Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՐԱՆ, ՇԱՀԻՆ, ՓԱՌԷՆ

ՇԱՀԻՆ (Յանկարծ ներս մտած ու ժպտուն, միւսները ոտքի կը կենան ու նորէն կը նստին) Աս գիշեր աղւոր երազ մը տեսայ, Փառէն։

ՓԱՌԷՆ Աղէկ ա։

ՇԱՀԻՆ Կատակ չեմ ըներ, իրաւ աղւոր։ Գիրուկ կարմիր ձի մը հեծեր էի, թմբուկ կը զարնէինք, մեր տունը զուարթ բազմութիւն մը կար, հարսնիքի մէջ էինք։ Նազլուն նոփ-նոր լաթեր հագած՝ ոսկի շարոցներն ալ գլխուն ու կուրծքին վրայ, ետեւէդ կամաց-կամաց կը քալէր, մինչեւ ժամուն դուռը այսպէս՝ ու մէկէն արթնացայ։

ՄԱՐԱՆ (Խորհրդաւոր ա՛խ մը) Աստուած բարի ընէ. Հարսնիքը կռիւ է, կ’ըսեն, կարմիրն [1] ալ շուտ կ’ելլայ։ Կռի՛ւ, կռի՛ւ։

ՓԱՌԷՆ Շա՛տ շիտակ ըսեր են, մայր։

ՄԱՐԱՆ Ի՞նչ կ’ըսես, Փառէն։

ՇԱՀԻՆ Մայր ու տղայ ալ ցերեկը երզեր էք, բայց ի՞նչ…

ՓԱՌԷՆ Ինչ որ ո՞վ գիտէ։

ՇԱՀԻՆ Նո՞ր բան։

ՓԱՌԷՆ Մէյ մը սա հինը ստկէինք։

ՇԱՀԻՆ Դեռ ըսել է, առջի օրերու քիթովդ շունչ կ’առնես։

ՄԱՐԱՆ Հօրաղբարդ կատակ կ’ընէ, տղայ, երեսս հայիր (աչքովը տղուն հանդարտութիւն թելադրելով)։

ՇԱՀԻՆ Չե՞ս ըսած, հարսխաթուն, չի պատմեցի՞ր մեր խելօքին թէ՝ ամիս մ’առաջ, էֆէնտին ինտոր պատուեց։

ՄԱՐԱՆ Լուսի՛կը, կը մոռնաս ըսել, էֆէնտին ե՞րբ օր մը փրշունք կը նետէ մրջիւնին առջեւ։

ՇԱՀԻՆ Ի՛նչ կ’ըլլայ ըլլայ վերջապէս, ատքան ալ հաշիւ, հըյրուք [2], մեզնէ չսպասուիր, հերի՛ք որ մարդն ալ, կնիկն ալ Փառէնին ճամբայ ելլալը լսած՝ շուքի պէս կը կպչէին փէշերնուս։

Մոռցա՞ր թէ քանի՛ հոգի էինք, Մարան։

ՄԱՐԱՆ Միտքս էր (Քէն ընողի մը խբումով).

ՇԱՀԻՆ Քսան-քսան երկու հոգիի առջեւ «զոգ զոգ» խորուածներ, լիրերով օղի, գինին՝ գետի պէս կը հոսէր։

ՓԱՌԷՆ (Մէկ կողմ) Լուսիկին ձեռքովը, ու անուշ ալ։

ՇԱՀԻՆ (Երբեք չուզելով որ դիմացինին խորամանկ կերպով գլած խօսքերուն ուղղակի դիմաւորողը ըլլայ) Լուսիկն ալ, էրիկն ալ, հասնողը գետի պէս կը հոսեցնէր, բայց, գինի՜… մէյ մը գնա ու համը տես։

  ՓԱՌԷՆ Իմ բերնիս համը ինծի հերիք էր, հօրաղբար։ Ատ օրը երբեք առիթը չի ներկայացա՞ւ որ հասկնայիք թէ՝ ատ մարդը իր հողը, ջուրը ի՛նչ ըրաւ, գեղին հողային կալուածը, վեց-եօթ հարիր ոսկի հարստութիւն…

ՇԱՀԻՆ (Վարանք, պատասխան գտնելու դժուարութիւն) Հողայի՞ն կալուածը…

ՓԱՌԷՆ Հրամեր ես, Հապուսնայ [3] հողը, տղուն վրայ փոխանցեր է, աղջկան ալ մատնոցով քացախ։

ՄԱՐԱՆ Ատ ալ մեր ճակտի գրին… տղա՛ս։

ՓԱՌԷՆ (Մատով հօրաղբարը ցուցնելով) Ինքը օր մը ինծի ինչե՜ր կը գրէր, ահա երեսս, ահա երեսը։

ՄԱՐԱՆ Մալով, հալով հարսնցու մը, շիտակ է՜… բայց… ինծի հարցնես, ես պիտի ըսեմ թէ՝ կնկայ մալը դարբնի մուրճ է, Փառէ՛ն, գլուխ չի դիմանար։

ՇԱՀԻՆ Թող որ արդէն ես ալ շատ ցաւցեր եմ… ծունկին վրայ նորէն աղօթք [4] կայ, կ’ուզես հաւտա, կ’ուզես մի՛ հաւտար։ Աստուած ալ, մարդիկ ալ գիտեն թէ՝ ես երբեմն խնամի Լուսիկին խաթերն համար է որ ատ տունը կ’երթամ կուգամ։

ՄԱՐԱՆ Գացիր, եկար որ՝ ետքը, ետքը…

ՓԱՌԷՆ (Դէպի Շահինը) Հողը տղուն վրայ ըրած ատենը, աղջիկը լեզու չունէ՞ր, թող մէյ մը աղջիկն ըլլար հօրը դէմ բողոքողը։

ՇԱՀԻՆ Ա՞ս էր՝ ըսել է՝ փորուտ խոցտուկը, ըսիր խալսար։

ՄԱՐԱՆ Աս էր, այո՛, դուք դեռ չէք գիտեր, թէ՝ ի՛նչ տեսակ յամառ մըն է աս աչքի չառածնիդ (Ինքն իր կուրծքը ծեծելով)։

ՇԱՀԻՆ Փառէ՛ն, Փառէ՛ն, նոր եկեր ես։

ՄԱՐԱՆ (Դէպի տղան) Ի՞նչ է, դուռ դրացի սէյրի՞ պիտի կեցնէք։

ՓԱՌԷՆ (Ոտքը գետին կը զարնէ) Չեմ առներ ըսի՛ եա, աղջիկ թող ըլլայ գտնելիքս (Զայրացած կը մեկնի)։



[1]            Երազի մէջ տեսնուած կարմիրը նշան է թէ` երազը շուտ պիտի կատարուի:

[2]            Հըյրել մանր քարը ձաւարէն զատել մատներով:

[3]            Հապուսին քաղքին արեւելակողմը գեղ մը, ուր աս էֆէնտին իր վաշխառուի գործերովը յաջողեր է շատ մը հողային գրաւումներ ընել:

[4]            Բարի է: