Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ [1]

Հոգեհատոր Բիւզանդս (Կէօզիւպէօյիւքեան),

Առաւօտեան քաղցրիկ պտոյտէս կը դառնամ, հոգիս կը զեղու տրտմութեան ու պաշտումի զգացումներով։

Ահ, պէտք է որ սիրե՜մ ես։ Սէ՜րը միայն պիտի կրնայ փրկել զիս։ Սիրոյ համար միայն կ՚ուզեմ ապրիլ։ Անհունութեան մէջ ինծի սահմանուած աստղը կը նախզգամ արդէն. ե՞րբ պիտի յայտնուի, Աստուա՜ծ իմ, իմ լացող աչքերուս, այդ տըժգոյն աստղը... Տէ՜ր, գթա՜ իմ հիւանդ հոգիիս եւ տուր որ շուտով յայտնուի ան. ինչու որ կ՚ուզեմ աղօթքի սկսիլ... ։ [2]

 

Երկուշաբթի երեկոյ... 1919

Սիրելի Բիւզանդս,

Աղօթքի յոյզերով կը լեցուիմ այս իրիկուն, թերեւս երբեք այսքան խաղաղ եղած չեմ կեանքիս մէջ, այսպէս ջինջ աչքերով, այսքան տրամադիր՝ հեշտին թուլացումներու։ Ինչպէ՜ս պիտի ուզէի հիմա ընկղմիլ։

Այս իրիկուն ստուերներու մէջ չէ որ պիտի թափառիմ, գլուխս հակած։ Այս իրիկուն հանդարտ անկիւն մը պիտի ընտրեմ, ինչու որ աչքերս արեւոտ ու գունավառ տեսիլներու կը բաղձան։ Պիտի երազեմ... ։

Եւ սակայն, հիւանդ ջիղեր ունիմ այս իրիկուն. կարծես թէ եթերային երգ մը լսելէ կը դառնամ՝ ծովու մը ափունքը...

Իրա՜ւ, բան մը կայ հոգիիս խորը, հոգիիս շատ խորը, որ այսպէս տժգոյն եւ խաղաղ կ՚ընէ զիս։ Ի՞նչ է։ Ոչինչ կը հասկնամ։ Օհ, ես երբեք հասկցած չեմ իմ հոգիս։ Ահա սիրական կոչնակիս ձայնը... ։ Աստուած իմ, այս բոլորը յիշատակները ...

Հիմա շրթունքներս պիտի ուզէին բարութեան ու նուիրումի բառեր մրմնջել։ Օհ, սփոփել... ։ Արցունքոտ աչքերով հակիլ գունատ մահամերձներու սնարին ու թրջել անոնց շրթունքները... Ինչպէ՜ս սիտքս կու գան կարգաւ՝ բոլոր հիւանդ եւ անյոյս բանտարկեալները...

Իրա՜ւ, մայրամուտի սա քաղցր պահուն, անդորր ժպիտով մը լքել մարմինը, բոլոր անձուկ սահմաններէն անդին, վեր, հեռանալ բոլոր աստղերէն ու արեւներէն եւ կոյս անհունութեան մէջ յանկարծ կանգ առնել՝ ունկնդրելու համար... ։

 

Պալըքէսէր... 1919

Սիրելի հին բարեկամ, (Արմենակ Գալֆայեան)

Մութ գիշեր է. կարծեմ կ՚անձրեւէ։ Մինակ եմ անկողինիս մէջ ու կը դողամ, հակառակ հաստ վերարկուիս։ Չեմ կըրնար քնանալ, ոչ ալ կարդալ կամ երազել։ Կը ծխեմ։ Կարծեմ ուրիշ բան մըն ալ կ՚ընեմ. - կը մտածեմ անցեալին, հին հին օրերուն։ Զիս կը տեսնեմ կրկին փոքրիկտղայ մը... կ՚անցնիմ ընտանի փողոցներէ, շատ մը գիրքեր ու տետրակներ թեւիս տակ, ձախ թեւիս։ Աջը՝ գրպանիս խորն է։ Ի՜նչ պզտիկ ուշիմ տղայ։ Եւ ա՜յնքան անմեղ։ Տասներկու տարեկան եմ ու դպրոց կ՚երթամ...

Ամրան ջինջ գիշեր է։ Աստղեր ու բոյրեր։ Ոչ մէկ բան կը շարժի։ Կը քալեմ լայն փողոցէ մը։ Կաղամախիներ կը սրսփան ճամբուն երկու կողմերուն. անորոշ ու քաղցր զգացում մը կը լեցնէ սիրտս։ Կ՚ուզեմ հոգի մը համբուրել, և այդ իղձը այնքան անզուսպ, այնքան ուժեղ կը դառնայ որ կը դադրիմ քալելէ։ Կ՚երկարեմ թեւերս, կը գրկեմ լայն բունը կաղամախիի մը ու, դէմքս անոր կարծր կեղեւին յենած, կը հեծկլտամ։

Ահա կ՚երթայ խեղճ ծեր զինուոր մը, փաթթուած գորշ վերարկուի մը մէջ, նիհար, հիւանդոտ ու տժգոյն՝ բայց սկեպտիկ ժպիտ մը շրթներուն։ Ձմրան առաւօտ մըն է։ Հովը ձիւնի մեծ փաթիլներով կը զարնէ իր դէմքին։ Հիւանդ և սոսկալի յուսահատ կը թուի ան։ Չէ նախաճաշած ու մէկ-երկու խաշած գետնախնձոր ունի գրպանին մէջ՝ իբրեւ ցերեկուան ճաշ։ Կը սկսի վազել, մինչեւ որ շնչահեղձ կ՚ըլլայ, սպառած կը կենայ ծառի մը տակ, կը հառաչէ, կը վերսկսի վազել։ Տասը վայրկեան միայն մնացած է տողանցքին։ Երկու վայրկեանի ուշացումին համար կրնայ բանտարկուիլ, և ան կը վազէ, խենթի մը պէս կը վազէ, հեգնոտ ժպիտը տակաւ սառած շրթներուն...

Այդ օրերը անցած են։ Մանկութեան օրերը արդէն ըսքողուած են մոռացումի մշուշով։ Պատերազմի դաժան օրերն ալ անցած են։ Աշուն մը կը սկսի իր ոսկի վերջալոյսերով։ Կը տեսնեմ ինքզինքս նստած անոր քով... այնքան մօտ, մենաւոր ժայռի մը վրայ։ Չենք խօսիր։ Չենք կրնար։ Ծովը պառկած է մեր ոտքերուն տակ՝ այնքան հանդարտ, երազային։ Կը սիրէ զիս, գիտե՛մ։ Իր տրտում, կապոյտ նայուածքին մէջ բան մը թրթռաց, և այդ ինծի համար էր, գիտեմ։ Ինչու՞ չեմ կրնար սիրել զինք։ Հարիւր անգամ կը կրկնեմ այդ հարցումը և կ՚անիծեմ զիս... ։ Զի՞ս... ո՜չ։

Վերջապէս գտած եմ հոգին որ կը փնտռէի։ Բայց չեմ կարող համբուրել զայն... ։

Չէ՛, չեմ կրնար։ Գտած եմ այդ հոգին, բայց կորսնցուցած եմ ի՛մ հոգիս։

Ան կը նայի ինծի։ Կը զգամ իր նայուածքը և կը սարսըռամ։

-Զիս խաբեցիր. - կ՚ըսէ ան յանկարծ։

Չեմ պատասխաներ։ Չեմ կրնար։ Լռութիւնը կրկին կ՚իջնէ մեր միջեւ, ինչպէս անհուն ճերմակ պատանք մը... ։

-Սիթէ՞ սա ծովը մեռած է. - կը հարցնեմ կամաց։ - Նայէ, ինչ դաժան երեւոյթ ունի։ Ի՜նչ մահագոյն է։ Եւ ոչ մէկ մակոյկ, ոչ մէկ թռչուն։ Նայէ, մեռա՜ծ է։ Բայց, սիրելիս, մտածէ, յիշէ այն օրերը երբ այդ միեւնոյն ծովը զուարթ տըղեկի մը պէս էր, հոս հոն կը վազէր, կը խաղար հեւհեւուն, փրփրալի։ Յիշէ լուսնայողդ գիշերները, երբ ան երազի մը պէս էր արծաթազօծ. լեցուն՝ խո՜ր և մաքո՜ւր բանաստեղծութեամբ։ Գիտե՞ս, սիրելիս, այս ծովը հոգի՜ս է։

Ան չի հասկնար, կոտրած սիրտով կը հեռանայ։ Կը յիշեմ մեր հրաժեշտը և իր նայուածքը... ։

Հիմա պառկած եմ հոս։ Անկողինի մը վրայ, որ վերմակ մը և վերարկու մը ունի լոկ։ Այնքան ցո՜ւրտ է։

Հիմա անձրեւին ձայնը աղմկալի է։ Կը սիրեմ այդ վայրի երաժշտութիւնը։ Գիտե՞ս, սիրելի վաղեմի ընկեր, թէ ի՛նչ կ՚ըղձամ... ։

Չէ՛, բան մը չեմ ըղձար, Ձգէ՛ որ վերջացնեմ սիկարէթս։ Գիշեր բարի։

(Անգլ. թարգմ. Սեզա)

 

... 1923

Սիրելի Գէորգ Մեսրոպ,

Շատ անոյշ յուզումով մը կարդացի այս առտուան՝ «Ճակատամարտ»ին մէջ՝ «Մեսրոպեան» ճեմարանին աւետիսը։ Յաջողութիւն, սիրելի՛ս, յաջողութիւն։ Սա սեւ օրերուն՝ հայ ճեմարանի մը բացումը աւելի մե՜ծ բան է ինծի համար՝ քան գումարը մեծ ցեղերուն մեզի տրամադրած... բարեացակամութեան։

Ես համոզուած եմ թէ, քանի ունինք այս ոգին, երբեք ոտքի տակ պիտի չերթանք. նոյնիսկ կը խորհիմ թէ այս աննախընթաց աղէտը պիտի ընէ մեր ցեղը աւելի կենսունակ, աւելի լայնհոգի և մանաւանդ՝ աւելի ՄԵԾ քան երբեք։

Ախ, որքան պիտի ուզէի քեզի հետ ըլլալ, ճեմարանիդ անոյշ մթնոլորտին մէջ, քեզի հետ աշխատիլ, տքնիլ, վաղուան հոգիները պատրաստելու համար։ Հազա՜ր մեղք որ կործանած մարմինս թոյլատու չէ։ Այս կղզիին մէջ քաշուած, բոլորովին անբարեկամ, կ՚ապրիմ շատ տխուր կեանք մը. բայց խնդիրը այդ չէ։

Պիտի ուզէի գիտնայ թէ որո՛նք ունիս շուրջդ, քեզի գործակից։ Մեր շրջանակէն մարդիկ ալ կան հարկաւ։ Այսպէս, օրինակ, յաւիտենական Սուրէնը... ։

Պէտք է որ անպատճառ նամակ մը գրես ինծի և մանրամասն տեղեկութիւններ տաս ճեմարանիդ մասին։ Եթէ դուն շատ զբաղած ես - ու կ՚երեւակայեմ թէ այդպէս է - ինծի ծանօթ մէկ գործակիցիդ յանձնէ այդ գործը։ Ատիկա հոգիիս պահանջն է, գիտցած ըլլաս։

 

... 1923

Սիրելի Գէորգ Մեսրոպ,

Կը կարծե՞ս թէ դժբախտ ես։ Իսկ ես որքա՜ն երանի կու տամ քեզի, որչա՛փ կը նախանձիմ... ։

Չեմ գիտեր թէ կը հասկնա՞ս այս բոլորը։ Չեմ կարծեր։

«Ծիածան» մը ձեռք ձգած եմ և ամբողջ օրը կարդացի։ Ինչ հոգի՝ սա Մեծարենցը... ես իրմէն սիրերգ մը և մէկ քանի երկրորդական կտորներ միայն կարդացած էի։ Մեղք որ իր ատենին չենք ապրեր։ Ի՜նչ երկնային բան պիտի ըլլար այս տղուն հետ գլուխ գլխի տալ Թէփէի (Սկիւտար) «Ջարտախ»ին տակ՝ կիրակի իրիկուններ... A propos, Մեծարենցը կը խմէ՞ր արդեօք։ Սիրունիին ասիկա հարցուր անպատճառ. - Էհ, հոյակապ մանրամասնութիւն է աս։

Երեւակայէ՜, Գէորգ... Մայրամուտ, Մեծարենց, Օղի - այս երեքը մէկ ունենալ... ։

 

... Օգոստ. 1922

Սիրելի Ասլանեան (Մանուկ).

Ինչքա՜ն անբարոյացեր են սա մարդիկը. բարեկամի մը գիրք կու տաս որ ծախէ. կը ծախէ եւ... կ՚ուտէ դրամը։ Եւ այս՝ գիտնալով թէ հիւանդ ես եւ չես կրնար (ինչպէս ինքը կրնայ) աշխատիլ։

Շաբաթէ մը ի վեր անկողինն էի նոր criseով մը։ Այսօր ելայ. նորէն քանի մը ամիս ետ գացի. և ամբողջ մեղքը զոր գործեցի՝ անցեալ իրիկուն Պէյլէրի պարտէզը երթալս էր։ Երեւակայէ որ սաստիկ յոգնեցայ՝ մինչեւ հոգ երթալուս համար։ Էհ, «շքեղ Զարիֆեան»էն շատ քիչ բան է մնացեր ու մնացածն ալ չես գիտեր թէ պիտի մնա՞յ... ։

Յ. Գ. - Խնդրեմ, Շաւարշին հարցուր թէ գրքիս ձեռագիրները որո՞ւ քով մնացած են։ Թող Կառվարենցին հետ ինծի ղրկէ։

 

Մեծ Կղզի, 27 Օգոստ. 1923

Սիրելի Ասլանեան,

Փափաքիդ համաձայն «աւուր պատշաճի» մը գրեցի Ապրիլ 24ի համար։ Պիտի ուզէի աւելի շատ ժամանակ ունենալ առջեւս, ինչպէս նաեւ, անշուշտ, աւելի «քէֆլի» տրամադրութիւն մը՝ որպէս զի սանկ ուզածիս պէս բան մը ըլլար։ Նիւթս աղուոր էր, բայց չկրցայ պէտք եղած շարժումը և միւզիքալիդեն տալ անոր։ Ինչ որ է։ Ասկէ յետոյ, երբեմն երբեմն կը ղրկեմ մանր մունր բաներ։

Մեսրոպին շատ շնորհակալ եմ թերթերուն համար. աղուոր ժամանակ անցուցի հետերնին, բայց... գէշ վարժուեցայ, և հիմա ուրիշներ կ՚ուզեմ, ուրիշ թիւեր։

Օր մը խումբով եկէք։ Շատ կ՚ուրախանամ, Անապատային կեանք մը կ՚ապրիմ հոս, թէեւ գտնուած տեղս Պոլսոյ է՛ն շքեղ վայրն է։ Երեւակայէ որ միակ անոյշ distraction ը զոր ունիմ՝ մտիկ ընելս է, թզենիիս տակ նստած, պատկից թրքուհիի մը չարիքները՝ ուտի հետ... ։ Երբեմն երբեմն կ՚այցելէ ալ մեզի, իր պզտիկ կոյր աղջկան հետ։ Իր «սիւրմելի» աչքերովը շատ հրեշտակային էակ մըն է։ Չմոռնամ ըսելու թէ կղզիին գաղտնի ոստիկանին կինն է... ։

 

... 1923

Սիրելի Սիրունի . Ճ. )

Իմ առաջին գրքէս 80-90 հատի չափ կը մնայ քովս. քանի մը հատ ղրկե՞մ «Ատրուշան»ին։ Կը ծախուի՞։ Այս բառը պաղ ճանկ մըն է կարծես, որ մարդուս ուղեղը կը ճանկռտէ։ «Երազ»ի վրայ վաճառականութիւն ընել... ի՜նչ գար։ Ախ, միայն Հոմերո՛սն էր բանաստեղծ։ Մենք իր ոտքին փոշին ենք։ Ու երբ «մենք» կ՚ըսեմ, իմ ողբալի եսս նկատի չունիմ. անշուշտ ես negatif քանակութիւն մըն եմ, զերոյէն վա՜ր... ։ Նկատի ունիմ մեր «մեծ»երը, Շէքսբիրէն բռնէ մինչեւ Անաթոլ Ֆրանս... ։

 

Բրինքիբօ, 15 Փետր. 1924

Սիրելի Սիրունի,

Ժամանակին ստացայ նամակդ։ Շատ շնորհակալ եմ ըսփոփանքի բառերուդ համար։ Չկրցայ շուտ պատասխանել՝ հակառակ փափաքիս։ Նոր Տարիէն ի վեր անկողնին գամուած կը մնայի, անկարող ամէն տեսակ աշխատանքի։ Այս տարի շատ դաժան ձմեռ մը ունեցանք հո՛ս. ամէն օր ձիւն ու փոթորիկ։

Ի՛նչ մեծսիրտ է սա արեւը. շուտ մը քէն կ՚ընէ և ա՛լ ամիսներով չի հաշտուիր հետդ, հակառակ բոլոր պաղատանքներուդ։ Կը հաւատա՞ս, շատ գիշեր կ՚աղօթեմ իրեն-արեւին-իր գութը հայցելով։ Ա՜հ, հիւանդները շատ լաւ կ՚ըմբռնեն իմաստութիւնը արեւապաշտութեան։ Ի՜իչ քաղցր ու ի՜նչ ճշմարիտ կրօն- լեռներու վրայ ճառագա՜յթ համբուրել։ Բաղդատէ՛ ասիկա մեր ժամանակի սա՛ պզտիկ մարդոց կրօնին հետ։ Ա՜խ, ինչպէս կ՚ատեմ սա ամերիկացի միսիոնարները։

Բայց ինչու՞ այստեղուանքը եկայ, նամակս սկսելուս պէս... իրաւ որ չեմ գիտեր։ Միտքս տենդ ունի դեռ, թէեւ երկու օր է ելած եմ անկողինէս։ Արեւին հետ հաշտուեցանք վերջապէս։ Ահաւասիկ, եղեւիններու մէջէն իր լոյսին հեղեղը։ Ի՜նչ աղուոր է ճառագայթ խմելը, այսպէս աչքերը գոց։ Թէեւ ես շատեմ արբեցեր օղիով, գինիով և տարփանքով, Չամլըճայի «Խառապաշ»ներուն քովիկը և կամ Պուլտուրի եւ Սպարդայի վարդենիներուն տակ, բայց ոչի՛նչ կը հաւասարի ասոր։ Գիտե՞ս թէ ինչ կը նշանակէ ցամքած, սեւցած, պատառ պատառ եղած հոգի մը յանկարծ արեւով լեցնել։ Ա՜խ, կեանքին կատակնե՛րը...

Ես այս առտու կ՚օրհնեմ թոքերուս մէջ դրուած մանրէներուն բազմութիւնը։ Անո՛նք են որ ինծի այս գինովութիւնը, այս նոր կրօնը կու տան... ։

*** Սրտագին կը շնորհաւորեմ «նորերը» քաջալերելու որոշումդ։ Անո՛նք միայն կարենան թերեւս վերցնել ծանր քարը, որ տարիներէ ի վեր ինկած կը մնայ մեր գրականութեան նիհար ածուին վրայ։ Ո՛յժ տուր անոնց՝ որչափ կրնաս։

 

24 Մարտ 1924

Սիրելի Բրոֆեսէօր (Աբ. Տէր Յակոբեան),

Յոյժ սիրելի Արմենակ էֆ. ին մահը զուգադիպած ըլլալով իմ տագնապի մէկ պահուս, մինչեւ հիմա խնայուեր էր ինծիանոր գոյժը։

Երէկ երեկոյ միայն իմացայ զայն։

Չեմ յիշեր հոգի մը որ իրեն չափ ազդած ըլլայ իմ պատանութեանս վրայ։ Ան տուած է ինծի բաներ որ կորսուած չեն բնաւ, որ լուսաւոր կէտերու պէս մնացած են իմ ներքին գիշերիս մէջ։ Ի՜նչ վճիտ էր իր նայուածքը եւ որչա՜փ խորունկէն կը բխէր։ Այդ նայուածքը մեծ քաղցրութիւն մը կը ստանար, երբ ան կը խօսէր մեծ նիւթերուն վրայ՝ Աստուծոյ վրայ։

Չեմ կրնար, երէկ իրիկուընէ ի վեր, աչքերէս հեռացընել իր պատկերը. - խոնջ, տրտում աչքերը խոնարհած՝ կը մտնէ ան գետնայարկի պզտիկ դասարանը, պատմութեան դասին համար։ Պէտք կ՚ունենայ երկար րոպէի մը՝ շփելու համար իր ճակատը ու վանելու անկէ՝ չես գիտեր ի՛նչ սեւ մտածում։ Մենք, պատանիներս, գիտէինք թէ ան վշտոտ ու դժբախտ մարդ մըն էր ու կը սիրէինք զինք, թէ՛ իբրեւ դժբախտ մարդ, թէ իբրեւ մեծ հոգի։

Ահ, սիրելի Պարտիզակին փշրումէն յետոյ, գէթ մնային զայն ապրած, սիրած, անով ոգեւորուող ու տրտմող հոգիները։

Հիմա կը համոզուիմ թէ պիտի մեռնի այդ պզտիկ, այդ հոյակապ գիւղը ընդմիշտ։

Հաճեցէք ընդունիլ, սիրելի Բրոֆեսէօր, իմ սրտագին ցաւակցութիւնս։ Կը խորհիմ թէ (թէեւ սարսափելի յոռետես մըն եմ դարձած), կը խորհիմ թէ կարելի՞ բան է որ ան մեռած ըլլայ իրապէս, քանի որ այսքան ներկայ է ու կենդանի իր մէկ հիւանդ աշակերտին հոգիին մէջ։

Խոր յարգանքներով՝

Մ. ԶԱՐԻՖԵԱՆ



[1]            Նախատեսուածէն շատ աւելի ստուարաթիւ էջերու հասած այս հատորին ծաւալը սահմանափակելու մտահոգութեամբ, Զարիֆեանի բարեկամներուն ուղղուած այս նամակները, ինչպէս իր հարազատներուն գրուածներն ալ, կը տրուին ընտրովի, ոմանք հատուածաբար։ Ջանք եղած է որ առնուին այն էջերն ու տողերը, որոնք յատկանշական յայտնութիւն մը կ՚ընեն հեղինակին խառնուածքին, խոհերուն, յոյզերուն ու կեանքին վերաբերեալ իրողութիւններու մասին։

[2]            Գրուած է Լիբանանէն, 1914-ին, զոյգ մը մայրիներու խորհրդապատկերով բացիկի մը ետեւը - ԽՄԲ.