Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԼՈՅՍԸ

Դուն կը փայլիս մեծութեան եւ զոհագործումին համար:
Ռիկ-Վէտա
Կ'երթամ աղբի՜ւրը լոյսին…
Ուղին երկա՛ր է. սալարկուած է ուղին
Կայծքարերով, ցանկուած՝ մուրտի փուշերով.
Ուղին շեղ է ճառագայթի մ'հանգունակ:
Անկէ կ'ելլեմ՝ յենլով դողդոջ ծունկերուս,
Եւ ծունկերէս, զոր գամեցին եղբայրներս,
Արիւնըս տաք կը բըխի:
Հեւքն է՝ կուրծքիս, թարթիչներուս վրայ՝ փոշին,
Սիրտըս սափորն է դատարկ,
Ու ես կ'երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին…

Լոյսն աղուոր է, բարձրութեան մէջ՝ հոսանուտ,
Խոնարհումին մէջ՝ արդար:
Օր մը տեսայ էութենէն մաս մը սուրբ
Մօրս հոգւոյն մէջ ճաճանչագեղ եւ ցաթած
Մեր գիւղակին մէկ վաղեմի հերոսին
Հողակոյտին վրայ դալար:
Միջօրէին՝ զայն տեսայ
Որ՝ նըման մեծ թիթեռնիկի մ'ըսպիտակ՝
Կը քալէր գաղջ պատուհանիս քարին վրայ,
Որ մայթերէն կամ աղծապիղծ ճամբայէն,
Ներողամիտ գըթութեամբ,
Կը հոսէր նոր կըթուած կաթի մը պէս եղկ,
Որ իրիկունն, հորիզոնէ հորիզոն,
Կ'երիզանար գետերու պէս յակինթի,
Կամ կը կազմէր, երկինքներուն վրայ խաղաղ,
Անըրջական աւազաններ, որոնց մէջ
Կը բռընկէին նունուֆարէ կըղզեակներ:
Զայն ես տեսա՜յ, եւ հոգւոյս մէջ արթընցաւ
Պանդուխտի տենչ մը անորոշ եւ լըլկիչ
Դէպի գաւառ մ'անծանօթ, լի արեւով.
Եւ արդ կ'երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին…

Լոյսն է Մըտքիս հարսը, աղջիկն՝ Աստուծոյ.
Ան գինին է Տիեզերքի բերկրութեան,
Որ իրիկուն մը, կողէն դուրս Յիսուսին,
Հեղեղօրէն հոսեցաւ,
Ներումի պէս հոսեցաւ, վա՛րը, Մեղքին
Սեղանին շուրջը հաւաքուած մարդերուն
Անյուսութեան ըսկիհներուն մէջ դատարկ,
Լոյսը արի՜ւնն է բնութեան,
Գիշերուան թագն, ու պատմուճանն է օրուան.
Աստուածային Ակնին է՝
Որ, երկունքի մէջ մեռած մօր մը նման,
Կը ստեղծէ իր վախճանելու ժամանակ,
Ակնին՝ հրեղէն բիբերով,
Որուն հոգին ամէն գարուն կը տրոփի
Հիւլէին մէջ եւ մարդկային մըտածման,
Որուն համար զոհերով դեռ կը մըխան
Նըւիրական ափերը յորդ Գանգէսին:
Ու ես կ'երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին…

Լոյսը մարմարն է երկնային հանքերուն,
Որով Արուեստն, անմահական երազով,
Կը քանդակէ ձիւնամարմին աստուածներ:
Իր ծոցին մէջ կը ծընին
Մռայլ Տանդէներն ու Հոմերները հըսկայ,
Իր ծոցին մէջ իմաստութիւնը երգ մ'է՝
Զոր գիշերուան մէջ խորին
Բանաստեղծները կը խըմեն աստղերէն՝
Որ նըւագեն ցերեկուան մէջ՝ Մարդերուն:
Ան ամենո՜ւն զինքը կու տայ, ամենո՜ւն
Կը բաժնըւի, եւ կը մընայ անբաժան
Նըշխարքին պէս. ան նըշխարքն է՝ որ կ'իջնէ
Ամէն առտու, սեղաններուն վըրայ մեր,
Մարդեղութեան արիւնլըւայ խորհուրդին:
Ու ես կ'երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին…

Քանի՞ հազար, քանի՞ հազար տարիներ
Պէտք է որ ա՛յսպէս քալեմ.
Քանի՞ անգամ պէտք է իյնամ, կարեվէր,
Ճանապարհիս վրայ բացուած
Նըպատակիս ժայռափըշուր մուրճերով.
Չըգիտե՜մ ես. միայն թէ, ո՜վ եղբայրներ,
Ո՛վ խաչ հանող եղբայրներ,
Թողուցէք զիս ճամբորդութեանս մէջ մինակ,
Ա՛յնքան մինակ եւ ա՛յնքան լուռ, որ լըսեմ
Տրոփը սըրտիս, զոր ընտըրած նըւագս է
Նըւագներուն մէջէն բիւր.
Արեւով լի եւ արեւները տանող
Ուղիիս վրայ մի՛ սըփռէք
Ձեր շուքը, մռայլ թեւի մը պէս ուրուրի:
Եւ ոչ ալ զիս կանչեցէք
Խընճոյքներուն ձեր զըւարթ՝
Ուր բոզութիւնը կը զարնէ նուագարան:
Ընդունա՜յն է խոստանալ
Սըրտիս կոյսեր, սիրտըս սափորն է դատարկ,
Ու ես կ'երթամ դէպի աղբի՜ւրը Լոյսին: