Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՐԵՒՍ ՏԱՐ, ՄԱՀՍ ԽՐԿԷ
**

Կը խօսինք, կը խօսինք, կը խօսինք: Ասլանեան վարդապետի տպաւորութիւններուն նայելով, ինքն ալ անձամբ տեսած ըլլալով մէկտեղ Ատանան կործանող չարիքներուն ահագնութիւնը, անյոյս մը չէ բոլորովին, ունի սրտապնդող մտածելու կերպ մը թէ՝ Ազգը եթէ զայն վերականգնելու ներկայ անկեղծ յաճախանքներուն մէջ թուլացումի մը չի միտի, ու եթէ հոն վերապրելու բաղդաւորուածներն ալ խելքերնին գլուխնին՝ հիմա քան երբեք, խաղաղ զարգացումին, հայավայել զարգացումին ուխտող հետապնդողներն ըլլան, առաջինէն աւելի փայլուն քաղաք մը պիտի ծնի Ատանան, երկրորդ շէն Եգիպտոս մը Ամերիկեանին դրացի, կամ կ՚ուզէք, մատչելի, ճոխ մանրանկարը անդրովկիանեան Ամերիկային, որ աշխարհք կը կշտացնէ իր կատարուն առաջդիմութեան ու զարգացումին ամէն բարիքներովը:

Պահ մը կը փոխենք խօսքը, ռուսահայ իրականութիւններով կը տարուինք, վարդապետը այն կողմերէն ալ քիչ բան չի գիտեր, ու իմ մէկ հարցումիս ինք տաս պատասխանելու հեշտ յօժարութիւն կը ցուցնէ: Պոլիսէն մինչեւ Էջմիածին հետաքրքրող, սիրուն ոդիսականներու շարք մը, իր ճանբորդի տպաւորութիւններուն գրեթէ ամբողջ մանրամասնութիւնները կը պատմէ ու կը հաստատէ, որ դէպ ի Արարատ իրաւ յոյսերով լիքը արշաւանք մը, իրաւ ոսկեգեղմին… Իզմիրլեան պատրիարք մը այն տեղը, որ միլիոնաւոր Հայերու անրջանքին մեկնակէտը կը մնար սեւ տարիներու շարքի մը մէջ, չի մեռած Հայերը այդ իրենց մէկ բաղձանքին իրականացումն ալ տեսան, ազգովին արդեօք ի՜նչ երջանկութիւն պիտի ըլլար խմածնիս, կամ դարերու տառապանքին կսկիծը ի՛նչպէս հրաշալիօրէն մէկ վայրկեանի մէջ պիտի մոռնայինք, թէ որ այն ինչ կողմերէ ալ բոցերու մէջ խորովուող հայ մայրերու ու փոքրիկներու հոգի տաղող ճիչերը խնայուէին մեր ականջին:

Բայց, ա՜խ, այս ժողովուրդը մեծ անէծքի մը յաւիտենական նշաւակը եղած ըլլայ կարծես ու քիչ մը մէկը մոռնալու իր բռնաճիգ զսպումներուն մէջ տակաւին, կը հանդիպի յանկարծ ուրիշ ցաւ մը վայել:

Վաղը, վարդապե՛տ, երբ աս օրուան սուգերն ալ դադրին չափով մը մեզնէ արցունք քմելէ, չէ՜ք կարծեր, որ ուրիշ շիւան մը պիտի մեռցնէ Հայը ուրիշ կրակի մը մէջ, որ Ատանան լափլիզող կրակներէն աւելի սպառնական ու ահաւոր կը թուի ըլլալ: Գիտեմ ի՛նչ կ՚ըսես, այո՛, կը պատասխանէ ուղեկիցս, ես քու ան ակնարկածներդ ալ մօտէն տեսայ, շատ մօտէն շփուեցայ հետերնին, այդ փորձութիւնները արդէն բնաւ անուն չունին: Անո՞ւն, ի՛նչպէս ոչ, Հայ են անոնք ալ, չէ, Հայեր, բայց որոնք, ձգէ, որ ես ըսեմ քեզի թէ՝ ատանացի Եախշիին բռնկցուցած կրակներէն շատ աւելի գէշ բանն է որ ընել որոշեր են ու պիտի ընեն աս ժողովուրդին գլխուն. անոնց շոշականքները հոս ալ չէ՞ք տեսնար մի, բայց սա յաւէտ ողորմելի խեղճութիւնները, «նա ասաց»ի մը ապուշ նախապաշարումովը մուտք ճարտրւորած ամէն կողմ, սըւոնց բոպիկ, գլխիբաց միսիոնարը ամէն երդիքի տակ, Համիտի անգամ մտքէն չանցածները իրենք լարուած են ծանրացնել ջախջախուած արդէն հայ էութեան լանջքին: Դահիճնե՜րը, եթէ ամէնէն վերջը աս անունը պիտի տային ինքզինքնուն, ինչո՞ւ օրին, փորի վրայ չեկան ու չի սողացին անոր մութ որջը, ուր ան Եըլտըզի կարմիր Վամբիրը շատ աղէկ պիտի գիտնար վարձատրել զիրենք, իրենց հայասպան գործունէութիւնը՝ այնքան լեցուն փոխարէնով: Բայց վստահ եղիր թէ՝ հայ ժողովուրդին ողջմիտ մեծամասնութիւնը տեղի չպիտի տայ անանկներու ստեղծած հոսանքներուն ու պիտի տեսնուի թէ՝ օր մը անոնք իրենց հռչակել փորձած ու քարոզած բարոյականներուն վրայ իրենք իրենց չուաններովը պիտի կախաղանուին, թող քիչ մըն ալ ցատկտեն, քիչ մըն ալ շաղակրատեն, ճպուռը կեանք չունի, վերջապէս մենք քիչ մը խուլ մնալու համբերութիւնը ունենանք ու պարտքերնիս կատարենք ճշմարիտ Հայու կեցուածքներով: