Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ա
Երդիքներուն տակ

Հիմա այլեւս լմնցած է գիւղական հեւքոտ աշխատութիւնը՝ դաշտը, այգիին մէջ ու ամէն կողմ. գիւղացին իր երդիքին տակ ամփոփուած է այնպէս, ինչպէս մրջիւնը իր բոյնին մէջ, կամ մեղուն իր փեթակին խորքը:

Մեկուսացած դուրսի աշխատութենէն, բայց իրա՞ւ է, որ նա իր ծածքին տակ բայող կենդանիի մը թմրութիւնը կ՚ապրի որպէս անգործ անաշխատ մեռածութիւնը:

Գիւղացիին համար ըսուած է թէ՝ նա իր գերեզմանին մէջ ալ տակաւին կը փորձէ ձեռք ոտք շարժել մոռցուած չարչարալի աշխատութիւն մը հոն լմնցնելու համար: Ու այս մէկը ո՛րչափ ճշմարիտ եւ վաւերական:

Գիւղական տունը ուրեմն այս պահուն ալ իր եռուզեռին մէջ գործարանի մը հանգամանքը ունենայ կարծես: Հոն ճռճռը, անդին ճախրակները, ան միւս անկիւնը խճէճ քաշողները, տանիքին վրայ ալ չալխաւուն, իրար խաչաձեւող զուարթ ձայներ, ճռինչներ մը կ’ստեղծեն, որ լսելու ատենդ կը մտածես որ գիւղացին դաշտէն դէպի տուն՝ տեղը փոխած է միայն, բայց ոչ աշխատութիւնը: Մեծ պզտիկ ձեռքերնին որեւէ գործի մը տրամադրած՝ աշխատութիւն մը կը հետապնդեն իրարու հետ համտէրտ ու լուռ համակերպութեան մը մէջ, որոնց շարքերուն խեղդուկ տրտունջ մը իր լաջակին տակ որոճացողը գուցէ ան հարսնուկը ըլլայ, որ չի նայելով ձմեռի սառոյցներուն, տունին ջրկիրը եղած է, ու այս հէք անխօսուկ անդամը ընտանիքին՝ օրուան մէջ այնքան մը երթուդարձ կը կատարէ աղբիւրին ճամբուն երկայնքը, որ պահ մը կը տարուիս խորհիլ թէ՝ ան մեծ առուակը իրենց տունին կողմը կ՚ուզէ վազցնել:

Հարսնուկը կը կատարէ իրեն բաժին հանուած այն դժուար աշխատութիւնը, երբեք միտքէն չանցնելով յայտնի ընդվզում կամ ըմբոստացում: Այն նախապաշարումը ունի՝ թէ՝ իրեն ճակատագիրն ալ այդ ճամբուն վրայ տրուած է վերջակիտուիլ:

Ընտանեկան աս բազմանդամ համայնքին մէջ քիչ մը կարելի է այն մէկը իր հանգստութեան տեղը եղած ըլլայ, որ հունա տաքուկ թոնիրին վրայ կլորուած՝ մէկ ծունկին վրայ փոքրիկ թոռնիկ մը առեր կը պահէ, միւս կողմն ալ իր չորչխտած մատներովը տունին կատուին կռնակը կը շոյէ իր փոքրիկ թոռնիկին առջեւ կենդանի խաղալիկ մը ապրեցնելով: Ծերուկ մայրը տունին, երջանիկ ըստ երեւոյթին, իրաւ է, բայց թէ որ կ՚ուզէք, պահ մը խօսեցուցէք զինքը ու տեսէք թէ ինչ տեսակ ցաւերու ամբար մը կայ իր ցամքած կուրծքին տակ: