Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱԳԱՂԱԹԷՆ ԱԼ ՀԻՆ, ԹԱՆԿԱԳԻՆ

Մի՛ գանգատիք թէ արեւին տակ բոլորովին անբան, անդպիր ցեղ մը ապրած ըլլայինք, կամ այնպէս, իբր թէ՝ երբեմնի հին մեր գրական ածուներէն կորեկի ու կլկլի պէս ոսին բերքեր միայն հնձուած ամբարուած ըլլային ետքիններու իբր սնունդ ու ոգեպահիկ պայմաններ: Այսպէս մի՛ կանխէք ըսել, քանի որ մինչեւ հիմա բերանային աւանդութիւններուն հետ թուղթն ու մագաղաթը միայն կը մնային խմորը մեր հայ գրականութեան:

Հայ գետինը ո՛վ պեղեց ու գիտցաւ բան մը, հայ սեպաձեւերը ո՛վ հեգեց, ու գիւտը հռկեց նորութեան մը: Դուք ալ չէի՞ք ընդունիր թէ վիթխարի զանգուածով հատորներ կան հոն, որ չեն կարդացուած տակաւին, չեն լուսաբանուած: Անհուն ճոխութեամբ գրատուն մ՚է ան:

Գեղին գերեզմանոցին մէջն ենք: Մեր ծերուկ Տէր Յուսիկը, որուն մինչեւ ունքն ու աչքերու թարթիչներն ալ խաչի բամպակենիի մը սպիտակութիւնով ձիւն ճերմակ մը կը շեշտեն, ակնարկուած հատորներէն առաջինի մը կողքին այսպէս կը կարդայ.

«Աստ հանգչի մահտէսի Պօղոս Մելօյեան Խօշլի կոչեցեալ, որ ապրեցաւ զամս ինիսուն եւ երեք եւ ետ ամանաթ իւր անասելի ցաւօք եւ տանջանօք, որ հանդիպիք սմա, ասացէք Աստուած օղորմի իւր հոգուն, Աստուած արասցէ հախ դատաստան»:

Աստուած ողորմի, Աստուած ողորմի իր հոգուն, վրայ կը բերէ Տէրտէրը խոր հառաչանքով մը, իմ մենծ տղիս անէրն էր էս մարդը, հետն երբեմն ի՛նչ օրեր ապրած, ի՛նչ անուշ ու ծաղկունակ գարուններ, դեռ հիմա ըլ էնոնց հոտն է, որ կը հոտուըտամ: Մենծ տուն, համբայ րէնճպէր, ախոռը 15-20 զոգ բելիար գոմէշներ կը ֆշային, ամէն մէկը մէյմէկ լեռ կը վերցնէր, 20-25 զոգ ալ ճէրանի եզներ կը պահէր, ալ կթանին հաշիւը հիսապը մի՛ հարցներ. էնոր մեղրը ու մեղուըտունը, էնոր ծառերն ու խաղողի էգին, պարտէզները ո՛րը ըսէի, մինակ հաւտունը 2-3 հարիւր թեւ հաւ ու խորոզ կը գարգնճէին: Սէլի պէս գինին, սէլի պէս եղն ու մեղրը, երդիքէն անցնող ճնճղուկն ըսես անոնցմէ մաս բաժին կը վերցնէր: Միտքս է որ իր օրովը ալ հէչ անօթի աղքատ չի մնաց գեղը, ամէնքն ըլ Պօղոսին դուռը գործ կը գտնային, կուշտ հաց կ՚ուտէին: Ի՜նչ օրեր իրաւ որ, բայց ե՞րբ հայուն ճրագը մինչեւ լուսաբաց վառ է մնացեր. խեղճ մարդուն վերջը հասկնայիր: Ինքը հաւատարիմ ու շատ ալ սիրական մարապան էր Խօշլի Սըլօ պէկին, էտոր համար իրեն Խօշլի կ՚ըսէին, ու Խօշլի մէյ մըն էլ էն պատճառով որ էրկինքէն փախող թռչուն ճանավարներուն հետ պիլէ անուշ կատակներ կ՚ընէր ու միշտ շէն հոգի մը կը ցուցնէր: Գեղը մինակ ինք կար որ կրնար ձին հեծնալ, ֆէս դնել, չիթ զպուն ու կարմիր կօշիկներ հագնիլ, իր աղային սայայով ինք ըլ իքինճի աղա մի կը ճանչնային, վո՞վ համարձակութիւն ունենար էնոր դռան շանը պիլէ օշթ քիշթ ըսել, բայց դուն սողը տես ըսի: Անգամ մը պէկը մարապային տունը միսաֆիր եկած, Պօղոսին տղան ինչպէս կ՚ըլլի մէկէն կը հանդիպի տեսնալ որ աղան իր կնկան գէշ ձեռք մը կ՚երկնցնէ, Մարսուպ՝ Պօղոսին էս մէկ հատիկ զաւակը, չի տանիր էսոր, մէջքէն մանգաղը քաշելուն պէս կէծկլտուքի պէս աղային վրայ կը նետուի, բայց դիմացինը աւելի չուսթ, աւելի ճարպիկ, իր երկբերան խաման Մարսուպին փորը կը խոթէ, ու խեղճ տղան ակնթարթի մը մէջ ափուչիք կ՚ընէ: Վերջը շատ տավա, շատ տալապայ. վերջը դատ հիւքիւմէթ տարիներով, բայց որո՞ւ հոգ, որո՞ւ ի՛նչ պէտք, մարդը թա՛ որ Պօլիս, թա՛ որ Մըսըր խօսք նուֆուզ ունէր, մնաց քէսէն ու խալըսաւ, խալըսաւ էնդին ըլ զաւալլի Պօղոսին խօճաման տունն ու հարստութիւնը փճանալէ վերջը, մէկ հատիկ տղան ու վերջն ալ հարսը խենթնալով ջրհորը իյնալ խեղդուելէն ետքը, ինքն ալ շատ չանցած՝ անասելի ցաւօք եւ տանջանօք էնդի դէմն անցաւ, որ անգամ մըլ հոն մէջտեղ դնէ իր դատաստանը: Աստուած ողորմի իր հոգուն. էս տապանագիրն ըլ ես ձեռքովս գրել տուի, էս բոլորը ես իմ աչքերովս տեսա»:

«Հող էի անդրէն եւ ի հող դարձայ, հէ՜յ վախ, հէ՜յ վախ, որ պէմուրատ եղայ» Ու այս քանի մը բառերուն անմիջապէս վարը կը նշմարուէին ձեւազերծ նկարներ մը, թմբուկ մը, զուռնայ մը ու մէջտեղը դագաղ մը մեռելի: Տէրտէրը կը բացատրէ Ունայն աշխարհք, անցաւոր արցունքներու աշխարհք, իրաւ որ սը տղեկն ըլ անէճէլ, պէմուրատ գնաց: Չոր-Թութենց Բիբի Աստուրին էռջինեկն էր, 15-16 տարեկան կար չի կար տահա: Աստուր թաթը ծծող կծիին մէկն էր, ձմերուկը օր ուտէր, փուրն ըլ ծոցը կը դնէր, որ իր էշն ու կովը խնտացնէ: Էճէլէ ըրաւ, տունը հարս մի ձգել ուզեց որ պէտք չունենայ դուրսէ բան բանողներու, բայց կ՚երեւայ թէ էդ միտքը Աստծու ըլ խօշ չեկաւ, հարսնիքին օրը դեռ փեսան առագաստ չի մտած, է՛ս հողը մտաւ: Ու ասոր պատճառը ամա պիտի ըսել թէ եազըլան պօզուլմազ զաթի [1] գեղին աղան եղաւ: Աղան՝ էն ատենները հայու հարսնիքի կանչուէր ըլ կուգար, չի կանչուէր ըլ նը հոն էր զաթի, ու է՛ն վերի գլոխը պիտի նստէր: Հարսը քովի Շնթիլէն կը բերէին, անկէ դառնալնուն, գետէն էսդին, Աղան Չըլփանլի փաշին եկէններէն էր կարծեմ, ճիրիտ խաղալ մի ըրաւ իր սպասաւորին հետ, գեղը հասնելու քարընկէց մնացեր չէր մնացեր, մէկէն ի՛նչ ձոն գայ հարսնեւորներու գլխուն, աղային թռցուցած ճիրիտը շիփ-շիտակ փեսին գլխուն կուգայ ու թա պէյնը կը մտնայ, Աստուած հեռու ընէ, ա՛լ հասկնայիր թէ վերջին եղածը ինչ կ՚ըլլի: Լացողը վո՛վ, վրայ գլոխ պատռողը վո՛վ, ինքզինք կորսնցնող գետ նետուողը վո՛վ, հարսը ձիու վրայ երեսին քօղքը բզիկ բզիկ ընելով, էն ըլ էն տեսակ լաց մը, շիւան մը փրցուց, որ թա օր հիմա ալ անկաճս կը ճնկայ: Հարսը, էն ըլ, սայքի մեռել, ու պատանքուած մի իր խութնի խումաշներուն մէջ, կիսուած հարսնեւորները, մէկ մասը հարսը անիսէթ մէրանցը դարձուցին տարին, մէկ մասն ըլ փեսան դագաղի վրայ շիտակ հոս բերին:

Է՛ն օրը քարերը լացին, է՛ն օրը երկինքը երկիրը լացաւ, է՛ն տարին ամբողջ գեղը ու մօտի բոլոր գեղերը գլխընին հող մոխիր ցանեցին: Վերջը երկու երեք տարին անցաւ չանցաւ, արընտէր մարդասպանը ինքն ըլ շան պէս օռնալէն թէսլըմեց, անանկ զարմանալի որ՝ աչքով տեսնողները կը պատմէին թէ՝ վերջը էնոր գերեզմանին մէջ ամէն օր շան գութիկ մի կը մտնայ եղեր ու ա՛լ դուրս չելլար»:

Տէրտէրը ուրիշ մը կը կարդայ, այս քարին երեսը երկու խօսք միայն։

«Ամա՜ն, ամա՜ն, էգիս ծախեցէք, հոգուս ծխեցէք»:

«Հա՛, եա՛, անիծած սեւերես, էգիտ ծախեն օր հոգուդ խունկ ծխեն, քու հոգիդ խո՞ւնկն ի՛նչ ընէ, քու սեւ երեսդ մոմն ու լո՞սը ի՛նչ ընեն, դուն ինչո՞ւ չի լսեցիր որ ես կ՚ըսէի, միշտ կ՚ըսէի թէ՝ դուն երբ հէնց դժոխքին շեմքին վրայ երեւնաս, է՛ն մջինները ճիշտ էն տախխային պիտի զգան թէ նոր դժոխքի մը մէջ կը գտնուին, նոր ցաւ, նոր խշխիշներ պիտի տաղեն իրենց հոգին: Դեռ շատ պիտի պոռաս, շատ պիտի աղաչես, խունկին տեղը տահա մկնծիրտն ալ պիտի ուզես որ հոգուտ ծխող ըլլի, բայց ո՞ր ի՛նչ հոգ, հոս ո՞վ ունիս էտիդ լացող, ո՞վ էնի որ յիշատակիդ մեռնէր, ալ հոս սոն մնա՞ց, որ չի քաշէիր, ալ հիչ օճաղ պուճաղ մնա՞ց որ չի մրեղցնէիր, խօճապաշի մը, բայց կարծես եօթը աշխրքի թագաւոր կը հրամայէիր, ինչո՞ւ որովհետեւ գեղացին կը կթէիր ու փաշին կը տանէիր, ինչո՞ւ որովհետեւ թուր թոփ գործածողները կռնակ կը պահէիր: Թորիկ էր ասոր անունը, գեղ մը գեղով միշտ մէկ բերան իր էտին կը պոռային ու անէծքներ կը ձգէին, ա՛խ, Թորիկ, երբ պիտի փորենք, երբ պիտի թաղենք քեզ որ քիչ մը գեղը շունչ առնէ ու հանգիստ առտու մը լուսցնէ: Ամա՜ն, ամա՜ն… օր մը աղքատ Ղազարոսին դրացի հարուստն ըլ էտ ամանը, էտ օգնութիւնը կ՚աղաղակէր աղուէսն ու գայլն ըլ ֆախը ընկնելու ատեն տը տեսակ պաղըրթի չաղըրթի կ՚ընեն, բայց ի՛նչ օգուտ, սուրբեր ունիս նը, էնոնց պոռա, Աստուած ունիս նը, էնոր շիտկուիր, էնոր վնկվնկա»: Տէրտէրը յաջորդաբար.

«Գող եղէ մեղաց, գտող կորստեան, գուբ ինձ փորեցի»:

«Էսոր ճինսէն, ճիտէն ալ հէչ նէֆէս չի մնաց գեղը, ու բոլորն ըլ կէնճ կէնճ մեռան: Կէնճ մեռան որովհետեւ՝ մահը իրենք իրենց ձեռքովը կը կանչէին: Մանոն՝ պապերնին, մէշհուր գող մի էր, Թուրանենց էգուն մէջ զարկուաւ, գիշեր մը, խաղողի գողութեան գացած ատենը. տղէքն ըլ վերջը Ակոբն ու Մինասը, հօրերնուն զէնաաթը բանեցուցին. մէկը մէկ շաբթուն, միւսն ըլ միւս շաբթուն մէջ զարկուաւ գնաց: Ակոբին չի գտուաւ մարմինը ըսին, սպաննելէ վերջ անջուր հոր մի նետեր են, Մինասն ըլ Առիկանց վերի էգուն պատին տակ գտան ու հոս բերին: Գեղացին էն ատեն, մեզ չի թողեց, որ էսոնց վրայ կարգ պաշտօն կատարենք: Իրենց հեռուէ հեռու ազգականին մէկը վերջը՝ գաղտուկ ինծի դիմեց որ ես բան մը ընեմ, բայց շիտակն ըսելով ես ալ մերժեցի, իմ սիրտն ըլ չի տարաւ, թողի որ միայն քար մի քաշեն վրանին, հօր ու տղի վրայ, ու փակեն գուբը: Պէլէ՛հ, պէլէ՛հ, մեղքի էս գողերը իրաւ որ իրենք փորեցին իրենց կորուստին գուբը: Գեղացին էնոնց գերեզմանին քովերը մարդ մուրդ չի թաղեր, աղէկ չեն սեպեր»:

«Լեռները թնտացին, թփերը լացին, Օրսէփին պօյովը քար կյրեցին, ամէն կիրակմըտքի հոգուն ծխեցին»:

«Էսոր համար լուսահոգի հայրս կ՚ըսէր, թէ տիարէն եկած շատ հարուստ պէզիրկեան մը եղեր է, որ յատուկ էս կողմերը գալով իր ձեռքովը ըռատ ըռատ դրամ տարտղներ է գեղացուն:

Էն տարին սով տարի մի, էն տարին Աստուած չի ցուցնէ, սով սոսկալի տարի մի էս կողմերը, հարուստ թէ աղքատ խոտաճարակներու վիճակին հասեր են, բաղեղը, խռունկը հացի տեղ գործածուեցան: Անօթութենէ սատկած տաւրուն ու հաւերուն միսը, տախխայ մի ըսես գետինը չի մնար եղեր, իրարու ձեռքէ քաշքշելով հում հում բերուընին նետեր են: Սոսկալի, զարհուրելի ատեններ, հայրս էր պատմողը թէ՝ մեր գեղը ու բոլոր մօտի գեղերը, էս անճանաչ խարիպին ողորմութիւնովը ազատեր են, բայց մարդը ազատելով հազարաւորները, ինք վրայ տուեր է, երբ ղաֆիլ ցաւէ մը բռնուելով իր ամանաթը հոս, էս մեր գեղը թէսլիմէր է: Օրսէփ, իրաւ Օրսէփ, քընծ Օրսէփ գեղեցիկը բարերար: Ամէն գերեզմանոց գալուս առաջին հայր մերս էս մարդուն վրայ կ՚ընեմ անպատճառ»: Հո՛ն, նա՛, տապանագիրը.

«Աչքերս քարիս վրայ, արեւս աչքերուս վրայ»:

Վերի կողմը այս քանի մը բառերուն՝ զոյգ մը աչք կը նշմարուի, երեսը սրբատաշ, այլ մամուռի հետքերով արատաւորուած քարի մը՝ կը հարցնեմ. ի՞նչ այսպէս, Տէր Հայր, աչքերու ի՛նչ հանելուկ պիտի ըլլան ասոնք: Հէչ կրակ կա՞յ օր ջուրով չի մարի, տղա՛ս, ջուրով ըլ չէ նը, հողով մութլախ չի մարի, բայց էս քարին վրինները, որ մինակ ես կրնամ մեկնել, որովհետեւ մարդը օր մի ինծի մինակ կը խոստովանէր, էնպէս կը հասկցնեն թէ՝ սէր ըսուած կրակը, սէվտային ալաֆը, բանով մի չի մարելէ զատ, որուն մէջ որ բռնկեր կը վառի, գերեզմանին հողովը, գերեզմանաքարին տակ ըլ չի մէրիր, չ՚ածխանար, Աստուած չի բերէ մարդուս գլխուն, ինտոր պատմեմ, ես դեռ խոստովանանք ըսուածը էս տարիքիս մէջ շապկիս ըլ չեմ յայտներ, բայց, է՜հ, դուն զիս մեղքի մէջ կը ձգես: Արօր Օհան կ՚ըսէին էսոր, իմ ծուխս էր, վարլի վարիաթլի, րենճպէր տնւոր մը, կին ունէր, տղայ աղջիկ ունէր, բայց էնդին ըլ անիծած լակոտը Տէր Սահակին երէցկնոջ սէվտալամիշ եղեր էր, մեղք է՝ կ՚ըսէի, Օհա՛ն, որո՛ւ կ՚ըսէի, էնի էնքան մըղըլոտեր էր որ օլանճայ մալը էնոր ուղուրին խարճեց, տալտինկիր եղաւ, պաղչան ծախեց, կարմրդարը ծախեց, ծախեց շատ բան, վերջն ըլ ինքզինք ծախեց խալըսաւ: Տէրտրուն տղէքը չի տարին էտ բանին, երբ ա՛լ բանը աշկարայ ելաւ Օհան տուպարայով քէֆի հրաւիրեցին բուն իրեն էգիին մէջ. հոս երկու աղբարը մինչեւ կէս գիշեր ուտել խմելէ վերջը, մէկէն երկուքն ըլ Արօրին վրայ կ՚ընկնին, պօղազը չուան մը կը ձգեն, կը խեղդեն, ետքը թութի ծառէ մը կախելով սուսիկ փուսիկ տուներնին կը դառնան: Էն օրը էս բանին վրայ ու երեք օր իրարու վրայ, ի՛նչ թոզ, ի՛նչ տուման, ի՛նչ որոտում, ի՛նչ կէծկլտուքներ, քիչ էր մնացեր, որ գեղը ու բոլոր աշխարհք տակ վրայ ըլլի: Մարդ չի հասկցաւ դէպքին սէպապը, հասկցողն ըլ չուզեց ձէն հանել, մուսթահախ կ՚ըսէին: Եանէ իրիցկինն ըլ ինքզինք ձեռք տուա՞ւ ըսես չէ՛, նէ մինասիպ, սուրբի պէս էքսուկէթէկ մի էր որ ամբողջ գեղը կը վկայէր: Անգամ մի Օհան առանձին խոստովանանքի նստած. ըսէ՛, Տէրտէր, ի՛նչ ընեմ, որ վազ գամ, խալըսիմ կ՚ըսէր, ես ըլ կ՚ուզեմ, բայց չեմ կրնար, քանի փորձեմ, էնքան խորունկը կ՚երթըմ, ես անանկ հասկցեր եմ, թէ քիչ մը ինք ըլ ըզիս կը սիրէ, բայց էշկէրէ չի յայտներ, չի կրնար: Խենթ ես, կ՚ըսէի, տղա՛յ, հէչ լսուա՞ծ բան է էտի, հէպը դուն կլացեր ես, խապար չունիս, գնա, գլխուտ ջուր դնել մի գիտցիր, որ տը մջինը մէրի, կը խրատէի, բայց ալ կը նայէի թէ՝ բանը բանէն անցեր, շատոնց անցեր, ոչ աղբիւրին ջուրովը կը մէրէր, ոչ ըլ ջուրովը անահուն ծովերուն: Հէնց որ երեսը տեսնամ, կ՚ըսէր, եօթը օր, եօթը գիշեր հացէ ջուրէ կը կյրիմ, հարցնեն, ի՞նչ է անունդ. լեզուս կը խածնեմ, երկու կէս կ՚ընեմ, վերջին օրերուն շիփ շիտակ խենթեցեր է կ՚ըսէին:

Անգամ մը ելան թէ՝ կորսուեր է Արօր Օհանը. մինչեւ կէս գիշեր տուն եկած չըլլիր, ախըր ինտոր մէկը կռահած կ՚ըլլի գիշեր ժամանակ ժամը կ՚երթան կը բնտռեն, հոն ժամն է, վերնատունը, իրիցկնոջ տոշկին վրայ բուռ մը կծիկ եղած քուն կ՚ըլլի, ու պահ պահ կ՚ոռնայ եղեր, բայց ի՜նչ մարդ չէ հասկցեր, մինակ ես հասկցած էի, տապանագրին էս խօսքն ըլ էն է, որ իր ողջութեանը ձեռքովը փորել տուաւ ու մարդ ֆարղին չի գնաց իմաստէն: Արեւը Տէր Սահակին իրիցկինը հասկցիր»:

«Դուն ըլ համոզուա՞ր հիմա երբ ըսի կրակ կայ որ հալ հալով չի մէրիր, չի մեռնիր: Էն դժողքը որ անշէջ բոց ունի, պատճառը այն է, որ էս տեղէն հոն մշտական կրակ կը տարուի»:

«Իմ ահս չի մնայ էնողին»:

Ծերունի Տէրտէրին բացատրութեան նայելով, այդ խօսքը խորագիրը պիտի ըլլայ պատմութեանը այն հէք աղջիկին, որ իր հօրեղբօրը մութ քմայքին զոհը ըլլալով, հանրատունի մը շէմքին վրայ կը նետուի բռնաբար, որուն՝ աղջիկը չի կրնալով տանիլ, հարսնիքին իրիկունը վերջին մ՚ալ կը յիշէ իր ընելիքը: Առագաստի անկողնին վրայ տակաւին գօտի չի քակած, պատրուակով մը դուրս կ՚ելլայ ննջարանէն, բարձր ցուիքի մը եզերքը կը գտնայ առխարխափ ուսկէ անվարան ու անմիջապէս փողոցը նետուելով կտոր կտոր կ՚ըլլայ: Աղջիկը նշանածը չի սիրեր եղեր, ու մինչեւ այն վայրկեանին իր հոգիին խշխշանքը մարդու մ՚ալ պատմած չըլլար եղեր, ոչ իսկ խօսք մը այն նկատմամբ բուն իր ծնողացը ականջին:

«Ապրեցայ եօթանասուն, չվայլեցի եօթը օր, եօթը իրիկուն, մեղօք թաւալեալ Համբիկ Ճիանեան, յանգի ի շիրմիս, ի մայր հող ծոցիս»: Վեց եօթը կնկայ տէր ամուսին մըն է եղեր այս, որ եօթանասունը բոլորած ըլլալու համար շան օսկոր կուլ տուած ըլլալու է:

Եօթը կնիկ, առաջինէն մինչեւ վերջինը մէկ-մէկ, երկու-երկու զաւակ ձգելով անցեր գացեր են, յետոյ այդ վեց-եօթը տեսակ խորթութիւնները իրարու հանդէպ շուն ու գայլ ապրելով Համբիկին տունը կատարեալ դժողքի մըն են վերածեր: Առած կնիկները երկար չեն ապրեր, էրիկ մարդը որովհետեւ փայտի, բռունցքի տակ, աչք բանալ տուած չէ անոնց, երկուքը թունաւորելով մեռցուցեր է, վերջին կինը, ան եւս մեռցուած մը, Համբիկ եկեղեցական օրէնքով իրեն ընկեր չէ ունեցեր, քահանան որովհետեւ մերժեր է զինքը պսակել որպէս յափրացած շնացող մը, միայն ինք իր ուժովն ու անամօթութիւնովը անոր հետ համաձայնած կ՚ըլլայ:

Առջեւնիս ահագին զանգուածով խոշոր քար մը, որուն ոչ մէկ կողմը գիր գիծ չի նշմարուիր, կիսովի հողին մէջ թաղուած՝ խոր հնութիւն մը կը խօսի, բայց այդչափ միայն: Տէրտէրը շուտ մը անոր մօտէն անցնելու ատեն ինծի ալ թոյլատու չըլլար անոր նայելու, մի՛ նայիր, կ՚ըսէ, աչքերուտ ալ մեղք կ՚ըլլայ, հոգիիտ ալ, ատոր կուրծքին տակ եօթը գլուխով դեւ մը կը պառկի:

Քալէ՛, ուրիշ ատենի պահէ հետաքրքրութիւնդ, կ՚աւելցնէ, բայց Հայ Քրիստոնեայ մը չպիտի՞ ըլլար այս, այո՛, անունով միայն ժամանակակի՞ց մը քեզի, չէ՛, իմ մեծ հօրս օրով ապրած մը, հարո՞ւստ թէ… հարուստ որ ի՞նչ, իբր թէ քովը անգին քար մը ունի եղեր որ անով է պարծենցեր անուն մականո՞ւն անունը շնագող սրիկայ մը, բայց իր դուրսինովը այնքան պարկեշտ, որ իր անունին խաչակնքուող ալ կ՚ըլլայ եղեր, ու ժամէն ալ դուրս չելլար եղեր, մնացածը միտքս ձգէ որ վերջը պատմէի: Չեմ պնդեր, Տէրտէրը ուրիշ մը կը կարդայ.

«Այս է տապանս ցորնուկ Թումասի, որ ծնաւ մեղօք Փրկչական թիւ 1801, եւ մեռաւ ի գիշերի Աւագ Ուրբաթի, վաղ քաջ ընդ առաւօտ, դեռ ոչ կոտորեալ զկարմիր հաւկիթն զատիկի, պահօք ճամբորդէ, զի Տէրն բարի մեղս իւր թողցէ»:

Հարիւր, հարիւր քսան տարեկանին մեռնող գեղջուկ մը աս, կեանքին բոլոր օրերուն միս չէ կերած երբեք, պահեցող, ժուժկալ, բարի մարդուկ մը, որ իր ջուլհակի արհեստովը կրցած է բազմանդամ ընտանիք մը ապրեցնել, օր մը, ոչ իսկ մէկ օր մը մուխոտ շունչ մը դուրս չէ տուած կեանքէն գանգատողի տրտունջներով, իր մեռնելէն առաջ իր սեփական արտերէն չորս կտոր Դատեմի վանքին կտակելու առաքինութիւնը ունեցեր է, (չունենար բարով). իր մահը ապուշ դէպքի մը հետեւանքը եղած է, կրիայէ շատ կը վախնայ եղեր, օրին մէկը իր պզտիկ թոռը իր հետը կատակելու ելած՝ գաղտուկ մը մեծ հօրը վերմակին տակ կրիայի ձագ մը կը քշէ: Ցորնուկ մէկէն հազիւ կիսատ ճիչ մը, կը մարի, ալ տեղէն գլուխ չի վերցներ: Տէր Յուսիկ յոգնած կարծես պահ մըն ալ հէնց կը կարդայ ու կ՚անցնի, ես ասոնցմէ շատ քիչն է, որ կրնամ վայրկենապէս իմ յուշատետրիս մէջ օրինակել: Ինք որովհետեւ մասնագէտ մը համբաւուած աս կարգի արձանագրութիւններ քակելու, խօսք կ՚առնեմ, որ օր մը մէկտեղ նա վանքին գերեզմանոցն ըլ այցելենք, հոն եւս պահ մը հին կրօնաւորուած ու հանգածներու տապանագրերը հեգելու համար: Գուցէ աոնք աւելի հետաքրքրական, քան ինչ որ այստեղինները:

***

Եդին զիս ի գբի ներքնում եւ ի ստուերս խաւարի, հայցեսցուք տէրն ինք ողորմի: Շիրին ոսկերք ծառայիցն Աստծու:

Ռ. Ճ. Կ. Ա.

***

Գինեաւ արբեցէք, զտէր օրհնեցէք, այս լինի ձեզ շահ, որ չանէք վահ վահ, որ ոք հոգուս պատարագ առցէ հեղ մի ի տարւոջ, նա ի մեր վերի այգուն բաժակէն կուշտ գինի ըմպիցէ, եւ երիս հայր մերս կրկնիցէ:

***

Ունայնութիւն ունայնութեանց, ամենայն ինչ ունայնութիւն է: Ես ոչ լինիմ ձեզի պէս, այլ դուք լինիք ինծի պէս, աւա՜ղ փառացս անցաւորի:

Ա. Թ. Ն. Անշարժ եղիցի:

***

Ո՜վ աստըւոր, յորժամ ընթեռնուք զիմ տապանս յիշեսջիք զմեղուցեալս Սիմաւօն Միրաք: Գողացայ, գերփեցի, աղաչեմ զձեզ ներող լերուք:

***

Լոյս տուր Տէր աչաց իմոց զի մի երբեք ննջեցից ի մահ, հանգստարան մղտեսի Գասպարի Այրօնեան:

1725 Փ. Թ.

***

Եթէ որ չառնէք իմ խամ, իմ վրէժ այնժամ վայ իմ ոսկերացս, դուք փտտեցէք, վրէժ ի թշնամեաց, վրէժ սուրբ զի սուրբ եւ վրէժխնդիր է եւ Աստուած ամէն: Ն. Գ.

***

Տէր տեսցէ եւ այց արասցէ

18†95

Վկայք բռնութեան զահանդելի վիշապին, որ եկեր զմիս անմեղաց 66 հոգոց եւ զարիւն նոցա քամեալ, ոսկերք նոցա ժողովեալ աստէն եւ անդէն, կոշկոճեալ մարմին Տէր Պօղոսի, ի յաղբանոցէ հանեալ, խորովեալ ոսկերս Տէր Սարգիսի, ի բոց թոնիրի հանեալ եւ ամենեքին արք եւ կանայք, ծերք եւ մանկունք սրածեալք ի բարբարոսաց, աստի ի միասին շեղջակուտեալք, լինին ակնդէտ աւուրն դատաստանին. տէր սոցայն դատաստան քաղցր արասցէ ԱՄԷՆ:

 

«Հայ գրականութիւն», 1912



[1]            Արդէն գրածը չի ջնջուի (թուրք. ): (այլ հրատարակութեան ծանօթագրութիւն)