Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԱՆ, ՇԱՀԻՆ

ՇԱՀԻՆ (Ետեւէն) Հա՛, հո՛ւ, հա՛, հո՛ւ, կատղած շուն մը, որ հաջելու կերպն ալ մոռցեր է։ Ի՞նչպէս մենք էն սկիզբէն չի կրցանք անդրադառնալ թէ՝ մեր աղա աղբրորդին ան մռթմռթուկներովը, եղոտ դմակին պահանջն է որ կ’ընէ։ Շահի՛ն, Շահի՛ն դուն ալ մարդ չես, դուն ալ յիմար մը։

Հոս մարդ չի կայ ա, աղէկ բաներ չեն ասոնք, հարս խաթուն։

ՄԱՐԱՆ Ես ի՞նչ ընեմ (Ուսերը թօթուել)։

ՇԱՀԻՆ Բոլոր ատենը առէջին թելերը կտրելու ձեւեր մը կ’ընէիր։

ՄԱՐԱՆ Ես մեղաւոր մը արդէն, ինչ որ ունիք վրաս նետեցէք։

ՇԱՀԻՆ Տղադ դարձեր չէ դարձեր, աչք կապուկ կը խաղաս։

ՄԱՐԱՆ Անանկ բան մը ըսէ որ լեռները տեղերնին մնան։

ՇԱՀԻՆ Տեսա՞ր, լսեցի՞ր։

ՄԱՐԱՆ Մէկտեղ լսեցինք։

ՇԱՀԻՆ Ու հաւնեցար ալ։

ՄԱՐԱՆ Չի հաւնէի ալ ի՞նչ կուգար ձեռքէս։

ՇԱՀԻՆ Սանկ խաղքութիւն լսուած չէ աշխարհքը։

ՄԱՐԱՆ Խաղքութիւն ատոր չեն ըսեր։

ՇԱՀԻՆ Չէ՞ որ մէկտեղ գացինք, մէկտեղ գտանք, քեզի ու քանիներուն հետ մէկտեղ էր որ նշանը տարինք։

ՄԱՐԱՆ Թո՜ւ…

ՇԱՀԻՆ Վեց տարի է աս. վեց օր չլմանիր։

ՄԱՐԱՆ Ինչո՞ւ իմ օձիքէն բռներ ես Չէլէպի. ահա դուն, ահա աղբրորդիդ։

ՇԱՀԻՆ Ե՛ս տամ դրամը, ե՛ս յոգնիմ, նեղութիւն, չարչարանք ե՛ս տանիմ, նազը դուք ընէք, նազ մըն ալ դեռ դէմինները։ Աղէկ ա. փափկանկատութիւն ըսուածն ալ քիչ մը դուք առէք ձեր կողմը։ Ատ տղան ի՞նչ բերաւ, հոն ի՞նչ էր գործը. եթէ իրաւ է որ գործ ունէր, ինչո՞ւ չի շահեց։ Դուն պատճառ գտիր, մեղմացումներ հիւսէ, չի շահեց, չի բերաւ ըսէ՜… բայց եկողը ատանկ քիթ, ատանկ լայն բերան գոնէ չի բերեր հետը։ Ըսէ, խաթուն, կրնա՞մ տանիլ։

Հաշիւ մըն ալ աս կերպով չի տեսնէի՞նք հետը։ Թո՛ղ տուէք, որ այսչափ իրաւունք ալ իմս ըլլայ, երբ դեռ աս տանը մէջ բաժինք զատութիւն չէ պատահեր։

ՄԱՐԱՆ (Կեղծաւորի լեզուանիութիւն) Բոլորը ըսեր իմ համոզելու փորձեր ալ ինք իմ առջեւէս նետի պէս կը թռի, չեմ առներ կ’ըսէ, կ’երեւայ, խելքը դարձնող կայ, որ չենք գիտեր։ Անցածները շատ ստիպեցի որ իմ խաթերս համար գոնէ մոռնայ ճահիլութիւնը, պատին հայելին գլխուս պիտի տար։

ՇԱՀԻՆ Լսածն ի՞նչ է, ինչո՞ւ կը պահէք։

ՄԱՐԱՆ Էլին լեզուն կրնա՞ս կապել, խօսքեր որ…

ՇԱՀԻՆ Քիչ կը մնայ որ կռնակէս ճաթիմ…

ՄԱՐԱՆ Ես քու ձեռքդ, քու ոտքդ կը պագնիմ, ինծմէ վազ անցիր։

ՇԱՀԻՆ Կամ խօսք մը կամ խելք մը ատ շանը գլխուն, ես նամուս ունիմ, ես՝ մարդ եմ։ Քաղքին մէջ եթէ հինգ բարեկամ ունիմ, տասն ալ թշնամի ունիմ։

ՄԱՐԱՆ Գլխուս վրայ կրակ ալ մաղես, ես բան մը չպիտի կրնամ ըսել։

ՇԱՀԻՆ Շատ բան պիտի բերեմ ձեր գլխուն։

ՄԱՐԱՆ Ողջ կեցիր, բեր, մեծերնիս ես։

ՇԱՀԻՆ Ես չեմ կրնար համբերել, որ հոն ձորը, հոն լեռը մեր անունը ճնչուըռտեն։

ՄԱՐԱՆ (Հետզհետէ համարձակութեան մէջ) Բանը բանէն անցնելէն վերջը։

  ՇԱՀԻՆ Իմ փնտռածս ալ ահա ատ բանն էր միայն, ես գիտեմ թէ՝ ատ բանին մէջ սատանայ կայ, ատ սատանան երկայն մազ ունի, ատ սատանան աղուէսի պոչ ու օձի լեզու ունի։ Գիտե՛մ, գիտե՛մ։

ՄԱՐԱՆ Գիտցող մը, որ ի՞նչ ալ կ’ուզէր։ Էրիկ մարդ մըն ալ ատքան երկար թաթ չի լարեր կնկայ վրայ։

ՇԱՀԻՆ Աշխարհք մը մարդավարութիւն մէկ խօսքով կը վճարէք։

ՄԱՐԱՆ Վեր, վեր, մէյ մը վեր հայիր, Աստուած կայ։ Տարին տասներկու ամիս՝ կոյր կնկանդ սպասուհին, գերին եղեր իմ ես ալ։

ՇԱՀԻՆ Քեզ հոս պահեմ, տղադ ալ Ամերիկա հարսնիքի խրկե՜մ…

ՄԱՐԱՆ Ամէնքը փոխարինուած են։

ՇԱՀԻՆ Ինչո՞վ, ի՞նչպէս, օրողչէ՞ք կուտայիք։

ՄԱՐԱՆ Տանը մէջ ան տղուն բաժինին հետ անոր մօրը բաժինը պակա՞ս փոխարինութիւն եղան։ Գլխուս չիթէն չի խաբուէիր, աղա Չէլէպի։

ՇԱՀԻՆ (Սրտնեղ) Խէրը կը նզովեմ անոր, ան առաքինութեան որ փէշերու տակ ապաստան փնտռող ճնճղուկին խնայել կը պատուիրէ (Կ’անցնի կ’երթայ, տանը ան ինչ մէկ սենեակին մէջ դրուած իր սնտուկը կը գտնէ ուր պահած է թղթեղէններու ծրարը)։