Դիւցազնավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵԻԿԻՏ ՏՈՆԷԼ

Ռուբէն Զարդարեանին

Ա

Գիշերն հասաւ. բայց կարաւանը կ’երթայ
Մութ քըղանցքէն Չամլը-պէլի լեռներուն.
Դեռ շատ ատեն կայ հասնելու Եւդոկէա,
Պէտք է կըտրել վախի ճամբայ մը, սարսռուն:
Հորիզոնին տակ լուսինն է քուն մըտեր.
Հինգ օր է գահ չեղաւ անոր ո՛չ մէկ սար:
Լեռն իր ոտքէն չի տարածեր իր ըստուեր.
Մութն ըրեր է վիհ ու ժայռ հարթ, հաւասար:
Աստղերուն վրայ կը փըռուի քօղ մ’ամպերու,
Իբրեւ անոնց մերկ կուսութիւնը ծածկէր:
Տեղ տեղ խաւարը ցոլքերէ վէրք կ’առնու.
Վարն արեան շիթն իր` կը սըրբեն տերեւներ:
Ծառերն հեռուն բազէներ են թեւաբաց,
Շըրջմոլ շողեր մութն աւելի՛ կ’ընեն բարդ:
Երկինք երկիր կարծես զիրար են գըրկած.
Քամին անոնց համբոյրին ձայնն է զըւարթ:

Բ

Չորս հոգի են. թիւը ջորւոյն` քըսան է:
Դէպի քաղաք կերպասեղէն կը տանին.
Բոժոժներուն ձայնն արձագանգ կը ցանէ`
Զուգաչափուած սըմբակներու դոփիւնին:
Երկու հոգին վաճառական են, հարուստ.
Չամլը-պէլի սոսկման տեղ է. չեն խօսիր:
Թուփի մը տակ սուլող օձի մը փախուստ
Անոնց ոսկրին մէջ կը լեցնէ դող մ’անծիր:
Ետ չեն նայիր. դէ՜մն է նայուածքը անոնց.
Սեւ զանգուածի մ’համար կ’ըսեն. Եւդոկէա՜…
Եւ յանկարծ բլուր մը դուրս կու տայ մութին ծոց.
Ճրագ համարուածը կայծոռիկ մը կ’ըլլայ…

Գ

Սիրտը խիզախ, այդ երկուքին գրեթէ քով,
Այն ծերն ո՞վ է, որ կը վարէ ձին փըրփրող.
Ակօսուած լեռ մ’է կարծես յա՛ղթ դեռ ճակտով`
Որ կը հեգնէ պահուած շանթն, ամպը` պահող:
Կարաւանին վարողն է ան եւ իր տէր:
Եիկիտ Տոնէլ, - մարդիկը զինք կը կոչեն.
Եիկիտ Տոնէլ, - կ’արձագանգեն սար ու լեռ:
Քաջի տիտղոսն առաւ ան է՛ն քաջերէն:
Իսկ ո՞վ է ան` դանդաղ երգ մ’է ձըգեր`
Ծերին փառքի խաղաղ ովկիանն յուզելով.
Անոր ականջ կը դընեն նո՛յնիսկ վըհեր`
Իրենց վէպերն իր շըրթունքէն լըսելով:
Ըստեփի՛կն է, սարերու քաջ պատանին.
Տոնէլն` հայրն է, իսկ ամազո՛ն մ’իր մայրիկ:
Իր օրօրոցը մըրրիկներն օրրեցին.
Ժայռերուն վրայ փորձեց քայլերն անդրանիկ:
Իր երգած երգն հօրն ականջին խիստ քաղցր է.
Սիւքին սոյլով մերթ չի՞ զբաղիր մայրին ծեր.
Մին թեւին տակ ցօղունիկներ կը ծըռէ.
Միւսն արմատով սարահարթնե՜ր է ճեղքեր:
Քաջ է Տոնէլ` ամէն քաջի հետ չափուած,
Թէ ոչ` կ’անցնէ՞ր գիշերն այդպէս տեղերէ:
Զինքը ճանչցող լերան ամէն արարած`
Մէյ մ’ոտքին տակ իյնալէն վերջ ճանչցեր է:
Իր արբունքի տարիներուն մէջ համակ
Յաղթանակող կեանք մ’ունեցաւ արութեան.
Դեռ դողալով կը պահեն իր յիշատակ`
Վըհի վիշապն, ոգին ճամբուն ու լերան:
Այսօր, տարէց, կ’ընէ արհեստ` ըստիպուած
Պահանջներէն վըսեմ գըլխուն ճերմկած վաղ.
Լայն խորշոմները ծեր ճակտի մ’երկնաբարձ
Անձին դէմ սէր կը ներշընչեն քան թէ վախ:

Դ

Կարաւանն յո՜յլ կ’երթայ մէջ սեւ մըշուշին.
Ջորին անցած իր վայրերուն մէջ վարժ է.
Ճամբուն` տեղեակ, նըրբանցներուն վրայ` ուշիմ:
Դատարկութիւնը, խօլ, չորս դին կ’երազէ:
Օ՛, մութին մէջ, հոն. չի տեսնուիր. ի՞նչ ձայն է:
(Չամլը-պէլի, վա՜յ թէ արգանդըդ պոռթկայ
Գայլ կամ թէ մարդ` վիժածներ սեւ ու դըժնէ,
Անմիտ պատռող, կամ կողոպտող անուղղայ:

Փակէ՛ որջերդ ու խոռոչներըդ խըթէ՛,
Խորափիտի մ’առջեւ իյնան թող ժայռեր.
Ո՛վ ահեղ լեռ, ծալէ կըռնակդ, հանդարտէ.
Անմի՜տ, խաւարն իր մէջ Տոնէ՜լ մ’է ծածկեր):
Ծերն ու իր ձին վիզերնին վե՛ր կը տընկեն,
Մին կը վրընջէ, կը խորհի միւսը վըրդով.
-Կրունկ չէ… սըմբակ, ձիով կու գան… հոս, զոյգ են:
Վաճ’ռականները կը դողան գոչելով.
-Գող են, վա՜խ կայ…
Տոնէլ կ’ըսէ. Ես հոս եմ:
Կը մերկացնէ յաղթ դաշոյնն իր պատեանէն,
Եւ բումբերուն կ’յենու` բըռնած զայն վըսեմ:
Ա՛լ կը կենայ հոն կարաւանը մէկէն…
Նայուածք մ’որդին կը նետէ հօր նայուածքին,
Որոնք զիրար կը կըտրեն, գիծե՜ր բոցեղէն:
Ետ կը մընան. գոց հրաբուխի պէս լըռին
Մութ, խիթալի, հեգնոտ, խիզախ, կը սպասե՜ն…
Ձայնը չորս կողմն հեւհեւանքով կ’ոլորտի.
Կոյր օդին մէջ կ’եռայ յորձանք մը համակ:
Թօթուելով ծերը գիսակներն արծաթի`
Կը մըռնչէ. «Ո՞վ էք. կեցի՛ք հոտ, մի՛ գաք»:
Եկողներուն առջեւ պատնէշ մ’ըլլալու`
Անոր շեշտին ալիքը սոսկ կը բաւէ:
Պատասխանի կու տայ դէմէն ձայն մ’ազդու.
-»Չելլոյ պէյի՜ն կողմէ կու գանք, յանձնըւէ»:

-»Չելլո՜ն… կ’ուզէ՞ կուրծքին դաշոյնըս, կու տամ.
Ծերութենէս բաւական ժանգ վըրան կայ:
Ձեր ամպն այդ շա՜տ կայծակ թափեց, շա՜տ անգամ.
Այս լերան դէմ, ըզգո՜յշ, անձրեւ չըդառնայ:

Կը յիշէ՞ ինք բախումներն այն մահածին,
Ժամանակով հեռու ասկէ, տեղով` մօտ.
Անշուշտ տըւած վէրքերս ըսպի կապեցին,
Եւ մոռցաւ ցաւն` յիշելով վրէժն ու ամօթ»:

Կ’ըսեն միւսներն. «Եիկիտ, ծե՛ր ես, մի՛ փըքար.
Չելլոն չուզեր ներկել այդ ծոցըդ թոռմած.
Վայլէ՛ հասակդ, ու մէկ կողմ դիր դաշոյնդ յար.
Կեանքըդ պահէ՛, իր ասպարէզը մեզ բաց:
Թոռնե՛րդ հանգչին թող ծունկերուդ. ապրիլին
Ինչպէս ձիւնին մէջ ծաղիկներն խընձորի:
Եիկի՛տ, շատ ենք, մեղք ես, բաւ է մեզ տըրուին
Զոյգ ճամբորդներն ոսկւով, հակով` զոյգ ջորի»:

-»Գիտցէ՛ք անուանս հաւատարիմ եմ, վատե՜ր:
Քանի որ դեռ երակս ունի ելեւէջ`
Գայլի բերնին խոյին բուրդն իսկ չեմ յանձներ.
Մեռէք նախ դուք` թող գան միւսներ ձեզմէ վերջ»:

Ըսաւ. եւ շո՛ւտ մ’ըՍտեփիկին դառնալով.
-»Օ՛ն, յովազիկ, մէկը քեզի, միւսն ինծի.
Ո՜ւժ` դաշոյնիդ, ոլորտներուդ մէջ` խելքո՛վ»:
Ու երկուստեք խոյացան շուտ մ’հարուածի:

Հայրը հոս է, եւ հոն է իր քաջ որդին:
Ձիամարտի մէջ քուրդերն ալ կարող են.
Ու նըժոյգներն ահեղօրէն կը կատղին
Երկկողմանի կօշիկներու խըթանէն:

Կը ծամծըմեն լըկամն իրենց. կը դոփեն.
Մերթ բարձրացած վըրան վերջի ոտքերնուն`
Առջիններով լանջքերն իրենց կը թոպեն.
Կը խըրխընջան, կը շամբշոտին ու կ’ոստնուն:

Ու կըռուողներն արբած խանդով մոլուցքի`
Կ’ուզեն իրար տափկել ձիերը կըրկին,
Որպէսզի գան դաշոյն դաշնոյ, կուրծք կուրծքի:
Բերնէ փըրփուր, աչքէ բոցեր կը ժայթքին:

Այս երկու զոյգ որոտումներն քով քովի`
Թաթառի պէս կը դառնան մէջն ըստուերի:
Սարսռուն է մարտն, անխօս, ջլաձիգ, կորովի:
Ձիերն ըստէպ կը խոյանան, կ’ընկըրկին:

Ըստեփ մատաղ թըռիչ մըն է մըրրկին դէմ,
Իսկ Տոնէլ ամպ մ’ամպի մը հետ գիրկ գըրկի,
Որոնց մէջտեղ դաշոյններ շանթ կը ցայտեն`
Դէմքերն անոնց ներկելով գոյն կըրակի:

Հայրը ծերուկ առիւծ մըն է, հեւհեւուն.
Որդին կորի՜ւն, հօր<ն>` նախանձորդ, ահարկու,
Որ` անվըստահ դեռ ուժերուն` մերթ ձիուն
Պարանոցին տակ կը թաղուի, մերթ կ’ոստնու:

Դէմքերէ վար արեան վտակներ կը հոսին,
Եւ քըրտինքին հետ` ձիերուն պինչն իջած`
Կը ժայթքին դուրս անոնց շունչով միասին.
Արի՜ւն լաւայ, հըրաբուխէ պոռթկացած:

Եւ բազուկներ, լանջքեր, պայտեր կ’ընդհարին,
Ժայռ մ’իբր իյնար ժայռի մը վրայ ուժգնօրէն:
Ծառերուն մէջ կը թըրթռայ օդը չորս դին.
Արծիւներն ալ բոյներնուն մէջ կը կըռչեն:

Մացառ մ’անդին սարահարթին հետ քակուած`
Կը տընկէ իր արմատներն, հո՛ն, ձորէն վար.
Եւ գամերուն տակ կը ցայտեն խիճեր կայծ.
Կը խըլուի թուփն, իրար կ’անցնին խոտ ու քար:

Աղջամուղջին մէջ ուրուրնե՜ր օդաչու,
Ահե՜ղ յորձանք կ’ընեն, կ’ընեն միշտ հոլով.
Դաշոյններուն մէջտեղ Մահն է, իրարու
Զայն կը մըղեն, Կեանքն իրարմէ քաշելով:
Յանկարծ, դէմի լերան վերին նեղ կիրճէն`
Վազող ոտքի կը լըսուի խուլ դոփիւններ.
Հայրն ու որդին կատղած ակռայ կը կըրճտեն:
Տոնէլ դէպ ձայնն այդ կը գոռայ. «Ա՜յ, շուներ»:
Նուաղելով կա՛նչն իր որոտի պէս կ’երթայ:
Ատենը չէ ասոնց հետ ա՛լ խաղալուն.
Պէտք է վերջ տալ: Կը հաւաքէ բազկին վրայ
Երիտասարդ թափերը ծեր ջըղերուն:
Ուժ կ’առնէ մէկ ձեռքը մղելով գաւակին.
Ասպանդակին վրայ կը կանգնի, շեղակի.
Կ’իջնէ դաշոյնն. - ահռելի՜ կոչ. - ոսոխին
Ըստինքն ամբողջ, արիւնոտ, խոր, կը ճեղքի:
Կ’իյնայ, անշո՜ւշտ…
Տոնէլ շտապով օգնական
Կ’երթայ որդւոյն, անոր ճիգին տալու վերջ.
Արդէն կու գայ ըՍտեփն հըպարտ, յաղթակա՜ն.
Կը նըշմարէ ծերը, անդին, մութին մէջ
Միւս ոսոխն ալ` որ անկենդան կ’առկախի
Ձիուն կառչող ասպանդակէն, մերկ գանկով`
Քարերէ քար կը քաշքըռտուի, կը բախի.
Ձիերն, անսանձ, դաշտը կ’իյնան` դիակո՜վ…

Ե

-»Կու գան, ըՍտե՛փ, կը մօտենան քայլ առ քայլ:
Հրացանըս, օ՛ն, բակեղին մէջ դըրեր եմ.
Իմինըս բեր, եւ չըմոռնաս քուկինդ ալ»:
-»Նախ իմինս ա՛ռ, քուկինդ հիմա կը բերեմ»:
-»Կեցի՛ր, վար առ հակերը շէկ ջորիին.
Ճամբորդներն հո՛ն, հո՛ն կըծկըւին քով քովի:
Ըզգո՜յշ ըլլան, դառն է կարկուտն հրացանին»:
Սուրաց ըՍտեփ, Տոնէլ կեցաւ… կը խորհի…

Զ

Լերան դիմաց պատ մը կայ, հոն, քի՜չ հեռու.
Քառակուսւոյ մը դիմացկուն մասը միակ.
Փարախ երբեմն, հիմա բընակ օձերու.
Մերթ արհաւիրք ճամբորդին` մերթ պահպանակ:

Լա՛ւ է…
Տոնէլ հոն խոյացաւ հերարձակ.
Ըստեփիկն ալ, աշխոյժ, անոր ետեւէն.
Մին արծիւն էր կարծես` միւսն արծուեձագ`
Որոնք թռիչնին բաբախելով վար կ’իջնեն:

Փըրթելու մօտ մէջտեղն է կռիւը` տարտամ:
-»Ըստե՛փ, լեցո՛ւր, դու միշտ հրացաններ,
Պատրաստէ մահն, ես անոր տեղ կը գըտնամ.
Բիրը շինէ, հարուածը թո՛ղ բազկիս ծեր»:
Եւ կը բանայ զոյգ մ’որմածակ բոլորշի.
Ու մէկուն վրայ հըրացանն իր կ’յենու շուտ,
Սեւ խառնարա՜ն հըրաբուխի, որ լայնշի,
Աղջամուղջին մէջ կը բացուի ըսպառնուտ:

Բո՜մբ…
Եւ գանգի՛ւն կու տայ բնութիւնն ընդհանուր:
Ճամբորդ տէրերն հակերուն տակ կը սարսռան,
Իբր առնէտներ թուփի մ’ետեւ թաքթաքուր`
Երբ ժըխորով կառք մը կ’երթայ ճամբուն վրան:

Խուլ հարուածներ կ’արձագանգեն դէմ դիմաց:
Գիշերն ամէն բանի կապած է դիմակ.
Թըշնամւոյն կոյր գընտակներն յար մոլորած`
Բա՛խտը կ’ընեն իրենց իբրեւ նըշաւակ:
Տեղն` յարմար է, ծերն հարուածին` ապահով`
Զի կը սպաննէ զայն` որ նետած է դէմէն,
Անոր բոց հետքն իրեն ճամբայ առնելով.
Մահն իր` ճամբէն չէ շեղած ո՛չ մէկ ատեն:

Շանթ տանելով` ծուխը կ’երթայ ամպի նման,
Կ’երթա՜յ ձայնն` հոն լըռութիւն մ’ալ շինելու:
Հուր կարկուտնե՛ր ժայռին կ’ոստնուն, կու գան ման.
Կ’իյնան քարեր, փըխրած, գլորուն, օդաչու:

Պատուարն մուխի` եւ Տոնէլ ալ քըրտինքի
Մէջ կը լողան, մին` գաղփաղփ, մի՛ւսը` յոգնած:
Պէտք է յաղթե՜լ: Գընտակներէն կը ճեղքի
Պատուարն` ասպար` զոր հաստատեց հոն Աստուած:

Միջոցին մէջ կ’երկըննան շառ երակներ.
Կըրա՜կ արիւն` որ ջուր արեան խառնուելու
Կ’երթայ վէտ վէտ. գիշերն յակինթ է հագեր.
Լոյսը` ծուխին, ծուխն` ըստուերին է հըլու:

Շուրջը կը լսուի տըխուր սօսափ մը թըրթռուն,
Օդն անկէ խոյս կու տայ կարծես յորձանուտ.
Եւ վըտակուող բոցին երկու ափերուն
Կը դիզուի մուխն, հըրէշային, ծըփանուտ:
Նոյն ատեն` նո՜յն որոտն ունի ամէն լեռ.
Կ’ելեւէջի թոյլ լըռութիւնն աղմուկէն.
Կարծես ամէն ձորի մէջ կան վիշապներ`
Որ հրացանին հետ կը գոռան, կը լըռեն:

Բայց հարուածները երթալով կ’անօսրին.
Թըշնամւոյն մէջ տագնա՛պ մըն է` կը սկըսի.
Գրեթէ ամէն մէկ հարուածէն Տոնէլին`
Գանկ մը ժայռէն` ձորին միջեւ կը սուզի:

Մարմիններ լի արեամբ` կ’իյնան ցիրուցան.
Դեռ կը փընտռե՛ն կարծես աչքով մը անբոց`
Ձեռքն` որ առաւ իրենց թանգ կեանքն ու հրացանն.
Պատանք կ’ըլլայ Տոնէլի փառքը անոնց:

Կ’իյնան, կ’իյնան, զերդ տերեւներն աշունին`
Զոր պարխուրցներն ա՛լ ծառէն վար կը նետեն.
Երկու հոգի՜ լոկ, յուսահատ, մընացին.
Կը գալարուին, կ’ապշոպին դառն աղէտէն:

Չելլոն մարմինն իր կը կըրծէ. հո՜րձք անհուն.
Կ’աղաղակէ. «Եիկիտ, դադրէ՛, լըմընցա՜յ,
Չըկայ այլեւս իշխանը այս լեռներուն.
Քաջերս առիր, փառքըս առիր, ալ ահա,

Մինակ, ծածուկ միշտ վախնալով դահիճէ`
Պիտ’ քաղքին մէջ ըլլամ մուրիկ մը, անզէն»:
Կ’ըսէ: Կ’առնէ հրացանն, հե՛ղ մ’ալ կը քաշէ.
Կ’երթայ գընտակը, կու գայ ուրի՛շ մը դէմէն.
Չելլոն կ’իյնայ…
Կ’իյնայ Տոնէլ անդիէ՜ն…
…Որմածակերը կը մըխան զերդ քուրայ:
-»Հա՜յր իմ, հա՜յր իմ, կը սարսըռաս, ո՛հ, ինչէ՞ն»:
-»Տըղաս… այո՛. նըստինք, ահ, սա՜ քարին վրայ»:
Կը դողդըղայ ծերունին ծնօտը սեղմած
Եւ կը կախէ կուրծքէն վար գլուխն ըսպիտակ:
-»Հա՛յր, յոգնա՞ծ ես. զարնըւեցա՞ր… ո՛վ Աստուած,
Կարծես թալթլում մը կը հեւայ լանջքիդ տակ»:
Եւ հօրը վրայ ըՍտեփն յուզուած կը հակի`
Ձեռքը մարմնոյն խարխափելով. գիշեր է.
- Շող մը, կաթի՜լ մը շող պէտք է լուսնակի -
Ծընօտն ինչո՞ւ սեղմած է ան. կը բըռնէ,
Կը շօշափէ. խոնաւութի՜ւն. պատանին
Խօլ կը գոչէ. «Արի՜ւն, արի՜ւն»: Այս ձայնէն
Լըռիկ դաշտերը վերըստին կ’աղմըկին.
Գետը կու լայ, ճամբորդներն հոն կը վազեն:
-»Ես կը մեռնիմ, կ’ըսէ Տոնէլ, քաջ եւ վեհ.
Իմ մայրս արի զիս ծընած է լերան վրայ.
Հոս լերան վրայ բացէք շիրիմըս նըժդեհ.
Տըւէք զէնքերս, պատանքըս զէ՛նք թող ըլլայ»:
Կը մեռնի հո՜ն, փըռուած գըրկին մէջ զաւկին:
Երբ, ճեղքած մութն, հոգին կ’երթայ աշխարհէն`
Գայլը կ’ոռնայ, շոճերը յաղթ կը հակին,
Կը պատռի ամպն եւ իրերն ալ կը հեծեն:
Կ’ողբայ ըՍտեփ լըռութեան մէջ, մըթութեան,
Ինկած` այն մեծ դիակին վրայ լուսատարր:
Որդիական արցունքն, արիւնն հայրական
Իրար խառնուած հոն կը մընան անմխիթար:

Է

Փոս մ’ըսկըսան բանալ պատին քովն ի վեր.
Դաշոյնն էր` թի եւ տաք հրացանը` բըրոց,
Կ’ընդդիմանար հողը` իբրեւ թէ վախէր
Եիկիտ Տոնէլ մ’ամփոփելու իր մութ ծոց:
Զետեղեցին: Հողէն մազերը սեւցան.
Կընճիռներուն մէջ ցուրտ փոշին դողդըղաց.
Եւ կուրծքին վրայ խաչ մը եղան սըրբազան
Դաշոյնը` մերկ, եւ իր հրացանը` լեցուած…
Տարի՜ անցաւ…

Առտու կանուխ ո՞վ է ան`
Որ կը շըրջի գերեզմանի մը չորս դին,
Ուր խոտն է զարդ, եւ պատ մը լոկ` մահարձան.
Ճամբո՞րդ մ’է ան թէ ուրուական շիրմային:

Ո՛չ: Ան մարտիկ մ’է եկած մօտ լեռներէն`
Կըռուէն առաջ օրհնել տալու իր զէնքեր.
Զի Տոնէլի շիրիմն եղած է արդէն
Ուխտատեղի` ուր կ’այցելեն դիւցազներ: