ ժողովրդեան վրայ, եւ հրճուեցաւ` տեսնելով Հայ ազգն իր անհո՜ւն աղքատութեան մէջ, տեսաւ որ արտասուալից աչքեր դէպի իրեն կը դառնան. երես չը դարձուց. համարձակութիւն առնելով ազգին պաշտօնատարներն` աշխարհական եւ եկեղեցական, մօտեցան Նորին վսեմութեա՜ն, որ իբրեւ ողորմութի՜ւն տուաւ ազգին` ինչ որ իբր տո՛ւրք պիտի տար, եթէ քաղաքակիրթ ազգի մը մէջ ըլլար։ Ազգն ալ իր յետին աղքատութեան մէջ խորին շնորհակալութեամբ ընդունեց վսեմաշուք բարերարին նպաստը, զոր իրաւամբ, զոր բռնութեամբ պիտի պահանջէր Նորին վսեմութենէն, եթէ կազմաւորեալ իշխանութիւն ունենար ազգը։ Հայ ազգը տարին անգամ մը Նորին վսեմութեան մէկ գիշերուան մէջ իր զգայական կիրքերն յագեցնելու համար վատնած ստակին քառորդն ընդունեցաւ Նորին վսեմութենէն, եւ շնորհակալ եղաւ` առանց գիտնալու, որ Նորին վսեմութիւնն Հայ գործաւորաց օրականներէն պիտի հանէր` ինչ որ կու տար ողորմութի՜ւն Հայ ժողովրդեան։ Ազգին պարկեշտ պաշտօնատարները խոնարհեցնել իր առջեւ. ա՛յս եղաւ Նորին անպարկեշտ վսեմութեան երկրորդ ծառայութիւնն առ Հայ ազգն։

Ա՜խ, եթէ տեսնէիք այն… մարդը։ Գեղադէմ, հանճարեղ, հարուստ, ունէր ամէն ձիրքերն ալ Հայութեան առաջնորդ մը, Հայ երիտասարդութեան օրինակ ու մեկենաս մ՚ըլլալու. կրկին փառաւորելու այն մեծ անունը, զոր կը կրէր. տիեզերաց հիացումն ու օրհնութիւնն հրաւիրելու այն մեծ գերդաստանին վրայ, որ ահա կը մարի եւ կը սպառի իր շնորհիւ, որ մանաւանդ կ՚անուանարկուի ու կ՚անիծուի Նորին վսեմութեան շնորհիւ։ Այլ այն… մարդն, որ Տաճկաստանի մէջ ամենէն աւելի ձեռքն ստակ անցուց (ու փճացուց), այն… մարդն, որ ամենէն աւելի նիւթական ու բարոյական կեանք պիտի սփռէր իր շուրջը, այդ… մարդը, պատճառ եղաւ հուսկ ուրեմն երկու յուսահատական անձնասպանութեանց, որոնց մէկն իմ ազգականս…։

Երթա՜յ բարով. Բիւզանդիոնի մէջ մարմար չը կայ, որ չը պատմէ հարստութիւնն ու անխղճութի՜ւնն այն… մարդուն։

Երթա՜յ բարով։

(Մասիս, 7 Յունիս 1882)