Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՅՐԱՄՈՒՏԻ ԳԳՈՒԱՆՔ

Ահ, օրօրէ՜ զիս, օրօրէ՜

Բազուկներուդ մէջ այսպէս…

Մինչ մահը փոսըս կը փորէ՝

Աստղե՜ր կ՚անցնին հոգիէս…

 

Ահ, օրօրէ՜ դեռ, օրօրէ՜

Հիւանդ մարմինըս այսպէս…

Մինչ մահը փոսըս կը փորէ՝

Անհունի՜ն զիս կը կապես… ։