Օրագրութեան էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՐԳՄԱՆԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ (1919)

Պոլիս, 3 Յուլիս 1919

Վաղը առաւօտ կը սկսի ճամբորդութիւնս, իբրեւ թարգման անգլիական բանակին մէջ։ Պուլտուրի հակակշռի մարմինը, որուն կը պատկանէի առաջ, ջնջուեցաւ, ու հիմա մաս կը կազմեմ Էտրէմիտի քննիչ յանձնախումբին, որուն հրամանատարն է հարիւրապետ Ուիթհըլ։ Էտրէմիտ կ՚երթանք՝ այդ կողմերուն թրքօ-յունական ընդհարումներուն մասին տեղեկագիր ղրկելու կեդրոնը, Պոլիս, ընդհանուր բանակատեղիին տեղեկատուութեանց դիւանի՝ սպայակոյտին։ Հիմա շոգենաւին մէջ եմ, մինակ։ Ինծի յանձնուած է պահակութիւնը երեք քննիչ յանձնախումբերու պաշարներուն։ Բացօդեայ բարձր տեղ մը նստած եմ, զինուորական վերարկուիս մէջ փաթթուած, եւ ականջ կու տամ Ղալաթիոյ քարափին գիշերային խուլ աղմուկներուն։ Թեթեւ մշուշ մը կայ ծովուն վրայ, ու գրեթէ ցուրտ է։ Անբացատրելի տրտմութիւնը նորէն լեցուցած է հոգիս։ Ի զուր պաշարի սնտուկներուն մէջէն ռոմի խոշոր շիշ մը հանեցի եւ բաւական կուլ տուի։ Աւելի՝ տխրեցայ, եւ անգամներս հիմա թմրած, ծանրացած են։ Այս ճամբորդութիւնները անհուն մխիթարութիւն են ինծի համար. հրաշալիօրէն կը յաջողիմ ինքզինքս մոռնալ։ Առտու ըլլար, տղաքը գային, եւ սկսէինք։

Պուլտուրէն վերադարձիս, գրեթէ շաբաթ մը մնացի Պոլիս։ Ժամանակիս մեծ մասը ընդհ. Բանակատեղիի շէնքը անցուցի, բացարձակապէս առանձին։ Գիշերները, մինչ բոլոր անգլիացի ընկերներս Բերա կ՚իջնէին զուարճանալու, ես կ՚երթայի թափառելու Նշանթաշի սիրած անկիւս, ուր մենաւոր ու ծովահայեաց սրճարան մը կայ։ Երեք տարի առաջ ալ, երբ տաճկական զինուոր էի եւ ուսանող Լեվազիմ վարժարանին, այդպէս կ՚անցընէի գիշերներուս մեծ մասը։

Առաջին գիշերը, Ս… ենց աբարդըմանին վերի մասէն դաշնակի ձայն մը եկաւ ականջիս, ու սիրտէս խոշոր, ցուրտ սարսուռ մը անցաւ, չկրցայ շարունակել թափառումս ու զօրանոց վերադարձայ։ Բայց հետեւեալ օրը իմացայ թէ անոնք հոն չէին, Պոյաճիգիւղ օդափոխութեան գացած էին։ Քաջութիւնս վերստացայ նոյն գիշերը ու երկար ժամեր անցուցի սրճարանին պարտէզը։ Քանի մը օր ետք, մտերիմ անձէ մը իմացայ Ս. ին սերտ բարեկամութիւնը Սկիւտարցի աղուոր ու գործունեայ տղու մը հետ եւ իրենց մօտալուտ նշանախօսութիւնը։

Գրեթէ ուրախացայ, եւ կամ այդ էր գլխաւոր յահկանիշը հոգեկան այն դրութեան որուն ենթարկուեցայ օրերով՝ այդ լուրը առնելէ ետք։ Մանկունակ պարզութիւն մը եկաւ վրաս ու տեսակ մը ցաւոտ սփոփանք՝ որ տարօրինակօրէն տխուր հեշտութիւնով մը կը լեցնէր սիրտս։ Ինծի այնպէս կը թուէր թէ հոգիիս մէջ վէրք մը բացուած էր որ կը կոտտար, ամենանըրբին հաճոյքը վազցնելով ջիղերուս վրայ։ Ես սիրած եմ այդ աղջիկը, բայց երբեք արժանի չեմ եղած իրեն։ Իւ սակայն, հազիւ թէ յանցաւոր եմ այս բանին համար։ Պատերազմը կործանեց զիս. աւերուած հոգիով մը ի՞նչպէս կրնայի մնալ այն կատարը, ուր նախ սիրեցինքզիրար եւ ուր մինչեւ վերջը մնաց իր հոգին։ Երբ ամուսնանայ, հոգիիս աղէտը պատմող վէպ մը պիտի գրեմ եւ իրեն տամ որ կարդայ։ Օհ, արդեօք որչա՜փ կ՚ատէ զիս հիմա։ Ամենափոքր գաղափար մ՚անգամ չունի այն խուլ տրամին մասին որ այս չորս ահաւոր տարիներուն մէջ բզկտեց զիս, յափշտակեց աչքերուս քաղցրութիւնը եւ մոխիրի դէզեր բարձրացուց հոգիիս մէջ։ Երկարատեւ բաժանումէ մը ետք, երբ անցեալ տարի, աշնան իրիկուն մը, առանձին գտնուեցանք մենաւոր ժայռի մը վրայ, գրեթէ իր առաջին բառերը եղան՝ «կորսնցուցեր ես երբեմնի աչքերդ. նայուածքիդ մէջ մութ բան մը կայ զոր չեմ հասկնար»։

Չհասկցաւ ու դատապարտեց զիս։ Ես ալ չջանացի բացատրել, հակառակ իր թախանձանքին։ Միայն՝ իրիկուն մը, չկարենալով յաղթել յուսահատութեան , լացի իր կուրծքին վրայ։ Ինքն ալ ինծի հետ լացաւ, ու երկար ատեն լուռ՝ ծովուն ցաւոտ անդորրութիւնը դիտեցինք։ Այս իրիկուն կարծեցի թէ ամէն բան հասկցաւ, բայց նորէն ոչինչ էր հասկցեր։ Քանի մը օր ետք, օրագրէս մասեր տուի որ կարդար։ Կարդաց ու վշտացաւ ինծի դէմ։ Անկէ յետոյ, մեր բառերը եւ նայուածքները տակաւ սառիլ սկսան, հակառակ երկու կողմէ եղած ճիգերուն, մինչեւ այն օրը՝ երբ անհաւատալիօրէն չնչին դէպք մը մեզ անդունդով մը բաժնեց իրարմէ։ Այդ դէ՞պքը։ Օ՜, կեանքի գերագոյն զաւեշտն էր անիկա։

Երկուշաբթի կէսօրէ մը ետք ժամադրութիւն ունէինք։ Դաշնակի դասէ դարձին, Բերայի մէջ տեղ մը ինծի պիտի սպասէր։ Օրեր առաջ անձկութիւնը սկսեր էր գալարել սիրտս. հագուստ չունէին Բերայի մէջ երեւալու համար, իսկ թուրք զինուորի համազգեստով երթալ՝ ծայրայեղօրէն ծիծաղելի պիտի ըլլար զինադադարի այդ առաջին օրերուն, երբ ոչինչ ունէի այլեւս ընելիք թուրք բանակին մէջ։ Եւ սակայն, Երկուշաբթի առաւօտ, սաստիկ մելամաղձութենէ մը պաշարուելով, որոշեցի ի դին ամէն բանի երթալ ու կեանքիս միակ սփոփանքը եղող էակը տեսնել։ Ուստի, զինուորական հագուստներս հագայ, խոշոր, սպայի քալիփաքս գլուխս գրի ու տունէն մեկնելու վրայ էի, երբ յանկարծ միտքս ինկաւ սա զարհուրելի եւ անողոք իրականութիւնը թէ գրպանս սանթի՛մ մը անգամ չունէի ածիլուելուհամար եւ հանրակառք նստելու։ Հպարտութիւնս եւ այդ օրերուն ունեցած քէնոտ ընթացքս բացարձակապէս թոյլ չէին տար որեւ մէկէն դրամ փոխ առնել։ Զայրույթէս եւ յուսահատութենէս դողալով՝ հանուեցայ եւ անկողին մտայ։ Այդ ատաններն էր որ սբանեոլէ վարակուեցայ եւ սոսկալի գիշերներ անցուցի, ականջի անօրինակ ցաւէ մը տառապելով։ Յուսահատութիւնը կատաղի վագրի մը վերածեր էր զիս։ Ոչ մէկ հաւատք մնացեր սրտիս խորը. ամէնքը կ՚անիծէի եւ առանձնութեան ու կատաղութեան թոյնովս աղէկ մը գինովնալու համար՝ ահագին ֆոթէօյ մը մղեր էի սենեակիս դրան ետեւ։ Ցաւի այդ տեսակ իրիկուն մըն էր որ իրմէ ստացայ նամակ մը, ուր ծայրէ ի ծայր կ՚այպանէր անփութութիւնս եւ անզգայութիւնս, տեսակ մը անբարոյականութիւն վերագրելով ընթացքիս՝ որով կ՚ուզէի զինք խաբել։ Հոգեկան ամէն վիճակի ծայրայեղութիւնը գինովութիւն կը բերէ։ Անկողնիս մէջ նստած, ժպիտը շրթունքիս, դիտեցի գորշ, աղտոտ տանիքները և երկնքի աղտոտ պատառ մը՝ որ միակ հորիզօնս էին։ Սաստիկ կ՚անձրեւէր։ Գերագոյն խաղաղութիւնով մը քաշեցի բարձիս տակէն իր նամակներուն դէզը եւ մէկիկ մէկիկ պատռեցի։ Յետոյ իր մէկ լուսանկարը ձեռքս ինկաւ։ Ճերմակ հագուած, ծաղիկներու եւ տերեւներու մէջէն կը նայէր ինծի, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս նայեցաւ այն իրիկուն, մենաւոր ժայռին վրայ, երբ իր կուրծքին վրայ լացի։ Լուսանկարը դիմացս, մօտս, պատինվրայ զետեղեցի ու պառկեցայ։ Կարծեմ աղօթեցի այն գիշեր։

Ահա կը լուսնայ։ Մակոյկներ երազային ստուերներու պէս կ՚անցնին ծովուն վրայէն։ Ժամերով կամուրջին լապտերներուն յառեր եմ, առանց զգալու։ Ժամէ մը՝ հարիւրապետը կու գայ։ Արդեօք բան մը գոցա՞ն պաշարներէն…։

Հիմա կը քնանայ ան, հոգին ատելութիւնով ու սիրով լեցուն. ատելութիւնը ի՛մս է, սէրը՝ միւսինը։

Պալըքէսիր, 9 հուլիս 1919

Հինգ օրէ ի վեր այս քաղաքը կը գտնուինք։ Սպաները առաջին օրէն գացին հիւր ըլլալու հոս գտնուող անգլիական քննիչ մարմնին բնական շէնքը. իսկ մենք ձգուեցանք կայարանը, բեռի վակոնի մը մէջ։ Չորս հոգի ենք, երկու անգլիացի զինուոր եւ երկու հայ թարգման։ Քաղաքը ցած ու չորս կողմէ շրջապատուած ըլլալուն՝ անտանելի տաք կ՚ընէ։ Կարելի չէ մնալ վակոնին մէջ, որուն թիթեղէ ձեղունը աւելի կը սաստկացնէ ջերմութիւնը։ Ուստի, միշտ հոս կու գամ, այս հայկական պզտիկ սրճարանը, որ ճիշդ մեր դէմն է եւ ուր խմելու զբաղած կ՚ըլլան միշտ ֆրանսացի շէնշող զինուորներ։ Հոս Հայերը ընդհանրապէս հայերէն չեն գիտեր եւ կամ՝ շատ կոտրած թափած բան մը։ Իսկ գիտցողները իբրեւ պահեստ պահած են իրենց մայրենի լեզուն եւ շատ բացառիկ պայմաններու տակ միայն ըթ յօժարին այդ աւելորդ բանէն օգտուիլ։ Պանտրմայէն հոս՝ հինգ ժամ է միայն. հոն գրեթէ մաքուր հայերէն կը խօսին. իսկ հոս թրքախօսութիւնը հայ ժողովուրդին նկարագրին մաս կը կազմէ գրեթէ։ Տարօրինակ է որ լեզուի կորուստը կ՚ենթադրէ նաեւ, որոշ չափով, ազգային բարքերու եւ ազգային կենցաղի կորուստ։ Կը թուի թէ րքախօս հայ բնակչութեան մը համար, որ բնականաբար շրջապատուած է զանգուածային չափով թուրքերէ, շատ աւելի հեշտ է ճամբան՝ սահելու դէպի թուրք մռայլ կենցաղը։ Նոյն երեւոյթը դիտած եմ ժամանակին՝ Ատանայի եւ շրջանակներուն մէջ։ Ասոր համար մանաւանդ՝ հայ զանգուածային տարրերու թրքախօսութիւնը կը կազմէ ամենալուրջ վտանգ՝ ցեղին հոգեպէս վատասերման տեսակէտէն։ Թրքախօս Հայը շատ աւելի տրամադիր եւ ընդունակ է անբարոյականութիւններու, քան իր առաքինի պապերունլեզուն խօսօղ Հայը։ Թրքախօս Հայը աւելի ծոյլ է, աւելի մօտ է հայհոյանքի եւ բրտութեան։ Իսկ ազգային իտէայլ փնտռել այս տեսակ ժողովուրդի մը ծոցը՝ գրեթէ միամտութիւն է։ Ժողովուրդ բառը անշուտ ամբոխային իմաստով կը գործածեմ հոս, եւ խօսքս անոնց համար չէ - հազուագիւտ բացառութիւններ- որոնք մշակութային որոշ բարձրութեան հասած են։ Պէտք է բաղդատութիւնը ընել հայաստանցի անուս հայ գեղջուկին եւ անատոլուցի անուս հայ թրքախօսին միջեւ, եթէ նոյնիսկ այս վերջինը եղած ըլլայ հարուստ վաճառական կամ ճարտար արհեստաւոր. ու թերեւս մանաւանդ այդ պարագային է որ կը շեշտուի առաւելապէս նկարագրային վատասերումը, հոգիի թրքացումը։ Անշուշտ, թրքախօս հայութիւնը շատ բան կը պահէ դեռ իր տոհմային ազնուականութենէն. դիւրին չէ ցեղի մը հոգին կատարելապէս այլասերել, անոր մէջէն խլելով ինչ որ դարերը կերտած են, հոն ներմուծելու համար նո՜րը, օտա՜րը, մանաւանդ երբ խլուածը կ՚ըլլայ լոյս եւ ներմուծուածը՝ թոյն, ժահր։ Դիւրին չէ, բայց կարելի է։ Դարերու ընթացքին կերտուածը կրնայ դարերու ընթացքին փլչիլ, երբ փլուզումի պայմանները ներկայ են անդադար ու կը գործեն։ Նկարագրի թրքացման այս վտանգը կրնար աղէտ մը ըլլալ ազգին գլխուն, եթէ ժամանակները չփոխուէին։ Համացեղային վերածնունդի ճիգին մէջ, խիստ կարեւոր բաժին մը պէտք է տալ՝ հայ զանգուածներուն վրայէն այս արատը բառնալու։ Թրքախօսութեան շարունակումը պէտք է նկատուի ոճիր՝ ցեղին դէմ։ Այն քաղաքին կամ գիւղին Հայերը որոնք կը յամենան մայրենի լեզուն իւրացնելու մէջ, պէտք է որ նկատուին հայ վերազարթումը յամեցողներ եւ անարգուին, նոյնիսկ պատժուին։ Այս ճիգը պէտք է որ ըլլայ առաւելապէս անհատական, ինչու որ՝ ազգին դաստիարակող, ուսուցանող ուժերը երկար ատեն անբաւական պիտի ըլլան ամէն քաղաքի, ամէն գիւղի մէջ փափաքուած գործը կատարելու, փափաքուած ժամանակամիջոցին մէջ։ Ընդհանրապէս, ամէն Հայ որ հայերէն չի գիտեր, ու մասնաւորաբար թուրքերէն միայն գիտցող Հայերը, պէտք է որ ազգային պարտք նկատեն իրենց սեփական ուժերով - որչափ ասիկա հնարաւոր է - հայերէն խօսիլ, գրել, կարդալ սորվիլ։ Պէտք է ժամ առաջ մաքրուիլ թրքական ախտէն՝ չեղծանելու համար հին Հայրենիքին հնամենի սրբութիւնները։ Պէտք է նոր թափով ու նոր ոգիով վերադառնայ հայկական, հին, անարատ, առոյգ կենցաղին։

Այս գործը կարծուածին չափ դիւրին պիտի չըլլայ, բայց պէտք չէ ճիգ խնայել՝ միալեզու եւ միահոգի հայութիւն մը ստեղծելու համար աւերակներու մեր հայրենիքին մէջ, որուն վերականգնումին համար ամէն Հայ իր բազուկը կը խոստանայ խանդավառօրէն։

Երէկ, ձիով Հայոց թաղը գացինք, որ քաղաքին վերի ծայրն է, ամէնէն բարձրադիր եւ օդաւէտ թաղը, Յոյներու թաղին անմիջապէս ետեւը, բայց գրեթէ խառնուած անոր ու կարգ մը թուրք թաղերու հետ։ Առաջնորդ քահանային տունը գացի, բայց քահանան հոն չէր։ Կ՚ուզէի տեղեկութիւններ առնել տեղացի Հայերուն մասին, թէեւ չեմ կարծեր թէ այդ մարդուկը - անշուշտ տարիքը առած, դինդին ծերուկ մը, վախկոտ ու տգէտ - կարող պիտի ըլլար բացառիկ բաներ մը ըսել ինծի։ Հայերը գրեթէ կը սոսկան հետս տեսակցելէ, թուրք չէթէներուն արհաւիրքովը լեցուած։ Հայաստանցի անվախ եւ հաստամարմին ձմերուկավաճառ մը արդէն իմ ուզած բոլոր տեղեկութիւններս տուաւ քանի մը օր առաջ։ Բացի զինուոր ընտանիքներէն եւ քանի մը «ազդեցիկներէ, բոլոր Հայերը աքսորուեր են։ Աքսորէ վերադարձողներ կան, թէեւ ցանցառ թիւով։ Ներկայ ժողովուրդին նիւթական վիճակը գրեթէ գոհացուցիչ է. չքաւորութիւնը քիչ համեմատութեամբ է, բաղդատմամբ ուրիշ տեղերու։ Եւ սակայն, տարօրինակ խռովք մը սկսած է վրդովել հայ թաղը. չէթէներուն վախն է այդ, որ վերջերս մանաւանդ մեծ չափով աւելցած է։ Յունական խժդժութիւններու զրոյցները մեծ գրգռում առաջ բերած են թուրքերուն մէջ, ընդդէմ Յոյներուն, եւ Հայերը կը խորհին թէ՝ Յոյներուն դէմ կազմակերպուած ջարդի մը պահուն, մոլեռանդ եւ կատղած միւսիլմանը հազիւ թէ պիտի ուզէր խնայել իրենց։ Այս պատճառով է որ ունեւոր դասակարգը հետզհետէ կը քաշուի կ՚երթայ Իզմիր կամ Պոլիս, իսկ չունեւորը կը սպասէ բախտին, վիզը ծռած։ Իսկ վերապրող աքսորականներու ստուար թիւ մը, որ կը գտնուի Պոլիս, Գոնիա կամ Իզմիր, կը վախնայ վերադառնալու իր ծննդավայրը եւ տէր դառնալու իր ստացուածքին (մնացորդին) ու կ՚ապրի թշուառ կեանք մը, սպասելով լաւագոյն օրերու։ Անշուշտ շատ բանաւոր է այդ սպասումը։ Իմ կարծիքովս, պէտք էր ամիսներ առաջ մասնաւոր յանձնախումբեր կազմել Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ, ժողվելու եւ այս երկու քաղաքներուն մէջ տեղաւորելու համար Պոլսոյ շրջակայքի գիւղերուն եւ Փոքր Ասիոյ մէջ ցրուած կիսակոտոր եւ գրեթէ անճարակ հայութիւնը, ամէն հաւանական վտանգէ զերծ պահելու համար զանոնք։ Իսկ վերադարձող աքսորականներու հոսանքը դէպի իրենց ծննդավայրը, որ Հայաստանի սահմաններէն շատ հեռու կ՚իյնայ, պէտք էր բացարձակապէս արգիլել։ Ոչ մէկ լուրջ ճիգ թափուեցաւ այս ուղղութեամբ։ Թրքական վտանգէն դուրս, իր գիւղը կամ քաղաքը հասնող Հայը, որ նորէն գործի կը սկսի, նորէն իր հողին կամ խանութին կը փարի, շատ դիւրութեամբ պիտի չուզէր ձգել նորէն ամէն բան եւ փութալ իր աւերուած հայրենիքին անստուգութիւններուն։ Պէտք չէ շատ մեծ յոյսեր դնել Հայուն ազգասիրութեան վրայ. այդ զգացումը, հակառակ իր բոլոր խանդավառութիւններուն, բացարձակապէս մակերեսային է, խորունկ արմատներ չէ ձգած Հայուն սրտին մէջ։ Ամէն մարդ իրարու նայելով կ՚ըսէ թէ Հայաստան պիտի երթայ, անգամ մը որ կարգը վերահաստատուի հոն։ Բայց այդ կարգը ո՞վ պիտի վերահաստատէ։ Մենք մեր տեղը ծալապատիկ պիտի նստինք, ու եսամոլ ու հաշուախնդիր օտարը - այս բառին մէջ են բոլորը, առանց բացառութեան - պիտի կտրէ անցնի ծովերը, երթալ տքնելու, քրտնելու մեր հողին վրայ, մեզի համար, ու երբ ամէն բան պատրաստ ըլլայ, մեզի «հրամմեցէք» պիտի ըսէ։

Առանց իրերը չափազանցնելու, ա՛յս է մտայնութիւնը մեր ամբոխին, որուն յոյսը ուղղակի իր ահաւոր տառապանքէն կը բխի. -

«Օտարը պիտի աշխատի մեզի համար եւ ամէն բան պիտի ընէ մեզի համար, ինչու որ մենք շատ տառապեցանք»։

Օ՜, անշուշտ, իրենք ալ պիտի վազեն երթան ու լծուին աշխատանքի սայլին, բայց պէտք է որ նախ Գոմէշը (Mandat) լծուի անոր ու ճամբան հարթէ։ Իսկ այն պարագային, երբ այդ երանելի կարգը հաստատուած հռչակուի մեր պաշտպան ու վաստակաւոր Գոմէշին կողմէ, կասկածելու շատ պատճառներ կան որ կրկին տուն տեղ եղած Հայերը միահամուռ թռչին դէպի հայրենի սարը-ձորը։ Շատ հաւանաբար, այն ատեն ալ իրարու պիտի սպասեն. «թող անոնք երթան. եթէ կարգը իրապէս վերահաստատուած է, եթէ Թուրքը ա՛լ չի կտրեր, չի փշրեր, եթէ թափած քրտինքը հաց կ՚ըլլայ այդ հողին վրայ, այն ատեն մե՛նք ալ կ՚երթանք»։ Հայուն հոգիին գլխաւոր յատկանիշներն են վախկոտութիւնն ու եսասիրութիւնը. վատասերած հայութեան մասին է խօսքս, ու դժբախտաբար շատ խոշոր հատուած մը կը կազմէ այդ մասը։ Ձեռներէցութեան հզօր ոգիով մը առաջ նետուելու եւ ընդհանրական ճիգերով աշխատելու, պայքարելու յատկութիւնը չունինք եւ կամ կորսնցուցած ենք։ Ստրուկ, լճացած կեանքը, զոր ապրեր ենք այսքան ատեն, ուրիշ արդիւնք չէր կրնար տալ։ Նուիրումի մեր չափանիշը շատ ցած աստիճանի մը վրայ կը գտնուի։ Եղա՞ւ մինչեւ այսօր հայ հարուստ մը որ իր հարստութեան գէթ կէսը տար՝ հայ վերածնունդին սատարած ըլլալու փառքին համար։

Վաղը, Հայաստան փութացող Հայուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ այդ քայլը պիտի առնէ, կա՛մ անոր համար որ դուրսը անօթի մնացած է եւ կը յուսայ իր հայրենիքին մէջ պատառ մը հաց ճարել, եւ կամ ունևոր է եւ ապագայի փայլուն հեռանկարներ ունի իր անձին համար, մայրենի հողին վրայ։ Այսպէս պիտի կազմուին հայ քաղաքացիներու երկու գլխաւոր դասակարգերը-հայ չքաւոր եւ բախտախնդիր պրոլետարիան եւ հայ ընչաքաղց ու շահախնդիր պուրժուազիան։ Այս տեսակ տարրերով կազմուած երկրի մը համար, որոշ է թէ անհրաժեշտ է չափազանց զօրաւոր բրոբականտ ազգային իտէալի։

Այս երկու դասակւարգերէն դուրս ու բարձր՝ պիտի գտնուի նաւե, անշուշտ հայ իտէալիստ եւ ինքազոհ երիտասարդութիւնը, միշտ պատրաստ թափելու իր քրտինքը կամ արիւնը մայրենի հողին վրայ, բայց հերոսներու այդ խումբը, առաջին տասնեակ մը տարիներուն, բաւական ստուրաթիւ պիտի չըլլայ, կարենալու համար իր իտէալներովը սնուցանել հայ զանգուածը եւ իր երակներէն կամք ու կորով ժայթքեցնելհայ դարաւոր թմրութեան վրայ։ Իր պայքարը ահաւոր պիտի ըլլայ։

Էտրեմիտ… Յուլիս

Երկու օրուան դժնդակ ճամբորդութենէ մը ետք, ձիով, այս քաղաքը հոսանք։ Արշալոյսին մեկնեցանք Պալըքէսիրէն չորս սպայ, չորս զինուոր եւ երկու թարգման։ Մեզի կ՚ընկերանային թուրք կառավարութեան կողմէ թուրք հարիւրապետ մը եւ չորս ժանտարմաներ։

Սոսկալի տաք կ՚ընէր։ Առաջին օրը վեց ժամ ճամբայ ըրինք ու գիշերը անցուցինք պուրակի մը մէջ, առուի մը եզերքը։ Երկրորդ օրը, տասը ժամ ձիավարեցինք ու գիշերը ուշ ատեն հասանք Էտրէմիա։ Ճամբորդութեան ամբողջ ընթացքին հանդիպեցանք պզտիկ ձիերու վրայ հեծած Չէրքէզ եւ Պոչնաք չեթեներու, որոնք մեր պարզած անգլիական դրօշը տեսնելնուն պէս՝ ակնածանքով կը բարեւէին առջեւէն գացող սպաները ու կ՚անցնէին կ՚երթային։

Առաջին օրը յիսուն հոգինոց շէթէախումբ մը կեցուց մեզ եւ քանի մը վայրկեանի հարցաքննութենէ ետք, համոզում գոյացուցած թէ Յոյն չենք, այլ Անգլիացի, որ զիրենք ազատելու կը փութանք հելլէն բարբարոսութենէն, թոյլ տուին որ շարունակենք մեր ճամբան։ Մեզի ընկերացող թուրք սպան կատարեալ աւանակ մըն էր, շէթէ տեսնելուն պէս՝ գոյնը կը նետէր, ու գրեթէ կը թոթովէր անոնց հետ խօսած ատեն։ Տեղ մը շէթէներու բաւական խոշոր կայանի հանդիպեցանք, ուր պզտիկ հանգիստ մը ըրինք։ Չէթէները երկու թնդանօթ ունէին հոն։ Սպաները խոհեմութիւն համարեցին այդ մասին որեւէ հարցում չուղղել։ Չէթէներուն բաւական կարեւոր մէկ մասը զինուած էր անգլիական հրաշալի հրացաններով։ Հոդ չէթէները շատ յարգանք ըրին մեզի, երբ ձիերէն իջանք. եկան բռնեցին մեր ձիերը եւ տարին ջուր խմցնելու։ Ճամբան ընթացքին, հանդիպեցանք նաեւ վրաններու տակ հաւաքուած հազարաւոր մահմետականներու, որոնք սահմանամերձ գիւղերէ փախած էին, եկող Եունան-ին սարսափէն խթանուած։ Պէտք է ըսել թէ ծայրայեղ թշուառութեան պատկեր մը կը ներկայացնէին անոնք բոլորը, առհասարակ։

Դերերու ի՜նչ զաւեշտային փոփոխում։

Մանիսա, 14 Սեպտեմբեր 1919

Երեք շաբաթէ ի վեր այս քաղաքը կը գտնուիմ, Հարիրապետ Ուիթհըլին հետ։ Քաղաքը գրաւուած է յոյն զինուորներէն որոնց թիւը տասը հազարը կ՚անցնի։ Մէկ ժամ անդին կը սկսին թուրք «միլլի»ներուն գիծերը։ Կեանքս ընդհանրապէս խաղաղ է եւ գրեթէ միօրինակ ։ Անսովոր ոչինչ կը պատահի։ Յաճախ Իզմիր կ՚երթամ տեղեկագիրներ տանելու անգլիական հրամանատարութեան։ Ինձմէ զատ, մեր փոսդին մաս կը կազմեն անգլիացի զինուոր մը եւ սպային ծառան, որ կոշտ բայց քաղցր Սեւ-Լեռնցի մըն է։ Սպային թարգման-օգնականն եմ. իր բացակայութեան ատեն, գործերը ես կը վարեմ։ Կը բնակինք խոշոր սիրուն տունի մը մէջ. ննջարան մը եւ օֆիս մը ունիմ։ Ամէն բան աղէկ է- հրաշալի խաղողներ, ձմերուկներ, գեղանի յոյն աղջիկներ -, բացի փողոցներուն զզուելի փոշիէն և աղտոտ, ինքնահաւան յոյն զինուորներէն։ Փողոցը քալած ատենդ կը կարծես թէ ամպի մը մէջէն կ՚անցնիս. իսկ երբ հելլէն զինուորի մը կը հանդիպիս որ ժպտագին «good evening Johny» կ՚ըսէ, քար մը առնելդ եւ գլուխին զարնելդ կու գայ։ Ասոնցմէ դուրս, ոչինչ անտանելիօրէն գէշ է։ Թուրքերը ընդհանրապէս «աղէկ մարդիկ» դարձած են եւ մասնաւորապէս բարեացակամ մեզի, անգլիացիներուս հանդէպ. քնքշօրէն ու սիրտի անպատում գոհունակութիւնով կը ժպտին, երբ մօտերնուն կ՚անցնիմ։ Էն առաջ տեսնողը՝ քովինին արմուկի թեթեւ հարուած մը կու տայ եւ կը մրմնջէ «պաք, Ինկիլիզ տիր» ու երկուքը մէկ՝ նորածին գառնուկներու անմեղութիւնովը կը ժպտին։ Գերագոյն անտարբերութիւնով մը կ՚անցնիմ իրենց քովէն ու կը խորհիմ թէ դիւային ի՜նչ քրքիջով մը արդեօք, նոյն մարդիկը, վզիս վրայ պիտի պառկեցնէին ահաւոր եաթաղանի մը ծանրութիւնը, եթէ, հին օրերու մէջ, աքսորի ճամբու մը վրայ հանդիպէին նոյն անձին։ Այն ատեն, էն առաջ տեսնողը նորէն արմուկի թեթեւ հարուած մը պիտի տար քովինին, բայց փոխանակ գառնուկի ժպիտին՝ ոճիրին գինովութիւնը պիտի պոռթկար իրենց աչքերէն. «Պաք, Էրմէնի տիր»…։

Երբեմն, բուռն անզսպելի մղում մը կը գալարէ մարմինս, երբ բրոբականտի համար մեր մօտ ղրկուած անգլիախօս թուրքի մը հետ առանձին կ՚ըլլամ հիւրասենեակը։ Ոչ ոքի յայտնի ըրած եմ անգլիացի չըլլաս, սպայիս հրամանով։ Դիմացս, Ֆոթէօյի մը վրայ քաղաքավարօրէն մարմինը կծկած, ձեռքերը ոտքերի ջղաձիգ շարժումներու անձնատուր, նայուածքը երազկոտ ու չարչրկուած՝ կը խօսի ան, կնոջ մը պէս փափուկ, նրբին։ Քրիստոնէութեան համար մարտիրոսացած մը նուազ տառապած ու նուազ յոգնած աչքերով պիտի նայէր քեզի։ Ու յանկարծ կը ժպտի, երբ հազիւ աւարտած է նախադասութիւնը զոր չեմ իմացած՝ դեռ ենթակայ իր առջի ժպիտին մռայլ մագնիսականութեանը։ Ու նոյն սարսուռը կը սառեցնէ աջ ձեռքս, զոր գերագոյն մղում մը կը դրդէ՝ բարձրանալ, ճեղքել օդը եւ իր մատերը մխել խորո՜ւնկ խորո՜ւնկ, այդ սպիտակ, փափուկ կոկորդին մէջ. բայց կը զսպեմ ինքզինքս ու ես ալ կը ժպտիմ, անձկագին տենչալով որ ա՛լ չժպտի ինք, փափուք ձայնով մարդը, հրէ՜շը։

Ոտքի կ՚ելլէ ան ու ձեռքը կ՚երկարէ։ Կը վախնամ որ պիտի համբուրէ ձեռքս ու գրեթէ պաղատագին երեսը կը նայիմ որ ատանկ խենթութիւն մը չընէ։ Այրում մը կ՚ունենամ կոկորդիս մէջ ու կը զգամ թէ անհուն հեշտութիւն մը պիտի ողողէ սիրտս, եթէ պոռամ երեսին. «ինծի նայէ, աւանա՛կ, ես Հա՜յ եմ, Հա՜յ. հիմա կը սպաննեմ քեզ»։

Ուշ ատեն, հարիւրապետս կու գայ եւ դեռ դուռը չգոցած կը հարցնէ.

- Նուրի պէյը եկա՞ւ։

- Այո, եկաւ։

- Ի՞նչ ըսաւ։ Անշուշտ պատուեցիր զինք. քանի՞ վայրկեան մնաց. գիտես թէ շատ բարեկամ եմ այդ մարդուն հետ. ու վերջապէս՝ անոյշ Թուրք մըն է ան։

Նոյն դողը կը ճղաձգէ աջ ձեռքս. կը զգամ թէ պզտիկ հեշտութիւն մը պիտի չունենամ՝ շառաչուն ապտակ մը իջեցնելով ու պատին փակցնելով այդ մարդը զոր սակայն այնչափ կը սիրեմ։ Կը մտածեմ, կը կմկմամ. բացարձակապէս բան մը չեմ յիշեր, թէեւ տարտամօրէն միտքս է խօսակցութեան նիւթին կարեւորութիւնը։ Խոստովանած եմ սպայիս այդ մարդուն եւ ուրիշ մէկ երկու Թուրքերու իմ վրաս գործած տպաւորութիւնը, բացատրած եմ իրեն թէ իրենց ժպիտը ինչպիսի ճմլումներու կ՚ենթարկէ հոգիս։ Գեշեր մը նոյնիսկ խօսեցայ իրեն՝ աջ ձեռքիս սարսուռներուն մասին։ Խնդաց ու «ջղային Արեւելքցի» կոչեց զիս։ Ու դուռին ետեւ կեցած, ահա կը խնդայ ու կ՚ըսէ.

- Գոնէ մի՞տքդ է թէ քանի՛ ժամ մնաց։

- Ոչ։

- Աջ ձեռքդ դողա՞ց նորէն։

- Չեմ յիշեր։

- Գիտե՞ս թէ ինչ, պոլշեւի՛ք (այսպէս կը կոչէ զիս), երբ որեւէ ատեն պատահի որ Նուրի պէյը ժպտի, եւ աջ ձեռքդ դողայ, իսկոյն ոտքի ել, արագ շարժումով մը աջ ձեռքդ… նստատեղիիդ տակ դիր եւ վրան նստէ։ Իսկոյն կը հանդարտի…

Շառաչուն քահ քահ մը կը փրթի կոկորդէն, մեծղի մարմինը սարսելով, ու գրեթէ կը գոռայ.

- Բեդր՜օ, ճաշս բե՛ր։

Օֆիսս կը քաշուիմ եւ կը բանամ օրագրութեան տետրակս…։

17 Սեպտեմբեր…

Երկու օրէ ի վեր Իզմիր եկած ենք, սպաս ու ես։ Երէկ գիշեր ահռելի տագնապ մը անցուցի։ Երրորդ անգամ ըլլալով՝ բերնէս արիւնահոսութիւն կ՚ունենամ։ Առաջին անգամ Պոլիս պատահեցաւ, անցեալ տարի, Օգոստոսի վերջերը, երբ Ս-ին հետ կը թափառէինք Թիւնէլ-Բասաժի ետեւի ամայի փողոցներուն մէջ։ Հէ՜ք աղջիկ, որչափ վախցաւ։ Ու նոյն օրը, մայրամուտին, երբ նորէն հանդիպեցանք իրարու, որչափ քաղցր էին մեր հոգիները, երբ, Շոբէնի երաժշտութիւնովը հոգիս գինովցնելէ ետք, եկաւ ընկողմանեցաւ միեւնոյն Ֆոթէօյին մէջ և ձեռքը վզիս վրայ սեղմած՝ մրմնջեց. «իրա՜ւ, պիտի մեռնի՞ս դուն», եւ աչքերս համբուրել ուզեց, բայց թոյլ չտուի եւ մեկնեցայ։ Երկրորդ անգամ, եօթը ամիս ետք, Պուլտուրի մէջ ունեցայ նոյն բանը։ Այդ իրիկուն, երկարատեւ պտոյտ մը ըրեր էի այգիներով եզերուած ճամբուն վրայ, ու լիճին քով, քարի մը վրայ նստած, ժամերով ըմպեր էի, կաթիլ կաթիլ, մայրամուտի երանգներէն հոսող երաժշտութիւնը։ Վերադարձիս, աւիշի անօրինակ խուժում մը զգալով ամբողջ մարմնիս վրայ եւ հոգիիս մէջ՝ յաւիտենականութեան որոշ զգայութիւններ՝ կատարեալ համոզում գոյացուցեր էի թէ թոքախտ չէի, չէ՜ի կրնար ըլլալ… թէ յիմարութիւն էր այդ տեսակ կասկած մը ունենալ, երբ մարմնիս մէջ կեանքը այդպէս կը յորդէր, եւ հոգիիս մէջ պարզ երանգի մը թափանցումը անհունութեան տենդը կու տար ինծի։ Տուն հասայ։ Սպաները դեռ չէին եկած։ Անգլիացի զինուոր մը պարտէզը նստած կը ճաշէր։ Սենեակս մտայ եւ կռնակի վրայ պառկեցայ՝ երազելու համար լիճը եւ մայրամուտներու երաժշտութեան քաղցրութիւնը։ «կարելի չէ՞ - խորհեցայ - իրիկուն մը այնքան խոր շնչել եւ այնքան պաղատագին յառիլ այդ լիճին, որ մայրամուտի երանգներուն խաղաղութիւնը հոգիիս մէջ իջնէ, այնքան խոր՝ որ ա՛լ մնայ հոն եւ ինծի հետ ապրի, ինչպէս կ՚ապրի լիճին հետ»։ Յանկարծ, աչքերուս մէջ մթութիւն մը տարածուեցաւ, ու գերագոյն խորութեան մը զգայութիւնը ունեցայ։ Անկողնէս փախչիլ ուզեցի։ Այն ատեն, չեմ գիտեր ինչպէս, միտքս եկաւ այն իրիկունը, երբ, Շոբէնի երաժշտութիւնովը հոգիս գինովցնելէ ետք, երկար ֆոթէոյին վրայ, ճիշտ քովս, մարմնիս սեղմուած, ձախ ձեռքովը վիզս ճմլեց ուժգին…

- Իրա՜ւ, պիտի մեռնի՞ս…

Եւ աչքերուս առջեւ գծուեցան նորէն իր շրթունքներուն յամր ու նուաղկոտ յառաջացումը դէպի աչքերս, եւ իմ փախուստս։ Օհ, ինչ կարօտ այն ատեն ծաւալեցաւ հոգիիս մէջ՝ այդ կորսուած համբոյրին համար։ Ինչե՜ր պիտի չտայի՝ անողորմ յաւերժութեան ծոցէն ետ խլելու համար զայն։ Օ՜, ա՛լ պիտի չփախչէի…։

Ինչ որ Շոբէնի երաժշտութիւնը չէր կրցած ընել, այդ լիճն ու մայրամուտին երաժշտութիւնը ըրած էին։ Չէի հաւատար Մահուան։ Այս անգամ յօժարակամ պիտի տայի աչքերս այդ դողահար շրթունքներուն եւ անհունութիւնը գրկելու հաւատքով պիտի փարէի իրեն.

- Համբուրէ՜ աչքերս, ու նայուածքս պիտի չմեռնի…

Հէ՜ք, կորսուած աղջիկ։

Այդ գիշեր էր որ ունեցայ երկրորդ արիւնհոսութիւնս։

Ու երէկ գիշեր ունեցայ երրորդը։

Առաւօտուն, մասնաւոր տկարութիւն մը կը զգայի. ծունկերս կը կթոտէին, եւ առանց որեւէ պատճառի՝ սաստիկ մելամաղձութիւն մը կը չարչարէր հոգիս։ Կէսօրուան ճաշէն ետք անկողին մտայ, առանց կարենալ քնանալու։ Երկու ժամ անցեր էր, երբ յոյն թարգմանը եկաւ, շունչը կտրած, ըսելու թէ սպաս անմիջապէս զիս տեսնել կ՚ուզէր։ Կայծակի արագութիւնով հագուեցայ։ Հանիւրապետս ախոռը գտայ։

- Հիւա՞նդ ես, - ըսաւ, զիս տեսնելուն պէս. - ինչու՞ երեսներդ կարմրեր են։

- Կարծեմ ջերմ պիտի բռնէ, - ըսի. - հրաման մը ունի՞ք։

- Այո՛. գնա՛ պառկէ։

- Բայց արդէն պառկած էի, ձեզի համար ելայ։

- Կը ցաւիմ, հիմա կ՚ուզեմ որ երթաս, պառկիս։

Հասկցայ իր նեղսրտութենէն թէ կարեւոր գործ մը ունէր ինծի ընել տալիք, բայց հիւանդագին վիճակս տեսնելով կը հրաժարէր։ Ուստի խնդրեցի որ հիւանդի տեղ չդնէ զիս եւ իր հրամանը հաղորդէ։

- Լաւ, - ըսաւ, - ձիով Քորտելիս պիտի երթանք, բարեկամի մը տունը. դուն հոն ձիդ օրիորդի մը պիտի տաս եւ պիտի սպասես մեր վերադարձին։ Յետոյ, ձիերը առանձին պիտի վերադարձնես ախոռ։ Այս ամէնը կը նշանակէ, - ըսաւ, իր երես առած տղու ժպիտովը զոր այնքան կը սիրեմ, - այս ամէնը կը նշանակէ՝ երեք ժամ ձիավարութիւն ու երկու ժամ սպասում։ Կրնա՞ս…։

- Ճիշտ այդ պէտք է ինծի, - պատասխանեցի, ուժերս հաւաքելով. - զգացած թուլութիւնս եւ հոգեկան գէշ տրամադրութիւնս փարատելու համար, աւելի լաւ բան մը չէիք կրնար հնարել։

- Պատասխանատուութիւն չեմ վերցներ. գիտե՞ս թէ վաղը ճամբորդ ենք։

- Դէպի ու՞ր։

- Մանիսա։

- Ձիո՞վ։

- Ո՛չ շոգեկառքով։

- Լա՜ւ։

Ու ձիուս վրայ նետուեցայ. հարիւրապետս արդէն պատրաստ էր։

- Վաղը առաւօտ, 106 աստիճանի տաքութիւն ալ ունենաս՝ կը տանիմ, Պոլշեւիք, գիտցա՛ծ ըլլաս։

-

Ու ճամբայ ելանք։ Տասը վայրկեան ետք, ինչպէս գուշակեր էի, բովանդակ կորովս եւ ճկունութիւն վերստացեր էի։ Սրտիս վրայ ճնշող ծանրութենէն հետք չէր մնացեր։ Երբ շոգեկառքի գիծերէն անցանք, սպայիս ձին սկսաւ սուրալ։ Նոյնը ըրաւ իմս։ Հրաշալի էր այդ համաչափ փազքը, որ մասնաւոր երաժշտութիւն մը կը յօրինէր երկար ու ողորկ ճամբուն վրայ։

- Ու՞ր սորված ես ձի հեծնել, Պոլշեւիք։

- Անգլիական բանակին մէջ։

- Հէ՞, ե՞րբ մտար այս բանակին մէջ…

- Զինադադարէն յետոյ։

- Աղէկ, եկուր մրցում մը ընենք։

Ու ձիերը խթանեցինք։ Իմ ձիս եգիպտական է, աւելի խոշորամարմին եւ աւելի արագընթաց քան հարիւրապետինը, որ սակայն աւելի սիրուն է։ Իմ ձիս առանց ճիգի գլեց անցաւ միւսը, սակայն հարիւրապետը՝ կատղած, ճարտար ձիավարի իր ամբողջ կարողութիւնը հաւաքելով սկսաւ ծեծել իր ձին, եւ ատեն մը եկաւ որ հակառակ բոլոր ճիգերուս՝ երկու ձիերը մէկ գիծի վրայ եկան։ Քանի մը վայրկեան այդպէս գացինք, գլուխնիս ձիերուն բաշին դպցուցած ու գերագոյն պրկումի մը մէջ քարացած։ Կը զգայի թէ գարծադրած ճիգս ուժի ահագին սպառում կը պատճառէր, բայց ի գին ամէն բանի չէի ուզեր ետ մնալ։ Յանկարծ, կամուրջ մը ցցուեցաւ դիմացնիս, եւ հարիւրապետը հրամայեց որ կանգ առնեմ։ Կամուրջին միւս կողմը արժանացայ իր ջերմ գնահատութեան։

- Իրաւ որ քու տեղդ, Պոլշեւիք, հեծելազօրին մէջն է, - կատակեց։

Քանի մը րոպէ եւս, ու հասանք մեծ, հրաշալի դղեակի մը առջեւ։ Երկու Անգլուհիներ, հուրիներու պէս գեղանի, ինքնատիպ հագուստներ հագած, հոլանի կուրծքով եւ թեւերով, դուրս նետուեցան դղեակէն, հրդեհէ փախչողի թափով։ Աւելի տարէց թուող օրիորդը - կ՚երեւի թէ մեր հարիւրապետինն էր - առաջ անցաւ եւ առանց այլեւայլի անոր փաթթուեցաւ։ Իմ ակնարկս այն ատեն, բնականաբար, ուղղուեցաւ միւսին որ իր հոլանի լանջքին վրայ ահագին ուլունքներով համրիչ մը կախած էր, վզէն անցուած։ Ան ալ ինծի՞ պիտի փաթթուէր արդեօք։ Անկարելի բան մը չէր վերջապէս։ Բայց չըրաւ, միայն պաշտելիօրէն - ու կարծեմ քիչ մը արհամարհանքով - ժպտեցաւ։ Երբ միւս զոյգին գրկախառնումը վերջացաւ, եւ սպաս, իր շփացած տղու ժպիտովը, ձեռքը թօթուեց դեռատի օրիորդին - իմինիս -, այդ վերջինը միեւնոյն պաշտելի ժպիտով հարցուց հարիւրապետին.

- Ձեր ձիապա՞նն է պարոնը։

Զայրոյթէս գունատեցայ եւ շրթունքներս արհամարհանքով պրկեցի։ Իմ դէմքս ձիապանի մը դէմքը չէր կրնար եղած ըլլալ, խորհեցայ, եւ քէնոտ երեւոյթ մը առի, ջանալով ժպտիլ, վրաս ծիծաղիլ չտալու համար։ Սպաս հասկցաւ հոգեկան վիճակս եւ փութաց սրբագրել.

- Թարգմանս է, օրիորդ. աւելի ճիշդը՝ օգնականս։ - Յետոյ, յանկարծ ինծի դառնալով, - Աջ ձեռքդ ի՞նչ վիճակի մէջ է, Պոլշեւիք, - բացագանչեց եւ սկսաւ բարձրաձայն խնդալ։

Իրաւ որ աջ ձեռքս աղէկ վիճակի մը մէջ չէր, եւ անտարբերութիւն կեղծելով սկսայ ձիուս թամբին փոկերը թուլցնել։ Այդ միջոցին, օրիորդներուն գրգռուած հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար, հարիւրապետը սկսաւ, անշուշտ իր երես առած տղու ժպիտով, բացատրել թէ ինչպէս օր մը անգլիացի տեղակալի մը դէմ իրաււոնքս պաշտպանած էի, անոր երեսին պոռալով թէ որքան կը սիրէի ռուս գրականութիւնը, Թոլսթոյի եւ Անտրէեւի պատկերները Pay-book-իս մէջ պահելս, եւլն. եւլն. ու եզրակացուց թէ օր մը, երբ իր մէկ հրամանին անսաստեր էի ու պաղարիւնով անհնազանդութիւնս կը պատճառաբանէի, չկրցաւ խնդուքը զսպել ու you are a damn Bolshevik ըսաւ ինծի։

- Այսպէս չէ՞ պոլշեւիքութեանդ ծագումը եւ պատմութիւնը, - ըսաւ, ինծի դառնալով։

- Ձիերը պատրաստ են, հարիւրապետ, - ըսի, գերագոյն անտարբերութիւնով մը։

Ու երեքը մէկ ծիծաղեցան։

Երբ հարիւրապետը իրենին հետ մեկնեցաւ, դեռատի օրիորդը՝ նոյն պաշտելի ժպիտով հարցուց.

- Ձեր իգական անունը ի՞նչ է, խնդրեմ…։

- Հետաքրքրակա՞ն է ձեզի համար իմանալ հէք ձիապանի մը անունը։

- Ա՜յո, խնդրե՜մ… - ըսաւ, այնպէս ըսել ուզելով թէ ձիապանի մը հանգամանքը կը յարմարէր ինծի, մինչդեռ կը կարծէի թէ քնքշօրէն ներողութիւն պիտի խնդրէր ինձմէ, իր սխալին համար։

Գունատեցայ բայց չխռովեցայ։

- Լաւ, - ըսի, - անունս Օսքար է։

- Օսքա՞ր… Օսքար Ուայլտը կարդացա՞ծ էք։

- Իր բոլո՛ր գործերը։

- Կարդացա՞ծ էք «Տորիըն Կրէյ»ը։

- Երեք անգամ, ու սիրած մասերս իմ լեզուիս թարգմանած եմ։

- Ի՞նչ է ձեր ազգութիւնը, խնդրե՜մ։

- Հէք ձիապանի մը ազգութի՞ւնն իսկ կրնայ հետաքրքրել ձեզի պէս հպարտ ու գեղանի անգլուհի մը։

Որոշեր էի զայրացնել եւ յետոյ ծիծաղիլ իր վրայ, եւ այդպէսով յաղթանակը շահիլ։

Բայց փոխանակ զայրանալու, ձեռքս առաւ, ուժգին սեղմեց, առանց սակայն զղջումի հետք մը ցոյց տալու իր աչքերուն մէջ, ուր դեռ հեգնանք թաքնուած էր, եւ ըսաւ.

- Սիրայօժար պիտի ուզէի «Տորիըն Կրէյ»ի մասին խօսիլ ձեզի հետ։ Եթէ փափաքիք, կրնանք երթալ իմ սենեակիս դերասը, ուր շատ զով կ՚ընէ։

Ու գացինք։ Միտքս դրի հաւանական թուող թէյի մը ըմբոշխնումէն ետք հրաժեշտ առնել ոչնչութեան շունչովը ուռած այդ օրիորդէն որ կը սկսէր ձանձրացնել զիս, հակառակ անոր որ իր ժպիտները իսկապէս պաշտելի կը դառնային, եւ իր աչքերուն մէջ լողացող հեգնոտ նուաղանքը գրեթէ փարատած էր։ Բայց տեսեր էի նախապէս իր ֆոնը- արգահատելի ունայնամտութիւն մը եւ իր կախած ուլունքներուն պէս ուռած, շշմած հպարտութիւն մը։ Կը սիրեմ հպարտութիւնը կիներու մէջ, բայց միայն ա՛յն ատեն երբ յենած չէ ոչնչութեան, այլ հոգիի խորունկ ուժերու։ Առաջին անգամ զգացած եմ սիրոյ խլրտիլը հոգիիս խորութիւններուն մէջ, երբ Ս. ն - երեք տարուան բարեկամութենէ մը ետք, րուն գլխաւոր յատկանիշը անտարբերութիւնն էր իմ կողմէս - կը գրէրիր առաջին ցասկոտ նամակը, իր վիրաւորուած հպարտութեան բովանդակ դառնութիւնը դնելով իւրաքանչիւր բառի մէջ։ Իր հոգիին բոլոր հրաշալի ուժերը ժողված՝ կ՚անարգէր, կը պարսաւէր զիս։ Եւ իբրեւ եզրակացութիւն կը գրէր. «Հոգիիս մէջ սիրոյ ծովը փոխուած չէ նոյնիսկ ատելութեան ծովի։ Ինչ որ ունիմ հիմա քեզի համար, պզտիկ, գրեթէ աննշմարելի ժպիտ մըն է ցուրտ շրթունքներուս վրայ։» Այդ օրն էր որ սիրեցի այդ աղջիկը, եւ անկէ ետք, ամբողջ աշուն մը, ինչ զմայլելի՜ օրեր ունեցանք։

Արդ, այդ անգլուհին կը թուէր կատարեալ ոչնչութիւնմը ըլլայ, հակառակ իր կապոյտ մարմրունաչքերուն հրապոյրին ու պաշտելի ժպիտին։ Այս բանը հակասութիւն պիտի թուէր՝ Օսքար Ուայլտեան տեսակէտէն, բայց հակառակ այդ շքեղ բանաստեղծին հանդէպ ունեցած հիացումիս, չեմ կրցած երբեք մէջէս հեռացնել հոգեկան գեղեցկութիւններու համար ունեցած պաշտամունքս. գեղեցիկ աչքերը, առանց գեղեցիկ հոգիի, կը նմանին գործատեղիի մէջ պատրաստուած շուշաններու…։

Անցանք իր սենեակէն, պզտիկ անպաճոյճ սենեակ մը, շքեղ անկողինով մը, բարձրադիր մահճակալի մը վրայ հանգչած. ու ծայրայեղօրէն ցանկալի իր վարդագոյն վարագոյրներուն տեսքը հիացումի ժպիտ մը ստեղծեց դէմքիս վրայ, զոր անշուշտ պահեցի անծանօթուհիէս։ Ակնթարթի մը մէջ, երեւակայեցի անսահման ու հեշտագին վայելքը որ այդ անկողինը կը խոստանար խոնջած մարմնի մը որ թախծոտ հոգիի մը ծանրութիւնը ունէր իր վրայ։ Դերասը, մեծածաւալ եւ հանգստաւէտ թիկնաթոռներու վրայ բազմեցանք. օրիորդը ծուլօրէն օրօրուիլ սկսաւ։ Սիկարէթ մը վառեցի եւ կրցած անտարբերութիւնս

ժողվելով սկսայ քաղաքին պարզած տեսարանը դիտել։

-Պարոն թարգման, կամ եթէ կ՚ուզէք, պարոն օգնական, հիմա պիտի հաճիք կարծեմ ըսել ձեր ազգութիւնը. կրնաք վստահ ըլլալ թէ հիմա բոլորովին թօթափած էք ձեր ձիապանութիւնը։

Կատարելապէս հասկցած էի թէ իմ զայրոյթէս ամենանուրբ եւ հեշտին հաճոյք մը կը զգար այդ աղջիկը, ուստի, անտարբերութիւնս զինելով, արգահատանքի մեղկ ժպիտով մը պատասխանեցի։

-Մոնկոլ եմ։ Ծնած եմ Նիւ-Չու-Եանկ քաղաքը։ Ռուս եւ Ճաբոնական պատերազմին ատեն, Բորդ Արթիւր քաղաքը կը գտնուէի, երբ ճաբոնացիները պաշարած էին զայն։ Ամիսներով լեռները թափառած եմ, վայրի խոտ ուտելով։ Այդ օրերուն էր որ՝ գերի ինկած ճաբոնացի սպայ մը՝ ինծի տուաւ։ Օսքար Ոուայլտի դիրքը, եւ «Տորիըն Կրեյ»ը կարդացի բարձր լերան մը կատարը, ծերունի եղեւինի մը տակ, ծամելով հաւաքած խոտերէս երկար ցօղուններ։ Հեռուն կը գոռային թնդանօթները։ Այսպէս, օրիորդ, թափուր եւ ծիւրած ստամոքսով է որ ճանչցած ու սիրած եմ Տորիըն Կրէյի շքեղ հոգին։

Գեղանի անգլուհին, աչքերը բացած, երեսս կը նայէր. երազկոտ կը թուէր։ Իր զարմացած դէմքին միամիտ արտայայտութիւնը կատարելապէս դիւթիչ թուեցաւ ինծի, եւ պատմութիւնս մոռցայ։

-Բայց, շարունակեցէ՛ք, - բացագանչեց յանկարծ, - ինչու՞ կեցաք։ Կը խոստովանիմ թէ հետաքրքրական տղայ մըն էք, ու ձեր խօսելու կերպը, գործածած բառերը շատ հաճելի կը թուին ինծի։ Ըսէ՛ք, ըսէ՛ք դեռ…

-Հետաքրքրական են նաեւ, - պատասխանեցի, - թելի վրայ խաղացող աճպարարները, այնպէս չէ՞ Գիտէ՞ք թէ յոգնած եմ, - ըսի յանկարծ դէմքս մթագնելով։

-You have no right to refuse me, - աղաղակեց ։ Քանի որ նախապէս յօժարեցաք խօսիլ եւ զիս հետաքրքեցիք, ստիպուած էք շարունակել, կատարեալ գոհացում տալու համար հետաքրքրութեանս։ Իր դէմքը լուրջ էր. չէր կատակեր։ Չկրցայ իր բրտութեան քաղցրութեանը դիմադրել եւ ըսի.

-Կ՚ընդունիմ թէ իրաւունք ունիք, առանց սակայն ներողութիւն խնդրելու այդ մասին, օրինակ առնելով ձեզմէ։ Կըրնաք զիս խօսեցնել, միայն թէ հարկ է որ մեր խօսելու մեթոտը փոխենք։ Դուք հարցումներ ըրէք ինծի, ու ես կը պատասխանեմ։

-Լաւ. հիմա ըսէք ինծի թէ այդ ծերունի երեւինին տակ «Տորիըն Կրեյ»ի ո՞ր մասերը մասնաւոր տպաւորութիւն գործեցին ձեր դատարկ ստամոքսին պատճառով դատարկացած մտքին եւ հոգիին վրայ։

-Նախ ջնջեցէք ձեր երկար նախադասութեան վերջին բառերէն մէկը, ըսել կ՚ուզեմ «միտք» բառը։ «Տորիըն Կրեյ»ի պէս վէպ մը՝ ընթերցողին մտքի՛ն հետ չէ որ գործ ունի։ Անիկա շքեղ հոգիի մը պատմութիւնն է, եւ իբր այդ՝ ընթերցողին հոգիին միայն կրնայ խօսիլ, եւ անշուշտ ո՛չ ամէն դասակարգի հոգիներու։ Քիչ Անգլիացիներ միայն կրնան հասկնալ այդ գիրքը եւ այդ հոգին, հակառակ անոր որ Անգլիացի մը ստեղծագործած է զայն։ Անգլիան բարոյական ցնդածաբանութիւններու երկիրն է։ Եթէ ձեր երկրին հոյակապ մտաւորականութիւնը վարակուած չըլլանր ընդհանրապէս այդ ախտէն, այսօր մատի վրայ պիտի չհամբուրէին ձեր իսկապէս ինքնատիպ հոգիները։ Ձեր այն հանճարները միայն, որոնք յաջողած են արհամարհել մտածելու աւանդապահական ոգին ու փշրել նեղմըտութիւններու շղթան, անո՛նք միայն յաջողած են շլացուցիչ սաւառնումներ ունենալ։ Ես չեմ կրնար հաւատալ թէ մեծ է թիւը այն Անգլիացիներուն, որոնք կատարելապէս կը զգան խորութիւնը «Համլեդ»ի, «Մանֆրետ»ի, «Տհը Բրոֆընտիս»ի։

-Երե՛քն ալ կարդացած եմ։

-Հասկցա՞ծ էք։

-Բնակա՛նաբար։ Ի՞նչ ըսմել կ՚ուզէք։

-Ի՞նչ է «Համլեդ»ի ոգին։

-Օ՜, «Համլեդ»ը պարզապէս գրուած է ցոյց տալու համար թէ որքան գէշ բան է մտքի անյստակութիւնը, թէ որքան կը տառապին այն մարդիկը որոնք խորհրդածելու ձիրք մը ունին եւ յաւիտենական վարանք՝ իրենց խորհրդածութիւնները կեանքի վերածելու։ Համլէդը հիւա՛նդ մըն է։

-Կը համակրի՞ք այդ հիւանդին։

-Ո՛չ։ Չեմ սիրեր հիւանդ մարդիկը։

-Խորհա՞ծ էք սակայն բնաւ՝ թէ Համլէդը ինչու՞ այդպէս հիւանդ է։ Դուք գիտէ՞ք թէ անհունութեան հպում մարդկային հոգիին՝ կը հիւանդացնէ զայն։ Համլէդը հիւանդ է, սակայն գիտէ՞ք թէ այն բարձունքը ուր հասած է ան հերոսական թռիչքով մը, որքան բարձր է, որքան անհաշուելիօրէն վեր այն ճղճիմ բլուրներէն ուր կը դեգերին ձեր պաշտած հոգիները։ Պէտք է խոստովանիք թէ դուք չունիք պաշտամունքը՝ գերագոյն լռութիւններու վայելքովը մահացած հերոսներու, ու կը սիրէք այն գաճաճ ասպետները որոնք սովորական շրջանակներու մէջ նիզակ կը ճօճեն։ Հոգի մը դատելու համար, պէտք է հարցնել թէ մինչեւ ու՞ր ընկղմած է ան, ո՞ր ահաւոր խորութիւններուն իջած է, ու ո՞ր անդունդը բացուած ու գոցուած է իր վրայ։ Պիտի սիրէիք Համլէդը, եթէ անիկա սպաննած ըլլար թագաւորը որ աղօթելու կ՚երթար, կամ եթէ չըսեէր «To be or not to be», այլ ըսէր միայն, հերոսական զայրոյթով մը, «not to be» եւ վսեմօրէն իր դաշոյնըթ կուրծքը մխէր։ Պիտի սիրէիք զինք, եթէ չըսէր. «Ինչ պիտի ընեն ինծի պես հոգիները որոնք կը թեւածեն յոգնած՝ երկնքին ու երկրի միջեւ», այլ ըսէր, «Պէտք ե որ դառնամ, չմահացած, իմ նախկին շրջանակիս, ու հոգիս յանձնեմ նորեն խաղաղութեան թեւերուն»։ Պէտք է որ Համլէդը գթար թշուառ Օֆելիային ու սիրէր զինք՝ փոխանակ իր անօգուտ ցնորքներուն, «Կուսանոց մը ապաստանե, հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, եւ եղիր սառի պես մաքուր», - Հիւանդ, տկար մարդու խօսքեր, չէ՞, ծերունիի տրամադրութիւն, փոխանակ զայն իր բազուկներուն մէջ սեղմելու եւ մոռնալու իր բոլոր վիշտերը։ Ո՛չ, Շէյքսբիր Անգլիոյ չի վերաբերիր

-Այլ՝ Մոնկոլիո՛յ, թերեւս, - ընդմիջեց զայրացած անգլուհին, իր զայրոյթին մեջ երկու անգամ աւելի գեղեցկացած։

-Հաւատացէք որ, - ըսի, - ձեզի հետ կռուելու բնաւ փափաքչունիմ, ընդհակառակը։ Նախ որ շատ յոգնած եմ ու ճակատելու անընդունակ. յետոյ, գեղեցիկ էք։ Կռուելու ամէն փորձութիւնկը լքէ զիս, երբ ձեր աչքերը կ՚երազկոտէք այդպէս…։

Խորամանկ աղջիկը զգացած թէ թաքուն միտքս էր զինք զայրացնել, եւ թէ, այլապէս, անյաղթելի անտարբերութիւնով մը զինուած էի իրեն հանդէպ։ Ուստի, չբարկացաւ ու գրեթէ բրտօրէն պահանջեց.

-Շարունակեցէ՜ք։

-Կարգը ձե՛րն է։ Պէտք է կա՛մ քննադատէք Համլէդին մասին յայտնած կարծիքներս եւ կամ, եթէ այդ ձեզ չի հետաքրքրեր, անցնինք միւս գլու-գործոցին որ նմանապէս Անգլիոյ սեփականութիւնը չէ։

-Համլէդի մասին ձեր ըսածներէն մեծ բան մը չհասկցայ, այնպէս որ՝ պէտք եղած գետինը չունիմ քննադատելու համար ձեր կարծիքները։ Իմ գիտցած Համլէդիս մասին չէ որ խօսեցաք դուք. դուք տարբեր Համլէդ մը կը ստեղծէք։ Եւ հաւատացէք թէ կ՚եղծանէք զայն։

-Այո՜, դուք կը ճանչնաք ձեր տափակ դերասաններուն ներկայացուցած Համլէդը։ Ինծի ըսէք թէ դուք բնաւ կարդացա՞ծ էք զայն մենութեան մէջ, լռին եւ անծայրածիր անտառի մը խորը կամ լերան մը կատարին։

-Մենութիւն պէտք չէ, երբ մարդ միտք ու երեւակայութիւն ունի։

-Ահաւասի՛կ ծուղակը ինկաք։ Այս վայրկեանէն՝ Համլէդի մասին բացուած վիճաբանութիւնը փակուած կը հռչակեմ։ Միտքով հասկցուած Համլէդ մը եւ հոգիով զգացուած Համլէդ մը իրարու ա՛յն քան կը նմանին՝ որքան ձեր գեղեցիկ, երազկոտ աչքերը՝ իմ հայրենիքիս, Մանչուրիոյ կիներուն աչքերուն։ Եւ կամ ուրիշ կերպ խօսելով, միտքով ըմբռնուած Համլէդը, որ ձե՛ր Համլէդն է, կը նմանի իմ քաղաքիս՝ Նիւ-Չու-Եանկի չինուհիներուն ծուռ եւ այլակերպ աչքերուն, մինչ հոգիի խորութիւններուն մէջ զգացուած եւ սիրուած Համլէդը կը նմանի ճիշդ ու ճիշդ ձեր այդ անոյշ, մշուշոտ աչքերուն։ Ու հիմա որ պիտի զայրանաք այս ըսածներուս համար, այդ նմանութիւնը աւելի պիտի շեշտուի, երբ ձեր աչքերը լեցուին անկարող ցասումի մշուշներով։

Չկրցաեւ ծիծաղը զսպել։

-Իսկ Մանֆրէ՞տը, - ըսի, գրեթէ տխրելով յանկարծ, հակառակ կամքիս։ - Ի՞նչ պիտի ըսէք իր հոգիէն հալածուող այդ վէս ու մեծավայելուչ մոլորեալին համար։

-Պիտի ըսեմ թէ անիկա նոյնիսկ արժանի չէ հիւանդ մը կոչուելու եւ հետեւաբար գութ շարժելու։ Անիկա պարզապէս խե՜նթ մըն է։ Ահա՛ կարծիքս։ Խենթ մըն է նաեւ, ու կատարեալ խենթ մը, իր հեղինակը, Պայրըն, գեղանի եւ հրապուրիչ բանաստեղծը՝ իր բոլոր գործերով, նկարագրով եւ կեանքով։ Կրնամ ձեզի խոստովանիլ թէ երբեմն կ՚ունենամ վայրկեաններ երբ կը սիրեմ զինք եւ հեշտագին կը փարիմ իր գծած Չայլտ Հարոլտի հոգիին, բայց ա՛յն վայրկեաններն են ատոնք, երբ մարդ իր անձէն շատ բան կորսնցուցած՝ կը բաղձայ մասնաւոր բաներու գինովութեան։

Իր աչքերը երազկոտեցան նորէն անդիմադրելի հրապոյրով մը, եւ զգացի թէ պայքար մը ծայր տուած էր իր հոգիին մէջ։ Մայրամուտի այն պահն էր՝ երբ, արեւին իջնելէն շատ վերջ, զօրաւոր եւ ցայտուն գոյները կը մեղկանան, կը հալին տակաւ, ու կը սկսի ընդհանուր նուաղանքի շրջանը, ուր ամէն մէկ իր, նոյնիսկ ամէնէն գռեհիկները, մռայլ խորհուրդով մը կը մշուշոտին, եւ անոյշ վեհութիւն մը կը ծածանի միջոցին մէջ։ Այդ պահուն, երկնքին վրայ, հոս հոն մարմրող երանգները որքա՜ն կը նմանին իրենց հոգիէն հալածուող հէք մոլորեալներուն։ Ցած, գրեթէ անիմանալի ձայնով մը, այս մտածումս յայտնեցի քաղցր խօսակցիս, ցոյց տալով ամպերը։ Երկու րոպէ՝ իր կապոյտ աչքերուն բովանդակ համյքը ուղղեց աչքերուս, յետոյ ժպտեցաւ եւ ըսաւ, նոյնքան ցած…։

-Կը սիրէ՞ք Մանֆրէտը։

-Կը սիրեմ բոլոր այն մարդիկը որոնց հոգին մշուշով լեցուց է, որոնց աչքերուն թախիծը կը նմանի հեռաւոր ծովերու վրայ ոգեվարող մայրամուտի մը թախիծին։

-Տարօրինակ չեմ գտներ ձեր նախասիրութիւնները. նոյնիսկ տեսակ մը մութ անուշութիւն կը նախզգամ այդ բոլորին մէջ։ Ըսի՛ք, կարծեմ, թէ իմ աչքերուս մէջ…

(Սկիւտարի հրդեհին ստեղծած խառնաշփոթութեան մէջ։ Զարիֆեանի օրագրութենէն ուրիշ բազմաթիւ էջերու եւ գրական այլ ձեռագիրերու հետ, կորսուած է նաեւ շարունակութիւնը այս օրագրութեան։ Չենք գիտեր, ուրեմն, թէ ինչպէս կը վերջանայ խօսակցութիւնը հայ բանաստեղծին եւ անծանօթ Անգլուհիին միջեւ։ - ԽՄԲ. )

…1919 Մանիսա եմ նորէն, պզտիկ լռին օֆիսիս մէջ փակուած։ Չեմ կարող քնանալ։ Երկու օր առաջ Իզմիր գացի տեղեկագիրներ տանելու եւ զարհուրելի գիշեր մը ունեցայ։ Երկար տանէ ի վեր մոռցած էի մռայլ գիշերներու հեշտանքը եւ հոգիի ահաւոր կոտտանքը որ այդպիսի գիշերներու կը յաջորդէ։ Կ՚ըզգամ նորէն ահա յուսաբեկութեան ցուրտ ձեռքը որ ծոծրակիս վրայ կը հանգչի անտանելի ծանրութիւնով. նորէն կ՚ատեմ անձս։

Բոլոր գործերս աւարտած էի երէկ իրիկուն ժամը 8-ին, ու սաստիկ յոգնած ըլլալով, պարտէզին մէջ անկիւն մը, ծառերու տաւ յարդարեցի անկողինս ու պառկեցայ։ Ինձմէ քանի մը քայլ անդին, անգլիացի յիսնապետ մը եւ երեք-չորս զինուորներ կը քնանային։ Յոգնած մարդու յատուկ գիշերային տենդը թոյլ չտուաւ որ երկար ատեն քունս տանի։ Հազարումէկ յիմարական ու ոչինչ պատկերներ կը գծուէին ու կ՚անհետէին մտքիս մէջ։ Տարտամօրէն գիտակից էի մութ գիշերուան քաղցրութեան, որ թմրած ջիղերուս վրայ տարօրինակ ազդեցութիւն մը կ՚ընէր, ու երբ զով սիւքը ատեն ատեն ծառերէն կ՚անցնէր ու կու գար գգուելու երեսներս, անգիտակից ժպիտ մը կ՚ունենայի, աչքերս կը բանայի՝ աստղերը տեսնելու համար. յիշատակներու տարտամութիւն մը կար մէջս. կը զգայի՞, բայց ոչ բաւական զօրաւոր՝ մտածում մը արթնցնելու կամ զղջում մը յուզելու համար։ Անձկագին կը տենչայի քնանալ ու խաղաղիլ։

Յանկարծ, սեւ ստուեր մը հակեցաւ վրաս, ու գրեթէ միեւնոյն ատեն ձեռքի մը հպումը զգացի ճակտիս վրայ։ «Ուրիշ զինուորի մը տե՞ղը գրաւած եմ արդեօք», խորհեցայ։ Ելայ նստայ անկողնիս մէջ։ Կին մը նստած էր անկողնիս ճիշդ քովը, պզտիկ ածուի մը ծաղիկներուն վրայ։

-Նոպի, - հծծեց անծանօթուհին, ցած, խեղդուած ձայնով, - մոռցա՞ր խոստումդ։

Ֆրանսերէն կը խօսէր։

-Սխալ անկողին եկած էք, - փութացի պատասխանել, զգալով թէ խիստ անոյշ ու կէս յուզուած ձայն մը կ՚ելլէր կոկորդէս, չեմ գիտեր ինչու՞։ - Իմ անունս Օսքար է։

-Ահ, յիսնապետը չէ՞ք դուք։

-Ո՛չ, ես հազարապետն եմ, - կատակեցի եւ գլուխս կրկին ձգեցի բարձիս վրայ։ Անծանօթուհին չհեռացաւ։

-Կը ճանչնա՞մ ձեզ, - հարցուց, վրաս հակելով, այնքան մօտ՝ որ իր շունչին տաքութիւնը զգացի դէմքիս վրայ։ Կարելի չէր սակայն ստուերէ զատ որեւէ բան տեսնել։

-Նո՞ր եկաք Իզմիր. ձեզ չե՞մ ճանչնար։

-Այս իրիկուն եկայ, օրիորդ, Մանիսայէն.

-Ի՞նչ է ձեր աստիճանը, անգլիացի՞ էք։

-Պարզ զինուոր. Ռուս եմ։

-Կը ճանչնա՞ք յիսնապետ Նոպին, որ այս պարտէզին մէջ, այս կողմերը կը պառկի։ Կը ներէք ձեզ անհանգիստ ընելուս։

-Քաւ լիցի, օրիորդ, սիրուն անակնկալ մը եղաք այս մութ գեշերին մէջ։ Հաւատացէք որ, եթէ գաւաթ մը ուիսքի խմած ըլլայի, մոլորեալ հուրի մը պիտի կարծէի ձեզ ու թերեւս շատ դիւրաւ պիտի ձգէի որ գտնէիք ձեր յիսնապետը։ Եւ սակայն, որովհետեւ ստամոքսս կոյս վիճակի մէջ կը գտնուի՝ առանց ճիգի կ՚ըմբռնեմ թէ հուրի մը չէք, ու ծայրայեղօրէն յոգնած ըլլալով, «գիշեր բարի» կ՚ըսեմ ձեզի։ - Ու գլուխս հակառակ կողմը պիտի դարձնէի, երբ յիշեցի իր Նոպին։ - Գալով ձեր աղեկին, իրաւ որ չեմ ճանչնար զինք, բայց աղէկ գիտեմ թէ յիսնապետ մը կա՛յ հոս, մօտը։ Լուցկի կ՚ուզէ՞ք։

-Կը կարծէք թէ յիմա՞ր եմ։ Գիտէ՜ք ինչպէս կը դողամ։

Այն ատեն միայն խորհեցայ այդ կնոջ ներկայութեան տարօրինակութեանը, գիշերուան այդ պահուն, անգլիացի զօրքերուն բնակավայրին կեդրոնը։ Ուրկէ՞ մտած էր ներս։ Չէր կրնար դռնէն մտած ըլլալ, որովհետեւ մինչեւ կէս-գիշեր տղաքը հոն նստած կ՚ըլլան։ Հարցուցի իրեն այդ մասին, բայց իսկոյն գիտակցեցայ թէ ածուին ծաղիկներուն կը խօսէի, խորհրդաւոր ստուերը, տեղափոխուած ըլլալուն։ Յոգնած մարդուն հետաքրքրութիւնը՝ որքան ալ զօրաւոր՝ շուտ կը մարի։ Ուստի կզակս նորէն դրի ծածկոցիս տակ եւ աչքերս գոցեցի։ Յանկարծ խուլ աղմուկ մը փրթաւ քանի մը քայլ անդին, գլխուս կողմը։

Անգլիացիի խռպոտ ձայն մը զարհուրելիօրէն կը հայհոյէր։ Յայտնի էր թէ գինովի մը բերնէն կ՚ելլէր այդ ձայնը։ «Արդեօք յիսնապե՞տն է», խորհեցայ։ Նոյն ատեն, առանց գլուխս վեր հանած ըլլալու, տարտամօրէն գիտակցեցայ թէ ածուներուն վրայէն մէկը կը վազէր, գրեթէ անլսելի ոտնաձայնով։ Աղմուկը դադրեցաւ, ու գիշերուան տիրապետութիւնը հաստատուեցաւ կրկին։

Այն ատեն խռովք մը ունեցայ յանկարծ։ Սիրտիս մէջ ցուրտ բան մը զգայի եւ առանց խորհելու, առանց գիտնալու թէ ի՛նչ եւ ինչո՛ւ կ՚ընէ, ելայ, կայծակի արագութիւնով հագուեցայ ու փախստական ստուերը սկսայ հետապնդել։ Յոգնութեան հետք չէր մնացեր մարմնիս վրայ, ու դիւային յստակութիւն մը ստացեր էի ուղեղս, թէեւ առանց մտածումի, գրեթէ դատարկ։ Ծաղկաւէտ ածուները հատան, ու տեսայ թէ մեր շէնքին յետսակողմը կը գտնուէի։ Բայց պատուհանէ մը՝ դաշնակի նոթեր հասան ականջիս. ծառի մը կողին փակայ ու նայեցայ։ Սպայ մը՝ անշարժ ու երազկոտած դէմքով՝ կը նուագէր մոմի մը լոյսով։ Ո՞ւր էի, ի՞նչ կ՚ընէի։ Յանկարծ քար մը ինկաւ քիչ մը անդին գտնուող պատէն, ու մոմին արձակած հեռաւոր մէկ նշոյլին մէջ նշմարեցի նորէն սեւ ստուերը։ Թողուցի ծառս եւ առաջ նետուեցայ։ Պատին միւս կողմը, ոտնաձայնս իմացած եւ անշուշտ սարսափած, հէք կինը անշարժ կը կենար ու կը հեւար։

-Յիսնապետը գտա՞ք, - մրմնջեցի, առանց պատէն անցնելու։

Փոխանակ պատասխանելու, սկսաւ հեկեկալ։ Միեւնոյն ատեն, քար կտրած, լսեցի հեկեկումը աղեկի մը որ, սեւ ստուերին փակած, անոր մաս կը կազմէր։

Ուրեմն զաւա՞կ մը ունէր հետը այդ կինը։

Վախի, գութի, արկածասիրութեան զգացում մը մտաւ սրտիս մէջ։

-Օգնեցէ՜ք ինծի, պարո՛ն, կը պաղատի՜մ ձեզի, - ըսաւ յանկարծ սեւ ստուերը։ Իր ձայնին մէջ տրտմութեան քաղցրութիւնը այնքան հրապուրիչ թուեցաւ ինծի, որ ամէն բան մոռցած՝ ոստումով մը անցայ պատէն։ Քանի մը քարեր թաւալեցան ետեւէս, անճոռնի ժխոր մը հանելով։ Վայրկեան մը կեցայ եւ ականջ տուի։ Ի՜նչ մութ գիշեր էր, եղերականօրէն լուռ։ Տղեկը կու լար դեռ, մեղմ, զսպուած ձայնով։ Ամբողջ գութս եւ համակրանքս ուղղուած էր այդ փոքրիկ, անծանօթ հոգիին, որուն մէջ անսահման թախիծ մը կը նախզգայի։ Ի՞նչ գործ ունէր հոն այդ պզտիկը, ինչու՞ բերուած էր, ինչու՞ կուլար այդպէս դառնօրէն։ Մութին մէջ քանի մը վայրկեան խարխափեցի։ Գիշերուան ցուրտէ՞ն թէ գրութեանս այլանդակութեան գիտակցութենէն՝ մարմինս տենդէ բռնուածի պէս կը դողար։ Յանկարծ ձեռքերէս մէկը ուսի մը վրայ հանգչեցաւ, եւ այդ ուսը այնքան քաղցրօրէն հեշտալի թուեցաւ ինծի որ պահ մը, առանց ձեռքս հեռացնելու, առանց բառ մը ըսելու, կեցայ մութին մէջ։ Ժամեր ետք, պզտիկ սենեակի մը անկիւնը, բազմոցի մը վրայ երկարած էի, սպառած, հիւանդ։ Հատնելու վրայ եղող մոմ մը կը պլպլար սեղանին վրայ։ Վարը, չեմ դիտեր ո՛ւր, իտալացի նաւազներ քաղցրօրէն կ՚երգէին։ Եւ ատեն ատեն, երբ այդ շէնշող երգը կը մարէր, վարագոյրներով եզերուած մահճակալէն խուլ, ցաւակոծ հառաչանք մը կ՚ելլէր…։

23 Սեպտեմբեր…

Իզմիրէն հետս բերած մելամաղձութիւնս դեռ չէ լքած հոգիս։ Մութի մէջ կ՚ապրիմ նորէն։ Վայրկեաններ կ՚ըլլան ուր խեղդուուքի զգայութիւնը ա՛յնքան կը սաստկանայ մէջս որ բարձրաձայն հեկեկալ կ՚ուզեմ… բայց որքա՜ն ատեն է որ աչքերս զրկուած են արցունքներու խաղաղութենէն։ Այսօր պահ մը խորհեցայ նոյնիսկ…։ Օ՜հ, մէկդի՛ այդ մռայլ իղձը։ Ինչպէս ատելի, նողկալի՛ կը դառնամ՝ ամէն անգամ որ այդ ահաւոր մղձաւանջը ցուրտ գինովութիւնով մը կը լեցնէ հոգիս։

Երէկ, զօրավար Հէյը եւ ծովակալ Պրիսդոլ եկան հոս, ցերեկուան ճաշը մեր տունը ըրին։ Անգլիացի զօրավարին հետ կային գնդապետ մը եւ հարիւրապետ մը. ամերիկեան երկու ծովային սպաներ ալ ըեկերացած էին ծովակալին։ Բարեբախտաբար շուտ մեկնեցան։ Իրիկունը, մեր հարիւրապետը Իզմիր մեկնեցաւ։ Գիշերը, մեր տղոցը հետ հաճոյքի տուն մը գացինք։ Բակը, դրան մօտ, խոշոր, հանգստաւէտ բազմոցի մը վրայ տարածեցի յոգնած մարմինս, ու սիկարէթի վրայ վառելով, բոլորովին չէզօք, մինչեւ վերջը դիտեցի շուրջիս հետաքրքիր անցուդարձերը։ Քովնտի տեղ մը, սեղանի մը վրայ սովորական լամբ մը կը վառէր։ Կիսամերկ կիներ կը մտնէի ու կ՚ելլէին երկու կողմի սենեակներէն, երգելով, կատակելով, հայհոյելով։ Մեր տղաքը, ներս մտնելնուն պէս, իրենց թռչունները գտեր ու անհետացեր էին։ Դիմացս, ուրիշ քովնտի բազմոցի մը վրայ, երկու երեք կիներ՝ այլանդակ կուռքերու պէս նստած կը ծխէին իրենց հրամցուցած անգլիական սիկարէթներս։ Ամէնէն տգեղներն ու ծերերն էին ասոնք։ Մէկը, ամէնէն պզտիկը եւ ամէնէն տգեղը, հայ աղջիկ մըն էր, Սկիւտարցի, արծիւի աչքերով եւ թուղթի պէս բարակ ու ցցուած քիթով։ Այդ աղջիկը, քրտինք թափելով, սորվեցուց ինծի քանի մը հայերէն բառեր, ինչպէս՝ «բարի լոյս», «գիշեր բարի», «շատ աղուոր ես, հոգի՜ս» եւ այլն։ Նոյն բառերուն անգլիերէնները սորվեցուցի իրեն։ Կէս ժամէ աւելի տեւեց այդ դժնդակ ուսուցումը։ Ես միտքս կը բացատրէի գիտցած յունարէնովս, այսինքն 20-25 բառով, յաճախ օգնութեան կանչելով կոտրած թափած թուրքերէն մը՝ լոնտոնցիի հնչումով, բնականաբար ։ Իսկ մեծագոյն դերը կը կատարէին ձեռքի, ոտքի, գլխու շարժուձեւերը։ Յանկարծ կտրեցի խօսակցութիւնը, նոր սիկարէթ մը վառեցի, կռնակիս վրայ պառկեցայ նորէն եւ աչքերս փակեցի։ Լալու բուռն տենչ մը սեղմեց սիրտս, այնքան բուռն՝ որ տերեւանունքներս այրիլ սկսան։

-Ա՜խ, հայերէն գիտնայիր ու քեզի պատմէի տէրտերըս, - հառաչեց հայ աղջիկը, թուրքերէն լեզուով, ու ոտքը ոտքին վրայ նետելով սկսաւ շարքի մը կանչել, անբացատրելիօրէն քաղցր եւ ցաւակոծ ձայնով մը, մինչեւ իր պզտիկցած, գրեթէ հալած սիկարէթը կը մխար իր ներկուած շրթունքներուն ծայրը։

Ոստումով մը քովը գացի, գլուխը թեւերուս մէջ առի եւ եղբօր մը պէս համբուրեցի զինք։ Հասկցա՞ւ այդ համբոյրին իմաստը - չեմ գիտեր. միայն՝ երբ թողուցի զինք, իր արծիւի աչքերուն մէջ պաղատանքի աննկարագրելի արտայայտութիւնով մը երեսս ի վեր նայեցաւ։ Յետոյ ժպտեցաւ, կարծես երազի մէջ ըլլար. եւ այդ ժպիտը իր դէմքին ահաւոր տգեղութեանը վրայ ա՛յնպիսի շնորհ մը տարածեց որ կարծեցի իր հոգին տեսնել՝ իր արծիւի երկար, քաշուած, գրեթէ շիլ աչքերուն խորը։ Այո՛, տեսայ այդ հէք հայ աղջկան տառապակոծ, գրեթէ հւգեվարք հոգին։ - «Դուն իմ քոյրս ես», ըսի անգլերէն, բայց չհասկցաւ ու խնդաց։ Իսկ ես բարձրաձայն քրքջալ սկսայ, հոգիիս մէջ յուսահատութեան գինովութիւնը իր գերագոյն խորութեանը հասած ըլլալով։ Յետոյ տղաքը դուրս ելլան իրենց խուցերէն, ու երգելով մեկնեցանք։

Գիշերը օֆիսիս մէջ անցուցի մինչեւ ժամը 4, գլուխս թեւերուս վրայ ու թեւերս սեղանին վրայ հանգչեցուցած, առանց մտածումի։

24 Սեպտեմբեր…

Այս գիշեր նորէն գացի այդ հաճոյքի տունը, առանձին։ Նոյն բազմոցին ծայրը երկարեցայ նորէն, ծոյլ ու քնատ։ Քանի գիշեր է չեմ քնացեր։ Հայ աղջիկը հիւանդ էր։ Քանի մը սիկարէթ ծխելէ ետք, փափաք յայտնեցի զինք տեսնել։ Իսկոյն իր պզտիկ, նաշուք խուցը առաջնորդուեցայ։ Նորէն յայտնի չըրի Հայ ըլլալս։ Ճակտին վրայ՝ քացախի մէջ թրջուած լաթ մը դրած էր եւ կ՚ըսէր թէ աչքերը կ՚այրէին։ Գրպանէս Pay-book-ս հանեցի եւ սկսայ հովահարել իր այտերը, իր աչքերը, իր մազերը։ Երախտագիտութեան ժպիտը որ տարածուեցաւ իսկոյն իր դէմքին վրայ՝ ահաւոր աստիճանի մը հասցուց իր տգեղութիւնը, որուն առջեւ հիացած, տարուած մնացի։ Վստահ եմ թէ կարող եմ այդ աղջկան սիրահարուիլ, եթէ այս մելամաղձութիւնը տեւէ դեռ հոգիիս մէջ ու եթէ շարունակեմ այսպէս ամէն գիշեր զինք տեսնելու երթալ։ Խնդրեցի որ երգէ նորէն, բայց չկրցաւ։ Հէ՜ք աղջիկը։ Որչափ կը փափաքիմ որ մեռնի այս գիշեր։

Երթամ պառկիմ, ժամը նորէն 3-ը անցած է։