Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

(Շարուր կայարանին շէմքին վրայ, ներս մտնելէ առաջ, խառնակ, անորակելի ձայներ, ներսիններուն պարբերական խռովքի ու նեղութեան մէկ նոպան):

Դիւային քրքիջներ թաւ հունչերով, հա՜, հա՜, հա՜…

Կնկան մը ճռնող ձայնը. Մի՛ քաշէք, մի՛ փրցնէք, մէկ հատիկս էր, աչքիս բիբը, հոգուս կտորը, մի՛ քաշէք…

Զառանցող ծեր մը՝ շունի ոռնումով. հո՜ւ, հո՛ւ, հո՛ւ, գաւա՛թը, գաւա՛թը, քարով զարկաւ, դուռը ճզըրցուց, դռան եկաւ, առաջ երեսը պագաւ, հրամեր ես, անոր հետ տեսայ, ե՛ս զարկի, ես ձգեցի թոնիրը, կրա՛կ, կրա՛կ, կրա՛կ, թող վերջը կարմիր հագցնեն:

Կարասի մէջէն տարտղնուող ձայնով. Եավրում Պօղոս, եավրո՜ւմ, եավրո՜ւմ, ուհո՜ւ, ուհո՜ւ, ուհո՜ւ, (թնծկանքներ):

Գելանքներու տակ, անիմաստ ցաւագին աւաչներ. Բլէ՜, բլի՜, բլի՜, նո՛ւ, նո՛ւ, նո՛ւ, նո՛ւ, ղա՛, ղա՛, ղա՛, աղա՛, աղա՛, աղա՛, պապի՛կ, պապի՛կ, պապի՛կ:

Գորտերու կռինչներ ու մլաւներ կատուի (ուրիշ կողմէ մը):

Սղոցի խռնտիւն (ուրիշ կողմէ մը):

Բոժոժիկներու ձայներ (ուրիշ կողմէ):

(Այս միեւնոյն ատեն) Քառասուն ոսկի, երկու արծաթ, չորս հինգնոց (ծեծկըւուքներ ու պոռչըտուք երկուքի մէջ):

Էրիկ մը կնկան Տունէն կը փախէիր, հա՞, մօրդ հետ եղած՝ թոյն կուտայիր, հա՞, անօրէ՛ն, մազերէն կախեցէք, աչքը փորեցէք, երեսը քերթեցէք…

Կին մը իր էրկան Մի՛ երթար ըսի, ոտքդ կ՚ըյրէ, ըսի, վազ անցիր, ըսի, Աստուած կայ, դատաստան կայ, պատասխան կայ ըսի, դեռ չըյիշեմ բոլորը:

(Ուրիշ կողմէ մը) Աղօթք հանդերձ ծնրադրութեամբ զՏէր աղաչեսցուք (երեք անգամ, չորս անգամ, հինգ անգամ):

(Ուրիշ կողմէ նորէն աղօթողի մրմունջներ) Լոյս տուր, Տէ՛ր, լոյս տուր, Տէ՛ր, լոյս աչաց իմոց, յոյս սրտի իմոյ:

(Հեռուէն թմբուկի խուլ, ընդհատ ղօղեր, որ լսելի կ՚ըլլան ու կը դադրին):

Ողբ մը. Ես զիս դրի հազար տարու, ղաֆիլ եկաւ օրս մահու, զիս կու զատեն ամէն բարոյ, կացէք բարով, բարեկամներ: (Փղձկումներ) ուհո՜ւ, ուհո՜ւ, ուհո՜ւ։

(Կայարանին ներքնակողմի այս շփոթ ձայներուն ատենը, որ մերթ զիրար պիտի խաչատեն, առանձին երբեմն ձայներուն մէկ քանիները իրարու հետ պիտի հիւսուին, Լսելի կ՚ըլլան որոտումներ, կայծակներ այն միեւնոյն կողմերէն: Աս ատեն երկու ուրուականներ, ճերմակ մօրուքնին մինչեւ կուրծքերնուն վրայ թել թել, մարմիննին պատանքի կտորուանքներով ծածկուած, մէկը միւսին ետեւէն ինկած կը հալածէ, թնծկալով, կաղկանձելով հալածուողին ետեւէն):

Երկուքն առ, երկուքը տուր, չորսը առ, երկուքը տուր, կեցիր, Պե՛տրոս, կեցիր, կեցիր, Պետրոս, նստիր, պահուիր, կամ սա դէմի դուռը մտիր: (Բեմին վրայ շրջան մը ընելով կ՚անյայտանան երկուքն ալ):

Մէկ աչքին նայեցայ, մէկ աչքերը սիրեցի, ծաւի աչք մըն էր, աղաւնիի անուշ աչք մը, անկէ դուրս թռած կայծերը, հոգիիս վրայ կրակէ տարափ մը կ՚իջեցնէին: Մէկ աչքին հայեցայ, աչքերը միայն սիրեցի: Մորթիս վրայէն ածելի անցուցէք, երեսս սեւցուցէք, կուրծքս խարանեցէք, ինչ ալ ընէք, դժոխքն իմ քամակիս վրայ ալ շինէք, ես նորէն ան աչքերը պիտի սիրեմ… զարնէ՛ք, սիրեմ պիտի, մեռցնէք՝ սիրեմ պիտի, ա՜խ, ա՜խ, ա՜խ, ա՜խ:

(Ուրիշ կողմ) Փա՜ռք քեզ, Աստուած, փա՜ռք քեզ, փա՜ռք քեզ, փա՜ռք քեզ (յօրանջումներէ յետոյ) օ՜ֆ, օ՜ֆ, օ՜ֆ:

Գոռ ձայն մը Փակեցէ՛ք, փակեցէ՛ք, գիշեր եկաւ, սեւերն ինկան, դուռները փակեցէք:

(Այդ վերջինին յաջորդող սուր ճռինչ մը) Ապաշխարեցէ՛ք, ապաշխարեցէ՛ք, զի մերձեալ է արքայութիւնն Աստուծո՜՜՜յ:

(Շարուր վայրկեան մը դիտելէ յետոյ աս խելայեղ երեւոյթը, լուռ, յուսահատ ներս կը մտնէ ու մութին մէջ խարխափելով իր օթեակը կը բնտռէ):